Վարձու սենեակ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵՆՈՒԹԻՒՆ

La solitude, c’est la fécondité.
(ԲԱՐԵԿԱՄՈՒՀԻԻ ՄԸ ՆԱՄԱԿԷՆ)

Ա.

Երբ կռնակս գետնին յանձնած` աչքերս կը գոցեմ աստղերուն դէմ, ականջս կը դնեմ հոգիիս դրան, ինչպէս բժիշկը հիւանդին կուրծքին ուշադրութիւնս կ՚ամփոփեմ եւ կ՚ուզեմ ինքզինքս մտիկ ընել։

Հովիտը կը տարածուի շուրջս` ուր առուները անվերջակէտ նախադասութեան մը կէտադրութիւններն են։ Մայրիները կը սողոսկին լեռներն ի վեր ու կը համբուրեն երկինքին կապոյտ երիզները։ Երկինքը կափարիչի նման կը փակուի վրաս։ Ու երբ աչքերս աւելի ուժով սեղմած կը գտնեմ ինքզինքս, ամէն ինչ խոյս կու տայ շուրջէս, համաչափ ընկրկումով, եւ ահա, երկինքի կափարիչին տակ` կը նմանիմ իր պատեանին մէջ մենաւոր շերամին։

Ո՜հ, ինչպէս ինքզինքս ուրիշներու մէջ կորսնցուցեր էի։ Եւ զուր անձկութեամբ մը փնտռեր եմ ինքզինքս ուրիշներու մէջ` կեանքի բոլոր ճամբաներուն վրայ, բոլոր շէնքերու դռնէն ներս։ Մուրացկանի պէս դուռնէ դուռ ինքզինքս տուած հարցումներուս պատասխանը ուրիշներէ ստացած ըլլալուս։ Երբե՛ք, երբե՛ք ես իմ սեփական Եսիս ձայնը չեմ լսած, ու խորհելով մահուան` որով յղի են վայրկեանները` սարսռացած եմ։

Երաժշտութեան ութնեակներու ո՞ր ձայնանիշին կը համապատասխանէ ան, որպէսզի անով հիւսեմ Երգս։

Յանկարծ երբ դեռ հազիւ մենութեան խաբկանքը ունեցեր եմ Լուսինը կ՚երկարէ իր ճառագայթէ մատները որոնք կը մերկացնեն զիս։ Կը զգամ մարմնիս մերկութիւնը, տարածուած մարմանդին վրայ։ Սարսուռը գօտի կը կապէ մէջքիս։ Խոտերը մորթիս վրայ կը փսփսան, կ՚ապրին… որդերը կը սահին դանդաղ, միջատները կը համբուրուին։ Փոսուռայ մը կ՚անցնի օդին մէջէն։ Անիկա պիտի ուզէր վէտվէտուն լոյսովը հրդեհել անջրպետը, բայց խաւարը կը կլանէ զինքը։

Եւ ահա շուրջս կը համախմբուին բնութեան անշունչ թէ շնչաւոր տարրերը տիեզերական պարով մը։ Անոնք կը խլեն մտքիս լարուածութիւնը, որ կը մխրճէր խորութիւններուս մէջ։

Հովիտին առուները որոնք նախադասութեան մը կէտերուն պէս մունջ էին ձայնանիշեր կ՚ըլլան… Թափօր կը կազմեն միջոցին մէջ։ Բուրգերու պէս անշարժ լեռները անապատէն վերադարձող ուղտերու կարաւանի կը նմանին։ Մայրիներու անտառները դաշնամուրներ են որոնք աստղերու նրբին մատներուն տակ ցայգերգներու կը փոխուին։ Երկրաչափական կտրուածքներով ածուները պալատներ կ՚ըլլան լոյսին տակ ուր Պանը, միս֊մինակ, սրինգ կը նուագէ։ Հեռուն` գիւղերը կուրծքեր են` ուռած բազմերանգ եւ բազմապիսի երանգներով։

Զգացումը թէ Բնութեան բանակը կը հալածէ մենութիւնս, ինչպէս եղնիկը որսորդին առջեւէն` կը վերցնեմ սրունքներս ու կը փախչիմ սարսափահար։

Բ.

Դուռս փակ է։

Պատուհանս նոյնպէս։ Փեղկերը քաշած եմ գիշերին դէմ ու տիեզերքի կախարդական համերգը անկարող է անկէ ներս թափանցելու։

Սենեակիս լռութեան մէջ` սարսռահեւ վազքս Կարապին հոգեվարքը կը յիշեցնէ ինծի։ Երեսս բարձին դէմ սեղմած` անկողնիս վրայ երկնցած կը մնամ։

Կրկին մտքիս ականջները կը սրեմ ու կը մօտեցնեմ հոգիիս դրան։ Անոր աչքերը սողնակի ծակէն ներս կը սպրդին։ Հաւատքը ունիմ հոն ինքզինքս գտնելու։ Այնտեղ է որ Եսս ապաստանած պէտք է ըլլայ։ Իմ համեստ Եսս։ Եթէ գտնեմ զայն, այնպէս պիտի սիրեմ, այնպէս պիտի գրկեմ, որ այլեւս պիտի չթողում որ ուրիշները գան կորսնցնելու անոր հետքը։

Ասիկա գերագոյն պահն է` ուր կամաց կամաց կը մօտենամ Եսիս, մինակութեանս գերազանց հաճոյքին։ Բայց ինչպէս մեծ կ՚ըլլայ զարմանքս երբ ականջներուս կը հասնին ներսի շշուկները։ Արդեօք, սխալմամբ, տօնական օրո՞վ մըն է, որ կը մօտենամ իրեն։ Ի՜նչ պար է այս… եւ ի՛նչ նուագ… Մտիկ ըրէք, պարուհիներ իրենց ոտքի ծայրերուն վրայ բարձրացած կը դայլայլեն Աստղիկին բուրումներէն գինովցած սոխակներու պէս։ Ես կը դիտեմ հոգիիս դրան սողնակէն, կը տեսնեմ զարմանահրաշ կոչունքը։ Հոն է առհաւութիւնը իր ալեհեր մօրուքով։ Նախնիքներս շիներ են իմ մսեղէն ու հոգիեղէն պալատս, որպէսզի անոր սրահներուն մէջ իւրաքանչիւրը իր գահը պահէ, ինքզինքը տեւել տալու համար աշխարհի վրայ։ Հոն են թափթփած մօրուքներով ծերունի իմաստասիրութիւնները, զոր պարտադրեր են ինծի ճամբուս վրայ։ Մէջտեղը սահուն ու պսպղուն շրջանակի մը մէջ անցած սէրերս պարիկներու պարեր կը պարեն` որպէսզի մուտքս ըլլայ երազուն ու չխռովէ հանգիստը միւսներուն։ Ասդին դափնեզարդ պատուանդանի մը վրայ անիծուած աստուածները նուագախումբը կը կազմեն։ Բանաստեղծները` իրենց աթոռներուն վրայէն վերամբարձ` արտասանութիւններ կ՚ընեն։

Ինչպէ՜ս դիմանալ այս տեսարանին… ինքզինքիս փնտռտուքը ինքզինքիս ժխտումին կը տանի զիս։ Ո՞ւր եմ ես։ Ինչպէ՜ս գտնել ճամբան, որ զիս իմ մենաւոր խուցիս պիտի տանի։

Բոցերու լեզուները կուրծքիս պատերը կը ծեծեն։ Արցունքի գաղջ կաթիլներ կը թրջեն այտերս։ Յանկարծ, պալատին մէջ յեղաշրջում մը կը կատարուի։ Սարսափ։ Փախուստ։ Նուագը կը դադրի։ Դէմքերն իրարու կը զարնուին ու կը փշրուին։ Խուլ հռնդիւն մը։ Ընդհանուր շփոթութեան մէջ օձէ գաւազան մը կը սպրդի կայծակի նման։ Զոյգ մը աչքեր կը սպառնան անողոք, անգութ կոր ու սուր մանգաղներու նման յօնքերու ետեւէն։ Հմայողներու ամբոխը կը փախչի ինչպէս թաթառի բռնուած փոշիները։

Ու հոգիս կը նմանի պարահանդէսէ վերջի տակնուվրայ եղած սրահի մը, տխուր ու մելամաղձոտ։ Հոս հոն շրջուած աթոռներ. թուղթէ գոյնզգոյն ժապաւէններ կը կախուին լուսամփոփներէն։ Ճմլուած ու ոտնակոխ քոնֆէթթիները կը փռուին գետինը` պատերազմի դաշտին վրայ ինկած զինուորներու պէս։ Բիւրեղէ գեղաձեւ բաժակներ լքուած հոգիներու կը նմանին։

Գ.

Գիւղին միւս անկիւնը խրճիթ մը կայ, զոր բանադրուած արքայ կարծեցի։ Բայց երբ մօտեցայ իրեն, ճազ֊պանտը բռնեց մէջքէս ու զիս նեսրս տարաւ։

Գիւղին երիտասարդ բնակիչները հոս շաբթուան մը աշխատանքնին կը փսխեն չարլսթոնի կաթսային մէջ։ Զոյգերը` իյնալու վրայ եղող հոլերու կը նմանին։ Ճազը մտրակն է, որ կը փակչի, կը պլլուի անոնց մէջքերուն, կը կսմթտէ զիստերը, ու պարը սիրոյ կռուըտուք մը կ՚ըլլայ։

Պօքիս առջեւ նստած, ականջներուս ծորակները կը բանամ ու կամաց֊կամաց կը լեցուիմ աղջիկներու ճիչերով, ու մսեղէն նուագը ջիղերուս մէջ անոնց համար տեղ կը պատրաստէ։ Ամէնուն պէս ես ալ աղջիկ մը կը սեղմեմ կուրծքիս վրայ եւ իյնալու վրայ եղող հոլի մը նման կը դառնամ։

Ճազը ուղեղիս մէջ փլուզումներ կը կատարէ…

Հիմա որ ամբողջութեամբ խառնուեցայ ամբոխին եւ կամ ընդհանուր խանդավառութիւնը լուծեցի մէջս, պօքիս առջեւ, լուռ, աչքերս փակ, կը զգամ թէ ձուկ մըն է, որ ովկիանոսին անյատակ խորութիւններուն մէջ կը սուզի յամր, յամր։

Մոգական ի՜նչ խաղով մը մարդերու միաձոյլ հոգին կը գրաւէ զիս, կը հաւաքէ մինակութեանս ցրուած մասնիկները, կ՚ամփոփէ զայն, կը ձեւակերպէ, կը վերածէ սերմնահատիկի մը` որուն տամուկ հողը կ՚ըլլայ ինք եւ կ՚ուռի, կ՚ուռճանայ հոն, յորդելով ինքզինքէն դուրս ու ծայրէն գեղուղէշ ծիլեր կ՚արձակէ։

Կը զգամ թէ հոգիս կ՚ուռի, կ՚ուռճանայ… անոր պատերը ընդլայնելով մարմինս շրջապատող մորթին հետ կը շփոթին։ Ես կը դառնամ միաբջիջ անասուն։

Այսպէս եմ զգացեր ինքզինքս մեծ քաղաքներու բազմութեան մէջ։ Միթինկներու մթնոլորտը, սրճարաններու աղմուկը եւ փողոցներու մարդկային հոսանքը եղեր են պարտէզս` ուր հոգիս իբրեւ սերմ ուռեր, ճեղքուեր ու ծիլ է արձակեր։

Ինչպէ՞ս մինակութիւնս օդին մէջ ծիլ տար։

Ներքին տեսողութեանս հեռադիտակները կը լարեմ, վարպետութեամբ մը` որ կարենամ տեսնել իմ ներքին ամենահեռաւոր անկիւնները։

Ես կը տեսնեմ ինքզինքս` արգասաւորուած զինքը շրջապատողներէ։

Երբ ոտքի կ՚ելլենք մեկնելու համար, հոգիիս շրթներուն վրայ թրթռացող երգ մը կը լսեմ։ Այդ քաղցր երգը ես եմ, բեղմնաւորուած ծիլը` որ ինքն ալ բազմաթիւ ծիլերու պիտի վերածուի։

Մարսէյլ, 1930