Որբացող մարդիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻԲՐ ՆԱԽԱՄՈՒՏ

ԱՅՍ վէպը, վերջնեկ մանուկ, գրական ընտանիքին մէջ, ծնաւ անակնկալօրէն։ Ան եկաւ, լեցուց ներկան իր կեանքովը, մեկուսացուց հինը, եւ խլեց առաջնութեան բոլոր իրաւունքները։ Այսպէս է կեանքը - քիչ չափով հեղինակն ենք դէպքերու շարայարութեան, գէթ մեր անհատին գիտակցական մասովը։

Անհրաժեշտ է յայտնել նաեւ թէ ինչ աստիճանի ամուլ աշխատանքի մը նուիրուած պիտի ըլլայ ընթերցողը որ այս երկի անձնաւորութիւններուն ետեւ ինքնութիւններ պիտի ուզէ հաստատել Հարկ չկայ օգտագործել ծիծաղելի պատրուակը՝ գրական Թրիւքը՝ թէ այս գործը երեւակայութեան ծնունդ է։

Ատիկա ուրիշ բան պիտի չըլլար եթէ ոչ աւելի շեշտուած հրաւէր մը դէպի գրականութեան խորթ մտազբաղումները։ Ուրիշ խօսք որ այդպիսի գործ գոյութիւն չունի։ Ամէն ինչ որ կայ՝ կ՚ենթարկուի սննդառութեան իր մասնայատուկ գործառնութեանը։ Երեւակայական անձնաւորութիւններն ալ ինչպէս բոլոր մնացեալը, գոյութիւն ունենալու, աճելու համար կը սնանին կեանքէն, կեանքով։

Սա ճշմարիտ է սակայն որ արթիսթը յատուկ անունի մը հանդէպ միայն մարդկայնական կեցուածքը ունի։ Ան շարժման մէջ չի դներ անոր ստեղծագործական մեքենան՝ իբր նպատակ։ Ան  գոյութիւն ունի այն չափով ինչ չափով որ թոյլ կուտայ անձէ մը՝ բարձրանալու Անձին, րոպէն վերածելու ժամանակի։ Այն այգիին, այն որթատունկին՝ այն ողկոյզէն դուրս բերելու գաւաթ մը գինի ուր կը լուծուին անոր սկզբնական գոյացութեան մասնայատկութիւնները, իր ոգեղէն խմորումներուն մէջ։

Այս կերպով, իբր միջոց, ի՛նչ տարակոյս, միսով ոսկորով յատուկ անուն մը զինք կը հետաքրքրէ գերագոյն չափով, ինչպէս հանքածուխի կտոր մը կամ կոճղ մը կը հետաքրքրեն գիտնականը որ նպատակ ունի անոնցմէ լոյս կամ այս կարգի բաներ դուրս բերել։

Մնաց որ յատուկ անուններու անհամար միաւորութիւններն ալ, ի վերջոյ արուեստագէտին համար կ՚երթան կը խռնուին մեծ խմբաւորումներու մէջ։ Վէպագրին վերջին աշխատանքը կը վերածուի դասակարգումի աշխատանքի մը, անոր գեղարուեստական արտայայտութեանը։ Այդ բարձունքին չհասած գործը կէս ճամբան մնացած գործ մըն է։ Հարկ է որ ան ի՛ր միջոցներովը ի՛ր հաշւոյն հասնի, մոռելանդօրէն արժէքներու նուիրապետութեան։ Հասնի երկու ներհակ բանակներու տեսիլքին։ Մէկուն մէջ կ՚իշխէ Արիէլ, միւսին մէջ՝ Քալիպան։ Շփել, զարնել բախել մասնաւոր միաւորը թէ դրուագները իր ձեռք ձգած մնալուն չափանիշին, բաղդատել ու դասակարգել, թէ՛ քալել թէ՛ իջնել ու պեղել ճանաչողութեան իր ենթայարկերը, հուսկ ապա գիւտը ընել վերին նուիրապետութեան եւ հռչակել զայն անխարդախօրէն. - ահա՜ գերազնիւ կիրքը վիպագրին։

Կատարել վկայութեան փորձ մը, զուգընկեր բացառիկ ժամանակաշրջանի նախազգացումին, բացառիկ թուականներու նախօրեակին, ընկերութեանց, գաղութի մը տարրալուծման գալարումներուն, անոր չհամակերպող տարրերուն ողբերգութեանը, սթանտառ կերպարանքի մը փոխակերպութիւնը ժխտող անցուորի տրամին ու լռին հերոսութիւններուն, պայքարի մը ամէնէն ճղճիմ, վատասերած ճիչերուն - մերթ այսահար - որ մութ ու գէջ անկիւններուն, անողոք, դարձեալ, որպէս թէ համակ աշխարհին ու երկնքին ճակատագիրը այդ երկվայրկեանին մէջ վճռուէր, այսպէս կամ այնպէս, աններող ու մահացու հանդիպումներու կը բերեն, կը բերեն դէմ դէմի Ահուրամազդա եւ Ահրիմէն, մինչ ի լրումն երկոտասան հազար տարիներուն...

Աւելի քան երբէք ընկերութիւնները կը բաժնուին ու կը խռնուին մեծ բանակատեղիները։ Կը բացուին ահեղ դիմազերծումներու ժամանակները։ Վերջնական հաշուելարդարներու ամպրորպները, բեռնաւորուած բացառական ու դրական ոգեհոսանուտներով, կը գալարեն անլուր սպառնալիքներ ազդարարութիւններ մոլորակին կենսաջնջումներու... Այս կարգի փնտռտուք մը կրնայ նուազ անօգուտ ըլլալ ընթերցողին կողմէ։... Մնաց որ աւելորդ էր այս հրաւէրն ալ կամ թերեւս այն յարաբերական չափովը որ գոյութիւն ունի պատուէրի մը եւ ընթերցողի մը անուղղալ նկարագրին միջեւ։ Ամէն մարդ կը զգայ կը ճաշակէ կեանքը, կ՚առնէ կեանքէն եւ Արուեստէն այն եւ այնքան որքան ի վերուստ եւ, աւա՜ղ, «ի վարուստ» վիճակուած է իրեն։ Առակագիրները մարդիկ կենդանիներու հետ շփոթած են։ Եթէ իրաւունք ունին, - եւ հաւանաբար իրաւունք ունին։ Գէթ մասնաւոր յարաբերականութեամբ մը - խոզը, գիտութեան բոլոր խնամքներուն ենթարկուած, իտէալ խոզ մը միայն կրնայ դառնալ։ Մարդ - խոզը իրեն վիճակուած բարդ ու դարերու խնամքներէն վերջ, հաւանաբար, աչքը մարդ - աստուածին տնկած, կրնա՛յ մարդ դառնալ։ Կը դառնա՛յ՝ եթէ միայն առակագիրները իրաւունք չունենային... Ամէն պարագայի, բոլորովին խոզ կամ բոլորովին մարդ դառնալու համար, ժամանակի անծայրածիր սահանքներուն, ինչքան ատեն որ ան ունի իր առջեւ, նոյնքան ատեն ալ ունեցած է ան իր ետեւ, եւ... մնացած է ո՛չ խոզ ո՛չ մարդ։

Հաւանական է ուրեմն որ ոչխարը, գայլը, խոզը, գամփռը, աղուէսը կամ աւանակը առնեն եւ տան այն որուն վիճակուած մնացած են, քանի որ մարդուն ամէնէն խոցելի, ամէնէն հաշմ մասը իր ուզելու կարողութիւնն է։

Բարձրադիր խոյակի մը ոսկետառ մէկ արձանագրութիւնը, տիրապետելով Իէնայի կամուրջին եւ մեծատարած հրապարակին, կ՚ուղղէ իր եղերական կանչը Սէնի մէկ թէ միւս ափը, ամէն օր, եկող ու անկէ գացող անհամար անցորդներուն.

ll depend de celui qui passe

Que je sois tombe ou tresor,

Que je parle ou me taise;

Geci ne tient qu՚a toi,

Ami, n՚entre pas sans desir.

Տա՜ր որ յաջորդող էջերուն՝ գերակշռէին այն պահերը՝ ուրկէ կ՚անցնի տաք ճառագայթը Սիրոյ, ցոլք մը Գեղեցկէն՝ Ճշմարտի գրկին, թրթռացումը ապաշաւներուն գերազնիւ, շող մը անտեղիտալի սրբութեանց կարօտէն։

Եւ, այսպէս կամ այնպէս, վտանգաւոր ու եղերական բոլոր ճռճումներէն վերջ, հուսկ յանգումը հաւատքի մը, յաղթական Ապագայի հաւատքին, հաւատքին դէպի Մարդը, Te Deum ի մը վերջին նօթին պէս խաղաղ, անկիւնաքարայի՜ն, անլեղլի՜...