Որբացող մարդիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՐԱԳՈՅՐ ԱՌԱՋԻՆ

ՆԱԶԱՐԵԱՆ գոհունակութեամբ լեցուեցաւ։ Իր վերջին դասը կու տայ։ Անգամ մը եւս օրը կ՚աւարտի։ Յիշեց որ խոստացած է ներկայ գտնուիլ Արուեստագէտներու Միութեան ժողովին։ Յոգնած զգաց ինքզինքը։ Իրիկուայ եօթնին մօտ էր։ Դադրեցուց դասը. - Տղա՛ս, կը սիրե՞ս ջութակդ, հարցուց՝ ցաւօտ արտայայտութեամբ, տասներկու տարեկան պատանիի մը որ կաղամբի տերեւի մեծութեամբ ականջներ ունէր։

-Ո՛չ, պատասխանեց աշակերտը՝ կտրո՛ւկ։

-Հապա զօրդ ի՞նչ է։

-Մայրի՛կս կո՛ւզէ։

-Լա՛ւ, լա՛ւ... Ուրեմն, յաջորդ չորեքշաբթի, ժամը վեցուկէսին։

Անցաւ ճաշասրահը։ Ինքզինքը ձգեց թիկնաթոռին մէջ։

Ի՜նչ կեանք է, մտածեց, գրեթէ հոգեբեկ։ Բոլոր որոշումները, պայքարը, օրերէն ուրիշ բան մը դուրս բերելու ի զուր կ՚անցնէին։ Առօրեայի թակարդը ինկած կենդանի է։ Կեանքը, ժամանակաշրջանը բացարձակապէս կը մերժեն, կը վանեն զինք իրենց մէջէն։ Տարին անցած է այն օրէն ի վեր ուր ոգեւորութեամբ որոշեր էր աշխատիլ քոնսէրթոյի մը վրայ։ Թանկագին հրճուանքը ունէր այն համոզումին թէ գլուխ գործոց մը պիտի տայ։ Եւ սակայն, մէկ երկու աննշան փորձերէ վերջ, ան մնացած էր, այնքան ուրիշ բաներու հետ, իբր մնայուն ծրագիր, եւ, օրերուն, տարիներուն աղբիւրը կը հոսէր ինչ որ քարքարուտի մէջ, անօգուտ՝ ոչ ոքի եւ ոչինչ...

Սպասուհին բերաւ իրիկնային գրեթէ անփոփոխ իր ճաշը։ Ախորժակ չունէր, յաճախ։ Բացարձակապէս ինքնաթունւորման կ՚ենթարկուի, մտածեց դարձեալ, յոռետես։

Ժողովատեղին շատ հեռու չէր։ Որոշեց ոտքով երթալ։ Փողոցին մէջ յուսալքումը կորսնցուց իր սրութիւնը։ Դիմացի մայթէն թխահեր աղջիկ մը յայտնւեցաւ։ Ճկուն, գեղագնաց։ Ամէն մէկ մասը մարմնին՝ կանչ մըն է արիւնի, կարօտներու։ Աչքերը՝ երազներու, հրայրքներու եռեփուն աւազաններ, ստուերներով ու լոյսերով ցոլցլուն։ Տառապագին խռովք մը։ Ամէնէն չարչրկող, յանկարծական ստուգութիւններէն փայլակ մը որ կ՚իջնէ, կը լուսաւորէ յեղակարծ ներքին կալուածները, - ինչքա՜ն կրնայ սիրել դեռ, ինչպէ՜ս կարօտը ունի խորունկ սիրոյ մը։ Ու այդ բոլորը պիտի անհետանայ, պիտի ցնդի ինչպէս քիչ առաջուայ աղջիկը։ Ջուրը պիտի հոսի, պիտի հոսի քարքարուտներու մէջ... Վարդերով, չքնաղ վարդերով վարդենի մը որ սակայն պիտի մնայ այդպէս անիծուած պարտէզի մը մէջ ուր ծաղիկներ չեն բացուիր։

Մտաւ Սէն Վէնսան տը Բոլ եկեղեցիին փոքրիկ պարտէզը։ Ներքին մառախուղը տակաւ չքացեր էր։ Ու յանկարծ, մեղմագին, սկսան ծորիլ ականջին՝ համանուագին առաջին աքոռները, նոյնքան սիրելի, նոյնքան թարմ, ինչքան ամիսներ առաջ, երբ առաջին անգամ կատարուած էր անոր ներքին ունկնդրութիւնը։ Այս անգամ, այս անգամ... ալ վճռուած է՝ աշխարհ պիտի գայ ան։ Ծանօթ է արդէի իրեն, իր որոշ մասերովը։ Ամբողջութիւնը իր մէջն է։ Այս անգամ...

Գարունը բաւական յառաջացած է։ Կասկենիները վերագտած՝ կանաչ, հսկայական գլուխներ։

Մոնթոլոնի սքուառին բոլոր նստարանները գրաւուած կը մնան։ Մանուկներ, խումբ խումբ, դեռ կը խաղան։ Հանրակառքերը կը սուրան առանց կանք առնել ուզելու։ Լաֆալէթի փողոցին վարը, մեծ շէնքի մը գլուխը կիսած է հսկայական, օտարոտի սկաւառակ մը որ կրակէ շինուած է, անթափանց կարմիրով մը եւ առանց ճառագայթի։

Շատ քիչեր եկած են ժողովի։ Վարդանեանը, մեծ շարժումներով, բարձրաձայն, գայթակղած, կը պատմէ մանր դիպուած մը։ Կէս օրին, համեստ ճաշարանի մը մէջ, իր քովը նստած երիտասարդ մը կ՚ուզէ պահել իր դանակն ու պատառաքաղը, ցանկալով որ փլոնժէօզը գործ մը պակաս ունենայ։ Գործն ինչ է, կը պատասխանէ սպասուհին, լաւ է որ ժամանակը աշխատանքի մէջ անցընէ։ Ազատ ատենը, կը պատասխանէ յաճախորդը.

-J՚irai faire l՚amour avec elle.

-Նօ՜, տասնըհինգ տարեկան է, կը պատասխանէ սպասուհին, հանդարտօրէն։

-Լա՛ւ է, ճիշտ ամէնէն անուշ ատենն է։ Դո՞ւն քանի տարեկան էիր, երբ...

-Ե՞ս, ես՝ տասնըվեցիս մէջը, մուսօշօքօլա՞ ուզեցիք։

-Կարո՞ղ էք երեւակայել, կը պոռար Հայկ, կարո՞ղ էք երեւակայել, մօտ տասը յաճախորդի ներկայութեամբ, հանդարտօրէն, բացէ ի բաց, առանց նեղուելու, նոյն շեշտով, նոյն ձայնով՝ ինչպէս կանկառին եւ պտուղին մասին, այո՛, այո՛, հանդարտօրէն, բացէ ի բաց, առանձ ձայներնին ցածցնելու... (Երկու ձեռքով գլուխը բռնած)։ - Ո՞ւր ենք գնո՛ւմ, ո՜ւր...

-Սը՛ս, սը՛ս, ըրին մէկ երկու հոգի։

Դուռը բացուած էր։ Երկու կին ներս մտան։ Մէկը՝ տարիքոտ, չեչոտ դէմքով, շարժուն աչքերով։ Միւսը՝ միջահասակ, խարտեաշ, խիտ յօնքերով, հազիւ քսանըերեք, քսանըչորս տարու։

Նազարեան տպաւորուեցաւ անոր ակնարկներէն որ կը հոսէին մնայուն ժպիտի մը դալարիքէն. մանաւանդ լուսաւոր էին, շողարձա՛կ։

-Ծանօթացէք, ըսաւ Տիկին Վարդանեան, ձեզ հայրենակից է, Մալաթիացի, Օրիորդ Արփիկ Գափլանեան։ Զմայլելի է երգում, ես նրան լսել եմ, մի քանի օր առաջ, համերգում։ Սրանք երեք քոյր են, մին միւսից քնքուշ։

Նազարեան ժողովին չհետեեւեցաւ։

Մերթ ընդ մերթ դիտեց դեռատի աղջիկը, եւ ինչպէս քիչ առաջ փողոցին մէջ, նոյն եղերական տպաւորութիւնը՝ վստահութիւնով, ազնուութիւնով, անխարդախ մտերմութեամբ հիւսուած աղապատանքի մը որ կարելի էր եւ որ կարելի պիտի չըլլար։

Ցնորական վարդենին յայտնուեցաւ, արիւնէ վարդերով, ու նոյն կերպով անհետացաւ քարքարուտներուն մէջ։ Մեկնելու ժամանակ, փայլուն, շարժուն աչքերով, չեչոտ երեսներով կինը յայտնեց որ շատ ուրախ է Նազարեանին հետ ծանօթանալուն։ Հպարտ է անոր պէս հայրենակից մը ունենալուն... Խարտեաշ աղջիկը, ժպտագին, հրաժեշտ առաւ առանց բառ մը արտասանելու։

Նազարեան կը դիտէր զայն։ Շպարի հետք չկար, հագուած էր խնամքով բայց առանց մատնելու պշրական դիտաւորութիւններ։ Որոշ էր որ, ինչպէս յայտնեցին, շատ ատեն չկար իրենց Փարիզ ըլլալը։ Իր բնատուր բարեմասնութիւնները փոխանակ արժէքի բերուած ըլլալու՝ խափանուած էին։ Այդ բոլորը հաճելի եկաւ Նազարեանին։ Պարզ, ուղիղ կեանքի մը նշանները։ Վերադարձին, պառկելէ առաջ, երկար ատեն թափառեցաւ մէկ սենեակէն միւսը։ Գիրքեր վերցուց ու դրաւ, կէս կիսատ թղթատեց։ Դժնդակ տառապեցնող տպաւորութիւնը զինք երբեք չլքեց։ Տեղ մը, աղուոր վարդ մը բացուած է, հրաշալի բուրումով, թերեւս շատ մօտիկը, որ թերեւս իրեն կը սպասէ եւ որուն սակայն ինք երբեք պիտի չկարենայ մերձենալ... Ու քարքարուտնե՜րը, քարքարուտնե՜րը...

Այդ բախդորոշ չորեքշաբթիէն սկսած, մէկ քանի ամիս, դէպքերը իրարու յաջորդեցին, տիրապետելով կեանքին, կանխորոշ, անլեղլի կարգադրութեամբ։ Նազարեան յաճախ կը մտածէր «ճակատագրական» բառին վրայ։ Րոպէներ կար որ բոլորովին կը հաւատար անոր, այն աստիճան որ, այդ ամբողջ շրջանին, պատահարներուն ալիքները, տաշեղի մը նման, առին տարին զինք, առանց որ գիտակցական ըսուած կամքի միջամտելու երեւոյթ ունենար։

Այդպէս էր որ, ինքն ալ չափազանց զարմացած, այդ չորեքշաբթիին յաջորդող կիրակի օրը ինքզինքը գտաւ Քլաամոի փոքրիկ մէկ պարտէզին մէջ, խնձորենիի, սալորենիի ծառերով ստուերոտ, Տիկին Փափազեանի սեղանին շուրջ։

Պարոն Փափազեան միջահասակ էր եւ գէր, լեցուն այտերը պայթիլ կ՚ուզէին։ Բնականօրէն կը գործածէր լռութիւններ եւ դանդաղութիւններ որոնք արժանավայելչութիւն կուտային իրեն։ Գերմանիա եղած էր պատերազմի ընթացքին, այժմ Ռընօ կ՚աշխատէր։ Կեանքը սուղ էր եւ Տիկին Փափազեան նմանապէս կ՚ուզէր գործ մը գտնել։

Տնակը ուղղակի գետնին վրայ էր եւ միյարկանի, խոնաւ Տիկին Փափազեան յօդացաւէ կը տառապի։ Պ. Փափազեան զօրը տուած է սնունդին, առաւօտները խոզի ճարպով Թարթին կուտէ «դէմ տալու համար»։

-Արփիկը չգտնուած աղջիկ է, անսպասելիօրէն յայտնեց Տիկին Փափազեան, սոխով սխտորով լոլիկի աղանդերը սեղանին վրայ դնելով։ Մանր աչքերը միշտ կը խաղային։ - Մաքուր, իսկական հայ աղջիկ... Չափազանց աստուածավախ։ Բողոքական են, Պիտի գայ քիչ յետոյ, աւելցուց, վերին աստիճանի նշանակալից ակնարկներով։ Մարսիլիայէն տղայ մը կայ, խօսքկապի պէս բան մը ըրած են, բայց Արփիկին սրտովը չէ, տղան կրօնքի մրօնքի շատ ականջ չի տար... ։

Պր. Փափազեան նուրբ եւ անուշ ժպիտ մը ունէր եւ միշտ կէս հեգնական շեշտով կը խօսէր կնոջը հետ։

, Տիկինս, պիտի սկսի՞նք թէ չէ, դուն ան ըսէ մեզի, մեր հիւրը ով գիտէ քանի տարի է քէօֆթէ չէ կերած։ Տէ՛, ձեր կենացը, Պր. Նազարեան։ Ինչպէս ըսեմ, շատ երջանիկ ենք որ թէնէզիւլ ըրիք, աս մեր խրճիթը եկաք եւ մեզի հետ կը ճաշէք։

-Մաղթենք որ օր մը Պր. Նազարեանը աւուոր սափարթըմանի մը մէջ ընդունինք։ Անիկա ծանօթներ շատ ունի, ով գիտէ, մեզի տուն մը, տեղ մը... վրայ բերաւ շաժուն աչքերով տանտիրուհին։

Իրաւ ալ, դեռ սուրճին չհասած, պարտէզին խարխուլ, փայտեայ դռնակը շարժեցաւ։ Արփիկը, առաջի օրուան պէս ժպտուն շողարձակ, ոսկեայ վարսերով, հեզասահ, խոնարհ, յայտնուեցաւ։

Կանաչ շրջազգեստ մը հագած էր, ճերմակ օձիքով։ Անպաճոյճ, գրեթէ միանձնուհիի խստութեամբ։ Շրթներուն, երեսին, եղունգներուն շպարի ոչ մէկ հետք։ Զոյգ մը կզակ՝ արուեստական թուելու աստիճան ճերմակ եւ կանոնաւոր ակռաներու շարքով մը, որ կը լուսաւորէին իր դէմքը։

Արփիկ պատմեց որ հայրը մեռած է շատ վաղահաս կերպով, քանի մը տարի առաջ, եւ շատ հաւանաբար, զոհ բժիշկներու անխղճութեան եւ տգիտութեան միանգամայն։

Մայրը ողջ է բայց վեց տարիէ ի վեր «թոքախտանոցի» մը մէջ։ Արփիկ նախնական հայերէն մը կը խօսէր ուր սակայն, տեղւոյն վրայ, երբեմն պարագաներու ստիպման տակ, բառեր կը հնարէր։ Սանաին համար օրինակ, «թոքախտանոց» բառը գործածեց։ Յայտնի էր որ իրենց ընտանիքին քայքայումը ահաւոր վէրք մը բացած էր իր մատղաշ հոգիին մէջ։ Վէրք մը որ չէր կրնար սպիանալ մօրը այդ մնայուն վիճակովը։ Ատիկա զօդած էր արտակարգ, անբնական զօրութեամբ շաղախով մը՝ երեք քոյրերը մէկը միւսին։ Անհնարին էր չվարակուիլ անոր վիշտովը. մայրիկ բառը արդէն դժուար կ՚արտասանէր այնքան որ արցունքները յորդահոս կ՚իջնէին եւ դէմքին մէն մի մասը կ՚իյնար ցաւագին կարկամումի մը մէջ։

Նազարեան ուզեց հակազդել։ Յայտնեց որ, պատանի, ի՛նքն ալ հօրմէ որբ մնացած է, որբութիւնը Եւրոպային կողմէ մասնագիտական նուէր մըն է հայուն տրուած։

Տիկին Փափազեան ստիպեց դեղձ մը առնել։

Նազարեան յայտնեց որ տեղահանութեան սկիզբը հօրմէն մէկ երկու բացիկ ստացած են։ Մղուած սրտազեղումի օտարոտի պահանջէ մը, աւելցուց որ այն ժամանակ կէտ մը իր պատանիի միտքը մասնաւորապէս տպաւորած էր։ Հայրը իր մօրը ուղղած բացիկները կը վերջացնէր գրելով.

«Հարազատդ՝ Նազարեան»։

-Այն ժամանակ չէի ըմբռնէր այդ բառին պարունակութիւնը, աւելցուց ան, այսօր՝ կը հասկնամ։ Հայրս եւ մայրս ձուլուած էին իրարու ինչպէս մեր գաւառի բոլոր զոյգերը, մինչդեռ մեր այժմու կեանքին մէջ ատիկա անըմբռնելի դարձած է։

Տէկին Փափազեան հաւանութեան ուժգին գլխու շարժումներ կ՚ընէր, աչքերը պտըտցնելով մէկէն միւսին։

-Ընդհակառակը, շարունակեց Հրանտ հիմա ամուսին կին ընկերութիւն է որ կը կազմեն։ Ո՛վ աւելի պիտի փրցընէ, ահա խնդիրը։ (Լռութենէ մը վերջ) Կրնայ տարբերութիւնը ոչինչ թուիլ։ Իրականին մէջ՝ շատ մեծ է։ Նոյնն է ինչ որ դժոխքին եւ արքայութեան միջեւ։

-Վէմի վրայ պէտք է հիմնել, արտաբերեց Արփիկ, շիկնած, գետինը նայելով։

-Ամէն ինչ էնթերէ է, յայտնեց Պր. Փափազեան, դիւանագէտի ժպիտովը։ Մարդ չհասկցաւ թէ ի՛նք ինչ կը մտածէ։

Արփիկ մտիկ կ՚ընէր ագահ ուշադրութեամբ որմէ մասնաւոր ծանրութիւն մը կը ստանային Նազարեանին բառերը։ Ան այդ կեդրոնացումէն խորունկ, խորհրդաւոր խայտանք մը կ՚ունենար որուն նմանը շատոնց չէր զգացած։

Արեւը եկեր էր շէնքէն ասդին եւ ողողեր սեղանին կէսը։ Տիկին Փափազեան առաջարկեց աթոռը տանիլ խնձորենիին տակ։ Նազարեան Արփիկին բոլորովին մօտը գտնուեցաւ։

-Չէ՞ք ուզեր երգ մը երգել, հարցուց Նազարեան Տիկին Վարդանեանը շատ սիրա՛ծ է ձեր երգելը։

Արփիկ կարմրեցաւ։ Որոշ էր որ կ՚ուզէր բայց երկչոտութիւնը կ՚անդամալուծէր զինք։

-Ուրի՛շ անգամ մը, առաջարկեց պաղատագին։ Ես արդէն՝ շատ երգ չեմ գիտեր. իմ գիտցածներս հոգեւոր երգեր են։ Մեր ծնողքը կ՚արգիլէր մեզի այն... տեսակ մը... (Սիրային բառը լեզուին վրայ էր բայց, շիկնած, չուզեց արտասանել)։

-Ես՝ կը սիրե՛մ մեր ժողովրդական երգերը։ Սիրել բառը նոյնիսկ բաւական չէ, բոլորովին անբաւարար է բացատրելու իմ հակազդեցութիւններս։ Ճիշդն ըսելու համար, երբ պատանի էի եւ իրապէ՛ս մեր երգերը սկսան յուզել զիս, կեանքս բաժնուեցաւ երկու մասի, մեր երգերէն առաջ եւ անոնց յայտնութենէն յետոյ։ Յետոյ՝ զգացի որ ես աւելի հայ էի։ Զգացի որ դարերու խորքէն ցեղս երկու ձեռքը երկարեց եւ առաւ զիս վերջնականապէս իր ծոցը։ Քանի երթար՝ ես այնքան աւելի անորը պիտի ըլլայի։

Արփիկ կը ծծէր խօսքերը, աչքերը վար առած եւ րոպէն անգամ մը միայն, արագօրէն ակնարկը կը ձգէր խօսակցի դէմքին։

Յարակից փայտաշէն տնակներէն, մերթ ընդ մերթ մէկը կը յայտնուէր, պահ մը կը դիտէր, հասարակաց աղբիւրէն ջուր կ՚առնէր ու կը հեռանար։ Խուռներամ ու մէկը միւսին վրայ մարդկութիւն մը կ՚ապրէր հոն քամիչ ամանի մը մէջ լեցուած խեցգետիններու նման։ Պարտէզներուն բանջարեղէնները, ծաղիկները, պտղատու ծառերը մանուկներուն ու պզտիկներուն հետ կը քողարկէին այդ թշուառութիւնը բանաստեղծականութեամբ ու յորդող կեանքին ալիքներովը, փրփուրներովը։

Տէր եւ Տիկին Փափազեանները կ՚ենթարկուէին օտարոտի խռովքներու, դժուար սահմանելի իրենց համար իսկ, որ կ՚արտայայտուէին մէկուն աւելի շարժուն դարձած աչքերէն եւ միւսին ժպիտներուն աւելի յաճախակի դիւանագիտական երեւումնէն։

-Մէկ քանի անգամ Արօր Տատրակը լսած եմ եւ շատ կը փափաքիմ սորվիլ, յայտնեց Արփիկ, մեղմացնելու դիտաւորութեամբ իր քիչ առաջուայ մեկուսացումը հոգեւոր երգերու մէջ... Եւ մեր տունն ալ... Հայրս ալ կուսակցական եղած է, եւ շատ զոհողութիւններ ըրած։ Յետոյ, մեռնելէն քանի մը տարի առաջ, տեսնելով որ... անպիտան մարդոց ընկերութիւն մը դարձած է ան եւ թէ ալ մեր հայրենիքին դէմ խօսիլ կը թելադրեն, հայրս քաշուած է կուսակցութենէն։ Բայց հայրիկս վերջին տարին, մեզի թոյլ կուտար քիչ մը ուրիշ երգեր ալ երգել... - Պայմանով որ եար մար չըլլար մէջը, վրայ բերաւ Պ. Փափազեան։

-Է՜ Փափազեան, դուն ալ ամէն բան շախաի կուտաս, կասեցուց կինը, չարաճճի մանուկի մը ուղղուած յանդիմանական շեշտով։

Նազարեան բոլորովին խորթ տեղ մը ինկած ըլլալու տպաւորութիւն կը կրէր որ սակայն կը զուարճացնէր զինք միանգամայն։

-Ամէն պարագայի տակ, ես ունիմ թէ բառերը, թէ նօթան, Արօր Տատրակին, կրնամ ձեզի փոխ տալ։ Ես լսած եմ այդ երգը բազմաթիւ անգամ Շահմուրատեանէն։ Ձեզի հետաքրքրական բան մը պատմեմ։

(Արփիկ կարկանդակ ուտելու պատրաստուող մանուկին արտայայտութիւնը առաւ)։

-Շատեր կը խորհին որ Շահմուրատեան իր վերջին տարին կորսնցուցած էր յիշողութիւնը, այդպէս չէ՛, անոր յիշողութիւնը սկսած էր մասնագիտանալ, աւելի ճիշդ, ե՛տ դառնալ, դէպի Մուշ, դէպի իր մանկութիւնը, եւ հաւանաբար... անկէ ալ անդին, դէպի Մաշտոցներու ժամանակաշրջանը։ Կորսուելու տեղ՝ արտակարգ հարստութիւն ստացած էր ան։ Այնպէս որ մոռցած էր բոլորովին ֆրանսերէնը եւ հայերէն կը խօսէր՝ բա՛ռ մը այդ լեզուէն չհասկցող իր ֆրանսուհի կնոջը հետ։ Աւելի յետոյ՝ հայերէնն ալ մոռցաւ եւ սկսաւ միայն Մշոյ բարբառը գործածել։ Տունէն կը մեկնէր, պատուհանէն ցատկելով կը փախչէր՝ Մուշ երթալու համար։ Իր կեանքին, գիտցածին, երգածին ամբողջ այն մասը որ ոչ ցեղային էր, մէկ հարուածով ջնջուած էր, ինչպէս ցնցոտի մը նետուած մարմնին վրայէն։ Դարերու խորէն իր բուն, յաւերժական մայրը եկեր էր եւ տէր կանգներ իր մեծ մէկ զաւկին։

Նազարեան կանգ առաւ։ Նկատեց որ, առանց իր կամքին հռետորական դարձեր էր։ Դժդակ զգացում մը ունեցաւ։ Եւ սակայն բացարձակապէս վաւերական էր իր պատմածը եւ այդ հանգամանքը մեղմացուց դիւրին պերճախօսութեան իր հակազդեցութիւնը։ Իսկ ափսոսանքը ուրախութեան վերածուեցաւ երբ արագօրէն հաստատեց որ իր ունկնդիրներուն վրայ ձգած տպաւորութիւնը դրական էր, աւելի քան դրական...

Զոյգ մը ճնճղուկ, յանկարծական աղմկալից հալածանքով, ծառէ ծառ նետուեցան։ Նոյն ատեն, ճիւղեր ու տերեւներ շարժման մէջ մտան ու, ծանր ու թանձր, կաթիլ մը ինկաւ Պ. Փափազեանի ծոծրակին։

-Տօ՜, տօ՛... մեր կնիկ... Աս ի՞նչ բան էր... Տիկին Փափազեան արտորաց դէպի իր «մեծաւորը» եւ անմիջական խնամքով դարմանեց արկածը։ Արփիկ սկսաւ խնդալ ամբողջ մարմնովը, ամբողջ սրտովը, բոլոր ջիղերովը, արցունքով, գալարումներով... Նազարեան տեւական ժպիտ մը կը պահէր եւ խորունկ հրճուանք մը կը զգար այդ աղջկան խնդուքի անկեղծ պայթումէն։ Ինչքա՛ն, ինչքա՛ն մանկութիւն կար մնացած... Դարձեալ Նազարեանին տեսքն էր որ սթափեցուց զինք եւ զսպեց իր խնդուքը, զուարճալի ծամածռութիւններով։

Փափազեանին առաջարկին վրայ՝ անտառ մեկնեցան։ Քլամառի, Իսիի փողոցներն ու շրջակայքը լեցուած էին հայ պատանիներով, երիտասարդներով, որ Սարոյեանի հերոսներուն նման թէպէտ բարձրաձայն հայկական անուններով իրար կը կանչէին, բայց Բարիզեցիի մը նման միայն ֆրանսերէն կը խօսէին։

Գրեթէ պտոյտի ամբողջ տեւողութեան Նազարեան լուռ մնաց։ Պ. Փափազեան յայտնեց որ ինք շատ դժբախտ չէ եղած Գերմանիա, Գերմանուհիներ իրեն շատ հոգ տարեր են...

Ծիծաղաշարժ ակնարկներ կը ձգէր «մեր Տիկինին» վրայ որ բռնուած էր ատենէ մը ի վեր, տեսակ մը հոգեթափութեամբ։ Ինքզինքը ծերացած կը հաշուէր եւ սիրուելէ դադրած իր «գլխաւորին» կողմէ։ Այդ առթիւ իր կատարած դարմանումները ձախաւեր էին որովհետեւ թէ՝ շպարները աժանագին, թէ՛ հինայի կիրարկումը, ցանցառ մազերուն վրայ, շատ անհաւասար ու անյաջող։

Պ. Փափազեանին  կեանքը նուազ հրապուրիչ էր այստեղ. իւզինի կեանք... կրակին դիմաց եւ միշտ ենթակայ  վտանգաւոր արկածի, հակառակ որ ինք արդէն որոշ չափով որակաւոր բանւոր կը նկատուի։ Շահածը բացարձակապէս անբաւարար։ «Այնքան որ չսատակիս»։ Իրիկունը  յոգնած, կէս թունաւորուած, կը մտնէ տուն, յաջորդ օրը, դեռ միւս օրը, եւ դեռ յաջորդ օրը նոյն կեանքը վերսկսելու մտահոգութեամբ, մղձաւանջով։

-Տէ՛, կը հարցնէիք քիչ առաջ, Պ. Նազարեան...

Ալ ինչպէ՞ս  կ՚ուզէք որ մարդ ուժ ունենայ ազգային բաներով ալ զբաղուելու։ Եբ մանաւանդ կը տեսնաս որ անկեղծ մարդ չէ մնացեր...

Տիկին Փափազեանը, ան ալ, ուրիշ թնճուկի մը մէջ կը թրպրտի։ «Թուղթերը կանոնաւոր  չեն»։ Եւ որովհետեւ ճշգրտութիւն եւ Տիկին Փափազեան երկու ներհակ իմաստներ ունին մռայլ ու հասկնալի տգիտութեան մըն ալ կրկնակ ազդեցութեամբը, թուղթերուն անկանոնութիւնը Սաղէմի թնճուկը դարձեր էր։

Այսքանի սակայն կարելի եղաւ պեղել, - Տիկ. Փափազեան կ՚ուզէ  աշխատիլ։ Աշխատելու համար՝ աշխատանքի իրաւունք պէտք է ստանայ։ Այդ իրաւունքը ստանալու համար՝ պատկան իշխանութիւնը կը պահանջէ որ նախ ինքնութեան թուղթ ունենայ։ Կեդրոնական ոստիկանութիւնը ինքնութեան թուղթ տալու համար կը պահանջէ որ աշխատանքի իրաւունք ունենայ...

--Ի՛նչ կ՚ըսէք, Պ. Նազարեան, ճամբայ մը ցուցուցէք... Պ. Թոփուզեանը շատ վարպետ է, կ՚ըսեն, այս տեսակ բաները կը կարգադրէ։

-Գտա՛ր սուրբդ, ուզեցի՛ր մուրազդ, յարեց ամուսինը հեգնական։ Մեր գաղութին թերեւս ամէնէն վարնոց թիփն է, խօսքս ամօթ։

. Նազարեան ներեցէք... Ամսար՝ մէկ խօսքով։ Եւ թէ աղէկ չէ եղեր ատ մարդը տուն մտցնել... Հաւ, վառեակ որ ըլլայ՝ աղուէս է, տասը քիլօմէթօ հեռուէն հոտը կ՚առնէ....

Նազարեան կէս ականջով մտիկ կ՚ընէր։ Ակնթարթ մը սակայն զգաց այս խեղճ մարդոց տրամը։ Մեր երկրին մէջ, գաւառը, սուլթաններու շրջանին՝ մէ՛կ տեսակ։ Սփիւռքի մէջ, շահագործողները, սմսաները, իւզինները, ուրիշ տեսակ։ Աս ինչքա՛ն երանգ, աս ի՛նչ քանակ, աս ի՛նչ սաստկութիւն մակաբոյծներու, տզրուկներու, ինկած հէք ժողովուրդի մը մարմնին, սրտին քսակին, հոգիին... «Թուղթերը կանոնաւոր չեն», ահա վերնագիր մը անծայրածիր, անել թշուառութեան...

Մէօտօնի անտառին ծառերը, յառաջացող իրիկունին մէջ, մուգ կապոյտ երկնքին առջեւ, սկսած էին անշարժանալ։ Կաղնիի, կաղամախիի, դղբիի չքնաղ տեսակներ, հզօր բուներով, սաղարթախիտ գլուխներով։ Սէզերով պատուած շամբուտ լճակներու եզերքին, դեռ ուռենիներ որ անվերջօրէն իրենց վար ինկած մազերը կը լուային։ «Հաշտ ու խաղաղ» օրերու տրոփիւնը ստանալու, բախտաւոր արտասուելու, անսասան մտերմութեան մը տենչերը հեղեղային առատութեամբ թափեցան Նազարեանի սրտին մէջ։ Իր ուրախութիւնը, աստիճանաբար, անձկութեան փոխարկուեցաւ... Պէտք էր անսալ պատշաճութեանց եւ հրաժեշտ առնել։

-Ե՞րբ պիտի գաք ինծի, հարցուց, կ՚ուզեմ ձեզի տալ կարգ մը նօթաներ, «Արօր Տատրակ»ին հետ։

Արփիկ կարմրեցաւ։ Շուարած՝ պահ մը չպատասխանեց, յետոյ, յամրաբար գլուխը վերցուց եւ Տիկին Փափազեանին նայեցաւ։

Նազարեան առաջարկեց անոր՝ զբաղուիլ իր թուղթերուն խնդրովը եւ աւելցուց.

-Չորեքշաբթի ժամը 6ին կրնաք գալ ինձ մօտ. եթէ Օր. Արփիկն ալ ընկերանայ ձեզի՛...

-Հա՛, հա՛, հոգ մի՛ ընէք, ես անիկա հետս կը բերեմ...

Տարօրինակ համարձակութիւններ կը գործածէր երբեմն Տիկին Փափազեան, կը խօսէր դիմացիններուն որպէս մանկապարտէզի մանուկներու։ Իսկ երբեմն ալ խոնարհութեան իր յայտարարութիւնները կը հասնէին գետնամած քաղցրութեան։

Կը յառաջանային  դէպի հանրակառքին  սպասման վայրը։ Պ. Փափազեան իր թերահաւատութիւնը կը յայտնէր կրօնական աղանդներու անկեղծութեան  նկատմամբ եւ հաճոյք կը զգար կիները գայթակղեցնելէ։ Իր սկեպտիկ ժպիտովը, հանդարտօրէն, պաղ տաք տեսած մարդու ալ անխռով շեշտովը փաստեր կուտար։ Տիկին Փափազեան, այդ մեկուսացումէն օգտուելով, աւելի քան երբէք շարժուն աչքերով  յանկարծակի մօտեցաւ Նազարեանին, եւ անըմբռնելի յանդգնութեամբ, ականջին, արագ, արագ սկսաւ  բաներ մը փսփսայ։ Նազարեան կէս կիսատ կը հասկնար։ Խօսքերուն մէկը հայերէն, միւսը թուրքերէն որ ան շատոնց մոռցած էր։

-Աման Պր. Նազարեա՛ն, ձեռքէ մի հանէք... խաչը վկայ պուզի պէս աղջիկ է... օ պիրտէն տէ մէքթուպ կէլմիշ... Աչքերը կկոցներու նման կերթային կուգային։ Ի՛նչ պիտի ըլլար, ի՛նչ կ՚անցնէր կը դառնար...

Քլամառի բարձունքէն փլաթաններու տողանցքի մը մէջէն, սրընթաց, խեչափառի զոյգ մը դեղին աչքերով, հանրակառքը հասաւ եւ կեցաւ Փէրսիի հիւանդանոցին առջեւ։ Նազարեան բարձրացաւ։ Ալ անգամ մըն ալ պիտի չմոռնար այդ տեսարանը։ Արփիկ կանգնած, ոսկեայ գլուխով, երկար թարթիչներով, սլացիկ մարմինով։ Հեռացող կառքը քաջութիւն տուաւ անոր։ Բարձրացուց եւ ձգեց Նազարեանին վրայ իր ակնարկները որ, մեղմ ժպիտի մը մէջէն, թաթաւուած էին մելամաղձոտութեամբ։ Սիրելի, խռովիչ, նախակարապետ, այն մատնիչ մելամաղձոտութեամբ...

Խռովք մը, արտակարգ խմորումներով, կը մտրակէր արիւնը։ Կուգար տարօրինակ արտայայտութիւններ տալ դէմքին, այլազան կծկումներ պատճառել։ Նկատեց որ ճամբորդներու ակնարկներ կը կեդրոնանան իր վրայ։ Սթափումը, իր վրայ կատարած հակակշիռը երկար չէին տեւեր։ Անկարելի էր իրեն տուն մտնել։ Մարմինը թէ հոգին իրենց  կարողութենէն աւելի մեծ քանակութեամբ յուզումով լեցուած՝ կը յորդորէին, կը թաւալէին։ Տեղ մը, մէկը պէտք էր ուր կարողանար պարպուիլ։ Նստած մնալն իսկ անհնարին էր։ Երբ հանրակառքը Մէռի տ՚Իսի հասաւ, Նազարեան վար իջաւ, քալեց մինչեւ Փորթ տը Վէրսայլ։ Հսկայական հրապարակին պարապը կը պատշաճէր իր ներքին եռեփին։ Ցուցադրութեան  Պարտէզի ամայի երկայնքին, անզուսպօրէն սկսաւ երգել.

Լցուել եմ լալ չեմ կարայ.

Լիյլիմ աման աման, Լիյլիմ աման...

Ինքն իսկ չհասկցաւ թէ ինչպիսի դիւրութեամբ, աննշմարելիօրէն , հասեր էր Փորթ տը Սէն Քլու։ Երկարօրէն զարկաւ զանգակը։

-Շնորհաւորեցէք յայտարարեց, անմիջապէս որ դուռը բացուեցաւ, երջանկացած մանուկի յուզիչ աչքերով։

-Ի՞նչ է պատահել, ի՞նչ բանի համար, զուարճացած հարցուց Տիկին Վարդանեան, զարմանալով անոր դէմքէն ու շեշտէն որ չէին պատշաճեր իր ընդհանրապէս զուսպ նկարագրին։

-Սիրահարուած եմ...

-Ո՞նց թէ սիրահարուած ես՝ հասաւ ու վրայ բերաւ որդին՝ Հայկը։

-Տէ՛, լա՛ւ, լա՛ւ, մի ներս մտէք...

Ընթրիքը նոր էին վերջացուցած եւ ըսաւ իրենց սովորութեան՝ թէյ  կ՚առնէին։ Նազարեան ոչ մէկ բան ընդունեց, ոչ իսկ պտուղ մը։ Խմեց՝ երեք գաւաթ թէյ։ Յետոյ, կցկտուր, բացատրեց...

-Այո՛, այո՛, հէնց այն աղջիկը՝ Արփիկը որ լսած էք երգահանդէսին... Թող չըսեն ասկէ յետոյ որ քու տը ֆուտը գոյութիւն չունի։ Բուն սէրը՝ քու տը ֆուտըն է...

-Ինչպէ՞ս թէ... անհամաձայն՝ հարցուց Հայկ։

-Հարկա՛ւ, միւս տեսակները, խելքով, հաշիւով՝ նպարավաճառի գործողութիւն։ Ասիկա՝ հրդե՜հ, որմէ միայն կը վառիս, որ կը տնօրինուի միայն մէջդ գտնուող անծանօթ ու դեռ մէջդ չգտնուող խորհրդաւոր ուժերու կողմէ։ Ինչ վտանգներու առջեւ ալ երթաս, մեռնիլդ ալ գիտնաս՝ կ՚ուզես դարձեալ վառիլ... Հետեւաբար մեր գիտակցական ուժերէն անհունս աւելի հզօր հրամանի մըն է որ կ՚անսանք...

-Ինչու՞ էք վառելու... (Խնդաց։ Յանկարծ շեշտը փոխելով եւ լուրջ) Իսկապէս շատ լաւն է, շատ քնքուշը... Էն համերգին, տեսնելու էիք, ի՛նչ  նազանքով, երկչո՛տ, խոնա՛րհ... Յառաջանալ չէր համարձակում... Եւ ի՛նչ «զկածումով» էր երգում....

-Մամա՛, մամա՛, տեսնու՞մ ես, ա՛յ թէ ի՛նչ ասել է արթիսթի աչք ունենալ։ Նա մի ակնարկով հասկացել է նրա անմեղ հոգին եւ... արդէն տիրացել, աւելցուց Հայկ, միշտ խանդավառ ու հեղեղուտ։

-Միայն թէ, սիրելի՛ս, «գիտակցական», «ուժ», «հրաման», մրաման էնքան էլ չեմ հասկնայ։ Եկ մենք սրան, պարզապէս, մի տեսակ լիպիտօ ասենք որի վրայ արթիսթները տեսակ տեսակ շողշողուն քողեր են ձգում։ Դու մի ասեր որ դա ուրիշ բան չի եթէ ոչ էս ֆրանսական աթրէ ֆիզիք ը...

Ըսես յայտնութիւն մը ըլլար Հայկին այդ խօսքը։ Հրանտ սկսաւ մտածել։ Աչքերուն սեւեռուն արտայայտութիւնը սպասման վիճակի մէջ պահեց իր խօսակիցները։ Պահ մը վերջ, սակայն, լուրջ եւ վճռական, յայտնեց.

-Ո՛չ. ես ո՛չ մէկ անգամ, ո՛չ մէկ աղջկայ հետ, որ եւ է յարաբերութին չեմ ունեցած՝ առանց բռնադատ ճնշումին՝ մեծ գորովանքի մը, գորովանքի մե՜ծ քանակութեան մը... ֆիզիքականը գործ չունի հոս...

-Ի՜նչ յիմար յիմար դուրս ես տալիս, վրայ բերաւ մայրը։ Հրանտին «ֆիզիքակա՞ն» կը պակսի... ու նշանակալից իրար նայեցան, վերյիշելով սիլուէթները շատ գեղեցիկ աղջիկներու որ, «կարի արբեցած», տեսած էին անոր թեւին եւ բոլոր անոնք որ նշանի մը կը սպասէին՝ նետուելու համար սիրոյ արկածներու քամակին...

-Նու՛, մի պատմեցէք, հետաքրքիր է, խնդրեց Տիկին Վարդանեան, մեծ ախորժակով։

Հրանտ յայտնեց որ մասնաւոր պատմելիք բաներ չկային։ Արեւ էր եւ խնձորենիի ու սալորենիի ծառեր կային։ Չափահաս ամոլ մը գաւառացիներու որ բանւոր դարձած էին այստեղ։ Մէկուն «թուղթերը կանոնաւոր չէին»։ Յետոյ, ինք հռետորական դարձած էր, նկարագրած Շահմուրատեանին վերջին օրերը։

-Եւ սակայն, կը հաւատամ ցեղին... աւելցուց՝ դժգոհ։ Միայն թէ մեծ նիւթերու մէջ մտնելու է իր տեղը եւ պատշաճ ծաւալով, այդ է խնդիրը... շարունակեց, աւելի ինքն իր հետ, քան թէ դիմացիններուն ուղղուած։

Մինչեւ կէս գիշեր Նազարեան մնաց հոն։ Երկարօրէն սիրոյ սահմանումներն ու յատկանիշները փնտռեցին։ Առաջին զեղումէն վերջ սակայն՝ ան ինկաւ լռութեան մէջ։ Ալ հարկ չկար խօսելու։ Վարդանեան ընտանիքին յատկանիշն էր խանդավառուիլ։ Իրենց բարեկամին ու բախալի լուրը բաւական եղաւ որ անոնք կախարդական դղեակներ կանգնեն։

Նազարեան տժգոյն՝ ժպտագին, կուրծքին վրայ անգին տատրակ մը կը պահէր, փախցնելու անձկութիւններով, մերթ, անցողակի, սուր տագնապով...

Երբ ոտքի ելաւ մեկնելու, Տիկին Վարդանեան հարցուց.

-Հը՛, ի՞նչ էք մտածում...

-Ինծի կը թուի որ պիտի չյաջողի...

. է՜, ի՞նչ է ասում...

-Ո՞նց թէ չի յաջողուելու, խստութեամբ հետապնդեց Հայկ։ Ինչ որ շատ ենք ցանկանում մեզ թուում է թէ չի յաջողուելու։

-Ես բախտաւոր մարդոց խումբին մէջ չեմ գտնուիր...

-Յիմար բաներ էք ասում, վրայ բերաւ Տիկին Վարդանեան, իր սովորական հեղինակաւոր յանդըգնութեամբը, ե՞րբ է գալու ձեզ մօտ։

-Չորեքշաբթի՝ վաղը չէ, միւս օր չէ, միւս օր։ Չեմ գիտեր թէ պիտի գա՜յ։

-Մամա՛, մամա՛, վաղը չէ, միւս օր չէ, միւս օր... սկսաւ խնդալ Հայկ, մեծ գահդահներով ու գլուխը ետեւ նետած։

-Ե՛ս էլ ձեզ մօտ կը լինեմ վճռական յայտնեց Տիկին Վարդանեան։ Ժամը քանիի՛ն ասացիք...

Տուն մտնելէ առաջ, երկար ատեն թափառեցաւ Մոնմարթրի  փողոցները. Սաքրէ Քէօրի շրջակայքը։ Ժամեր թափառեցաւ, յետոյ, տունը, սենեակէ սենեակ։ Առաւօտ էր արդէն երբ փակուեցան կոպերը՝ պարտասած։ Հազիւ երկու ժամ իր մեծ իրողութիւնը մնաց կապկապուած։ Յետոյ, քակեց պախուրցը, վրնջագին  տրոփեց եւ արթնցուց։ Տարօրինակ մտավիճակ... Տիրապետուած, անդամալոյծ, մարմնով, միտքով։

Երէկուան արբեցումը սակայն, սակաւ, կը շոգիանար։ Ընդնշմարուած երջանկութիւ՞ն մը, սրընթաց կառաշարի պատուհանէն, մենակեաց ու ծաղկապատ անակի մը նման, հարաւի արեւին ու կապուտին մէջ, թէ՜ հեռացող տեսիլքը չքնաղ աղջկան, որ կը թաւալի այլ մոլորակային դրութեան մը մէջ, որ կ՚ուզես բերել քու թաւալումի օրէնքիդ, բաւարարելու համար կեանքը միասնաբար զգալու կատաղի, տարերային տենչանքը...

-Այսօր պիտի չկրնամ ընդունիլ, Պէյի նոր ժամադրութիւններ տուր, յանձնարարեց սպասուհիին եւ դուրս ելաւ։

Փողոցի դրական կեանքը, մտահոգ դէմքերը, զով օդը, սաստկացուցին սթափումը, պաղեցուցին ցնորական խմորումները, եւ գրեթէ յառաջ բերին հակոտնեայ հակազդեցութիւն։ Մելամաղձութեամբ մտածեց՝ իր ի՛նչ գործը... այս տարիքի՜ն...

Սէն Լազարի կայարանէն երկաթուղի առաւ եւ իջաւ Անիէռ ուր մայրը կը բնակէր։ Նոր էր ելեր իր անկողնէն։ Դէմքը կաւիճի սպիտակութիւնը ունէր։ Սուրճը արգիլուած էր։ Մինչեւ որ կաթը տաքնար, փշրանքներ կը ցանէր պատուհանին առջեւ ուր հանդիպակաց մեծ պարտէզին ճնճղուկները կուգային կերակրուիլ։ Մեխակներուն ջուրը փոխուած էր արդէն որովհետեւ ցօղուններուն կտրուած ծայրերը դեռ սեղանին վրայ մնացած էին։ Հոն էին նաեւ ըԹըրի թուփէն քաղուած դեղին տերեւները։ Անոնց քով բաց, տարածուած էր իրեն այնքան մտերիմ ընտանեկան հաստափոր Աստուածաշունչը որ կը պարունակէր իր մեծ հօրը, ինչպէս եւ իր հօրը ձեռագիրը որով արձանագրուած էին իր, իր եղբօրը ծնունդը, այլ նուիրական դէպքերու թուականներուն հետ։

Զարմացում եւ ուրախութիւն այս անակնկալ, շատ անսովոր այցելութեան համար։ Զննող ակնարկներ՝ անմիջապէս դէմքէն զատորոշելու նորութեան նկարագիրը։ Չէ՛, չար բան չերեւիր։ Արտորաց սուրճ պատրաստել եւ, կարագով պանիր, պտուղ դասաւորել սեղանին. «Եկո՛ւր, մալը, շատ ատեն չունիմ»։ Ամէն ինչ շտկելէ վերջ, ստիպումներ՝ գոնէ  խմելու, քանի որ չէր ուզեր ուտել։ Եւ սակայն շատ գէշ էր երկար ատեն անօթի մնալ, շատ գէ՛շ էր... Պատմեց երազը, տպաւորութիւնները՝ իր վերջի ընթերցումներէն։ Մէկ երկու տեղ նշան ըրած էր որ կարդայ զաւկին, Սասունցի Դաւիթէն որմէ շլացած մնացած է։ Շատ բաւարարուած էր նաեւ Սրուանձտեանի Հէքիաթներէն, որոնց տարբերակները միտքը եկած են Խարբերդի, Մալաթիայի շրջանէն։ Երեք չորս տեղ նշաններ դրած է նաեւ Աստուածաշունչին մէջ, պիտի կարդայ տղուն։ Տարօրինա՜կ. ճիշդ ալ խնդիրը կնոջ մասին է։ Ինչ ալ ըլլայ, ինչքան ալ անյաջող ամուսնութիւն մը, ան վերջնական է։ Հարկ է զայն դիմաւորել յաւիտենականութեան անկիւնէն։ Այդ ինք շատ լաւ գիտնալով հանդերձ, որոշ է, նորոգ եղանակով մը պատուէրին իմաստը տպաւորած է զինք, թարմ ճշմարտութեան ներազդու ուժգնութեամբը, իր կեանքի մայրամուտին։

-Մէկ պարագայ կայ միայն, աւելցուց, ուր ամուսինը ազատ կը ձգուի, պահելու կամ արձակելու իր կինը։ Եթէ քեզ դաւաճանեց, կ՚ըսէ, եւ եթէ կրնաս ներել, պահէ՛ կինդ, իսկ եթէ ուժերէդ վե՛ր է  ներել՝ այն ժամանակ ձգէ որ երթայ... Մինակ պարագան է այս։

Ամէն այցելութեան, ինչպէս այս անգամ, որդին զարմացումով կը հաստատէր ներքին առատ ու առողջ կեանքի այս խմորումը որ կը ծաւալէր իր մօրը չորս կողմը, որով ան կ՚ողջունէր ամէն մէկ ծագող  արշալոյս, այն թանկագին ուրախութեան մէջ որ կը ծորի քայլ մը աւելիի յառաջացումէն՝ ճշմարտութեան անծայրածիր  իշխանութեանը մէջ։ Այս բոլորը  հիւսուած, կերտուած ներքին խորունկ գոհունակութենէն, փառաբանուած  խօսքերով։

-Փառք քեզ, Աստուանծ, փառք քեզ։ Այսօր ալ ողջ առողջ ոտքի հանեցիր։ Աստուած թշնամիս ոտքէ ձեռքէ չձգէ։ Զաւակներուս վիշտը չտեսած, ինծի ալ տալ՝ երեք օրուայ խաղաղիկ  մահիկ»...

Կը լռէ եւ կը սպասէ։ Զաւակը կ՚արտաբերէ կըցցտուր մէկ երկու խօսք։

-Այո՛, մա՛յր, հրդեհի պէս... Մալաթիացի են «Մի մօտար» կ՚ըսեն. «թոքախտանոց», «ֆիստան», «մակրտել», «թէքմուքտել»։

Մայրը կը խնդայ։ Կը տեսնէ զայն այնպէս ինչպէս որ էր տասներկու տասներեք տարեկան ոգեւորուող, յափշտակուող, միամիտ...

-Տարօրինակ եւ հեռաւոր թելեր կը թրթըռացնէ մէջս։ Ո՛չ մէկ հայ աղջիկ սիրած է զիս։ Եւ շա՛տ, բոլորովին հեռուէն, խորունկէն օտարոտի յուզումներ կուգան.... Մալաթիայի, Խարբերդի բերդին, Քէսիրկի ջերմուկներուն քսուած հովեր կան իր նազանքին մէջ... «Մի մօտար» կ՚ըսէ։

Այս վերջին երկու տարին մայրը իր երկու զաւակները կը տեսնէր, մեծ դիւրութեամբ, իրենց մանկական ու պատանեկան պատկերին տակ միայն։

Տեղէն ելաւ, մօտեցաւ, սեղմեց գլուխը կուրծքին եւ համբուրեց մազերը։

Վերագրաւեց բազկաթոռը, տղուն դիմաց. սեղանին շուրջ եւ մէկ երկու ումպ խմելէ վերջ աղուոր ըլլալը հարցուց։

-Ոսկեայ գլուխ մը վենետիկեան խարտեաշով, երկար թարթիչներ, միշտ ժպտուն գոց կապոյտ  աչքեր, մէջքը բարակ, ճեփ ճերմակ ակռաներ, ցորենագոյն արեւոտ մորթ որ ծոծրակին վրայ մուգ դեղձի թաւիշը  կ՚առնէ...

-Քանի՞ տարեկան է։

-Քսանըութը։

Լուռօրէն քանի մը ումպ ես առաւ. ապա յանկարծ յիշելով, գզրոցը բացաւ եւ.

-Երէկ Զարեհէն նամակ եկաւ, կարդա՛։

Նազարեան որ արդէն ոտքի էր, կը քալէր սենեակին մէջ եւ մերթ, ձեռքերը գրպանը, պատուհանին առջեւ կը մնար կանգնած։ Ետ դարձաւ, առաւ եղբօրը նամակը։

-Ի՛նչ լաւ, քանի մը օրէն Բարիզ պիտի ըլլայ։

Երկար, կիսամութ միջանցքին մէջ, մեկնելու պահուն, Նազարեան դուռը կը փնտռէր առխարխափ։ Որոշ էր, պայքարէ մը վերջ, մայրը վճռէր էր ըսել իր մտածումը.

-Վախնամ պզտիկ է քեզի համար... Օրեր կայ որ շատ յոգնած դէմք կ՚առնես։

Ուր են առաջուայ  աղուոր մազերդ...

Կիսամութիւն մէջ տեսաւ աղան որ կանգ առաւ եւ ետ դարձաւ։ Տենդագին էր դէմքը եւ աչքերը հըրկիզուած։

-Անշու՛շտ, տղա՛ս, քու խելքդ, քու բնաւորութիւնդ... Մէկ հատ մըն ալ չկայ... Բայց պիտի հասկնա՞լ թէ չէ, նորէ՛ն «անամ պապամ»...

-Հաւատացեալ է. շա՛տ հաւատացեալ, բողոքական...

-Իմ մէկ ոտքս գերեզմանն է, դուք ալ եկաք  տարիքնիդ  առիք... Քեզի համար է թէ... Գիտէ՞ հօրեղբօրդ մահը եւ ձեզի ժառանգ իյնալը... Կին մը նախ պէտք է որ սիրէ...

Մայրը լռեց, իսկ տղան, մտածկոտ՝ չէր հեռանար։

-Նո՛ր ենք ծանօթացեր.

-Ատ ըսել չուզեցի... Խնդիր չէ թէ հիմակու  հիմա քեզի կը սիրէ թէ ոչ. Սիրող հոգի մը  ունի՞։ Ա՛ս է կարեւորը։

Տղան առարկեց։ Մայրը վճռական պատասխանեց.

-Չէ՛, ատպէս չէ՛, սիրող հոգի մը ունենալը  տաղանդի՛ պէս է։ Կամ բանաստեղծ կը ծնիս կամ ոչ։ Կնոջ մը համար մէ՛կ մեծ տաղանդ կայ՝ սիրող սիրտ  մը ժառանգել։

Սեւ հագուած, նիհարակազմ երկարահասակ, խնամուած բայց օրուան նորաձեւութիւնը ոտնակոխած ու ինքնայատուկ վայելչութեամբ մը. դէմքին քօղով, կին մը յառաջացաւ որմէ, յանկարծ պայծառ ձայն մը ժայթքեցաւ։

-Ա-ա-ա՜ չե՝ն ճանչնար զիս... Հրանուշն եմ... այդքա՛ն փոխուած եմ. Երէկ հասայ, Նիւ Եորքէն երէկ եմ հասեր...

Տիկին Նազարեանին հետ սրտագեղ մտերմութեամբ ողջագուրուեցան։ Վաղեմի մտերմութեան մը ուժգնութեամբը։ Ձեռքի սեղմում Հրանտին հետ։

-Ա՜խ Տիկին Նազարեանս, ինչպէ՞ս էք նայինք...

կեանքը տարօրինակ է, շա՛տ տարօրինակ... Չեմ կրնար մխիթարուիլ, անհնար

է... ։ Առաջին այցելութիւնս ձեզի է...

Տիկին Ադամեան, տարի մը առաջ ամուսինը կորսնցուցած էր։ Ներս հրաւիրուեցաւ։ Հրանտ հրաժեշտ առաւ։ Նոյն րոպէին իսկ զգաց որ իր յանկարծական մեկնումը ուժգնօրէն վիրաւորական եղաւ։

Պատուհանը բացուեցաւ։ Հրանտ, փողոցը ետեւ  դարձաւ։ Տիկին Ադամեան պատուհանէն կախուած։

-Հրա՛նտ, պոռաց, մեղադրանքով՝ ծանրաբեռն աչքերով

-Ներեցէ՛ք։ Այսօր իսկ կը հեռաձայնեմ ձեզի։

-Ո՛չ հասցէս գիտէք, ո՛չ հեռաձայնիս թիւր... կ՚արտաբերէր միւսը, երբ Նազարեան արդէն կը հեռանար։

Հրանտ, ճամբան պահ մը միայն անդրադարձաւ իր ընթացքին կոպտութեանը։ Հրանուշ զուսպ, բացառիկ չափով Թաքթ ունեցող, ինչ աստիճանի վիրավորուած պիտի ըլլար որ թոյլ էր տուած մեղադրանքին դրսերեւումը։

Հեշտալի խռովիչ, անձկալից եւ միանգամայն  դժնդակ  էին ժամերը որ չէին ուզեր վերջանալ։

Նազարեան թափառեցաւ հեռաւոր անտառներու մենակեաց  անկիւնները։ Յուզումները, մտածումները դոյլ առ դոյլ կը լեցուէին՝ առանց որ կարողանար  պահել զանոնք իր մէջ։ Մերթ կ՚որոշէր վերադառնալ տուն եւ աշխատիլ։ Անմիջապէս կ՚անդրադառնար սակայն որ այդ փափաքը նոյնքան ուժեղ էր որքան  վաղանցուկ։ Միայն մարմնական յոգնութիւնն էր որ յառաջ բերաւ բնախօսական հանդարտութիւն մը։ Յաջորդ օրը երեքշաբթի, դասերով խճողուած օր մը եղաւ։ Աշակերտները շատ տարօրինակ գտան իրենց  ուսուցիչը։ Օտարօտի տեսութիւններ կը պարզէր երկարօրէն, առանց նկատի առնելու աշակերտին  սեռը, տարիքը կամ պատրաստութիւնը... Բա՛ն որ կայ արուեստին մէջ, ինչպէս բա՛ն մը կուլ մարմնին  մէջ։ Եթէ այդ բանը հեռանալ՝ մարմինը կեանք չի ունենար։ Արուեստն  ալ այդպէս է։ Հարկ չկայ անպայման երգահան ըլլալու։ Նուագածուն ինքն ալ  պէտք է այդ «բանը» դնէ իր նուագած կտորին մէջ, անշու՛շտ, եթէ ունի։ Հա՛, ի՛նչ է այդ բանը...

Այդ բանը՛, այդ բանը... Ինչու՞ չէ... Հաւանական է... Նոյն  իսկ ապահովաբար այդպէս է... Կը տեսնա՞ն, այդ բանը որպէսզի իրենց նուազած կտորին մէջ դնեն՝ պէտք է որ «սիրող սիրտ մը» ունենան...

Առանց ատոր կարելի չէ կեանք ունենալ։ Առանց ատոր, ինչքան ալ մեծ ըլլալ ճարտարութիւնը, հըմտութիւնը, վարպետութիւնը, արուեստին ո եւ է մէկ ճիւղին մէջ, առանց ատոր անոնք դարձեալ եւ միայն հաւաքածուի տարբեր են, թիթեռնիկներ՝ իրենց ամբողջ, լրիւ կազմուածովը բայց ասեղէ անցած։ Ամէն ինչ ունին, ամէն ինչ տեղն է, անոնց թեւերը, մարմինը, գոյները, գիծերը... բայց հրաշքը տեղի չունենար - չեն կրնար թռչիլ։ Իսկ արուեստի գործը երբ թռչի. ժամանակին երկարութիւնը սահման մը չի կազմէր։ Կ՚ըսեն՝ ստեղծագործել Ստեղծագործել՝ սիրել է։ Այդ ճամբան է միայն որ կը տանի դեռ ուրիշ  տեղ, դէպի անհունը։ Արուեստը որ չի տանիր դէպի ծնրադրութեան՝ վրիպած է։ Ատոր համար ալ արուեստագէտներուն հարիւրին ինիսունըհինգը, բանաստե՛ղծ, արձակագի՛ր, երաժի՛շտ, երգահա՛ն, նկարիչ, կուգան խճողել աշխարհը եւ կ՚անցնին կ՚երթան։ Մէկ քանի հոգի միայն կը մնայ։ Յիշատակը մէկ քանի  մեծ Սիրողներու։ Այնպէս որ, լաւագոյնը, հրաժարիլն է արուեստագէտ ըլլալէ. ջութակ  նուազել ուզելէ... Թող մտածեն այդ մասին իր աշակերտները։ Իսկ եթէ լոկ զուարճութեան համար է, անկարելի չէ աւելի յարմար զուարճութեան առարկայ մը գտնել։

Գիշերը, անկողնին մէջ, մտաբերեց անցնող օրը։ Զարմացաւ թէ ինչպէս հասարակ տեղիքներ դուրս տուաւ խեղճ աշակերտներուն, տենդագին վիճակի մէջ։ հա՜, կը տեսնէ՜, ա՜յդ ալ նկատի առնելու է՝ դեռ չի բաւեր ներքին համոզումը ունենալ՝ նորութիւն մը գտած ըլլալու որպէսզի արտաբերուածը իսկապէ՛ս նոր ըլլայ։ Պաղ ուղեղով հակակշիռը պէտք է որ անցնի արտադրուածին վրայէն։ Տենդագին վիճակն ալ պէտք չէ շփոթել հարուստ, հաւասարակշիռ ու հասունցած ներշնչման հետ։ Եւ սակա՜յն, եւ սակա՜յն, տարակո՜յս չկայ, կարելի է բոլոր մարդիկը բաժնել երկու խումբի, այն «տաղանդէն» ունեցողներունը եւ չունեցողներունը։ Ատելութեա՛ն ծառայողները եւ Սէրին։ Արփի՛կը, այս վերջինի՛ն, այս վերջինի՛ն կը պատկանի...

Չորեքշաբթի օրուան ժամերը աւելի հանդարտութեամբ իրար յաջորդեցին քան թէ Նազարեանին ամբողջ կեանքի օրերը։ Երբ ժամացոյցին սլաքները ուղիղ գծով մը պրկուեցան, նոպայի պահ մը եղաւ... Անոր թուեցաւ որ Արփիկ արդէն ժամերով ուշ է մնացած եւ պիտի չգայ։

Գոնէ Տիկին Վարդեանը եկած ըլլար։ Բացառիկ այցելութիւն մը զինք կը ստիպէր տունը մնալ։

«Մի ուրիշ անգամ, անպայման... »

Իջաւ փողոց, թափառեցաւ, նոյնքան խօլ փութկոտութեամբ դարձեալ բարձրացաւ տուն։ Մարդ չէր եկեր... Վեցուկէսին զանգը հնչեց Նազարեան տժգունեցաւ։ Տիկին Փափազեան եւ Արփիկ ներս մտան։ Նստեցան սեղանին շուրջ։ Ճնշիչ լռութիւն։ Անբնական ժպիտ մը համածռած էր Հրանտին դէմքը։ Արփիկ գլուխը վար հակած էր։ Դէմքին վրայ գոհունակութեան հետքը չկար։ Այս այցելութիւնը տարապահակ պարտականութիւն մըն էր։ Հրանտ ուժգնօրէն ճնշուեցաւ այդ հաստատումէն։

Տիկին Փափազեան լուրջ էր, արկածէ մը վերջ ստացուած ծանր եւ ծիծաղաշարժ լրջութեամբ մը։ Աչքերը կը խաղային... Հակառակ յառաջացած ժամուն՝ Պէրթ թէյ սպասարկեց եւ Հրանտ շոքոլա հրամցուց։ Արփիկ ընդունեց, ազնիւ ու վշտաբեկ ակնարկ մը արագօրէն ձգելով իր վրայ։

-Տխո՛ւր կ՚երեւաք, հաստատեց Հրանտ Արփիկ միայն տրտմօրէն ժպտեցաւ Տիկին Փափազեանին աչքերուն կկոցները ելեքտրական արագութիւն ստացան։ Կ՚ուզէր բաներ մը ըսել, բացատրել, բայց խորհրդաւոր ձեւերով... ի վերջոյ, թուրքերէն, բաներ մը յայտնեց որոնցմէ Հրանտ, դժուարութեամբ կռահեց որ Մարսիլիայէն ինչ որ երիտասարդ Փարիզ է հասեր։ Արփիկ, առանց թուրքերէն գիտնալու, հասկցաւ բարեկամուհիին ըսածը եւ ճշդեց.

-Նշանածս չէ, պարզ խօսքկապ մը եղած է... Յայտնի էր որ անյարմար կը զգար... Սկզբունքներուն եւ ողջախոհութեան մը բախումը շուարած կացութեան մէջ կը պահէր զինք։ Կ՚ուզէր որ իր հակումը նուիրականացուէր բարոյական հեղինակութեան մը վճիռովը։

-Մայրիկիս համար անընդունելի է... Հա՛ խօսք ես տուեր, հա՛ նշանուեր... Սակայն...

Մէկ երկու րոպէ դարձեալ լռութիւն որ Հրանտ խզեց վերջապէս։ Շատ դժուար է իրեն համար կարծիք յայտնել այդ առթիւ, քանի որ շահագրգռուած կողմ մըն է ինք։ Ատիկա, մանաւանդ, անո՛ր՝ Արփիկին գիտնալիք բանն է։ Իրեն կը թուի սակայն որ խնդիրը էական է։ Մէկը պէտք է իրաւունքը տայ ինքզինքնին սրբագրելու սխալ մը՝ իր սաղմնային վիճակին մէջ, եթէ իսկապէս համոզուած է որ գործուելիքը սխա՛լ մըն է։ Սխալ մը որուն հետեւանքները ծանր են...

Այդ պարզաբանումը հանդարտութիւն մը տուաւ իրեն եւ սկսաւ տակաւ տիրապետել կացութեան։ Տուաւ Տիկնոջը արդէն պատրաստած յանձնարարական նամակը, «անկանոն թուղթերուն» վերաբերեալ։ Բերաւ եւ երկարեց Արփիկին խոստացած նօթաները։

-Աս ի՞նչ է, հարցուց Արփիկ մեղմութեամբ եւ զարմացած, ֆրանսերէն երգ մըն ալ գտնելով հոն։

Վալս մըն էր, այն տպագրութեամբը որ շրջուն երաժիշտները կը ծախեն։

-Հա՛, ըրաւ Հրանտ, երբ առաջին անգամ լսեցի, սիրեցի եւ գնեցի։ Դաշտային ծաղիկի մը նման։

Արփիկ լռելեայն կարդաց. «Մոն Աման տը Սէն Ժան»։ Արիւնը մտրակեց երեսը։ Աննկարագրելի էր մանկական գայթակղութիւնը իր ակնարկներուն։

Հրանտ չի կրցաւ խնդուք մը զսպել։ հանդարտեցնելով զայն, առաւ Պալ Միւզէթի այդ երգը եւ մեկդի դրաւ։ Զգաց մեծ հեռաւորութիւն մը, չըսելու համար անջրպետ մը իրենց միջեւ որ թէ կ՚անհանգստացնէր զինք, թէ՛ կը գրաւէր...

-Ես ալ մարդ եմ, ըսաւ ժպտագին, ես ալ բոլոր մարդոց պէս մարդ մըն եմ... Այն օրը լսեցի, սիրեցի, առի... Կ՚ըսեն։ Վանկէր, տարօրինակ խմորում մը ունեցած է, Նափոլի, իր մեծ գործը պատրաստած ատեն, դուրսէն տեղական երգ մը լսելով, շրջուն երաժշտի մը կողմէ։ Նոյնիսկ հետքեր այդ երգէն՝ իր մեծ համադրութիւններուն մէջ... Ի՛նչ կ՚ըլլայ որ...

Ապա, աղուոր հաւասարակշռութեան մը մէջ, որ բազմաթիւ օրերէ ի վեր չէր ունեցած, առաւ քովի թիկնաթոռին մէջ ձգած ջութակը։ Երբ կը լարէր, Արփիկ Տիկին Փափազեանին դարձած կը մրմնջէր. «Մարսէյլի համերգին ես չի կրցայ երթալ։ Ո՞վ պիտի ըսէր որ օր մը, այսպէ՜ս... »

Հրանտ սկսաւ նուագել գայթակղեցուցիչ երգը... Անհուն հրճուանքով կը հաստատէր թէ Արփիկին դէմքը, առաջին իսկ նօթերուն, հիմնովին փոխուեցաւ։ Անջրպետը կը լեցուէր, բնական շատ աղուոր բանով մը, գոնէ բանով մը։ Ամիսներ կար որ աղեղն ու լարերը այդքան դիւրութեամբ չէին հպատակած մատներուն եւ արձակած հոգիի ճիչերը, ինչպէս կայծերը՝ կայծ քարէն...

Ժամերը անցեր էին։ Արփիկ միշտ կը խնդրէր որ շարունակէ։

-Ո՛չ, ըսաւ Հրանտ ժպտագին, պիտի նուագեմ, եթէ ուրիշ անգամ ալ գաք ինծի այցելութեան։

Տիկին Փափազեանին աչքերը, փոքր եւ խորամանկ, հաւաստիքներ կուտային։

Մեկնելու պահուն Արփիկ սենեակի շեմին քով կը տնտնար։ Վերջապէս քաջութիւնը գտաւ։

-Եթէ կ՚ուզէք, ան... միւսն ալ տուէք, ըսաւ, առանց վալսին տիտղոսը տալու, գլխու նշանով մը միայն։

-Ինչո՛ւ չէ...

Երբ մեկնեցան, անմիջական եւ բռնագիր պահանջը, անտեղիտալի ծարաւին նման, առանձին մնալու։ Խնդրեց սպասուհիէն որ մեկնի։ Բազկաթոռի կողքին ուր նստած էր Արփիկ՝ ինկած էին անոր ձեռնորցները։ Վերցուց եւ սկսաւ դիտել։ Սեղմեց սրտին որ ուժգնութեամբ կը զարնէր։ Ասեղնաբանուած էին, ինչպէս այդ ամրան նորաձեւութիւնն էր, եւ կը կրէին մասամբ անոր մանր ձեռքերուն կաղապարը։ Բոլորակի ակնարկով մը ապահովելէ վերջ որ մինակ է, տարաւ զանոնք երեսին։

Չէ՛, չէ՛, անոնք ոչ Շանէլի, ո՛չ Փաքէնի մէկ անուշահոտութիւնը կը կրէին։ Վէպերուն մէջ, անշուշտ անոնք հազուագիւտ անուշահոտութեամբ մը պիտի բուրէին։ Բայց այստեղ՝ անոր անունն էր, պարզապէս օ տը ժավէլ։ Եւ սակայն կը մնար դեռ իմանալ թէ անոնցմէ մին պիտի կարողանա՞ր գերազանցել հրապոյրը այն շատ թեթեւ հոտին որ անուշահոտութիւն մը իսկ չէր, ըլլալով գերագոյն անուշահոտութիւնը, ըլլալով մատնութիւնը խոնարհ կեանքի մը բուրումին։ Եկած էր ան վկայելու, մանիշակային իր ծորումովը, լռելեայն ժխտումը բարդ կեանքին ու անոր նեխած թնճուկներուն... Հրանտ, գորովանքով յորդագեղ զետեղեց զանոնք բաճկոնին ներքին գրպանը։ Յաջորդ առաւօտ հեռախօսեց Տիկին Վարդանեանին եւ խորհուրդ հարցուց թէ ինչ եղանակով կրնար իր տունը մոռցուած ձեռնոցները տեղը հասցնել... Այս վերջինը սկսաւ քննել խնդիրը՝ ողբերգական գոյներու տակ...

Ուրբաթ՝ Հրանտ երկու տող գրեց Տիկին Փափազեանին։ Խորհուրդ մը կուտար «թուղթերու կարգադրութեան խնդրին» վերաբերմամբ։ Յետ գրութեան մէջ յայտնեց ձեռնոցներուն ներկայութիւնը, որպէսզի «Օր. Արփիկ» մտահոգ չըլլայ։ Անշուշտ առաջին առիթով կը վերադարձնէր զանոնք։

Հրանտ երբ ճաշասրահը մտաւ՝ արեւը եկեր ողողեր էր արդէն սենեակին կէսը։ Կիրակի էր։ Բացաւ պատուհանը։ Կապոյտ էր երկինքը եւ մթնոլորտը ողողուած լոյսով եւ օդին տաքութիւնը՝ արդէն ամառնային։ Տիրեց այն տրամադրութիւնը որ թանկագին էր՝ խմորուող խանդավառութիւն, աշխատելու կորով։ Կեանքը անդրադարձաւ իր մէջ՝ խաղաղ եւ սիրելի։ Ներդաշնակ։ Երկար ատեն նուագեց, աշխատելով դրսեւորել այն որուն զգայութիւնը, տարտամ, շատոնց կը ծփար իր մէջ։ Յիշեց որ խոստացած էր կէսօրին ճաշել Վարդանեաններուն մօտ։ Մինակ ընտանիքը ուր հաճոյքով ժամեր կ՚անցնէր։

Կը պատրաստուէր մեկնիլ երբ դուռը զարկին։ Անծանօթ ֆրանսուհի մը եւ իր առջեւ կանգնած հազիւ վեց տարեկան աղջնակ մը։ Ֆրանսուհին ինքզինքը ծանօթացուց։ Բանաստեղծ Մատէնճեանի դռնապանին աղջիկն է։ Տիկին Էտիթ - Մատէնճեանի ֆրանսուհի կինը - արկած մը ունեցեր է եւ փոխադրուեր հիւանդանոց։ Վտանգաւոր չէ։ Ան է որ խնդրեր է յանձնել փոքրիկը՝ իր ամուսնոյն ընկերոջը։ Պարբերաբար միայն տեսնելուն՝ Հրանտ զայն մեծցած գտաւ։ Ֆրանսուհին մեկնեցաւ։ Իր սպասուհին արդէն մեկնած էր որովհետեւ կիրակի օրերը միայն երկու ժամով կը յայտնուէր առաւօտուն։ Ի՛նչ պիտի ընէ, ո՛ւր պիտի դնէ նայող, զննող, այս տրտում զոյգ մը աչքերը... Հրանտ գրկեց զայն, բերաւ ճաշասրահը եւ զետեղեց բազկաթոռին մէջ։ Աչքերը հետզհետէ աւելի կասկածով եւ անվստահութեամբ լեցուեցան։ Իրեն ուղղուած հարցումներէն ոչ մէկուն պատասխանեց, ո՛չ անունը, ո՛չ տարիքը, ո՛չ ալ ինչ բան սիրելը յայտնեց։ Հրանտ սկսաւ փաղաքշել. - բս ի՜նչ դեզձան մազեր, աս ի՜նչ աղուոր շրջազգեստ, մանր նոր կոշիկներ...

Ան բացարձակ անտարբերութիւն հակադրեց։ Իր  քթի՛ն կը խնդային... Հետզհետէ կը լեցուէր, հետզհետէ կ՚ուռենար ու պատկերազարդ գիրք մը եւ չոր կարկանդակներ աւելի բախտ չունեցան։ Քանի մը րոպէ վերջ երբ Հրանտ քովի սենեակէն վերադարձաւ, Մոնիք բոլորովին ուռեցած էր, ջուրը ամբարտակին մինչեւ պռկունքը հասած՝ կը յորդէր։

-Մայրիկիս քով կ՚ուզեմ երթա՛լ... Տեղատարափ արցունք։ Լաց ու կոծ։ Հրանտ շուարեցաւ։ Անկարելի էր մխիթարել եւ չքացնել սարսափելի անձկութիւնը որ իր մանրիկ սիրտը կը խածնէր։

-Աստըծու սիրոյն։ Տիկի՛ն, եկէ՛ք րոպէ մը, խնդրեց Հրանտ իր դրացուհիին որ միեւնոյն յարկը կը բնակէր եւ ֆրանսացի պաշտօնեայի մը հետ ամուսնացած՝ սրտոտ ռումանուհի մըն էր։

Կնոջ գրկին մէջ ու փայփայանքներուն տակ, յաւելեալ շաքարի ու շոքոլայի տեսակներուն օգնութեամբ, դանդաղօրէն, հեծկլտանքի հարուածներով, անձկութեան ագցանին բերանը տակաւ բացուեցաւ։

-Չէի գիտեր որ այսպէս աղուոր աղջիկ մը ունիք...

-Հապա՛, պատասխանեց հեքնանքով եւ ափսոսանքով միանգամայն։ Մայրը արկած մը ունեցեր է, իսկ հայրը գործի բերումով, շատ աւելի յաճախ հարաւը կը գտնուի քան թէ Փարիզ։

-Այստեղ չէ՞ր կրնար գործ մը ճարել իրեններէն չէր բաժնուեր...

- ... Հոն քիչ մը աւելի կը շահի։ Կիներուն դրա՛մ պէտք է, դրա՛մ...

Դրացուհիին մեկնելէն վերջ, նուազ անընտել դարձաւ։ Գլխի նշանով մը պատասխանեց որ կը յիշէ զայն։ Կառքով պտոյտ մը ընելու յայտնութիւնը որոշապէս շլացուց զինք։

-Կառքո՞վ... ապահովի կապեց։

Սանդուխներէն իջնելու ատեն արդէն սկսաւ լեզու թափել։ Ինչ որ «մամիի» «պապիի» խնդիր կար, կ՚երթար կուգար, պիտի երթար, պիտի գար։ Ասոնց կ՚աւելնար նաեւ հիմա մայրիկին ալ երթալ գալու խնդիրը, հայրիկինէն զատ։ Կառքին առջեւ յայտարարեց.

-Այս առաւօտ գլուխս կը ցաւէր քաշէ մը առի... Քիչ մը ջուրով... իսկ շոքոլան որ կ՚երայ բոլորովին անցաւ...

-Քիչ մը ջուրո՞վ։

-Այո՛, քիչ մը ջուրով, կրկնեց, որոշ կշտամբանքով՝ պատասխանին մէջ որ Հրանտ այնքան բան չէր գիտեր։ Ճամբու ընթացքին անընդհատ տեղեկութիւններ տուաւ։ Ինք ֆրանսացի է։ Մայրիկն ալ, հայրի՛կն ալ։ Հայերէն գիտէ մինչեւ սէնք համրել մէկ, եղկու... Գիտէ պնակներ սրբել։ Երբէք չի կոտրեր. բա՛ն մը չի կոտրեր։ Ինք արդէն մեծ աղջիկ մըն է։

Հրանտ ճամբան կը խորհէր որ, տարիներու երկայնքին, իր ծանօթները, իր իսկ աչքին տակ փոխուեցան, այլայլեցան։ Ամբողջ մարդկային խումբեր ինկած ժամանակաշրջանի վատասիրումի մեծ հոսանքներուն մէջ։ Մամոնայ, աղիք, կին, զետեղած էին հին ու մթրած երրորդութիւն մը... Մարդիկ անճանաչելի կը դառնային։ Ատենը հեղ մը հարկ էր լայնացնել ներողամտութեան հարդուրժողութեան ներքին կարելիութիւնները, խուսափելու համար վերջնական խզումներէ։ Ներողամտութիւն, հանդուրժողութիւն որ, աստիճանաբար, մեղսակցութեան երանգ կը ստանային։ Մարդիկ կը թաւալէին ժամանակաշրջանի պղտոր, մեծ հոսանքներուն մէջ։

Շահամոլութիւնը, եսապաշտութիւնը, նոր հարուստի սնոպիզմը, անհամար երանգներով, սանձահարող աւանդութեանց ոտնահարումը, անասնական ախորժակները՝ անդարմանելի աւերներ կը գործէին, կը դարձնէին մարդութիւնը մեծղի զանգուած մը որ կը թաւալէր մութ միջոցի մը մէջ ուր ոչ մէկ ճառագայթ կը թափանցէր։ Հաւաքականութիւնները կը նմանէին սուտի, գողութեան եւ շնութեան ամանի մը մէջ խռնուած խեցգետիններու ուր ամէն ինչ ոտք գլուխ, աչք, ականչ իրար խառնուած էին. անքակտելի, մռայլ շփոթութեան մը մէջ...

Վարդանեանները անոնցմէ էին որ կը դիմանային հոսանքին։ Իրենց ընդդիմութիւնը անզիջող էր։ Յարաճուն էր։ Քանի ժամանակը կը վատթարանար այնքա՛ն կը սրուէր իրենց հակադրութիւնը։ Շուշիի հեռաւոր բարձունքներէն կապոյտ աւանդութեանց  նոր հանքեր կը բուսէին իրենց մէջ, մոլեռանդ աւանդութիւններ՝ յամառ, անընկճելի։ Անկարելի էր անոնց չարհամարհել ոսկեայ հորթը։ Իրենց ակնարկը մնացած էր կուսական՝ արուեստի խանդավառութեան մէջ, եւ մանկական՝ կեանքի մէն մի դիմաւորումին ու դիմագրաւումին։

Անոնք պահած էին ամէնէն հազուագիւտ ամէնէն թանկագին հոգեվիճակը՝ մանկականութիւնը որ կը ծորէր հոգիի վերին հասունութենէն։ Միակ հողը որուն վրայ կրային քալել, առանց որուն կը դադրէին գոյութիւն ունենալէ, ճշմարիտն էր։ Եթէ ոչ ամէն օր եւ ամէն րոպէ, գոնէ որպէս մշտական եւ անլեղլի հեռանկար։ Անկախ էին նիւթապէս։ Հայկ, ճարտարապետ, չափաւոր նիւթական կեանք որ կ՚ապահովէր որուն սահմաններէն անդին չէին անցներ երբեք իրենց տենչերը։

Զով էր եւ օդասուն իրենց ընկերակցութիւնը։ Երբեմն որոտագին, կ՚անցնէր նաեւ սրբազան ընդվզումներու փոթորիկ մը։ Այս մարդիկը պիտի մեռնէին. բայց իրենց հոգին անվթար պիտի պահէր կեանքը առանց սրբութեան ապրելու մեծ ժխտումը։

Մազ մնաց պիտի անցնէր Փորթ տը Սէն Քլուի կայարանէն։ Հասան տուն։ Ահագին բազմութիւն, անսպասելի։

Արփի՛՜կը... Արփիկը, ոսկեվառ իր մազերով, շողարձակ որ, սենեակէն, միջանցքի երկարութեան վրայէն այս անգամ, երկարեց եւ պահեց ժպտագին իր ակնարկը... Հրանտ դպրոցականի մը նման՝ դարձաւ երկչոտ, եւ սիրտը սկսաւ տրոփել։ Հոն էին նաեւ Տէր եւ Տիկին Փափազեանները, դեռատի մեր երկու դերասանուհիները, Տիկին Վարդանեանին պաշտպանեալները, հայ բեմին տակաւ բարձրացող աստղերը՝ Աճէմեան եւ Նազլեան, երկու տաղանդ՝ հակոտեայ բեւեռներու վրայ, հաւանաբար նաեւ ներհակ նկարագիրներով։ Ուրիշ երկու մանկամարդ աղջիկ։ Աւելի տարիքոտ, խարտեաշ, ճերմակ երեսնին՝ դեղին բիծերով, աւելի շատ լեցունկեկ բայց բարեձեւ օրիորդ մը։ Ծանօթացման արարողութիւն։

Ստենդորեան ձայնը Տիկին Վարդանեանին՝ շարժուն, տենդագին, արծաթածամ, երջանիկ... Հայկը, նմանապէս, գեղեցկացած եւ կարի վայելուչ։ Իրանին՝ կապոյտ բուրդէ բաճկոնակ մը, ասեղնաբանուած հայերէն մեծ սկզբնատառերով՝ իր հպարտութիւնը։ Առաջին երկուքը Արփիկին փոքր քոյրերն էին, Միժեւէն երկու օր առաջ Փարիզ հասած։ Երբեք չէին նմաներ իրենց մեծ քրոջը։ Իսկ իրարու՝ շատ կը նմանէին։ Ունէին միեւնոյն առատ մազերը, հազուագիւտ երանգով մը, կղմինտրագոյն շերտերով՝ մուգ շագանակագոյն զանգուածին մէջ որ շուարած չէր գիտեր թէ բացէ ի բաց Խարտեաշ պիտի դառնար թէ թխահեր։ Միջնեկը՝ Ալիս, սակաւախօս, լուրջ տրտում ժպիտ մը՝ մեծ կապոյտ աչքերուն։ Ամէնէն փոքրը՝ Զարուհի։ հասակով ալ ամէնէն փոքրն էր։ Տժգոյն եւ դիւրաբեկ։ Սպիտակ վարդ մը, առանց հոտի, ջուրէ  զրկուած... Ամէն մէկ մասը կը շարժէր կը պարէր, դէմքին մկանները, շրթները բարակ եւ ոլորագիծ, արդէն կիսովին  յոգնած։ Կը խաղային նաեւ աչքերը, իրանը, թեւերը, մէջքը։

Երրորդը՝ Օրիորդ Կէօլիւքիէֆ, ֆրանսերէն կը խօսէր, հայերէն չգիտնալուն եւ կ՚աշխատէր  ֆրանսական վարչատան մը մէջ։  Հմուտ՝ եգիպտական գիտութեան մէջ։ Կը սիրէր պարել, նաեւ ընդհանրապէս  աշխարհիկ կեանքը։ Հայկին նշանածն էր։ Կը խորհէին շուտով կայացնել իրենց ամուսնութիւնը։ Հայկ, ըստ բաւականին «աճապարուած» էր... Օր. Կէօլճիւ քիէֆ փարաւոններու բարքերէն կը խօսէր։ Անմեղ ժպիտով մը, մեղմ ձայնով, կը հաւաստէր որ ամէն փարաւոն իր աղջկան հետ կ՚ամուսնանար։ Էնսէսթի այս փշոտ կալուածին մէջ կը քալէր ժըպտագին, հանդարտ եւ վարժ։ Կը պատկանէր հայ պատուական ընտանիքի մը։ Հայրը, ժամանակին նուիրուած կուսակցական, զոհուած էր։ Մեծ քոյրը, ամուսնացած։

-Սիրքասիէն եմ, կը պատասխաներ ֆրանսերէն, երբ ազգութիւնը հարցնէին։

Օր. Կէօլճիւլիէֆ կը յայտնէր իր ունկնդիրներուն, որ Քրիստոսէ տասնեակ դարեր առաջ, փարաւոններու աղջիկիները, ազնուական եւ կղերական դասի մատաղատի աղջիկները, ամուսնանալէ առաջ, կը զրկուէին տաճարները՝ պոռնկանալու...

-Այո՛, այո՛, կը հաստատէր ժպտագին եւ մեղմ ձայնով, ապշած իր ունկնդիրներուն։

Ալիս եւ Զարուհի կափ կարմիր կտրած էին եւ չէին գիտեր ուր հաստատել իրենց ակնարկները...

Տիկին Վարդանեան. վճռական, փոխեց խօսակցութեան նիւթը։ Նազարեանի ականջին՝

-Ախր չի կարելի... սրանք շատ քնքուշն են... շատ կուսական. ակնարկելով Դափլանեան քոյրերուն որոնք կատարեալ խորհրդանիշներ դարձած էին ամօթխածութեան։

Տիկին Փափազեան կրակ կտրած էր։ Վերջապէս գտաւ առիթը պահ մը առանձնանալու Հրանտին հետ պատուհանին մօտ, եւ թուրքերէն, մեծ լուեր հաղորդեց։

-Խնդրեմ, Տիկին Փափազեան, շատ գէշ կը հասկնամ, հայերէ՛ն ըսէք։ Մարդ չի լսեր մեզ այս ժըխորին մէջ։

Հրանտ հասկցաւ որ Մարսիլիայէն եկած երիտասարդը շատ տխուր վիճակի մէջ է, կ՚արտասուէ, որովհետեւ երեք քոյրերը ետ են տուեր իր բերած նըւէրները եւ բացորոշօրէն յայտներ թէ հարկ է լքել այդ ծրագիրը վերջնականապէս։ Տղան սակայն կը պայքարի, կը յուսայ...

-Ճաշի՛, ճաշի՛, բոլորը սեղանին շուրջ, տիրապետեց  դարձեալ Տիկին Վարդանեանին ձայնը։

-Հրանտ, դուք այստե՛ղ, ինձ մօտ։ Արփի՛կ, դուք այստե՛ղ...

Վերջին «այստեղ»ը Հրանտին քովի աթոռն էր...

Մոնիքը նստեցուցին Օր. Աճէմեանին քովը։

Ամէն մարդ իր կարգին զբաղուեցաւ անոր հետ։ Ամէն տեղէ փայփայանք կը շռայլուէր որմէ մնացած էր ան քիչ մը շշմած։

Ոմանք, ցած ձայնով, տպաւորութիւններ կը փոխանակէին անոր հօրը կամ մօրը մասին։ Էտիթ նախկին վանտէպ մը, չէր կրնար հասկնալ որ իր ամուսինը շատ շահեր, շա՛տ, շա՛տ, ինչպէս այնքան ուրիշներ կը շահէին։ Մատէնճեան  Փարիզ գտնուած շրջանին, ամէն ինչ որ կրնար՝ ըրած էր, իր պիւտճէն քիչ մը աւելցնելու համար։ Քարտուղար, վիպագիր, գանձիչ, արձակագիր, սըրբագրիչ, սափրիչ։

Բազմաթիւ անգամներ, վերջնականապէս որոշած էր քանդել այդ կապը որ իրեն համար, բոլոր կալուածներուն մէջ, խորտակում էր, - նիւթական, մտային, մտային, գրական, առողջական... Եւ սակայն, ամէն անգամին ալ տեղի տուած էր... Դրա՛մ, դրա՛մ... Շատեր կը խորհէին որ կրքի կապ մըն է.

-Ես չեմ կարծեր, կտրուե՝ յայտնեց Նազարեան։ Կան մարդիկ, որ շատ դիւրութեամբ կրնան առանձին ապրիլ։ Կան ուրիշներ ալ, որոնց համար առանց տան կեանքի՝ կեանքը երկարատեւ անձնասպանութիւն մըն է։ Տան կեանքի այդ բարդ բնազդը շատ բռնակալ ուժ մըն է։ Զարմանալի չէ որ ան կը տանի ենթական մինչեւ վարկաբեկիչ, խորտակող կացութեանց թնճուկին։

Մոնիք, մերթ ընդ մերթ, մայրը կը պահանջէր։ Հանդարտեցնելու համար՝ քիչ յետոյ հոս պիտի գայ կը յայտնէր մէկն ու միւսը։

-Ժամանակին, մեզանում, շարունակեց Տիկին Վարդանեան, մանաւանդ աղջկերքը ունէ՛ին էդ բնազդը։ Այժմս, մանաւանդ մօտէրն աղջիկներն են որ կորցրել են։ Ինչ որ ազատութիւնների մասին են խօսում... յուսահատական է...

Հրանտ յիշեց յանկարծ այն մանրավէպը որ, քանի մը օր առաջ, Հայկ կը պատմէր, ժողովի սկիզբը, իր լսած վաւերական խօսակցութիւնը որ տեղի ունեցած էր բարձրաձայն, առանց նեղուելու, փլօնժօզին առիթով։ Յիշեց նաեւ քիչ առաջուայ Օր. Կէօլճիւքիէֆին հանդարտօրէն տուած ծանօթութիւնները եգիպտական էննէսթի մասին։

-Սրանք ազատ մարդիկ են, մրմնջեց հեգնանքով Տիկին Վարդանեան, էմանսիբէ... Մենքէ որ մնացել ենք տգէտի եւ ծթռած...

Վերին աստիճանի ախորժաբեր սեղան։ Կովկկասեան եւ փարիզեան ճաշակներու տեսակ մը համադրութիւն։ Մեծ պնակի մը մէջ լեցուած էր ամէն տեսակ համոյթ եւ խոտեղէն՝ թարխուն, սոխ, ստեպղին, սամիթ, ազատքեղ, վարունգ որ տեղի տուին լեզուաբանական թունդ վիճաբանութեան մը։

Հրանտ չկրցաւ զսպել իր հիացումը։

-Մամա՛, մամա՛, լսո՞ւմ ես, «խոտեղէն» է ասում... Ա՛յ մարդ, կանանչի չասե՞ս, պոռաց Հայկ որ, մէկին միւսին երթալով, հաց կը բաժնէր ու, խառնիխուռն, սպասարկութիւնը կ՚ամբողջացնէր։

Առաջին նեղող լռութիւնը խզելով.

-Գիտէք, ըսաւ Հրանտ, ձեր ձեռնոցները իմ քովս են, եւ ես մոռցայ հետս բերել։

-Գիտէի՞ք որ ես հոս պիտի ըլլայի... Ձեռնոց կորսնցնելը մասնագիտութիւնս է, պատասխանեց Արփիկ, երկվայրկեան մը աչքերը անոր բարձրացուցած։

Հրանտ, երկչոտաբար, հակառակ իր անսահման փափաքին չէր յաջողեր կուշտ մը դիտել զանոնք։ Բայց յանկարծ Արփիկին դէմքը լրջացաւ։ Տարօրինակ եղանակով մը, աստիճանաբար, լռութիւն մը հաստատուեցաւ որմէ շատեր զարմացան եւ մնացին սպասուն։ Այն ժամանակ, միջնեկը՝ Ալիս՝ նշան ըրաւ աչքով փոքրիկին՝ Զարուհիին։ Հրանտ որ թարխունի տերեւ մը կը ծամէր, դադրեցաւ ծամելէ եւ ձեռքի ցօղը պնակին մէջ դրաւ։ Երեք քոյրերը գլուխնին վար հակեցին։ Զարուհին մեղմ ձայնով սկսաւ։

-Հայր մեր որ յերկինս ես...

Արտակարգ եղաւ կոչնականներուն կրած տպաւորութիւնը։ Ձայնէն եւ արտասանութեան շեշտէն կրօնական սրբութեան ճերմակ պաստառ մը տարածուեցաւ, եւ պատեց ամէն ինչ։ Հոգեկան ջինջ կեանքի մը կարօտն ու սարսուռը անցաւ։ Ամէն ոք ինքզինքը նուաստ զգաց։

Աս ի՜նչ էինք դարձեր։ Երկակենցաղ, խառնակենցաղ արարածներ։ Անշշուկ, անզգայաբա՜ր, անզգայաբա՜ր կատարուեր էր ներքին ճերմակ ջարդ։ Անզգայաբար ինկեր էին մեր ներքին բերդերը։ Կորսնցուցէր էր մեր հոգիին մանեակը իր ցեղային մարգարիտները եւ տեղը շարեր, անհակակշիռ շլացումով, Արեւմուտքի սուտ քարերը։ Աս ի՜նչ էինք դարձեր... Եւ ահա, գաւառի մէկ անկիւնը, անարատ մնացած երեք աղջնեկ ժառանգած ու մոլեռանդօրէն պահած իրենց պապենական ադամանդեայ աւանդութիւնները, ըսես դեռ նոր հասեր էին Քէսիրիկէն կամ Հիւսէյնիկէն՝ Փարիզ։ Կը բաւէր նետել իրենց վրայ հագուստը որպէսզի ծռէին անոնք ու Մալաթիայի իրենց պապերու տունէն անցնող պաղ առուին մէջ դնէին՝ խոշոր սիթիլները թանապուրներուն։

Եւ անոնք էին որ այսպէս, խորհրդաւորօրէն, իրենց վտիտ ուսերուն առած հայրենական լաստերը, կը բերէին ձգելու մեր ոտքերուն, այս հեռաւոր եւ մահահոտ ճահիճներուն վրայ։ Մեր արմատախիլ, ալետատան, այլասերած անիծապարտի ոտքերուն...

Դալկադեղ աղջկան բերնէն տերունական աղօթքին վերջին բառերը արտաբերուեցան, - Զի քոյ են արքայութիւն, եւ փառք...

Տակաւ, մէկն ու միւսը սկսաւ երկչոտօրէն կզակ արժել։ Շատերուն տպաւորութիւնն էր որ ամփոփեց Հայկ երբ յայտարարեց բարձրաձայն։

-Ատա՛, կատարեալ վայրենի, Ամերիկացի ենք դառել, է՛... Եահուտամասոնական փտութիւնը մեզ էլ է վարակել...

Հայկ մէկ աղբիւր կը տեսնէր չարիքի, Չարի՝ եահուտամասոնականութիւնը...

Հրանտ, որ ամբողջ կեանքը տառապած էր բացարձակի չարչրկող կարօտէն, զգաց որ իր դրացնուհիին նման է՛ակ մը կրնայ ամոքել այդ վէրքը։ Ինչքա՛ն անսպասելի՝ այդպիսի կարելիութիւն մը։ Հընարաւոր չէ որ ինք օր մը տիրանայ անոր... Ու յանկարծ, նուագային անտառը սկսաւ շարժիլ, զգացումներու եդեմական զեփիւռներէն, երբ ջութակին սլացիկ բարդին, անգամ մը եւս, գերագոյն քաղցրութեանց մրմունջներ կը գտնէր եւ կ՚աւետէր զանոնք հանուր աշխարհին... Երբ մասնակի խօսակցութեանց  ժխորը տիրեց, քնքուշ շարժումով, երբ առանց հարցնելու, Արփիկ ձիթապտուղի քանի մը հատիկ դրաւ իր պնակին մէջ, ժպտագին ակնարկի մը ընկերացուցած, դաստակը քսուեցաւ իր ձեռքին։ Եւ վերադարձան. անգամ մը եւս, առաջին նօթերը, առաջին խրոխտ աքոռները այն համանուագին, իր բացարձակի կարօտին, որ, ինչպէս քոնսէրթռի մը առաջին վճռական յարձակումը կը սարսէ սիրտը իր հիմքէն ինչպէս առաւօտուայ  անյեղլի արեւը կուտայ ստուգութիւնը արեւոտ ամբողջ օրուան...

Անկարելի եղաւ պարտկել խռովքդ։ Դարձաւ եւ փորձեց բաժնել զայն Հայկին հետ օր տառացիօրէն գլուխը կորսնցուցած էր.

-Ախր ի՞նչ բացարձա ակ է՜, ըրաւ նեղուած, բացարձակս որն է....

Քօղարկելու համար զայն, քանի մը րոպէ վերջ, Հրանտ յայտնեց Արփիկին թէ ինք շատ ապիկար սեղանակից մըն է։ Բայց, իրականին մէջ, աւելի շուտ երկչո՛տ է, եւ թերեւս էկոիսթ...

-Ամէն մարդ ալ էկոիսթ չէ՞, յարեց Արփիկ քիչ մը խորհելէ վերջ։ Այս սեղանին վրայ՝ ինչքան բոյս եւ կենդանի՝ մեր  զոհերը որով պիտի սնանինք, շարունակեց։

-Անխուսափելի եսապաշտութիւնն է ատիկա, զանազան անուններով՝ սրբազան, կենսաբանական, բնախօսական... Սակայն, ան ընդհանուրը չի խանգարեր, եթէ... Դիտա՛ծ էք թէ ինչպէ՛ս, իրենց ամբողջագահ էութեամբը, ոկրամոլ մանուկները կ՚ուտեն։ Կը բաւէ սակայն որ նոյն այդ րոպէին, իրենց ամէնէն սոված պահուն, իրենց ամէնէն էկոիսթ րոպէին, մայրիկը ուզէ իրենց ձեռքի կարկանդակը, որպէսզի ինք ուտէ։ Եսամոլ մանուկը, մէկ երկվայրկեանի մէջ, կը դառնայ  ուրի՛շ բան մը, եւ անմիջապէ՛ս կը համաձայնի երկարել զայն իր մօրը...

Կը մնայ որ պարզապէս մեծերն ալ այդպէս ընեն։

Եւ ահա երկու անխուսափելի բեւեռները՝ եսամոլութիւն եւ այլասիրութիւն՝ հրաշալիօրէն կը հաշտուին իրարու հետ։

-... Բայց երբ Չարը կու գայ, կը զարնէ քեզի...

-Դարձեալ, լաւագոյնը... (Փոքր լռութենէ մը վերջ) Քիչ առաջ, ձեր փոքր քոյրը կ՚արտասանէր... «Հայր մեր որ յերկինս ես... եղիցի կամք քո... »

-Բայց երբ սիրտդ կը պատռեն... Երբ հայրս մեռաւ... Երբ...

Նազարեան որ ժպտագին կը նայէր Արփիկին, դադրեցաւ ժպտելէ։ Արփիկ պատասխան չլսելով, դարձեալ բարձրացուց աչքերը, եւ տրտում, նայեցաւ անոր։ Հրանտ լռութենէ մը վերջ՝

-Այն ժամանա՛կ, այն ժամանաւա՛կ...

Telle une fleur guon coupe et gui douce a souffrir

Ne sait rien gu exhaler ses parfums et mourir

Գոնէ այս ըլլալու է մեր աչքերուն առջեւ, հեռանկարը։

Արփիկ մըտիկ կ՚ընէր շիկնած եւ մոլեռանդ լըրջութեամբ։

Տրտմութեան տարօրինակ երանգ մը գունաւորեց պահը։ Ինչքա՜ն դիւրաբեկ է սիրտը, ինչքա՛ն քիչ բան պէտք է որ ան խայտայ կամ մռայլի։ Այնքան քիչ բան որ կեանքին թնճուկին բաղդատմամբ, մարդուն ճակատագիրը կը դառնայ ողբերգական... Քանի մը ձիթապտուղ, ձեռքի ակամայ  հըպում մը... Հոտ նաեւ ՝ եղերերգութիւնն ու կախարդանքն ալ անոր...

Եւ ջութակը տարածելէ վերջ, ի լուր համայն նուագախումբին, անբեկանելի շեշտով դաշտը մէկ երկու ճշմարտութեան, հոն կը բանայ ծաղիկներ գոյներու կոչունք, կը հնչեցնէ սոխակի երգ։ Կուտայ հրաւէրը մոգական խնճոյքի մը, հետզհետէ աւելի մեղմ, աւելի քնքուշ, մուշկապատիկներու նազանքով։ Եւ նուագախումբի  աշխարհին մէն մի բնակիչը, հետզհետէ կախարդուած, կը գտնէ վերին թովչութիւնը իր բարբառին։ Թռչուններու երամ որ կը  թեւածէ երփներանգ դաշտին վրայ, մեներգին արեւոտ հեւքին մէջ...

Խօսակցութեան նիւթը կեդրոնացեր է նախանձ բնաւորութեանց  վրայ։ Մասնակիները տակաւ կը դադրէին մին, - անտարբեր տղայ մը կամ աղջիկ մը նախանձ չէ։ Օր. Մարինա Կէօլճիւքիէֆ նախանձը կը նկատէր վայրենութեան նշան։

-Դա ի՛նչ եահուտամասոնական Թէորիաներ են, պոռաց Հայկ ֆրանսերէն, իր հարսնցուին ուղղըւած որ, ժպտերես, մազի չափ չխռովուեցաւ։ Ապա, Նազարեանին ուղղուած։

-Ի՞նչ ասացիր, Հրա՛նդ... Տիկին Վարդանեան յայտնեց որ իրեն լաւ ծանօթ է անոր տեսակէտը։

Նախանձ նկարագիրը, ա լա Ալֆրէտ տը Միւսէ, նուաստացնող է։ Ա լա Օթելլօ՝ սպաննող է։

Երբ նախանձին ետեւ կը սպասէ միշտ դարանակալ, կասկածամտութիւնը, այդ ըսել է կեանքը տեսնել տեւականապէս գորշ գոյնով միայն, մարդու ամէն մէկ արարքին ետեւ տեսնել միայն վատ զսպանակ մը։ Ատիկա պղտոր ակ մըն է որմէ ժայթքող ակնարկները միայն սեւն ու գորշը կրնան տեսնել։ Ատիկա չհաւատալ է կեանքին, չհաւատալ է մարդուն։ Եւ երբ այդ ակնարկները կ՚իյնան քու սիրածիդ կեանքին. արարաքներուն, շարժումներուն բառերուն վրայ, անոր ջինջ մէն մի րոպէին վրայ, հակառակ բոլոր ակնյայտ եւ ակնբախ ճշմարտութեան, անոնց բոլորին ետեւ մշիտ ենթադրելով թագուն ապականած պատրուակ մը, անհնարին է աւելի բարբարոս խաչելութեան մը ենթարկել էակ մը։ Այդ ակնարկը ունեցողները մեծ մասամբ հիւանդներ են...

-Ի՛նչ վերաբերում է ինձ, ես սիրում եմ խանդոտ նկարագիրը։

-Տարակոյս չկայ որ ամէն բանի գոնէ՛ երկու տեսակը կայ՝ մէկը ազատագրող, միւսը՝ գերեվարող։ Նախանձն ալ այդպէս է, աւելցուց Հրանտ։ Բայց ի՞նչ կ՚ըսէք նախանձի սա օտարոտի ձեւին։ Ես մէկ անգամ, քանի մը շաբաթ, նախանձի սարսափելի նոպայէ մը տառապեցայ, առանց պատճառի, այսինքն առանց առարկայի...

-Ինչպէ՛ս թէ առանց առարկայի... Ասա տեսնենք, խարտեա՛շ էր թէ՛ թխահեր...

-Կ՚երդնում որ ոչ մէկ աղջիկ կը սիրէի   այդ շրջանին։

-Մամա՛, մամա՛, «այդ շրջանին»...  Jaime bien ca,,, հա՛ հա՛ հա՛...

-Տէ թո՛ղ որ խօսի, է՜ ...

Երեւակայական աղջիկ մը, բոլորովին երեւակայական աղջիկ մը, թերեւս, որ վայելչագեղ էր, պըչրասէր, վանտէօցի նման քիչ մը, Օփէրայի կողմերը... Այդ երեւակայական աղջկան վրայ իմ «զէնքերս» չէին բաներ, եւ Փլաս Վանտոմի կողմերը, փայլուն կառքով շրջող տղոց կը ժպտէր ան, եւ ես... սարսափելիօրէն կը տառապէի...

Տեղի ունեցաւ աղմուկ եւ խնդուք։

-Վերջին հաշուով՝ է՞ք թէ չէ՛ք, հարցուց ցած ձայնով Արփիկ եւ կարմրեցաւ։

-Սիրած աղջկանս մէ՛կ մազը չեմ թողուր որ ուրիշին անցնի. Ի՛սկ դուք...

-Ե՛ս... ե՛ս, ես նախանձ չեմ...

Հրանտ մտածեց իւրովին. «Վա՜յ աս աղջան էդ մրցակիցին... »

Սալոնի խաղեր տեղի ունեցան որոնք, անհաւատալի զուգադիպութեամբ, անընդհատ, Հրանտն ու Արփիկը իրար կը միացնէին, բռնադրելով մտերմութիւններ...

Տեղի ունեցան նաեւ մեներգ, խմբերգ։ Հայկ ցիկանսքի ռոմանսներ արտաբերեց, ռուսերէն, աւելի շուտ՝ հազաց, ըսենք՝ փռընգտաց... Արփիկ, կարմրած, երկար ատեն մերժեց երգել, ոչ թէ չուզելուն, այլ իսկապէս կաշկանդուած  ըլլալուն համար։ Ձեռքը կը դողար։ Սպիտակ վարդը՝ Զարուհի օգնութեան հասաւ։ Աչքով ունքով նշաններ արձակեց։ Այս երեք քոյրերը, կատարելագործուած եղանակով, երկար խօսակցութիւններ  կրնային ունենալ իրարու հետ, ճշգրտօրէն, առանց բառ մը արտասանելու միայն աչքով ունքով։ Արփիկ երկբայեցաւ։ Ալիս դիւրացուց։ Լա՛ւ, քոյրը պիտի երգէ, եթէ թոյլ տան որ ֆրանսերէն երգ մը ըլլայ ան։

-Ոչ եւ ո՛չ... գոռաց Հայկ։

Աղմուկ եւ բողոք ուղղուած Հայկին դէմ որուն դիտել տրուեցաւ որ, քիչ առաջ, ինք ալ ռուսերէն երգած է... Դեռ բաւական ատեն Արփիկ սպասցուց. բայց բոլորը կը կարեկցէին իր վրայ, ի տես իր չարչարանքին։ Վերջապէս սկսաւ.

Ja ne sais pourguoi jallais danser

A St Jean au musette...

Կարելի չէր աւելի գէշ երգել։ Ձայնը յանկարծ մէկ թոնէն կ՚իյնար ուրիշ անախորժ թոնի մը վրայ։ Երկչոտութենէն զատ, երգին իրապաշտ եւ շեշտակի բառերը կը ջարդոտէին իր արտայայտութեան  միջոցները։ Դէմքը արտասուելու աստիճան կարկամեցաւ։

-Արփի՛կ, ըսաւ Հրանտ յուզուած ոչինչ պիտի կարողանար ինծի աւելի մեծ ուրախութիւն պատճառել քան այս անակնկալը... Չէ՞ք նեղանար որ, այսպէ՜ս, ձեր անունը տուի...

Արփիկ, տրտում բայդ ժպտագին՝ աչքերը ձգեց անոր դէմքին։

-Ճակատագրի կը հաւատա՞ք, հարցուց անսպասելիօրէն Արփիկ, երկար լռութենէ մը վերջ։ Ես՝ այո՛... Դուք... ինչպէս կ՚ըսեն... enclusif է-է-ք...

-Կը բաւէ որ ամէնէն հոյակապ վարդին մէ՜կ  թերթը ճմռթկուի որպէսզի ամբողջ վարդը, ինծի համար, զրկուի էր գրաւչութենէն։ Ես միշտ տառապած եմ բացարձակի կարօտէն...

Տիրեց ընդհանուր խռովիչ մթնոլորտ։ Ամէն ոք զգաց տարօրինակ, ոչ սովորական բաներ, ինչպէս անկիւնադարձի մը, բախտորոշ ընտրանքի մը կարեւորութիւնը։ Ամէն ոք քառուղիի մը մէջտեղն էր։

Դարաշրջանէն ու մարդէն բխող թունալից մառախուղը կը քաշուէր, եւ ներկաները կ՚ընդնշմարէին ազնիւ կեանքի մը կարելիութիւնը։ Գափլանեան քոյրերուն վճիտ ներկայութիւնը հորիզոնին վրայ կապոյտ ու ոսկի շղարշներ կը շարժէր։ Աճէմեան դերասանուհին ուժգնօրէն վերահաստատեց իր տեսակէտը՝ - ամուսնանալ տղու մը հետ. մի՜այն սիրելուն համար։ Սկզբունքը   հետեւելու հաճոյքներու հոսանքին՝ նուա՛զ ապահով, եւ վտանգալիր թուեցաւ սեւ աչքերով Նագշեանին։

-Ի՞նչ պէտք է ընել, հապա, Տիկի՛ն Վարդանեան, երբ մարմինս կ՚ուզէ, երբ մարմինս պահանջ ունի տղուն... հարցուց անձկութեամբ Նագշեան։ Ես կը նախընտրեմ ազա՛տ զգալ...

-Տօ՛, խելագարուել են։ Գի՛ժ են սրանք, վրայ  բերաւ Տիկին Վարդանեան, խորապէս գայթակղած բայց բարեացակամ միանգամայն։ Դա էս երկրների մոտերն տղամարդկանց «յիմմարութիւններն» են որով խաբում են աղջկերանց... Ինչպէ՞ս թէ մարմինս կ՚ուզէ...

Նազարեան որ լսեց այս վերջին խօսակցութիւնը՝ մնաց ապշած։ Հրապարակները, հաճոյքի անհամար հաստատութեանց մէջ, ամէն տեղ կը թաւալէր մռայլ գետը կարգ մը տարբալուծող միտքերուն, ուր մանր ընդդիմութիւններէ վերջ, կեանքին կուսական ալիքները, սերունդ առ սերունդ, կ՚երթային պղտորիլ։ Ողբերգական անձկութիւն մը սեղմեց սիրտը։ Ինչքա՜ն առատ են ջուրերը, ինչքա՜ն խորն է ու լայն գետը ուր ոչինչ յստակ է։ Եւ սակայն, ինչքա՛ն յստակ է ամէն ինչ, ինչքա՛ն ակնյայտ է ամէն ինչ... Ա՜, եթէ կարենար նոյն թնդագին հրամանով լսելի ընել հնչիւնները ի՛ր գետին, կանչերը՝ այս րոպէին ի՛ր հոգիին մէջ ծաւալող համերգին, եթէ կարողանար անոր, ա՛, եթէ կարողանար...

-Մեզածում... կը շարունակէր Տիկ. Վարդանեան, ես չեմ իմանում... Մենք էլ ենք եղել ուսանողուհի, մենք էլ... Ինչպէ՜ս կարելի է «մարմինս»...

Տիկին Ադամեան առած էր յուզիչ դէմք եւ  եղերերգական ժպիտ՝ մնայուն կերպով։ Յառաջացած աշունին մէջ էր... Վարակուած նոյն տիրող տենդէն՝ կեանքը իր ամբողջութեանը մէջ պարագրաւելու։ Յանկարծ ուժեղ արեւ մը զարկած էր սրտին եւ  տեսած որ իր օրերուն աղբիւրն ալ հոսեր է  քարքարուտներու մէջ, «յումպէտս», ոչինչ եւ ո՛չ ոքի օգտակար... Յարդարուած ինքնայատուկ եղանակով մը որ կը յիշեցնէր եւ՛ Հալէուտի վամփ մը եւ՛ ազնուական այրի մը եւ՛ Մօնփարնասի պոհէմ արթիսթ մը։ Ոմանք կը տեսնէին նաեւ փորձ արկածախնդիր մը, մեծ չափի վրայ... Քող մը կը ծածկէր մնայունօրէն դէմքին կէսը։ Կարծես քիչ մը ամէն տեղ քողեր գոյութիւն ունէին։ Աչքերուն անկիւնները պարբերաբար կը ջրոտէին։ Դժուար էր հասկնալ թէ սո՞ւտ էին մազերը թէ իրաւ։ Եւ սակայն ինչ որ հրապոյր ալ կար։ Կը գործածէր բնական ուշիմութիւն մը որ կրնար զարգացումի տեղ բռնել եւ զինք նախընտրել տա հմուտէ մը։ Արթիսթիք կին էր... Ի՜նչ տարակոյս որ մեծ ու պղտոր գետին մէջ՝ վա՛րժ լուղորդ մը։ Եւ նոյնքան ապահովաբար ինքն ալ զոհ մը տարածուն յորձանքներուն, վասնզի, այս լա՛ւ քոյրը, այս ծնողասէր կինը, գերեզանցապէս տանտիկին էակը, այլապէս՝ վիճակուած էր նաեւ ըլլալու չքնաղ կեանքի ընկեր մը...

Կը խօսէր Արփիկին հետ։ Մարդ չէր գիտեր թէ ակնարկները, անոր վրայ ձգուած, տատրակի՝ մըն էին թէ բազէի մը... Ամէն պարագայի՝ կը խօսէր փորձառութիւն ունեցողի քաղցր գիտակցութեամբ։

-Ի՞նչ կը պակսի ձեր կեանքին, ամէն մարդ կը նախանձի ձեզ, կը թօթովէր Արփիկ։

-Ինծի, ինչպէս բոլորիս, ճշմարտութիւնը կը պակսի, վառուած կեանքի մը խորունկ շեշտովը եւ իր մոլամաղձոտ ժպիտովը։

Ինչպէս երբեմն աշնան այրող մէկ արեւը, անոր ջերմութեան տակ պատրանքը կ՚ունենար կարողութեանը՝ մեծ սէրի մը ձեռնարկին... Կը ժպտէր եղերերգականօրէն։

Երբ Աճէմեան Սայեաթ Նովա մը սկսաւ, յանկարծ, ինք որ զուսպ նկարագիր ունէր, սուր, խլացնող ձայն մը ձգեց եւ անսպասելիօրէն սկսաւ երգը շարունակել, երկու տողի երկայնքին... Ու, նոյնքան յեղակարծ դադրեցաւ ճչալէ՝ մեծ շփոթութեան մը մէջ... Աշո՜ւնը, իր մէկ տաք օրուան դաւաճա՜ն պատրանքը...

Երբ կը խորհէր տեսնուած չըլլալ, ակնարկները ակնթարթ մը իսկ չէր հեռացներ Նազարեանի դէմքէն։

Հրանտ անգամ մը եւս յիշեց փլոնժէօզին մանրավէպը. Օր. Կէօլճիւքիէֆին այնքան ախորժակով կատարած պրպտումները էնսէսթի կալուածին մէջ, Էտիթին արհամարհանքները, եւ այս օժտուած աղջիկներուն՝ Նագշեանին «մարմինը որ կ՚ուզէ» եւ՛ Աճէմեանին նոյնքան անհանգստացնող շուարումը... Բոլորն ալ էմանսիփէներ կամ էմանսիվասիոնի թեկնածուներ։

Սիրտը կծկուեցաւ։ Ի՜նչ կարելի է ընել եւ ի՛նչ պիտի ըլլայ... Որովհետեւ՝ ազա՜տ կ՚ուզեն ըլլալ Ինչպէ՜ս ցոյց տրուէր որ այդ ազատութիւնը իսկական գերութիւնն է, անկարողութիւնն է ձերբազատուելու մայթերու կանչէն։ Շղթայուած կամքն է որ չընդդիմանար մոլութեանց «ազատութեանը»։ Ինչպէ՜ս ցոյց տրուէր այդ շղթաները ուր իրենց ազատութիւնը հազիւ կը շարժակէր, ուր կը սկսէր վերջնական գերութիւնը, երբ որդեգրուած սկզբունքներու «շղթաներովը» կը բացուին անսահման ազատութեանց երկինքները... Ասոնք բոլորն ալ կ՚երթային դէպի սոսկալի աղքատացումները։ Ասոնք կը նետէին իրենց վրայէն բոլոր հագուստները։

Առաջի մակարդակին վրայ եկաւ շեփորը եւ սկսաւ հռչակել։

... Աւագ բնազդը էակին՝ պատկանիլ է։ Ինչքան շա՜տ պատկանի, ինչքան մե՛ծ պատկանի՝ այնքան ազատ կը դառնայ ան։ Երբէք աւելի ազատ չէ ան ինչքան երբ պատկանումի բազմապիսի շղթաներովն է կապկապուած»։ Կապկապուիլ՝ ժխտումի մեծ ուժն է բոլոր կարգի գերութեանց։ Նետել իր վրայէն ադամանդեայ «շղթաները՝» լքուի՛լ է, ինքնալքում է, դառնա՛լ է տընանկ... Աղքատութեանց ամէնէն ահեղը՛... Հեղը՛, հեղ՛ը, հեղ՛ը... Սկսան տակաւ ջութակներու խումբերը՝ երբ թաւջութակները, շեփորներուն միացած, մասամբ ամոքուած, տեղի կ՚ուտային...

-Ինչո՞ւ տրտմեցաք յանկարծ, հարցուց Արփիկ։

-Ոչի՛նչ... մարդիկ կը որբանան... Ալ չեն տեսներ հայրերը, Հայրը որոնց, որուն կը պատկանին իրենք...

Հրանտ, խորին յուզումով, ակնարկները տարաւ Արփիկէն Ալիսին։ Ալիսէն Զարուհիին, այս երեք վճիտ քոյրերուն որոնց տգիտութիւնը, նախապաշարումներն իսկ սիրելի եկան իրեն։

-Ինչքա՜ն լաւն էք դուք, մրմնջեց Արփիկին։ Այն օրը, պարտէզը, սալորենիին տակ, դուք լացիք, որովհետեւ յիշեցիք ձեր կորսնցուցած հայրը։ Հապա ի՜նչ արցունքով արտասուել անոնց վրայ որ կը որբանան բոլոր հայրերէն, բոլոր մայրութիւններէն...

Մարդիկ կ՚ուզեն ազատ ըլլալ... Կը սկսին ազատութիւնը՝ մայրական, հայրական, արիւնի կապերը ոտնակոխելով՝ դեռ պատանի։ Դեռ պատանի՝ կը ճմռթկեն պատկերը ծնողական՝ իրենց սրտին մէջ։ Հազիւ դասարանը՝ կ՚արհամարհեն ուսուցիչը։ Յետոյ՝ սէրը։ Յետոյ՝ աղջիկը։ Յետոյ՝ կինը։ Յետոյ՝ մայրը՛ իրենց զաւակներուն։ Յետո՜յ... Յետոյ՝ ժողովուրդը, հայրենիքը, Արուեստը, ծագող արեւը՛... Դժխեմ կալանաւորները «ազատութեան»։

... Ու անյո՜յս, մռա՜յլ սփլինը, ու, իրար զարնուող գաւաթները ապսէնթին - ուտիչ թթւոյն - անձնասպանութեան կարօտին, համազարկի մը պէս ճայթող «ազատներու» կալուածէն, վերջնական բերդալգելներէն... Ու մե՜ղմ, սրտակեղեք ողբը ջութակներու խումբերուն, ձայնակցած սրնգափողերու եղերերգին, որբացող մարդոց, որբութեան հրակէզ անապատին մէջ ամայացող հոգիներուն...

-Լսո՞ւմ էք, Հրանտ, աղաղակեց Տիկին Վարդանեան, ինձ համար, ազգութեան խնդիրը, ամենից առաջ, հոգեկան խնդիր է... Փաստարկութեան էլ կարօտ չի։ Եթէ մէկը ուրանայ իրա ազգութիւնը նա կ՚ուրանայ նաեւ իր հայրն ու մայրը։

Հայկ մասնագիտական բառերով, կը պարզէր խնդիրը՝ գիտնական անկիւնէն քննուած։ Ո եւ է ծառ իր լաւագոյն պտուղը պէտք էր տար, - սա բացայայտ ճշմարտութիւն էր։ Ո եւ է մարդ իր կեանքին լաւագոյն պտուղը կուտայ ի՛ր ազգութեան պատկանելով, իր ցեղի լեզուն խօսելով, իր պապերու Աստուածին հաւատալով։ Ուղեղային ծալքերու ներքնածոր գեղձերու ինչ որ բնախօսական տուեալներ գոյութիւն ունին որով մարդը իր արտայայտութեան հուսկ լրումին կը հասնի, ժառանգական պայմաններու զարգացումովը միայն։

-Մի խօսքով, ինչ որ հայկական չի՝ իշական է... եզրակացուց։

Օրիորդ Կէօլճիւքիէֆ համաձայն չէր։

-Ես ինքզինքս բոլորովին Ֆրանսացի կը զգամ, յայտարարեց, եւ կը պատկանիմ ֆրանսական պաշտօնատարութեան։ Մինչդեռ եթէ Հայ ըլլայի կամ հայերէն խօսէի՝ շատ նուազած պիտի ըլլայի։

-Ինչպէ՛ս թէ... պոռաց Տիկին Վարդանեան, խեղդուողի մը անբնական ձայնովը։

Տիրեց լռութիւն։ Ճնշիչ։ Խորտակող։ Տիկին Վարդանեան անցաւ քովի սենեակը որ վարագոյրով մը բաժնուած էր ճաշասրահէն։ Պահ մը յետոյ վերադարցաւ։ Իր արդէն տժգոյն դէմքը թէեւ ստացած էր ցաւագին ճերմակութիւն մը բայց կենդանացած էր, արտակարգ, մոլեռանդ, մահահոտ ուժով մը։

-Գիտէ՞ք ինչ կայ, Մարինա... ըսաւ, ոտքի, մինչ շրթները կը դողային։ Ձեր նմանները...

Եւ ալ չշարունակեց։ Դէմքը ճմռթկուեցաւ։ Հայկ եւ Հրանտ փութացին իր մօտ։ Նստեցուցին թաւշեայ կարմիր թիկնաթոռին մէջ։ Օր. Կէօլճիւքիէֆ որ մինչեւ վերջին րոպէն կը պահէր իր ժպտագին դէմքը, դադրեցաւ ժպտելէ։

Տարօրինա՜կ էր... Լաւ, կազդուրիչ հոսանքներ անցան։ Ամէն մարդ, մռայլած, անշարժ մնաց իր տեղը։ Ու հետզհետէ ծերունազարդ մօր անաւարտ ձգած խօսքը սկսաւ ամբողջանալ։ Յստակօրէն։ Մունջ։ Գերագոյն եղանակով մը։ Հրաման մըն էր անիկա։ Ուղղուած բոլոր Մարինաներուն։ Իսկ մնայուն կերպով՝ ան դատավճի՛ռ մըն էր։ Այդ դատավճռին բառերն էին որ ամէն մարդ համրօրէն կ՚ունկնդրէր։ Եւ նաեւ դատապարտեալը որ, ցաւագին լրջութեամբ մը, արտաբերեց.

-C՚est entendu...

Ո՛չ ոք նայեցաւ անոր։ Ալ չի կրցաւ վերագրաւել մնայուն, մեղմ ժպիտը։ Լսուեցաւ մանր աղմուկներ եւ ապա դրան գոցուելու ձայնը։ Հայկ մօրը մօտեցաւ եւ գրկեց զայն։ Ինչ լաւ է որ այդ հաշուեյարդարը մա՛յրը կատարեց։ Հայ մօրը կ՚իյնար այդ։ Ապա թէ ոչ, ինք, կոպտութեամբ, հայհոյանքով եւ դեռ...

Տիկին Վարդանեան առաւ գլուխը երկու ձեռքերուն։ Լուռօրէն, մեծ դառնութեան մը մէջ, արցունքներ ետեւէ ետեւ սկսան սահիլ իր անշարժ, դիակնային այտերուն վրայէն։ Բացառիկ էր այն կապը որ կար այս մօրը եւ զաւկին միջեւ։ Եւ շատ շատոնց կ՚ուզէր պսակել տղան, բաւարարել պապենական օրէնքները, ծնրադրել ցեղային աստուծուն առջեւ։ Անոր յապաղումը, վտանգաւոր անհանգստութեամբ մը կը կրծոտէր իր հոգին։ Առանց որուն կեանքը անըմբռնելի էր եւ դատապարտուած պղծութեան։ Առանց որուն, բացարձակօրէն, կարելի չէր զատորոշուիլ սա մայթերու վրիպած կեանքերէն, առանց որուն, իրենց օճախին մէջ, հեռաւոր շիրիմներու խորքէն, պաշտելի դէմքեր՝ մոլեռանդ պահապանները հայկազեան յաւերժութեան գաղտնիքներուն, պիտի չտարածէին իրենց օրհնէնքը... Ու միայն ծրագիր մը չէր որ կը փլչէր ամբողջութեամբ։ Պատարագի արարողութիւն մըն էր որ կը ժխտուէր մաքրամաքուր խորանին առջեւ...

Հարկ էր ձգել զայն միայնութեան ու լռութեան մեծութեանցը մէջ։

Մեկնելու պահուն մարդիկ խելքի ինկան որ Մոնիքը չկայ, կորսուեր է։ Փնտռեցին աջ ձախ՝ չկար։ Վերջապէս, երկար ու նեղ միջանցքի կիսամութին մէջ գունդ բան մը նշմարուեցաւ։ Վառեցին լոյսը։ Բոլորը փութացին իր մօտ։ Նստած էր գետնին, կռնակը տուած դրան, ոտքերը երկարած առջեւը։ Ամէն մարդ ուզեց գիտնալ իր մեկուսացման եւ այդ դիրքին պատճառը։ Մոնիք, մռայլ եւ օտարոտի կը պահէր յամառ լռութիւն։ Հրանտ իր գիրկը առաւ զայն։ Վերջապէս համաձայնեցաւ յայտնել. - հոտ նստեր է որպէսզի երբ մայրը գայ, լսէ՛ դրան ձայնը եւ դուռը բանայ անմիջապէ՛ս...

Փորթ տը Սէն Քլուի հրապարակին վրայ հիւրերը բաժնուեցան իրարմէ։ Արփիկ, լքելով Տիկին Փափազեանը, յանկարծ մօտեցաւ Հրանտին, եւ.

-Որո՞ւնն էին այն քիչ մը առաջուայ տողերը.

-Ֆրանսացի բանաստեղծի մը։ Կուտա՛մ ձեզի իր հատորը, եւ... եթէ կ՚ուզէք, գոց սորվեցէ, ամբողջ քերթուածը... ։ Արփի՛կ, վաղը եկէք ինծի... ։ Ալ հիմա...

Արփիկ շառագունեցաւ։ Դէմքը ամբողջութեամբ ծռեց եւ կօշիկին ծայրովը գիծեր ձգեց գետնին։ Պահ մը յետոյ բարձրացուց եւ, վճռական, յայտնեց.

-Պիտի գամ։

Անսահմանելի, հեռուէն հասած տրտմութեան մեծ ալիք մը մեղմացուցած էր իր դէմքին փայլը։ Լռելեայն, ինչ որ էակ մը ունի ամէնէն աւելի թանկագին, ան-գին, այդ պահուն կ՚ընծայաբերուէր արդէն։ Հոգիի անպեղելի դահլիճներուն մէջ՝ խունկերու ամպեր բարձրացան, արարողութիւններ կատարուեցան...

Չէ՜, չէ՜, կինն ու տղան միեւնոյն բանը չեն... Կինը՝ ուրի՜շ, շատ մեծ բան մըն է որ կուտայ տղուն, այլ տարերային եղանակով մը... Սուրբ եւ սրբագործող... Գեղջուկ աղջկան մը, օրինակ, Մարկէրիթի մը կուսական ընծայաբերումը աւելի կը կշռէ կեանքին համար եւ արուեստին, քան թէ, օրինակ, ամբողջ հմտական պաշարը, Կէօթէի մը հանճարին համար... Ա՜, եթէ աղջիկները իրե՛նք գիտնային միայն իրենց պահ տրուած այդ գանձը...

Ու նշենիներ ծաղկեցան յանկարծ, ու դափնեվարդեր իրենց լեղի բուրումը հոսեցուցին, երկնքի անհուն կապոյտին տակ՝ արտոյտներ ճուողագին սկսան թեւածիլ, ու զեփիւռ մը, կապտագոյն, վարդագոյն, նարնջագոյն նարօտներով ծաղկած ծառերուն կատարները իրար զօդեց... Ու անգամ մը եւս, տիրապետելով համանուագին աշխարհին, ջութակին յաղթական հնչիւնը ինկաւ մարմնաւորուող սիֆոնիային առջեւ...

-Հը-ը՜... ըրաւ ժպտելով Հայկ որ զիրենք ճամբեցնելու էր եկեր, գրեթէ անտարբեր իր անհատակ փորձութեան. «Ո՞ւր են մտքերդ, աբեղա՛յ... » Մարդիկ քեզ նշան են անում...

Հանրակառքը ցնցուելով հազալով, խնչուըռտուելով շարժեցաւ։ Ներսէն՝ երեք քոյքերը իրեն կը նայէին ու կը ժպտէին։

Մոնիք, որուն գլուխը Հրանտին ծունկէն հհազիւ աւելի վեր կը բարձրանար, երկու թեւովը օղակեց անոր սրունքը։ Ան, յանկարծ, վերցուց խեղճ աղջիկը, գնդակի մը նման նետեց վեր, սեղմեց կրծքին եւ սկսաւ համբուրել... Ով որ ներկայ էր հրապակարին վրայ՝ զարմացաւ։ Մոնիք, սկիզբը, յանկարծակիի եկած, վախցաւ յետոյ, ամբողջ ձայնովը պոռաց ու խնդաց։

-Այո՛, այո՛, պիտի երթանք մայրիկին քով՝ անմիջապէս...

Գացին Փասթէօռի հիւանդանոցը։ Այնտեղ յայտնեցին որ մայրը կէս ժամ առաջ, հարկ եղած խնամքը ընդունելէ վերջ, նախընտրեր է մեկնիլ։ Ուղղուեցան դէպի Մոնժ փողոցը։ Էտիթ տուն չէր եկեր։ Հրանտ ձգեց պզտիկը դռնապանուհիին մօտ որ ժամուայ մը համար միայն համաձայնեցաւ պահել զայն։ Հրանտ մէկ երկու բարեկամներու այցելեց եւ ուրիշներու հեռախօսեց որոնց մօտ հաւանականութիւն կար գտնել մայրը։ Ապարդիւն։ Վերադարձաւ։ Մոնիք լուռ, ճնշուած, ուռած, մոմի անշաժութեամբ նստած՝ կը սպասէր, սենեակի խորքի անկիւնը։ Այստեղ կատակ ընելու չէր գար... Il faut obeir... Հրանտ առաւ զայն եւ տուն տաաւ։ Սանդուխներուն վրայ հանդիպեցաւ իր դրացնուհիին որ, ամուսնոյն ընկերակցութեամբ, պտոյտէ կը վերադառնար։ Դարձեալ կատակեց։ Ամուսինը, հին տիպի ֆրանսացի, աղ պղպեղ պեխ մորուք, մեղմ, կը համակերպէր ամէն ինչի, եւ ոչինչէ կը զարմանար։ Համակերպած ծնած էր։ Դէմքը մեղմօրէն կարմրուկ՝ կը մնայ միշտ «երկու ափէրօի մէջ»... Տրամադրութիւնը՝ մեղմութեան անխորտակելի միջինին վրայ կը մնար։

-II faut laisser faire... կ՚ըսէր մեղմ ձայնով, մժեղի բզզիւնով, կեանքի բոլոր թնճուկներուն առջեւ։ Ոչ թէ ա լա Թոլսթոյ, այլ առանց բարոյական հակազդեցութեան։ Իրե՛ն է մնացեր, մեզի՛ է մնացեր կեանքը փոխել, մարդիկ փոխել... Կատա՛կ բան է մարդ փոխել...

-Voyons ! voyons !

Անկողին մը դժուար չեղաւ սարքել։ Դրացուհին զբաղուեցաւ փիփի-միփիով... Մոնիք մօտեցաւ Հրանդին.

-Je suis fatiquee... տրտնջաց։ Տժգունած էր եւ դէմքը՝ ցամքած։

Յաջորդ օրը, մինչեւ կէսօրը, տեսնելով որ մայրը չի յայտնուիր, Հրանտ փորձեց անգամ մը եւս Մոնժ փողոցը հանդիպիլ։

-Բա՛խտ ունիք, յայտնեց մայրը, հինգ րոպէ ալ ուշանայիք՝ ինծի տունը պիտի չգտնէին... Հրամմեցէք... ։ Եկուր նայիմ իմ պզտիկ շուշութս։

Տարօինակ էր Էտիթին դէմքը։ Ամէն պարագայի տակ՝ ո՛չ ընթացիկ, ո՛չ հասարակ։ Բնական խարտեաշ մը, հաւկթաձեւ, ոսկրուտ... ձորերով ու բլուրներով իր դէմքին բնանկարը։ Քունքերուն վրայ ճերմակի հասած երանգ։ Կաթի գոյն եւ թափանցիկ մորթ մը։ Դէմքին վրայ եւ ձեռքերուն՝ երակները կը գծագրուէին՝ կապոյտ եւ ա՛լ աւելի կապոյտ, պպուճի պաղ փայլով, աչքերը որոնց բիբերուն մէջ ասեղի դեղին մը ցցուած կը մնար, բիւրեղ, նոր ծեղքուած սառի մը նման։

Երեսունը հինգը կը թեւակոխէր, բայց իրեն քսանըհինգ տարի կարելի էր տալ։ Կարելի էր կամ խորօրէն տարուիլ կամ բոլորովին անտարբեր մնալ այս ժանրին, ուր հորմոնները աղքատ էին եւ թուխերու յատուկ կրակը չունէին։

... Այո՛, յաճա՛խ, կանոնաւորապէս լուր կ՚առնէ Մատէնճեանէն՝ ամուսինէն։ Ամէն շաբաթ կը ստանայ մանտա մը։ Եթէ ինք կորովազոր չգտնուէր՝ ան պիտի շարունակէր դեռ իր ռաթէի կեանքը, այդ իր ընկերներուն հետ, մէկը միւսէն աւելի ռաթէ։ Ի՜նչ գրականութիւն, ի՜նչ բան, որո՜ւն է պէտք իրենց դուրս տուած ֆաթրասները։ Ամուսինը կը զգայ թէ ի՛նք՝ Էտիթ սիւբէրիէօր է... Ծայր չի կայ, վերջ չի կայ... Ժողով, հաւաքոյթ, փառլոթ, փառլոթ, Ա. յեստան... Թող չի վիրաւորուի, բայց ինք անկեղծ է, կը սիրէ բաց խօսիլ, - կ՚ատէ՜ հայերը, բոլորն ալ զզուելի արեւելքցիներ են եւ ռաթէներ։ Խորամանկ, մանուածապատ, դաւադրող, բամբասող, շահամոլ, շահապաշտ։ Ինք չի ծածկեր, անո՛ր ալ՝ ամուսնին ալ կ՚ըսէ։ Միայն, ամբողջ գաղութին մէջ, Հրանտն է որ իրեն համար բացառութիւն կը կազմէ։ Ան բոլորովին ուրիշ տեսակ է։ Տղամարդ է, էմփոզէ կ՚ընէ... «Այեստան», «գղա-կենութիւն», շատ լաւ, բայց.

- J՚aime bien quand un homme gagne de l՚argent, beaucoup d՚argent... Բանի մը կը ծառայե՞ն ասոնք։

«Ասոնք»ը գրքերու բլուր մըն էր։ Անոնք մօտաւորապէս մէկ մեթր քառակուսի տարածութեան մը վրայ դիզուած էին եւ կը հասնէին գրեթէ մինչեւ ձեղունը որ իր կէսին զգալապէս, բըխերիկի մը նման, կը ցածնար։ Մատէնճեանին վերջին գործն էր. «Կեանքին Մէջէն... »

Էտիդ, անտարբեր, առանց ետին նայելու, ձեռքը երկարեց եւ ճիգով՝ հատ մը քաշեց դուրս, մէկ քանի հատ ալ գետին թափելով։ Հանդարտ եւ սառն թօնով.

-Թուղթը գէշ տեսակէն է եւ չտպուած էջերը քիչ են։ Կեղտոտութիւն սրբելու ալ չեն գար։

Էտիթ, իսկապէս պատռեց էջ մը եւ սկսաւ սրբել սուրճի կաթիլներ։ Սեղանը տպաւորիչ կերպով բեռնաւորուած էր։ Նախաճաշի կազմածէն զատ, կային ոլորուած մազերու գունտեր, ճմռթկուած կարմիր ժապաւէն մը եւ կոշիկ մը որուն նոր կապ մը կ՚անցնէր Էտիթ երբ Հրանտ ներս մտաւ։ Այդ սենեակը ըլլալով քիչ մը ամէն տեսակի սենեակ՝ արտակարգ խառնակութիւն մը կը ներկայացնէր եւ կը պարունակէր մնայուն բարկ հոտ մը, երիցս սիրտ խառնող, միացած ըլլալով մուշկի անուշահոտութեան մը։

-... Բայց անկեղծօրէ՛ն, հը՛, անկեղծօրէ՛ն, պարզ խօսինք, աս գիրքե՜րը... Ո՛չ միայն ահագին ծախս, ո՛չ միայն ոչ մէկ սանթիմի հասոյթ, այլ, տարինե՜ր, տարինե՜ր, այս խեղճ սենեակս պիտի խճողեն, պիտի գրաւեն... Ա՜, սըթը պլակ, լէսէ մուա րիր...

Ճի-ի՛շտ է, ինք, էր երբեմն, նաեւ վաճառորդ, բայց հիմա՞, հիմա՞... Հիմա ամէն ինչ փոխուած է... Աս բոլոր գիրքերը գլուխին մէջէն անցած են։ (Ցոյց կուտայ ետին գտնուող գրադարանը, առանց գլուխը դարձնելու)։ Մեղքը անորն է, ան մղեց զինք զարգացումի, եւ ինք ալ եկաւ անցաւ անորմէ... Եւ ան կը զգայ որ ինք հիմա սիւբէրիէօր եւ անորմէ՝ ամուսնէն... Յետոյ, լա՛ւ եղաւ, լա՛ւ որ մեկնեցաւ։ Ալ չէր կրնար հանդուրժել, բացարձակապէս չէր կրնար, Արդէն բաժնուած մեկնեցաւ, վերջնական խզումով... բայց շաբաթը չանցած մանտան ղրկե-ե՛ց, մանտան ղրկե-ե՜ց... Չի կրնար իրմէ անցնիլ... Լա՛ւ է, այսպէս, հեռուէն, ապրին իրարմէ հեռու, թող ղրկէ մանտաները... Այլապէս՝ հասեր էին ամէնէն բիրտ ծայրահեղութիւններուն...

-Ինչո՞ւ։ Ան մեր մէջ ամէնէն հեզահամբոյր տղան է։

Չի՛ կրնար հանդուրժել, ուժերէն վե՛ր է... Թիքեր ունի...

-Ի՜նչ Թիք... իք ի՞նչ խնդիր է...

Ինչպէ՜ս թէ։ Չէ՞ նկատած։ Չէ՛ նկատած, օրինակ, թէ ինչպէս յանկարծ ձեռքը կը տանի գլխուն յետնամասը եւ կը քերէ։ Չէ՞ նկատած թէ ինչպէս մատը քթին կը տանի պարբերաբար, կողմնակի կը շփէ եւ տարօրինակ ձայն մը կը հանէ...

-Բայց մարդ կը վարժուի իր ամուսնին այդ բաներուն։ Ընդհանրապէս սիրելի կը դառնան նոյնիսկ անոնք...

Ընդհանրապէ՛ս... Ինք չի կրնար տանիլ։ (Սատանեկանժպիտ մը)։ Եւ քանի անգամ, աքացիի հարուածը տալուն պէս, քշած է զայն անկողնէն դուրս... Քանի անգամ, գիշերները խոհանոցը անցընել տուած է... Այսպէ՛ս, հեռուէ՛ն, այսպէս լաւ է... Պէտք է որ առատ դրամ շահի։ (Դարձեալ տարօրինակ, շատ տարօրինակ շեշտ մը առաւ, եւ բիբերուն մէջ սառը կոտրտեցաւ, սուր սուր դաշոյններով)։

-Jaime bien guun homme gaane de largent beaucoup... !

«Պիէն»ին արտաբերումը լեցուց ամբողջ բերանը։

Իրենք կնոջ հոգեբանութիւնը չեն գիտեր։ Բոլոր կիները պչրասէր են։ Եւ էրիկ մը որ այդ փափաքը չի գոհացներ, մարդ չէ, ռաթէ մըն է...

«Ա-յեւս-տան», «ժուկով», «գը-դա-կան-ութիւն» շատ լաւ, բայց Հայաստանը ի՜նչ ինչ ըրած է իր ամուսնին, անոր կնոջը որ Ֆրանսուհի է, որ tout de meme, Ֆրանսուհի մըն է... Հապա՞ եթէ ձգէ որ անոր՝ իր ամուսնին սա շահած աղջիկը Հայաստա՛նը մեծցնէ, հր. Հայաստանը ի՛նչ պիտի ընէ... Հապա՞, եթէ անո՛ր՝ Հրանտի՛ն վրայ ձգէ... Արդէն քանի մը րոպէ ալ ուշ հասնէր՝ զինք տունը պիտի չգտնէր... Հայ «ժո-կո-վուղդ»։

-Jen ai soupe allez,,,

Ատոր համար ալ, ինչ ալ ընէ, ինք Հայաստան  պիտի չերթայ։ Անկեղծորէն բայց անկեղծօրէն, հը, ինչու՞ կ՚ուզէք որ ինք՝ Ֆրանսուհի մը՝ Հայաստան երթայ... Փոխանակ հայերէն լսելու աստուընէ մինչեւ իրիկուն, կը նախընտրէ ֆրանսերէն լսել։ Գիտէ՛, գիտէ որ ան շատ կը փափաքի մեկնիլ եւ զինքն ալ հետը տանիլ՝ բայց ինք չի ուզեր։ Եւ եթէ կրնայ, թող առանձին մեկնի. թո՛ղ մեկնի...

Էտիթ աստիճանաբար աթոռը մօտեցուցեր էր Հրանտի աթոռին։ Յանկարծ ելաւ եւ եկաւ քովը նստեցաւ, սեղմուած։ Միակ Հայն է գաղութին մէջ որուն շատ կը յարգէ։ Մատէին այսպէս կըրճատած էր ամուսնոյն անունը - բոլոր միւս ընկերները մէկ մէկ միւֆլեր էին։ Ինք շատ կը սիրէր մանաւանդ Հրանտին  այն արտայայտութիւնը որ նըւագելու ժամանակ, ինչպէս վերջի համերգին... (Էտիդ թէ՛ կը խօսի թէ՛ կը պտըտցնէ մատները անոր զիստին... ) Հրանտ ոտքի ելաւ.

Բան մը չէ՞ք ձգեր վրան. քնանալու ժամանակ մարդ միշտ կը մսի։

Մոնիք, այնտեղ, անկիւնը, պարտասած, երեսի ճերմակին վրայ կապտորակ գիծերով, թիկնաթոռին մէջ քնացեր էր։

Փողոծը, լա՛յն շունչ մը քաշեց... Այս ի՜նչ ահաւոր աղջամուղջ...

Այս ոսկրուտ դէմքով կինը, կոտըրտած սառոյցէ բիբերը՝ ողջ ողջ մարդ մը կ՚ուտէին...

Մտաւ Լիւքսէնպուրկի պարտէզը։ Ինչքան ատեն էր չէր եկեր։ Ինչպէս միշտ, ուղղուեցաւ դէպի Մետիսիսի աղբիւրը, հոն ուր, ուսանող, ջութակը թեւին տակ, երազը աչքերուն, կատարած կը վիպապաշտ բանաստեղծներուն ընթերցումը։ Ի՛նչ տարբերութիւն իր այն ակնարկներուն եւ այժմու ակնարկներուն միջեւ որով կեանքը  կը տեսնէր եւ կտեսնէ...

Այդ կինը ողջ ողջ մարդ մը կ՚ըլլած է... » կրկնեց դարձեալ, դեռ թաղուած իր ապշութեան մէջ... Մատէնճեան անոնցմէ եւ որոնց հաշուեյարդարը կնոջ հետ երկար է եւ բարդ։ Չի կրնար վերջանալ առանց մեծ ցնցումներու, վճռական անկիւնադարձներու։ Մինչ այդ, հա՛յր, մա՛յր, զաւա՛կ, հայրենիք կրնայ գրակի դնել, կրնայ... ծախել միւսին օձիքը չձգելու համար... Միայն սեռով եւ մոլութիւնով  եղած բացատրութիւնը նախնական է, տղայական, եւ հազիւ թէ ճշմարտութեան մէկ մասնիկը։ Պէտք է բան մը ընել, կարելի չէ այսպէս։ Եւ սակայն, այս պարագաներուն մէջ, դուրսէն բան կարելի չէ ընել։ Խնդրին փասիոնան կողմը այս  կարգի էակներուն շղթայաւորումն է, քար եւ հոգի... Հոս է որ վատութիւնները Վատութեան կը հասնին ա՛ղբ եւ հոգի...

-Քու տը մաԹրա՛ք, քու տը մաթրա՛ք, պարբերաբար դուրս  կուտար, նստարանին վրայ, քովը, խորհրդաւոր ցասումներու մէջ գտնուող անծանօթ մը, քլոշառի եւ մարգարէի խառնուրդ տեսքով մը։

Երեկոյեան երբ, Տիկին Փափազեանին ընկերացած, Արփիկ եկաւ, բաւականին բազմութիւն կար արդէն։ Տիկին Նազարեան՝ Հրանտին մայրը գիւղէն մասնաւորապէս Փարիզ եկած էր տեսնելու համար «իր հարսնցուն»։ Տիկին  Վարդանեան նմանապէս այնտեղ էր եւ քիչ վերջ աղան՝ Հայկը պիտի գար, մօրը հետ տուն վերադառնալու համար։ Հրանտ իր վերջի դասը կուտար։ Տիկին Նազարեան  առանձնացաւ Արփիկին հետ սպասման սրահի մէկ անկիւնը  ուր, քանի մը րոպէ, խօսակցեցան միասին։ Կրած տպաւորութիւնը դրական է։ Արփիկ ինքն ալ ենթարկուեցաւ տարօրինակ  խռովքի մը։ Հրանտ խորհրդաւոր եղանակով մը իրեն նուազ խորթ է, աւելի  մերձ, հիմա որ անոր մայրը կը տեսնէ եւ հետը կը խօսի։

-Եթէ վիճակուած ես տղուս կինը ըլլալու, կը վերջացնէր Տիկին Նազարեան, գիտցի՛ր, աղջի՛կս, որ ամուսին մը պիտի ունենաս որ մանուկի մը հոգին ունի։ Թող սէրը իշխէ ձեր մէջ, եւ ա՛ն տնօրինէ ամէն ինչ։ Ես աղջիկ չեմ ունեցած՝ դու՛ն պիտի ըլլաս իմ աղջիկս։

Հրանտ ճամբեցուց իր վերջին աշակերտը։ Յուզուած ժպիտով մը սեղմեց ձեռքը մինչ Արփիկ մատոնաի աչքերը բարձրացուց եւ իր արդէն շառագունած դէմքը՝ բոցավառեցաւ։

Բոլոր հաւաքուեցան ճաշասրահը եւ բոլորուեցան  սեղանին շուրջ։ Դուռը զարկին։ Հայկն էր։ Հարուստ աւանդութիւններով ընտանիքի տղու իր կիրթ եւ ազատ շարժումներովը՝ բարեւեց բոլորին։ Մայր ու տղայ, ուր որ ալ ըլլային, գիտէին ներկաները դնել հեշտ գրութեան մէջ եւ չքացնել խորթ  նեղութիւններ, իրենց բացսիրտ ու յորդուն խօսակցութեամբը։ Արփիկին տեսքը որոշապէս շլացուց զինք։ Արդէն հաստատած էր դողար մտերմութիւն մը որով ուղղեց իր քոմփլիմանները։

Տիկին Փափազեան մերթ մէկուն, մերթ միւսին ականջին բաներ կը փսփսար։

-Ախ՛ր, բա՛ց եւ բա՛րձր ասացէք, պահանջեց բարձրաձայն՝ Տիկին Վարդանեան։ Միւսը ցոյց կուտար որ մեծ դժուարութիւններ կան կամ եղած են որոնց լուծումին մէջ ինք դեր կը խաղար։ Արփիկ նմանապէս մտահոգ է։ Ապահովաբար  մայրը համաձայն պիտի չըլլար իր աղջկան հետ։ Խօսքը խօ՛սք է։ Խօսք տալ՝ նշանուիլ ըսել է։ Իր տուած խօսքը դրժել՝ լաւ նկարագրի մը ապացոյցը չէ... Միւս կողմէ, սակայն, պէտք չէ՞ որ երկուստեք այսքան  մը ազատութիւն ունենան, այսքան էական հարցի մը մէջ։

-Պարզ խօսքկապ մը կար միայն... աւելցուց նեղուած, շքեղացնող շեշտով։

Տիկին Վարդանեան տեսաւ անոր տագնապը։

-Դա բացարձակապէս ընդունուած է, մեզանում էլ, ամէն տեղ էր։

Բոլորը համզեցին Արփիկին որ իր դիտաւորութեան փոփոխումը արատ  չի կրնար բերել պատուախնդիր աղջկան մը։ Ընդհանուր ոգեւորութեան մէջ, ամէն մարդ կ՚ուզէր որ այս նոր կապը արագօրէն հասնի իր վերջնական լուծումին։ Արագութիւնը  գրեթէ խուժումի նկարագիր կը ստանար, մանաւանդ Տիկին Փափազեանին կողմէ։

-Ես կը փափաքիմ, յայտնեց Հրանտ, որ մինչեւ այդ չէր խօսած եւ որուն ընդմիջումին՝ լռութիւն տիրեց, ես կը փափաքիս որ Օր. Արփիկը բացարձակապէս ազատ ձգուի եւ իր ուզած բոլոր ժամանակը տրամադրէ... Ես ըլլալով շահագրգռուած կողմ...

-Թիւ մէ՛կ, ընդմիջեց Հայկ խնդալով։

-Ես ըլլալով շահագրգռուած կողմ՝ չեմ ուզեր իմ կարծիքս յայտնել խզումի խնդրին առթիւ։ Այդ ալ կէտ մըն է ուր միայն Օր. Արփիկն է լիազոր։ Բարոյական յանձնառումներ  կան, զոյգերու միջեւ, որոնց ծանրութիւնը միայն ենթակաները կրնան կշռել, որոնց խզումին թագուն վարկաբեկումը դարձեալ միայն անոնց ծանօթ կը մնալ։

Յուլիսի վերջին օրերն էին։ Բոլորը իջան փողոց։ Հրանտ մօրը պիտի ընկերանար մինչեւ Սէն Լազարի  կայարանը։ Փարիզ մեկնումներու տենդագին իրարանցման մէջ էր։ Արձակուրդները սկսած էին։ Մայթերը ողողուած՝ աշխատանքը վերջացուցած բազմութիւններով։

Հրանտ  կը տեսնէր մարդերու դէմքին սարսափը որ արդի ընկերութեան այս մեծ վէրքը՝ ամուսնութիւնը կը բերէր։ Հաստատեց որ մայրը այժմ լաւատես է եւ համակուած ներքին հրճուանքով մը։

-Հրեշա՛կ է, տղա՛ս։ Աստուած քու երեսդ նայեցաւ, քու սրտովդ տուաւ, յայտնեց տղուն, օգտուելով   առանձնակի պահէ մը։

Օրերը կ՚անցնէին կառաչարի մը արագութեամբը, ե՛ւ բեռնաւոր ե՛ւ անունելի։

Անհնարին էր ամբարել անոնց պարունակութիւնը՝ գոնէ աւելի ուշ որոճալու համար։ Իր հարկադրական ամենօրեայ տուրքը՝ գործնական կեանքին՝ կուտար քնաշրջիկի մը մեքենականութեամբ։ Հիմա ալ՝ մէթրօն կը սուրար՝ անցնելով կայարանէ կայարան, լեցնելով եւ պարպելով բազմութիւններ որոնք զարմացած կը նայէին Հրանտին եռեփուն արտայայտութեանը։ Փորթ տ՚իսիէն վերջ դեռ հանրակառքը առնելու է։ Անընդհատ կը բարձրանայ։ Կ՚անցնի վաճառորդներու եւ սրճարաններու առջեւէն, որոնցմէ շատերուն մէջ թուխ ու չսափրուած հայերու դէմքեր կը շարժին։ Ամէն ինչ նոր է, տարօրինակ, հրապուրիչ։ Օփիթալ տը Փէրսի, - հարկ է իջնել եւ դեռ քալել րոպէ մը։ Պարտէզին մէջ շուն մը կը դիմաւորէ՝ բաւականին թշնամական։ Գամփռի  տեսակէն է։ Մանուկները եւ շուները բացառիկ առագութեամբ կը բարեկամանան իր հետ։ Շունը քանի մը րոպէէն, խաղալու մեծ ախորժակներ կը բաւարարէ։

-Ո՞ր մէկն է Օր. Գափլանեաններուն սենեակը։

-Նա՛, ասիկա՛, ձայն մը դուրս կ՚ելլէ գլուխէ մը որ ինքն ալ իր կարգին դուրս ելած է կիսաբաց դռնէ մը։

Տանտ դուռը կը ծեծէ։ Պատասխան չի ստանար։

Կը մտնէ ներս։ Մեծ օթոցց, եզերուած քոզիով, որուն տակ կ՚իջնէ Կոպլէնի նմանող գորգ մը։ Սեղան, գիրք, ջութակ, նօթաներ՝ քիչ մը ամէն տեղ։ Անշուք, աղքատ։ Կը բանայ պատուհանը։ Տանը ճիշտ ոտքին՝ խաղավայր մը։ Աւելի հեռուն՝ մշակուած հողամասեր եւ դեռ անտառ որուն զառիթափը կը հասնի ու կը փռուի Սէնի ոլորապտոյտ ձորին մէջ։ Կեռասենիներու, կասկենիներու, ուռիներու, շագանակենիներու, կաղնիներու մեծղի գլուխները, յորդուն, կատաղած, ամառնային առատութեամբ, տեղ տեղ, հազիւ թոյլ կուտան երեւիլ տնակներու կարմիր կղմինտրները՝ խեղդուած թարմ կանաչի մէջ։ Անտառային զով օդը կը խուժէ ներս։ Երկինքին վրայ մեծ վարդագոյններ, սաֆրանի, նարինջի շերտերով։

Պարտասանք մը որ բազմաթիւ անդամներ վերադարձած էր եւ վռնտուած՝ պրկուած ջիղերէ, այս անգամ, գիւղական օդի ազդեցութեամբը կը դառնայ անդիմադրելի։ Հրանտ փակեց պատուհանը։ Զգալով հանդերձ անպատշաճութիւնը, անկարելի եղաւ իրեն, գնդակահարուածի մը նման, չերկարիլ օթոցին վրայ։

Րոպէ չանցած՝ սկսաւ քնանայ խորունկ, «աներեւակայելի» քունով մը։ Բնախօսական ինչպիսի վատնումներ տեղի ունեցած էին, ինչպիսի յետսապահանջներ, հաշուեյարդարներ անմիջապէս գործի անցան՝ որպէսզի անոր դէմքը ստանար օտարոտի այդ դալկութիւնը։

Առաջին ներս մտնողը եղաւ փոքրը՝ Զարուհին որ գիտէր կատուի թաթերով քալել եւ ստուերի պէս չքանալ։ Ակնարկէ մը վերջ, ապշած, հապշտապ անհետացաւ։ Քիչ վերջ ան յայտնուեցաւ միջնեկ քրոջը՝ Ալիսին հետ։ Այս անգամ աւելի երկար դիտեցին։ Իրարու ականջի բաներ մը փսփսացին, դուռը զգուշութեամբ գոցեցին եւ իջան վար ուր կը գտնուէր իրենց խոհանոցը։ Տարօրինակ էր արտայայտութիւնը Արփիկին երբ ներս մտաւ առանձին եւ դուռը  գոցեց ետեւէն։ Անոր նկարագրին գլխաւոր մէկ գիծը՝ հըպարտութեան, գոռոզութեան, անոնց խառնուրդին, անոնց անիշխան, ձրի պոռթկումներուն եւ նաեւ յաճախ՝ անոնց ժխտումին՝ այսինքն խորին հեզութեան թնճուկ կը կազմէր։ Առաջին հակազդեցութիւնը՝ վիրաւորուած անձնասիրութեան զգացում մը եղաւ որ խեղդեց  ամբողջովին զարմացումինը։ Ինչպէ՜ս թէ, եկեր է իրենց այցելութեան առաջին անգամ, մտեր է սենեակ, կը սպասէ իրեն, իրե՛ն՝ Արփիկ Գափլանեա՜նին ինկ եր է խորունկ քունի մը անդունդը։ Աչքերուն մէջէն կայծեր անցան։ Ուշադրութեանը զարկաւ սեղանին վրայ դրուած կարմիր վարդերու  փունջը։

Սկսաւ դիտել, զննե՛լ, իր տարօրինակ այցելուն։ Ասկէ աւելի յարմար առիթ կրնա՞յ ըլլալ։ Չէ՛, փոր բոլորովին չունի։ Ինչքան վախցեր էր ատկէ եւ դեռ չէր համարձակած լաւ մը դիտել։ Ճակատ մը, մեծ ճակատ մը որ կը տիրապետէ ամբողջ դէմքին։ Ճերմակ մազ չկայ։ Ա՜խ, ինչքան պիտի ուզէր աւելի մօտէն դիտել։ Կը նստի քովի աթոռին վրայ, բաւականին դժգոհ, ձեռքերը կուրծքին։

Չի կրնար հաւատալ որ այս տղան այն արթիսթն է որուն անունը այնքան լսած էր, որուն համերգը այնքան աղմուկ հանած Մարսիլիոյ մէջ, այդ հեռաւոր, այդ անուանի մարդը հիմա, հոս, իր սենեակը, անկողնին վրայ երկարած կը քնանայ... Իր ամուսինը պիտի ըլլայ... Աստուա՛ծ իմ, ինչպէ՛ս պիտի խօսի, ի՛նչ պիտի խօսի անոր հետ... ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ իրենց կեանքը...

Ե՞րբ պիտի ընթրենք, ինչպէ՞ս սեղանը պիտի շտկեն։ Ի՞նչ կը խորհին հիմա քոյրերը... Այսպէս բան երբեք տեսնուած չէր։ Մէկ բան կը մնայ ընել իրեն՝ իջնել վար, զբաղուիլ իր գործերովը, իբր թէ...

Քովի սենեակէն, բարակ միջնորմով մը բաժնուած, չչափաւորուած ձայնասփիւռի բերնէն՝ թէնորի մը ահարկու պոռոցը։ Հրանտ կը բանայ աչքերը եւ, քանի մը երկվայրկեան վերջ, ընդոստ կը նստի։

-Քնացէ՜ք, քնացէ՜ք... կ՚ընէ Արփիկ ժպտելով, կարմրած։

Հրանտ կը զարմանայ... Կը բացատրէ՝ կմկմալով, անյոգ խօսքերով։

-Ինչո՞ւ չէք քնանար գիշերները։

-Այնպէ՜ս, քունս չի գար...

-Ի՞նչ կ՚ընէք հապա։

-Առաստաղին կը նայիմ, կը մտածեմ...

-Ի՞նչ կը մտածէք։

Ներս մտան երկու քոյրերը՝ ընկերացած Տիկին Փափազեանին։ Չարաճճի ժպիտ եւ ակնարկներու լեզկինքա։

-Քուներնիդ անո՜ւշ, կը կատակէ Ալիս, կուրծքովը խնդալով։

-Շատո՞նց է որ գիշերները չէք քնանար, կը հարցնէ Զարուհի, ծեքծեքուն, որուն մէջ, ինչպէս շատ մը աղջիկներու, գաղտնի ոստիկան մը կ՚ապրի։

-Տարիներէ ի վեր այսպէս է։

-Հը-ը՜մ...

Երկարօրէն հարկ եղաւ բացատրել թէ ինչ պայմաններու մէջ Հրանտ առանձինն սենեակ մտեր է։ Յաճախ տեղի կ՚ունենային թամ ու ինքնաբուխ խնդուքներ։ Այո՛, չունին ձայնը թէեւ առեր էին...

Հրանտ որ միայն պտուղ ուտելու ախորժակ ունէր, շրջապատուեցաւ յորդագեղ գորովանքով որուն տեղի տուաւ։ Վարդերը լքուած կը մնային պարենասեղանին մէկ անկիւնը։

Ալիս երբեմն այս կամ այն բառին հայերէնը կը հարցնէր։

-Ես ալ չեմ գիտեր, պատասխանեց Հրանտ։ Իմ հայերէնս շատ անկատար է։

Բոլորը զարմացան։ Պզտիկը չհաւատաց եւ կեղծ համեստութեան վերագրեց։ Տիկին Փափազեան, իր կեանքի մայրամուտին, հայերէն դասերու սկսած է, եւ կ՚ողբայ զարգացած չըլլալը։

-Ինչո՞ւ կ՚ողբայ, հարցուց Հրանտ, ի՞նչ պէտք կայ որ...

Բոլորն ալ յարգալիր բայց գայթակղած արտայայտութիւն առին։ Ինչպէ՞ս թէ, զարգանալու պէտք չկա-ա՜ր...

Ես ո՛չ զարգացածները կը սիրեմ, ո՛չ ալ զարգացումը։ Իսկ կնոջ զարգացածը՝ աշխարհիս ամէնէն անտանելի բանն է։ Արդէն զարգացած մարդ գոյութիւն չունի։ Կան միայն սոփեստներ եւ տգէտներ։

-Ի՞նչ ըսեր է սոփեստ, հարցուց Ալիս որ ընդհանրապէս սակաւախօս էր։

Արփիկ չկրցաւ իր զարմացումը ծածկել։ Ինչպէ՜ս թէ, վերջապէս փրօֆէսէօոները, գիտնականները զարգացած մարդիկ չէի՞ն։

-Անոնք ինքզինքնին ամէնէն տգէտները կը համարեն։ Իսկ մեր դպրոցին անտեսը՝ ինքզինքը ամէնէն զարգացած մարդը կը կարծէր եւ, Ատանացի ռուսահայերէնէ զատ ուրիշ լեզու խօսիլ չէր համաձայներ։ Աշխարհիս ամէնէն տգէտ մարդը՝ Պէրկսոնն է, Աբեղեան եւ ուրիշներ։

Հրանտ սակայն հանդարտեցուց զանոնք ։ Ինք դէմ չէ որ դասախօսութիւններու երթան։ Ընդհակառակը։ Նոյն իսկ վնաս չունի որ Տիկին Փափազեան իր ստորագրութիւնը ինքը դնել սորվի, այդ տարիքին ալ։ Խնդիրը ատոր վրայ չէ... Խնդիրը այն է որ...

Ինչ որ է, ուրիշ ատեն մը դարձեալ կը խօսին։

Իրենք կրնան իրենց կեանքին զբաղումները եղածին պէս շարունակել։ Զարուհի որ ճաշին սկիզբը բարեպաշտ շեշտով, բիւրեղացած անմեղութեամբ, աղօթքը ըրած էր, հարցուց թէ հակառակ չէ՞ր որ հոգեւոր երգեր երգէին, հիմա որ ճաշը վերջացած էր։ Ապա, երգարաններ բացուեցան եւ հոգեւոր երգեր, միապաղաղ ու վճիտ, թաւալեցան  մեծաբաց պատուհանէն դուրս։

Օդը յանկարծ անգայտացաւ եւ սպիտակի համանուագ մը տարածուեցաւ, ինչպէս եւ իր ներսը ուրկէ գորշը, գոց դեղինը, մուգ կապույտ վռնտուեցան։ Նայեցաւ անոնց դէմքերուն որ Տէրը կը փառաբանէին։ Շաելոյի պալատին այն որմնանկարը, ճի՛շդ այն որմնանկարը, ուր, երեք աղջիկ, սլացիկ ու գեղասարսուռ, ներշնչուած, կ՚երգեն, Գեղեցկութիւնն ու Երգը դարձնելով վկայութիւնը ինչ որ գերագոյն սրբութեան։ Երանի՜ այն աղջիկներուն որ անոնց  նման, կը թեւածեն շուշան սիրոյ հոգեկան ոլորտներուն մէջ, ուրկէ պիտի իջնեն օր մը դէպի վարդագոյն սէրը, աստիճանաբար ընելով շրջանը, իրենց կեանքի թաւալումին հետ, կապոյտ կարեկցութեան սէրին, բաց կապոյտ զոհողութեանց սէրին, անգամ մը եւս հասնելու համար ճերմակ-ձիւն հոգեւոր սէրին։

Մեկնումի ժամն էր։ Երեք քոյրերն ալ ընկերացան անոր, մինչեւ հանրակառքը, միեւնոյն տեսակ գորշ մէկ մէկ վերարկու հագած։ Գամփռը, շղթայուած, աղմկեց ուժգնօրէն եւ ողջունեց, հին ծանօթի մը նման, հրաժեշտը։

Տիկին Փափազեանին հանդիպեցան փողոցը։ Մեկնելէ առաջ, ծիծաղաշարժ հեղինակութեամբ մը, ցած ձայնով, խորհուրդ տուաւ Հրանտին այդ ճերմակ թըէնջ քոթր անգամ մըն ալ չհագնիլ եւ բոլորովին երիտասարդ յարդարանք մը որդեգրել։

-Արդեօ՞ք... Արփիկի՞ն փափաքն է...

-Հա՛, հա՛, ես քեզի ի՜նչ կ՚ըսեմ, դուն ա՛ն նայէ...

Թեթեւ զեփիւռ մը ելած էր, դժուար սահմանելի բուրումներով բեռնաւորուած։ Երկինքը կապոյտ էր, աստղալից, լուսաւոր։ Լուսինը անտառի ծառերուն արդէն կատարին։ Մայթին վրայ կարմիր գինիի կոտրած շիշ մը ադամանդի եւ յանկինթի ցոլարձակումներ կու տար։

Զարուհի եւ Ալիս քիչ մը առջեւէն յառաջաբան։ Արփիկ որ իր մօտէն կը քալէր արդէն. քիչ մը մըսկոտ սարսռուն, անսպասելի  շարժումով, թեւը անցուց անորինին։ Աստղերուն լոյսերը դարձան երջանկութեան հեղուկ, գերմագնիսակա՛ն, եւ ողողեցին աչքերը, դէմքը, սիրտը...

Շատ չանցած, Քլամառի անտառէն, սրընթաց, հանրակառքը  երեւեցաւ։ Արփիկ խօսք ուզեց առնել որ Հրանտ վաղն ալ գայ իրենց։

-Վաղը՞...

-Այո՛, վաղը՛...

Օրերու շարք մը ուր գրեթէ ամէն երեկոյ Հրանտ ժամադրութիւն ունէր Արփիկին հետ։ Տիկին Նազարեան կրտսեր տղուն հետ արդէն մեկնած էր գիւղ։

Հրանտ ամբողջ օրը տունը փակուած ըլլալով, երեկոյեան՝ նախընտրութիւն կուտար ճաշարաններուն։ Արփիկ միշտ ընկերացած կ՚ըլլար երկու երեք հոգիի։ Մի՛շտ քոյրերը, յաճախ նաեւ Փափազեան ամոլէն մին։ Փլաս տը լա Ռէփիւպլիքին վրայ յանձնարարուած ճաշարան մը յուսախաբ ըրաւ զինք։ Զզուելի երաժշտութիւն, զզուելի ճաշ զզուելի մանր քաղքենի հասարակութիւն որ կը զուարճանար երգիչի մը խօսքերէն որոնք ամբողջութեամբ կը դառնային սեռին եւ մարսողական գործարաններուն շուրջ։

Հրանտ գումարը ուզելէ վերջ՝ ելաւ դուրս։

-Ալ չէ՛ք խօսիր ըսաւ Արփիկ։

-... Տարօրինակ է, պատասխանեց Հրանտ, բաւական երկար լռութենէ մը վերջ տգեղութենէն կը ճնշուիմ որպէս թէ ե՛ս ըլլայի անոր հեղինակը։ Կամ կը տանջուիմ... Կամքի ուժգին հոսանք մը՝ վանելու համար մառախուղը սրտէս։ Կը տեսնէ՞ք, Արփի՛կ...

Արփիկ մէկ կողմէն, Ալիս միւս կողմէն տուած էին իրենց թեւը։ Զարուհի կը քաշէր քովընտի, Փլաս տը լա Ռէփիւպլիքէն. Կրան Պուլվարները  առնելով, ուղղուեցան  դէպի Օփէրա, դէպի Մատլէն։ Քալելու մեծ ախորժակ կար։ Նախկին շէֆթէններ էին վերջապէս... Կը տեսնէ՞ին կեանքը, քաղքենի  այս տարածուն կեանքը, այսպէ՜ս, ապականա՜ծ... Պզտիկ աղջիկներ կային հոն՝ ճաշարանը, որոնց  ակնարկները ստացագիր կուտային  եղած բոլոր  մոլի ակնարկութիւններուն։

Դժուար է ապրիլ... Կարելի՞ էր ստեղծել փոքրիկ կղզեակ մը ուր օդը մաքու՛ր ըլլար, շրջապատուած կապոյտով, տիրապետուած մանաւանդ կապոյտով. եւ արմաւենիներով օրօրուն՝ ու բանաստեղծականութիւնը, արբեցումը պակաս չըլլային։

Արփիկ բարձրացուց դէմքը։ Չքնաղ լրջութիւն մը։ Քնքշօրէն սահեցուց ձեռքը անոր գրպանը ուր իր մատներուն ծայրը հպեցան դաստակին։

Այդ փարումի ազդեցութեան տակ կարօտները բոցավառուեցան։ Դարձան աւելի հաղորդական։ Բնազդական ի՛նչ շարժումով ապառնին ակնթարթ  մը դիմազերծող ի՜նչ անձկութեամբ էր սակայն որ սկսաւ պեղել «մէկ հոգի մէկ մարմին» ըլլալու պատուէրը։

Կին եւ ամուսին  պէտք է խառնուէին, ինչպէ՞ս... ինչպէս շաքարն ու ջուրը։

Կինը  պէտք է որ հնազանդի ամուսնին եւ տունը  «վէմի» վրայ  կառուցուի....

Հրանտ յայտնեց որ հնազանդութեան խնդիր երեւան չի գար եթէ մարդիկ անկեղծ են։ Կար զգացումը մէկ մե՛ծ իրականութեան պարտականութեան։ Անո՛ր հարկ էր հնազանդիլ պարզապէս։

Համերաշխութիւնը ինքնին, մէն մի րոպէ կը հաստատուի, մէն մի րոպէ ա՛լ աւելի հարստացնելով  ու կազմաւորելով սէրը։ Եւ արդէն, այն ժամանակ  հազարումէկ թելերով հիւսուած այդ երեւոյթին, կարմիր ու ճերմակ սէրերու թելերովը վստահութեան անխարդախութեան, յարգանքի թելերով հիւսուած  այդ բարդ երեւոյթին՝ սէր ըսելը քիչ կուգայ, ան  կը դառնայ կեանքը, առանց որուն միայն ուտող, պառկող ու դաւաճանող արարածները՝ շնչող դիակներ են...

Էակ մըօթօմաթ չէ որ շարժի մանկապարտէզի պատուէրներով՝ հնազանդել, չհնազանդիլ... Արժանավայելչութիւնը վիրաւորուած պէտք է զգայ ինքզինքը, երբ չափահասը կարօտի այդ անթացուպերուն։

-Գալով ինծի, ես այնքա՜ն կարօտը ունիմ հնազանդելու, աւելցուց Հրանտ։ Ի՜նչ թեթեւացում, սիրոյ ի՜նչ աղուոր  երանգ՝ հնազանդիլ, մէն մի րոպէ քեզի հնազանդելու պատրաստ էակին... (Քիչ մը սրտնեղած) Ասոնք... այս խնդիրները, շիտակ մարդոց մօտ, արդէն սեղանի վրայ իսկ չեն գար։

Կառ տը Լիոնը  եռեփուն, կը պղպջար կը լորդէր, ալիք ալիք կը թաւալէր։ Նոյն օրը, երկու ժամի տարբերութեամբ, Հրանտ կը մեկնէր Հարաւ Արփիկ Ալիսին հետ, Մէժէվ, արձակուրդները անցընելու իր մօրը մօտ ուր քանի մը օրէ ի վեր Զարուհի  արդէն մեկնած էր։

Տիկին Վարդանեան Հայկին հետ, եկած է կայարան։ Սրճարանին մէջ ասեղ ձգելու տեղ չկայ  Մարդկային խումբեր, պայուսակի դէգեր։ Տիկին Վարդանեան  խորապէս գորովալիր։ Ումպ մը խաղողի հիւթ կուլ տալէ վերջ.

-Շա՛տ քնքուշն են, շա՛տ լաւիկը, կրկնեց, շոլելով մերթ Ալիսին, մերթ Արփիկին գլուխը։

Արփիկ պարզապէս կը շլացնէր զինք, զայն կը նկատէր ազնուութեան ու գեղեցկութեան գլուխ գործոց մը։ Մայր ու տղայ սիրահարուած էին Գալփանեան քոյրերուն վրայ։  Թէեւ դեռ ժամանակ կար բայց Հրանտ նախընտրեց ժամ առաջ զետեղել իր պայուսակը եւ գրաւել իր տեղը։ Արփիկ ընկերացաւ անոր։

Ալիս կը բացատրէր որ Մէժէվի կլիման բացառիկ չափով մը բարերար էր իրենց առողջութեան։ Առաւօտները կանուխ, առանց դժուարութեան կը ցատքէին անկողնէն Դիտաւորութիւն ունին հոն աշխատիլ, տուն մը վարձել եւ ապրիլ իրենց մօրը հետ։ Տիկին Վարդանեան դիտել տուաւ թէ ինչպէ՜ս պիտի բաժնուէին իրենց քրոջ մէն։

-Ի՜նչ ընենք, Տիկին Վարդանեան, յայտնեց ծանրախոհ եւ զուսպ շեշտովը որ յատուկ էր Ալիսին, մեր քրոջը դրամօժիտը չե՛նք, ոչ ալ ականջին օղերը որ չբաժնուինք իրարմէ... Կեանքի օրէնքն է...  Մօտալուտ բաժանումը մէկ քանի աստիճանով բարձրացուցած էր մտերմութեան ջերմութիւնը։ Թեւ թեւի իրար սեղմուած, լուռ, կը քալէին կայարանի անվերջ սրահներէն։ Երբեմն Հրանտ կը նայեր անոր ոսկեայ գլուխին, աւելի ուժեղ կը սեղմէր թեւը իր իրանին եւ չէր հաւատար իր երջանկութեան... Ուզեց երթալ Արփիկին հետ Մէժէվ կամ տանիլ զայնի իրեն հետ Հարաւ։ Արփիկ ինքն ալ, լուռ. չէր ուզեր ալ բաժնուիլ...

Երբ վերադարձան սրճարան, Հայկ կատակեց բարձրաձայն, Սրտագեղ, քոյրերէն մերթ մին մերթ միւսը կը գրկէր։ Սիրահարուած որ Գափլանեան քոյրերուն։

Բոլորը միասին ելան եւ գացին անծայրածիր կառախումբին մօտ։ Վերջապէ՛ս, սպառեցաւ ժամը, ահա րոպէ մը միայն, ահա երկվայրկեանը... Ոչ իսկ սուլոց մը։ Ծանր բէրնէ բերան լեցուն կառախումբը շարժեցաւ, անաղմուկ, դաւադիր, վճռական...

Երբ քարափը անհետացաւ, Հրանտ գնաց եւ գրաւեց իր տեղը։ Ո՛չ ճամբու ընկերները, ո՛չ աճող արագութեամբ անցնող դուրսի բնանկարները գրաւեցին  զինք Լաւ մը թաղուեցաւ իր անկիւնը, կռթընցուց գլուխը, փակեց աչքերը։ Մեծ, հրաբխային ժխորը նուագային աշխարհին տակաւ տեղի տուաւ, թաղուեցաւ լռութեան գիրկը։ Այն ժամանակ ջութակին ազնիւ ձայնը, գինով ծիծեռնակի մը նման, ճեղքեց Սիրոյ երկինքը եւ արտաբերեց հնչիւնները՝ անօրինակ քաղցրութեամբ...

Արձակուրդի ամիսը եղաւ մանաւանդ աշխատանքի ամիս։ Էսթէրէլի կորսուած մէկ անկիւնը, իր թանձր լռութեան, միայնութեան, աղի, ձուկի, ծորող խէժերու եւ ծովային ալկերու բուրումին մէջ, իր համանուագը սկսաւ մարմին առնել։ Ջութակը անընդհատ, անընդհատ, մէկ քանի աքոռով կը ճեղքէ անհուն կապոյտը, մերթ, ինչպէս արծիւը, կ՚անցնի թեւաբախ՝ ժայռէ ժայռ, ինքնաբա՜ւ, յաղթակա՜ն, հաւատալի՜ր... Ու հնազանդ, ու անբեկանելի համերաշխութեամբ, ջութակային այլազան խումբեր միացած մենանուագին, կը բանան սիրոյ պարտէզները, երկրի վրայ գերերկրային ներդաշնակութեամբ, կ՚արձակեն կոչունքի հրաւէրներ, կը բաշխեն եդեմական վայելքներ, կուտան աւետիսներ, կրկնուող յամառութեամբ, կը հրաւիրեն, կը հրաւիրեն մերձաւորը, հեռաւորը, բոլորը՝ աներկրորդ կոչունքին սպասարկուած իրենց համար, իրենց անհատնում վայելքին համար... Կեանքը կը դառնայ ընծայաբերում։

Պահ մը բոլորը ժպտագին լռեցին եւ թոյլ տուին որ բարակ սրնգափողերու միաբանութիւն մը, ծաղկապատ դեղձենիներու խումի մը նման, արձակէ  խորհուրդը ի՛ր բուրումին։

-Է՜, աստուորներ... դուք որ ճահիճներուն մէջ հաճոյքին փասոտած պղինձները կը փնտռէք, անվերջանալի Գարունին գիրկը, լեռնալանջերու վրայ արեւին մերձ, ձեզի համար, անընդհատ ոսկի կը թափի, կողով առ կողով՝ երանութեան ոսկիները կը թափին...

Դուք որ ճահիճներուն մէջ կը կորսնցնէք... մի՛-մի՛-մի՛... Մտէք կամարներու տակ, մտէք գմբէթներու տակ, մի՛-մի՛-մի՛... Դուք որբեր չէք, դուք լքուած չէք, ճանչցէք, մտէք աղօթքներու տակ։ Մի՛-մի՛-մի՛... Տեսէ՛ք, հօր ձեռքը կ՚երկարի, կը տարածուի... Մտէք երկինքներու տակ... Կապկապուեցէք... Մի՛-մի՛-մի՛... Կապ-կապ-կապ...

Երկար չտեւեց։ Հաստ գործիքներէ հաստ ձայներ դուրս եկան։ Անոնց միացան ռնգեղջիւր սեւ գործիքներ։ Վագր ու լայն պղնձափողեր յաղթականօրէն երկրորդեցին, խափանեցին միւսները... Կեանքը ուրիշ բան է, ուրիշ բան է՝ ուրիշ բան է... Միամի՜տ, միամի՛տ... Ուրիշ բան է, ուրիշ բան... Ու միշտ աղուէս ու ընծառիւծ Թօփալեաններու կրունկին տակ ոչխարներ Փափազեան ու եղնիկ Մոնիք... միամի՜տ, միամի՛տ... Հաստ, մութ խոնաւ ձայները։ - Կեանքը աս է, կեանքը վատ է՝ յաւիտեանս, ա՛տ է՝ ամէն... ա՛տ է, ատ...

Հակառակ ազազուն ու երկչոտ՝ սրնգափողերը համախմբուեցան եւ գրոհ տուին։ Ատ չէ, ատ չէ, լաւ է, լաւ է... Հռչակումներու սուսերամարտ... Ատ է... ատ չէ... Լաւ է... Լաւ չէ... Կը հաւատա՛նք... Չենք հաւատար... Լաւ չէ... Լաւ է...

Ակնթարթ մը Հրանտ սթափեցաւ։ Նոյն բաժնեակին մէջ, մեղմ ձայնով, վերին աստիճանի համոզկեր, տարիքոտ եւ աղքատ մարդ մը, կ՚ըսէր իր դրացիին որ մտիկ կ՚ընէր բարկ արհամարհանք մը ծածկած.

-Գիտէ՞ք ինչ կայ... Լաւագոյնը՝ մէկդի դնել է բոլոր մեծ բառերը։ Անոնք շփոթութեան գլխաւոր աղբիւրներն են։ Անոնք պատճառով մարդիկ իրար աւեի դժուար կը հասկնան։ Ինծի կը թուի սակայն որ ամբողջ մարդկութիւնը երկու խումբի կը բաժնուի։ ահաւորօրէն հակամարտ։ Մէկը կ՚ըսէ. «Այո՛, մարդը գա՜րշ արարած մըն է բայց կրնայ բարելաւուիլ։ Ուրեմն աշխատինք»։ Միւսը կը պատասխանէ. «Ո՜չ, ան այդպէս եկած է, այդպէս ալ պիտի մնայ։ Պէտք է որ ըլլան թշուառներ եւ հարուստներ, հիւանդութիւնը եւ աղքատութիւնը, տգէտներ եւ զարգացածներ, գերիներ եւ աւատապետներ։ Մէկ աշխատանք կայ ընելիք, աւատապետին կրունկը անընդհատ պէտք է ճզմէ միւսին գլուխը որ ակնթարթ մը չխորհի բարձրանալ։ Քաղաքակրթութիւնը նոյնքան հմուտներով որքան ստրուկներով կը կազմուի։ Փոխել ասիկա, ցնորք է... »

Հրանտ կիսովին կռնակը դարձուց անոնց։ Կ՚ուզէր միայն ունկնդրել իր համանուագը ու պայքար մը կը թաւալէր, անվերջանալի, անվերջանալի՜...

Ու յանկարծ, միայնութիւնը տարածուեցաւ։ Սրնգափողերը այս անգամ յառաջացան, նետեցին միջոցին մէջ, վառ հրթիռներու նման, մատնիներ, մատանիներ, մերձաւորին հեռաւորին, բոլորին... Ծածանեցին սպիտակ բեհեզներ, գործեցին արապէսքներ, ասեղնաբանուածքներ, եւ դեռ ջամբեցին մերձաւորին հեռաւորին, բոլորին, զոյգ զոյգ ձեռնոց, զոյգ զոյգ ձեռնոց...

Ու չկան ձայն մը, չկար հնչիւն մը որ անզօդելի փարումով չներդաշնակուէր համանուագին թագաւորութեան...

Անսպասելի ու դաժան, սակայն, ու յանկարծ, դեղին ւո սլացիկ շեփորէն հարցական մը, շանթի մը նման իջաւ, ճեղքեց, քանդեց, տիրապետեց... Տարտղնուեցան պարտէզները...

Եռանկիւն մատաղը սուր ձայն մը սկսաւ կճրտացնել, սղոցումի նման ամուլ, հեգնական... Հի-հի. -հի՛, հի-հի-հի՛...

Մեծ սնտուկին մագաղաթը թնդաց, ճարպառատ որովայնի մը թունաւորող հեգնանզովը՝ հա-հա-հա՛, հա-հա-հա՜... Բայց, խորհրդաւորօրէն կազմակերպուած, պղնձեայ այլ բերաններ միացան շեփորին ու անառարկելի սրբագործումներու ճշմարտութիւնը հռչակեցին... Ու երբ ծնծղաներու բաշերը թօթվուեցան, ու երբ առիւծի ագին թափահարեց տաուլին փորը, ահեղ որոտում մը անցաւ համայն նուագներու աշխարհէն ու դրաւ կրակը՝ հաւատալու յաւերժութեան, սրբազան պապակին... Բռնկեցաւ հրդեհը որուն ալիքներուն վրայ կը ճմռթկուէր, քստմնելի, տանջալիր դէմքերը վհուկներու Էտիթներու, Կէօլճիւքիէֆներու, Թօփուզեաններու...

Թաւ ջութակները որ երկար ատեն կը տրտնջային, թաւ, ազնիւ թաւ ջութակները, փիղերու երանութեան հանդարտ գաղտնիքը կ՚ըսէին եւ մեղադրանքներ կ՚արձակէին... Կ՚ուզէին վերահաստատել սրտերու շողարձակումներուն մէջ, ամէնէն թանկագին՝ վերին երանգը, երանգը՝ կարեկցութեան... Ու քոնթր պասերը, իրենց մեծ մօր գրկին մէջ կ՚օրօրէին Մոնիքներ եւ կ՚ուտային աներկրորդ շեշտը թաւ ջութակներու կանչին կը սփռէին, հորիզոնէ հորիզոն բոլոր մութ ու գէջ տարածութիւններուն ընդհանրական կարեկցութեան մեծ հաշտութեանց, ծիրանեգօտին...

Սրնգափողային  պարմանի մը, սեւ մեծ աչքերով, եկաւ նստեցաւ գոց դրան շէմքին։ Բոլորը, զարմացած, լռեցին, որովհետեւ ուզեցին լսել իր ողբը։ Ու ան գոց դրան շեմքին, հեկեկաց... Յետոյ, մեծաշռինդ ու բոլոր հորիզոններէն ձայներու ալիքներ եկան, բախեցան իրար, թնդացին...

Ու անգամ մը ես համբերելէ, ճգնելէ, տանջուելէ վերջ - անպատում տանջանքներ ու վերջը՝ ափոքալիփսեան պայքարներու - մենանուագող ջութակը վերջապէս քաշեց եւ դուրս բերաւ, մեծ շփոթի, որոտալիր աղջամուղջներուն մէջէն, ազգի ազգի ջութակային խումբերը, որոնք, միահագագ, անգամ մը ես դաշներգեցին յաւերժական ճշմարտութիւնը  Սիրոյ, անառարկելի՝ անգամ մը եւս ծաթող արեւին նման... Կը պատմէին հրաշքները որ տրուած է բոլորին... Ժամանակին մէն մի երկվայրկեանը պայթող ծաղիկն է հրաշքի մը... Կը բաւէ միայն հոգիի ակնարկներ  ձգել՝ տեսնելու համար... Հարկ է դուրս գալ մրջնանոցներէն, դադրիլ ըլլալէ խլուրդ, ընդունելու համար մեծ ընծան՝ հրաշքներու տեսիլքին...

Ու յանկարծ, լռեցնելով բոլորին, մեներգող թաւջութակը յայտարարեց։

-Իսկ եթէ ոչ, կ՚ուզէք մնալ խլուրդ, եթէ կ՚ապրիք միշտ մրջնանոցներու մէջ, այն ժամանակ, հարկա՛ւ, հարկա՛ւ կը զրկուիք հրաշքներէն... հարկա՛ւ չէք տեսներ զանոնք... Հարկա՛ւ, հարկա՛ւ։ Արդար է որ զրկուիք... Հրաշքը խլուրդներուն համար չէ, համար չէ, համար չէ... Զգո՜յշ, զգո՜յշ, աններող աստուած մը կայ, անողո՛ք... Զգո՜յշ, Մալան կ՚իշխէ հոն յորմէհետէ ժամանակը կը կորսուի  ետեւի դուռէն անգին, առջեւի դռնէն անդին... Զգո՛յշ, Մալան, Մալա՛ն անողո՛ք...

Ջութակները վերագրաւեցին առաջին մթնոլորտը եւ պարզեցին անհամար երազները հրաշքներուն, անծայրածիր տարածութիւններու մէջ, երկինքներու եօթն անգամ եօթը խորութեամբն ու երկայնքովը՝ անհատնում յաւերժութեան...

Ու սրտակեղէք, արտասուալիր հեկեկանքներով, մեներգող ջութակը, իր հաւատքովն անսասան բոլոր կարելի շեշտերովը անգամ մը եւս արձակեց հրաւէրը մեծ կոչունքին, անվերջանալի կերուխումին, ամէնօրեայ տօնակատարութեան՝ մերձաւորին, հեռաւորին, բոլորի՛ն, բոլորի՛ն...

Շոգեկառքը ուր Մատէնճեան կը գտնուէր՝ հինգ րոպէ աւելի շուտ հասաւ Նիսի  կայարանը։ Պահ մը վերջ՝ Նազարեան յայտնուեցաւ։

-Ես քեզի Էսթերէլի մէկ անկիւնը կը կարծէի, ըսաւ Մատէնճեան եւ ողջագուրուեցաւ ընկերոջը հետ։

-Դեռ երկու օր առաջ հոն էի՝ Ակէի մօտ։ Առանձին՝ սկսայ քիչ մը ձանձրանալ, եկայ մօրս եւ եղբօրս քով որ Սէն Սիլվէսթրի բարձունքին, ինչպէս գրած էի, վիլլա մը վարձած է։

Կանգ առին շուկան Մայթերուն վրայ, սեղաններու երկայնքին, գոց շուկային մէջ փռուած դիզուած էր աշխարհի բարիքը։ Պտուղ-բանջարեղէն ծաղիկ, մսացու կենդանի՝ նոյն օրը միայն զրկուած իրենց  կեանքէն, կ՚արտածորէին անսահմանելի բուրումներ, կը փայլէին գոյներու արտակարգ թարմութեամբ։ Նազարեան լեցուց կառքը իսոթով, լոլիկով, ձմերուկով, սեխով, խաղողով, մեխակներով, թուզերով որովհետեւ բաւականին հեռու էին քաղաքէն եւ պարենաւորման գործը՝ հարց մըն էր։

-Կը տեսնեմ որ կ՚ախորժիս...

-Ամբողջ տուփ մը դեղահապ նոյն հեշտութիւնը չի վերադարձներ  ջիղերուս, ինչքան կէս ժամուայ գրանցութիւնը՝ հողին ծածանող հոգիին հետ, պատասխանեց Հրանտ։

Կէրոյի ճամբան անընդհատ կը բարձրանայ, մերթ բերելով անակնկալօրէն, կոպիտ անկիւնադարձներ, «վարսասեղի» ձեւով։

-Ահա՛, ըսաւ Հրանտ, երբ մտան իրենց պարտէզը, լռութիւն, առանձնութիւն, քաքթիւս, ժերանիոմ, լեմոնենի, նարնջենի, ձիթենի եւ՝ շուշան ու վարդ...

Պետրոս համբուրելէ վերջ Տիկին Նազարեանին  ձեռքը, բարեւեց Զարեհին որ անդին, գորգի կտորի մը վրայ, արեւի բաղնիք կ՚առնէր։ Յետոյ, ինքզինքը ձգեց կանաչ, մետաղեայ աթոռի մը մէջ որ արեւին տակ կրակ կտրած էր։

Պարտէզին ստորոտը կը տարածուէին մշակուած հողերու մեծ քառամասեր, հեռուէ հեռու վիլլաներ, եւ աւելի հեռուն՝ քաղաքէն շերտ մը, լեղակագոյն ծովէն շերտ մը, եւ դեռ ալ աւելի լեղակ շերտ մը երկինքէն։

Հրանտ ինքն ալ երկարեցաւ օթոցին վրայ, գլուխը խսիրէ լայնեզր  գլխարկով մը պաշտպանելէ վերջ։ Երկար ատեն լուռ մնացին։

Պետրոս ինչպէս կ՚ըսեն, մէջէն կը կրծուէր։ Ծերացած էր։ Գլխու լերկ գագաթին չորս կողմը մազերը բաց գորշ իսկ ականջներուն չորս կողմը՝ ճերմակ։ Կապարագոյն մորթ մը։ Զսպանակները կոտըրտած։ Աղուոր վրդովումներու, ընդվզումի, պոռթկումներու տղայ, բայց ընդհանրապէս խորօրէն հեզաբարոյ այժմ իր մեղմութեանը  քստմնելի երանգ մը կը խառնուէր.

-Էտիթին կը տեսնէի՞ր... հարցուց վերջապէս, անտարբեր շեշտով շեշտով մը։

-Երբե՛մն...

Հրանտ քանի մը բառով յայտնեց որ երկու օր Աշխէնը իր հետ եղած է (Մոնիք երկու անուն տնէր, ըստ յարմարութեան՝ Մոնիք  կամ Աշխէն)։ Հետաքըրքրուեցաւ անոր գրական ծրագիրներովը։

-Չէ՛, պատասխանեց, գրական մրական՝ ատիո՜ս... էտիկ վերջացաւ... Բանի մը պիտի կառչիս որ վար չիյնաս, չէ՞... Առ այժմ կառչած եմ Փարիզ մանտաներ յղելու կանոնաւորութեանը...

-Հրա՛նտ արեւի պէնդ կրնա՛ս առնել, գորգը ազա՛տ է, պոռաց Զարեհ որուն կարմրած դէմքէն քրտինքի մեծ կաթիլներ կը վազէին։

-Էտիկս վերջա-ցա-ա՛ւ... կրկնեց դարձեալ, ինքզինքը լաւ մը հարցաքննելէ վերջ։ Ամէն ինչ հալու կեանքին մէջ տարապարհա՛կ պիտի ըլլալ։ Գրականութի՞ւնն ալ։ Արուեստ՞ն ալ մոլութիւն պիտի դարձնենք, ալքո՛լ, թղթախա՛ղ պիտի դառնան։ Ո՛չ։ Մարդկային, տանելի կեանք մը պիտի ըլլայ որուն մէջէն ծորի անոր ամէնէն ազնուենի հիւթը՝ արուեստը... Տառապանքը պայման ազնուացման՝ շա՛տ գրքունակ է, շա՛տ Փրկութեան Բանակ կը հոտի։

-Ի՞նչ կայ, տղա՛ս, տխու՛ր կ՚երեւաս... Մայրիկդ, եղբայրդ ինչպէ՞ս  են։ Եկէք պտուղ կերէք։ Թուզերը անմահական են, կանաչ ըլլալնուն մի՛ նայիք, ըսաւ Տիկին Նազարեան, մեծ պնած մը զետեղելով սեղանին վրայ եւ զաւկին դառնալով. - Գիտէիր որ թուզը քովի պարտէզէն կ՚առնէինք, ինչու՞ նորէն գնեցիր։

Բաւական ժամանակ յետոյ փոքրիկ թուզի մը դպաւ միայն։ Հրանտ երկու երկվեցեակ մը ճաշակած էր արդէն։ Պետրոս դարձաւ եւ շեշտակի ընկերոջը նայեցաւ որուն խսիրին տակ պահուած դէմքէն շատ բան չէր երեւար։

-Հրա՛նտ...

-Հը՞։

-Կը խորհիմ կեանքս վերջ տալ, յայտնեց, զարմացնող մեղմութեամբ մը։

-Խե՛նթ ես... Ես խենթերու հետ գործ չունիմ, գիտե՛ս... Վեր ցատքեց եւ խսիրը գլխէն ետ նետեց։

-Յայտնի է որ մահուան մասին չես մտածած, յայտնեց նոյն հանդարտութեամբ, երկու թեւերը վերբարձրացուց. պրկուելով ապա սկսաւ յօրանջել։ -Ես քանի մը անգամ, Սէնի երկայնքին բաւական խաղացի հետը։ Աւելի շուտ ինք հետս խաղաց։ Բան մը չէ՞։ Սխալ է կարծուածը՝ բան մը չէ՛։ Հիչ  պիր շէյ...

-Ես քեզի հոս բերի որ հա՞... Ես Յաղթանակը փառաբանող սէմֆօնիի մէջ եմ. անաիկա եկեր... Ի՞նչ է ի՛նչ կայ, ի՛նչ է պատահեր...

-Կեանքը անհամցեր է։ Չէ՛, շա՛տ աւելի ծանր՝ ճաշակող բերա՛նը  համ չառներ...

-Ի՞նչ է պատահեր, դուն ինծի ան ըսէ։

-Ոչինչ։ Կերածէդ համ չես առներ։ Արդէն ուտել չենք գիտեր։ (Լռութենէն մը վերջ՝ վճռական)։

-Կոշտացեր ենք։ Պատառաքաղը մէկդի կը ձգենք, ոսկորը մատներով կը բռնենք։ Կեղտոտ կը ճաշենք։

Չենք խոզանակուիր ընդհանրապէս։ Ուտելու ատեն հազդ կը բռնէ անպայման  եւ դիմացինիդ երեսին ուտելիքի կտորներ կը  զրկես։ Ճաղատցեր ենք, հաստըցե՛ր։ (Համոզուած արարգութեամբ) Կոշտացե՛ր ենք, կոշտացեր... Ռաթէներ...

-Ա՛ռ քեզի պատմութիւն։ Երբէ՛ն ի վեր կոպիտ ճաշելու համար մարդ անձնասպան կ՚ըլլայ։

Զարեհին երկու ընկերները արդէն եկան եւ արեւով ողողուած, լուռ միջոցը լեցուցին քլաքսոնի սարսափելի աղմուկով։

-Պատրաստ ե՛նք, պոռաց Զարեհ ամբողջ ուժովը։

Յետոյ բոլորը խուժեցին պարտէզ եւ ոտքի հանեցին երկու ընկերներն ալ։ Ինչ ալ որ ընէին՝ կամակատար՝ Պետրոս թոյլ կուտար։ Ծով երթալու ժամն էր։

Կառքին մէջ. օտարոտի ժպիտ մը առած, ցած ձայնով Հրանտի ականջին  մօտենալով, կմկմաց.

-Կատա՛կ կ՚ընէի, կատա՛կ... (Տեսնելով որ չի հասկնար) Քիչ առաջ՝ կատա՛կ  կ՚ընէի...

Ամէնէն գեղեցիկ օրերէն մէկն էր։ Ծովը անշարժ։ Պարբերաբար  բոլորովին վերջամասին, կը թօթվէր ոլոր ու բեկբեկ քղանցքները որ մեղմօրէն հազիւ կը ճերմկնային եզերքին։

Հրանտ որ լողալ շատ կը սիրէր՝ տենդագին աճապարանքով սահեցաւ լեղակի անծիր ու անխլիրտ մակերեսին։ Տիկին Նազարեան ինչպէս ամէն անգամ բռնուեցաւ անձկութեամբ։ Չէր ուզեր որ զաւակը շատ հեռանալ ափէն մինչ ան օր կար, գրեթէ հեռուն կէտի մը կը վերածուէր։ Ամէն մարդ գիտէր որ շնաձուկեր տրամներու պատճառ եղած էին։

Պետրոս ամբողջ մարմնովը երկարած աթոռի կտաւին, երկու ձեռքերը գլխուն ետեւ, մնաց անշարժ։ Կէսօրէն շատ հեռու չէր։ Բազմութիւնը կը վխտար աւագին վրայ։ Բնական ուրախութեան շամփանեան երիտասարդութենէն անընդհատ  կը պոռթկար. կը կատղէր։

Տիկին Նազարեան որ իւղ քսուած, ցաւոտ սրունքները արեւին էր յանձնած, յանկարծ շուարած դէմք մը առաւ։ Դարձաւ դէպի Պետրոսը։ Նոյն պահուն հալէւուտեան կերպարանքով, ա լա Տուկլաս Ֆէրպանք  պեխերով մկանուտ երիտասարդ մը՝ յաղթագնաց յովազի ինքնավստահութեամբ, կ՚անցնէր ընկերացած Էտիթին որ մօրէ մերկիկ էր, եթէ չհաշուէինք  ընդամէնը երկու ձեռք մետաքս։

-Հը-լօ՛, Մաճի... պոռաց ժպտերէս՝ ամուսինը ճանչնալով Քիչ յետոյ կուգամ քիչ յետոյ, սպասէ այդ տեղ... Քիչ մը հեռանալէ վերջ, ետին դարձաւ կիսովին եւ ձեռքի շարժումով  մը.

-Պա՛յ-պա՛յ, պա՛յ-պա՛յ...

Նազարեան վերադարձաւ։ Սսկսաւ սրբուիլ աշխոյժ շարժումներով։ Ծովի լոգանքը կուտար իրեն անսահման խաղաղութիւն մը որ կը տարածուէր մէն մի գնդերին, ինչպէսեւ մտքին։ Կեանքը ամբողջ կը լուծէր իր սեղմ թնճուկը ու կը հնչէր քնքուշ ռոմանսի մը նման։

Բաւականին մեծ անակնկալ մը։ Հրանուշը յայտնուեցաւ։ Ժպտագին, չարաճճի, Տիկին Նազարեանին մօտէն, Հրանտին զարմացումը կը քննէր...

-Այո՜, այո՜, նոյն ինքն, ե՛ս եմ... «մեր մէջ ունինք յայտնի արուեստագիտուհի՝ Տիկ. Հրանուշ Ադամեանը... »

Սկսան խնդալ։ Այս այն անխուսափելի մասն էր ճառերուն որ կ՚արտասանուէին Ամերիկա եւ քիչ մը ամէն տեղ, հայկական հաւաքոյթներուն։ «Մեր մէջ ունինք... »

Բաւական վերջն էր միայն որ, մօրը մէկ յամառ ակնարկին վրայ. Հրանտ կռահեց որ Պետրոսին վերաբերեալ նոր բան մը պատահած է։

-Ճի՛շդ ըսէ, քիչ առաջ վախցա՞ր... հարցուց Պետրոս ընկերոջը որ նմանապէս երկարած, արեւին էր յանձնուած։ Քիչ առաջ, երբ... կ՚ակնարկէր անձնասպանութեան իր դիտաւորութեանը։

Հրանտ բարկացաւ։

-Չե՜մ հաւատար, հասկցա՞ր... Հաջան շունը խածան չըլլար։

-Մա՛հ, մա՛հ... Ի՛նչ է որ վերջապէս, վրայ բերաւ Հրանուշ, ես չեմ ըսեր որ անձնասպանութիւն որոճանք, բայց ի՛նչ է վերջապէս, ի՛նչ է որ մահը... Այնպէս չէ Հրանտ։

-Մահուան զգացումը մէկն է անոնցմէ որ կրնա՛յ մարդը նուազ գձուձ դարձնել։ Բոլոր Թրաֆիքանները կը կարծեն որ հազարաւոր տարի պիտի ապրին։

-Չէ՛, խնդիրը այդ չէ, շարունակեց Պետրոս, քստմնելի հանդարտութեամբ մը։ Ամէն ինչ կեանքի մէջ երկու գլխաւոր փուլէ կ՚անցնի, ինչպէս հիւանդութիւնները, նաեւ անձնասպանութեան գաղափարը, նախ սուր, յետոյ՝ քրոնիք։

-Ա՛խ, ան սու՜ր շրջանը, երբեմն՝ վայրագ խան մըն է, ընդմիջեց Հրանուշ։

-Այդ շրջանին կը պատկանին մեծամասնութիւնը անձնասպանութիւններուն, շարունակեց Պետրոս, սիրոյ, յուսահատութեան, խաղի, մեծ կորուստներու։ Իսկական անձնասպանութիւնները չեն անոնք։ Հետաքրքրականը մի՛ւսն է։ Ձեռքը բերնին տարաւ յօրանջելու համար, ծամածռեց կզակները բայց չյաջողեցաւ։

-Այսի՞նքն, հարցուց Հրանտ։

-Այսինքն՝ միւսին որ հասա՛ր, արդէն կատարուած է... Կարեւորը՝ ներքնապէս կատարուած ըլլալն է... քոնսոմաթոմ էսթ... քրոնիքին հայերէնը ի՞նչ է...

-Ինչ որ է, խնդիր չէ... Քրոնի՛ք, խրոնի՛ք, մէկ խօսքով... Հիմա՝ վերջի հարուածին, վերջի կրունկի հարուածին խնդիրն է... Կոճղը ամբողջովին ածխացեր՝ կը ծխայ, փիս փիս կը ծխայ։ Միայն կը մխոտէ ու կը սեւցնէ։ Կրունկի կտրո՜ւկ հարուածը, վերջացա՛ւ, վէյսելամ... Թը՛ք, այդքա՛ն...

Տիկին Նազարեան որ տղուն քիչ մը այրած ուսերուն վրայ քոքոյի իւղ կը քսէր եւ զգուշութեամբ կը փսփսար Էտիթին քիչ առաջուայ յայտնումը, չկրցաւ մեծ անձկութեամբ մը չհարցնել.

--Ի՞նչ կայ, տղա՛ս, Պետրո՛ս, ի՞նչ է պատահեր... Ի՜նչ որ մարդկային է՝ մեզ բոլորի՛ս համար է... Պիտի պատահի ամէնո՜ւն։ Պէտք է որ... ինչո՛ւ, երբեմն չէք ապաւինիր... անծանօթին, մեծ Անծանօթին... թող այդպէս ըսած ըլլամ...

Տիկին Նազարեան նոր բառեր կը փնտռէր որ չի խրտչեցնէ մտաւորականները, բայց պարզապէս աղօթքին կ՚ակնարկէր ուր ինք սփոփանք գտած էր այլապէս մեծ վիշտերու եւ փորձութեանց մէջ։

Հրանուշ պայուսակէն անուշահոտութեան սրուակ մը հանեց եւ աչքով ունքով հասկցուց որ մայրը անով օծանէ տղուն մազերը։

Պետրոս նստեցաւ եւ շատ յարգալիր ու միշտ մեղմ.

-Բան չէ պատահեր, Տիկին Նազարեան, գոնէ մասնաւոր բան չկայ... Ինքզինքս չեմ սիրեր։ Առաջ կ՚երգէի, կը կատակէի։ Եղբօրս, քրոջս բան մը պատահէր, ամէն ինչ ձգած, անով կ՚զբաղուէի։ Եւ ա՛յդ կ՚ըլլայ ուրախութիւնս։ Նախատինք մը ուրկէ՛ ալ գար ինծի, կա՛մ չէի հասկնար, կա՛մ ժամ մը յետոյ կը մոռնայի։ Հիմա, ինքզինքս չեմ սիրեր... Կոշտացեր ենք, ճաշել չենք գիտեր... Ուր որ երթամ, ինչ որ ընեմ, կը ձանձրանամ։ Ուր որ երթամ հետս կը տանիմ դժգոհութիւնը։ Առաջ՝ կը բարկանայի երբեմն։ Հիմա՛ ը-ը՛մ։ Ո՛չ ոք եւ ո՛չինչ կրնայբարկացնել զիս... Կա՛րճ ո՛չ կեանքը ինծի կ՚ուզէ ո՛չ ալ ես կեանքը, ՔոնսոմաԹոմ էսթ...

-Անցողակի՛ կրնայ ըլլալ, տղա՛ս։ Պէտք ունիս առողջանալու, պէտք ունիս... անկեղծ գորովանքի սը։

-Ատանկ բան ինծի չի պատահիր։ Ուր մնաց որ բանի մըն ալ պէտք չունիմ։ Առաջ, երբ հալերուն մէջ բեռնակրութիւն կ՚ընէի, եւ երբեմն  ալ Սորպոն կ՚երթայի, շատ մը անծանօթ ու հրաշալի բաներ կը սպասէին ինծի, գալիք օրերուն մէջ։ Այն ժամանակ ծրագիրներ ունէի, կը ժպտէի... Հէմա՝ ը-ը՜մ...

-Հիմա՜... (Յանկարծ, անդիմադրելի մղումով, երկու թեւերը բարձրացուց վեր, սկսաւ պրկուիլ։ Ապա՝ լայնաբաց կզակներով յօրանջելու սարսափելի եւ դարձեալ անյաջող ու երկար փորձ մը։ Ձեռքը որ բերնին տարած էր՝ վար առաւ)։ Ներեցէ՛ք... Հիմա՛, եթէ պարզ պիտի խօսինք, ամէ՛ն ինչ կեղծ է, ամէն տեղ կեղծի՛քը կը տիրէ։ Մեր անհատակա՛ն առանձնութեան մէջ, մեր ընտանիքին  մէջ, մեր հանրային կեանքին մէջ, ինչ որ կ՚ըսենք, ինչ որ կը գրենք, ինչ որ կ՚ընենք՝ սու՛տ է։ Մեր կեանքի անկողինը ուր կը թապլտկինք՝ ոջիլներ միայն կը վխտան, մրջնանոցի խտութեամբ ոջիլ։ Ինծի համար՝ բացարձա՜կ է՝ ով որ մեր գաղութներուն մէջ կրնայ ապրիլ՝ ոջլոտած է անդարմանելիօրէն... (Լռութենէ մը վերջ)։ Ամէնէն շատ ոջիլ՝ ի՛մ անկողնիս մէջ։ (Շնական խնդուքով մը)։ Ոջիլները կերա՛ն, ինչ որ ունէի՝ կերա՛ն...

-Նախ եւ առաջ Աշխէնը կայ։ Մնացեալը հետզհետէ կրնայ փոխուիլ։

-Աշխէ՞նը... Չորս տարեկան է, հը՞, բայց արդէն մօրը՝ քոփին, անոր գործակիցը, անոր գործակալը... Ես օտար մըն եմ, ուր որ ալ երթամ...

Հրանտ մօրը ձեռքը իր երկու ձեռքերուն մէջ առած՝ երեսին սեղմած կը պահէր։ Ան, աթոռին ետեւը ոտքի, միւս ձեռքովը տղուն գլուխը կը փայփայէր ու կ՚օծանէր Հրանուշին անուշահոտութեամբը։

-Երթամ Զարեհին դռնակը սրբեմ, վշտագնած ըսաւ Տիկին Նազարեան եւ յառաջացաւ դէպի փոքր տղան որ ծովէն վերջ, պաղ տուշ մը առած էր եւ կը հեւար՝ ճեփ ճերմակ կտրած։

-Այդ երկրորդ վիճակը՝ քրոնիքը, փա՛ռք Աստուծոյ, դեռ ինծի անծանօթ է... Ատիկա ան միւսէն աւելի՛ գէշ ըլլալու է, այնպէս չէ՞, Հրա-ա՛նտ, հարցուց Հրանուշ, ըստ իր սովորութեան, որուն արուեստական խոնարհութիւնը կուսական հրապոյր մը կուտար իրեն։

-Առաջինը երկար չի տեւեր, կը բաւէ որ մարդ ինքզինքը մէյ մը բռնէ...

-Լա՜ւ, ըսաւ Հրանտ, ոտքի ցատքելով, երբ այսքան փիլիսոփայել կարելի է, անձնասպանութեան անմիջական վտանգ չկայ... Ես հագուելու կ՚երթամ։

Վերադարձին ամէն մարդ բացի Պետրոսէն, Տիկին Նազարեանին սպասարկած պտուղն երբ կ՚ուտէր։ Ողկոյզ մը մալակա, ողկոյզ մը միւսքա պահած էր մայրը նաեւ մեծ տղուն, քաջ գիտնալով անոր նախասիրութիւնները։

Ժամանակ էր մեկնիլ ու ճաշել։

-Ես այստեղ ձեր բոլորէդ հրաժեշտ պիտի առնեմ՝ յայտնեց Պետրոս։

-Ինչպէ՞ս թէ, վրայ բերաւ Հրանտ՝ գայթակղած։

-Փարիզ պիտի երթամ։

-Տղա՛ս, Տիկինը  պիտի գայ հիմա։ Մոռցա՛ք, այդպէս ըսաւ...

Պետրոս, անտարբեր, ուսի շարժում մը ըրաւ։

Մեծ դժուարութեամբ, գրեթէ բռնութեամբ Նազարեան յաջողեցաւ պահել զայն, խոստանալով ամէնէն ուշը՝ երկու օրէն ընկերանալ անոր դէպի Փարիզ։ Ոչ ոք մտածեց «Տիկինին» սպասել։

-... Ես այսօր ձեզի... եւ դուք, վազք կ՚ուզէք մեկնիլ... յայտնեց Հրանուշ՝ Նազարանին, երբ  խմբովին աւազներուն աւազներուն վրայէն կը դիմէին փրոմնուտտէ զ՚Անկլէի շքեղ ու ծաղիկով եզերուած սալարկները։ - Ես արդէն միշտ հեռու էք... Ինչ որ ալ ընեմ՝ անկարելի է որ խօսինք։ Առաջ ինչ դիւրութեամբ կը ոգեւորուէիք, որ եւ է մէկ խօսքի վրայ... Միշտ բան մը ունէիք բացատրելիք։ Ինչպէ՛ս գիտէիք կեանքը կախարդական դարձնել...

-Ես ինքս... Պէտք չէ նեղանալ, Հրանու՛շ։ Միշտ անհանգիստ եմ... Համանուագ  մը սկսալ՝ կէս ձգած, միայնութենէս յանկարծ... Ինծի կը թուի որ, այս բոլոր օրերուն, ես չէ որ կը տնօրինեմ իմ կեանքս... Միշտ անհանգիստ եմ... (Վճռական)։ Պէտք է որ Փարիզ երթամ...

Երբ Հրանտ արդէն մոռցած էր իր խօսակիցը, ան կամաց մը հեռացաւ քովէն եւ Տիկին Նազարեանին մօտենալով հարցուց շշնչագին.

-Արփիկը Փարիզ վերադարձա՞ծ է արդէն։

Մայրը, յաճախ թախծոտ, գլխով հաստատական պատասխան տուաւ։

-Այս առաւօտ բացիկ մը եկաւ...

Յաջորդ օրնիսկ առին ճեպընթացը՝ դէպի Փարիզ։ Ճամբան յանունս խօսեցան սիրոյ, մահուան, ապագայի ընկերութիւններուն, մեր հայրենիքի մասին. մինչեւ որ յոգնեցան։ Խորհրդային Հայաստանը նմանապէս դադրած էր կռուան մը ըլլալէ Պետրոսին համար որ դարձաւ ընկերոջը, ցած ձայնով եւ կտրուկ։

-Հայաստանը մեզի պէտք չունի... Արարատի օդը ոջլոտածներուն չի գար...

Հրանտին մեղմ բայց անդադրում ու քողարկուած սրսկումները՝ կեանքի մը ի խնդիր, մէկ անգամ համբերանքէ հանեցին զայն եւ ան ունեցաւ իր հին ընդվզումի պոռթկումներէն մին.

-Հա՛, գիրքս ձեռքիս, նորէ՛ն խանութէ խանութ, նորէ՛ն լսելու համար նախատինք ու հեգնանք, Թրաֆիքաններէ, ուղղուած ազգիդ, հայ գրականութեան, քեզի, կնոջդ... Եւ ես սուտ խենթ պիտի ձեւանամ, կլլե՛մ, կլլե՛մ, մինչեւ որ հարիւրնոց մը նետեն... Ատ հարիւրնոցնե՞րը ինչ պիտի ընեմ։ Ա՛յդ է հետաքրքիրը... Մանաւանդ, մանաւանդ՝ ա՛յդ... Պիտի տանիմ որ կնիկս մետաքսէ վարտիկ առնէ ու վերջն ալ տանի բարակ պեխերով յովազներու ցուցադրէ... (Քստմնելի հռնդիւն մը եւ անլսելի խօսքեր։ Դէմքը, թունաւորուածի կապարագոյն երանգը առաւ։ Ճակտին ու վերի շրթունքին՝ քրտինքի կաթիլներ երեւցան։ Բիբերուն շրջանակը պզտիկցաւ ու ասեղներ ցցեց։ Պաղ ու մարած ձայնով.

-Ափսո՜ս, ամէն բանի մէջ միջակ ենք, ցած ենք։ Ես կնիկս ալ հետս պէտք է տանեմ խանութէ խանութ... Ձեռքը կոկորդին տարաւ։] - Քիչ մը ջո՜ւր, եթէ կարելի է...

Օտար ճամբորդները շատոնց կը քննէին այս օտարոտի ընկերները։ Անոնցմէ մին հայերէն... հասկցաւ եւ գաւաթով սուրճ երկարեց, թէրմոսէ մը լեցնելէ վերջ։

Երկար ատեն կոպերը մնացին փակ։ Ոտքերը երկարեց։ Շատ չանցած՝ մեծ աղմուկով սկսաւ քնանալ։ Սարսափելի քուն մը... Այնպիսի դէմք մը առած էր որ կարելի չէ յատկանշել եւ որուն անհնարին էր երկար ատեն նայիլ։ Յանկարծ, ընդոստ, արթընցաւ։ Մտրակի հարուածի մը տակ իր զարթնումը աւելի խելառ պիտի չըլլար։ Մեծաբաց աչքերը սկսան ներկաները դիտել, առանց ճանչնալու զանոնք։ Բազմաթիւ տասնեակ երկվայրկեանէ վերջ միայն գիտակցութիւնը յամրաբար սկսաւ վերադառնալ եւ մարդկային դարձնել անոր բիբերը։ Հաւաքեց ինքզինքը նստեցաւ ուղիղ, գլուխը կախեց։

-Ինծի նայէ, Հրա՛նտ, ըսաւ վերջապէս, քանի որ այնպէս ալ տեղի պիտի ունենայ այնպէս ալ, գոնէ բանի մը ծառայէ...

-Ի՞նչ բան, հարցուց ընկերը, անկեղծօրէն չհասկնալով ակնարկութիւնը։

-Այնպէս մը ըլլայ որ, սենեակի մը մէջ, սանկ, Էտիթը չի կարենայ փախչիլ, եւ ես, կամաց կամաց, աչքին առջեւ... (Նոր ոգեւորութեամբ)։ Հա՛, աչքին առջեւ, երկարօրէն, կամաց կամաց, եւ դանակով եւ, եւ՝ դանակով, անպայմա՛ն, միա՛յն դանակով... (Ցուցամատը օդին մէջ շարժելով։) Ասանկ բան մը կայ արդէն վէպի մը մէջ, ասոր պէս բան մը ըլլալու է...

Քանի մը րոպէ լռեցին։ Հրանտ անընդհատ, մտովին, կարթը կը նետէր՝ կռուան մը գտնելու համար։

-Շատ չեմ հասկնար քեզի, Պետրո՛ս, սիրելի՛ս, վերջապէս նո՛ր չէ այս կացութիւնը։ Եթէ չեմ սխալիր՝ տարիներ կայ արդէն։

-Նոր բան կայ, շա՛տ նոր։ Նորը այն է որ, առաջ, այդ տարիներուն՝ մեծ զգացում մը ամբողջովին գրաւած էր զիս, ափսոսանքի սարսափելի զգացում մը։ Ատիկա կեանքէն միակ բաժինս էր։ Կ՚ափսոսայի անդադրում ընտանեկան վճիտ կեանք մը որ կրնայի  ունենալ եւ որ կոխկռտեցի։ Եւ որ պղծեցի։ Բախտին կառքը մէկէ աւելի անգամներ  եկաւ եւ կանգնեցաւ դէմս։ «Ցատքէ, պոռաց, շու՜տ, պիտի տանիմ հոն ուր որ կ՚ուզես։ Հրաշալի պարտէզի մը մէջ ուր ծաղիկները չեն թառամիր»։

Կռնակս դարձուցի եւ ուղղուեցայ դէպի գռիհները... Քանի մը տարի վերջ նորէն մոգական կառքը եկաւ եւ կեցաւ առջեւս. «Ցատքէ՛... » Տատամսեցայ եւ ուղղուեցայ դէպի գռիհները... Այդ մօգական  կառքը չի՜ սպասեր, չի սերեր սպասել... (Պահ մը լռեց։ Յետոյ, յանկարծ, համազարկի մը նման, բռունցքը մէկ քանի անգամ օդին մէջ իջեցուց)։ Աղէ՜կ եղաւ... Այդ կառքին մէջ շուայտներուն համար տեղ չի կայ... (Դարձեալ լռեց եւ երբ վերսկըսաւ՝ բոլորովին մեղմ էր ձայնը)։ Այդպէ՛ս, յետոյ տարիներ ափսոսացի, ապրիլը՝ ափսոսալ եղաւ... Ա՜, ահաւոր բան է անվերադարձ կորուստը ափսոսալուն այդ զգացումը։ Ափսոսացի կորսուած ժամանակը օր կը հեռանար անընդհատ  անցեալի անդունդներու մէջ։ Ուզեցի վազել ետեւէն։ Ներկան խածածա կոկորդէս՝ գետին կը զարնէր զիս։ Երբ կեանքը  եղած էր ինծի, վանեցի, զայն զետեղելով շուայտութեան մահովը... Հիմա՝ ալ ուշ է... Անիկա անընդհատ, անընդհատ Անցեալի երկինքներուն մէջ, երկինքի սահանքներուն մէջ կը սուրայ... Նորութիւնը ա՛յս է՝ այդ ափսոսանքն ալ դադրած եմ ալ ունենալէ, զգայնութեանս աղբիւրը այդ կաթիլներն ալ չի հոսեցներ ալ, ինչպէս անկարութիւնը՝ կորսըւած առնականութեան։

Քոնսոմաթոմ էսթ... Տեսա՞ր նորութիւնը... աղուոր է, տը՞, անուշիկ է... Ամէնայն ինչ կատարեալ է... «կատարեալ» այստեղ աշխարհաբարի իմաստով պէտք չէ առնել՝ կատարեալ է, այսինքն կատարուած է, լրացած է, սպառած է, սպառա՛ծ, սպառա՛ծ...

Կառ տը Լիոնէն իսկ բաժնուեցան իրարմէ։ Հակառակ իր դիտաւորութեանը՝ Հրանտ բաւականին  դիւրութեամբ համոզուեցաւ լքելու ընկերը այնքան որ իր ալ ներքին անհանգստութիւնը կը քշէր զինք դէպի իր կեանքի թաւալման անտեղիտալի հանգըրուանները...

Դարձեալ այն օտարոտի, արգահատող ժպիտի ծամածռութեամբը.

-Մի՛ վախնար, մի՛, ես կատակ կ՚ընէի...

-Ամէն պարագայի՝ խօսքդ խօսք է՝ կա՜մ ամէն օր պիտի անցնիս ինձ մօտ, կամ պիտի հեռաձայնես։

Հէ՜յ ջան աղջիկ, մարալ աղջիկ,

Ափսոս թռչել չգիտես.

Էտ ծմակում լռիկ մնջիկ

Պիտի թողնես վարդի պէս։

Յաջորդ օրը՝ կիւրակէ, պիտի ճաշէր Վարդաններուն մօտ ուր հրաւիրուած էին նաեւ Գափլանեան քոյրերը։ Ամբողջ յետմիջօրէն եւ մինչեւ գիշերը ուշ ատեն՝ հէքեաթի մը նման անցաւ։

Ալիս եւ Զարուհի, մէկ քանի անգամ, քօղարկեալ ակնարկութիւններով կարմրցուցին իրենց մեծ քոյրը որ, Մեժէվ, ցրուիչին ետեւէն վազեր է՝ ինչ որ նամակի սպասելով։ Ամսուայ մը բաժանումին ամառնային արեւը զգալապէս հասունցուցեր էր սիրոյ  պտուղը։ Քնքուշ ու ամբողջական յանձնուումով՝ թոյլ կուտար որ Հրանտ անվերջօրէն պահէ մանրիկ ձեռքը իրենին մէջ։

Կատակ, մանրավէպ, վիճաբանութիւն՝ սիրոյ, արուեստի, բանաստեղծութեան շուրջ։ Եւ նաեւ, եւ մանաւա՛նդ՝ ե՛րգ։ Հրանտ, գերագոյն ճիգերով, ընկերացաւ Արփիկին՝ Տըլէ Եամանին երկայնքին։ Արփիկ հետզհետէ ձերբազատուեցաւ զինք կաշկանդող, խեղդող շղթաներէն։ Յաջորդ երգին առաջին տունը դարձեա՛լ կաղաց, դարձեա՛լ տեղի ունեցաւ թօնի յանկարծական փոփոխում։ Զարուհի վշտագնած էր քրոջը անյաջողութենէն, երբ, տունը, ինքնավստահութիւնը ինչպէս կուտար անոր հնչիւնին՝ բոլորովին ուրիշ արտայայտութիւն։ Եւ սակայն, երկրորդ տունը, անսպասելիօրէն, եղաւ կատարեալ։ Մէկ անգամէն յուզումի յորձանքը ժայթքեցաւ եւ առաւ իր հեղեղին մէջ բոլոր ներկաները։

Վարդի թուփէն փունջ կը կապեմ.

Սիրած եարիս նուէր կ՚անեմ...

Աւշալիր, թարմ, գերազանցապէս յուզակա՜ն... Երկու քոյրերը վերջապէս քիչ մը հանդարտեցան եւ ժպիտը վերադարձաւ իրենց դէմքին։ Խորունկ եղաւ նաեւ ցնցումը Հրանտին։ Այն անհանգստութիւնը, ներքին, խուլ, կրծող, անորոշ, վտանգալիր, որով չարչարուած էր Նիսի իր վերջին օրերուն՝ չքացաւ։ Այդ յուզումին տակ անշուշտ բա՛ն մը կար, զայն հոսեցնող ա՛կ մը գոյութիւն ունէր, սիրտ մը անշո՛ւշտ որ գերազանցապէս կ՚ազգակցէր իրենին եւ որուն հետ անկարելի էր գալոց օրերէն՝ ներդաշնակութիւն չյուսալ...

Մեծ եղաւ զարմացումը Հրանտին երբ դուռը զարկին եւ Հրանուշը յայտնուեցաւ։ Սեւ քրէփ տը շին, ծաղկաւոր սեւ քող մինչեւ դէմքին կէսը, Նիւ Եորքի եւ Փարիզի խառն ոճով՝ տիրապետուած Հոլէւուտեան երանգով։ Օրօրուն, թախծոտ ժպիտ՝ աշնայնի, գերաշարժ բիբեր...

Գափլանեան քոյրերը մռայլեցան։ Չէին կրնար հանդուրժել այս կինը։ Իսկ Հրանուշէն, թէպէտ վերին աստիճանի պարզ ու սիրալիր... ահաւոր արհամարհանք մը գաղտնի, կը հոսէր անոնց վրայ։

Տիկին Վարդանեան, հիացումի երկար շրջանէ մը յետոյ, այս վերջերս ինքն ալ դժուար կը հանդուրժէր Հրանուշին։ Յաւակնոտ կը նկատէր զայն եւ «մի քիչ շատ բարդ եւ ազատ կեանք» վարող։

Նազարեան, տարօրինակ միամտութիւններ ունէր։ Գործնական եւ ընթացիկ հոգեբանութեան պըտուտակներ, անոնց խաղերը կը խուսափէին իրմէ։ Դիւրաւ կրնային զինք իրենց թնճուկին մէջ առնել։ Անհնարին էր իրեն բացատրել իր մերձաւորին  ո եւ է մէկ արարաքը՝ ընթացիկ, ակներեւ նիւթական պատճառներով։ Շահագիտականին մէջ պատանիի մը նման փուսուլան կը կորսնցնէր։ Իսկ հոն, վերը, ուր շատեր կը կորսնցնէին իրենց փուսուլան, ան կրնար քալել անսայթաք։

Պահ մը հազիւ զգաց թէ բաներ մը անցան դարձան... Երբ, սակայն, մեղմօրէն , փնտռեց եւ գտաւ անոր մատները, Արփիկ րոպէապէս տեղի տուաւ եւ յանձնեց իր ձեռքը անոր սեղմումին։

Տարօրինակ հարց մը որ մէկ քանի անգամ, ուրիշ առիթներով, արդէն սեղանին վրայ եկած էր, այս անգամ նոր ուժգնութեամբ վերերեւաց։ Շատեր կը խորհէին որ մտաւորականները, աւելի ճիշդ՝ արթիսթները ատակ չեն ընտանիքի հայր ըլլալու եւ, հետեւաբար, ընտանիք կազմելու չեն, տեղի չտալու համար դժբախտութեանց։ Տիկին  Վարդանեան կը գտնէր  որ շատ  դժուար է արթիսթի կին «լինել»։ Անոնք օտարոտի մարդիկ են, իրենց համար քմայքներն են էականը  որ պէտք է յագեցնեն որպէսզի «կրակը միշտ վառ մնայ», միշտ նոր սէրեր պէտք է ունենան եւ չբեռնաւորուին ընտանեկան գռեհիկ մտահոգութիւններով։ Հրանուշ կը գտնէր որ կինը թանկագին է արթիսթին համար՝ պայմանաւ որ նոյնանայ անոր հետ եւ անոր աճման ուղղութեանը նոր զարկ տայ իր սէրովը՝ կազմուած միայն զոհողութինով։

-Չէ՞ք խորհիր, Հրա-անտ...

Հայկն էր որ փութաց պատասխանել։

-Պայմանաւ որ դա չլինի ինչ որ փոխադարձ շահերի պաշտպանութեան ընկերութիւն եւ անձնուէր կինն էլ իր զոհողութիւնների մէջ մի սահմանի դնի... Յանուն պիզնիսի ամէն ինչ զոհել, երբ որ հարկն է ինքզինքն էլ տրամադրել՝ ես, շիտակն ասած, շատ չեմ հասկնայ...

Անհանգստացնող լռութիւն մը բոլորովին քսուեցաւ անցաւ...

Արփիկ, եւ՛ մանական, եւ՛ չար աչքերով կը հետեւէր Հրանուշին։ Ա՜, եթէ կարենար, ինչպիսի  ախորժակով եւ կիրքով հակառակը պիտի փաստարկէր, միմիայն զայն ճզմելու համար...

Ու բազմաթիւ օրինակնեար բերին ցոյց տալու որ մտաւորականները կա՜մ ամուրի կը մեռնին կամ շատ անյաջող ընտանիք կը կազմեն։

Լռութիւն պահելուն համար իսկ՝ Տիկին Վարդանեան ուզեց իմանալ Նազարեանին կարծիքը։

-Ես համաձայն չեմ, պատասխանեց ան մեղմութեամբ։ Արթիսթի կոչումին եւ ընտանեկան  կեանքին միջեւ ո՛չ միայն հակամարտութիւն չկայ այլ ան  անխուսափելի ՛ է ճշմարիտ ստեղծագործութեան։ Այն  մարդը որ ոչ՝ ամուսին ո՛չ հայր ո՛չ մեծ հայր եղած է՝ պակասաւո՛ր մարդ մըն է եւ ամուլ սիրահար  մը։ Սարսափելիօրէն պակասաւոր։ Իսկ ո եւ է կարեւոր  պակաս մարդուն մէջ՝ արուեստի ժապաւէնին  վրայ միշտ, կուգայ օր մը ուր իր սեւ կէտը կը ձգէ։ Մնաց որ գոյութիւն չունի այդպիսի արթիսթներու միօրինակ սԹանտար ընտանիք մը։

-Հէնց ես էլ էդ էի ուզու ասել, պոռաց Հայկ, ձեռքը Հրանտին ձեռքին զարնելով, նշան՝ խորին համամտութեան։

-Տէ՛ թող որ խօսի, է՜, սաստեց մայրը։

-Այսքա՜ն։ Ես ան գիտեմ որ Վարուժանը  զմայլելի հայր մըն էր, մեր աւանդական առումովը։ Ռուբէն Զարդարեանն ալ, Լ. Շանթն ալ, Թլկատինցին ալ. Յ. Թումանեանն ալ։ Օտարներուն մէջ նմանապէս՝ օրինակները կը վխտան։

-Արթիսթը էնքան ինքն իրմով տարուած է որ չի կարող զբաղուել իր ընտանիտքի անդամներովը։ Ա՛յ, վերցրէք Շիրվանը, վերցրէք Ահարոնեանը։

-Արթիսթ մը երբէք ինքն իրմով չի տարուիր։ Արտաքի՛նն է այ։ Ան. բնազդաբար, մարդկայնական անր արարքի մը համար, վայրկենապէս կը լքէ իր գործը։ Անոր

  համար մի՛ւսն է Գործը։ Աս վերջինն է որ կ՚ապահովէ մեծութիւնը միւսին։ Այսպէս կ՚ըմբռնեն նաեւ արուեստը՝ Խորհրդային Հայաստանի մէջ։

-Այո՛, բայց դուք ռուսահայերդ քիչ մը ուրիշ տեսակ էք... վրայ բերաւ Հրանուշ, խնդալով։

-Բա՛, բա՛, է՛դ ինչ ասեր է, ռուսահա՛յ ինչ ասել է «պղաւեց» Հայկ, վեր ցատքելով։

-Ընտանիքի շէնքը վէմի վրայ պէտք է հիմնել, անսպասելիօրէն յայտնեց Արփիկ որուն մտիկ ըրին սիրալիր լռութեամբ եւ ակնարկներու լուսարձակներ ձգած իր վրայ։

-Նոյնիսկ երբ չեն զբաղիր գործնականով, շարունակեց Հրանտ, ընտանիքի բոլո՛ր անդամներն ալ կ՚ենթարկուին բարձր ուժերու ազդեցութեանը, պարզ անոր հետ միեւնոյն տանիքին տակ ապրելու հանքամանքէն։ Ամուսինը չէ՛ որ պիտի ցածնայ՝ ներդաշնակութիւն ստեղծելու համար, այլ կի՜նն է որ պիտի բարձրանայ ամուսնին՝ այդ վերելքին բերելով իր քնքուշ լրջութիւնն ու գործնականը կանոնաւորող նպաստը, ամբողջացուց իր միտքը Հրանտ։

-Բա՛, ինչ են ուզում սրանք, դարձեալ պոռաց եւ տեղէն ցատքեց Հրանտ որուն դժուար էր երկար ատեն անշարժ մնալ։ Եթէ դուք «զբաղուիլ» ասելով ուզում էք հասկնալ ինչ որ քաղքենի, մեշչենական ըմբռնողութիւն, կամ եահուտամասոնական էկոիզմ, լինի դա երկուսով, երեքով, չորսով, մի խօսքով միայն ընտանիքի անդամները մի կողմ եւ մնացեալ ամբողջ աշխարհը միւս կողմ, էն ժամանակ ես կ՚ասեմ որ դա պարզապէս արեւմտեան տէկէպասըռի ա... (Կափ կարմիր կտրած էր եւ լրջօրէն յուզուած։ Կը պոռար ամբողջ ձայնովը, մինչ միւսները մտիկ կ՚ընէին ժպտագին)։ Խնդիրը նրանումն է որ կա՛մ կինը թեւեր ունի, կա՛մ չունի։ Խոնարհ հնազանդութեամբ կա՛մ կը հետեւի իրա ամուսինի կոչումին, էսպէս ասաց «արժէքների նուիրապետութեան» ինչպէս Հրանտն է սիրում ասել, եւ կամ, որպէս գռեհիկ մի քած՝ կը թունաւորի նրա կեանքը զբաղեցնելով նրան ինչ որ քոնֆոռի մանրամասնութիւններով, վարակելով նրան սնոպիզմի քանսէրով, թուալէթի, մեքենայ (ինքնաշարժ կառք ըսել կ՚ուզէր) ունենալ չունենալու խնդիրներով կամ նրա քառոսրըիի գոյնը դարձնելով՝ լինել չլինելու հարց... Ուրիշ խօսքով, կեանքը բոլոր ժամանակի մեռցնելով՝ «կեանք» ունենալու համար եւ նրա տեղ ինչ որ եահուտա-մասոնական տէկէօլասըռի դնելով։ Ինչ ասացի՞ր, Հրա՛նտ։

Թէեւ կը պոռար, բայց ինքն ալ սկսած էր  խնդալ։ Երկու ձեռքերը դարձեալ զարնուեցան իրարու։

-Էս տեսակ պայմանների մէջ ինչ ասել կ՚ուզի որ արթիսթը ի հարկէ՛ ընտանիքի լաւ հայր չի լինելու։ Հապա մի՜ւս պայմաններում... բոլոր ժամանակը արեւ եւ «ջա՛ն ասա, ջա՛ն լսիր»... կ՚ամբողջացնէր Հայկ։

-Չեմ գիտեր թէ արդեօք սխալ գրուած խնդիր մը չէ որ կը ծեծենք, աւելցուց Հրանտ։ Ամէն պարագայի, ինծի համար, անըմբռնելի է, անյղանալի, Թումանեանի մը, Վարուժանի մը ոչ միայն կեանքը, այլ եւ գործը՝ առանց ներգործութեանը ընտանիքի իրականութեան։ Եւ այդ այնպիսի անմիջական, էական պահանջ մը եղած է իրենց հոգեբնախօսական հոլովոյթին, հասունութեանը որ անոնք, այնքան ուրիշներու հետ, ամէն բանէ առաջ, արուեստէն ալ առաջ, այդ պահանջը բաւարարած են։ Ադպէս նաեւ Թոլսթո՛յ։ Դուրկենիէվ՝ պատուական հա՛յր եղած է եւ ամբողջ կեանքը ողբացած իր այրիութիւնը, Վիարտօներու օճախի շէմքին կծկուած... «Ամէն բանէ առաջ՝ ձեր օճա՛խը ունեցէք, եւ չըլլայ որ ապրիք ուրիշի բոյնի եզերքին», պատուիրած է, Փարիզ, իրեն այցելու ռուս ուսանողներուն։ Ապահովաբար Տոսթոեւսքիէն միայն երկու կամ երեք գործ ունենար մարդկութիւնը, առանց Աննա Կրիկորիէվնայի մը։ Եւ եթէ հայր չըլլար, չխաբնուէր հօր եւ զաւկի ահեղ փորձութեամբ մը, ապահովաբար մարդկութիւնը չունենար ցարդ երկրագունդին վրայ չարտասանուած այն բառերը, մանուկներու աշխարհին վրայ։

-Հապա Իսահակեա՞նը, Չօպանեա՞նը, Շիրվա՞նը, Պոտլէ՞ռը, Վէրլէ՞նը, Ահարոնեա՞նը վրայ բերաւ Տիկին Վարդանեան իբրեւ հակափաստ։

-Իսահակեանը կինը կը սիրէր՝ կնոջ առեղծուածին միտելու իր կատաղութեանը մղումէն։

-Չօպանեանին համար, ինչպէս կեանքը՝ կեանքին նկարն է, ինչպէս բանաստեղծութիւնը՝ բանաստեղծութեան մը զարմացնող վերընդօրինակութիւնը, կինն ալ մնացած է՝ կնոջ քառթ-փոսթալին վրայ։ Շիրվանզադէ մեռաւ չհասունցած մասով մը։ Խնդիրը շատ աւելի բարդ է երբ ոգեկոչենք Պոտլէռ մը, Պայրն մը, Ուալտ մը, եւ այնքան ուրիշներ։ Անոնց համար կնոջ խնդիրը «յաւիտենական կնոջականի» մահու կենաց հաշուեյարդար մը եղած է։ Իրենց կեանքը, իրենց տրամը նախ մեծ ժխտումի երեւոյթը եղաւ՝ իրենց Ներկային, Ժամանակաշրջանին, ընկերութեան... Բայց ա՛տ չէ խնդիրը Խնդիրը՝ կեանքը լրջօրէն առնելու եւ չառնելու մասին է։ Պատմական հայուն կեցուածքը, ամէն բանէ առաջ, լո՛ւրջ կեցուածքն է։ Եւ դեռ զայն իր վտանգներովն ու խորհուրդովը դիմաւորելու, դիմագրաւելու պապակը, հուսկ ապա զայն առաքելութեան մը վերածելու համար։ Անոր հաւասարակշռութեան աւագ նախապայմանն է այդ։ Իրենց ամուսինը միայն շա՛տ դրամ շահելու մղող քածերը, կեանքը միայն այդ մոլուցքովը լեցնող կնամարդերը, գռեհիկ հաճոյքներու կատաղի հետապնդումը միա՛կ նպատակ դարձուցած էջերը՝ ա՛յն են Կնոջ բաղդատմամբ, ինչ որ անկողնի մարզուած շնիկները՝ գամփռներուն նկատմամբ։ Մէկը կ՚երթայ դէպի կենդանականը, մոլին, ախտաւորը, միւսը՝ կենսաբանականէն կը դիմէ հետզհետէ դէպի իմացականը, դէպի հոգեկանացումի նուիրապետութեան։

-Ես էլ է՛դ էի ուզում ասել, է՛, ձայնեց Հայկ։ Հայ լինել՝ որբութեան ծարաւով տոչորուիլ ասել է։ Միւսը՝ Արեւմուտքը տարրալուծելու համար, եահուտա-մասոնական թաքթիքա ա...

Տիկին Վարդանեան դարձած էր երազկոտ եւ մելամաղձոտ։

-Իսկապէ՛ս, յայտնեց, ի՛նչ առթիսթի եւ ոչ-արթիսթի խնդիր կարող է լինել։ Ի՛նչ իմաստ ունեն արթիսթի, հասարակ մարդու, ամուսինի, հօր, մեծ հօր արուեստական եւ անիմաստ բաժանումները։ Կայ միայն, բնականօրէն, դէպի իր ամբողջականութեանը դիմող Մարդը՝ կեցած կեանքին, արուեստին, հայրենիքին, տիեզերքի առջեւ... Իր  հակազդեցութիւնները դէպի կենդանականացո՞ւմ թէ դէպի հոգեկանացում կ՚առաջնորդեն։ Ահա՛ ամբողջ հարցը։

-Հէնց էդ պատճառով էլ, վրայ բերաւ որդին, էստեղ, եւ բոլոր գաղութներում, հայ մտաւորականը անկատար կ՚ապրի, անկատար կը մեռնի։ Ամուրին՝ ամուսնացած չըլլալու հետեւանքներին համար, ամուսնացածը՝ կուրծքին վրայ մի օձ տաքացնելուն հետեւանքով...

Հրանուշ որ հրկիզուած շարժականութեան մը մէջ էր, աջ ձախ նայելով, մեղմաձայն կ՚երգէր.

Ափսո՜ս, թռչել չգիտես...

Խօսակցութիւնը հետզհետէ, սրամիտ ակնարկութիւններով, զուարթացաւ։ Տիկին Վարդանեան բոլորին ընթրիքի պահեց։ Մայր ու տղայ, կազմակերպուած, արագ, ճարպիկ, կատարեալ, սպասարկեցին, պարզութեամբ, ուրախութեամբ։

Ընդհանուր խօսակցութեան աղմուկէն օգալւելով.

-Ինչո՞ւ ներողամիտ չէք կիներուն հանդէպ, սարսափելի բառ մը գործածեցիք, ըսաւ Արփիկ, կարմրած եւ առանց նայելու Հրանտին։

-Որովհետեւ, երեւակայեցէք Արփիկ, նոյնքան սարսափելի երեւոյթ մը կայ որ կը տառապեցնէ զիս, - աղջիկը ցցուած է տղուն դէմ, երկու սեռերը իրարու դէմ ցցուած են ինչպէս Սամսոնը եւ Տալիլան... Եւ ատիկա կ՚անհանգստացնէ, անսահմանօրէն կը տառապեցնէ զիս։

-Այո՜, հիմա մարդիկ կ՚ամուսնանան՝ աւելի յարմարօրէն իրար ատելու համար։ Աւելի բարդ եւ վատ եղանակներով իրար դաւաճանելու համար։ Այնպէս չէ՞։ Հրա՜նտ հարցուց Հրանուշ որ հետեւած էր անոնց խօսակցութեան։

Այս անսպաելի ընդմիջումը, Արփիկին համար, ալ պարզապէ՛ս ընդվզեցուցիչ էր։ Եթէ գիտնար այս խենթ աղջիկը կը ինչ չափով իրմէ զատ մա՛րդ գոյութիւն չունէր Հրանտին համար, անշուշտ գայթակղածի այս մանկական, զուարճալի արտայայտութիւնը պիտի չառնէր։ Ամէն մարդ, մանաւանդ աղջիկ մը, կեանքին մէջ կը տեսնէ այն ինչ որ ի՛նք կը զգայ, ո՛չ թէ այն որ նոյնիսկ ակնյայտօրէն գոյութիւն ունի։ Եւ ինչ տրամներ, թիւրիմացութեանց աւերներ այս այլատեսութիւններէն, ասդրտեսութիւններէն, անտեսութիւններէն ու անդրտեսութիւններէն...

Յաջորդ օրուան՝ երկուշաբթի իրիկուան համար պայմանաւորուեցան, - Արփիկ աշխատանքէն ելլելուն պէս՝ պիտի գար Հրանտին։

Վասն այսորիկ թողցէ այր

զհայր եւ զմայր իւր,

եւ երթիցէ զհետ կնոջ իւրոյ,

եւ եղիցին երկոքին ի մարմին մի։

Խորհուրդս այս մեծ է...

Թուղթ առ Եփեսացիս (Գլ. Ե. հմ. 31-33)

Անմիջապէս որ Արփիկ կը հեռանար, նոյն անհանգստութիւնը, իրենց ապագային վերաբերեալ, կը համակէր զինք։ Հրանտ կ՚ուզէր գտնել անոր պատճառները։ Ան գիտէր որ կեանքը իր ուզածին պէս տեսնելու մեծ փափաքը, որուն անդիմադրելիօրէն կը մղէր իր հոգեբնախօսական գործառնութիւնը, կ՚արգիլէր տեսնել իր գործին չեկող երեսակները կամ կը տեսնէր զանոնք այլ գոյնի տակ կամ իրենց իսկական գոյնովը՝ բայց շատ ուշ, երբ բանը բանէն անցած կ՚ըլլար։ Այդ պատճառով ալ իր նկարագիրը եւ՛ թափանցող էր եւ՛ կը պահէր մեծ չափ մը միամտութեան։

Հոն ուր յուզումն ու երեւակայութիւնը կը գործածէին, այնտեղ այլափոխումը տեղի կ՚ունենար եւ կրնար պատրաստել ծանր յուսախաբութիւններ։ Այդ միամտութիւնը սակայն որուն գիտակցութիւնը ունէր եւ որ զինք արտաքինէն միայն ճանչցողներուն կողմէ նուրբ խորամանկութեան մը տեղը կ՚անցնէր, սիրելի էր իրեն, չէր ուզած երբեք բարեխառնել զայն, պահելով խորունկ նողկանք մը եթէ ոչ ուղեղայիններուն հանդէպ, գէթ ամբողջովին խորամանկներո՛ւն, մանուածապատներո՛ւն, կասկածամիտներուն նկատմամբ։ Իր այս ծրագրի իրագործումէն՝ ներքին վստահութեան, խանդավառ լաւատեսութեան խմորում մը կար որ աւելի քան երբէք պէտք էր բորբոքեր եւ որ կը բացակայէր։ Այդ կէտը կ՚անհանգստացնէր զինք։ Քանի մը րոպէէն Արփիկ պիտի գար։ Ձեռքերը գրպանը, կը քալէր սենեակին երկայնքովը, մերթ կը բանար կողմնակի փոքրիկ լուսամուտը, մերթ կը գոցէր, փողոցի աղմուկէն նեղուած։

Արեւը, Սաքրէ Քէօռի կողմէն, կը ողողէր սենեակը։ Հորիզոնական ճառագայթներ իւղաներկի ապակիէն, արտացոլած դէմի սամաւարին, անօթներու վրայ, բացած էին շողերու մնջպար ու խաղ յուշկապարիկներու...

Արփիկ ըստ իր սովորութեան բաւականին ուշ եկաւ ժամադրութեան։ Հրանտ կը նեղորտէր։ Ամիսներ վերջ, արտազեղումի րոպէի մը, պիտի իմանար իր կինը դարձած այդ աղջիկէն թէ, ինքզինք գեղեցկացնելու համար, ինչպիսի պատրաստութիւններու հետեւանք եղած էին այդ յապաղումները։ Խնդումնրես, ժպտաչուի, ոսկերէս ձիւնէ ակռաներով իր յայտնութիւնը, թրթռուն, ամօթխած զուսպ ու խռով միանգամայն զինաթափ ըրին զինք։

Արփիկ նստեցաւ օթոցին մէկ ոտքը միւսին, երկու կողմէն, սիրամարգին նման, սփռելով շրջազգեստին քղանցքները։ Հրանտ չի նկատեց թէ որքա՜ն հպարտ էր ան իր նոր յարդարանքէն։

-Ի՞նչ ունիք այդքան կարեւոր ըսելիք, հարցուց Արփիկ, ժպտելով եւ հեգնանքի անուշ ու հեռաւոր երանգով մը։ - Դարձեա՞լ ամպեր՝ հորիզոնին...

Ճիշդ է որ Հրանտ, բազմաթիւ անգամներ, յայտնած էր անոր որ կ՚ունենայ անձկութեան պահեր։ Անոր այդ լաւատես ու ինքնավստահ անհոգութիւնը բարեխառնեց իր տրամադրութիւնը եւ ախորժակը տուաւ սրիաբացութեամբ խօսելու։

-Գիտե՞ս ինչ կայ, Արփի՛կ... (Անդրադառնալով)։ Մեքենաբար եզակի կը խօսիմ... Ճիշտն ալ այն է որ ոեւէ բան ըլլալէ առաջ, ըլլալէ յետոյ ալ, միշտ փոքրիկ քոյր մը պիտի մնաս ինծի համար։ (Արփիկ կարմրեցաւ)։ Եթէ ես մտահոգութեան րոպէներ կ՚ունենամ, վստահ եղիր, շա՛տ աւելի քո՜ւ երջանկութեանդ համար է։ Ես, ինչ ալ որ պատահի...

-Ի՞նչ բան կ՚անհանգստացնէ ձեզ, հարցուց, այս անգամ լուրջ։

-Ես ալ չեմ գիտեր։ Ինչպէ՞ս ըսեմ, ինծի կը թուի որ... մեր ներքին անհատները իրար չեն հանդիպիր, դեռ չեն հանդիպած... Ես... պէտք չէ որ ունենայի կասկածի պահեր։

-Ի՞նչ պէտք է որ ընենք ուրեմն։

-Պէտք է որ անկե՛ղծ ըլլանք։ Ասիկա մարդկային միակ կապն է որուն ամէն մէկ րոպէն կը լուսանկարուի եւ, ժամանակի խնդիր է միայն, լուսանկարները կ՚իյնան մեր ձեռքը։ Ջինջ հոգիները կը զգան բնականօրէն հրաման մը, այս րոպէներուն։ Կը յայտնեն իրարու եւ՛ իրենց թագուն դիտաւորութիւնները, եւ իրենց անցեալին կարեւոր շերտերը։ Հարցում ինծի ի՛նչ որ կ՚ուզես։ Պիտի գիտնաս ամենայետին մանրամասնութեամբը։

Հրանտ սկսաւ դարձեալ քալել։ Մէկ երկու րոպէ երկուստեք լռեցին։ Ապա Հրանտ աթոռ մը առաւ, նստեցաւ անոր դիմացը, մեղմօրէն մէկ ձեռքը՝ իրեններուն մէջ։ Նայելով անոր աչքերուն՝ սկսաւ մանուկի ժպիտով մը ժպտիլ։

Պահ մը վերջ, մեղմօրէն ոտքի հանեց զայն։ Անցուց թեւը անոր մեղուի, վայրի ու խարտեաշ մեղուի նուրբ մէջքին եւ այդպէս գրկած՝ յառաջացաւ դէպի պատուհանը։ Մնացին քով քովի, փողոց նայելով։ Այն ժամանակ Հրանտ շշնչաց անոր ականջին.

-Ի՛մ Արփիկ, միայն մա՜հը թող բաժնէ մեզ։ Միանանք իրարու այնպէ՜ս՝ ինչպէս հայրս ու մայրս, ինչպէս քու ծնողքդ իրարու, վերջնականօրէն, անդարձօրէն... Մեր պապերուն, Ս. Գրոց ըմբռնո՛ւմն է միայն ճիշտը։ Ես հիմա գիտե՜մ...

-Այսի՞նքն...

-Ի՞նչ մեղք ալ որ գործէ կինդ, կ՚ըսէ Ան, պէտք է պահես զայն։ Մէկ պարագայ միայն...

-Ո՞ր... (Կարի հետաքրքիր ու անհամբեր)։

-Մէկ պարագայի մէջ միայն Ան ազատ կը ձգէ ամուսնին։ Եթէ, կ՚ըսէ, կինդ խաբեց քեզ, եթէ անկեղծ զղջումով եկաւ թողութիւն խնդրեց, դարձեա՛լ պահէ զայն՝ եթէ ուժերդ կը ներեն։ Եթէ այդ ուժը չունիս՝ ձգէ որ երթայ... Աղիտաբեր թիւրիմացութիւն մըն է անհամար քանդուող օճախներու՝ արեւմտեան օրէնսդրութիւնը։

Արփիկ յայտնեց որ առանց պատճառներ քննած ըլլալու՝ իր ամբողջ զգացումովը, իր ամբողջ համոզումովը գիտէ որ այդ՝ այդպէ՛ս է։

-Պէտք է վէմի վրայ շինել, աւելցուց դարձեալ։

-Հիմա, վէմը մէմը մէկդի ձգէ, իմ Արփի՛կ, եւ աշխատիր դուն քու հաշւոյդ մտածել։ Քու՛, քու՛ իսկ զգացումներուդ մասին հաշիւ տալ ինքզինքիդ։

Արփիկ շառագունեցաւ։ Մնացեր էր պայմանագրական տարազներու, տուտուներու խօսուրոտուքներուն, կրօնական դարձուածքներու փոշիներուն տակ որոնց անթափանց ծանրութիւնը կասեցուցած էր ի՛ր ուղեղին, ի՛ր իսկ կամքին գործառնութիւնը։ Հրանտին շեշտակի միջամտութիւնները ձեղքեր կը բանային փոշիի այդ թանձր խաւերուն մէջ շունչը վերջապէս կը հպէր մտքին, սրտին, որոնք, կենդանացած, իրենց առաջին, տկար տրոփիւնները կուտային։

Ինչու՞ սակայն այդ աստիճանի վտանգաւոր, աղիտաբեր կը նկատէ ապահարզանը, ուզեց գիտնալ։

-Յաւիտենական չնկատել այդ կապը՝ կեանքին մեծագո՛յնը, չհամակերպիլ է, խախտել է բարոյականի ներքին գործառնութիւնը, միշտ «ապըստամբ», հակահնազանդ հոգեւիճակ ունենալ է։ Ալ  այդպիսիներուն կեանքը կ՚ըլլայ անհամակերպութեան մոլուցքը։ Ամենաճղճիմ արարածն ալ, այդ մեծ պատուէրին անսալով, օր մը, կը գտնէ ինքզինքը բլրակի մը վրայ...

Որոշ էր որ բոլոր կալուածներուն մէջ իմացական շարժումը խորտակուած էր։ Կրօնականը միակն էր ուր կարելի էր ընդնշմարել մերթ կայծ մը, հակառակ վատ «հովիւներու» դիզած մոխիրներուն եւ աղբերուն...

-Յիսուս արդէն յայտնած էր իր կրելիք տառապնքներուն ու մահուան գաղտնիքը, ըսաւ Հրանտ, երբ, դարձեալ, Փարիսեցիները ուզեցին փորձել զայն։ Թոյլատրո՞ւած է մարդու մը իր կինը վռնտել։ «Մովսէս ին՜չ կը պատուիէ ձեզ», կը պատասխանէ Յիսուս։ «Մովսէս, ըսին անոնք, թոյլ տուած է ապահարզանի թուղթ մը գրել եւ վռնտել»։ Եւ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ձեր կարծր սրտին համար է որ Մովսէս ձեզ այդ պատուէրը տուած է։ (Մինչ այդ՝ Հրանտ առած էր գրադարանէն՝ Աստուածաշունչը) Ես այնքա՜ն կը սիրեմ գրաբարը, որքան ալ կէս կիսատ հասկնամ։ Ահա՛ շարունակութիւնը՝ ըստ Մարկոսի։ «Այլ ի սկզբանէ արարածոց արու եւ էգ արար զնոսա Աստուած, եւ ասէ, Վասն այսորիկ թողցէ այր զհայր իւր եւ զմայր եւ երթիցէ զհետ կնոջ իւրոյ, Եւ եղիցին երկուքն ի մարմին մի, եւ այնուհետեւ ոչ են երկու, այլ մարմին մի։ Արդ զոր Աստուած զուգեաց, մարդ մի մեկնեսցէ։»

Արփիկ, որոշ էր, կ՚ազդուէր բայց չէր իւրացներ։ Հրանտ անոր մազերը փայփայելով.

-Կարեւորութիւն չունի, ըսաւ։ Կարեւորը այն է որ քեզի համար ալ ապահարզան անհնարին, մահացու բան մըն է։ Այլապէս, այս շարժող դիակներուն կեանքը կը ստեղծուի։ Անոնց ամուսինը տեսակ մը պորսաի արժեթուղթ է իրենց համար։ Արժէքը կը բարձրանայ կամ կ՚իջնէ, նայած թէ ան ամսական հարիւր ֆրանք աւելի կը շահի թէ պակաս։ Արժէքը կը բարձրանալ կամ կ՚իջնէ, նայած  թէ դրացինը իր ամուսինէն քիչ մը աւե՛լ թէ քիչ մը պակա՛ս կը շահի...

Արփիկ իր կարգին բռնուեցաւ մտահոգութենէ։ Առաւ յուզիչ լրջութիւն։ Իր ուժերէն վեր բեռի մը տա՞կ կը մտնէ արդեօք։ Այդ ապագան բոլորովին ալ խաղ ու խնդում  չերեւիր։ Իրեն խորհրդաւոր վախեր կը բերէ որոնք կը հակադրուին թեթեւօրէն կատարուած հաշիւներու կամ շլացումներու...

-Ի՞նչ պէտք է ընել, լա՛ւ, ի՞նչ պէտք է ընեմ...

-Ըրէ այն՝ ինչ որ ե՛ս կ՚ընեմ։ Ես քեզի կ՚առնեմ ո՛չ քու խելքիդ, ոչ քու դրամօժիտիդ, ոչ  քու տաղանդներուդ համար։ Ոչ մէկը ունիս արդէն։ Նոյնիսկ տան տիկինի առաքինութիւններն ալ ոչ միայն կը պակսին ամբողջովին այլ անոնց կնոջական թանկագին բնազդն ալ եղծանուած է։ Ես քեզի կ՚առնեմ պարզապէս որովհետեւ կ՚ենթադրեմ  թէ ազնիւ նկարագիր մը ունիս՝ աստուածավախ հոգի մը։ Ես կ՚ուզեմ որ իմ ընտանիքս ըլլայ այնպէս ինչպէս իմ ծնողքինս եղած է։ Բացարձակ հարադատութեամբ։ Բոլոր միւս առաքինութիւններուն բացակայութիւնը -  թէպէտ ոչ արհամարհելի - հոգս չէ։ Ես չեմ ուզեր կազմել ընտանիք մը ինչպէս չորս կողմս  կը տեսնեմ, հիւսուած միայն մեծ ու փոքր դաւաճանութիւններու եւ շահերու թելերովը։ Չեն բաժնըւած իրարմէ, բայց ապահարզանը, իսկակա՛նը՝ հոգի՛ինը, մնացեա՛լն ալ, շատոնց եղած է։ Մնացած է կապ մը յիմարութեան, վատութեանը, շահի, մոլութեան։ Թող քու ընտրութիւնդ չի կատարուի որովհետեւ, օրինակ, ջութակահար եմ։ Մեծ բան մը չէ ատիկա մեծ բաներ մը չենք։ Ամէն տարի, երաժըշտանոցներ մեզի պէս տասնեակներ կը փոխեն։ Ո՛չ ալ ստացած ժառանգիս համար այլ, միայն։ Աստուծոյ վախովը կեանքը իրականացնելու իմ ըմբռնումիս համար։

-Բայց ես շատ քիչ կը ճանչնամ ձեր նկարագիրը...

-Հապա՞, երբ որ կ՚ըսեմ, կը կրկնեմ որ անհրաժեշտ է որ մտերմանանք, զիրար ճանչնանք, ունենանք անկեղծ սրտազեղումի ժամեր։ Անհնարին է, սիրելի Արփի՛կ, առանձին ըլլալ քեզի հետ։ Ետեւէդ միշտ կը քաշես քոյրերդ։ Դեռանոնք ալ չեն բաւեր, յաճախ Տէր եւ Տիկին Փափազեանները եւ դեռ ֆրանսուհիներ... Պիտի ամուսնանանք՝ եւ իրարու անծանօթներ ենք։ Վտանգաւոր բան մըն է ասիկա։ Նշանուածներ ենք եւ երբեք նշանուածներու անգին ժամերը  չենք ունենար։ Երբեք առանձին չենք։ Ամուսնութիւնը միջոց մը չէ։ Վտանգաւոր է զայն միջոց դարձնել։ Անիկա գոյութիւն ունեցող բանի մը պսակումը պէտք է ըլլայ...

-Է՜ ի՞նչ է ձեր նկարագիրը, անոր յատկութիւնը, հարցուց Արփիկ, դժուարութիւններով։

-Կը նախընտրէի որ, պատասխանեց Հրանտ քիչ մը շուարած, կը նախընտրէի որ ատիկա դու՛ն գտնէիր կամ գտած ըլլայիր... (Քիչ մը խորհելէ վերջ)։ Ահա՛ կարեւոր գիծ մը, - ես ամբողջ կեանքիս մէջ դիմադրած եմ հարուստ ըլլալու փորձութեան։ Երեք անգամ ունեցած եմ առիթներ որով, առանց ոեւէ վարկաբեկող զիջումի, կրնայի մէկ անդամէն լուծել նիւթական խնդիրը եւ նուիրուիլ ամբողջովին երգին Տալ քշիկ մըն ալ իր մերձաւորներուն, հանրային կեանքին, ա՛լ աւելի մեծ ուրախութիւն մը պիտի ըլլա՛ր։ Եւ սակայն տեղի չե՛մ տուած։ Բաւականանալ նուազագոյնովը որ  ապահովէ անկախութիւնը, անընդհատ աճեցնել ճաշակը աւելի պարզ աւելի  աղքատ կեանքին... Միակ այս կէտը եթէ նոյն չափովը երկու հոգիի համար ալ արժէք է, անկէ ուրախութիւնը կրնա՜յ հոսիլ։ Կը մնայ գիտնալ թէ կը սիրե՞ս դրամը, կը սիրե՞ս քու անձդ  ամէն բանէ վեր, թէ ներքին ուրախութեանդ ակը՝ պարտականութեա՛ն զգացումն  է։ Շատ քիչ մարդ տեղեակ է մեր ծրագրին։ Ետ դառնալը դժուար չէ եւ հազար անգամ նախընտրելի նաւաբեկութիւններէ...

Արփիկ գետին կը նայէր եւ գրեթէ կարծր արտայայտութիւն առած էր ինչպէս քիչ առաջ երբ քոյրերուն նկատմամբ եղած ակնարկութիւնը լսեց։ Հրանտ բռնեց ձեռքը եւ յայտնեց որ իր այս խօսքերուն մէջ. անոնց քիչ մը կոպիտ շեշտին մէջ, ո՛չ թէ անտարբերութեան մը հետքը պէտք է տեսնէ, այլ ընդհակառակը՝ սարսափը...

Անձկութիւնը տակառ փարատեցաւ։ Մարդուն վրայ ունեցած իր մեծդի, անտեղիտալի հաւատքը իրեն այնպէս զգալ կուտար թէ կը բաւէ ազդարարել, մերկ անկեղծութեամբ որպէսզի դիմացինը զգալ, գիտակցի, փոխուի եւ... ոեւէ վտանգ՝ սաղմին մէջ խափանուի։

Խանդավառ տրամադրութիւնը վերադարձաւ։ Առաջարկեց, հակառակ արդէն անօթի ըլլալուն, նախ երթալ անտառ եւ պտոյտ մը ընել։ Արփիկ ոգեւորուեցաւ։ Կառքին մէջ քնքշօրէն անոր ձեռքը սեղմեց կուրծքին, հարկադրելով զայն շարժանիւը մէկ ձեռքով վարել։ Պուտ տը Պուլոների լիճին չորս կողմը այլազան գոյներու համանուագ, ծառերու մէջէն եւ ջուրերու վրայէն։ Հանդիպակաց տաղաւարին դահլիճները վառեր են լապտերներու շարքը։ Ընթրիքի ժամը կ՚ամայացնէ լայն ծառուղիները եւ կուտայ կածաններու բերնին՝ Մեծարենցեան կանչեր։ Նաւակ մը առին։ Արփիկին համար՝ առաջին անգամ է։

Հրանտ հանեց բաճկոնակը, զետեղեց թիակները։ Արփիկ կը տատամսի։ Հրանտ ձեռքը երկարեց։

Արփիկ կը գտնէր իր ընկերակիցը անսպասելիորէն երտասարդացած, մատչելի։ Անոր վարժ ու վայելուչ թիավարումը առած կը տանէր զինք կամուրջին բազկատարած ճիւղերուն տակէն մինչեւ ջրվէժը։ Հրանտ կը զուարճանայ մատնելով զայն սարսափներու, պէտք եղածէն աւելի մօտեցնելով ցռուկն ու հոն բազմած «իշխանուհին՝» ջուրի ցայտքերուն։ Արփիկ կը փորձէ ինքն ալ թիավարել։ Շատ անյաջող։ Հրանտ կը սկսի հեգնել։ Վիրաւորուած անձնասիրութիւնը նոր ուժեր եւ ճարպիկութիւն կուտայ իրեն։

-Բոլորովին փոխուած էք... կը յայտնէ յանկարծ՝ չարաճճի։

-Ինչպէ՞ս թի փոխուած։

-Այսինքն... եր-ի-տա-սարդացած...

Մայրի մը, կղզիին եզերքէն կամարաձեւ  երկարեր էր թեւերը եւ կատարեալ ապաստանարան մը ձեւացուցեր։ Հրանտ առաւ թիակները։ Մտցուց  մակոյկը բոյնին մէջ ցատքեց գետին կապեց նաւակի շղթան ծառի բունին։ Վերադարձաւ, նստեցաւ Արփիկին քով՝ անցուց թեւը անոր մէջքին։ Զմայլած մանուկի արտայայտութիւն։ Ամէն ինչ գեղեցիկ է, լաւ է։ Նաւակներ, հեռուէ հեռու, կը սահին։ Ընդհանրապէս զոյգեր։ Գողտր ժպիտ՝ նաւէ նաւ։ Սիրոյ ճամբուն՝ իրար տրուած ողջո՛յն։

-Խօսին նաեւ «երիտասարդութեան» մասին... խզեց լռութիւնը Հրանտ Բազմաթի՜ւ տեսակ է ան։ Տարիքինը՝ անոր մէ՛կ տեսակը միայն։ Չեմ ալ գիտեր թէ կարեւո՛ր տեսակը։ թերեւս անոր խելառ եթէ ոչ յիմար մասն է, վատնումներունը։ Ամէն պարագայի՝ հազարաւոր զառամած ծերունիներ եւ պառաւներ կը ճանչնամ որոնք քսան տարեկան են եւ որոնց հետ րոպէ մը պիտի չուզէի անցընել։

-Ինչո՞ւ։ Եթէ «պարաւը» գեղեցիկ է...

-Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ ներքին կեանք չունի եւ, ինչքան ալ աչք ունքով շլացուցիչ՝ դիա՛կ։ Հետեւաբար նեխած...

Նաւակ մը եկաւ եւ զարնուեցաւ իրենցին։ Մազ մնաց ջուրը թափուէին։ Արփիկ սարսափած է։ Քանի մը երկվայրկեան եւս եւ՛ անուշ, սրտաբուխ խնդուք։

Խռովիչ քնքշանքով Արփիկ տարածեց իր բարակ թեւը՝ անոր ուսին.

-Տեսա՛ք, պիտի պատժուէիք «շլացուցիչ պառաւները» վար զարնելնուդ համար։ (Լռութիւնէ մը վերջ եւ ժպտագին)։ Կը սիրեմ երբ այդպէս խիստ կը խօսիք։ Հայրիկս ալ այդպէս էր։ Առաջին օրերը քիչ մը կը վախնայի, բայց հիմա կը սիրեմ Ալիս կ՚ըսէ որ առաջին օրէն սիրած է ձեզ։ Ճիշդ հայրիկիս պէս կը խօսի... կ՚ըսէ։ Տարօրինակ է, Հրա՛նտ, բոլորովին փոխուած էք...

-Նո՞րէն։

-Այո՛, այո՛։ Երբ... վերջապէս... ալ գիտէինք, այն առաջին օրը, ձեր տունը, ինծի հե՜տ ալ չէիք խօսեր, կ՚ըսէի, աս ահագին մարդը, իմ ամուսի՛նս... Յետոյ երբ ջութակը առիք եւ սկսաք նուագել, բոլորովին փոխուեցաք։ Ըսի՝ այո՛, այո՛, աւելի քան երբեք... (Ակնարկներ անոր դէմքին կեդրոնացուցած)։

-Հը՞, ի՞նչ կայ։

-Երբ նոր եկանք Փարիզ չէինք գիտեր թէ հոս պիտի հաստատուի՜նք։ Եւ յաճախ կը մտածէի, գոնէ մեկնելէ առաջ անգամ մը Նազարեանը լսէի... Վալանս եղած ատեննիս այնքան կը կարդայինք թերթերուն մէջ, այսինքն հայրիկս կը կարդար եւ կը խօսէր մեզի հայ ազգին մեծ մարդոց մասին...

-Հայ ազգին մեծ մարդի՛կը...

Արփիկ ուշադրութիւն չըրաւ հեգնանքին։ Միշտ կեդրոնացած ակնարկներով.

-Եւ ըսել որ, հիմա, այպէ՛ս, այս պարոն Նազարեա՜նը...

Հրանտ սկսաւ երկարօրէն խնդալ։ Յետոյ աւելցուց.

-Գիտե՛մ թէ հիմա ի՜նչ կը մտածես։

-Ի՞նչ, ի՞նչ։

-Կը մտածես որ խնդալու ատենս ալ... «կը փոխուիմ», չէ՞։

-Ճիշտ է, ճիշտ է, ականջներուս չեմ հաւատար, սկսաւ ճչալ Արփիկ, խնդալ, պոռալ։

-Կը զարմանաս որովհետեւ չես ուզեր ինծի հասկնալ։ Երիտասարդութեան դեռ ի՛նչ երանգներ կան։ Երիտասարդ է ան որ երիտասա՛րդ կը մտածէ, կը զգայ։ Ամէն մէկ նոր տարի կ՚աւելցնէ ազնիւ բաներով խանդավառուելու անոր կարողութիւնը։ Կ՚աւելցնէ անոր կարելիութիւնը քչիկ մը նո՛ւագ մտածելու իր մասին, քչիկ մը աւեի՛ մտածելու իր շուրջիններու մասին... Ա՛ն է երիտասարդը։

-Ես առ այժմ ի՛մ մասիս կուզեմ մտածել։ Եւ, Նիսէն դուք ել չէի՞ք դրած որ «կատաղօրէն ապրելու փափաքը ունիք»...

-Այն ժամանակ ե՛րգ մը երգէ

-Չէ-է-է՛...

-Կը տեսնե՛ս։

Արփիկ սկսաւ պայուսակը քրքրել ուրկէ ծալլըւած թուղթ մը հանեց։ Խորհրդաւոր արտայայտութիւն մը առաւ, սկսաւ նայիլ եւ սպասել։

-Պի-տի ար-տա-սա-նեմ, հեգեց, մանուկի պաշտելի դէմքով։

Շեշտ թէ արտայայտութիւն՝ սխալ էին, բայց ինչքա՜ն յուզիչ իր հիւթեղ, կաթնային ձայնը, մինչեւ ցաւի հասցնող դէմքին մանկականութիւնը, եւ ժայթքող եռանդին թիւր կիրարկումները։

Je ne te dirai rien sison gur je suis triste,,,

Telie une fleur guon coupe et gui douce a souffrir

Ne sait rien gu exhaler ses parfums et mourir.

-Ահա կեանքէն վիրաւորուած արթիսթին միակ կեցուածքը՝ կեանքին հանդէպ...

-Առանց շուարելու, ծայրէ ծայր, աւելցուց հպարտութեամբ.

Հրանտ առաւ եւ տեսաւ որ ծալլուած թուղթը Սարմէնի քերթուածին մեքենագիր ընդօրինակութիւնը կը պարունակէր։

-Վաղը տնօրէնդ ինձմէ երկու տող պիտի ըստանայ եւ պիտի  տեղեկանայ թէ իր պաշտօնեաները ի՛նչ բանի կը գործածեն իրենց աշխատանքի ժամերը։

Հրանտ աւելի սեղմեց անոր մատղաշ իրանը իրենին. բայց միշտ նոյնքան ամօթխածութեամբ։ Կը սիրէր զայն գոլէճականի մը երկչոտութիւններովը։ Զանոնք քօղարկելու իր ճիգերը յաճախ կը կամրցընէին զինք։ Րոպէներ եղած էին ուր Արփիկ նոյնիսկ վիրաւորուած էր, ինչ որ ջերմութեան պակաս ենթադրելով։ Հետզհետէ, սակայն, ըմբռնած էր բնոյթը։ Իր մէջ սկսած էր կազմուիլ խորագոյն յարգանք մը, իսկակա՜նը, ա՛յդ իսկ պատճառով։ Արփիկ սկսած էր ինքն իսկ ինքզինքը յարգել ա՛յն նուիրական արժէ քովը որուն աւանդը Հրանտ դրած էր իր մէջ։

Յետոյ, երկար լռութենէ մը վերջ, գրեթէ շշնչագին. իր մտածումներու մէկ մասին իբր բարձրաձայն արտաբերումովը.

-Լա՛ւ է, փոքրի՛կ Արփիկ, քեզի համար, որ, դուն ալ, քու երիտասարդութիւնդ կուսականութիւնդ ընծայ բերած ըլլաս ա՛յն տղուն որ քեզի ամէն ինչ կուտայ։ Քեզի՛ համար լաւ է։ Եթէ օր մը գոհ զգաս՝ ըսենք՝ երջանիկ, ուրախ պիտի չըլլա՞ս ինքզինքիդ ըսելով որ ես ալ իմ ընտրած տղուս տուի ի՜նչ որ ունէի թանկագին... Իսկական ուրախութեան ակը՝ առնելը չէ՛, տա՛լն է։

Արփիկ կծկուած էր Հրանտի կուրծքին, որուն կզակը կը հանգչէր անոր ոսկեկայլակ գլխուն վրայ։ Ուժգնօրէն անօթցած էին։ Երկուքն ալ տժգունած այն աղո՜ւոր տժգունութեամբը։

Մտան Մոնմարթըրի ճաշարաններէն մին։ Տնօրէնը առաջնորդեց զանոնք վարագոյրներով մեկուսացած կրպակի մը մէջ որուն կիսաբաց մուտքէն, հանդիպակաց պատին վրայ, գարշելի մերկութիւն մը կախուած էր։ Ընդհանուր մթնոլորտը «ազատ» էր, մոլեթաթա՛ւ։ Արփիկ որ այնքան թրթռուն էր, քիչ մը կարմրած, տրտում ակնարկ մը ձգեց Հրանտին։ Լռելեայն հասկցան իրար։ Ոտքի ելան եւ մեկնեցան։ Գացին այն ճաշարանը ուր սովոր էին երթալ։ Տէօնքէրք եւ Մաժանթա փողոցներու անկիւնը։ Կառսոնը  փութաց օգնելու։ Արփիկ թոյլ չտուաւ։ Ինքն իսկ զբաղուեցաւ Հրանտին ձեռքի առարկաները, վզնոցը առնելու եւ զետեղելու գործովը։ Նստեցան օթոցին  վրայ, քով քովի։ Ներկաները հետաքրքրութեամբ, բարութեամբ կը դիտէին այս դոյզը  եւ քչիկ մըն ալ այն նախանձով որ իսկական սէրը միշտ յառաջ կը բերէ մարդոց մօտ։

Հրանտ կտոր մը հաց փրցուց եւ բերանը պիտի... Արփիկ մեղմօրէն, մեղրածոր աչուկներով նայեցաւ եւ բռնեց անոր ձեռքը՝ դեռ բերան չհասած։ Թեթեւ  մը գլուխը հակեց։ Հրանտ հասկցաւ։ Լուռ ինքնամփոփ, ձեռքը յանձնած անորինին՝ սպասեց։ Արփիկին շըրթները միայն մանր շարժումներ գործեցին։ Կ՚արտաբերէին թէեւ իմանալի բայց անլսելի բառեր։ Անոնք որ մարդուն մշտական  ներկան պիտի լեցնէին եւ որ ամէնէն մոռցուածներն էին։ Երկար չտեւեց։ Հրանտ որուն շաբաթներէ ի վեր ոչինչ սնունդ մը բաւական եկած էր, կատաղի ախորժակով մը ըրաւ ընթրիքը։ Ամէն ինչ սացառապէս համեղ թուեցաւ։

Շրջուն երաժիշտներու ամբողջ խումբ մը եկաւ։ Ընդհանրական բարեւէն վերջ, ժպտագին մանր բարեւներ՝ իրե՛նց։ Անմիջապէս ճանչցած էին։ Քայլերգով մը կատարուած բացումէն վերջ, Արփիկին նայելով եւ ժպտելով, սկսան Մոն Աման տը Սէն Ժանը նուագել Արփիկ երանութեան մէջ էր որով եւ որուն հետեւանքով Հրանտ ալ կը խայտար, մելամաղձոտ, ժպտագին, երջանիկ։

Je restart grisee sans volonte

Sous ses baisers,,,

Ի՞նչ կը մտածեց հիմա։

-Կը մտածէի որ ինչքան քիչ բան պէտք է՝ մարդը ուրախացնելու համար եւ աշխարհը սկսեր է մէյ մը Թէրո դառնալ եւ ալ չի կրնար շիտկուիլ։

-Թէ՞րս...

-Հակառա՛կ, ըսել կ՚ուզեմ։

-Այսօր բան մը չի կարդացիք, ո՛չ նուագեցիք, ո՛չ ալ կենսագրականի մը ծանօթացուցնք։

-Սի՜։

-Որու՞ն։

-Իմինի՛ս։

-Հա-ա-ա՛...

-Ուր մնաց ո՛ր, ըսածներս ասկէ կը մտնեն, անկէ դուրս կ՚ելլեն.

-Երբեք, երբե՛ք։

Արփիկ գինի գրեէ չէր խմեր կամ մատ մը։

Այս անգամին քչիկ մը աւելի փախեր էր քակեր էր ներքին կապանքները եւ տուեր անուշ համարձակութիւն մը որով, մոռցած ուտել կը զբաղուէր միայն Հրանտով, լեցնելով անոր պնակը, գաւաթը, կարագ դնելով հացին, մաքրելով նարինջն ու թուզը։ Իր խրտչուն այլ խտացած գորովանքը որ դեռ չէր համարձակեր արտայայտուիլ՝ կ՚ապաստանէր բազմաթիւ մանր, հոգատարութիւններու մէջ որ իբր թէ պարտաւոր է ընել եւ որուն ետեւ, անխոցելի, կրնար պահուըտիլ իր ամօթխածութիւնը։

Ինչքա՛ն քիչ բան պէտք է մարդուն, կը մտածէր Հրանտ։ Ներքին կեանքին չքացումը՝ այս տարօրինակ, արտառոց աղէտալիր երեւոյթը. համաճարակը ստեղծած է՝ մարդիկ բռնուած են շարժելու. փոխելու, կեանքը արտաքինէն փոփոխելու մոլուցքէն, յուսալով նիւթէն ապահովել մանրիկ առաւելութիւններ։ Ախտը այն աստիճանի խորացեր է որ անոնք չեն բաւականանար գո՛ծը, բնակարա՛նը, դի՛րքը, երկի՜րը փոխելով անդադար, այլ նաեւ՝ բարեկամը՝ կինը, ամուսինը, ծնողքը, հաւատքը, հայրենիքը... Փոխե՛լ, փոխե՛լ, անհընդա՛տ շարժիլ... Արդ՝ աւա՛գ առաքինութիւն մը կայ՝ ստեղծուած տեմը մնալ։ Ընդունի՛լ իր վիճակը եւ ա՛յդ վիճակին մէջ ստեղծել, աճեցնել, կատարելագործել կեանքը... Այլապէ՛ս, այլապէ՛ս, կ՚առաջնորդէ ան անզգալաբար դէպի փոփոխումը նաեւ իր աստուծոյն։

Մեր ցեղը, ռուսին հետ, ունեցած է գերագոյն չափով այդ առաքինութիւնը։ Ժամանակաշրջան մը, իր հուսկ հասունութեանն իսկ հետեւանքովը, այդ առաքինութիւնը այլասերած է իր թերիին, ստեղծագործ համակերպութիւնը դառնալով գրեթէ հոմանիշ անարի լքումներու։ Ժողովրդական մեծ ալիքները եկած են եւ վերահաստատած ամէն ինչ իր տեղը.

Ելան։ Հրանտ առաջնորդեց զայն մինչեւ Մէռի տ՚Իսի Հանրակառք մը եւս կայ, վերջինը։ Պիտիչուշանայ։ Գիշերը՝ ամառնային է։ Խռովիչ զովութիւն։ Աստղ։ Կը բաւէ սպասման վայրէն երկու քայլ առնել՝ եւ արդէն փոքրիկ հանրային պարէզն է։

-Չմսի՛ս, Արփի՛կ։

Ցանկապատին երկայնքը՝ միայնութիւն, կիսամութ։ Հրանտ առաւ իր գինեդոյն, մետաքսեայ վզնոցը եւ պատսպարեց անոր կուրծքը ուրկէ մանր սարսուռներ կ՚անցնէին։ Բացաւ բաճկոնակը եւ պատեց անոր տաք, տենդասարսուռ իրանը։ Ցանկապատին քով, կիսամութին մէջ, խոհուն ծառերուն մօտ, անամպ երկինքին տակ, մնացին անշարժ լուռ, երջանիկ...

Եկա՛ւ, եկա՛ւ։ Եկաւ հանրակառքը Հարկ էր շտապել... Քանի շաբաթ է արդէն որ կը պտըտցնէ այդ առարկան իր հետ առանց  համարձակելու տալ անոր։ Այո՛, կը խորհի որ այս անուշահոտութիւնը պիտի  յարմարի անոր մազերուն, - Էմըռոտ եւ ոսկի։ Արփիկ կ՚առնէ մանուկի մը պէս ուրախացած։ Ոչ միայն անուշահոտութեան համար, այլ մանաւանդ անոր համար որ իր նշանածը ըսել է, հակառակ չէ քչիկ մը պչրանքի... Կ՚առնէ՝ պայմանաւ որ վաղը իրենց երթայ ընթրելու։ Այն ժամանակ ինք ալ կ՚ընդունի առաջարկը՝ վաղը չէ միւս օր Թէաթրը Ֆըրանսէ երթալու։

Հանրակառքը արագութեամբ, հրամայական աղմկալից  առաւ աղջիկը ու անհետացաւ հապշտապ։

Դանդաղաքայլ յառաջացաւ Հրանտ, գրեթէ  անկարող տանելու խայտանքի ներքին կրակը դեռ աւելի բորբոքած նոր ծրագիրներու հեռանկարներովը։

Յաջորդ երեկոյ, առաջին դիմաւորողը, անզուսպ  խանդավառութեամբ, դարձեալ շունը եղաւ Հրանտ երկար ատեն փայփայեց զայն, խաղաց հետը։ Եւ յանկարծ, քանի մը քայլ հեռուէն, փոքր պարտէզին մէջ, յամրաքայլ, նազանքոտ, ժպտերես, յուզումնալիր՝ սիլուէթը Արփիկին։ Գրկուած կը բարձրանան վեր։ Կ՚ուգան, ծեքծեքուն, լորդազեղ խայտանքի  զուսպ արտայայտութեամբ՝ Զարուհին, Ալիսը։Արփիկ կ՚օգնէ անոր վերարկուն հանելու եւ անմիջապէս  կը սկսի կարել երերուն մէկ կոճակը. «Չըլլալ որ իյնալ»։ Զարուհի բազկաթոռ մը կ՚երկարէ։ Ալիս բարձ մը կը բերէ եւ փութկոտ՝ կը կատարէ ընթրիքին վերջի կարգադրութւնները՝ կատուի մը ճարպկութեամբ։ Զարուհի կ՚աղօթէ. հրանտ ախորժակ չունի։ Մէկը սակայն կարգը կը քսէ իր հացին, միւսը գինին կը լեցնէ։ Արփիկ, որուն մազերը ճակտին կը քսուին, հակած, ինքն իսկ կը կտրէ կը հանէ խորոտիկին կարծր մասը իր պնակէն։ Ալիս հայերէն բառերու իմաստը կը հարցնէ որոնց ամբողջովին չի կրնար պատասխանել Հրանտ։ Զարուհի, հին թերթի մը մէջ, իր մասին դրուած ներբողական  մը ցոյց կուտայ։ Ճաշէն վերջ, Հրանտ մանտոլինով կ՚ընկերանայ եւ երեք քոյր, մեղմ, ներշնչուած բիւրեղ՝ կը սկսին հոգեւոր երգերու։ Հրանտ հարցումներ կուտայ իրենց լսած վերջի դասախօսութեան մասին։ Տիկին Փափազեան անսպասեիօրէն կը յայտնուի։ Հարկ կ՚ըլլայ շատ պնդել, շա՛տ, եւ աղուոր խօսքեր ըսել, մինչեւ որ համաձայնի աթոռի մը ծայրը նստիլ եւ պտուղով մը հիւրասիրուիլ։

Թուղթերու խնդիրը նոր փուլերու մէջ մտած է այն իմաստով որ նոր այցելութիւններ տեղի ունեցած են պաշտօնատունէ պաշտօնատուն որոնցմէ վերջինը՝ Աշխատանքի Նախարարութիւնը։ Իրականին մէջ մինչեւ պռկունքը ցեխը խրած կառք մըն էր այդ «խնդիրը» որ անհնարին կ՚ըլլար տեղէն շարժել։

Պ. Նազարեան ե՞րբ թէնէզիւլ պիտի ընէ օր մըն ալ իրենց այցելելու։ Խարբերդի քիւֆթէ պիտի պատրաստէ եւ Արփիկին ալ սորվեցնէ։ Երկար չի մնար։ Կենցաղավարութիւն ունի։ Նահապետն ալ արդէն մինակ է տունը եւ կը սպասէ.

Դասագրքի մը բաց էջը պատճառ կ՚ըլլայ, եւ Հրանտ կը ծանօթացնէ զանոնք վաղամեռ, թոքախտաւոր բանաստեղծներու կեանքին։ Չափազանց կը տխրին։ Ալիս կ՚ընդվզի։ Ինչո՞ւ հայ ազգը աւելի հոգ չէ տարած...

Տիկին Փափազեան իր մեկնումէն վերջ, առարկան կը դառնայ, շատ նուրբ ու կցկտուր բացատրութիւններով, իրենց հեգնանքին։ Ան ո՛ւր իրենց մայրիկը ո՛ւր, որ մտքէն անցնէ իրենց մայրութիւն ընել։

-Vous pensez l... Մեր Մայրի՛կը մեր  ծնողքը՜...

Որոշ էր, հատ մըն ալ չկար անոնց պէս, աշխարհիս վրայ Հրանտ կը սիրէր այդ մոլեռանդութիւնը։ Հայու հոգին, բոլոր մեծ պատուէրները, աւագ սէրերը կը տանէր դէպի բացարձակ, դէպի սրբութիւն։ Այդպէս ալ պէտք էր լլար։

-Արփի՛կ, հարցուց Հրանտ, գիտեմ որ հայրիկդ «կուսակցական» եղած է, բայց ի՛նչ զբաղում ունէր։

-Թէնթիւրըրիի գործարանին մէջ բանւոր էր։ Վերջի տարիները չէր աշխատեր որովհետեւ անընդհատ հիւանդ էր։ Մայրիկս օյա կը բանէր. կը ծախէր։ Յետոյ, մէկիկ մէկիկ, մենք ալ սկսանք աշխատիլ։... Մայրիկս սկսաւ հիւանդանալ։

Արփիկին ձայնը կը դողար։ Զարուհիին դէմքը կը կարկամէր եւ երեքին ալ աչքերը խոնաւ էին։ Ցաւի, պայքարի, պայքարի ցաւի կեանք մը, հասած իրենց զայրագնումի վերին աստիճաններուն։ Հրանտ յիշեց որ իրենց ընտանիքին պատմութիւնը ուրիշ բան չէր եթէ ոչ նմանապէս հիւսուած ցաւով, պայքարով, հալածանքով։ Այս բոլորին մէջ՝ հայրը կուսակցական եղած է, սիրտ հատցուցած, զոհողութիւն ըրած։ Աղջիկները, մատ մը աղջիկներ, նետուած դժնէ պայքարի փոթորիկին, ճգնէր են, երգ սորվեր, ջութակի դաս առեր, հայերէն սորվեր, դասախօսութիւններու յաճախեր եւ մնացեր, մատ մը աղջիկներ, ադամանդեայ կարծրութեամբ, հակադրուած ժամանակի վատասերող հաճոյքներու կեանքին...

-Անոր այդ փափաքին մէջ, յայտնեց Հրանտ, չեմ յուսար որ... Միամտօրէն, բարութեամբ ըսած է։ Քանի ապրիք այնքան պիտի տեսնէք որ կեանքը, մարդիկը բա՛րդ երեւոյթներ են։ Ջութակ նուագելու չափ, անկէ շատ աւելի դժուար է՝ ապրի՛լը։ Ինծի համար լաւ էակը ան է որուն ընկերակցութենէն կ՚աճի մեր մէջ ինչ որ ունինք ազնիւ։ Պէտք է արուեստը ձեռք ձգել շփուելու մարդոց ազնուագո՜յն կողմին հետ, զա՜յն երեւան հանելու, ա՛յդ մասը զարգացնելու եւ մոխիրին տակ ձգելու միւս, ան միւս մասը։

Զարուհի, որուն կծկուող դէմքին հետ մտածելակերպն ալ երբեմն ճմռթկուած, անհանգստացնող բան մը ունէր։

-Պէտք չէ՞ ըսենք այն ինչ որ է, հարցուց։

-Մեր նմաններուն խօսքին, արարքին ետեւ մի՛շտ ազնիւ դիտաւորութիւն մը պէտք է ենթադրենք։

-Եթէ՛ այդպէս չըլլայ, հապա...

-Թո՛ղ այդպէս չըլլայ։ Անոնց համար չէ՜։ Մեզի համար է։ Մե՛ր ակնարկներն են որ պէտք է մնան սպիտակ։ Մանաւանդ... երբ աղջիկ ենք եւ քսան տարեկան։

-Միամիտ չե՞նք մնար այն ժամանակ, խորհրդածեց Արփիկ։

-Յստակատեսութիւնը երբե՛ք չի հակադրուիր կապոյտ տեսնելու մեր կարողութեանը։ Իսկ եթէ հարկ է միամիտ մնալ՝ թո՛ղ ըլլանք «միամիտներ»։

-... Որ ի՜նչ ըլլայ, աւելցուց Ալիս։

-Այն կ՚ըլլայ որ, օր մը, ապահովաբար, օր մը, մարդուն խօսքին կամ արարքին ետեւ, յանկարծ, իսկապէ՛ս կապոյտը, սպիտակը կը շողշողայ։ (Կարճ լռութենէ մը վերջ)։ Եթէ օր մը այդ արդիւնքը չտեսնենք ալ, թող մեռնինք անոր յոյսովը։

-Ամա՜ն, ձայնեց Ալիս ժպտելով, ի՜նչ նստեր ենք բամբասելով կը զբաղուինք...

Հրանտ կարմրեցաւ, լռեց։ Այդ կոպտութենէն կրած հակազդեցութիւնը խստացուց անոր դէմքը։ Դժդակ կացութիւն մըն է երբ յիմարութիւնը հեղինակութիւն կը ստանայ։ Տիրեց անախորժ լռութիւն։ Արագօրէն սակայն վերագտաւ։ Հրանտ իր անդորրը։

-Չեմ ուզեր որ այսքան շփոթութիւն տեղի ունենայ, աւելցուց մեղմութեամբ։ Տեսէ՛ք, Ալիս, եթէ ես այս րոպէիս ճիգ մը չընէի՝ ձեր վերջին խօսքին ետեւ անուշադրութեան պատճառը պիտի չտեսնէի, պիտի վիրաւորուէի, պիտի նախատէի...

-Բանսարկութեան հետք չկայ մեր այս խօսակցութեան մէջ։ (Արփիկ դառնալով)։ Կ՚ուզէիր զիս ճանչնալ։ Ահա՛, ինծի համար կարեւոր, էական կէտ մը, այն աստիճանի որ էակի մը կեանքին նպատակը նոյնիսկ կրնայ դառնալ, - իր մերձաւորին մի՛շտ լաւ բաներ վերագրել... Ոչի՛նչ, ոչ մէկ բան տառապեցուցած է զիս աւելի քան էակ մը որ ամէն բանի ետեւ միայն սեւ՛ը կը տեսնէ...

... Խե՜ղճ Հրանտը, գալոց չարչարանքներուն կանխազգացուած պաղ սարսուռնե՞րն էին որ յանկարծ մթագնեցին իր հոգին։

Մինչ այդ, Ալիս եւ Զարուհի, օտարոտի ժպիտներով, ակնարկներով, գլխու շարժումներով սկսած էին իրենց մունջ խօսակցութեան։

Արփիկ բոլորովին մօտեցուց աթոռը, երկու քոյրերուն ներկայութիւնը անտեսելով, քնքշութեամբ, առաւ Հրանտին ձեռքը իրեններուն մէջ եւ ժպտեցաւ՝ սրտակեղեք պաղատանքով մը։

Հրանտ ամոքուեցաւ։ Դատապարտուածի, նոխազի, տեւականապէս երկընտրանքի մը առջեւ գտնուող մէկու մը տագնապը ունէր անոր՝ Արփիկի ժպիտը։ Տագնապ որուն բիրտ ծանրութիւնը յաճախ կը ճզմէր այս դիւրաբեկ աղջնակը։

Այպէ՜ս, կը տեսնէր «կեանքի. ծովուն» նետուած այս արմատախիլ երեք հայուհիները որ թէեւ մերթ դժուարութեամբ բայց անյագօրէն կ՚ըմպէին իր մտածումները՝ հասարակ տեղիքներ, եւ յուզիչ խելահեղութեամբ մը կը բոլորուէին առանցքի մը շուրջ։ Հանրակառք բարձրանալու ատեն՝ Արփիկ ծրար մը խոթեց Հրանտին թեւին տակ։ Հա՜, իր պոռտօ վզնոցն է։ Հրանտ չանդրադարձաւ որ իրեն տրուած ծրարը իր բնական մեծութիւնը չունէր։ Երբ բացաւ զայն, հոն գտաւ իր վզնոցէն զատ, բուրդէ, գոց կապոյտ բաճկոնակ մը։ Աս աղջիկնե՜րը, աս աղջիկնե՜րը... Ինք որ ժամ մը պատսպարեր էր Արփիկը ցուրտէն, ան հոգացած էր ամբողջ եղանակներ ցուրտը անվնաս դարձնելու։.... Չդիմացաւ։ Առաւ հեռախօսին ընկալուչը։ Անպիտան ֆրանսուհիներ՝ ընկերակիցները, կը խնդան, կը կատակեն, դիտմամբ կը սպասցնեն... Վերջապէ՛ս, հիւթեղ ու մեղմ իր ձայնը.

-C՚est moi, Arpig...

Տարօրինա՜կ... Երկուստեք կաշկանդուած են։ Կը փոխանակեն պայմանագրական խօսքեր որոնց բառերը կը կտրտուին երկուքին ալ կոկորդին մէջ։ Յուզումներու իր գարնանային վարդէն, անոր բուրումէն, թերթերեւ թարմ ոչինչ, ոչինչ կը հաղորդուի հեռախօսով, եթէ ոչ տերեւի մը փոշին։ Հակառակ բոլոր իրենց ճիգերուն, բառերը սակայն որ կը կտրտուին, որ կը խեղդուին կոկորդներուն մէջ՝ կը մատնեն, գերագոյն լեզուով մը, անպատում խռովքներ...

Անկարելի է իրեն ըսել թէ յաջորդ երեկոյ ի՛նչ տեսաւ Հրանտ Թէաթրը Ֆրանսէզի իրենց երեկոյթէն։ Սեղմուեցան օթեակի մը մէջ։ Նստաւ ետեւը Արփիկին որ սեղմեց անոր ձեռքը իր կուրծքին։ Ան  դասաւորեց գլուխը այնպէս մը որ դէմքը գրեթէ ամբողջութեամբ միւսի դէմքին սեղմուեցաւ։ Ոսկեկայլակ մազերէն էմըռոտին բուրումը կը ծաւալէր խենթեցնող հեշտանքով։ Հրանտ կը սեղմէր անոր իրանը իր աղջկայ դիւրաբեկ կողերուն վրայ, երկչոտօրէն ամօթխածութեամբ։ Արփիկին արդէն կամակատար յանձնումը կը դարձնէր Հրանտ աւելի կուսական, կը յուզէր զայն մինչեւ արտասուք, եւ աղջկան ամբողջական վստահութիւնը, - ընծաներուն գերագոյնը որ կինը երբեւիցէ կրնայ տալ տղուն, - կրնար դիւրութեամբ հերոսութեան մը մղել զինք։ Միջնարարին շրջեցան մարմարակերտ միջանցքներուն մէջ։ Խուռներամ բազմութիւնը առանձնութեան մէկ երանգն է։ Մեծադիր հայելիին առջեւ պահ մը կանգ առին։ Հրանտ թեւը անցուցած էր անոր մէջքին։ Արփիկ, մանուկի անբարբառ լքումով կը պահէր սեղմած անոր կուրծքին իր գլուխը որ կը քսուէր միւսի ծնոտին։ Ա՜, կարելի ըլլար արուեստագէտի մը իւղանկարովը, գոնէ լուսանկարով մը անջնջելի դարձնել այս պահը, պահը այդ դէմքերուն, եւ անոնց արեգակնային ցոլքը, - այս եղաւ երկուքին ալ փափաքը։

Վերջի արարին՝ բեմին կիսամութը սաստկացուց օթեակներուն աղջամուղջը։ Արփիկ, ինքը՛, առաջինը, յամրաբար, դարձուց երեսը, մինչեւ որ երկուքին շրթները, իբրեւ առաջին անգամը, իրարու հպեցան... Եւ ինչպէս, արդէն անգամ մը, հրապարակի մը վրայ, այս անգամ եւս, մութին մէջ, լուսավառ կերոններ ցցուեցան, սուրբ էջերու օրհնէքները սկսան ծածանիլ ծխացող բուրվառներու շարժումին հետ, ամուսնական յաղթերգեր անգամ մը եւս թնդացին, նշենիի ծաղիկներով ու դափնեվարդով, անտեսանելի նարօտ մը օղակեց երկու գլուխները, կեանքին ու յաւերժութեան առջեւ...

Եկաւ այն պահը որ զենիթայինն է, որմէ ասդինն ու անդինը պիտի ունենայ միշտ բա՛ն մը պակաս, որուն ընթացքին, մարդը պատրաստ է, շրթունքին՝ կեանքի իր լիալիր բաժակը, ժպտագին, նայիլ մահուան աչքերուն...

Վերադարձին, տունը, երկու ժամ վերջ, առանց քնացած ըլլալու, գերարթուն, Հրանտ ելաւ անկողնէն։ Ձեռքերը, դէմքը, ամէն ինչ օծանուած էին էմըռոտով, դարձնելով Արփիկին ներկայութիւնը շօշափելի, կրակին նման հիփնոսացնող ու անկարելի։ Սրբիչ մը կապեց ջութակի իրանին, մեղմացնելու համար, գիշերուայ այդ ժամուն անոր ձայնը։ Ժամեր սուրտինն ալ դրած, նուագեց, ժամեր պարտեցաւ մէկ սենեակէն միւը։ Ապա, բաճկոնի գրպանէն հանեց թատրոնի տոմսերուն կտրոնները։ Արձանագրեց հոն այդ օրուայ թուականը, - Սեպտեմբեր 22. 194. ։ Գնաց բացաւ փոքրիկ գզրոցը որ քոզիին անկիւնն էր։ Առաւ եւ երկարօրէն դիտեց, անգամ մը եւս, զոյգ մը ասեղնաբանուած ճերմակ ձեռնոց, որոնց հետ գիշեր մը համբուն արթուն մնացած էր։ Յետոյ, տոմսերն ալ, ձեռնոցներուն հետ, զետեղեց դարձեալ գզրոցին մէջ, գոցեց բանալիով։ Դրաւ ու գոցեց սրտի մէկ բաժնեակին մէջ այդ գանձերը որմէ, ա՛լ ոչինչ եւ ոչ ոք, եթէ ոչ մահը, պիտի կրնար բաժնել զինք։

Հոկտեմբերի սկիզբներն էր։ Հրանտ պատահմամբ, իր մէկ աշակերտին միջոցով, երկու տոմս ունեցած էր։ Եահուտի Մընիւինի համերգին։ Պիտի նուագէր, անունները Պ տառով սկսող չորս երգահաններու քոնսերթօները։ Շատ աւելի Արփիկին հետ միասին ըլլալու հեռանկարն էր քան թէ բուն իսկ ունկընդրութիւնը որ կ՚ոգեւորէր զինք։ Մընիւինի ընդհանուր մեկնաբանութիւնը սխալ կը գտնէր։ Շատ մը բաներ, շատոնց, կորսնցուցած էին իրենց հրապոյրը։ Այժմ, կեանքին ալիքները անցնելով նոր զգայնութեան մը մէջէն՝ Արփիկին զգայնութենէն, կուգային ողողել զինք նորոգ գրաւչութեամբ։ Արփիկ շաբաթներէ ի վեր տեղեակ էր այդ ծրագրին եւ միասին բազմաթիւ անգամ ուրախացած էին այդ առթիւ։

Հրանտ տուած էր մէկ երկու նախնական գիտելիք երաժշտական սեռերու մասին։ Միասին ունկնդրած էին իր մէկ քանի սկաւառակները։ Պէթհովէնի եւ Պռահսի քօնսերթօներէն, վասնզի սարսափազդու էր ընդհանրական տգիտութիւնը ուր ցարդ մնացեր էին երեք քոյրերն ալ։ Կարգ մը ուրիշ մասեր՝ ինքն իսկ նուագեր էր։

Թէեւ Հրանտ կը շարունակէր երկրորդական նշանակութիւնն տալ զարգացումին, թէ անհատին, թէ ընկերութեան, թէ կեանքի տեսակէտէն, բայց, այս շփումէն, բարեխառնեց այդ տեսակէտը։ Երբ, օրինակ, յանկարծ երեւան եկաւ որ Շէքսփիրին անունը առաջին անգամ իրմէ կը լսէին եւ զարմացածիրարու երես կը նայէին, Հրանտ տաժանելի հակազդեցութիւն մը կրեց, որպէս թէ սարսափելի անկրթութեան մը առջեւ գտնուէր, այս անգամ ոչ թէ կենցաղի՝ այլ մտքի՝ «անկրթութեան» մը։ Եւ հաւանաբար  այս վերջինն ալ նոյնքան ծանր է որքան կենցաղավարականը, եւ հոգեկան «անկրթութիւնն» ալ՝ ա՛լ աւելի ծանր քան թէ երկրորդը։ Մնաց որ բոլորն ալ սերտօրէն խնամի են իրարու, եւ ի վերջոյ, մէկը միւսը կը պայմանաւորէ։ Կարեւորը, ինչպէս միշտ, գլխագիր զարգացումին ծառայելն է։

Յիշեց ռուսական վէպի մը մէկ անձնաւորութեան՝ վարդապետի մը խօսքերը. «Խելքը որ մարդ հաւատքով ձեռք կը ձգէ՝ Աստուածհաճոյ պտուղներ կուտայ։ Ի՜նչ կ՚ըսենք աղօթքին մէջ։ Յաղաքս փառքին Ստեղծիչին, յաղագս մխիթարութեան  մեր ծնողքին, յաղագս օգտին Եկեղեցիին եւ հայրենիքին։«... »

Առաւօտը նոյն այդ համերգի օրուան, Արփիկ հեռախօսեց՝ յայտնելով որ պիտի չկարողանայ  ընկերանալ իրեն։ Հրանտ զարմացուի բիրտ ցնցում մը կրեց։ Այդ վերջին պահու բեկանումէն շուարած՝ համաձայնեցաւ անմիջապէս։ Ո՛չ, Արփիկ հիւանդ ըլլալու պատրուակն իսկ չէր գործածեր։ Այլ. պարզապէս, չէր ուզեր Զարուհին առանձին ձգել տունը, Ալիսը ճամբորդութեան մէջ գտնուելով... Խօսակցութիւնը անսպասելի պտղութեամբ ընդհատեցին։ Առաջին անգամ ըլլալով Հրանտ ընդվզում մը ունեցաւ։ Ա՛ս ինչ բարքեր էին... Ինք, արդէն, մինչեւ հիմա, ինքնաբերաբար ամէն տեղ, քոյրերն ալ հետը տարած էր։ Այս անգամին, պատահմամբ միայն երկու տոմս ունեցած էր, իսկ յայտարարութենէն երեք օր վերջ արդէն հրապարակին վրայ ծախու ոչ մէկ տոմս մնացա։ Ինչպէ՜ս է որ ո՛չ փոքր քոյրը ստիպեր է Արփիկին, ո՛չ Արփիկ հասկցուցեր քրոջը այս կարգի պարտադրութեան մը անբնական նկարագիրը...

Հրանտայն աստիճանի վրդովուեցաւ որ որոշեց բացարձակ լռութեամբ, եթէ հարկ է՝ վերջնական լռութեամբ, հասկցնել անոնց՝ իրենց ընթացքին անհաւատալի հանգամանքը... Քանի մը ժամ վերջ սակայն իր վրդովումը մեղմացաւ։ Աչքին առջեւ եկաւ Արփիկին կարկամած, դատապարտուած... դէմքը, գէշ ըմբռնուած ընտանեկան պարտադրութեանց տակ մտած աղջկայ յուզիչ աչքերը... Իրիկուայ կողմ՝ հեռախօսեց։ Անմիջապէս նկատեց որ ան ալ խորապէս խռովուած է ու երջանիկ խօսակցութեան այս առիթէն։ Հրանտին մէկ երկու բացատրութիւններէն վերջ՝ շատ դիւրութեամբ համաձայնեցաւ։ Պիտի աշխատի դրացնուհիի մը ընկերակցութիւնը ապահովել՝ քրոջը, մինչեւ իր վերադարձը։ Ուրեմն՝ այս իրիկուն...

Մեղա՜յ... Կարծես չորս տարեկան մանուկ մը ըլլայ, Տերսիմի լեռները, առեւանգելու վտանգին տակ... Եւ ըսել որ խնդիրը աղջիկներու մասին է որ շէֆթէններ եղած են որ, դեռ տարիներ առաջ, գիշերներ անցուցած են՝ անտառներո՛ւ մէջ։

Պա՜ղ եղաւ իրենց հանդիպումը։ Հրանտ նմանապէս մռայլ էր։ Արփիկ համերգի ընթացքին, մեղմօրէն, անոր ձեռքը բռնեց։ Հրանտ, սակայն, տակաւ փոխուեցաւ։ Իր յօրինել սկսած քոնսերթօն որ անգամ մը եւս լքուած էր, խափուսիկ կենդանութիւն մը ստացաւ։ Յայտագիր մը գնեց եւ ետեւի մերկ էջին վրայ չորս տող ձայնագրեց։ Յետոյ՝ յանձնեց զայն Արփիկին։

-Տունը պիտի փորձես երգել...

Միջնարարին նոյնիսկ իր տրամադրութիւնը ոգեւորութեան հասած էր։ Խօսելէ վերջ ի՜ր քոնսերթոյի մասին, ինկաւ այս վերջերս իր սիրած նիւթին մէջ, - հայկական երաժշտութիւնը՝ ժողովրդականը, հետեւաբար նաեւ բանաստեղծութիւնն ալ, իսկապէս բացառիկ մեծութիւն մը ունի։ Անոր արժէքը այնքան մեծ է որ անոր վիճակուած է, զարգանալով եւ հասնելով իր վերին արտայայտութիւններուն, առաքելութիւն մը՝ միջազգային ծիւրող արուեստի նորոգման ի խնդիր։ Այդ փթթումը կրնայ տեղի ունենալ, տեղի կ՚ունենայ Խորհրդային Հայաստանի մէջ։

Ուր է այդ մեծութի՞ւնը, ուր է այդ արժէ՞քը։ Ա՜, ինչքան անխախտ է հիմա ատոր համոզումը իր մէջ, նոյնքան անատակ է զայն ապացուցանելու։ Այսքանը ակնյայտ է որ այդ հայ արուեստը, անսասան կաղնիի մը նման, իր արմատները նետած է անհաւատալի մեծութեամբ անցեալի մը քաղաքակրթական հոզերուն։ Իր մէն մի պտուղը կը հակադրուի քայքայուող ժամանակաշրջանի մէն մի ըմբռնումին։

Չինար ես՝ կռնալ մի,

Մեր դռնէն հեռանալ մի...

Երգ ու բառ կուտան սիրոյ ըմբռնումը, միակը, իսկականը։ Կու տան կնոջ կոչումը՝ յանկարծ բացուած երկինքներու առջեւ։ Եւ ինչքա՜ն սրբութիւն, ինչքա՜ն կարօտ իտէալի՝ «եա՜ր, եար... » կանչող Տղուն շեշտին մէջ... Ինք, մինչեւ վերջերս, դեռ քանի մը տարի առաջ, այդ մեծութիւնը կ՚ընդունէր գրեթէ պայմանագրական եղանակով մը, հայրենասիրաբար։ Հիմա՝ կը հաւատա՛յ անոր։ Ինչպէս կարելի է անհուս ընդայնել միտքը, կարելի է հայ ըլլալէ յետոյ՝ դեռ անհունս հայանալ։ Երանի՜ անոնց որ կը ծնին արդէն մեծ չափով մը կատարուած, մեր ցեղին հանճարները։ Մե՛նք... ոչինչ ենք, փքուա՜ծ եսեր...

Արփիկ մեղմութեամբ անոր ձեռքս շարժեց։ Ակնարկներով հասկցուց որ բարձրաձայն կը խօսի եւ մարդիկ իրենց կը նային... Հրանտ սթափեցաւ։ Նկատեց նաեւ որ ո՛չ Արփիկ հասկցեր էր ո՛չ ուզեր էր հասկնալ իր ըսածները։ Մնացած էր առանց վարակուելու։

Երբ Մէռի տ՚Իսի հասան, վերջին հանրակառքը  մեկնած էր արդէն։ Կէս գիշերը անց։ Անհնարին՝ կառք գտնել։ Շատեր ոտքով կը բարձրանան։ Արփիկ ձեւի համար իսկ չմերժեց, եւ Հրանտ ընկերացաւ, հետի, մինչեւ տուն։ Վերադարձի ահագին ճամբան կատարեց առանձին։ Հարկ եղաւ հասնիլ մինչեւ Փորթ տը Վէրսայլ կառք մը գտնելու համար։ Տարօրինա՛կ  է, Արփիկ մազաչափ չէր մտահոգուած այս բոլորով։ Եւ այդ բոլորը որ անփափկանկատութիւն, եսասիրութիւն եւ նաեւ ուշիմութեան պակաս կը մատնէր՝ կ՚անհանգստացնէր զինք։ Ան, կնոջ մէջ, միշտ ատած էր այն էակը որուն հայերէն աւանդական բառը չկար, որուն թուրքերէն կամ եւրոպական որակումը գոյութիւն ունէր՝ մէթրէս։ Դեռ կնոջ մէջ ալ, իր համար, կնոջ մեծագոյն տիտղոսը կը  կազմէր անկորնչելի քոյրը, գալիք մայրը։ Այս բոլորը կը բերէին ոչ ապահովող նախազգացումներ, կը քանդէին իր արդէն դիւրաբեկ տրամադրութիւնը, կը բեկանէին իր միակ, մեծագոյն հրճուանքը՝ խանդավառուելու։ Առաւօտուայ կողմ միայն քունը  հաճեցաւ ենթարկել զայն իր խորհրդաւոր ալքիմիային եւ, ինչպէս ամէն առաւօտ, վանելէ վերջ բոլորը մակաբոյծ յոյզերը, վերադարձնել զգալու նախնականացած, կուսականացած գործիքը։

Ժամանակ էր ընելու վերջնական կարգադրութիւններ։ Հրանտին այն սկզբնական ներքին անհանգստութիւնը անհետացած շրջանի մը մէջ էր։ Հիմա, տարակոյս չկար, գոյացեր էր այն անխուսափելի ջերմութիւնը առանց որուն մնայուն կապ մը պաշտօնականացնել՝ անհեթեթ պիտի ըլլար։ Այժմ ինք գոյութի՛ւն  ունէր Արփիկին համար եւ Արփիկ՝ իրե՛ն։ Եւ սակայն միշտ այն դժնդակ  զգացումը  որ իր կամքէն դու՛րս ուժի մը կը հպատակի, կանխորոշ վճիռի մը նման. «... զի լցցի բանն մարգարէին որ ասէ... »

Անգամ մը եւս, կիսամութին մէջ, մուգ ծառերուն մէջէն, յամեցող իրիկուան ծոցը, հանրակառքը առաւ զինք Իսիի Մէռիէն եւ կեցուց Փէրսիի հիւանդանոցին առջեւ։ Վերջապէ՜ս, պահ մը, երկու քոյրերը անհետացան, եւ ան մնաց առանձին՝ Արփիկին հետ։ Գրկեց զայն մէկ թեւովը, սեղմեց իրեն մեղմութեամբ եւ ըսաւ.

-Արփի՛կ, ի՜մ Արփիկ, շատ մտածեցի մեր ամուսնական արարողութիւններուն, քեզ յուզող խնդիրներուն մասին եւ որոշեցի ամեն ինչ ընել որ քու՛ ուզած եղանակովդ ըլլայ։

Գիտէ որ շատ պատճառներ կան որպէսզի պարզ հագուստով երթան եկեղեցի եւ միայն իրենց երկու ընտանիքներու ներկայութեամբը։ Պատերազմը, սուգեր, մայրիկին բացակայութիւնը, եւ դեռ այնքան ուրիշներ։ Կը հասկնայ սակայն այն ծանր յուսախաբութիւնը որ աղջիկ մը կ՚ունենայ երբ տարիներ, իր երեւակայութեան մէջ, անթիւ անգամներ ամուսնանալէ վերջ, իրականը գոնէ քչիկ մը համապատասխան չէ երազուածին։ Ուստի պիտի երթա՜ն  եկեղեցի, ուստի պիտի հագնի՛ իր ճերմակ հարսնեկան շրջազգեստը, երկար իր քօղո՛վն ու տտունո՛վը, ուստի պիտի երգե՛ն եւ օրհնե՛ն պսակը, այնպէս ինչպէս իրենց պապերը կատարած են... Գո՞հ է...

Արփիկ՝ կարմիր կտրած.

-Ե՞րբ հարցուց

-Նոյեմբեր 18ին։ Ահա՜ բախտորոշ թուականը... Կէսօրէն վերջ։ Նախ՝ Քաղաքապետարան, անկէ ուղղակի եկեղեցի։ (Մտածկոտ).

-Եւ սակայն, իմ Արփիկ, կէտ մը կայ որ սրտիս ցաւ եղած է։ ինչո՜ւ ոեւէ խնդիր՝ մեր երկուքին մէջ անմիջապէս պիտի չկարգադրուի։ Գոյութիւն չունի՛ այդպիսի խնդիր մը, եթէ մենք անկեղծ ենք եւ սիրով։ Ինչո՞ւ այդքան աւելորդ իրիրանցումներ։ Պատրաստ եմ, բարեկամութեամբ, ոեւէ բանի համաձայնիլ որ քեզի հաճոյք կրնայ պատճառել, երբ նոյնիսկ ինծի բոլորովին անհաճոյ է։ Վատ դիտաւորութիւններն են, եսամոլութիւնը, անհասկցողութիւնը, նիւթին բիրտ հետապնդումին, այլազան դաւաճանութիւնները որ միայն կրնան արգիլել տա՛ք համաձայնութիւնը երկու հոգիի միջեւ, նոյնիսկ՝ այդպէ՛ս ալ՝ երկու հաւաքականութեան, այդպէս ալ՝ երկու ազգերու միջեւ։ Կապ մը, որ հաստատուած է սիրոյ, պարտականութեան, աղօթքին վրայ, անհնարին է որ ոեւէ լուրջ անհամաձայնութիւն տեղաւորուի հոն։ Հոն միայն կրնայ մրցակցութիւն տեղի ունենալ՝ հազար ու մէկ փափկանտակութեա՛ն, զոհողութեա՜ն։ Որպէսզի՝ մին իրականացման տանի՝ միւսին կեանքին բարձրագո՛յն մասը։ Ո՛ւր մնաց որ ոեւէ բան երկրորդական է արեւին պէս քաղցր համերաշխութեան նկատմամբ։ Չէ՞ որ «վէմի վրայ» պիտի կառուցանէինք... աւելցուց Հրանտ կատակելով։

Հինգշաբթի օր մըն էր՝ օրը այս տեսակցութեան։ Յաջորդ երեկոյ՝ ուրբաթ, անակնկալ այցելութիւնը ունեցաւ Պարոն Փափազեանին։ Բնականօրէն համակրանք մը հաստատուած էր իրենց միջեւ։ Ան զարմացումով հաստատած էր դիւրահաղորդ, պարզ, ինքնաբուխօրէն անձնուէր, անհաւատալի չափով խոնարհ, աւանդապաշտ, ջերմեռանդ նկարագիր մը այս «գոռոզ», «անհասելի», «հեշտամոլ» ջութակահարին մօտ։ Առանց դիւանագիտական դարձուածքներու՝ յայտնեց որ Արփիկի կողմէ կուգայ, հետեւեալ պայմանները դնելու, - Եկեղեցին պիտի պսակուի, ճերմակ շրջազգեստ պիտի հագնի, մեծ ընդունելութիւն տեղի պիտի ունենայ...

Հրանտ, տեղն է ըսել, իր ականջներուն չհաւատաց։

-Ի՞նչ պատասխան պիտի տանիմ հարցուց Պր. Փափազեան։

Այո՜, այո՜, այս պայմաններու պատասխանին կը սպասէ, Արփի՛կը, ի՛նքը...

-Բայց անկարելի՛ է սիրելի՛ս։ Դեռ երէկ երեկոյ, երե՛կ, իրենց սենեակը, պատուհանին առջեւ, մէկ թեւովս գրկած, ե՛ս, ե՛ս ինքս արդէն ըսեր եմ իրեն այդ բոլորը, համաձայներ...

-Օ՜ Պարոն Նազարեան տկեուա՜նց են, սարսափե՜լի տկեուանց... Ան պզտի՜կը, պզտի՜կը՝ կատարեալ վհուկ մը... աւելուց այցելուն՝ վախցած աչքերով։

Հրանտ յստակօրէն զգաց որ ժամանակն է վերջ տալ այս խեղկատակութեան։ Այս դիմումին բոլորովին ձրի՛, անհեթե՛թ, վա՛տ նկարագիրը հարկ էր մեծին լրջութեամբ նկատի առնել։ Եւ երկու լուծում չկար՝ բեկանել։

Ա՜յս չէր բոլորը։ Երրորդ օրը՝ շաբաթ կէսօրէն վերջ, Տիկին Նազարեան այցելութիւնը կ՚ընդունի Տիկին Փափազեանին՝ ընկերացած Զարուհիին։ Նոյն կարգի խօսակցութիւն, առաջարկ, պայման... հատէ՜, հատէ՜, իշտէ շուտ մը թող ըլլայ՝ քանի աղջիկը ձեռքէ չէ փախած... Ճերմակ ֆիստան պէտք է որ առնէ, անշուշտ նշանտուքի մատնին ալ սանկ շնորհքով փռլանթիով։ Անկէ յետոյ աս երկու աղջիկներն ալ թեւերուն տակ առնէ, հայրութիւն ընէ... էկէլ իրենք ալ, ամուսին կին, ան վերի սենեակները հաստատուին, ինք անոնց կ՚օգնէ, կը սորվեցնէ, ճօճուխ են դեռ... Ալ իրեն՝ Տիկին Նազարեանին կը մնայ որ կ՚արգադրէ, վճռէ...

-Տիկի՛ն, կը յայտնէ ան վրդովուած, տարիներէ ի վեր ինչ որ պատահի, տղա՛ս է որ խորհուրդ կուտայ մեզի, ան է որ ուրիշներուն ալ խելք կուտայ։ Իր ընելիք չընելիքը իրմէ զատ ոչ ոք աւելի լաւ գիտէ։ Ան ինչ որ որոշէ, ինչ որ իր երջանկութիւնն է, ա՛յդ է իմ ուզածս... Ես յոգնած, հիւանդ կին մըն եմ կը խնդրեմ որ ասկէ յետոյ չյոգնիք այդ խնդիրներուն համար այցելութեան ելլել։

Երեկոյեան, երբ Հրանտ գնաց մայրը տեսնելու, զայն գտաւ օթոցին վրայ երկարած եւ այն տժգունութեամբը որ կ՚ունենար շնչափողատապի նոպայէ մը վերջ։ Տեղեկանալէ յետոյ եղելութեան, իր ընդվզումը ուղղակի զայրոյթի փոխուեցաւ։

-Ասանկ ալ բան երբեք չէր տեսնուած... կը մրմնջէր, ապշութեան ու գայթակղութեան խառնուրդ շեշտով մը... Տարօրինա՜կ մարդիկ կ՚երեւան... Քեզի ինչո՞ւ տեղ են դրեր... Ան պզտիկը՝, պզտիկը՛... նէրտէ վար պիր պոտըռ, ալլահըն պէլասը օ տըր... Ասոնք տիփլոմանին առած կ՚երեւան... Միտքերնին դրեր են «տարիքոտ մարդ» առնել, վրան  իյնալ, իրենք ալ՝ փողոցները... Ես ալ կ՚ըսէի, ա՛լ ծերացեր  եմ, տունը տան տիկին հարս մը գայ, դուռդ սեղանդ բաց՝ ինչպէս ամէն օր բաց էր հօրդ սեղանը։ Քեզի հոգ տանի որ քիչ մը ազատին դասերէդ ու ժամանակ տաս երաժշտութեանդ... Աղէ՛կ գտեր ես, խե՜ղճ տղաս... աւելցուց, արցունքներ ձայնին մէջ, մայրական  անվրէպ նախազգացումի չարագուշակ ճնշման տակ։

-Ո՛ւր տեսնուած է, շարունակեց, խորունկ վիշտով, որ աղջիկ մը ո՛չ միայն օժիտ չունենայ, ոչ միայն ինքը չնեղուի այդ գրութենէն, այլ մարդ ղրկէ՝ նշանածին դնել տալու համար... Պայման դընէ... Ա՞ս է ասոնց կրօնքը, ա՞ս սորված են Աստուածաշունչէն։

Հրանտ յիշեց յանկարծ որ այդ կարգի թելադրանքներ Տիկին Փափազեան իրեն ալ ըրած էր, շրջազգեստներ, կօշիկ, շապիկ վարտիք դնելու... Հրանտ չէր հասկցած... Խորհրդակցեր էր այդ առթիւ Տիկին Վարդանեանին հետ եւ այն եզրակացութեան  եկեր որ ատիկա արդիւնքը կրնար ըլլար միայն Տիկին Փափազեանի նկարագրի գռեհկութեան։

-Ախր փողոցից մի աղջիկ վերցնես՝ էլի՛ կը հասկանալ, փողոցի աղջիկն էլ որ իբր հարսնցուուրիշ կերպ է վարուելու։ Սրանք խօ՜ փողոցի աղջիկներից էլ աւելի փճացած չեն...

Հրանտին վրայ քրտինք կուգար մտածելով թէ այդպիսի առաջարկ մը ինչպիսի  վիրաւորանքի հակազդեցութիւն  եւ նոյնիսկ խզում յառաջ կրնար բերել Արփիկին մօտ, որովհետեւ, իսկապէս, մարդ...

Դեղնութիւնը դէմքին սկսաւ տեղի տալ կարմիրի։ Գլուխը արեան խուժումի ենթարկուեցաւ։ Այտերը, ականջները կապտորակ երանգ մը առին. աչքերը մթագնեցան։ Հրանտ տիրապետեց  խուճապային դրութեան։ Սրունքներուն քաթափլազմ դրաւ, ճակատը ալքոլով շփեց, հանգստացնող դեղպահ ու Թիզան։

-Հոգ մի ըներ, մա՛յր, վերջացած խընդիր է...

Կէս ժամ մը վերջ սկսաւ հանգստանալ որուն նախամուտը կը կատարուէր անվերջ յօրանջումներով։ Սկսած էր քնանալ։ Բուրգով մը ծածկեց վրան եւ դուռը գոցեց զգուշութեամբ։ Անցաւ քովի սենեակը։ Շատ չանցած դուռը զարկին։ Հրանուշն էր։ Թարմացած։ Սեւ քրէփ տը շին շրջազգեստ, հին հնդկական արծաթէ զարդօրայք։ Օրիժինալ։ Ժպտեցաւ ուշիմ ու խիստ գորովազեղ ակնարկներով։

-Մայրիկը քիչ մը տկար էր, կը քնանայ հիմա։

Ոտքի ծայրերու վրայ մտան միւս սենեակը, Հրանուշ նստած անոր բոլորովին մօտը կը բացատրէր արուեստը հասկնալու իր ձեւը։ Ինք լուգապաշտ դպրոցին կը պատկանի։ Իր մէջ կուտակուած  տարիներու «ապրումները» կ՚ուզէ արտայայտել։ Իր չիրականացած երազներու՛ն ալ լեղի յուզումները։

Դպրոցը, Թէքնիքը մեծ կարեւորութիւն ունեցող բաներ չեն։

Ինչքա՜ն ուզած է զաւակ մը ունենալ... Է՜... կեանքը՛... Թէեւ երկու անգամ վիժումներ ունեցած  է... Ընդհանուր առումով կը սիրէ՛ կեանքը։ Կեանքը զինք փասիոնէ կ՚ընէ... Ատոր համար ալ չի վախնար անկէ։ Երբ կը քննէ իր հոգեկանը՝ կը գտնէ որ անոր ալեկոծման պատճառը այն է որ չէ՛ կրցած նուիրուիլ, անձնուիրուիլ։ Բռնադատ, բարդ, երանգաւոր պահանջ մըն է որուն անբաւարար  մնացած ըլլա՜լն է պատճառը իր մելամաղձոտութեան, իր տագնապներուն։ Ա՜, ինչպէս պիտի ուզէր նուիրուիլ մէկու մը, իր մէկ ընտրածին... Ատոր համար ան  ինքզինքը երախտապարտ պիտի զգար... Ա՜ Հըրանտը ինչու՞ իր ժամանակը պիտի վատնէր դասեր տալով։ Ան վիճակուած չէ՞ր երաժշտութիւն մշակելու, յօրինելու...

Հրանտ չէր լսեր։ Մնացած էր իր վճիռին գոյացուցած աւերակներուն մէջ։ Իր մնայուն հոգեվիճակը, եղած էր ընդհանրապէս ինքզինքը շնորհապարտ զգալ՝ իրեն տրուած կեանքին համար։ Իրեն թուած էր որ իր կեանքը անծանօթ մնացած է պարտութիւններու։ Անոնք որ գոյութիւն ունեցած էին, իր ներքին կեանքը մարսած էր եւ վերածած նո՛ր ուժերու։ Միայն այս փորձն էր որ կը նկատէր իսկական ձախորդանք, ողբալի թիւրիմացութիւն։

Մնացած էր ապշած։ Իրեն համար որոշ էր անոնց պատճառը, աւա՜գ պատճառը՝ իր հաւատքը մարդուն վրայ, իր յոյսը զայն օր մը վերականգնած տեսնելու, իր հաւատքը ի՛ր իսկ կազմաւորուած նկարագրին եւ անոր կատարելիք ննրգործութեան վրայ։ Իր  այդ յոյսը սակայն այնպիսի սաստկութիւն մը ունէր որ անոր իրագործումները անմիջական կը թուէին իրեն եւ այդպէսով զինք «քչիկ» մը միամիտ կը կացուցանէին... Անհնարի՛ն էր իրեն, ի՛ր բնախօսութեան՝ երկար ատեն ընդունիլ նիւթական դրդապատճառներ, մարդոց խօսքին կամ գործին ետեւ։ Ինք նուազ ուշիմ չէր քան ոեւէ մէկ ուշիմ։ Եւ երբ իր յստակատեսութիւնը կը զատորոշէր գռեհիկ պատճառներ, դարձեալ, ատեն մը վերջ, իր միտքը հնար կը գտնէր երանգաւորել զանոնք, եւ, կ՚ընէր չէր ըներ, կը յաջորդէր մաս մը հոգի դնել հոն կամ յուսալ անոր կարելի մէկ ծլարձակումը։ Ա՛յս էր իր ներքին անյեղլի օրէնքը։ Պիտի կրէր, հետեւաբար, անոր հետեւանքները...

Ինչ որ մայրը քիչ առաջ ըսեր էր իրեն, անշո՛ւշտ, ինքն ալ, որոշ րոպէներ, յստակօրէն զգացած էր։ Յետոյ, սակայն, գտած էր ուրի՛շ, այն «ուրիշ բաներէն», իր յաւիտենական «բաներէն» իբր պատճառ... Այժմ սակայն դժբախտ կը զգար ինքզինքը։ Կեանքը՝ օճախով մը ու օճախին կրակներովն ու ծաղիկներովը՝ կը մերժուէր իրեն...

Հրանտ ոտքի ելաւ, ներողութիւն խնդրեց, հրաժեշտ առաւ։ Հրանուշ կը խօսէր ինչ որ «Ծովուն հարսը» ըլլալու իր սաստկացող փափաքին մասին, խոնաւ աչքերով, բայց Հրանտ տառացիօրէն չէր հասկնար։

Յաջորդ առաւօտ, կիւրակէ, Տիկին Վարդանեան հեռախօսեց։ Ի՞նչ է անելու այսօր, Արփիկին տեսնելո՞ւ է։ Հրանտ չուզեց հեռախօսով մանրամասնութիւններ տալ։ Մայրը քիչ մը տկար ըլլալուն՝ նախ Անիէռ պիտի երթայ։

-Շա՛տ հասարակ կ՚երեւան, անուշիկ Տիկին Նազարեանս, շա՜տ հասարակ, կ՚ըսէր Հրանուշ, երբ Հրանտ ներս կը մտնէր։

Անմիջապէս խօսակցութիւնը կասեցաւ։ Իր ստիպումներուն տակ՝ մայրը տաժանքով պատրաստուեցաւ, անտառը պտոյտ մը կատարելու։ Հրանտ բռնեց այն ծառուղին որ կը տանէր դէպի Սէն, դէպի ստորոտը Սէն Քլուի բարձունքներուն։ Անտառին մասնաւորապէս սիրած անկիւնն էր այդ մասը։ Աստիճանաբար եւ՛ իր եւ՛ մօրը սրտէն մառախուղը քաշուեցաւ։ Ոչինչ աւելի կը խաղաղեցնէր զիրենք որքան բնութիւնը։ Օդը տաք էր։ Ուժեղ արեւ։ Ոմանք, մարգերուն վրայ առտուընէ հաստատուած, բաղնիքի վարտիք մը միայն կը կրէին։ Ծառերուն ու թուփերուն խիտ. համայնատարած կանաչը՝ կարմիրի դեղինի, կղմինտրի, արիւնի, ոսկիի, դեղնուցի երեսակներ առեր էր։ Անոնց անբարբառ գեղեցկութեան սաստկութիւնը կը յուզէր մինչեւ ցաւի աստիճան։ Հրանուշին խանդավառութիւնը, տեւական ժպիտ մը գծագրած էր դէմքին։ Բնութենէն պատառ մը եւ մէյ  մըն ալ գլուխ գործոց մը միայն կուտան անոր համոզումը չլիացած կեանքին եւ կրակը՝ կեանքի  ափսոսանքին։

-Ի՞նչ գլուխ գործոց, հարցուց Հրանտ։

-Արուեստի՛...

-Հա՛...

Տիկին Նազարեան  երջանիկ իր պտոյտէն, կազդուրուած, ինկած էր իր բնական գորովազեղ վիճակին մէջ.

-Օրհնուի՛ս, տղա՛ս, որ ստիպեցիր բերիր։Աստուած սրտո՛վդ տա՛յ։

-Ամէն րոպէ սակայն, գրեթէ ինքն իրեն կը խորհրդածէր Հրանուշ, տրուած է մեզի լա՛ւ ըլլալու. պա՛րզ ըլլալու... Այս ամէն մէկ ծառը, ամէն մէկ տերեւը, գետը, լճակները, դիմացի բլրակներն ու տուներուն սիլուէթները հազար ձեւով, հազար լեզուով ա՛յդ կ՚ըսեն սակայն մեզի։ Կը բաւէ նայիլ ակնթա՛րթ մը միայն, մորմենիի սա արիւնոտած տերեւին...

-Մորմենի ըլլալու չէ, հոս մորմենի չկայ։

-Ի՜նչ որ է... ի՞նչ է հապա...

Իջած էին կառքէն վար։ Քալեցին կէս ժամի մօտ, նեղ կածաններէն որոնցմէ ոմանց ճեղքերէն, յանկարծ, շքեղ մէկ իրանը Օթէօյի տուներուն։

-Փա՛ռք քեզ, Աստուա՛ծ։ Այսօր ալ տուիր գոհունակ սիրտ մը։ Սաղ սաղլամ վերադարձանք։ Տնիկ տնիկ՝ գերեզմանիկ, կ՚ըսէր մեծ մայրդ։ Ինչպէս կը սիրէր իր տունը, Տիկին Հրանուշ, կեսուրս՝ այդ ինչպէս կապուած էր իր տանը։ Հիմակուայ... Փա՛ռք քեզ, Աստուած։

Հրանտ չմնաց Անիէռ՝ ընթրելու։ Կ՚ուզէր առանձին ըլլալ։ Հրանուշ ժամադրութիւն մը առաւ։ Կ՚ուզէր, անպայման, Միւզէ Չէրնիւչի երթալ, Ծայրագոյն Արեւելքի արուեստին պատկանող կարգ մը գործեր միասին տեսնելու համար։

Տունը՝ իր գայթակղած զարմացումը, ընդվզումը, ցասումը նորէն վերադարձան։ Խենթի պէս կը սիրէ՜, նշանուածներս, ամիսներն են, օրերը պէտք է անցնէին տեւակա՜ն արբեցումի մէջ, եւ... Չէ՛, անբնական էր, անբնակա՛ն։ Անըմբռնելի, մակաբոյծ խնդիրներ, միջամտութիւններ եկեր են ամէն ինչ կ՚աւերեն...

Յաջորդ օրը - երկուշաբթի - յետ միջօրէի ըսկիզբը, Տիկին Վարդեանի այցելութիւնը։ Պա՜, ո՛ւր են, չե՛ն երեւում, չե՛ն զանգահարում... (չեն հեռաձայներ)։ Հա՛, կիւրակէ, «որդուն» հետ Քլամառ գացեր են։ Ինք, «ճիշտն ասած, յաճախ է լինում նրանց մօտ» եւ գրեթէ միշտ անսպասելիօրէն։ Միշտ ալ, մաքրուած, կոկուած, իրենց սենեակին մէջ նստած, կա՛մ կար կարկտուք, կա՛մ գիր գրիչ կամ Աւետարան։ Մի՛շտ՝ մաքուր ու կոկիկ։ Իսկապէս հազուագիւտ են, «այժմս էսքան լուրջ, էսքան բարոյական աղջկերք... »

-Էնքա՜ն լաց եղաւ Արփիկը, էնքա՛ն լաց եղաւ...

-Ինչո՞ւ...

-Ասում է. «Ինձ չի սիրեր։ Վստահ եմ որ հիմա Հրանուշին հետ է։ Թող երթայ իր Հրանուշին հետ... Եթէ սիրեր, նշանածս է, այսօր՝ կիրակէ, հոս չպիտի՞ գար... » Ասում եմ, եթէ քեզ չսիրեր, ախր՛, ինչու՞ է քեզ առնելու։ Քո հարստութեա՞նը, քո զարգացումի՞ն, քո տաղանդների՛ն...

Արփիկ կը շարունակէ լալ։ Երպբեմն կ՚ունենայ զայրոյթի րոպէներ, օտարոտի ժայթքումներ.

-Եթէ անիկա Նազարեա՛ն է, մենք ալ Գափլանեա՜ն ենք...

-Ի՜նչ յիմար յիմար դուրս ես տալիս, ասում եմ։ Որդիս նեղանում է, պղաւում. «Դէ՛, բաւական է... Դու՛ք էլ, ձեր Հրանտն էլ... Ի՞նչ էք կարծում աշխարհումս միայն Հրանտը՞ կայ... »։

Կ՚առաջարկեն  դուրս ելլել, պտոյտ մը ընել։

-Դուք գացէք, ես չեմ գար։ Հապա՞ եթէ մէկէն Հրանտը գայ... կը պատասխանէ Արփիկ։

Վար կ՚իջնէ, վեր կ՚ելլէ... Րոպէ անգամ մը պատուհանը կը նետուի։ Արդեօք ա՞ն է, անո՞ր կառքին ձայնն է։ Շունը հաջե՜ց, ա՜ն է։ Կը խուժէ վար... կ՚ելլէ վեր, արցունք կը թափէ...

-Դուք գացէ՛ք, ես չեմ գար... Ինծի չի սիրեր... Ալ ամէն ինչ վերջացած է ինծի համար... Ալի՜ս, Փարիզէն կ՚ուզեմ հեռանալ, Մէժէվ կ՚երթամ, մայրիկիս քով... Ինծի համար կեանքը վերջացած է, ես պիտի երթամ մարանոց մտնամ...

Ալիս եւ Զարուհի լուռ են, տրտում։ Արցունք՝ կոպերուն տակ։ Տիկին Վարդանեան կը յայտնէ որ Տիկին Նազարեանը հիւանդացեր է եւ շատ հաւանական է որ Հրանտ անոր մօտ է։ Այս լուրը ծանր տպաւորութիւն կը ձգէ անոնց վրայ։ Կուգան նաեւ, օրօրուելէն, չօրօրուելէն, Տէր եւ Տիկին Փափազեան։ Պր. Նահապետ կը յայտնէ որ զարմանալու բան չկայ՝ այսօր «շատ  կարեւոր, մեծ հանդէս մը կայ» եւ Պր. Նազարեան խոստացած է նուագել։ Չեն հաւատար։ Անգամ մը եւս կը քննեն թերթին վերջին էջը... Հանդէս մանդէս չկայ։

-Նօ՜, նօ՜, ալ վերջացա՜ծ է, վերջացած է ամէն ինչ՝ ինծի համար։ Ոչ մէկ բան կը յաջողի մխիթարել Արփիկին։

Նոյն օրը, իրիկուայ կողմ, Տիկին Վարդանեանի մեկնումէն ժամեր վերջ, հեռախօսին զանգահարումը։

-Ե՞ս եմ, Արփի՛կը...

Ա՛, այս մէկ քանի բառերը, արտասանուած այդ կաթնային ձայնովն ուր անոր ծաղկատի անձին ամբո՜ղջ քաղցրութիւնը կար, Հրանտ երբէք չէր լսած՝ առանց ունենալու սրտի յանկարծական մրճահարում... Յուզումի մեծ ալիքները թաւալեցան անգամ մը եւս, ձայնը կտրատուեցաւ. մնաց, դպրոցականի մը նման, շուարուն ու կաշկանդուած...

Լսեր է որ Տիկին Նազարեանը «քիչ մը տկար է»։

Կ՚ուզէ գիտնալ որ ծանր բան մը չէ։ Հրանտ կը գուշակէ որ, անդին, յուզումն ու շուարումը նուազ սաստիկ չեն... Անոր ալ ձայնը կը կտրատուի կոկորդի  անժամանակ կծկումներէ... Ակնթարթի մը մէջ Հրանտ վերապրեցաւ այն բախտորոշ խռովքը որ երկու անգամ կրած էր, ուր լսած էր արդէն իր հարսնեկան յաղթերգը, օրհնէքը ծածանած արդէն իրենց գլխուն, ուր տեսած էր իր «եար»ին նարօտը, ուր անցած էր արդէն անոր հետ՝ ծաղկած նշենիներու մէջէն... Յիշեց որ մատնիները, անտեսանելի, փոխանակուած էին արդէն...

-Իմ Արփիկ ըսաւ, բեկբեկուն ձայնով, եկո՛ւր այս իրիկուն, կը սպասեմ քեզի...

-Ո՜չ, դո՛ւք պիտի գաք։ Ես աշխատանքէս շուտ պիտի ելլամ ու երթամ պատրաստեմ ընթրիքը... դո՛ւք պիտի գաք։ Անպայմա՛ն, կը սպասե՛նք, ճաշի՜...

Վերջնական բեկանումի վճիռը երկվայրկեանի մը մէջ փոշիի վերածուեցաւ։ Հարցը հոն էր որ բացառիկ կարեւորութիւն ունեցող բան մը կատարուած էր արդէն որուն Հրանտ դեռ ինքն ալ բացայայտօրէն չէր գիտակցեր։ Անոր զգացական աշխարհին մէջ՝ էական երեւոյթը՝ կարեկցութիւնն էր։ Եւ, ամիսներ առաջ, մակերեսայինօրէն այդ առթիւ Հայկին մէջբերած ինչ որ լիպիտօի վերլուծումը նոյնքան թիւր էր որքան իր տուած պատասխանը՝ մասնակի։ Ճիշտ է, Հրանտ կրնար յայտնել որ առանց գորովանքի մեծ պաշարի մը ոեւէ կապ չէ ունեցած, բայց նոյնքան եւ աւելի ճիշտ էր որ այդ կապը կրնար տեւել միայն երբ սիրած աղջիկը իր կարեկցութեանը առարկան դարձած էր։ Խորին կարեկցութիւնը, միայն Նէքլիւտովեան շարժումներով, կը պահէր վերջին վճիռները եւ կը տնօրինէր ճակատագիրը իր կամքի՝ բերդերուն ու աշտարակներուն... Արդ, մէկ երկու անգամ, Հրանտ ենթարկուած էր արդէն այն չարչրկող յուզումին որ Արփիկին համար ունեցած կարեկցութենէն բխած էր...

Յետագայ դէպքերուն, անհաւատալի անկիւնադարձներուն, անհաշիւ տառապանքներուն գաղտնիքը՝ գրեթէ միայն այդ երեւոյթի մէջ պահուած կը մնար։ Մնաց որ մէկէ աւելի անգամներ անխուսափելի պիտի ըլլայ անդրադառնալ անոր այդ աւագ հոգեբանական երեւոյթին։

Միջոցէն եւ Ժամանակէն ընդմիշտ անջատուած, ո՜վ գերալիր րոպէներ... Եւ դու՛ք՝ խռովի՛չ անուններ, մինչեւ այդ իրեն անծանօթ անունները, Մէռի տ՚Իսի, 184 թիւ հանրակառք, ոլորապտոյտ ու մագըլցող ծառուղիներ, Հոփիթալ Փէրսի. որ ձեր գրկին՝ ամիսներ, օրօրեցիք տղու մը երազները բռնկած, իր լոյսերը վարդակարմիր, իր ցնորքները վարարուն...

Շունը իր շղթան սկսաւ կոտրտել, հաջել, ցատքըռտել Արփիկ երեւցաւ, ժպտադէմ, քչիկ մը մելամաղձոտ։ Գրկուած՝ բարձրացան խղունջաձեւ փայտէ  նեղ աստիճաններէն։ Քանի մը րոպէ վերջ, Արփիկ դարձեալ վար իջաւ։ Երկար պիտի չտեւէ, կուգայ շուտով։ Հրանտ, գետին ինկած, սեղանի ոտքին, նկատեց այն յայտագիրը որուն վրայ քանի մը տող իր Երգէն արձանագրած էր, ինչպէս եւ երեկոյթին թուականն ու վայրը... Վերցուց գետնէն։ Փոշոտ էր եւ իւղի լայն բիծ մը կը կրէր։ Զետեղեց ներքին գրպանը։ Այդպէս ալ իր արտորանքին մէջ։ Արփիկ սեղանին մէկ անկիւնը, ճզմուած, լքեց գնաց կարմիր վարդերու փունջը որ Հրանտ բերած էր, բանաստեղծութեան հատորի մը եւ տուփ մը շոքոլայի հետ։ Ինքը փնտռեց ծաղկաման մը։ Յիշեց որ ծաղկաման չկար այս տանը մէջ։

Ընթրիքէն վերջ, այնքան լա՛ւ էր եղանակը, Հրանտ առաջարկեց պտոյտ մը ընել, անտառի ճամբուն, մեկնելէ առաջ։

Երկու քոյրերը սկսան քալել քիչ մը առջեւէն։ Տնակի մը պարտէզի եզերքին, բոյնէն ինկած թռչունի մը նման, եօթը ութը տարեկան աղջնեկ մը գիշերուայ այդ ժամուն, անշարժ կեցած էր, ցանկապատին կռթնած։ Տարօրինակ կերպով վշտագնած արտայայտութիւն ունէր։ Հրանտ դիտել տուաւ որ գրեթէ չափահասի մը մռայլն էր այդ մանուկինը։

-Մանուկները շա՛տ կը սիրէք։

Այո՜, Հրանտ շատ կը սիրէ։ Անոնց  ընկերակցութենէն երբեք չի ձանձրանար, երբ, իր ընկերակիցներէն շատերուն հետ, քառորդ ժամ մը անցընելն ալ դժնդակ է։ Մտածե՜լ որ, օ՜ր մը, ի՛նք, ի՛ր զաւակը կրնայ ունենալ՝ այնպիսի շլացնող, խենթեցնող հեռանկար է որ իրեն անկարելի կը թուի, բացարձակապէս անկարելի, որովհետեւ այդքան մեծ երջանկութիւն՝ կարելի չէ մարդու մը տալ...

Արփիկ, լուռօրէն, ձեռքը տարաւ Հրանտին գրպանը, հոն գտաւ անորինը եւ մեղմութեամբ սեղմեց  գալն... Ինչքա՛ն տառապած է՝ մինչեւ հիմա չունենալուն... Ասկէ քանի մը տարի առաջ կատարեալ հոգեկան տագնապ մը ունեցած է որուն գլխաւոր պատճառը, հիմա համոզուած է, ա՛յդ է Անկէ յետոյ՝ քրոնիք դարձած է։ Տարին մէկ երկու անգամ, յուսահատական նոպայ մը՝ կեանքը անգոյն վրիպած... Կը տեւէ քանի մը օր, մինչեւ որ, աստիճանաբար, ապաքինումը տեղի կ՚ունենայ, այսինքն՝ համակերպումը կը հաստատուի եւ կը համակերպի ապրիլ... Ամէն անգամին, սակայն, հոգին աստիճանով մը աւելի կ՚առնէ իր մելամաղձոտ երանգը։ Աղմուկ, իրար անցում։ Հանրակառքը, վերէն, ռումբի մը նման կը յառաջանայ։

-Յաջորդը՛, յաջորդը, կը պոռայ Արփիկ քոյրերուն որ հարցական աչքերով կը դառնան։

Յանկարծ, գովութիւն մը սրէնկաի բուրումներ կը բերէ մօտակայ պարտէզներէն, Լուսինը, յայտնի  է, դեռ աւելի ուշ պիտի ծաթէ։ Երկինքը կապոյտ եւ աստղապատ՝ Քլամառի մինչեւ Ռոպէնսոնի ծառերուն. սաղարթախիտ կատարներուն վրայ։ Կիսալոյսերն ու կիսամութերն դարձած են ցայգապարերու, կախարդախաղի բուրումնալի թատերաբեմ։ Արփիկ աւելի  ուժգնութեամբ սեղմուեցաւ։ Երբեմն, ակնթարթ մը, կը բարձրացնէր իր քնքուշ դէմքը որ ընդհանրապէս  վար հակած կը մնար։ Ակնարկը տրտում ըլլալու աստիճան լուրջ է։

Սուտը այն է ճշմարտութեան համար, ամէնէն  ամուր հոգիին համար, ինչ որ ժանգը՝ երկաթին, կը մրմնջէր ան. գրեթէ իւրովին յիշելով ընթերցումէ  մը։ Արփիկ ուրախ է։ Աս մէկ կէտը չի վախցներ զինք։ Մեծ է զաւակ մը ունենալու նաեւ ի՛ր փափաքը։ Հիմա՛ ո՛չ պէտք ունի, ո՛չ կրնայ զայն  արտայայտել։ Ատիկա օր մը երեւան պիտի գայ։ Ատ մէկ կէտը չի վախցներ զինք...

Հիմա չորս կտոր կ՚ըլլայ բացարձակապէս համոզելու Հրանտին որ իր ամուսնութեան վճիռը առեր է այն րոպէէն սկսած երբ, անոնց ճաշասրահը, բոլորին ներկայութեան, ան յայտներ է որ «իրենց կեանքը միայն ճշմարտութեան վրայ հիմնուած պիտի ըլլայ»։

-Եթէ ոչ այնքան ուզողներ ունեցած եմ։ Տոքթ. Տակառեանը ինչե՜ր ըրաւ. ի՛նչ խոստումներ...

Անսպասելիօրէն, կցկտուր բառերով, դէմքի ցաւագար ծամածռութիւններով, Զարուհի յանկարծ խօսակցութեան խառնուեցաւ եւ ֆրանսերէն յայտնեց որ ան շատ հարուստ էր, Հրանտէն շատ աւելի հարուստ բայց իրենք չուզեցին...

Տարօրինակ էր, չկար կին մը որ վարակուած  չըլլար հոգեկան քաղցկեղովը՝  պովարիզմով։ Ամէն կին համոզուած կ՚ապրի, համոզուած կը մեռնի որ իրեն շա՛տ աւելի մեծ կեանք մը կը սպասէր (իմա՝ հարուստ) եւ ինք մերժեց։ Հետեւաբար անհաշիւ զոհողութիւն մըն է որ կ՚ընէ՝ իր ամուսինին կինը ըլլալով։ Զոհուած մըն է ինք։ Կ՚ապրի տասնեակ տարիներ, կը դառնայ մայր, կը դառնայ մեծ մայր, առաջին առիթը որ ներկայանայ, առաջին օրուան պէս թարմ, երեւան կը հանէ իր զոհուած ըլլալը եւ թոյլ կուտայ որ քաղցկեղը սկսի իր թարախը հոսել...

Պանքաի տնօրէններ, փաստաբաններ, իշխաններ զինքը կնութեան ուզած են, ինք մերժած՝ որպէսզի ասանկ բոշայի մը...

Հրանտ տրտմեցաւ։ Երկար ատեն լռեց։ Զարուհի քանի մը քայլ հեռացաւ։ Արփիկ նմանապէս լռեց։ Րոպէներ վերջ անհանգստացած, գլուխը բարձրացուց եւ տրտմօրէն մեծ աչքերովը նայեցաւ Հրանտին որ համակուեցաւ կարեկցական հոսանքով մը։

-Չինացի նոր հարսը, սկսաւ, անոր մանկական աչքերուն դոյլերով զարմացում լեցնելով երբ կ՚առաջնորդեն ամուսնին, տունը մտնելէ առաջ պէտք է որ ցատքէ խարոյկի մը վրայէն...

-Ի՞նչ իմաստ... (Գրաւուած)։

-Ատիկա խորհրդանիշն  է այն վճիռին որով  նոր հարսը իր ամբողջ անցեալը կ՚այրէ, սկսելու համար, ամուսնին հետ, նոր կեանք մը։

Երկար լռութենէ մը վերջ։

-Ի՜մ Արփիկ, ինչ որ շատ սիրելի է մեզի, պէտք է միշտ շրջապատենք ամօթխածութեամբ, ինչպէս այն բոլոր որ սուրբ է։ Մե՛նք ալ նոր գլուխ մը, կը բանանք մեր կեանքին մէջ։ Այս խօսակցութիւնները քիչ մը կրնան սրբապղծութեան նմանիլ։ Ես պիտի ուզէի որ ե՛ս ա՛լ, դու՜ն ալ, ալ թող չտայինք, նոյնիսկ մեր մտքին մէջ պատկեր մը կամ անուն մը որ մազաչափ ազարտէր ջինջ կեանքը։

-Այո՛, շատ ճիշտ է...

-Ինծի կը թուի որ Աստուծոյ անունն ալ շատ չնչին բաներու համար, դիւրութեամբ կը ոգեկոչենք... Բայց խնդիր չէ։ Կարեւորը անոնց ետեւ  գտնուող ձեր ջերմեռանդ նկարագիրն է։ Միւսը ինչպէս շատ մը ուրիշ կէտեր, կարելի է սրբագրել կամ կատարելագործել։

Արփիկ քիչ մը խռովուած.

-Ինչու՞ այդպէս կ՚ըսէք... Ի՜նչ ուրիշ կէտեր...

-Ոչի՛նչ։ Այդպէս չէ՞ նկատած էի որ ինծի Նիս գրած մէկ երկու քառթերուդ մէկ քանի բառերուն կէսը. Աստուածն էր «Կը յուսամ որ Տիրոջմով տեղ հասաք. Տիրոջմով ողջ առողջ ենք։ Եթէ Տէրը կամի»։ Նոյնիսկ ձեր ստորագրութեան երկար պոչին ծայրը՝ խաչ մը կը փակցնէք։ Շատ լուրջ չէ։ Մեծ բաները, նուիրական բաները, սուրբ բաները ոգեկոչելու է միայն... Ինչ որ է , ինչ որ է... Յանցանքը ձերը չէ անշուշտ։ Կարեւորը անոնց ետեեւ գտնուող  անկեղծ զգացումն է։

Մէկ բան որոշ էր՝ Արփիկ ամէն անգամին, աստիճան մը աւելի կը մերձենար անոր։ Իսկ Հրանտ, ճիշտն  ըսած, գոնէ ակնթարթ մը, սարսափ մը կ՚ունենար, այս ընդհանրական նախնականութեան շըփումէն։ Նախնականութիւն մը տգիտութիւն մը, բոլոր կալուածներուն մէջ, դեռ հոգ չէր։ Այդ աղքատութեան նկարագիրն էր, առ  այժմ դեռ դժուար սահմանելի, որ կը խռովէր զինք։ Աճումին մէջ ինչ որ բնախօսական կասում տեղի ունեցած էր։ Կենսաբանական խանգարում մը որ արգիլած էր մտքի շրջանակներուն գոյացումը, հոգ չէ թէ պարապ։ Չորցած սպունգը չէր որ ջուրի երես չէր տեսեր, այլ սպունգը ինքը arrophier եղած էր։ Հրանտ արագօրէն իրմէ կը վանէր սակայն այդ վերլուծումները։ Կեանքը միշտ անհունս աւելի բարդ է քան զինք սահմանափակող մէկ երկու բառերը։ Յետոյ՝ լեզուն այրած էր «զարգացածներէն»։ Կատուշան չէ՞ր որ, տարիներ առաջ, ճիշտ էր ժամադրութենէն առաջ՝ իմաստասիրութեան դաս առնելու կ՚երթար եւ անմիջապէս վերջ կուգար իրեն Էրազմի Սէն Թոմա տ՚Աքէնի փիլիսոփայութենէն խօսելու... ափ ու բերան ձգելով իր նշանածը։ Չէ՛, կին մը ամէն բանէ առաջ կին ըլլալու է, ինչպէս ծաղիկ մը՝ ծաղի՛կ, թութակ մը՝ թութա՛կ, կապիկ մը՝ կապի՛կ։ Իսկ ինչ որ «զարգացումի» կամ ոեւէ պատրուակի տակ, ինչ որ խառնափընդոր կիրքերու եռումով, կինը հետզհետէ կին ըլլալու տեղ, ինչ որ կին-թութակ, կին-կապիկ, կին-շնիկ, կին-սատանայ պիտի դառնայ, դժոխքը կեանքին մէջ մնայուն հաստատել ըսել է։

Աշխարհիս բոլոր «զարգացած» կիներուն բոլոր կատարած «մեծ» գործերուն գումարը նուա՛զ արժէք ունի քան թէ մայրական մատներով մանուկի մը խլինքը սբելու առաքինութիւնը, առաքելութիւնը... Ապագայ մարդկութեան որակը այդ րոպէներէն կախուած է։

Ամէն պարագայի՝ ե՛ւ պժգալի, եւ՛  վտանգաւոր է կնոջ խորամանկութիւնը որ կը գործէ իր տանը մէջ։ Անոր կանխորոշուած եւ վերջնական զոհերը անշո՛ւշտ իրենք իսկ են։ Տղո՛ւն ալ հաշուողն ու խորամանկը զզուելի է։ Ան երբեք չի հասնիր սակայն կնոջինի յամառ ու աղետաբեր նրբութեանը։ Թէեւ բոլորին ալ դատապարտութիւնը կը կայանայ նո՜յն արդիւնքին մէջ, - Կեանքը ազատել, աստիճանաբար մեռցնե՛լ, հետապնդելով չես գիտեր ինչ, տեղը լեցնելով ինչ որ փոխունք։ Չէ՛, չէ՛, լաւագոյնը՝ կայտառ ողջախոհութիւնն է, բնական ուշիմութիւնը, անխարդախ իգական բնազդները՝ կնոջ մօտ որ անդադար, պիտի սեւեռուի դէպի մայրական բեւեռային աստղը։

Մնացեալ պարապը կարելի՛ է կերպով մը լեցնել։ Եթէ չլեցուի ալ՝ կարեւորութիւն չունի։ Էակա՛նը...

Նոյն շաբթուան շաբաթ երեկոն երբ Հրանդ Անիէռ գնաց՝ հոն եղբայրը գտաւ, գաւառէն վերադարձած։ Փարիզէն յաճախ կը բացակայէր բերումովը իր գործին՝ մետաքսեղէնի ներկայացուցիչ։ Անակընկա՛լ։ Ողջագուրուեցան։ Հրանտ զայն ամէն մէկ նոր տեսնելուն՝ կը համակուէր խորունկ զարմացումով։ Ինք որուն աչքին անոր ամբողջ մանկութիւնը մշտապէս ներկայ էր, կը զարմանար այն խորհրդաւոր եղանակին վրայ որով իր եղբօր նկարագիրը կը միտէր արտասովոր կատարելութեան մը։

Փափկանկատութիւններու այնպիսի խորունկ երանգներ, իրեններուն հանդէպ, իր շրջապատին, որ յաճախ անմիջապէս չէին հասկցուեր նոյնիսկ, իսկ հասկցուելէ վերջ՝ բաւական էին սիրտը շաբաթներ տաք պահելու... Կը թուէր որ «ֆրանսացի» է, եւ յանկարծ երեւան կուգար, անսպասելիօրէն, թէ ինչպիսի նուիրական ու տիրապետող անկիւն մը կը գրաւէր իր սիրտին մէջ այն ամէնը որ իրենց ընտանիքին մէջ թէ ազգային կեանքին՝ հայկականը կը կազմէր։

Շատ յաճախ, Հրանտ ինքզինքը որոշօրէն ստորադաս կը նկատէր, երբ դէմ հանդիման կուգար եղբօրը ներողամտութեան, լռին կարեկցութիւններու, զոհաբերութեան թաքուն, յարատեւ ու յարաճուն արարքներուն։ Եւ անոր մէջ կատարուածներ էականը։ Ատոնք դադրա՛ծ էին առաքինութիւններ ըլլալէ իր համար։ Ատոնք արժանիք մը չէ՜ին կազմեր։ Ինչպէս շնչառութիւնը իր մարմնին համար, ատո՛նք էին շնչառութիւնը իր հոգիին։ Հրանտ հպարտ էր անով։ Անոր գոյութիւնը հաստատ կը պահէր իր զգայնութեան մէջ՝ մէկ քանի երանգներ, ամէնէն թանկագինները, որոնք շատոնց, հաւանաբար, դառնութեան եւ յոռետեսութեան անդունդը ինկած ըլլային, այլափոխուող կեանքի մռայլէն։

Մայրը դարձեալ «գէշ» գիշեր մը անցուցեր էր։ Այս վերջի տարին իր դէմքը յաճախ կը ստանար սպիտակութեան երանգ մը որ Հրանտ չէր կրնար տեսնել առանց խորին ու անիշխան խռովքներու։

-Այս գիշեր հայրիկդ եմ տեսեր՝ երազս, մամա՜դ (մեծ մայրը), խառն ի խուռն բաներ... Հայրիկդ որ տեսնամ շատ լաւ է... Դո՞ւն ինչպէս ես, հը՞, հարցուց այն մայրական թափանցող ակնարկովը որմէ ոչինչ կարելի էր պահել։ Քանի օրէն չեկար։ Եղբայրդ սիրահարուած է. «Ձագո՛ն», աւելցուց, զուարճալի կոչականով, Զարեհին ուղղուած։

Գորովանքի անհունը որ կը լեցուէր մօրը այդ պարզ հարցումին մէջ՝ բաւական էր փարատելու տղուն ներքին մառախուղը եւ յանկարծ ծաթեցնելու լաւատեսութեան արեւ մը։

Աս ի՛նչ եղաւ... Ինք ալ կը խորհէր որ պատրաստ պիտի գտնէ զանոնք եւ պիտի երթան նշանտուքի մատնին դնելու։ Մանաւանդ որ Վարդանեաններուն հեռախօսած է արդէն։ Անոնք հիմա հաւանաբար արդէն ճամբայ ելած են։

-Ինչպէ՜ս թէ՝ պատրաստ... վրայ բերաւ Զարեհ զարմացած, ես լո՛ւր իսկ չունէի, ինչպէս դուն լուր չունէիր՝ հոս ըլլալէս։ Հասկցաւ կատակը եւ ժպտագին... - Մայրի՛կ, պատրաստուէ շուտ մը։ Ձգէ ատոնք։ Ես կը դնեմ սեղանին վրայ։

Մայրը արդէն ոտքի՝ շարեր էր պտուղ, կարկանդակ եւ... հալուա։ Հազար անգամ թախանձեր, արգիլեր էին իրեն՝ ընել ոեւէ բան որ կրնար մազաչափ յոգնութիւն պատճառել՝ բայց անօգուտ։ Ինչպէ՜ս, «չոճուխները» պիտի գան, գիտէ որ կը սիրեն, եւ ձեռքերը ծալլած... Կը գտնէր հազար տեսակ պատրուակ։ Հալուան ինք չէ «դարձուցեր», վերին դրացնուհին...

Խորհրդաւորօրէն՝ ինչ որ յուզում տարածուեցաւ։ Կէս կատակով ըսուած խօսքերուն ճամբովը, արագօրէն, մէկը միւսին թաղուն հոգեվիճակին կը թափանցէր։ Որոշ է՝ րոպէն մեծապէս արարողական է... Ու անմիջապէս, կախարդական հնարքով, սենեակին հանդիպակաց պատը սկսաւ շարժիլ։ Մեծադիր, ոսկեզօծ շրջանակ մը բացաւ իր  ագուցուածքները։ Լուսանկարը սկսաւ խլրտիլ, հաստութիւն, ծաւալ ստանալ։ Անխօս ներկան որ լուռօրէն կը նախագահէր տանը մէն մի րոպէին, սկսաւ թարթիչները շարժել։ Վերագրաւեց իր մարմնին մնացած մասը, իջաւ վար, եկաւ նստեցաւ անոնց հետ, սեղանին շուրջ։

Իր դէմքին մեղմութիւնը, աչքերուն մէջ հաւաքուած գորովանքը այնպիսի սաստկութիւնը ստացան որոնց ալիքները երազներուն մէջ միայն կը լեցուին սրտին։ Արգաօրէն սրտին տարողութեան սահմանը կ՚անցնի, կը կոտրտուին անոր ամբարտակները ու հոգին կը սարսռայ բացառիկ զգացումով մը՝ յաւերժական կարօտի, անհուն ափսոսանքի, անսահման վշտի, անծայրածիր երջանկութեան, մշտակեաց մահուան... Այդ այն ակնթարթն է ուր կեանքի կաթիլին մէջ՝ յաւերժութեան ծովը կը լեցուի... Պահն է, ուր ակնթարթ մը, Սիրոյ մեծ թեւաբախումին տակ, խորհուրդները իրենց դէմքը ցոյց կուտան...

Այդ այն պահն էր նմանապէս ուր Հրանտ, արտակարգ ուժգնութեամբ, զգաց ինքզինքը ճակատագրի թակարդին մէջ։ Նայեցաւ իրենց պաշտելի հիւրին, ուզեց լսել անոր ձայնը, ստանալ անոր հաւանութիւնը անգին։ «Չէ՛, չէ՛, հա՛յր, լաւ քննած եմ, լա՛ւ պրպտած՝ տեսնելու համար յստակ։ Ոչինչ ոչինչ կը գտնեմ պատճառներու կոյս անտառին մէջ, անոնց մթապատ թնճուկներուն մէջ ալ որ տրտմեցնէ քեզ։ Ոչի՛նչ, եթէ ոչ անսահման տենչը՝ ապրելու այնպէս ինչպէս դուն ապրած ես, ինչպէս մեր պապերը ապրած են։ Դարձնելու քանի մը թիզ տարածութիւն, մէկ քանի պատի մէջ, սրբավայր մը ուր ապրին մեր աստուածները... Վասնզի, հա՛յր, դժբախտ եղանք մենք։ Նախ՝ դուք գացիք եւ մենք՝ մնացինք... Դժբախտ եղանք մենք։ Չեղաւ օր մը որ մեր կեանքի ճամբէն անցնէինք՝ առանց արիւնոտելու։

Մեր աչքերը միայն տեսան աւերակներ, ու միայն մեր էութիւնը ժխտող տատասկներ մխուեցան մեր սրտին։ Դժբախտ եղանք մենք։ Աւերակներուն մէջ, եղունգներով մաքրեցինք ցեխն ու փոշին, գտնելու համար, տեսնելու համար քանդակը մեր կորսուած աստուածներուն։ Դժբախտ եղանք մենք։ Մեզի վիճակուեցաւ փնտռտուքը՝ միայն աւերակներու մէջ։ Մեր բազուկներուն արգիլուեցաւ հոսեցնել իրենց ուժը նոր աստուածներու կերտումին։ Երբ աղեկ մը կը կորսնցնէ իր հայրը, յաւերժական հայրը ի վերջոյ կուգայ կանգնելու անոր ետեւ - Անոր պապե՛րը, անոնց հողը։ Անոնց հոգիի հողին հրաշքը։ Մենք զրկուեցանք եւ՛ անկէ՛ եւ՛ անկէ եւ՜ անկէ։ Դժբախտ եղանք մենք։ Գոնէ ձեղունի մը տակ ծնրադրել մեր աստուածներուն, ահա՛ իմ Պատճառս, հայր... »

Ան պահեց իր անյեղլի հանդարտութիւնը։ Դէմքը մնաց նոյնքան մեղմ։ Ակնարկները նոյնքան լուսաւոր, նոյնքան երազկոտ։ Ակնարկները յաւերժօրէն հաւատալիր, սեւեռուն՝ տեսիլքներու մէջ... Ո՞վ ըսեր էր անոր Լուրը, ո՞վ յայտներ էր Աւետիսը... Անոր անյեղլի հանդարտութիւնը գիտէր արդէն այն ինչ որ կարելի էր յայտնել այժմ, գիտէր՝ երբ նոյն իսկ այս կեանքին կը պատկանէր, վասնզի ան ու անոնք առաքելութիւնը ստացած էին Ապագային պատկանելու...

Ան որ նոյն հանդարտութեամբ գեհենային փորձութեան աչքերուն մէջ նայած էր եւ յառաջացած արիւնոտ կրկէսին մէջ, սովալլուկ գազաններու մէջէն, ան գիտէր որ իմաստութեանց կաթսան կարելի է խառնել փորձութեանց շերեփովը...

-Մայրիկնիդ մեռա՛ծ ալ ըլլար՝ պիտի ելլար գար, իմ խավրունե՛րս, արտաբերեց, մէյ մը մէկը, մէյ մը միւսը կուրծքին սեղմելով։ Հայրերնիդ...

Դէմքը կարկամեցաւ, աչքերը լեցուեցան։ Անցաւ քովի սենեակը։ Ամուսինին դեռ այնքան երիտասարդ նահատակուած ըլլալը, անոր տապանաքար մը անգամ չունենալը, զաւակները վայլած չըլլալը՝ այնպիսի կրակներ էին որ շատոնց վառած մոխրացուցած կ՚ըլլային զինք եթէ զանոնք բոլորովին որբ ձգելու սարսափը չունենար...

Կեանքին բռնադատ գործնական, ամբողջական ուժերը խլող անոր փոշիները կը դիզուէին իրենց աւագ վշտին վրայ։ Հակառակ տասնեակ տարիներուն որ անցեր էին այդ սուգին վրայէն, անոնց կը թուէր որ օր մը, վերջապէս, ինչպէս որ պէտք է, պիտի կատարէին իրենց ողբը։ Մինչ այդ՝ հեռացած էր իրենց տունէն, երկար ճամբորդութեան մը համար... Երբ կուգար ժամը արարողութեան մը, ընտանեկան թուականի մը, յանկարծ, եւ մէկ շարժումով, կը թափուէր իրենց սրտին վրայէն բարդ բարդ մոխիրն ու փոշին եւ անպարագիծ ցաւը, առաջի օրուան պէս կը դառնար կրակ։

Այդ ճամբորդութիւնը որ շա՛տ երկար կը տեւէր՝ պահ մը կը դառնար անհետացում։ Ու սրտերէն կը հոսէին ողբի, ափսոսանքի, կարօտներու հրեղէն առուակներ... Այդ պատճառով էր որ Տիկին Նազարեան երկչոտ ակնարկ մը նետեց խոշորագիր լուսանկարին եւ անցաւ քովի սենեակը։ Չուզեց բոլորովին վարակել զաւակները իր խորտակող տրտմութեամբը։

Ընթրիքի ժամը անցած էր բայց ոչ ոք կրցաւ ոեւէ բան ուտել։ Հրանտ եւ Զարեհ մէյ մէկ գաւաթ փորթօ միայն։

-Լա՛ւ հագուիր, մա՛յր, անպիտան մշուշ մը սկսաւ իջնել քիչ առաջ երբ կուգայի, պատուիրեց Զարեհ։

Միակ հաճոյքը որմէ Զարեհ հաճած էր չզրկուիլ՝ այդ ալ իր ինքնաշարժ կառքն էր։ Ամէն անգամին սակայն, իբր թէ իրմէ կախուած չըլլար, մայր ու եղբայր պիտի ստիպէին որ համաձայնէր նոր մը գնել։ Եւ ա՛ն ալ - Հրանտ լաւ կը հասկնար - հաճոյքէ աւելի բնախօսական վերանորոգման պահանջի մը կը ծառայէր, միայն աշխատանքի ու անվերջ պարտականութեանց մէջ մխրճուած իր կեանքին մէջ։ Այս տղուն համար հարիւր ֆրանք ծախսել իրեն՝ անհարկի, ամօթալի բան մըն էր որմէ կը մնար կաշկանդուած...

Երկչոտ խօսքերով կը հասկցնէր իր վերարկուին հիննալը նոր կոշիկի մը անհրաժեշտութիւնը որպէսզի մայր ու եղբայր տեսակ մը արտօնութիւն, մղում տային իրեն, իր իսկ դրամովը, այդ «անհարկի» բանը կատարելու։ Ամէն անգամին ալ Տիկին Նազարեանին սիրտը կ՚արիւնէր՝ տղուն այդ հրեշտակային հոգեկան շարժումներէն որ կ՚արգիլէին իրեն, իր իսկ շահած դրամէն կաթիլ մը իր անխուսափելի անհրաժեշտութիւններուն յատկացնել։

Ակնթարթ մը Հրանտին յիշողութենէն անցան շողշողուն դէմքերը երկու երեք վէպի հերոսներուն որոնցմով, պատանի, այնքա՜ն ոգեւորուած էր։ Այս րոպէիս անոնք իրեն թուեցան անգայտ եւ իրենց երբեմնի վառ գոյները՝ տարտամ, անիրական։ Օ՜, ուրիշ թովչութիւն մը, մեծութիւն մը ունի՝ կեանքի մէջ ապրող շնչող հերոսը։ Եւ Հրանտ որոշեց այդ «հերոսականը» ամբողջովին վտարել իր գործէն եւ միտիլ՝ ապավիպաշտական մեծութեան, որ կը համապատասխանէր մանաւանդ իր այժմու զգացողութեանը։

Պատկառազդու Ֆորտ մըն էր ուր զետեղեց ան մայրը, փաթաթեց ծունկերն ու սրունքները ուղտի մորթով մը։ Ճամբայ ինկան։ Իսկապէս ալ՝ անպիտան մշուշ մը հետզհետէ կը թանձրանար։ Բացառիկ չափով թափանցող։

-Թերեւս աւելի մօտ կ՚ըլլար եթէ Վալուաի կամուրջէն՝ ա՛ջ առնէիր, գետին եզերքովը, դիտել տուաւ Հրանտ։

-Չէ՛, Քոնքոռտէն կ՚անցնինք, Փորթ տը Վէրսայլով՝ Մէռի տ՚Իսի, պատասխանեց Զարեհ։

Տիկին Նազարեան աղօթքի կտորներ կը մրմնջէր, մաղթանքներ կ՚արձակէր, մերթ ընդ մերթ փոքրիկ ապակիէն դուրս կը նայէր, բացարձակապէս չյաջողելով զատորոշել թաղամասերը։ Թող կուտար որ ցնորական աշխարհի մը մէջ թաւալէր ամէն ինչ։ Ռիւ Ռուտեալ՝ Զարեհ կեցուց։ Իջաւ վար, առանց բառ մը ըսելու։ Մէկ քանի րոպէէն վերադարձաւ։ Իրա՛ւ ալ եռեփուն հոգեվիճակի մը մէջ գործնական մտահոգութիւնները կը խուսափէին Հրանտէն։

Ինչ լա՜ւ էին, ինչ թա՜րմ էին, վարդերը...

Իւրովին մրմնջեց բանաստեղծին բառերը.

Քաք հարոշի, քաք ովէժի պըլի րոզի...

Հազար անգամ, մինչեւ այդ կրկնուած տողերը ստացան բացառիկ փայլ, լուսաւորուեցան ետեւէն, մէջէն, ստացան իմաստ մը որ լեցուց իր ամբողջ աշխարհը...

Երբ հարկ եղաւ Քլամառի բարձունքները մագլցիլ՝ պարզապէս անթափանց ամպերու մէջ կը գտնուէին։ Շունը հեռուէն սկսաւ հաջել, մեծապէս դիւրացնելով տան զատորոշումը։ Գափլանեան քոյրերը յանկարծակիի եկան։ Վարդանեանները կէս ժամէ ի վեր հասած արդէն։ Ուր որ ըլլային անոնք գիտէին արագօրէն ստեղծել զուարթութեան եւ կիրթ ընտանութեան մթնոլորտ մը։

-Ինչո՛ւ էք էդպէս տրտում, ա՜խր, ի վերջոյ հարցուց Տիկին Վարդանեան։ Հազիւ հարցումը ուղղած՝ ինքն իսկ գուշակեց արդէն պատճառը։

-Բա՜, ինչո՞ւ են սրանք բոլոր ժամանակը նշաններ տալիս իրար։ Ի՞նչ է, մենք չե՞նք կարող իմանալ, պոռաց Հայկ աղջիկներուն, իր ազատ զուարթութեամբը։

Երբ հիւրասիրուած էին արդէն.

-Քո՛վս եկուր, աղջի՛կս, ըսաւ Տիկ. Նազարեան մեղմութեամբ, Արփիկին ուղղուած։ Գիտե՞ս ինչու ենք եկեր այսօր...

Արփիկ կարմիր կտրած է։

Տիկին Նազարեան պայուսակէն հանեց նշանտուքի մատնին։ Ոսկեայ նիհար օղակ մը որ եկեր խածեր էր մարգարտի մը կողերը։ Մանրիկ, բացառապէս կնոջական ձեռքը յանձնեց անոր։ Մաղթանքներ, աղօթքի ծուէններ... Պարփակուած, ճզմուած յուզումները, իր մասնայատուկ երանգովը՝ ամէն մէկուն սրտին մէջ, ժայթքեցան, ողողեցին րոպէները։ Բոլորին ալ աչքերը խոնաւցան։

Երբ Տիկին Նազարեան համբուրեց երկու այտերուն վրայ «հարսնցուն», Տիկին Վարդանեան, յուզումէն՝ դողահար, համբուրեց Հրանտը, Արփիկը եւ երկու քոյրերը։ Արփիկէն վերջ՝ Ալիս եւ Զարուհի նմանապէս մօտեցան եւ համբուրուեցան Հրանտին հետ։

-Դէ՛, կարգը հիմի իմն է՛, աղաղակեց Հայկ, ողջագուրուեցաւ ընկերոջը հետ, համբուրեց ձեռքերը Տիկին Նազարեանին։

-Դէ՛, բախտաո՛ր լինէք, բախտաւո՛ր... Տիկին Վարդանեանին առոյգ այլ խոնաւցած ձայնն էր։

-Մամա՝, մամա՝, սրանք բոլոր ժամանակը նշաններ են տալիս իրար։ Խօ՜  նաւաստի լինելու չէ՞ք, քրքջալիր գայթակղութեամբ պոռաց Հայկ, զուարթութեամբ բարեխառնելու համար թանձրութիւնը յուզումներուն։

Բոլոր սկսան խնդալ։ Շատեր՝ արցունք սրբել։ Ժամանակ էր մեկնելու։ Խմբովին իջան վար։ Գրեթէ ուղղահայեաց փայտեայ սանդուխ մըն էր որ կ՚առաջնորդէր վար։ Հայկ եւ Զարեհ իրենց պռիթէները վառեցին որպէսզի Տիկիններուն արկած մը չպատահի։ Միւսները աչքերնին գոց կրնային իջնել։ Արփիկ  Հրանտին ձեռքէն բռնած կ՚առաջնորդէր... Դուրսը մշուշը ստացեր էր բացառիկ թանձրութիւն։ Տառացիօրէն, թիզ մը հեռաւորութեամբ, կարելի չէր իրար տեսնել։ Շա՛տ, շատ՝ գուշակել աղօտ զանգուած մը։ Կառքին երկու հզօր փարոսներն իսկ չկրցան ճեղքել ամպածրար անթափանցը։ Հազիւ ճամբայ ելած, աղջիկները՝ մտահոգ արդէն դադրեցան կառքը տեսնելէ։

-Բարձրացէ՛ք, բարձրացէք վե՜ր, անտեսանելի գլուխէ մը աղաղակ մը ելաւ որ սակայն Հայկինն էր։ Կանգնած կառքին marche-piedին վրայ, կ՚ապահովէր, երկարած ձեռքին ցուցմունքներովը, յառաջացումը։ Իրաւ ալ, անընդհատ ան մէկ մայթէն միւսին վրայ կը բարձրանար, ցռուկը մերթ տան մը պատին կը քսէր, մերթ կը հասնէր ձորակի եզերքին որ անդունդի զառիթափով վար  կ՚իջնէր։ Ցուրտը մինջեւ ոսկորը կը կսմթէր։ Հինգ րոպէն անգամ մը Հայկ եւ Հրանտ յառաջապահի պաշտօնը իրարու կը փոխանցէին, աւելի յաճախ հետիոտն առաջնորդելով զայն։

Կար պահեր ուր Հրանտ խափչիկի մը նման նախապաշարեալ  կը դառնար։ Իր ապագային խորհրդանի՞շն էի այս վտանգաւոր, անափանց մշուշը... Մեքենական հակազդեցութեամբ սակայն վանեց մտքէն, զայն նկատելով, ինչպէս միշտ, իր մելամաղձոտ խառնուածքին ծնունդը։ Տիկին Նազարեան, անձկալից, կ՚աղօթէր։ Տիկ. Վարդանեան եւ Հայկ բացառիկ արկած մը կ՚ապրէին իրարանցումներով, խնդուքներով սրամտութեամբ, պոռոցներով...

Երբ Փոռթ տը Վէրսայլ հասան, կատարեալ  հանգստացում մը եղաւ, վերջը՝ վտանգաւոր ոդիսականի մը։ Կառքը ձգեցին առաջին հանդիպած կառատունը եւ մտան լուսաւոր, փրկարար մէթրօն ուր  կարելի էր շնչել, տեսնել, տաքնալ...

Նոյեմբերի առաջին օրերն էին։ Հրանտ կը պատրաստուէր Անիէռ երթալ ընթրելու։ Տաղտկալի օր ը։ Միայն իր դասերովը լեցուած։ Դռնապանուհին բերաւ իրիկուայ թղթածրարը։ Ճիշտ այդ պահուն վերելակը բարձրացաւ եւ կանգ առաւ իր իսկ յարկին առջեւ։ Վանդակին մէջ, ո՞վ... Արփի՛կը։ Հրանտ ողողուեցաւ անհուն հրճուանքով։ Ի՜նչ անակնկալ։ Առանց ժամադրութեան՝ առաջին անգամն է։

-«Մեր» ճաշարա՞նը կ՚երթանք։ Մոն Աման տը Սէն Ժա՛նը պիտի լսենք... Ի՞նչ են ասոնք, հարցուց Հրանտ ակնարկելով Արփիկին թեւին տակ գտնուող  գրքերուն։

Հազուադէպօրէն կարելի էր տեսնել Արփիկը, ինչպէս եւ իր քոյրերը, առանց որ անոնք իրենց թեւին տակ մէկ քանի գիրք չկրէին։ Արփիկ Ռասին կը կարդար։

Իրիկունը իջեր հաստատուեր էր արդէն փողոցներուն մէջ ալ։ Մայթերը ամբողջովին խլրտուն՝ տենդագին երթեւեկով։ Կը քալէին իրար ձեռք բռնած։ Արփիկ կը պատմէր իր ընթերցումին նիւթը։ Գիտէ՞ որ Անտրոմաքին հերոսը հայ է։ Ան՝ այս փոքր աղջկան վրայ նայելով չէր կրնար չհրճուիլ անոնց  գրասիրութենէն եւ հայ ժողովուրդին բացառապէս  մշակութային միտումէն։ Արագ մը ճաշեցին։ Օգտըւելով որ նոյն իրիկունն իսկ Թէադրը Ֆրանսէն  այդ կտորը կը ներկայացնէր, տարօրինակ զուգադիպութեամբ, որոշեցին երթալ տեսնել։ Հրանտ ճամբան եւ ամէն տեղ անընդհատ երգէր կը մրթմրթար։

-Արփի՛կ, ըսաւ, տարօրինա՜կ է, կեանքս շրջաններու բաժնող մեծ փոխակերպումները՝ երգին միջոցով տեղի կ՚ունենան։ Առաջին անգամը՝ վարդապետի՛ն երգերը։ Կարծես հոգիիս մէջ մինչեւ այդ  փակ մնացած շքեղ դահլիճ մը կար որուն դռները բացուեցան՝ ժողովրդական երգին ու բանաստեղծութեան թովչութենէն։ Այս օրերս՝ դարձեա՜լ երգն է, մեր ե՜րգը։ Աւելի լայն, աւելի բարդ ձեւով մը հայ կը դառնամ։ Ե՛ւ կովկասեանը եւ՛ արեւելա-պարսկականին հայկական մասը, մեր հայրենիքէն հասած նոր երգերը իրենց ոսկեայ բանալին կը դարձընեն ու անգամ մը եւս, աւելի խորունկ բաժնի մը մէջ, նոր դահլիճ մը կը բանան, անպատում հարըստութեամբ լի, մոգական կարասիներով զարդորայքով շքեղ՝ որ մեր ցեղինն են։ Սէր, երաժշտութիւն, բանաստեղծութիւն անքակտելիօրէն իրար խառնըւած, զիրար կը պայմանաւորեն, կ՚աճեցնեն։ (Նեղւած ժպիտով մը ու սեղմելով զայն իրեն)։ Խոնաւ վարդերու առագաստ մը կ՚ուռի կուրծքիս տակ, կը զարնուի, կը փակչի ջիղերուս ցանցին։ Գիշերն ալ  հոգիս կ՚երգէ, ինչպէս ցորեկը ոեւէ  պահու։ «Չէ» պիտի չըսէի եթէ ամբողջ կեանքս մնայի նշանած, երկչոտ ու երազուն... Օ՜, կեանքերը որ զրկուած են բանաստեղծականութենէ...

Անոր ոգեւորութիւնը զեղումի հասաւ։ Ա՛, եթէ գիտնար... Ամբողջ համանուագ մը, կամ, աւելի ճիշտը՝ քոնսէրթօ մը, ջութակ եւ նուագախումբ, կը մրմնջէ մէջը կը թաւալի... Այն մասը որ թուղթին յանձնած է արդէն՝ չնչին մաս մըն է։ Պիտի ազատի օր մը այս տենդէն, դուրս գայ վարդի անուշտ լոգանքէն որ կարողանայ գոնէ քիչ մը աւելի դնել հոն։ Որովհետեւ, իրաւ է. «Երբ հիւսիսահողմը կ՚անցնի՝ ոչինչ կարելի է գրել աւազին վրայ... »։

Երբ եդեմի սիւգը կը փչէ՝ դարձե՛ալ կարելի չէ գրել։ Թերեւս ալ աւելի դժուար։ Դեղձան մազերով աղջիկ մը կայ հոն։ Անոր ակնարկներուն քաղցրութիւնը աւելի հզօր է քան յաղթականի  մը բանակը։ Իր մատներէն, իր անուշ աչքերէն, իր ոսկրուտ  դէմքէն՝ վարդի թերթ, վարդի բուրում, վարդի թոյր, վարդի ջուր կկ հոսի... Այնքան բան ունին ընելիք որ ատեն չըլլար։ Առաջին անգամ որ գայ իր մօտ, գոնէ մաս մը պիտի նուագէ։ Կ՚ուզէ գիտնալ թէ ի՜նչ պիտի զգայ։

Հրանտ ներկայացումէն բան չհասկցաւ։ Արփիկ ոգեւորուած էր եւ նուիրուած զանազան վերլուծումներու։ Ողբերգութեան քիչ մը խորհրդապաշտ կամ աւելի շուտ կրօնամիտ լուծումները կը ներդաշնակուին իր ընդհանուր ըմբռնողութեան  հետ։

-Տարակոյս չկայ, ըսաւ Հրանտ, այն բոլորը որ քիչ առաջ կը թուէի՝ պէտք է որ մարդը, առաւել եւս արուեստագէտը, առաջնորդեն ծնրադրութեան։ Այլապէս անոնք կը մնան խակ, տհաս, պակասաւոր... Ոչինչ կ՛ատեմ այնքան որքան էակ մը որ չունի զմայլելու պահանջը։ Առաջնակարգ, անտեղիտալի՛, հրամայակա՜ն, մշտնջենական... Աղօթքը՝  գերագոյն զմայլանքն է։ Ոչինչ այնքան վհատեցուցիչ է որքան սիրտը որ, նաեւ չի գիտէր երբեք կծկուիլ զղջումին շարժումովը։ Զղջալ՝ կատարելագործուիլ է։ Զղջալ, համակերպիլ, աշխատիլ, սքանչանալ՝ խորագոյն ձեւն է ծնրադրութեան։

Օրերը արագօրէն կ՚անցնէին։ Կը մօտենար բախտորոշ թուականը։ Ընդհանուր եւ աղօտ արգելքներ, արգելքի նման բաներ, անըմբռնելի ձգձգումներ կային։ Ան կը գտնէր որ, հրաշալի մտերմութիւն մը պիտի գար, ամէն օր, նորանոր ու անակնկալ երկուստեք ժայթքումներով, ուժաւորել զիրենք։ Այդ տեղի չէր ունենար։ Հրանտ, երբեմն, առանձին կը զգար ինքզինքը։ Գործնական կարգադրութիւնները՝ տարապարհակ բեռ մը դարձած է։ Ութը օրէն պսակը տեղի պիտի ունենար եւ ոչինչ կարգադրուած էր։

-Ե՞րբ պիտի ձգես աշխատանքդ, Արփիկ, հարցուց Հրանտ, երբ ոսկերիչը մեկնեցաւ։

Ան եկած էր երկուքին ալ մատներուն չափը առնելու եւ Արփիկին ընտրութեանը յանձնելու նշանտուքի մատնիին ձեւը, ադամանդը արդէն առնուած ըլլալով։ Նշանտուքի օրը, իսկականը  դեռ պատրաստ չըլլալով, իբր խորհրդանիշ, մանր մարգարիտով ոսկեայ, խոնարհ մատնի մը դրուած էր իր մատը։

Արփիկ պատասխանեց որ շրջազգեստը պատրաստ չէ։ Ու քթին տակէն։

-Մարսիլիա ալ անգամ մը գործէս հանեցին այսպէս ամիսներ առաջ եւ յետոյ ամուսնութիւնն ալ տեղի չունեցաւ...

Հրանտ կը մնար շշմած եւ իսկապէ՛ս բան մը չէր հասկնար անսպասելի  այս կարգի յանկարծական խորհրդածութենէ մը։ Այս քանի՜ անգամ նշանուեր ու ետ է եղեր աս աղջիկը... Եւ յետոյ, ի՛նչ կապ... Ի՞նչ բան է, ո՞ր մասն է որ կը կաղայ։ Հրանտ բան մը չէր հասկնար։

Ամուսնութեան նախընթաց օրը, չորեքշաբթի  առաւօտ, տեղատարափ անձրեւ։ Հրանտ ուշ մնացած էր ժամադրութեան՝ Ռօն Փուան տէ Շան զ՚Էլիզէ։ Պիտի հաղորդութիւն առնէին։ Հրանտ շատ ուշ էր մնացած։ Իրարու չհանդիպեցան։ Երբ ան եկեղեցի կը վերադառնար յուսահատած։ Հրանտ եկեղեցիէն հրապարակը կուգար։ Վերջապէս գտան իրար։ Արփիկ  թրջուած էր։ Հարցուց պարզապէս յապաղումին պատճառը։ Հրանտ, առաջին անգամ ըլլալով, ոչ իր սովորական քաղցրութեամբը, դիտել տուաւ որ Արփիկ իր դրութեան մէջ չի մտներ։

Հաղորդութենէն վերջ Հրանտ յայտնեց որ ստիպուած է ձգել զինքը որովհետեւ հազար բան ունի դեռ ընելիք։

-Բարեբախտաբար հանճարեղ գաղափար մը ունեցայ՝ ընդունելութեան, գնումներու ամբողջ հոգը յանձնեցի Հայկին։ Սպասուհին եւ Վանեան ալ՝ յանձն առած են կերակուրի խնդիրը։ Բայց դեռ այնքան բան կայ ընելիք...

Արփիկ դարձեալ յայտնեց որ շրջազգեստը պատրաստ չէ։ Հրանտ ափ ի բերան մնաց։ Ինչպէ՜ս  թէ... Ի՛նք չէ՞ր սակայն որ այնքան փափաքած էր ճերմակ հագուիլ։ Իրենք չէի՞ն որ... Ինչ բան որ Հրանտ չէր հասկնար՝ կը սրտմտեցնէր զինք։ Ժամանակը կ՚անցնէր, մէթրօ մէթրօյի ետեւէ կը փախէր, իրենք՛ կանգնած քարափին, կը վիճաբանէին։

-Ի՛մ Արփիկ, ըսաւ Հրանտ, սիրով կ՚ընկերանայի քեզի, բայց հասկցի՛ր, հազար ու մէկ բան ունիմ ընելիք։ Վերջին օ՛րն է։ Ինչու՞ Ալիսին հետ չի կարգադրեցիր մինչեւ հիմա այդ խնդիրը։ Կնոջ բաներ են ի վերջոյ ուր իմ ներկայութիւնս անխուսափելի չէ։ Ես այնքան պիտի ուզէի տեսնել որ դուն իմ ընելիքներովս ալ կը մտահոգուիս եւ գոնէ զգացումով բաժնել կ՚ուզես զանոնք  եթէ ոչ գործնականապէս։ Ժամանակ չունինք։ Աս մէկը որ գայ՝ անպայման կը մտնաս մէջը։ Իմ ուղղութիւնս ուրիշ է։

Յաջորդ մէթրոյին աղմուկը արդէն։ Հրանտ յանկարծ կարմրեցաւ... Չըլլա՛յ որ Արփիկ խորհի, ա Նօ՜, չըլլայ որ խորհի... թէ չի ուզեր իրեն ընկերանալ, քավալիէի պարտականութիւնը չկատարելու համար։ Ձեռքը գրպանը տարաւ, հանեց տրցակ մը հազարնող եւ խոթեց անոր պայուսակը, «հրաշէկ» տագնապի մը մատնուած...

-Եթէ հետդ ըլլայի, թող պիտի տայի՞ որ դուն վճարես։ Այնպէս հաշուէ թէ հետդ եկած եմ։ Եւ արդէն...

Հրանտ զայն գրեթէ գրկած՝ բարձրացուց մէթրոյին մէջ որ առաւ ու տարաւ զինք։ Ի՛նչ լաւ եղաւ որ յանկարծ յիշեց... Սարսափելի պիտի ըլլար եթէ երկվայրկեան մը Արփիկ խորհէր որ անոր ընկերանալու իր մերժումը շահադիտական պատճառով մըն էր։ Հրանտ տարաւ իր հետ Արփիկին պատկերը՝ տրտում, շուարած, մեղմ, եւ քչիկ մըն ալ առեղծուածային...

Այս փոքրիկ վիճաբանութիւնն իսկ, մնաց որ, հրապոյր մը ունէր՝ այնքան որ այդ րոպէներուն իսկ անոր մէջ քնքշութիւնը կը ծորէր։ Մէկ կողմէն իբր թէ կը հակաճառէր, միւս կողմէն՝ գորովալիր, իր ձեռքը կը սեղմէր։ Այդ մեղմ վիճաբանութիւնն իսկ մտերմութեան նոր երանգով մը կապեց զայն անոր։

Հրանտ «ճերմակ» գիշեր մը անցուց։ Առաւօտուն զարմացած կը հաստատէր որ այսպիսի բացառիկ օր մը իսկապէս բացառիկ բաներ կը պատահին։ Երբ այդ բաներուն ժապաւէնի մը, վէպի մը մէջ կը հանդիպի, կը գտնէ զանոնք  ձրի եւ ջղայնացուցիչ։ Ժամերը խելահեղ արագութեամբ կ՚անցնէին։ Ճիշտ 11ին Քաղաքապետարան պէտք է որ գտնուին, 12ին՝ եկեղեցի եւ սակայն... շապիկը պատրաստ չէ, չեն բերած դեռ։ Զարեհ չէ եկած դեռ։ Ան է որ Քլամառ պիտի երթայ եւ հարսնցուն, իր քոյրերուն հետ, առաջնորդէ Քաղաքապետարան։ Հայկին, Վանեային ներկայութի՛նը միայն քիչ մը հանդարտութիւն կուտար իրեն, որոնք, տիրաբար կը յառաջացնէին պատրաստութիւնները։ Կատակելու իսկ ատեն չկար։ Վերջապէս Զարեհ երեւցաւ։ Գաւառէն նոր է հասեր, այս առաւօտ իսկ, շոգեկառքով։ Ինք որ տարիներէ ի վեր իր կառքովը կը կատարէր ճամբորդութիւնները, այս անգամին, այո՛, այո՛, ճիշտ այս անգամին մեքենան խանգարում մը կուենայ...

Միասին, խելահեղ, կ՚իջնեն վար։ Դրան առջեւ կը գտնուի. բարեբախտաբար, Հրանտին կառքը։ Կ՚աշխատի արագ մը ցոյց տալ վարումի մասնայատկութիւնները որ կը տարբերին Զարեհինէն, Շա՛տ լաւ։ Հրանտ կը բարձրանայ վեր։ Րոպէ չանցած՝ Զարեհ դուռը կը զարնէ։ Գիշերը ամբողջ ելեքտրական հպումը ընդմիջուած չըլլալով՝ աքիւները պարպուեր են... Արագօրէն կը վճռեն։ Զարեհ առաջին հանդիպած սակակառքը պիտի առնէ եւ մեկնի Քլամառ։ Հրանտ կիսովին հագուած, վերարկուին օձիքը վեր բարձրացուցած, կը վազէ լուացարարուհիին խանութը։ Կը սկսին անուշ անուշ հեգնել... Չի՞ տեսներ որ իր «շապիկին վրան են աղջիկները»... Կարելի՞ բան է որ մառիէին շապիկը մոռնան... Ժպիտներ, մաղթանքներ, կատակներ...

Կը մեկնին։ Ի՜նչ բախտ՝ ժամադրութենէն երեք րոպէ առաջ կը հասնին Քաղաքապետարան Բայց, հարսնցո՛ւն չերեւիր։ Բա՞ն մը պատահած է ադեօք... Հսկայական դահլիճին մէջ Հրանտ զսպանակի մը նման կը թրթռար։ Մեծագիր պատուհանէն կը գիտէ բակը։ Ոչի՛նչ, ո՛չ ոք։

Անծանօթներու սիլուէթներ, մտազբաղ ու մտահոգ։ Յանկարծ կարմիր կառք մը կը մտնէ բակը։ Դռնակը կը բացուի։ Յաղթանդամ տղայ մը դուրս կ՚ելլէ եւ կ՚օգնէ՝ գլուխը բոլորովին վար հակած աղջկան մը որ ճերմակներու մէջ կը լողալ։ Վերջապէ՛ս... դուրս կ՚ելլեն նաեւ Ալիս ու Զարուհի։ Արփիկ արտակարգօրէն գեղեցիկ է իր շղարշներուն մէջ։ Յուզումը եւ յոգնութիւնը հրապոյր մը  աւելցուցած են անոր երկարաւուն դէմքին։ Մատներու կրակէն գրեթէ թառամեր են ձեռքի մէկ քանի կարմիր վարդերը։ Կը ժպտի։ Հրանտին բացայայտ կը դառնալ որ մինչեւ այդ իր ունեցած սէրերը՝ թիւրիմացութիւններ։

Ո՛չ մէկ յիշատակ տարօրինակ է, ո՛չ մէկ տպաւորութիւն կը յամառի։ Նոր բնանկարի մը առջեւ է... Կը  զգալ որ չէ սիրած միւսները որոնք հայերէն չէին խօսած իր հետ, որ աղջկական ալ չէին, ոչ ալ քրոջական... Այս հարսը՝ աղջիկութիւնն է շնորհք, քաղցրութիւն։ Ծաւի աչքերը տարօրինակ երանգ մըն են ստացեր ու մազերուն ոսկին սաստկագոյնս կը փայլի՝ սպիտակ քողի, ճերմակ շղարշի, ձիւն սընդուսի հակադրութենէն։ Հրանտ չէր սիրած ոչ ոք։ Անհաւատալի կը թուին իրեն՝ «միւսները»։ Թիւրիմացութիւններ միայն...

Իր Արփիկը հնչականութեան ձախլիկութիւն մը ունի որ մանկական կը դարձնէ իր ամբողջ նրբաթեք անձը։ Յուզումը այնպիսի թանձր ալիքներով կը թաւալի որ իր դիտելու մտածելու կարողութիւնը կը կասի։ Զգայութիւնն իսկ բացառիկ եղանակով մը կը գործէ։ Սիրտը դարձեր է ալ դիւրաբեկ ամբարտակ մը որուն կուգան կը զարնուին մեծ ալիքներ եւ մերթ, յումպէտս կը յորդի, մեծ կոհակով մը։ Ժամանակ չի կայ կորսնցնելու։ Կը լեցուին վարձու կառքեր, կ՚ուղղուին եկեղեցի։ Դարձեալ Ռիւ Ռուեալ։ Այս անգամ Հրանտ ինք կեցնել կուտայ կառքը։ Նոյն ծաղկավաճառէն՝ արիւն վարդեր։

Եկեղեցին դարձեալ բաւական մարդ կայ  հակառակ որ ոչ ոքի հրաւէր ղրկուած է։ Ներկայ պիտի ըլլային միայն երկու ընտանիքի անդամները, Արուեստագէտներու եւ Ազգային Միութեան վարչութեանց անդամները։ Միակ Միութիւնները որոնք Հրանտ պատկանած էր, եւ որոնք կերպով մը, հանրային անհատին ընտանիքները կը կազմէին։

Բարձրահասակ, յաղթ, խոհուն, Սրբազանը յառաջացաւ եւ գրաւեց իր տեղը։ Հրանտ եկած էր արդէն խորանին դիմաց, երբ, Զարեհի թեւին, Արփիկ նմանապէս յառաջացաւ։ Վերնատունէն՝ երգեհոնը կը տարածէր իր հնչիւնները։ Երփ Արփիկ կանգնեցաւ Հրանտին մօտ, ձեռք մը սեղմեց սիրտը, կոկորդը կծկուեցաւ, բերանը չորցաւ։ Աղօթքներէն տողեր ծածանեցան, քանդակուեցան ու իրենց ադամանդ իմաստին յանկարծական շողշողումէն, շլացուցիչ։ Երկինքէն հասած, Երկիրը ամբողջ լեցուցին։

Երբ վերադարձան տուն, կարելի է ըսել, Հրանտ այնպիսի յուզական մակարդակի մը վրայ էր ուր սովորաբար երազի, ենթագիտակցութեան տպաւորութիւնները կը տիրապետեն։ Կը տիրապետէին մեծ բացակաները։ Կը տիրապետէին յուզումներ ուր րոպէին քաղցրութիւնը իր մէջ ծրարեր էր մինչեւ ծնունդը, մինչեւ մահը ալեծփող ուժգնութիւն։ Րոպէն ստացեր էր այնպիսի խտացում որ կը խանգարէր անոր դիտելու, արձանագրելու գործիքին շարժումները։ Իր ընկերներուն բարեկամութիւնը սակայն զատորոշուեցաւ եւ եկաւ մասնաւոր ուժգնութեամբ մը դրոշմուելու։ Այժմ որ մոռցած էր եղած նուէրները, կը յիշէր միշտ անոնցինը որ իր սէրը վերդեջրող բուրումի սրուակը եղաւ։

Հրանտ, հաստատակամ եւ բոլորանուէր իր բարեկամութիւններուն մէջ, նոր սաստկութեամբ մը հարստացած զգաց զանոնք։ Իր մէջ տեղի ունեցաւ այն լռելեայն համոզումը թէ այդ բարեկամները պիտի մնային մինչեւ կեանքին վերջը հարազատներ, եւ ինչ ալ որ պատահէր, ահա ներողամտութեան նոր պաշարներ կը լեցուէին իր մէջ՝ անոնց նկատմամբ, եւ որոշումը միանգամ ընդ միշտ նկատելու այդ՝ այսպէսով նուիրականացած։ Հէ՛ք Հրանտ, այդ րոպէին չէր կասկածեր որ, տարի մը չանցած, անոնցմէ ոմանց կողմէ, աքաղաղը պիտի կանչէր երեք անգամ... Բոլորովին անճիշտ պիտի ըլլար, սակայն, ըսել որ իր մռայլ փորձութեան մէջ լքուեցաւ ան։

Դրոշմուեցաւ նաեւ երգիծաբան Պ. ին պատկերը, լուսաւորուած դահլիճին մէջ, շամփանեի բաժակը ձեռին յանկարծ տարածուած լռութեան վրայ։ Տառապանքի մտրակներէն ժայթքող խօսքեր, իր կեանքին վրայ իսկ կարմիր արցունքով արցունքով արձանագրուած պատուէրներ, ի խնդիր ներդաշնակութեան՝ բիւրեղ քանի մը կաթիլ իմաստութեան իր սրտին գործիքովը զտուած...

Ա՜, անմոռանալի րոպէներ, Սիրոյ եւ Յոյսի սաստկութենէն հրդեհուած րոպէներ, ա՛, րոպէներ նուիրական, առհաւատչեայ մեծ վկայութեանը րոպէներ որ անլսելի կը մրմնջէին- Կը սիրե՛մ։ Ա՜ յաւերժօրէն  հզօր րոպէներ, չլքէք երբեք զինք ապագայի գորշերուն վրայ, նաւաբեկութեան մռայլ պահերուն՝  յայտնուեցէք ձեր համակ փառքովը եւ պատուիրեցէք իրեն. - Շարունակէ  հաւատալ... Ու տուէք իր աչքերուն այն խոնաւութիւնը որով ան միշտ դարձընէ կեանքը ցնծութիւն մը բոլորոին, որուն մէջէն իր ակնարկները ժայթքին՝ ինչպէս տեւական կախարդանքէ մը։

Օ՜, սրբավառ րոպէներ, իր փորձութեան մեծ պահերուն, չլքէք երբեք զինք, ու ձեր հրակէզ յուզումներուն քաղցրութեանը մէջ՝ պահեցէք իր սիրտը իբր միշտ սիրող սիրտ... Օ՜, անմոռանալի՜, անմոռանալի՛ րոպէներ, ահա՜ ձեր առաքելութիւնը - ինչ ալ որ պատահի ինչքան ալ ահեղ ըլլայ փորձութիւնը, վերադարձուցէք իրեն ուժը՝ տարածելու իր բազուկները, բարձրացնելու աչքերը...

Օ՜, վարդակուտա՜կ րոպէներ, րոպէներ քնքշութեանց ու բերկրանքի՛ օ՜, պարիկներ գարնանային ցնծութեանց, անպակաս ըրէք ձեր փայփայանքը բոլոր ճակատներուն, դալուկներուն եւ կնճռոտներուն անպակաս ըրէք շոյանքը ձեր սպիտակ մատներուն՝ դափնեվարդերու, շուշաններու բուրումներովը օծանուտ...

Յառաջացած գիշերին մէջ, Հրանտ երկար ատեն առանձին ձգեց Արփիկին ննջասենեակը՝ չուզելով բռնաբարել անոր ամօթխածութիւնը։ Երբ մատովը դրան զարնելէ վերջ՝ ներս մտաւ՝ կատարեալ շլացում մը... Արփիկ հագած էր սպիտակ մետաքսէ գիշերանոց մը որուն մանեկաւոր վզնոցին վրայ կը թափուէին ոսկեայ ողկոյզները իր գլխուն։ Անուշ յոգնութենէն՝ դէմքին ձուաձեւը աւելի շեշտուած, աչքերը՝ եզերուած սեւով մը, աւելի մեծցած աւելի տենդաշող։ Սնարի հայլիապատ սեղանին վրայ փռած է ասեղնաբանուածք մը որ արձանագրութիւն մը կը կրէ. «Վէմի վրայ շինէ տունդ... »

Արփիկ՝ նազանքով, լրջադէմ, մօտեցաւ եւ հակեցաւ Հրանտին։ Ձեռքին սեւ կողքով, ոսկեզօծ եզերքներով, Աւետարանն էր բռնած։

-Եթէ կ՚արտօնես, մրմնջեց հեզութեամբ, ամէն իրիկուն, քնանալէ առաջ, քանի մը տող միասին կարդանք Ս. Գրքէն որ հիմքը պիտի ըլլայ մեր կեանքին։

-Աստուածաշունչը կը կազմէ իր նախասիրած եւ մշտական ընթերցումս, ոչինչ աւելի հաճոյք կրնայ պատճառել ինծի, բայց բացառութիւն մը, - ո՛չ այս գիշեր.

Ապա, մէկ թեւովը մեղմութեամբ գրկեց զայն եւ ականջին շշնջաց.

-Արփի՛կ, եթէ յոգնած ես, ես քովի սենեակը կը քնանամ։ Հոն ալ անկողին մը կայ։

Արփիկ խորապէս զարմացաւ։ Ամէն բանէ առաջ, աղջկայ ինքնասիրութիւնը՝ իր point nevralgiqueն էր որ դարձեալ՝ անմիջապէս ոտքի ելաւ։ Աչքերը վերցուց եւ երկարօրէն նայեցաւ Հրանտին Ապահովուած... «Ո՛չ» ըսաւ, վճռական։

Ինչպէ՛ս ըսել երանութիւնը ուր կը լողային՝ յաջորդ րոպէներուն։ Րոպէները որ ալ օրհնուած էին, թոյլատրուած բոլորէն, որ ալ կը հեւային ըստ իր պապերու կամքին եւ որ ալ չէին պարունակեր ինչ որ մեղքի զգացում յուսալքող, նուաստացնող, նուազեցնող... Օրինականը, օրհնէնքը, վերջնականը կը նուիրականացնէին այդ րոպէները եւ կը հասցնէին չգերազանցուած բորբոքումներու։ Շա՛տ վերջը, հրակէզ փարումներէ յետոյ վերջին պատկերը, վերջին յոյսը, վերջին սպասումը, տասնեակ տարիներ երազուած ակնկալութիւնը վերածուեցաւ բացարձակ ստուգութեան, - ա՛յդ գիշերն իսկ պիտի դառնար թուական մը, որովհետեւ՝ Արփիկին մայրութեան առաջին ակնթարթը կը սկսէր, առաջին ակնթարթին թագաւրոութիւնը կը հաստատուէր... Վստահ է՛, բացարձա՛կ վստահութեամբ...