Ողբացող մարդիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՎԱՐԱԳՈՅՐ ԵՐԿՐՈՐԴ

ՄԵԾԱԳՈՅՆ դէպքերը, Հրանտին համար, տարակոյս չկար, սիրոյ ծնունդն էր։ Ան է որ թոյլ կուտայ բացատրել հետագայ դէպքերը որ պիտի չուշանային վրայ հասնիլ։ Բայց սէրը ծնած էր։ Ունէր իր բոլոր միջոցները աճելու եւ ինքզինքը պարտադրելու։ Իր ներկայութեամբը գունաւորելու ժամանակը։ Դառնալու անոր կեանքի ոգին։ Ըլլալու կեանքը ամբողջութեամբ։ Բանալու անոր առջեւ՝ լայնցող հորիզոնները։ Առաջնորդելու զինք առտնինէն դէպի ընկերայինը, դէպի մարդկայնականը։ Լաւ է սակայն՝ վերադառնալ դէպքերու ժամանակագրական կարգին։ Այդ սէրը որ սրընթաց կ՚երթար նետուած պատրանքներու քամակին, որ իրականը կ՚իտէալականացնէր, այդ սէրը տակաւ պիտի բախէր կարծր իրականին։ Առաջին արարը վերջացած էր։ Նշանտուքի շրջանի վարդագոյն արարին վրայ՝ վարագոյրը իջած։ Կը սկսէր երկրորդ արարը։ Հա՛, հա՛, երկրո՛րդ, երկրո՛րդ արարը... Կեանքը՛, - վարագոյրնե՛ր ու դիմակնե՛ր որ կ՚իյնան ետեւէ ետեւ... հա՛, հա՛, «սա արդէն ուրիշ բան ա... »

Հրանտին սէրն ալ սակայն խօսքով չի ջախջախուիր։ Այդ պատճառով ալ այս երկրորդ մասը ուրիշ բան չեղաւ եթէ ոչ գուպարը՝ սիրոյ եւ իրականին։ Կապոյտներու աշխարհին եւ գորշերու գրոհին։ Բայց դառնա՛նք, դառնա՛նք դէպքերուն։

Յաջորդ օրը ուրեմն, ամուսնութեանը յաջորդ օրն իսկ, Ալիս եւ Զարուհի քանի մը անգամ եկան գացին։ Ամէն անգամին՝ մեկուսացումներ, գաղտնի խօսակցութիւններ, փսփսուքներ՝ սենեակներու անկիւնը, խոհանոցը, միջանցքին մէջ։

Զարուհի եւ Ալիս մնացին ընթրիքի։ Ճաշին սկիզբը Զարուհի, վարժ կերպով, չորս կողմը նայեցաւ։ Երբ լռութիւն տիրեց՝ «Հայր Մերը» ըսաւ, ջերմեռանդ ինքնամփոփումով, սպիտակ ձայնով։ Ճաշը կազմուած էր գլխաւորաբար աղանդներէ եւ պտուղէ։ Կերակուր մը պատրաստուած էր բայց վառած ըլլալուն մէջտեղ չեկաւ։ Միայն իր ուժգին հոտը տարածուած էր յարկաբաժնին մէջ։ Այդ առթիւ քոյրերը չարաճճի ակնարկներ եւ խնդուքներ փոխանակեցին իրարու հետ։

Երբ մեկնեցան եւ վերջապէս առանձին մնացին, Արփիկ յայտնեց որ քոյրերը չափազանց նեղուած են։ Տանտէրը՝ Վաղարշեան դուրս կը նետէ զիրենք։ Փողոց մնացած են։ Արգիլեր է խոհանոցին գործածութիւնը...

-Ես քոյրերէս հեռու չեմ կրնար ապրիլ։ Ետեւի սենեակը անոնց կը յատկացնենք։ Վաղը առաւօտ Զարուհին պիտի գայ, պիտի ըսեմ որ փոխադրուին հոս։ Ես մեծ քոյրերնին եմ, անոնց մայրութիւն պիտի ընեմ, կտրուկ կերպով աւելցուց Արփիկ։

Կատարուած առաջարկէն շատ աւելի՝ ըսուած եղանակը, պարտադրութեան անսպասելի կոպտութիւնն էր որ զարմացուց Հրանտին։ Դիմակազերծուող մարդոցմէ եկած աղօտ այլ անպիտան սարսուռ մը։ Ինչպէս միշտ՝ Հրանտ կրեց խորունկ զարմացումի, շուարումի տպաւորութիւն մը որուն անմիջական հակազդեցութիւնն էր՝ տառապիլ։ Կը նեղուէր որպէս թէ ի՛նք ըլլար դիմացինին կոպտութեան հեղինակը։ Եւ սակայն այս բոլորը իրենց յատուկ յատկանիշովը չէին վերլուծուեր դեռ։ Ան միշտ կը կարծէր որ անհարթութիւններ են որոնք կը կարօտին բացատրուելու։ Ան այն աստիճանի կը հաւատար իր մերձաւորին, այնպիսի խորունկ, բնախօսական գործառնութեամբ մը, որ հազիւ վատութիւն մը կատարուած՝ Չարը կ՚անջատէր իր հեղինակէն եւ, հետզհետէ, կը դառնար հեռաւոր, վերացական, պատրալիր...

Եւ սակայն իր դիտելու կարողութենէն ոչինչ կը խուսափէր։ Հակասութիւնները ցցուեցան մտքին մէջ։ Ինչպէ՞ս այս այն նոյն աղջիկնե՞րն են որ, իրենց նշանուած շրջանին, հետեւեալ պատասխանը տուին Տիկին Վարդանեանին։

-Ի՛նչ է, մենք Արփիկին ականջի օղե՞րն ենք որ չբաժնուինք իրմէ, թէ իր դրամօժիտը։ Մարսէյլի տղուն հետ որ ամուսնանար՝ ստիպուած, զատ զատ քաղաքներ չպիտի՞ ապրէինք։ Մենք կը խորհէինք Մէժէվ փոխադրուիլ՝ մեր մայրիկին հետ միասին ըլլալու համար։

Հրանտ առանց պատասխանելու գնաց ննջասենեակը եւ պառկեցաւ։ Իր ամէնէն սիրած ժամը ուր կը գտնէր իր միայնութիւնը, ուր կը խորհէր, կը կարդար՝ քնանալէ առաջ։ Մնաց որ այս ամբողջ վերջի շրջանին վերին աստիճանի կազմալուծուած եւ տարօրինակ կեանք մը կ՚անցնէր, առանց կարենալու կատարել ե՛ւ երաժշտութեան ե՛ւ մտքի այն նուազագոյն աշխատանքը առանց որուն կեանքը կը կորսնցնէր իր կշռոյթը, եւ ինք ալ իր բնախօսական հաւասարակշռութիւնը։ Տան մէջ անընդհատ իրար անցում մը կար եւ անկարգութիւն մը։ Սպասուհին ինքն իր գլխուն բաներ կ՚ընէր առանց որ Արփիկ ի վիճակի ըլլար ղեկը ձեռքը առնելու։ Լռութիւնը, որոշ առանձնութիւն մը բոլորովին չքացեր էին, առտու, կէսօրէ վերջ, իրիկուն։ Հրանտ սակայն սիրով կը տանէր այդ բոլորը եւ գիտէր որ ժամանակաւոր է։ Շատ չանցած կարգ կանոնը պիտի հաստատուէր։ Այսքանը անխուսափելի էր նոր կեանքի մը սկիզբին։

Արփիկ շատ աւելի ուշ գնաց՝ պառկելու։ Մազերուն պիկուտիներ կը զետեղէր։ Անոնք շարուած էին գլխուն, եւ մազերուն մէջ ակոսներ բացած։

Քնքշութեամբ առաւ անոր ձեռքէն գիրքը, դրաւ սնարի սեղանին։ Գլուխը հակեց ծունկերուն, բռնեց անոր ձեռքը եւ հարցուց.

-Բարձրաձա՞յն, ակնարկելով իր ընելիք աղօթքին։

-Բարձրաձա՛յն։

Արփիկ որ շատ նախնական եղանակով մը կ՚արտայայտէր ընդհանրապէս մտածումը, տարօրինակ պերճախօսութիւն մը կը գտնէր իր ամէնօրեայ աղօթքին մէջ։ Նոյնիսկ հայերէնը, այլապէս սաղմնային կը դառնար նուրբ, եւ բառամթերքը՝ առատ։ Աղօթքին մէջ յիշուեցան մայրը, քոյրերը, Տիկին Նազարեանը, Զարեհ, նաեւ ինքը ամէն մէկուն պատշաճ մաղթանքներով։ Յետոյ, կարդաց Սաղմոսէն մաս մը եւ «գոհունակ սրտով», պիկուտիներու ոսկեգոյն ողկոյզը թաղեց սպիտակ բարձին մէջ։ Ամէն անգամին ալ Հրանտ կը մտադրէր սկսիլ արդէն աստիճանաբար, գիտակցական, գործօն դարձնելու կրօնական զգացումը անոր մէջ։ Մինչ այդ. կը նախընտրէր այս անպաճոյճ, չինական, մանկունակ, «ծիծաղելի» կեցուածքը, այն աստիճանի որ յոգնած էր, զզուած՝ կեանքը ամուլ, անլուրջ, անարժէք դարձնող սկեպտիկութենէն, սինիզմէն եւ բոլոր մնացեալէն։

Ի՜նչ պիտի ըլլային, ի՞նչ բանի պիտի վերածուէին այս խեղճ աղջիկները, կանխահասօրէն մնացած անտէր, ի ծնունդէ զրկուած հայրենի հողէն, աւանդութեանց բարարար սեղմիրաններէն, նետուած կեանքի պայքարին, կեանքի գեհենին մէջ, ի՞նչ պիտի ըլլային այս աղջիկները, ինչ բանի պիտի վրածուէին իրենց մութ գիտակցութիւնները՝ առանց կրօնի այս աղօտ մէկ ցոլքին։ Անհատը կը ծնի՝ առանց բարոյական ողնասիւնի։ Մէն մի րոպէ՝ պատրաստ փլչելու՝ կ՚իյնայ գետին։ Ոմանք ճարած են զանազան յենագներ, ալքօլին սալբինան, մոլութիւններունը։ Քիչեր յանձնուած՝ աշխատանքին։ Ընտրեալները զինուորն են Գեղեցիկին կամ Ճշմարիտին։ Ի ծնէ ազնիւը՝ երջանիկ է զոհաբերութեամբ։ Երանի՜ անոնց որոնց ողնասիւնը ամուր է։ Որ կը ցցուի դէպի երկինք։ Ի՜նք, ինք այսպէ՛ս, նախնական, մանկական, այպէ՛ս կը սիրէ իր Արփիկը...

Գիշերը Հրանտ բազմաթիւ անգամ արթնցաւ։ Մեծ եղաւ զարմանքը երբ ամէն անգամին Արփիկը գտաւ նմանապէս արթուն։ Ամբողջովին կծկուած, մխրճուած իր կուրծքին վրայ, կուրծքին մէջ։ Տարօրինակ յուզումներ կրեց, սրտին ամէնէն խորունկ ալքերէն անցնող տաք յուզումներ։ Այո՛, այո՛, իր կինն է, այս խարտեաշ, այս աղուոր աղջիկը՝ իր կի՛նն է։ Ինք ամէն ինչ է անոր համար։ Ոչինչ աւելի յուզիչ, սրտակեղեք՝ երկրագունդին վրայ, որքան երկու էակ որոնցմէ մին ամէն ինչ է միւսին համար։ Մանուկները մանաւանդ, ինչպէս հիմա Արփիկ, խորօրէն կը զգացնեն այդ։ Ամուսի՛ն, կի՜ն... Տարօրինա՜կ, տարօրինակ բաներ բան, խորհրդաւո՜ր...

Վառեց լոյսը։

-Արփի՜կ, չե՞ս քնանար։

-Ո-ո՛չ, պատասխանեց իր մանկական շեշտովը, հիւթեղ ձայնին քաղցրութեամբը ուր իսկապէ՛ս քնացած ըլլալու հետքը չկար։

-Ինչո՞ւ։

-Չեմ գիտե՛ր։

Հրանտ յուզուեցաւ, օտարոտի յուզումով մը, ցարդ անծանօթ խռովքով մը։ Նայեցաւ անոր հրավառ աչքերուն սպիտակ գիշերանոցին մէջ պարագծուած ցորենագոյն կուրծքին։ Գլխուն շարած պիկուտիները աւելի կը շեշտէին իր մանկականութիւնը։ Սրտին դպաւ այդ աղջիկին խռովքը որ արեւմտեան Սոդոմին մէջ անբիծ պահած իր սիրտը՝ բերեր էր տալու անոր միայն որուն գլուխը, խորանին առջեւ, կապուեր էր նարօտով՝ իր գլխուն։

Հրանտ կիսովին բարձրացաւ անկողնին մէջ եւ անոր գլուխն ու իրանը առաւ թեւերուն, ենթարկուած այնպիսի զգացումներու, որոնց նմանը երբեք չէր կրած կեանքին մէջ։ Ու փոքր քոյր մըն էր, ու իր հարազատն էր, ու իր կինն էր, ու իր կեանքի ընկերն էր, ու իր հարազատը՛, հարազա՛տն էր՝ իրեն յանձնուած այս «պզտիկ հարսը»։ Օ՜, եթէ միայն գիտնայի՛ն, եթէ միայն գիտնայի՛ն հրճուանքի անօրինակ տեսակը որ կը տրուի զոյգին, երբ՝ սուրբ հարազատութեամբ կապուած կը մնան անոնք։ Այն ժամանակ, ոչ ոք պիտի տատամսէր ընելու բոլոր զոհողութիւնները, չարատաւորելու համար ոեւէ բիծով սպիտակը այդ նարօտին, եւ եթէ հարկն է, փրկելու համար զայն, տալու նաեւ իր կեանքը...

Այս բոլորը ինչպէ՞ս կարդաց Արփիկ որ, յանկարծ, գլուխը վերցուց, ձգեց իր բոցակէզ աչքերը անոր վրայ, մանրիկ թաթովը փայփայեց, շտկեց անոր խառնիխուռն մազերը եւ, շշնչաց. «Իմ հարազատ ամուսինս... », իր պահ մը արտաքսուած ամօթխածութեան մէջէն ծորեցնելով գորովանքի հեղեղներ։

Ու այն բոլորը որ կը զգար այս մատղահասակ հարսը թէ մէկ թէ միւս բառին մէջէն, խորունկ բան մըն էր, անվիճաբանելի օրէնք մը, առանձին անթիթէ մը՝ նուիրական, վերջնական, խորհրդաւոր, գերագոյն սրբութիւն մը որուն պահպանումին, որուն ձգողականութեանը, որուն բեւեռումին պիտի ենթարկուէին գալիք իր բոլոր խօսքերը, բոլոր շարժումները, բոլոր գործերը, այս երդիքին տակ։ Ու Հրանտ երախտագիտութեամբ կը յորդէր դէպի այն բոլոր դիպուածները, անձերը, եւ նախ՝ դէպի անոր մայրն ու հայրը, դէպի իրենց ցեղը որոնք այսպիսի փարոս մը հաստատած էին անոր հոգիին մէջ։ Իր շուրջը, աւելի հեռուն, ամբողջ երկրամասերու մէջ՝ ընկերութիւնները կը քայքայուէին, փլուզումի ճարճատիւնները լեցուցած էին աշխարհը ամբողջ, վասնզի սէրը դարձեր էր միայն բնախօսական, գռեհիկ աքթ մը։

Եւ օճախը՝ յարմարագոյն վայրը՝ մինչեւ կատաղութեան հասցնելու համար փոխադարձ ատելութիւնը, դաւաճանութիւնները, յիմարութիւնը, շօշափելի թէ անտեսանելի աւերածութիւնները։ Հրանտ երախտապարտութեամբ կը յորդէր եւ անգամ մը եւս, իւրովին, որոշումը կ՚առնէր անսահման ներողամտութեամբ զինուելու Արփիկին բոլոր թերացումներուն նկատմամբ որքան ալ անոնց թիւն ու աստիճանը սովորական չըլլային։ Երկուքին ալ քունը վերջանականապէս փախաւ։

Յաւէտ անմոռանալի րոպէնե՛ր, անբռնաբարելի միայնութեան մէջ, ուր սիրտերը կը պատռին եւ կը լեցնեն իրենց արիւնը, անարատ ու տաք, մէկը միւսին մէջ։ Սրտազեղումներ, մանր ու գաղտնի մանրամասնութիւններ, մանկական ու ծիծաղելի օտարներուն համար, ու մինչեւ մահուան րոպէն իրենց թանկագին ջերմութիւնը պահող՝ ենթականերուն համար։ Հա՛. Արփիկը երբեք չէ գուշակած թերեւս այն ուրախութեան մեծութիւնը որ ինք ունեցած է, երբ այն օրը, առանց ժամադրութեան, երեկոյեան, յանկարծ յայտնուած էր։

-Վերջին դասս տուած էի արդէն եւ կը մեկնէի։ Դուռը գոցելու ժամանակ ակնարկ մը նետեցի, բնազդաբար, բարձրացող վերելակին։ Եւ, ի՜նչ տեսնեմ... իմ Արփիկը։ Տեսա՞ր երջանկութիւնս դէմքիս վրայ։

Արփիկ աւելի ուժգնութեամբ սեղմուեցաւ անոր կուրծքին։

-Ինչո՞ւ ուրիշ անգամ ալ այդ անակնկալը չըրիր։

-Ինչո՛ւ, ինչո՛ւ... դո՛ւն ինչու ամէն իրիկուն տուն չէիր գար, ինչո՞ւ չէիր հեռախօսեր, ինչո՞ւ չէիր գար ինծի սպասելու՝ գործէս ելլելուս... Նշանածի դերը ինծի՜ կատարել կուտայիր...

Իր գայթակղութիւնը այնպիսի ծիծաղաշարժ ուժգնութիւն մը ունէր, դէմքը այնքան անուշ ու մանկական բարկութիւն մը կ՚արտայայտէր որ Հրանտ բռնուեցաւ խնդուքի  նոպայէ մը։ Արփիկ ինքն ալ սկսաւ խնդալ։

-Իւչպէ՞ս թէ՝ «նշանածի դեր»...

-Հարկա՛ւ, պատասխանեց Արփիկ այն լրջութեամբը որ Հրանտ այնքան կը սիրէր, հարկա՛ւ, քանի որ ես արդէն խօսք տուած էի քեզի, քանի որ համբուրած էիր արդէն զիս, ես՝ ալ քու՛կդ էի։ Պէտ չէ՞ որ մարդավարի Քուռ ընէիր ինծի։ Այո-ո՜, նշանածի դերը ինծի՛ կատարել կուտայիր։

Հրանտ, այդ օրուընէ սկսեալ, ամիսներով, բարկացնելու համար զայն, «նշանածի դեր» կ՚աշխատէր կատարել տալ անոր։ Բայց ինչքա՜ն, ինչքա՜ն ափսոսաց որ աւելի քուռ չէ ըրած աւելի նրբութիւններով, յափրացուցիչ յարատեւութեամբ, տիրանալու համար աղջկայ այս սրտին։ Ինչու՞ անվերջանալի կոչունքի մը նման, ինչպէս  պարտէզի մը, պտղանոցի մը մէջ, ան չտիրացաւ անոր շնորհներուն, մաս առ մաս, ծաղիկ առ ծաղիկ, պտուղ առ պտուղ, միջնադարեան ասպետի մը բոլորանուէր խելահեղութեամբը։ Ինչքա՜ն ափսոսաց...

-Բայց, ի՛մ Արփիկ, ըսաւ, լռութենէ մը վերջ, պայմանագրական արտայայտութիւնները կ՚անդամալուծեն զիս, իմ գործս չեն։ Իսկ դու՛ն, ինչպէ՞ս չես տեսներ, որ, ամուսնացած, ես ամէն օր քիչ մը աւելի «նշանած» կը դառնամ...

Բայց Արփիկ չէ մխիթարուած։ Ինք շատ աւելի ճառ կը կարդար իր գլխուն, այն շրջանին քան թէ բուն իսկ աղջիկէն կ՚ազդուէր։ Չէր իսկ նկատեր թէ ինչ պատրաստութիւններ կը տեսնէ ամէն մէկ ժամադրութենէ առաջ։ Իր բոլոր ընկերուհիները կ՚օգնեն, մազերը կը յարդարեն, անուշահոտութիւններ կը սրսկեն...

Հապա՛, այդ է որ կայ, աղջիկը իր վրայ չէր ազդեր... Մոռցե՞ր է, երբ, օր մը, յայտնեց անոր որ, Էմռոտի խենդեցնող բուրումէն, «սպիտակ գիշեր մը» անցուցած է... Մոռցե՞ր է՝ երբ օր մը ձեռնոցները իր տունն էին մնացեր...

-Հա՛, իսկապէս, ի՞նչ եղան ձեռնոցներս։

-Ես գիտե՞մ։ Այն օրերը ամէն ինչ ըրի քեզի վերադարձնելու համար, յետոյ, ես ալ չեմ գիտեր ուր կորսուեցան...

Արփիկ կը նայի անոր աչքերուն։ Հաւատա՛լ թէ չհաւատալ։

Մոռցե՞ր է Թէաթրը ֆրանսէի երեկոն։ Իր ի՞նչ մեղքն էր որ, բազմութեան պատճառով, դէմքը անոր դէմքին սղմուած մնաց։ Երբ միջնարարին, գրկուած, հայելիին մէջ նայեցան... Յետոյ, պզտիկ թուղթեր կար, տոմսերուն կտրոնները...

, Արփի՜կ, Արփի՜կ, միայն այն իրիկունը  տուած առաջին համբոյրիդ համար՝ պատրաստ եմ կեանքս տալու։

-Իրա՛ւ, դու՛ն ինչու չէիր համբուրեր զիս, վրայ  բերաւ բորբոքած։ Նոյնիսկ հոտ, նորէն դու՛ն կատարել տուիր նշանածի դերը։

-Խե՜նթ աղջիկ, ինչպէս չհասկցար որ ես քեզի ինչ աստիճանի, ինչ բարձր աստիճանի... Ա՜, աղջըկայ ինքնասիրութիւնը...

Արփիկ ինքն ալ ոգեկոչեց ուրիշ նշանակալից տեսարան մը։ Հարսնիքին գիշերը, երբ մնացին առանձին ննջասենեակը։ Եւ Հրանտին ձայնն ու դէմքը իբր թէ կեղծելով. «Արփի՛կ, գիտե՞ս, եթէ յոգնած ես, ես քովի սենեակը կը պառկիմ... »

-Ալ ատ տեղ չափը անցաւ, ալ ատ տեղ... կը կրկնէր գայթակղած։ Ի՜նչ խորհիլս չէի գիտեր... (Արտայայտութիւնը փոխելով, ու վերին աստիճանի նշանակալից, ժպտագին)։ Բայց ժամ մը վերջ, գիտցայ խորհելիքս...

Արփիկ մրմնջագին, յայտնեց որ ի՛ր ալ համոզումն է որ, այո՛, այդ առաջին գիշերն իսկ յղի մնացած է։ Անկարելի՛ է ուրիշ կերպ։ Իր զուսպ մէկ երկու բառէն, արտայայտութենէն որոշ էր որ իր մայր ըլլալու փափաքը՝ անսահման էր։

Տէ՜ր, բարձրեա՜լն Աստուած, բոլորին, բոլորին կեանքին մէջ բաց երջանկութեան այս պարտէզը, իր այս բիւրեղագեղ ծաղիկներովը։ Եւ ո՛չ ոքի, ի՜նչ ալ ըրած ըլլայ ան, ո՛վ ալ եղած ըլլայ, մի նետեր անէծքը՝ զրկելու գորովանքի այս բուրումներէն, բոլոր իրերը կենդանացնող այս մոգութենէն՝ առանց որուն, ոեւէ կեանք...

Արեւածագը հեռու չէր երբ, պարտասած, քնացան։ Առաւօտուն Հրանտ ելաւ, սուրճը պատրաստեց, թոյլ տալով որ Արփիկ հանգստանայ դեռ։ Հազիւ ժամ մը անցած՝ ձանձրացաւ առանձին եւ գնաց արթնցուց զայն։

-Եկո՜ւր, քանի առանձին ենք, պիտի ընկերանամ քեզի որ երգես։

-Արփի՛կ, իմ ամէնէն սիրած ժամս՝ առաւօտն է ուր սուրճս կ՚առնեմ։ Եկո՛ւր, քեզի աղուոր երգ մը պիտի սորվեցնեմ։

-Որ՞ը։

-Ռոմանս մը։

-Ի՞նչ ռոմանս։

-Չայքովսքիի ռոմանսը։

Շատ չանցած Արփիկ յայտնուեցաւ։ Սպիտակ ծաղիկներով, պոռտօ, թաւշիայ քղամիտ մը, լայն թեւերով։ Ժպտուն՝ աչքերը։ Պիկուտիները շատ չէին խանգարուած։ Երբ առանձին էին՝ Արփիկ այնպիսի հրապոյր մը գիտէր դնել երգին մէջ որ միայն բնատուր տաղանդն ու հաշիշէ, հիւթեղ ձայնը ինքնաբուխօրէն կրնայ պայմանաւորել։ Հրանտին կրած վայելքը մինչեւ բնախօսական ցնցումի կը հասնէր։

Հրանտ այն տրամադրութիւններէն մէկուն մէջ կը գտնուէր ուր հոգին քաղցրութեամբ կը լեցուի։ Յորդող քաղցրութիւնը մէկ նպատակի կը դիմէ՝ մատուցուիլ։ Ամէն ինչ կը դառնայ գերադրական։ Իր սիրած էակներն ու իրերը քառապատկուած սաստկութեամբ կը սիրուին։ Հոգիին ծառը յանկարծ, ամառնային, կը ծոցուորի, ու իր անհաշիւ պտուղները, իրենց բուրումներն ու թոյրը կը կանչեն անցորդները, կը հրաւիրեն բոլորը՝ պատարագի, հաղորդութեան։ Մոցարթեան մեղեդիներու անկարելի խլրտումներ ուժերէ վեր մոգութեամբ զեխութեամբ, կը մատուցանեն հաւասարական ցնծութիւն... Ու համոզում մը, անպեղելի, անառկելի, զենիթի կշռոյթին մէջ թրթռուն, կը հռչակէ հաւասարական ցնծութիւններ, կը բանայ ակը ուրախութեան՝ բոլոր շրթներուն...

Իր զբաղումներուն յանձնուելէ առաջ.

-Արփի՛կ, ըսաւ, երբ քիչ յետոյ Զարուհին գայ, ըսէ որ փոխադրուին մեր տունը։

Հրանտ՝ տժգոյն, թեթեւուն, առաւ գրիչը, կիսաւարտ իր մէկ գործը եւ անցաւ դաշնակի առջեւ։ Քիչ յետոյ, սակայն, դժգոհ, լքեց իր թերաւարտ քոնսերթօն։ Կ՚ուզէր պահել իր հոգիի ամբողջական թրթռացումը եւ հասցնել զենիթային ժամանումի։ Յանկարծական հասունութեան պայթումը՝ բերել արտայայտութեան։ Ու տարիներ, տարիներ առաջ իր նուագած Մոցարթի մէկ քոնսէրթօյէն անդիմադրելի մրմունջներ վերադարձան, պարտադրուեցան։ Յիշե՜ց, յիշե՜ց, ջութակի երրորդ քոնսերթօն էր, սօլ մաժէօռին վրայ։ Տենդագին անհամբերութեամբ, նօթաներու դարանը պեղեց։ Գտաւ։ Գնաց ննջասենեակը, գոցեց դուռը, եւ սկսաւ նուագել։ Ա՛, ի՜նչ տարբերութիւն իր նախկին վերարտադրութեան եւ այսօրուանին միջեւ։ Նախկինը՝ թոթովանք, անթերի նուագածութեամբ։ Այս՛օր, այսօրուա՜նը... Կարելի բան չէ, առանց մեծ զգայնութեան մը, մեծ երգահան ըլլալ։ Իսկ մեծ զգայնութիւնը, ինչ ալ ըլլայ, ուր ալ ըլլայ, կը ստեղծէ, գլխուն կը քաշէ մեծ դիպուածներ։ Ո եւ է դիպուած կը դարձնէ մեծ։ Կախարդանքը ունի պզտիկ դիպուածէն առնել այնքան սընունդ որքան մեծ մը պիտի տար։ Սիրել, տառապիլ, գալարուիլ, պայքարիլ, բացառիկ չափերով, հետեւաբար, իր անխուսափելի բաժինն է։ Հա՛, թերեւս, առանց մեծ փորձութիւններու՝ չգոյ մեծ գործ։ Jatuition, Հրանտին կը թուի, արուեստականն է՝ բաղդատմամբ հարուստ փորձութեանց կրակին։ Թերեւս ան տանի աւելի հեռուն, աւելի վեր, անգայտին  մէջ, բայց առաջինն է որ կը գտնէ խորութիւնը մարդկայնականին՝ միակ թանկագինը։

Այսօրուանը՝ հաղորդութիւն է, ոչ թէ ձայներուն հետ, այլ ձայներուն ետեեւ գտնուող արարողութեան հետ, ոչ թէ ճառագայթին, այլ ճառագայթին բխում տուող հունին հետ։ Հասա՛ւ, հասաւ այն շեշտին որ կը մրմնջէր քիչ առաջ, Ալէկրօի առաջի մասին վերջաւորութիւնը ։... Կեանքի պարտէզը իր գարունը անցուցեր է. ահա ամառնային առաջին օրերը։ Կը տիրէ լռութիւնն ու գիշերին տաք աւչազեղ մութը։ Կը սկսին լռել գործիքները։ Մանր, գողտր, մրմունջներ, խորհրդաւոր, կ՚աւետեն կենսավարդ լուսաբացը։ Կը սկսին լոյսի առաջին ցայտքերը՝ վարդագոյն կը քսեն պտղանոցին... Ու յանկարծ, մեներգող ջութակին կանչը, սրտակեղեք հրաւէրը կարեկցութեան, որպէս բիւեղացած իմաստութիւն, իբր կեանքի խաղողէն պատրաստուած վերին գինի, ինչպէս պատարագիչի ընծայաբերում, ինչպէս վերջին պատուէր, ինչպէս, աշխարհի վերջի օրուան շեփորում, եւ մարմիններէ դուրսը՝ հոգինիրու միանուագ ծածանում... Յաւերժութեանց փարումնե՜ր...

Երբ, պարտասած, ընկողմանեցաւ թիկնաթոռին մէջ՝ իր առաջին աշակերտը եկեր, սպասեր, գացեր էր։ Յաջորդ երկուքը կը սպասէին։ Հրանտ ելաւ եւ գնաց իր դասերը տալու։

Կէսօրին երբ ճաշասրահ մտաւ, հոն գտաւ երեք դէմք, երեք շողարձակ, ժպտաշուի դէմք։ Փոխադրութիւնը  կատարուած էր արդէն, կայծակի արագութեամբ, հարկ չէր եղած կրկնել։ Դասաւորած էին արդէն կահ կարասի, իր ննջասենեակին կից սենեակին մէջ, որ Հրանտ «կապոյտ սենեակ» կը կոչէր, այդ գոյնը կրող ծաղկաւոր պատերուն պատճառով։ Երջանիկ էին։ Կը խայտային։ Հրանտ ոչ միայն բոլորովին մոռցած էր այն կարգ մը պատճառները, լուրջ  պատճառները որոնց համար, անշուշտ, հազիւ, հազիւ ամուսնացած, պիտի փափաքէր, գոնէ ատեն մը, առանձին ըլլալ իր յարկին մէջ, հոգ չէ թէ ամէն օր միասին ճաշէին, միասին ըլլային քոյրերուն հետ, Հրանտ ոչ միայն մոռցած էր այդ պատճառները այլ, րոպէ մը, իսկական երկիւղ մը ունեցաւ։ Ինչ գէ՛շ, ինչ վա՛տ բան ըրած պիտի ըլլար՝ եթէ մերժած ըլլար զանոնք իր  տունը ընդունիլ, եթէ այս ծաղկահասակ, գրեթէ որբ երեք աղջիկները իրարմէ բաժնած  ըլլար...

Քանի մը րոպէ իրարու երես նայելէ յետոյ, ակնարկներու ամբողջ խօսակցութենէ  մը յետոյ, վերջապէս կոտրտուելով, քաշուելով ակնարկները, կըկոցի նման, Հրանտին եւ քոյրերուն միջեւ տանել բերելով, Ալիս խօսքը ուղղեց Հրանտին, որ թիկաթոռին մէջ ընկողմանած կը մնար։

-Քեռա՛յր, շատ շնորհակալ... երախտապարտ  որ... Բայց, կը խնդրեմ որ որոշէք  ի՛նչ պիտի վճարենք ամսական։

Հրանտ յանկարծ կարմրեցաւ։ Մօտը գտնուող  ռատիոյին պտուտակները սկսաւ դարձնել։ Զանազան ձայներ, երգեր, խօսուըռտուք։ Դժգոհ՝ գոցեց դարձեալ։ Երեքն ալ լուրջ դէմք առած էին։ Կը սպասէին։

-Ալիս, ըսաւ Հրանտ, մեղմ եւ գորովալիր, այստեղ pension de famille  չէ... Եթէ ես համաձայնեցայ, ամուսնութենէս օր մը վերջ, ձեզ ընդունիլ մեր յարկին մէջ, պարզապէս անոր համար է որ անգամ մը եւս ձեր օճախը ունենաք։ Դուք հիմա ձեր տանը մէջն էք։ Միեւնոյն ընտանիքին անդամներն ենք։ Մէկ եղանակ ունիք վճարելու, - արժանի դառնալ այս կացութեան։ Իսկ գալով ինծի՝ սարսափելիօրէն անօթի եմ, մանաւանդ  որ կերակուրին հոտը աշխարհ  է բռներ...

Թռչուններուն տարմի մը պէս, վերջի խօսքէն, յանկարծ ցրուեցան թռան... Իրաւ ալ, այն որ իրենց կերակուրը պիտի ըլլար՝ վերածուէր էր իր յետնագոյն արտայայտութեանը՝ այսինքն՝ ածուխի կտորի մը։ Արփիկ ներս մտաւ կարմրած, շուարուն, վերին աստիճանի ծիծաղաշարժ՝ իր դեռ առաւօտեայ քղամիտին մէջ, ծփծփուն լայն թեւերով, լայն քղանցքներով եւ... պիկուտիներով։ Հրանտ կատակեց։ Սկսան խնդալ։ Բարեբաղդաբար աղանդները չէին պակսեր ինչպէս եւ պտուղը։ Իսկ սպասել որ, մէկն ու մէկը, անմիջապէս պատրաստէր այն հազարումէկ արագօրէն ըլլլալիք սնունդներէն մին՝ շատ կարծր լաւատեսութեան մը փաստը  պիտի ըլլար...

Ա՜խ, պարոններ, մի նեղանաք,

Էլի եարիս եմ գովում...

Յաջորդող մէկ երկու ամիսը անցաւ հարուստ՝ ե՛ւ դէպքերով ե՛ւ ներքին յուզումներով։ Հրանտ կ՚ապրէր, արթուն, սպասուն՝ հրաշապատում դէպքերու  որոնց աւագագոյնը կը կազմէր իր հայրութեան յոյսը որ բացարձակ հաւաստիք մը դարձան էր իր մէջ։ Անոր եղելութիւնը այնքան թովի՜չ, խելահեղ  ժա՜յթք ուրախութեանց որ իրեն կը թուէր անիրականանալի։ Նոր ուժեր վերադարձեր էին իր մէջ։ Օրեր կար ուր ոչ միայն կրկնակ ժամերով կը նուագէր այլ նուագածին որակը կը բաւարարէր զինք, ինչ որ շատ հազուադէպ էր առաջ։ Ըսես հասարակութիւնն ալ զգացած էր այդ՝ եւ չկար գեղարուեստական ձեռնարկ մը ուր, Բարիզ թէ գաւառը, Հրանտ չհրաւիրուէր։ Լիոնի Հայրենակցականը կը կազմակերպէր մե գեղարուեստական ցերեկոյթ մը։ Ջերմ առաջարկութիւններով իր հայրենակիցները կը փափաքէին ապահովել իր աջակցութիւնը։ Հրանտ ի վերջոյ ընդունեց։ Ճամբորդութիւնը Արփիկին հետ կատարելու հեռանկարը՝ վճռական դեր կատարած էր։ Երփեք պիտի չմոռնայ այդ ճամբորդութիւնը։ Դեռ կէս ժամ կար կառաշարի մեկնումին։ Հրանտ եւ Արփիկ, քարափին վրայ թեւանցուկ, իրար սեղմըւած, վեր վար կ՚ընէին։ Ամէն մէկ բառ, ամէն մէկ ակնարկ՝ արտոյտի երջանի՛կ ճռուողիւն։ Յանկարծ միւս ծայրէն նշմարեցին Հայկին որ մեծ շարժումներ  կ՚ընէր՝ զիրենք տեսած ըլլալով։ Մօտեցաւ արագաքայլ, կատակախօս, եւ ճերմակ ու կարմիր վարդերու փունջ մը նուիրեց Արփիկին։ Արփիկ կարմրեցաւ։ Երկուքն ալ հազիւ յաջողեցան ծածկել իրենց զարմացումը։ Հրանտին ոչ մայրը, ոչ եղբայրը, ոչ Արփիկին քոյրերը  եկած էին կայարան, առտուայ այդ ժամուն։ Ուրկէ՛ ուր, տարօրինա՜կ...

-Ա՛յ, հեռուէն տեսայ մի ոսկեայ գլուխ։ Եւ չէի սխալուել՝ Արփիկինն էր։ Ոնց որ ասում են... Հրա՛նտ, Հրա՛նտ, մի տե՜ս է՛, մի՛ տե՛ս, սա ի՛նչ երանգ է։ Ոնց որ ասում են՝ իսկական ոսկի։ Ատելով ատում եմ ես օտարուհիների ներկուած մազերը։ Ոչինչ կը հաւասարի իսկականին։ Ապացո՞յց, ա՛յ, վզի վրայ էն մանր աղուամազերը, աւելի բաց գոյնով, ոնց որ աում են, որթատունկի ծլերի նման գալարուն...

-Ասես, ելեքտրականութիւն է անցնում միջից։ Ելեքտրականութիւն անցնում է անցընում...

Հրանտ, յամրաքայլ, զգուշութեամբ, հեռացաւ։ Գնաց զատեց պատկերազարդ զանազան պարբերականներ՝ Արփիկին համար։ Երբ մէկ քանի րոպէ մնացած էր մեկնումին՝ դանդաղաքայլ մօտեցաւ։ Բարձրախօս, մեծ շարժումներով, սրտազղ՝ Հայկ հոգածու պատուէրներ տուաւ, մաղթանքներ  ըրաւ, մեկնեցաւ։ Երբ նստեցան իրենց բաժնեկին անկիւնը, քով քովի, Արփիկ, անհամարձակ, ուզեց անոր ձեռքը բռնել։ Կը նայէր շեշտակի Հրանտի աչքերուն։ Անոր աչքերուն այդ արտայայտութիւնը՝ բիւրեղացում մանկականութեան, Հրանտին ամէնէն սիրածն էր։ Սրտակեղէք էր ան։ Այնպիսի սաստկութեամբ մը խռովալիր որ Հրանտ  կը ստանար իր մէջ՝ պաշտպանութեան  մեծ ուժեր... Ոչ մէկ բառ... Հրանտ թոյլ տուաւ եւ Արփիկ սեղմած անոր ձեռքը տարաւ սեղմեց իր գրքին... Խորունկ անդորրութիւն մը, կէսօրուայ միջոցին մէջ անշարժ թրթռացող մեղու, համակեց զայն։ Հրանտ փակեց աչքերը։

Երբ արթնցաւ, շոգեկառքը երկարօրէն օրօրեր էր մարմինը, իսկ սիրտը՝ օրօրուեր՝ մատղահասկ  կնոջմէն արտածորող ջերմութեամբ։ Գլուխը գտաւ անոր կուրծքին եւ մանր ձեռքը՝ իր ձեռքին մէջ։ Կ՚ուզէր երգել, կ՚ուզէր աղօթել։ Կ՚ուզէր, իր ճամբուն վրայ, պարկ պարկ ոսկի ջամբել ամէնուն։ Կ՚ուզէք դառնալ ոգի, սաւառնիլ տունէ տուն, ու իր նմանին, իր նմաններու սրտին, կախարդութեամբ տար զինք սաւառնեցնող, գերագրող կեանքի շունչը, փարատէր թունաւոր մառախուղները, դարձնէր զանօնք ազատ մարդիկ, վերադարձնէր անոնց ազատ մարդու երանութիւնը եւ ուղղէր անոնց թարթիչները՝ սիրոյ ճամբաներուն, ճանապարհներուն որ իր սրտի ո՛ր անկիւնէն ալ մեկնէին՝ կ՚ուղղուէին դէպի երկինք...

Առաջնորդէր զանոնք երկինքներու տակ։ Չքացնէր անոնց սանձակոտոր «ազատութիւնները»։ Այդ րոպէին անոնցմէ ո եւ է մէկուն համար՝ կրնար իր կեանքը տալ։ Որբե՜ր, որբացնողներ էին, աւելի անպաշտպան՝ քան լքուած նորածին մը՝ մատուռի մը շեմքին։ Ա՜, վերադարձնէր անոնց իրենց ծնողքը, «կապկապէր» զանոնք Հայրերու շղթաներովը...

Երկրորդ սպասարկութեան՝ գացին վակոն ճաշարանը։ Երկու կողմէն բնանկարներու ժապաւէնները մեծ արագութեամբ կը սահէին։ Ինչ որ բերին համով էր, ինչ որ խմեցին՝ անմահակա՛ն... Արփիկ, խայտատենդ, կը ժպտէր, կը պատրաստէր իր պատառները, կը շարունակէր «նշանածի դեր» կատարել... Երգել չէր կարելի, անշուշտ, բայց կուրծքին կծկուած՝ շրթները ականջին մրմնջեցին իր գոց սորված քերթուածը։

Երբ դեռ ան չէր վերջացուցած բոլորովին՝ Հրանտ սկսաւ խնդալ։ Պահելով հանդերձ անոր շրթները՝ իր դէմքին հպամերձ։

-Նորէն coup de volantներ կուտայիր, յայտնեց, կրկնելով իր բազմաթիւ անգամ ըրած դիտողութիւնը։ Այս անգամ՝ երկուքն ալ սկսան խնդալ։ Արփիկ իսկապէս մանուկի մը նման կը խնդար։ Եւ խնդուքը ճիշտ է որ շատ յատկանշական է՝ նկարագրին նկատմամբ Վատ մարդը չի խնդար։ Խնդալ յանձնուիլ է։ Չարը չի յանձնուիր երբեք, բոլոր Թարթիւֆները չեն խնդար։ Արարողական են անոնք միշտ։ Արփիկ կը խնդար անվերջօրէն, կուրծքով, արցունքով։ Երբ զուարթ կոչունքի մը արտասանած էր, իրենց մէկ բարեկամը եկած շնորհաւորած էր զայն։ Ճիշտ այդ պահուն Հրանտ աւելցուցած էր.

-Այո, բայց coup de volantները քիչ մը շատ էին... ակնարկելով Արփիկին անտեղի, ուժեղ շեշտերուն։

Եւ, յանկարծակի, երջանիկ, երկուքը մէկ, սկսած էին խնդալ։ Առանց ուզելու՝ անկրթութիւն մը եղած էր որմէ խեղճ շնորհաւորող բարեկամը պաղած՝ հեռացած էր առանց բան մը հասկնալու։

Հրանտին հայրենակիցները ընդունեցին զիրենք սրտաշարժ սիրալիրութեամբ։

Երբ ծանօթացան անոր մանկամարդ կնոջը որ ո՛չ միայն հայ էր այլ եւ Մալաթիացի, սիրալիրութիւնը վերածուեցաւ սրտագեղ բարեկամութեան։ Խանդավառութեան տարօրինակ խմորումներ։ Իբր թէ դէպքը հանրային նշանակութիւն ունենար։

Երբ յաջորդ օրը, շրջապատուած վարչութեան անդամներէն՝ ներս մտան, սրահը լեցուն էր արդէն։ Ուժեղ հետաքրքրութիւններ երկարեցին վիզեր, դէմքեր, խուզարկող ակնարկներ... Նախագահը իր բացման խօսքին մէջ, ջերմ անկեղծութեամբ, յայտնեց ոչ միայն Նազարեանին ներկայութիւնը իրենց մէջ, այլ եւ տուաւ անոր թարմ ամուսնութեան լուրը, օրիորդի մը հետ որ «ոչ միայն մեր մէջ է, ոչ միայն հայ է, այլ եւ Մալաթիացի... » Այդքանը  բաւական եղաւ որ որոտնդոստ եւ երկար ծափահարութիւն մը փրթի։ Այդ սրտագին ողջունումին մէջ, լուսապատկեր եօթ տարու աղջնեկ մը՝ կարմիր եւ ճերմակ վարդերու փունջ մը յառաջացուց։ Նախագահը Արփիկին թեւէն մտած՝ առաջնորդեց զայն բեմ ուր տրուեցաւ իրեն ծաղկեփունջը։ Ինչքա՜ն կուսական էր իր Արփիկին արտայայտութիւնը, ինչքա՜ն ամօթխած, ինչքա՜ն նազանքոտ։ Անվերջ ծափերուն տակ՝ կարելի չեղաւ որ նոյնիսկ առաջին շարքի հանդիսականները լսեն անոր շնորհակալութեան բառերը։ Շրթները մեղմօրէն կը շարժէին միայն, ժպիտը  կը շողարձակէր միայն հրդեհուած իր  դէմքէն։ Անսահման էր Հրանտին կրած յուզումները, եւ բարդ։ Երկար տարիներ, Հրանտ, խրտչուն, գրեթէ մենութեան մէջ ապրած, կլանուած էր անհատական զբաղումներովը։ Ժամանակը միշտ սակաւ եկած էր իր ծրագիրներու անյագ ախորժակին։ Երբ սկզբնական շրջանին, դեռ անկատար, գացած էր հաւագականութեանմը մէջ նուագելու, ատիկա, բաւարարութենէ  մը շատ աւելի, եղած էր ճնշում մը իր զգայնութեան վրայ, դժգոհութիւն մը՝ ինչ որ տարապարհակ պարտադրութիւն։ Եւ սակայն, որքան ալ երկար ատեն ճզմուած, ընկերային, հանրային գիծը իր մէջ շա՛տ ուժեղ էր։ Անոր յետ մղումն... ճնշումն իսկ վերջը յառաջբերած էին գրեթէ անձնուիրումի ժայթքեր դէպի հանրայինը։

Ու հիմա, պերճախօսօրէն, կը զգար թէ ի՜նչ աստիճանի մեղապարտ է՝ հանրայինին, հաւաքականութեանց հանդէպ։ Այդ բոլոր աչքերը, այդ բոլոր վիզերը այդ բոլոր գլուխները, չարչարակոծ այդ մարմինները դադրեցան մարդեր ըլլալէ։ Դարձան աւանդութիւններ, շնչող, հեւացող  աւանդութիւններ դարձան աններող քուրմեր՝ դարաւոր աստուածներու։

Եւ ի՞նչ աղքատացում, ի՜նչ նսեմացում, ի՜նչ այլասերում հեռանալ անոնցմէ, իբր թէ ձերբազատուիլ անոնցմէ։ Ազա՜տ ըլլալ...

Ահա՛, ահա՛, որո՛շ է, ինք, իբր թէ անգամ մը ընտրեալներու խումբին, իբր թէ արուեստագէտ, ինչպէս յամրաբար, անշշուկ, ինք ալ այլասերեր է, ինքնագոհ, դաւաճան հեշտութեան մը մէջ լողալով։ Ուժեղ վախ մը եկաւ վրան։ Օ՜, չգիտնան, ո՛չ ոք չգիտնայ որ այս կամ այն չափով եսասէրօրէն, թերեւս անգիտակցութեան հաստ բաժինով մը, անտեսեր է, լքեր է իր պապերուն աստուածները։ Այս րոպէիս, այդ հանդիսականները, առանց մարմինի, հիացող սէմպոլներ էին դարձեր եւ ինք՝ այլասերած քաղցքի մը միայն։ Անոնցմէ ամենայետինը՝ իրմէ բարձր էր, որովհետեւ՝ աւելի ճի՛շտ, աւելի իրակա՛ն՝ քան ինք։ Ան՝ խորհրդանի՛շ մըն է, ինք՝ ոչ՛։ Եւ, արտակարգ ուժգնութեամբ, Հրանտ զգաց որ մարդը ուրիշ բան չունի ընելիք երկրի վրայ եթէ ոչ վերածուելու խորհրդանիշի մը, դառնալու մարմինը՝ գաղափարին։ Ով որ չէ բռնած ճամբան խորհրդանիշ մը ըլլալու՝ վրիպած ճակատագիր մըն է։ Իսկ գաղափարը պատկերազարդելու մէկ միջոց կայ՝ պատկանի՛լ, պատկանի՛լ... Ծնրադրել իր ցեղի աստուածներուն։ Պատկանիլ իր Երկրին։

Որքան աւելի մեծ ուժգնութեամբ պատկանի անոնց, այնքան աւելի շքեղ կը դառնան ու շողշողուն՝ իր խորհրդանշական պատկերին գոյներն ու գծերը։ Ու այդ միաւոր սէմպոլներուն հաւաքածոն է որ կը կազմէ ազգութեան Սէմպոլը։ Վասնզի ազգութիւններն ալ ուրիշ գործ չունին ընելիք աշխարհի բեմին՝ եթէ ոչ գայ վկայելու ի խնդիր բարի Խորհուրդի մը։ Եւ ոչ մէկ ազգ այնքան մեծ թիւով խորհրդանշացող միաւորներ կը համրէ իր մէջ որքան մեր Երկիրը, որքան այսօր՝ Խորհրդային Հայաստանը։ Ահա քանի մը տասնեակ տարի է միայն, եւ այդ բուռ մը ժողովուրդը, մէկ հարուածով, նետեց իր ըմբռնողութեան մարմնին պարտադրուած, եաթաղանով թէ արեւմտեան սինիզմովը պատրաստուած ցնցոտիները, փարեցաւ մոլեռանդ կատաղութեամբ ու իր ամէնախորունկ բնազդին մեծ շարժումներովը ա՛յն աշխարհաըմբռնողութեանը ուր իր հոգիին դարաւոր երազները թուխս նստած էին։ Իր աստուածներուն հաւատարիմ ժողովուրդը միայն կրնար, բուռ մը ժողովուրդը, դարերով խոշտանգուած, արիւնաթաթախ ու արիւնաքամ ժողովուրդը՝ կրնար այդ զարմանալի ու զարմացող հոգեզեղումին՝ մշակութային հագուստ հագցնել, շնորհիւ այդ հաւատարմութեան իսկ։ Այն ժողովուրդը որ չունի, չէ ստեղծած, չի կրնար ստեղծել իր աստուածները՝ մեռեալ ծնած է արդէն։ Այն ժողովուրդը որ ունի՝ բայց կը դադրի անոնց հաւատարիմ ըլլալէ, կամ չի յաջողիր նորերուն ծնունդ տալ, հոգեւարքի ճամբան բռնած է։ Ոչ մէկ ժողովուրդ այնքան երկար ատեն, եւ այնքան սահմռկեցուցիչ զէնքերով ճակատագիրը ուզած է անջատել իր աստուածներէն, եւ ոչ մէկ ժողովուրդ, երիցս սահմռկեցուցիչ հաւատարմութեամբ անվկանդ պահած է ո՛չ միայն իր հաւատարմութիւնը, այլ եւ նորերուն ծնունդ տալու իր աներկրորդ զօրութիւնը։ Ատոր համար է, այդ զոհողութիւններու անհուն մեծութեանը համար է՝ իր ահաւոր ժխտումը հանդէպ այն շարժումները որ կը վնասեն իր աւագ առաքելութեան գործառնութեանը։ Իր փարումներուն մոլեռանդութիւնը, իր մեծ աւանդութիւններէն՝ եկեղեցիէն մինչեւ ամէնափոքր սովորութեանը մէջ, դարձեալ նոյն իտէալին համար։ Եւ ինք, արուեստագէտ մը, ի՛նչ բերած է, ի՛նչ տուած է հանրային հարստութեան։ Գոնէ կայծով մը արծարծա՞ծ է, մերթ պակուցիչ փոթորիկներու տակ, երէկուան առկայծ ճրագը, այսօր մեր Պետութեան իտէալին հրդեհը.... Ո՛չ... Ու սարսափելի հում, ճերմակ լոյսի մը տակ տեսաւ ճշմարտութիւնը՝ եղկելի պատկերը գաղութի արուեստագէտներուն, «ազատ արուեստագէտներուն», «հանճարեղ մտաւորականներուն», շղթայակապ մանրավաճառներուն...

Եւ սակայն, կը տեսնէ՜, կը տեսնէ՜ սա Խարբերդէն, Վանէն, Տարօնէն, Ղարապաղէն եկած ինկած  այս հաւաքականութեան  խանդավառութիւնը, որ ե՛ւ գգուանք է, ե՛ւ ազդանշան, ե՛ւ ապտակ... Կը հասկնա՛յ նախապէս զինք զարմացուցա՛ծ այդ խանդավառութիւնը՝ իր ամուսնութեան առթիւ, այժմ կը հասկնա՛լ... Կը հասկնա՛յ այն ամբողջ պղծութիւնը, կայծակնային լուսաւորութեամբ, կը հասկընայ այն աւերիչ պղծութիւնը որ կը կայանայ իր ցեղակիցներու տարրալուծման մէջ, արեւմտեան բարքերու ծոցը։ Այո՛, հապա ի՞նչ, նօրածինը միւռո՛ն պիտի ունենայ, հարս ու փեսայ՝ օրհնուած պէտք է ըլլան...

Ա՜, ինչպէ՛ս, ինչպէ՛ս, պիտի ուզէր փոխանցել բոլորին այն որ կը զգայ հիմա, այն մեծ վտանգը՝ մամնացեալ որ աւանդավէպին  նողկալի վիշապը, այս րոպէիս կը հեւար իր մօտ, իր թունաւոր, մահահոտ հեւքովը... Եւ հռչակել մեծաշռինդ որ ո՛չ  ոք չի կրնար կատաղօրէն ծնրադրելէ վերջ, չափէն աւելի  ծնրադրած ըլլալ իր պապերու կուռքերուն առջեւ...

Եւ այդ եւ նաեւ, այդ եղանակը, մի՛ակ հնարաւորը՝ թոյլատուն որ բոլոր աստուածները, բոլոր ժողովուրդներուն, հաշտ ապրին միասին եւ դիմեն Աստուածութեան...

Արփիկ թեւը կը ցնցէր մեղմութեամբ։ Հրանտ սթափեցաւ։ Նախագահը բեմ կը հրաւիրէր զինք, արդէն փրթած ծափահարութեան տեղատարափի մը մէջ։ Հրանտ թէեւ կարի յուզուած, բայց ձերբազատուած էր որոշ շփոթութենէ մը։ Ան գիտէր, հիմայ որ այդ ծափահարութիւնները, որքան ալ իր առթիւ, իր համար չէին։ Անոնք կուգային ողջունել ինչ որ խորհրդաւոր վերադարձ, մէկ զաւկին հոգեկան վերադարձը՝ դէպի ցեղը, կը տրուէին որպէս մեծարանք՝ իրե՛նց աստուածներուն։ Յուզումը կաշկանդած էր զինք, դարձուցած թոթովախօս։

-Սիրելի հայրենակիցնե՛ր, սիրելի բարեկամներ, սիրելի բախտակիցներ, սիրելի եղբայրներ ի ազգ հայկազնեան...

Լռութեան արոյրէ կափարիչը նստաւ սրահի կաթսային Նստարանին մը ճռինչը դարձաւ անամօթ միջադէպ։ Զանգուածային լռութեան ամբարտակներէն՝ լոյսերու ակնարկներու անհամար խուրձեր սեւեռուն։

-Կանչած էք զիս որպէսզի  նուագեմ ձեզի  համար։ Ձեր յորդազեղ բարեկամութիւնը յուզած է զիս եւ անկարող դարձուցած նուագելու։ Բարեկամ Կ... եան յայտնեց ինձ որ վաղը, սեղանի մը շուրջ, դարձեալ միասին պիտի ըլլանք։ Այնժամանակ՝ պիտի նուագեմ ինչքա՜ն որ ուզէք։ Իսկ այժմ ա՛ այժմ ես շնորհակալիքի երախտագիտութեան մրմունջ ունիմ միայն... Ես չեմ եկած հոս՝ կիրքեր արծարծելու։  Ա՜, ինչպէս պիտի ուզէի փոխանձել ձեզ այն երանութիւնը որ կը սեղմէ կոկորդս, այս րոպէիս։ Եւ տալ ձեզի աւետիսը որ պատճառն է այդ բերկրանքին։ Անկարելի է որ ո եւ է Հայ չունենայ այդ բերկրանքը։ Այն ժամանակ, անիկա թոյլ կուտայ հասկնալ որ մեր կիրքերը, մեր թշնամութիւնները ուրիշ բան չեն եթէ ոչ մեր հոգիին վրայ, մռայլ դիտաւորութիւններով արձակուած ոջիլներ։ Կը բաւէ մէկ շփումով, արարատեան բիւրեղ հովին մէկ թափովը մաքրել զանոնք, որպէսզի այդ բերկրանքին թագաւորութիւնը նստի հոն։ Հա՛, ի՜նչ է պատահեր, ի՛նչ աւետիս... Պատահած են հիմնակա՛ն, մե՜ծ բաներ, մարդերու աշխարհին մէջ։ Եւ այդ թագաւորութիւնը հաստատուած է, իր աւազանիին, զինուորներուն, իշխաններուն մէջ, նաեւ մեր եղբայրներուն, Արարատի մե՛ր եղբայրներուն քրտինքովը, արիւնովը, ուղեղովը, հոգիովը։ Ինչպէ՞ս չտեսնել որ Մարդուն տարեգրութեանց մէջ բացուած է նոր, ադամանդեայ գլուխ մը։ Մարդը ալ չի՛ դադրիր շահագրգռելէ, երբ դադրած է անօթի ըլլալէ, երբ դադրած է տառապելէ, երբ դադրած է հալածուելէ։ Ան որ ոճրագործն էր երէկ, հիւանդ մըն է միայն այսօր։ Ու այն բոլոր գործերուն գումարը որ կը դառնար մեծարանքի գերագոյն տիտղոսը ընչաւորին, հո՛ն է փոխադրուած հիմա ոճիրին բոյնը։ Ոճի՞րը... Ալ մարդ զմարդ պիտի չշահագործէ։ Եւ իրա՛ւ, իրա՛ւ մանր ու մեծղի շահագործումներու անծայրածիր ծովերը որ կը կազմեն ամբողջ կեանքը, որ կը պայմանաւորեն կեանքին արժէքները, որ կը դարձնեն բոլոր մարդիկը գերիներ, գերիի հազարումէկ երանգներովը, ահա թէ ուր է ոճիրը, ճերմա՛կ՝ վասնզի ընդունուած, սե՛ւ վասնզի գերեվարող...

Հրանտ ուժգին յոգնութիւն մը զգաց, խմեց քանի մը ումպ ջուր։ Յստակօրէն կը զգար որ հասարակ տեղեքներ կը յայտնէ անոնց, բայց ուրախութիւնը ունեցաւ հաստատելու որ իր կրակէն մաս մը ջերմացուցած էր իր ունկնդիրները, վասնզի այլ է  բոլորովին բան մը գիտնալ, եւ այլ զայն զգալ։ Հրանտ զգացնել տուած էր... Ժողուեց ուժերը եւ շատ աւելի հակիրճ կերպով, իր առաջի պարզաբանումին հետեւութիւնը հանեց։

-Եթէ կը կազմուին ընկերութիւններ ուր վեր վար չկայ, ուրկէ Շահագործումը՝ մարդուն վատթարագոյն հակումը, որպէս ոճիր հալածուած է, ի՛նչ տարակոյս, այդպիսի ընկերութիւններէ կազմուած ազգերէն, նմանապէս ազգ ազգի շահագործումը բնականօրէն կը չքանայ, չքացած է։ Ա՛, կա՞յ, գոյութիւն ունի՞ երկրագունտին վրայ ցեղ մը, ազգ մը որ անհուն երախտիքով հասկնայ, կրէ այդ բարիքը բարիքին անհունը, կա՞յ ուրիշ ազգ մը եթէ ոչ հայ ազգը...

Մէկ խօսքով, շղթաները որով կապկապուած էր մարդը, որոնց մէջ իր գերագոյն տիտղոսը՝ մարդկային արժանավայելչութիւնը մնացած էր խեղդամահ ու դարձած գարշաբոյր, այդ շղթաները, շռնդալից կ՚իյնան, ինկած են։ Կը բաւէր մէկը, միայն անոնցմէ մէկուն վրայ, ինչպէս օրինակի համար Դրամին վրայ կեդրոնացնել պահ մը մեր մտքին ակնարկները, դարձեալ, անգամ մը ես, ըմբռնելու համար թէ ինչ ամբողջական չափով մեր ամէն մէկ շարժումը, ուղեղին շարժումը, սրտին շարժումը, մարմնին շարժումը միայն եւ միայն լաքէն է մամոնային որուն սեւ տիրապետութեան մէջ, անծայրածիր սահմաններէն ներս, Տիոժէն մը պիտի գտնէր ամէն ինչ բացի այն բանէն որուն անունն է՝ հոգի... Ահա աւետիսը, ահա բերկրանքի անսպառ աղբիւրը՝ երկրագունտը հանդիսատես է ծնունդին՝ Նոր Մարդուն։ Ու շատերուն հաւասար, ու անոնցմէ աւելի իրաւունքը այդ աւետիսը տալուն՝ ինկած է Հայուն...

Եւ մինչ իր սիրտը երախտիք ունէր, կը զարմանար ան երբ իրեն շնորհակալութեան զեղումներ կը մատուցանէին։

-Արփի՛կ, յանկարծ հարցուց Հրանտ, վերադարձի կառաշարին մէջ, եթէ չեմ սխալիր՝ հօրդ գերեզմանը Վիէնի մօտն է, ինչպէ՞ս է որ չյիշեցիր, չփափաքեցար ծաղիկ մը տանիլ անոր շիրիմին։

Հրանտ խորապէս զարմացած էր, չէր հասկնար... Արփիկ բաներ մը կմկմաց իբր պատասխան։ Փեթակ մըն էր ուր յուզումներու, տպաւորութիւններու անհամար մեղուները, քմալքոտ խաղերով, կը մտնէին, ուրկէ կ՚ելլէին, լամրաբար պատրաստելով հոգեկանին մեղրերը։

Յանկարծական որոշումով.

-Արփի՜կ, թուղթ չունի՞ս, հարցուց, եւ նոյն հետայն հասկցաւ հարցումին անհեթեթութիւնը։

Փնտռեց՝ գրպանը։ Գտաւ թերթ մը թուղթ եւ անհամբեր փութկոտութեամբ, ձգեց թուղթին՝ նօթայի գծերուն խումբը։ Տարօրինակ սրտավախութեամբ կ՚ուզէր չփախցնել մեղեդիի նախադասութիւնները որ շրթունքին էին եւ, կատարեալ գանձ, ատակ՝ տուն տալու ձայնական բազմապիսի եւ ինքնայատուկ բխումով տարբերակներու։ Կարեւորը հանքին տեղը որոշելն էր։ Հա՛, հիմա հանգիստ է։ Այս անգամ բռնուեցաւ զանոնք վերլուծելու, յատկանշելու անտեղիտալի պահանջէն։ Աչքին առջեւ բռնած էր մրմնջէր եւ կը մնար զարմացած այն հարստութենէն որ պիտի դիւրութեամբ ձեռք ձգէր։ Ատկէ զատ նոր բան մը կար, բոլորովին նոր յատկանիշ մը որ, բռնադատօրէն կ՚ուզէր տարազի բերուիլ։ Ինչպէս է որ այդ նոր բանը քոնսէրթոյի մինչ այդ գրի առած մասին մէջ չկար։ Որոշ էր, մինչ այդ, իր արուեստը կը ծորէր հակադրութեան բախումներէն։ Ինք կը հակադրուէր իր միջավայրին ընկերութեանը ուր կ՚ապրէր։ Այդ հակադրութիւնը, տեւականապէս, կը տառապեցնէր, կը չարչարէր, կ՚արիւնոտէր զինք։ Իր արուեստը այդ հակադրութեան արդիւնքն էր նոյնիսկ եզրակացուող յետնամասերու իր առաջարկնե՛րը, իր իտէա՛լը։ Այժմ նոր բան մը կատարուեր էր։ Վերադարձ մը։ Դէպի ժողովուրդը, դէպի իրենց աւանդութիւնները։ Դէպի անոնց գիտակցական, գերգիտակից տիրացումը։ Եւ այդ միջավայրը, այդ ժողովուրդը, իր ժողովուրդը, այս անգամ, ոչ թէ կը հակադրուէր իրեն, այլ կը համադրուէր։ Կը կատարուէր հաղորդութեան գերագոյն երեւոյթը... Այս անգամ, ընկերութիւնը որուն վիճակուած էր իր գործը, կ՚առնէր զայն իր ալիքներուն, կուտար անոր ի՛ր կշռոյթը ուր կը թրթռար դարերու խորութեան մէջ օրօրուած, խմորուած ադամանդացած հոգին հաւաքական։ Ահա՛ նաեւ հաւանաբար, աւագ բացատրութիւններէն մին Արամ Խաչատրեանի գործին, անոր անդիմադրելի հրապոյրին։ Նոյնը նաեւ Խորհրդային Հայաստանի, խորհրդային բոլոր երկիրներու նկատմամբ։ Հոն արուեստագէտը չի հակադրուիր իր միջավայրին, իր հասարակութեան Տեւականապէս, հոն տեղի կ՚ունենայ, արթիսթէն հասարակութիւնը հասարակութենէն արթիսթը, օզմոզի օրէնքով հաղորդութիւն։ Եւ այդ զիրար պայմանաւորող համադրութիւնն է. համադրութեան այդ մեծ օրէնքը որուն շնորհիւ կը պատրաստուին, պատրաստուած են՝ նոր արուեստի, Արուեստի գործերը...

Արփիկ երբեմն հարցումներ կուտար։ Հրանտ յաճախ չափազանցուած տարազներով կ՚արտայայտէր միտքը, մերթ նոյն իսկ հում բառով մըն ալ որ իր ճաշակին չէր համապատասխաներ, անոր ներքին աշխարհին մէջ անբռնաբարելի ամբարտակներ ձգելու, «շղթաներ» նետելու իր կատաղի փափաքէն։

-Մարմինէն շատ աւելի՝ հոգեկան բոզութիւնն է չափը անյատակ անկումին։

Արփիկ կարմրեցաւ։

-Ո՞րն է ատիկա, օրինակ, հարցուց մեղմութեամբ, բառերը քաշելով։

-Օրինակ, յարեց Հրանտ, Հայկին բերած ծաղկեփունջը... Ընկեր մը որ տունդ կը մտնէ, ու կնոջդ կամ քրոջդ, կամ մօրդ... Չէ՛, չէ՛.... անյատա՜կ, աւելցուց՝ տառապելով տժգոյն։

Արփիկ աւելի կարմրեցաւ։ Պահ մը վերջ.

-Բայց... մօտիկ ընկերդ է...

-Պիտի գայ օր մը ուր դուն ալ պիտի հասկնաս որ կեանքի մէջ մեծագոյն եղերերգութիւնը բացարձակէն հրաժարիլն է, սորվիլն է քալել յարաբերականին մէջ եւ ուղղել զայն դէպի բացարձակը, դնել հոն անոր կարօտը, հոգ չէ թէ միայն՝ կարօտ...

Երկու թաթիկներուն մէջ ուժգնօրէն կը սեղմէր անոր ձեռքը։

-Ես ալ զարմացայ որ, այդպէս, անխռով...

-Հարկա՛ւ, ըսաւ Հրանտ, ինծի ուրիշին ըրածն ու ըսելիքը չէ որ կը հետաքրքրէ, այլ քու հակազդեցութիւնդ։ Ուրիշը՝ ուրիշն է։ Անոնց հանդէպ մէկ կեցուածք կայ, - Անշեղօրէն loyal։ Ձեռք ձգել արուեստը անոր լաւ կողմին հետ շփուելու, եւ արուեստը՝ միշտ մութին մէջ, մութին տակ քշելու յոռի կողմը Եւ՝ կարելի՜ է։ Եւ մեծ է հաճոյքը, որ մարդ կը ստանայ ատով։ Աղօթքը՝ բառն է, այդպէս վարուիլը՝ անոր հոգին։ Առանց ասոր, միւսը խաբէութիւն է, եթէ խաբեբայութիւն չէ։ Այդպէսով է որ վէմը, գիտե՞ս, վէմը կը հաստատուի, «վէմի վրայ»...

Սկսան խնդալ։ Արփիկ բաւականին չափազանցուած ինքնասիրութիւն մը ունէր որ կ՚արգիլէր յաճախ՝ խոնարհ կեցուածքը, միակը՝ աճելու համար, լայննալու, խորանալու... Սկսած էր սակայն, ուժգնութեամբ, Հրանտին ազդեցութեան խմորումին ենթարկուիլ։ Ազդեցութիւն որ տակաւ կը վանէր անոր միտքը խճողող կրօնական անկենդան, թարշամաց ծաղիկներ։ Մէկէ աւելի անդամներ, սակայն, Հրանտ, քիչ մը տրտմութեամբ, հաստատեց որ շա՛տ բան կար ընելիք, շա՛տ աւելի քան ենթադրած էր, եւ բո՛ւն իսկ այն կալուածին մէջ՝ նկարագիր ուր ան խորհած էր էականը հաստատուած...

Շաբաթները կ՚անցնէին խճողուած, լի՝ բերնէ բերան, պարտադրելով օրեր ուր Հրանտ չափէն աւելի «ինքզինքը կը ծախսէր», առանց որ կանոնաւորուած առօրեայի մը հատուցումները գային նորոգել  մսխուող ուժերը։ Ան, տասնեակ տարիներէ ի վեր՝ հասցուցած էր ժամանակի խնայողութիւնը իր վերջին սահմաններուն։ Առանց այդ խիստ խնայողութեան իր կեանքը կը կլանուէր միայն գործնականին անխուսափելի պահանջներովը եւ կեանքը կը դառնար դանդաղ ինքնասպանութիւն մը։

Յուսացած էր որ տան մէջ կնոջ մը գոյութիւնը, չըսելու համար երեք աղջկայ, պիտի հարստացնէր իր կեանքին լաւագոյն մասը։ Ափսո՜ս... Առաւօտուայ յառաջացած ժամերուն ան չէր կրնար գաւաթ մը սուրճ ունենալ այդ անպիտան սուրճը առանց որուն իր կազմաբանական մեքենան կը մերժէր շարժման մէջ մտնել։

-Արփի՛կ, ըսաւ Հրանտ մեղմութեամբ, ի՜նչ կ՚ըլլայ որ մէկն ու մէկը, Զարուհին կամ Ալիսը, ջուրը դնեն կրակին վրայ որ եփի։ Դուն նոր ոտքի  ելար։ Տե՛ս ու ինչքան պիտի սպասեմ հիմա մինչեւ որ եփ գայ։

Արփիկ այլայլեցաւ.

-Քոյրերս քու սպասուհիներդ չե՜ն, հասկցա՞ր։ Հրանտ մնաց քարացած։ Ըսել է՝ այդպէ՛ս... ինք որ իբրեւ քոյրեր... որ կ՚ուտէին, կ՚ապրէին ինչպէս իրենց տունին մէջ... իրեն համար, եւ իրենց քրոջը համար, հազիւ տասը երկվայրկեան տեւող շարժում մը կը զլացուէր... Եւ կը զլացուէր ինչպիսի՛ անակնկալ ձեւով...

Ցարդ գաղտնի պահուած վէրք մը՝ հոգիին մէջ որ եկեր իր նեխութեանը ենթարկուեր էր նկարագրի կարեւոր մէկ մաս մը։ Այդ քանի մը բառէն ընտանիքի, կեանքի ըմբռնողութեան փտութիւնը յայտ կուգար... կանխամտածուած որոշման մը արդիւնքը, - առաջին րոպէէն ճզմել...

Ասոնք այն աղջիկնե՞րն էին որ, նշանուած շրջանին, ի՛նչ հոգատարութիւններ... Եւ ասիկա՝ իր կի՞նը, այդ աղջի՞կն էր, քաղցր, հեզ աչքերով աղջիկը, որ նշանուած, իր բաճկոնակին թուլցած կոճակը կը կարէր... Վարագո՜յրը, վարագո՜յրը, երկրորդ վարագոյրը կը բացուէր...

Երկար ատեն, առանց ընտրութեան, քալեց փողոցը։ Շատո՜նց մարդիկ իրենց գործին էին։ Ի՞նք, ինք ամուսնացաւ... ոչ միայն գաւաթ մը սուրճ չտրուի իրեն, այլ, անոր տեղը՝... Մոնմարթրի փողոցները թափառելէ վերջ՝ երբ զգաց որ իր վրդովումը մեղմացած է՝ վերադարձաւ։ Արփիկ զղջացած է... թողութիւն խնդրող մանուկի իր արտայայտութեամբը որ աւելի կ՚երկարէր իր դէմքը։ Մօտեցաւ, բռնեց անոր ձեռքը, ձգեց պաղատագին ակնարկներ.

-Հրա՜նտ...

Հրանտ սեղմեց զայն իրեն։

-... Սուրճդ պատրաստեր եմ։

Գրկած մէջքէն, տարաւ նստեցուց զայն այն թիկնաթոռին մէջ ուր սովոր էր Հրանտ նստիլ։ Սեղանը շտկած էր եւ զետեղած կանաչ tete a teteը։ Արփիկ, յուզիչ ու ծիծաղաշարժ միանգամայն, եկաւ եւ դէմքը իր դէմքին, լեցուց սուրճը։ Չխմուելիք... հաւանաբար գաղջ ջուրով պատրաստուած եւ չպարպուած՝ նախորդ օրուան գործածուած սուրճը։

-Վաղը ե՛ս պիտի պատրաստեմ որ տեսնես եւ ասկէ յետոյ դուն ալ այնպէս ընես, ի՛մ Արփիկ...

Արփիկ կռահած էր ամէն ինչ։ Լուռ, հապշտապ՝ թարթին մը, եւ, գրկած, ձեռքովը զայն կեցուց անոր։ Իր խմելն ու ուտելը մոռցած էր։ Հրանտ խորապէս յուզուեցաւ։ Որբ, սրտակեղեք բան մը ունէր այս աղջիկը։ Իր սրտի հատորն էր՝ թաւշեայ, պոռտօ քղամիտին մէջ ծփծփուն, խրտչուն, շուարած այս մատղահասակ կինը որ «իր զաւկին» մայրը պիտի ըլլար...

-Արփի՛կ, եկո՛ւր, ռոմանսը... կանչեց Հրանտ, գուշակելով որ, արագ մը, ինչ որ պչրական աշխատանքի նուիրուած է։ Եկաւ։

-Քսուե՛ր ես, յայտարարեց, սուտ խստութեամբ։ Կը հրճուէր ներքնապէս անոր չքմեղացման թրպրտումներէն եւ մեծ ճիգ կը թափէր պահելու իր սրտմտած դէմքը։

-Չէ՛, չե՛մ քսուած։ Ո՞ւր, ո՞ւր կը տեսնես... Ասիկա՞, ասիկա ակռայի փաթիս կարմիրն է։ Ասիկա՞, ասիկա ոչինչ, բան մըն ալ չէ...

Միեւնոյն ժամանակ, ձեռքով, աջով ձախով կը սրբէր կը հանէր հազիւ նշմարելի բրնձափոշի մը եւ շրթներու կարմիր մը...

-Խե՛նթ, խե՛նթ, աղջիկ, չե՞ս զգար որ կը սիրեմ ինչպէ՜ս որ ալ ըլլաս... Բոլոր աղջիկները միասին քու մէ՛կ մազիդ հետ չեմ փոխեր։ Դո՜ւն ես իմս...

Երբ մանուկի բիւրեղ հրճուանքով, Արփիկ կ՚երգէր, Հրանտ, կը զգար որ իր յուզումը եղերերգական երանգներ կը ստանայ։ Մատովը կը դպնար ջութակի թելերուն՝ ընկերանալու համար անոր... Խոնաւ սրտէն, սիրոյ ուժեղ արեւին տակ, երախտագիտութեան կարեկցութեան, օրհնէնքի խունկեր կը բարձրանային... Հրանտ, այնքան անգամէ վերջ, անգամ մը եւս, կը հայցէր որ միշտ անպակաս ըլլայ իր ուժը համբերելու, հասկնալու, թողութեան ուժը, առանց որուն սիրտը կը մնայ ժանգոտած։ Քանի որ ճակատագրին ձեռքը իրե՛ն էր յանձներ այս աղջիկը, իր ումետին էր ձգեր այս դիւրաբեկ բազուկները, այս կլորցած սեղմ շրթները։ Նետուած քիչ մը իր ուժերէն վեր կեանքի մը մէջ, մնացած է շուարուն՝ պարտականութեանց ու կանխապէս կատարուած հաշիւներու թնճուկին մէջ...

Օրերը կ՚անցնէին՝ մի՛շտ խճողուած։ Չկար շաբաթ մը ուր երկու երեք անգամ հրաւէր չունենային։ Հրանտ կը ճգնէր վերահաստատել ինքնամփոփ կեանքի գոնէ մա՛ս մը։ Այն իրիկունները որ ազատ էին, շատ յաճախ, ընթրիքէն վերջ, կ՚երթային պտոյտ մը կատարլ՝ կա՛մ Մօոնոյի փարքը, կա՛մ Սաքրէ Քէօրի բարձունքները։ Հրանտ գրեթէ ամբողջ օրը, իր աշխատանքին բերմամբ, փակուած կը մնար։ Ամէն անգամին կ՚ըսէր Արփիկին որ քոյրերուն յայտնէ թէ պտոյտի պիտի երթան։ Արփիկին դէմքը յանկարծ կը լուսաւորուէր։ Պտոյտի հաճոյքէն շատ աւելի մեծ էր քոյրերն ալ իրենց շրջագայութեան մասնակից ընելու ուրախութիւնը։ Րոպէապէս աւելի սիրազեղ կը դառնար։ Երբ Զարուհին եւ Ալիս, հապշտապ պատրաստուած, կը յայտնուէին, Հրանտ, տեսնելով անոնց մանկական ուրախութիւնը, - կարծես հարսնիք կ՚երթային - չէր ափսոսար որ իրենց երկուստեք մտերմութիւնը զոհած էր։ Արփիկ սովորութիւն ունէր թեւը տալով հանդերձ՝ ձեռքը պահել անոր գրպանը։ Զարուհի կամ Ալիս, փոխն ի փոխ, կը մտնային իր միւս թեւը։

Հրանտ մեծապէս կը գնահատէր անոնց երկուքին ալ կանոնաւոր կեանքը։ Լուր օր թէ կիրակի, չկար րոպէ մը, թէ մէկուն թէ միւսին կեանքին մէջ, որ անծանօթ մնար։ Եւ եթէ իրենց քեռայրին հետ դուրս չելլային, զանոնք կարելի էր հաստատապէս գտնել իրենց սենեակը։ Իրենց կամքը կը մերժէր յանձնուիլ այն աժան հաճոյքներու հոսանքին ուր իրենց տարեկից աղջիկները կը թաւալէին, ձգելով հոն, վերջին թաւիշը իրենց կուսականութեան։ Սրճարան, շարժանկար, պարասրահ՝ միայն հանդարտ հեգնութեան ժպիտով մը կը դիմագրաւուէին։ Պտոյտ, երգահանդէս, գրական հաւաքոյթ իրենց մատղաշ սիրտը խայտանքի մատնող երեւոյթներն էին։ Եթէ դեռ չէր խորացած եւ դարձած գործօն, կրօնական զգացումը նոյնպէս, անտարակոյս, կը մնար տիրապետող։

Եւ Հրանտ, ամէն կիրակի, կ՚ընկերանար անոնց, դէպի աղօթատեղի։ Արփիկ, հիմա ամուսնացած, արդար կը նկատէր քիչ մը բանալ այդ խստութեանց ագցանը։ Չէր պահեր, օրինակ, որ շարժանկարի իրիկուն մը մեծ հրապոյր ունի իր համար։ Հրանտ գաղտնի խնդուքով մը կը հաստատէր սակայն որ Արփիկ զայն կը վայելէր ինչպէս, քիչ մը, արգիլուած պտուղ մը։ Ալիս միանգամ ընդ միշտ մերժած էր ըենկերանալ իրենց՝ սինեմա։ Եթէ օր մը պիտի երթար՝ կը նախատէր որ նախախայրիքը կատարէ այն դեռ անծանօթ տղուն հետ որուն պիտի պատկանի ընդ միշտ։ Ոչի՛նչ աւելի կը սիրցնէր զանոնք Հրանտին քան անոնց այս սոլվէկեան հակումները։

Զարուհի հրճուանքով կ՚ընկերանար իրենց։ Որոշ էր՝ առաջին անգամ իր քեռայրին ընկերակցութեամբը միայն ոտք կը դնէր շարժանկարի սրահէ մը ներս։ Ամերիկեան ժապաւէն մը։ Հրանտ յուսացած էր գաղափար մը կազմել արդիական պատերազմի այդ ահարկու, գերբարբարոս եղանակներուն վրայ։ Ամէն մէկ պայթումի երբ մարդիկ արիւնաթաթախ կ՚իյնային, կամ, կռփամարտիկի հարուած մը իր հակառակորդը գետին կը ձգէր, Զարուհի կը դեղնէր, տեղէն կը ցատքէր, ձեռքը աչքերուն կը տանէր, խորունկ չարչարանքներու մէջ... Հրանտ մոռցած ժապաւէնը, կը զուարճանար կեանքի իրական այս ժապաւէնեո՛վը։ Եւ երբ ուզեց այդ զուարճութեան մասնակից ընել Արփիկն ալ, տեսաւ որ, առաւել նուազ, ա՛ն ալ նաւաբեկութեան նոյն ջուրերուն վրայ է... Չկրցաւ բարձրաձայն չխնդալ։ Երկուքն ալ սթափեցան, ծիծաղաշարժ, անդիմադրելի արտայայտութիւններով...

Պտոյտներու ընթացքին զանազան հարցումներ կուտային, երբ պահ մը կը դադրէին հիանալ բնանկարներուն, վերջալոյսին վրայ որոնք գորովանքով կը լեցնէին իրենց սիրտը։

-Ի՛նչ տէֆօ կը գտնաք մեր վրայ, քեռա՛յր, անսպասելիօրէն հարցուց Ալիս, քիչ մը կարմրած, ժպտուն եւ փայլուն աչքերով։

Հրանտ յանկարծակիի եկաւ։

-Ո՛չ մէկ, վրայ բերաւ, իբրեւ առաջին հակազդեցութիւն։ Բայց պահ մը վերջ.

-Թերեւս՝ խորամանկութիւնը՛, Ալի՛ս, յայտնեց։ Այն որ նշանակալից է, սակայն, այն ալ թերութեան ձրի՛, առա՛նց պատճառի տեղի ունենալն է։ Ո եւ է թերի երբ այդ աստիճանին կը հասնի՝ կ՚աղարտէ կեանքը, արդէն կրնայ աւերներ գործել։ Անկարներուն զէնքն է այդ, կ՚ըսեն։ Նաեւ պզտիկ նկարագրի ապացոյց։ Բայց, դո՛ւք, օրինակ, որ բիւրեղ կեանք մը ունիք, ինչո՞ւ, աւելորդ տեղը, խորամանկութիւններու թնճուկի մը մէջ պիտի մնաք... Խօսքս այն մանր, չարաճճի գաղտնամոլութեան մասին չէ որ մասնաւորապէս կնոջական է, նոյնիսկ, մերթ, իր ձախ արտայայտութեամբը՝ անմեղութեա՛ն մը մատնութիւնը... Տեսէք, մեր հանրային կեանքին մէջ ալ, ամէնէն պժգալի թիփերը, խորամանկութեան ասպետներն են որ իրենք զիրենք կաի դիւանագէտ կը կարծեն։ Ի՜նչ լաւ է ըլլալ պա՛րզ, ինքնաբո՛ւխ... Ինչքա՜ն կեանքը աւելի հաճելի կը դառնայ կը կորսնցնէ իր մգլոտած խոնաւութիւնը, կը ողողուի արեւով...

Շատ յաճախ նաեւ Հրանտ կուտար անոնց տարրական ծանօթութիւններ հայ թէ օտար հեղինակի մը մասին, վասնզի անծայրածիր էր իրենց տգիտութիւնը։

Իսկ այն իրիկունները որ դուրս չէին ելլեր, Հրանտ կը յատկացնէր կամ ընթերցման, կամ դասաւանդութեան որ ե՛ւ քերականութեան, ե՛ւ շարադրութեան, ե՛ւ գրագիտութեան, ե՛ւ գրականութեան կը դպնար։ Ամէնէն տկարը՝ Արփիկն էր։ Ան, արդէն ամուսնացած, նոյնքան անհրաժեշտ չէր նկատեր քիչ մը զարգանալ եւ յաճախ, վերջի րոպէին էր միայն որ, ծիծաղաշարժ եռանդով, բաներ մը կը պատրաստէր։ Ալիս կը պատրաստէր՝ լուրջօրէն, Զարուհի յաճախ առաջինը կ՚ըլլար։

Ընթերցումը աւելի խորօրէն կը գրաւէր զիրենք։ Հրանտ ընտրած էր Կոսթա Պէրլինգը, նկատելով Լակերլոֆի պաշտելի հոգին իր ամօթխածութիւններովը, մեղաւորին հանդէպ իր անսահման ներողամտութեամբը, ամէնէն պատշաճը։ Անոր անդնախոր սիրտը՝ բարութիւնը, հեզութիւնը կեանքի գերագոյն հրճուանքը կը դարձնէր։ Զարուհի եւ Ալիս՝ հիփնոսացած։ Զարուհի որ գեղեցիկ չէր, իր կրած խռովքներուն ցօլքովը, մերթ կը ստանար յանկուցիչ աչքեր ուր կը վառէին խարոյկները աղջկայ իր վարդահոտ սպասումներուն։ Կար րոպէներ ուր, լուացուած՝ աղջկայ իր անթափանց բարդութենէն, ակնարկներուն արտոյտները կը ժայթքէին աչքերէն եւ կ՚երգէին անլուր երգեր... Ալիս ուսպ էր։ Քանի յուզուէր, այնքան կը փակուէր։ Արփիկը՞... Արփիկ շատ յաճախ կը քնանար, խորունկ քունո՛վ մը։ Կ՚արթնցնէին։ Հրանտ տժգոհ երեւոյթ կ՚առնէր։ Իբր թէ շատ բացասական հանգամանք մըն էր այդ։ Եւ անկէ յետոյ տեսնելիք բան էր, գինով աչքերով, անոր բողոքները։ Ո՞վ ըսաւ որ կը քնանար, չէ՛ր քնանար, չէ՛ր քնանար, ամէն ինչ լսած էր, կ՚ուզէի՞ն որ պատմէ, կ՚ուզէին... Հրանտ խորունկ յուսախաբութիւն մը կը ձեւացնէր։ Կը մօտեցնէր աթոռը բոլորովին Հրանտին, ձեռքը կը բռնէր, կը գրկէր, անուղղակիօրէն կաշառելով զայն... Ալիս կ՚առաջարկէր, իբր պատիժ, չտալ իր շոքոլայի բաժինը։ Հազիւ առաջարկը կատարուած, դժբաղդութեան առաջքը վճռապէս առնելով, կը յափշտակէր իր բաժինը եւ մէկ անգամէն՝ բերա՜նը... Օ՜ ի՜նչ աղուոր, ի՜նչ վճիտ էին այդ ժամերը որոնց սահմանները կը պատռտուէին գորովով ու մտերմութեամբ։ Ծիծաղելի, մանկական պատրուակներ... Եւ սակայն, ինչպէս հողին կարօտ է մարմնի մը, սիրոյ անուշահոտութիւնն ալ՝ իր դիւրաբեկ ու աննշան սրուակին...

Սրտին մէջ, հրդեհուած աղապատանքով իր յուզումները՝ աղօթքի կը փոխարկուէին։ Լայն ալիքները ներքին բերկրանքին որ կը դառնար լիալիր ամբողջութիւն մը, կացուցանելով կեանքը՝ հոմանիշ Սէրին։

Յաճախ, տեսնելով անոր դալուկ դէմքը, պրկուած գիծերը, աչքերուն սեւ ժապաւէնը, դիւրաբեկ փոքր քրոջ մը հանդէպ զայրագնող կարեկցութիւնը կը սեղմէր կոկորդը եւ ընթերցումը վերջացած կը յայտարարէր։ Ալիս եւ Զարուհի կը բողոքէին։ Պիտի ուզէին լսել մինչեւ առաւօտ։ Շուտով սակայն, քաղցրօրէն, կը համակերպէին։

Ննջասենեակը՝ քիչ մը աւելի կ՚արթննար։ Ինչպէս ամէն գիշեր, նստած անկողնին մէջ կը սկսէր կարդալ Սաղմոսէն գլուխ մը, ազատ ձեռքովը Հրանտին ձեռքը բնռնած։ Հրանտ բան մը չհասկցաւ այդ ընթերցումէն, եւ, ապահովաբար, ալ աւելի նուազ՝ Արփի՛կը։

-Արփի՛կ, գիտե՞ս, ասկէ վերջ Սուրբ Գրոց ընթերցումը առաւօտնե՛րը ընենք, նախաճաշի ընթացքին։ Շատ աւելի լաւ է, առիթ կ՚ունենանք մեր խորհրդածութիւններն ալ փոխանակելու։ Արփիկ համաձայնեցաւ։ Կատարեց, անկեղծ պերճախօսութեամբ, իր աղօթքը։ Ինչպէս սովոր էր, դարձաւ ձախ կողին, նոյն շարժումը հարկադրելով Հրանտին, որպէսզի կարենայ քնանալ, անոր ձեռքը կուրծքին սեղմած... Հրանտ կը շարունակէր կարդալ երբ արդէն Արփիկ կը քնանար։ Ան գիտէր սակայն որ, երբ ինք իր խորունկ քունը պիտի սկսի, շատ չանցած, Արփիկ պիտի արթննայ եւ տալէ վերջ անխուսափելի փոքրիկ տուրք մը քնանալու իր բնախօսական պահանջին, ալ պիտի մնայ արթուն... Եւ երբ Հրանտ արթննայ գիշերը, ո եւ է մէկ ժամուն, պիտի գտնէ զայն, հեզ ու արիւնոտած սրտով, ուլիկի մը նման, կուրծքին սղմուած, մեծաբաց աչքերով... Իսկ ինք, խորունկ յուզում մը պիտի կրէ, առանց դեռ գիտնալու որ, վերջը, շատ աւելի ուշ... այդ յիշատակը պիտի դառնայ անսահմանօրէն քաղցր, սրտակեղեք, եղերերգական...

Հասած էին դեկտեմբերի վերջերը։ Հրաւէրի բազմաթիւ ծրագիրներ կային որոնց մասնակի խոստումներ եղած էին։ Հրանտ կ՚ուզէր տօնական այդ օրերը, այս անգամ, չանցնել իրեններէն հեռու, երբ միւս տարիները, այդ շրջանին, դէպի լեռ կը ճամբորդէր, դահուկի իր սիրած մարզանքին նուիրուելու։ Խոստում մը կար նաեւ Արփիկին կատարուած՝ միասին երթալու Մէժէվ եւ տեսնելու իր հիւանդ մայրը։

Մինչ այդ, պարբերաբար, կը գրէր նամակներ, ջերմօրէն իր երախտագիտութիւնը յայտնելով որ անոր կը պարտի իր երջանկութեան գլխաւոր մէկ մասը։ Արփիկ ինքն ալ անհամբեր էր երթալ մայրը տեսնելու, եւ կ՚արտայայտէր զայն քիչ մը անմտերիմ անհամբերութեամբ։

Հրանտ, որ, մտերմութեան բարբառովը, կը դառնար ամբողջովին պատրաստակամութիւն, չէր հասկնար, միեւնոյն տանիքին տակ, ինչ որ իրաւունքէ բխող պահանջկոտութիւններ։ Միակ մղումը՝ պարտականութեան մղումը կնար ըլլալ, չափազանցուած, անկեղծ, նոյնիսկ ուժերէ վեր անձնուիրութեամբ։ Եւ միակ մրցակցութիւնը՝ այր եւ կնոջ միջեւ, մէկը միւսին զոհողութիւնը չափաւորող մրցակցութիւն կրնար ըլլալ։ Զզուելի՝ այն էակն է որուն, նկարագիրը կը բանի միայն դիմացինէն, հեռաւորէն, ոեւէ ատեն, ոեւէ պարագայի մէջ, փրցընելու, առնելու պտուտակներովը։ Երբե՜ք՝ տալու, զոհաբերելու մղումներովը։ Եւ այդպիսիները շատ դրական, դիւանագէտ կը կարծեն իրենք զիրենք՝ անհատական թէ հանրային ասպարէզներու մէջ։ Եւ երեւոյթը կը դառնայ հրէշային երբ այդ շահագործումը, հանգամանքներու բերումով, կը կիրարկուի այն անհատին վրայ որ «տկար կէտեր» ունի, քչիկ մը սիրտ, օրինակ, պատուախնդրութիւն, այլասիրութիւն, կարեկցութիւն...

Ալիս մեկնած էր արդէն եւ շատ անբաւարար որ Հրանտ չէր արտօնած քրոջը՝ միասին մեկնելու։ Այս աղջիկները կ՚ուզէին բաժնել իր կինը իրմէն, հազիւ երկու ամիս վերջ իրենց ամուսնութենէն։ Հասած օրն իսկ՝ Ալիս Մեժեվէն հեռախօսեց, դարձեալ ստիպելով որ Արփիկ մեկնի, այս անգամ առանձին։ Յաջորդ օրը դարձեալ հեռախօս։ Նոյն օրը, կէսօրէն վերջ, նամակ մը Հրանտին, նամակ մը Արփիկին, նոյն նպատակով։ Հրանտ կը գտնուէր, պատահմամբ հեռախօսին մօտ։ Ապշած մնաց։ Հրամայակա՜ն, կը ստիպէր քրոջը՝ անմիջապէս մեկնիլ։ Ֆրանսերէն.

-Ձգէ՛ ու եկուր. ինչ կ՚ուզէ թող ան ընէ...

Արփիկ քիչ մը գայթակղած.

-Ա՛, նօ՜, Ալի՛ս, քիր մը կը չափազանցես... պատասխանեց։

Այս առաջին եւ վերջին ընդիմութիւնը եղաւ ի նպաստ նր ամուսնական կապին։ Ամէն մէկ հեռախօսէ վերջ, ամէն մէկ նամանկէ եւ հեռագրէ վերջ, տեղի կունենար  վիճաբանութիւն մը որ շատ հեռու էր մտերմական ըլլալէ։ Հրանտին վրդովումը անսահման էր։ Այս աղջիկներու մտքին մէջ, իրենց քոյրը իրե՜նց  կը պատկանէր  ամբողջութեամբ՝ ամուսնութենէն ալ վերջը։ Այսպէս, փոքրիկ չափով մը, վարձու տալ համաձայնած  էին զայն, եւ անոր ամուսինն ալ տեսակ մը շահագործման առարկայ։

Քլիքի այս համերաշխութիւնը, առաջ, Հրանտ կարծած էր փոխադարձ անձնուիրութիւն։ Ան, նըշանուած, նկատած էր զայն հիմնական բարեմասնութիւն մը։

Անկարելի էր իրեն յղանալ ոեւէ էակ որ իր քոյրերէ չսիրէ, իր ծնողքը չսիրէ, եւ մեծ սէրով մը, ամուսի՜նը  սիրէ։ Սէրը իր աստիճանները ունի, բայց որակը մէկ տեսակ է։ Սէրը՝ փոքրիկ  շրջանակ մը  գծող՝ երկինքէն ինկած ծնողական բնազդական սէրին մէկ կաթիլն է՝ մանուկի սրտին մէջ որ քանի աճի, այնքան թոյլ կուտայ կազմութիւն կեդրոնախոյս շրջանակներու, օրօրոցէն տարածուելով տունը, տունէն թաղը, թաղէն քաղաք, քաղաքէն երկիր, երկիրէն երկրագունտ։ Երկուստեք սէր՝ գոյութիւն չունի։ Կի՜րք, փասիո՛ն, այո՜։ Երբե՛ք՝ սէր։ Անոր ներքին, անյեղլի օրէնքն է՝ ընդլայնուիլ, դիմել դէպի հորիզոն, դէպի երկինք։ Այդ պատճառով ալ ան է՛ նաեւ՝  ազատութի՛ւն։ Մինչ սոսկական տարափալից սէրը՝ գերութի՛ւն։

Յետոյ, սակայն, տեսած էր որ Արփիկին այդ կամակատարութիւնը հասած էր կոյր եւ ախտաբորբոք արտայայտութեան։ Արիւնի կապը բոլոր Հայերուն մէջ ընդհանրապէս շատ ուժեղ է, անբնական չափով։ Արդիւնքն է ան ցեղային դարաւոր հալածանքին որ բորբոքեցուցած է պահպանման բնազդը եւ հասցուցած զայն զայրագնած, անբնական գործառնութեան։ Արփիկին գլուխը մտցուցեր էին որ քոյրերուն՝ այս չափահաս եւ ինքնապահ աղջիկներուն  մայրութիւն պիտի ընէ։ Ալիս տեւականապէս հանգիստի պէտք ոնի... Զարուհի՝ անշարժութեան... Մայրութիւն պիտի ընէ։ Այդ խառնաշփոթ մնայուն միտքը դարձած էր՝ մտահալածա՛նք։ Մայրութիւն պիտի ընէ... Եւ այդ «գերագոյն» պարտականութիւնը կնա՞ր աւելի դիւրութեամբ եւ լայնօրէն կատարուիլ եթէ ոչ իր ամուսնութեամբը, իր ամուսնին կռնակէն։ Եւ ատիկա՝ հրաշալիօրէն շահագործուած միւս երկուքին կողմէ, ստեղծած էր շահագործումի  ամէնէն վատթար  փոխյարաբերութիւններէն մին։

Հաւաքականութիւններու մէջ կատարուող  շահագործումները եթէ կը հասնին մեծ չափերու, երբ եւ իցէ, հեռուէն իսկ, չեն նմանիր ընտանիքի մը ծոցը կատարուող շահագործումի երեւոյթին, որուն խորութիւնը, յաճախ, կը հասնի եղերական աստիճաններու, ուր, անդամներէն մին, պաղարիւն հանդարտութեամբ կը դրուի զոհողութեանց մէկ քանի տասնեակ տարի տեւող խարոյկին վրայ։ Շահագործողները արոյրէ մատներով կ՚արծարծեն կրակը, որուն վրայ կամակատար կը մահանայ նոխազը... Ով որ մօտեցած է այս կարգի ընտանիքի մը ուր արիւնակցական բնազդը, կարեկցութիւնը, գիտուն նրբութիւններով, ենթարկուած է շահագործումի թրաֆիքին, չի կրնար ապշութեամբ չհաստատել բարոյական դրութեան հիմնական խախտումը, որ տառացիօրէն, կը հասնի հրէշային աստիճանի։ Այդ ամբողջական ձեւին՝ բոյսերու կամ միջատներու աշխարհին մէջ միայն կարելի է հանդիպիլ, ուր մակաբուծային գործառնութեամբ, կանաչ, աւշալիր կեանք մը սառնօրէն, կը վերածուի անպէտ գոյացութեան մը, սննդառութեան սոսկական նիւթի մը։ Յոյսով, ապագայի նուիրական իրաւունքովը լի կեանք մը՝ կը վերածուի մոլութիւն մը, մերթ քմայք մը, յաճախ անհուն եսամոլութիւն մը պարարտացնող սնունդի։

Ամէնէն արդար անհատն իսկ չի կրնար խորունկ վրդովումի հակազդեցութիւն չունենալ, չուզել րոպէապէս բարեփոխել կամ ոչնչացնել կացութիւն մը ուրկէ միայն բարոյական նեխանքը կ՚արտաբուրէ։ Նազովրեցին իսկ, քաշեց մտրակը, վասնզի, թէպէտ անհուն ներողամտութիւն, բայց երբե՛ք չէր համաձայնած անցընել օրեր եւ տարիներ, գործածել իր կեանքը՝ ոչինչ արարածի մը ինչ որ մոլութիւնները սրբագրելու։ Ան կը ցանէր գիտակցական մեծութեանց ադամանդ հունտերը՝ եւ կ՚արցնէր... Ան գիտէր որ այս կամ այն հատիկը կրնայ իյնալ նաեւ ապառաժի մը վրայ։ Իմաստէ զուրկ մսխում է՝ հեկեկալ, հառաչել կամ ճակատը կոտրտել ապառաժին դէմ...

Եւ Հրանտ պիտի լքէր իր բոլոր զբաղումները որովհետեւ՝ Զարուհիին մազին ծալքը իր տեղը չէ, որովհետեւ անոնց կեղտերը պիտի մաքրէ ամէն առաւօտ յարդարանքի սենեակին մէջ, անոնց գոյացուցած աղբերուն տուփը եւ վառարանին մոխիրը պիտի իջեցնէր վար... Ո՛չ, ատիկա տխմար մսխում մը պիտի ըլլար մէկ կողմէն, եւ միւս կողմէն քաջալերել աղջիկներ դէպի շատ յոռի ունակութիւններ...

Այսպէս էր որ Զարուհի չէր կրեր ոեւէ բարոյական հակազդեցութիւն՝ տեսնելով որ իր քոյրը գերի դարձած է, որ ոեւէ էակի տրուած ամէնէն տարրական, նուիրական պահերը կեանքի՝ կը խափանուին։ Եւ ի՞նչ բանի համար։ Մէկը՝ Սորպոն պիտի յաճախէ... Միւսը՝ կամ ոտքերը պիտի տնկէ՝ կարդայ, կամ երաժշտութեան պիտի հետեւի... կամ մազերուն մէկ վէտվէտումը ճիշտ տեղը պիտի ձգէ, կամ մէկ պտուղին այսինչ կարը պէտք է քակէ, այնինչ կարը ընէ՝ որպէսզի քօնֆէքսիօն «չընէ», այլ՝ քուզիւ մէն... Եւ կամ որպէսզի եւ՛ մին եւ՛ միւսը խոսուռտուքի բռնուին, քօնսիէրժներու հետ... Տուն տեղ, առողջապահութիւն, ամէն ինչ լքել՝ աշխած, փասոտած լքում մը մէջ, նետել պայուսակներուն փոկը ուսին եւ ինքզինքնին՝ փողոց, ոեւէ բայց ոեւէ հաւաքոյթի համար։ Էականը դարձած էր իրենց համար անկարեւորը, անտեսանելի, Այդպիսի կարծր խառնաշփոթ, մտքի եւ բարքի մէջ, միայն աղիտաբեր կրնար ըլլալ։ Ու այդ բոլորն ալ ուրիշ խորագոյն զսպանակ չունէր եթէ, ոչ՝ անբարեխառն կատաղի վազք մը՝ էրիկ ճարելու։ Եւ այս որսորդութիւնը, Աստուա՛ծ իմ, ի՜նչ խորամանկութիւններու, ինչ կեղծիքի, ի՜նչ թաքթիքայի տակ կ՚ուզէր պահուըտիլ...

Մանաւանդ փոքրը՝ Զարուհի՝ սուտ հիւանդ  ծնած եւ վատասերած էակի կատաղի եսապաշտութեամբ մը պահանջկոտ էր ու դիւրութեամբ սաստող եւ երկուքն ալ, հանգիստ խիղճով, բնական կը գտնէին որ իրենց քեռայրին, իրենց քրոջը կեանքերը մէն մի րոպէ ծառայեն իրենց քմայքներուն թէ յիմարութեանց։

Հրանտ կը հաստատէ որ այն շրջանին իսկ ուր յուսացած էր, ընտանեկան յարկի մը մէջ, ստեղծել աւելի ներուժ, աւելի բեղմնաւոր կեանք մը, ստիպուած է իր ամբողջ ժամանակը մսխել այս երեք նկարագիրներու դաստիարակութեանը։ Արփիկինը, անշուշտ, շատ աւելի դիւրին՝ արդէն ստեղուած տաքութեան մը շնորհիւ։ Հապա միւսներու՛նը...

Որոշումը կ՚առնէր ամրապնդուիլ համբերութեան, ներողամտութեան մեծ դեղաչափերով, հանդէպ այս խորամանկ աղարտուած ուղեղները, աւելի շեշտուած՝ օտար վարչատան, գրասենեկային բարքերու յոռի ազդեցութեան տակ։

Պատահարները, անշո՛ւշտ, ըստ ինքեան ճղճիմ էին եւ ոչ արժանի ուշադրութեան, եթէ չըլլային ախտանիշները հասարակ շա՛տ հասարակ էակներու։ Չկար հաւաքոյթ մը, հանդիպում մը, հիւրասիրութեան ժամ մը որուն աղուոր յիշատակը չաղարտէին յիմարութեան, անփափկանկատ սարթիի մը, գաղտնի բամբասանքի, մանր մունր դաւաճանութեանց սեւովն ու գորշովը։

Սենեակներն ու խոհանոցը նմանապէս կորսուած էին կեղտի մէջ։ Յաճախ Հրանտ ստիպուած էր, ամօթէն, ինքն իսկ առնել փոշիները այն սենեակին ուր դասերը կու տար։ Խոհանոցին քովէն կարելի չէր անցնիլ՝ առանց սիրտ խառնուքի։

Կեղտոտ պտուկներ ու վառած կամ չյաջողած կերակուրներ, շաբաթներով մնալով, չնաշխարհիկ տեսքեր եւ բուրումներ ստացած էին։ Ամէն կողմ հացի կոյտեր, չորս հինգ պնակի մէջ չյաջողած մայօնէզ, մեծ պտուկ մը չյաջողած մածուն, կարագ՝ այլազան գոյներով, վեցեակ մը պնակներու մէջ։ Աղբի տուփը բերնէ բերան լեցուն, գարշահոտ, իր պարունակութեան կրկինն ալ չորս կողմը փոխած... Մարդ չէր ուզեր մառանէն հանքածուխ բերել, մոխիրը իջեցնել։

Հրանտ ինք իջաւ ածուխ բերելու։ Առաջին յարկին վրայ հանդիպեցաւ իրենց մէկ վարձակալին՝ Ֆրանս Մանտէլին, Հրեայ, որուն աղջիկը իր աշակերտուհին էր։

-Իչպէ՛ս, փրօֆէսէօռ, յայտնեց կատակով դռնապանին տեղը՝ անցած էր։

-Մարդ դռնապան է, պատասխանեց Հրանտ, նոյնքան թեթեւութեամբ, իր մտայնութեամբը, ոչ թէ իր իսկ վառարանին ածուխը կրելով։

Ոչ ոք եկաւ իրեն օգնելու։ Կը քաշուէին անկիւնները, կը փսփսային, կը քրքջային։

Ընթրիքէն վերջ, պայծառ գիշեր մը, փարատելու համար այդ ճնշուած դրութիւնը, հաստատելու համար ջերմ մթնոլորտ, Հրանտ առաջարկեց պտոյտ մը ընել։ Մեկնելու պահուն տեսաւ որ, մոխիրներուն կոյտը, աղբի տուփը, մնացած են։ Ամէն մէկը յարդարուելու ետեւէ է։ Մեծ ծրար մը ըրաւ մոխիրներու բլրակէն, ուրիշ մըն ալ աղբերէն, եւ աղբի տուփին հետ յառաջացաւ դէպի դուռ։ Երեք քոյր վերելակին կը սպասէին։ Երբ տեսան զինք։ Հրանտ խորհեցաւ որ, չփոթած, պիտի վազեն եւ օգնեն իրեն։ Չարաճճիօրէն քրքջացին, մտան վերելակ եւ իրեն նայելով իջան վար։ Հաւանաբար Արփիկ ուզեց գալ եւ օգնել իր ամուսնին, բայց մնաց քոյքերուն հետ...

Հրանտ, ատեն մը, պտոյտի ընթացքին, մնաց գրեթէ լուռ։ Երեք քոյր իրար միացան։ Հրանտ կը քալէր առանձին առջեւէն։ Վերադարձին, տուն հասնելէ քիչ առաջ, Պարպէս մէթրոյին առջեւ, լսեց որ Արփիկ, ի պատասխան Ալիսին, կ՚ըսէր.

-Զզուելի դարձուց ինքզինքը...

Առաւօտները որ իր ամէնէն թանկագին ժամերն էին՝ անհնարին եղած էր նուիրուիլ ո եւ է աշխատանքի։ Զարուհի եւ Ալիս, կատարելապէս փանսիոնի մը մէջ կը զգային ինքզինքնին եւ Հրանտն ու Արփիկը իրենց ծառաները։

Առաւօտուն կ՚ելլէին, կը լուացուէին, կ՚ուտէին, կը խմէին ամէն ինչ կը ձգէին տեղն ու տեղը եւ կը մեկնէին։ Հրանտ յաճախ կը սպասէր որ լոգանքի սենեակը ազատ ըլլայ, ժամ առաջ իր յարդարանքը կատարելու համար։ Ոչ ոք կը մտածէր չմսխել իր ժամանակը։ Անհնարին էր իրեն կեղտոտ սենեակի մը մէջ լուացուիլ։ Կը մտնէր՝ եւ զայն կը գտնէր պժգալի։ Կը մաքրէր հայելին, լուացարանին մարմարները, մերձակայ պատերը գորշ, կարմիր բիծերէ։ Կը սրտմտէր։ Ի՛նչ աղջիկներ ուրկէ էին բուսեր որ ակռանին իսկ խոզանակել չէին գիտեր, առանց ամէն տեղ այս աստիճանի կեղտոտելու։

Անշո՛ւշտ, Արփիկ կ՚ընէր ճիգեր գոնէ անխուսափելի չափով մը տանելի վիճակի մէջ դնելու համար տնական գործերը։ Իրականին մէջ սակայն իր ուժերէն վեր էր գոյութիւն ունեցող աշխատանքը, որովհետեւ, այդ կալուածին մէջ, բացարձակապէս անկարող էր, եւ էին, աննախաձեռնող, կոտրող թափող, մսխող...

Այդ կացութիւնը կը ծանրանար այն հանգամանքէն որ Զարուհի ու Ալիս ինքզինքնին փոքրիկ մանուկներու տեղ դրած էին։ Առաւօտուն կը մեկնէին՝ առանց իրենց անկողինն իսկ շտկելու, առանց նոյնիսկ տանելու իրենց գործածած կեղտոտ գաւաթները՝ ճաշասրահէն խոհանոց։

Ըլլալով շուարեցնող չափով մը անկանոն թափթփան, անկարող, կեղտոտ, զոռը տուած էին ճերմակեղէն եւ հագուստ փոխելու։ Մէկ օրուան մէջ երես սրբիչները ահագին կարմիր ու կեղտոտ բիծերով կը պատուէին։ Չորս հինգ օրն անգամ մը կեղտոտ ճերմակեղէնները կատարեալ բլուր մը կը ձեւացնէին։ Երբ Հրանտ կը տեսնէր Արփիկին վտիտ մարմինը կորսուած այդ բլուրին ետեւ, ուրկէ օտարոտի ակնարկներ կը ձգէր իր վրայ խուսափուկօրէն Սիրտը կ՚արիւնէր։ Ո՞ր մէկը պիտի ընէր։ Յարկաբաժնին յարդարանքը՞, նախաճաշին պատրաստո՞ւմը, գնումնե՞րը, կէս օրուայ ճա՞շը, ճերմակեղէննե՞րը։ Հապա ի՞ր յարդարանքը։ Ինք քչիկ մը պիտի չպչրուէ՞ր... Վերջին պահուն Հրանտ կ՚երթար շուկայ պակսած նպարեղէնը բերելու։ Վերադարձին կը տեսնէր Զարուհի որ դժգոհ է ճաշը դեռ պատրաստ չըլլալուն։ Իր աշխատանքի վայրէն մինչեւ տուն՝ առնուազն երկվեցեակ մը խանութ կը դիմաւորէր բայց իրեն չէ՜ր վայլեր նպարեղէնի գնումը։ Արփիկ նմանապէս բառ մը չէր ուզեր ըսել այդ առթիւ։ Ի՛նք կամ իր ամուսինը պէտք է ընէին։

Հրանտ որ այնքան կը սիրէր ժամպոնը, ինչպէս եւ ձիթապտուղը, սկսած էր զզուիլ անոնցմէ... Ճաշացուցակը կը պահէր, Նազարեաններու տանը մէջ, հերոսական միօրինակութիւն մը։ Անոր առաւելութիւնն էր Հրանտին կատակի առատ նիւթ հայթայթել, եւ՛ մարսողական լուրջ դժուարութիւններ... Տղաբերքի մը չափ դժուար, վերջապէ՜ս, սեղանը դրուեցաւ։

Աղանդեր, հումոյթ, ժամպոն, պանիր, պտուղ սպասարկուեցաւ։ Գետնախնձոր կար կրակին վրայ բայց ալ իրիկուայ պիտի հասնէր...

Արփիկ, լուռ, արտօրացող, կ՚ելլէր կը նստէր, կ՚երթար կուգար, անընդհատ, ամէն օր, ամէն ճաշի։ Րոպէներ կար ուր Հրանտին կարեկցութիւնը անհանդուրժելի աստիճանի կը հասնէր։

-Դուք որ քէֆթէն եղած էք, ի՞նչ է գլխաւոր նպատակը Պոլ Սքաութի շարժումին, հարց տուաւ Հրանտ, Զարուհիին ու Ալիսին ուղղուած։ Յանկարծակիի եղան։ Ի՞նչ է, ի՞նչ բան է այս հարցումը. թակա՞դ մը... Կարմրեցան, կմկմացին։ Պատասխանը ընթրիքին միայն կարելի եղաւ պատրաստել։ Գիրքեր բացած էին, խորհրդակցած, բարդ բաներ ուզեցին յայտնել։

-Իրերօգնութեան սկզբունքը գլխաւորներէն չէ՞ որ ձեր գայլիկներուն կը սորվեցնէք։

Եռանդագին համաձայնեցան։ Մանկական զեղումով, ոգեկոչեցին յիշատակներ, իրենց շատ սիրելի յիշատակներ, բանակումի օրերէ, թաթաւուն աղջկութեան առաջին զարթնումովը, խռովքներովը։

Արագ, ճիշտ, անշփոթ, Զարուհի գնաց եւ իրենց արշիւէն նամակներու տրցակ մը բերաւ։ Արփիկ կարմրեցաւ։ Չըլլայ որ... Նայի՛, նայի՛, ատ ո՞ր մէկն է...

Հարաւի որոշ մէկ գաւառի մարզական շարժումը այս երեք քոյրերն են ստեղծած։ Կազմակերպչական խնդիրներու շուրջ զանազան թղթակցութիւն՝ տարեկից պօլ Սքաութներու կողմէ, «ընկերական» թօնի վրայ...

-Լա՜ւ, շարունակեց Հրանտ, այդ օգտակար ըլլալու պատրաստակամութիւնը՝ օտարին հանդէպ, սուտ զգացումի մը կը վերացուի, կը դառնայ ոչ ներգործօն, այսինքն չի աճեցներ մեր գիտակցութիւնը, չի ազնուացներ մեզ, եթէ չի բխի բո՛ւն իսկ իր ակէն։ Այն պօլ սքաութը որ չի օգներ, օրինակ, իր մօրը կամ եղբօրը, եւ պատրաստ է կեանքը վտանգի տակ դնել օտարի մը օգնութեան գործին մէջ, եղծանուած զգայնութիւն մը կրնայ միայն ունենալ, ճիշտ ինչպէս այն ողորմելին որ փփրերախ մարդկութիւնը կը սիրէ առանց սիրելու իր տունը եւ իր հայրենիքը։ Ատկէ միայն վատասերող հոսանքներ կրնան բղխիլ։

-Փըր-փըր, փրփրախ ի՞նչ ըսել է, քերայր։ Հրանտ շարունակեց.

-Լա՛ւ... Հիմա, կը տեսնեմ որ այստեղ դուք՝ բոլորովին անտաբեր կը մնաք, օգնելու ե՛ւ ձեր քրոջը, ե՛ւ ձեր քեռայրին։ Ատիկա եթէ լաւ չէ ձեր քրոջը համար, երեք անգամ նուազ լաւ է ձեզի համար։ Կը մեծնաք այդ վա՛տ սովորութիւններովը։ Կը  դառնաք եսասէր։ Կեանքը կը լեցնէք մուխով ու ծուխով։ Վաղը միւս օր Ալիսն ալ պիտի ամուսնացնենք, յետոյ՝ Զարուհին։ Լա՜ւ, այդ ունակութիւններով երբ ընտանիք մը կազմէք, ոչի՛նչ լաւ կրնայ խոստանալ։ Եւ ես դեռ չեմ երթար աւելի հեռուն, հարցնելու համար թէ՝ ալ ի՞նչ բանի կը ծառայեն ձեր Հայր Մերը, եկեղեցին եւ ձեր հոգեւոր երգերը։ Ձեր արհամանհանքը անկրօններուն հանդէպ։ Այսպէսով անոնք միայն պատճառներ կը դառնան որ դուք ձեր նմաններուն վրայ բարձրէն նայիք, գոռոզ դառնաք... Ձեր նկարագիրը պիտի հիմնէր տալո՜ւ վրայ, ոչ թէ առնելո՜ւ։ Մէկ կէտի մէջ պէտք էմրցումի ելլէք՝ աւելի՛ ընելու, աւիլիեւ տալու։ Պարտադրելու ձերիններուն՝ նուա՛զ ընել, նուա՛զ տալ։ Հա՛, այն ժամանակ բան մը կը հասկնամ։ Կրօնք, եկեղեցի, Հայր Մեր, պօյ սքաութ բանի մը կը ծառայեն ազնուացնող բանի, բարձրացնո՜ղ բանի մը։ Եւ պէտք է աշխատիք, եւ պէտք է մի՛այն տաք, անընդհա՜տ ուժերէ վեր... եւ եթէ հարկ է այդ տեսակ մեռնիլ, այդպէ՜ս մեռնիք։

Այդ միջոցին վառածի ուժեղ հոտ մը եկաւ եւ կտրեց դաշունահար Հրանտին յորդորները։ Արփիկ ցատքեց ու անհետացաւ։ Վերադարձաւ՝ շուարուն, մեղաւոր, մինչ Ալիս եւ Զարուհի, ինչպէս միշտ, մնացած էին անշարժ։

Կէսօրուայ գետնախնձորն էր որ, աղմկալից, հոգին կ՚աւանդէր։ Ոչխարի կողերուն հոգեհանգիստը կէս ժամ առաջ կատարուած էր արդէն։ Ո՜ղջ մնալ ձիթապտուղը, ժամպոնը, պանիրը... Յետոյ յայտնուեցաւ որ Արփիկ, զանազան ալիւրներով, հատորներ թղթատելով, կշիռ, կշռափեր գործածելով, փորձեր է անդըրմէ մը պատրաստել, «իր Հրանտին» անակընկալ մը ընել... Փորձը անցած է անյաջող եւ թաղուած՝ խորհրդաւոր լռութեան ծոցը... Մայզէնան հին ըլլալու էր...

Արփիկ Հրանտին վիզը գրկած, տենդախայտ, կը յայտնէր որ շաբաթ իրիկուն Խարբերդի քիւֆթէ պիտի ճաշակեն։ Կէս օրէն վերջ մայրիկը՝ Տիկին Նազարեան պիտի գայ Անիէռէն եւ ցոյց տայ՝ անոր կատարեալ պատրաստութիւնը։ Գիտէ արդէն, Տիկին Փափազեան ցըցուած է, բայց՝ կատարեա՛լը։ Ալիս եւ Զարուհի, ոգեւորուած, յայտնեցին իրենց ալ վճիռը՝ ներկայ ըլլալու, տեսնելու, սորվելու, շինելու...

-Շաբա՞թ օր... հարցուց Հրանտ, ո՞ր տարուան շաբաթը, գա՞յ տարուան թէ՝ մեռնելէս վերջի տարուան...

Խնդուք, բողոք...

Անոնց գլխաւոր չքմեղացումն էր իրենց «պզտիկ» ըլլալը... Երբ Արփիկ մեծնար՝ հրաշալի տան տիկին պիտի ըլլար, ճիշտ «իր Հրանտին ուզածին պէս»... Այս պզտիկներէն մէկը՝ քսան, միւսը՝ քսանըհի՛նգ, վերջինը՝ երեսո՛ւն տարեկան էր։

-Մայրս, քեզմէ ութը տարի ալ դեռ պակաս, հինգ մանչ զաւակ սկսած է մեծցնել, յայտնեց Հրանտ Արփիկին։

-Ինչպէ՞ս թէ, հի՞նգ եղբայր եղած էք։

-Այո՛։ Մէկը տարին չլրացուցած՝ մեռած է։ Առողջութեան ու գեղեցկութեան մրցանիշները կոտրած մանուկ մը։ «Նազար առաւ», կ՚ըսէ մայրս։ Եղբայր մը տեղահանութեան, եղբայր մըն ալ Ռէվանտուզի ճակատամարտին ինկած են...

Լուռ եւ ինքնամփոփ մտիկ կ՚ընեն։

-Լա՛ւ, ձգենք մայրս։ Առէք Տիկին Վարդանեանը։ Այդ տարիքին՝ եօթանասունը անց, տանըամբողջ գործը կ՚ընէ, զաւակը կը պահէ անթերի, եւ դեռ՝ լուածք ու սեւ բոլոր աշխատանքը, եւ, գիտէք որ մեր թատերական շէնքին միակ սիւնն է...

-Ա՜, օ՜, անո՜նք...

-Լա՛ւ, օրինակ առէք Հրանուշէ՛ն...

-Ի՛նչ Հրանուշ...

Հրանուշ Ադամեանէ՛ն... կատարեալ, տիպար տանտիկին մը, սալոնի կին մը, մտերմութեան մէջ՝ աննման ընկեր մը...

Իրենց նախանձին, ինքնասիրութեան ցուլին կարմիր վարշամակը երեւան եկած էր, Կատղեցան...

-Eh bien Եթէ ատանկ կիներն են որ մեզի օրինակ պիտի ծառայեն, կին մը որ...

-Ի՞նչ, կին մը որ...

-Կին մը որ... անբարոյակա՛ն է, ամէ՜ն մարդ գիտէ...

-Ես տասնեակ տարիներէ ի վեր կը ճանչնամ եւ միայն հիացումի պատճառներ գտած եմ։ Իսկ իր անհատական կեանքը ինծի չի վերաբերիր։ Ես չեմ դատեր ուրիշը։ Դուք որ «քրիստոնեայ» էք, ինչու՞ կը դատէք եւ ուրիշին ըսածները կը կրկնէք։ Ե՞րբ ալ հնար գտաք այդ բանսարկութիւնները ժողուելու...

-Մենք մարդ չենք դատեր, առարկեց Ալիս, միշտ հանդարտ եւ զուսպ։ Մեր ծնողքը՛, մե՛նք, մեր ծնողքը մեզի ուրիշ դաստիարակութիւն...

-Դատելու բան չկայ, բորբոքած վրայ բերաւ Արփիկ, երեսէ՛ն յայտնի է, կը քսուի... Եթէ ատանկ  կնիկներն են որ կը հաւնիս... Անոր տարիքը  որ ըլլանք, մենք ալ սալոն ու խոհանոց իրար կ՚անցընենք...

Եւ սկսաւ անոր ձեւերը, ակնարկներն ու խօսելակերպը նմանցնել, զարմացնող հարազատութեամբ։ Հրանտ գերմարդկային ճիգեր կ՚ընէր չխընդալու։ Այնպէս չէ՞, Հը-րա-անգ... Սիրելի՛ս, կեանքը-ը, արուեստը, վերջապէ-էս, գիտէք, ես, ծովի՜ն  հարսը-ը  կ՚ուզեմ ըլլա-ալ...

-Ծովի՞ն, ծովի՞ն հարսը... Ամէնուն հարը ըլլալէ վերջ...

Հրանտ ալ չդիմացաւ։ Լրջութիւնը կործանեցաւ արտասուալից խնդուքի մը մէջ։ Լիառատ կերպով բարկացնելէ վերջ զանոնք, խնդալէ վերջ.

-Կ՚ուզէ՞ք որ հիմա լուրջ խօսինք։ Ես ձեր ըսածները չեմ գիտեր որովհետեեւ ինծի չի հետաքըրքրեր։ Այդ պատճառով ալ այնպէս մը կ՚ըլլայ որ ես չեմ իմանար ինչ որ լղրճուկ է։ Ես կ՚ընեմ ա՜յն ինչ որ ձեզի կսած եմ բազմաթիւ  անգամներ։ Կը շփուիմ  ամէն մէկուն լաւագո՜յն կողմին հետ։ Այդ տեսակ շփումէն՝ մաքրագործում, բիւրեղացում տեղի կ՚ունենայ, ե՛ւ ինծի, ե՛ւ դիմացինիս հաշւոյն։  Պէտք է որ ուժը ունենաք, հանդարտօրէն, եռանդագին, ընդունելու դիմացինին առաքինութիւնները եւ՝խոնարհիք։ Միշտ նոյնքան հանդարտութեամբ, ձեր մերձաւորներունը, ուրիշներունը փոքրիկ տեսնէք ու ձեր թերիները՝ մե՛ծ...

Քեռա՛յր, ի՜նչ պէտք է ընենք, այն ժամանակ, հարցուց Ալիս։

-Լա՛ւ, տեսէ՛ք, քիչ առաջ, րոպէ մը առաջ, քոյրերնիդ նորէն տեղէն ցատքեց, գնաց եկաւ, դուք մնացիք անշարժ։ Արփիկը ձեր մեծ քո՞յրն է թէ ոչ։

Ալ ամուսնացա՞ծ է թէ ոչ։ Առաւօտուն ան չէ՞ր որ ձեր ձգած կեղտոտ գաւաթները լուաց, ձեր անկողինը շտկեց, տուն տեղ մաքրեց, շուկայ գնաց, կերակուրով զբաղուեցաւ... Այս բոլորը բաւական չէ՞ որ դուք բծախնդիր ըլլայիք մէկ անգամ մը նոյն իսկ թոյլ չտալու որ ան սեղանէն ելլէ։ Ատիկա մանաւանդ ձե՛ր նկարագրին համար լաւ պիտի ըլլար։ Սիրտերնիդ չի՞ ցաւիր։ Վաղը, միւս օր երբ դուք ալ ամուսնանաք, տարիքով փոքր տալեր, աղջիկներ ունենաք...

Ամէնահեռաւոր ակնարկութիւնը իրենց ամուսնութեան՝ կ՚ելեքտրականացնէր, կը գինովցնէր զիրենք...

Հրանտ շարունակեց.

-Ի՜նչ կ՚արժէ դասախօսութիւններու երթալ, սոլֆէժ ու դաշնակ սորվիլ, (Զարուհի սկսած էր այդ դասերուն, մեծին եռանդով), եթէ փիս աղջիկներուն պէս տուն տեղերնիդ կեղտի ու մուրի մէջ պիտի պահէք, եթէ անկանոն, թափթփան, ծոյլ պիտի ըլլաք։ Հապա՞ եթէ զաւակ մը ունենաք։ Այդպէ՞ս պիտի  մեծցնէք։ Օրինակ, հիմա, Զարուհի՛, փոխէ՛ պնակդ։ Պանիր եւ պտուղ միեւնոյն պնակին մէջ չեն ուտեր։

-Ի՞նչ կ՚ըլլայ որ... կարմրած, եւ պնակը փոխելով։

-Այն կ՚ըլլայ որ դուն ինքզինքդ չե՛ս յարգեր։ Չինկէնէները, կառք-տնակներու մէջ, աւելի՝ կը յարգեն ինքզինքնին քան թէ դուն քու անձդ։ Ամէն աղջիկ, իրեն տրուած պայմաններուն մէջ, մի՛շտ պիտի ձգնի լաւագոյնը ստեղծել։ Եթէ ոչ, մարդ կը սկսի ամէն ինչ ջուրին տալ, ամէն ինչ թոյլ տալ իր շուրջը, յետոյ ալ իրեն։ Այժմ ինչ-որ  ալ ընէք, ձեր ապագայ լաւագո՛յն  կեանքի պատրաստութեան հեռանկարովը պէտք է որ ըլլայ։

-Ըսել է՝ դաշնակի դասերուս չհետեւի՛մ։

-Ես չէ՜ որ երաժշտութեան դէմ պիտի ըլլամ։

Ինծի համար, օճախներու երգէն, ծղրիծին երգէն աւելի անուշ երաժշտութիւն գոյութիւն չունի։

Իրար անցում։ Օճա՞խ, ծղրի՞թ... Ատանկ բան մը լսեր են։  Le Grillon du Foyer հա՜, հա՜, երաժշտութիւն ալ կայ... Քեռայրը կը խոստանա՞յ տանիլ զիրենք, առաջին առիթով, այդ փիէսը տեսնելու։ Կը  խոստանա՜լ, կը խոստանայ... Հրճուանք պոռաց... Կրակի պէս սեղանը ըթ պարպուի։ Կը դնեն գեղեցիկ  ասեղնաբանուածք մը որ իրենց հէք մօրը մէկ գլուխ գործոցն է։ Հրանտ գիտէ որ, հոն, խոհանոցը խառնիխուռն տարուած թափուած են սպասները։ Ահա խոհանոցին դուռը գոցեցին եւ խուժեցին սենեակ։ Արփիկ կը յիշեցնէ որ խոստացած է զինք տանիլ Aimerն տեսնելու։ Մանաւանդ   որ Հրանտ խօսած է արդէն այդ մասին եւ ինք պատրաստուած՝ խորապէս  ըմբռնելու... Չէ՜, Զարուհիին եւ Ալիսին համար չէ ան, իբր թէ...

Աւելի՛ լաւ ըլլալու, աւելի՛ լաւ կեանք մը ըստեղծելու այս հոգեկան թրթռացումը գորովանքի ընդհանրական սիրոյ հեշտանքով կ՚ուռեցնէր Հրանտին սիրտը։ Երախտապարտ էր՝ այդ շնորհին համար։ Երկիւղագին, սրտին խորը, որոշումներ կ՚առնէր, դեռ ներողամիտ  ըլլալէ վերջ՝ ա՛լ աւելի ըլլալ ներողամիտ, դեռ համբերատար ըլլալէ վերջ՝ ա՛լ աւելի ըլլալ համբերատար...

Ռատիօն գեղեցիկ թանկօ մը կ՚արտաբերէ։ Արփիկ բարկացած է։ Հապա՛, առաջ այնքան պարած է, եւ հիմա... Այո՛, շա՜տ պարած է, ինքը՛, ինքը՛ տուած է այդ գաղտնիքները։ Ե՞րբ զինք տանսինկ մը պիտի տանի։ Պարել չի գիտե-ե՜ր... Լա՜ւ, այն ժամանակ՝ ոտքի՜։ Փորձերը տու՛նը պէտք է որ կատարուին։ Հրանտ կ՚ելլէ, կը գրկէ իր քնքուշ կինը եւ կը սկսին պարել։

Պարելու ժամանակ, զարմացած, կատակելով կը կրկնէ.

-Վա՜յ, անպիտա՜ն աղջիկ, իբր թէ՛ կրօնասէ՛ր, իբր թէ՝ տանսինկ մանսինկ ատելով կ՚ատէ... Տես թէ՝ ի՛նչ ախորժակներ ունի, ինչպէ՛ս զինքը խաբեր է....

-Ինչո՞ւ ինծի Քուփոլ տարիր հապա, երբ նշանուած էինք, կը հարցնէ, գլուխը անոր կուրծքին սեղմած։

-Խե՛նթ աղջիկ, ես քեզի, այո՛, Քուփոլ տարի, մէկ անգամ մը՝ ան ալ, որովհետեւ չափէն աւելի երկչոտ էի, որովհետեւ գոնէ անգամ մը համբուրել կ՚ուզէի... Քուփոլը, կ՚ըսէի, խորհրդաւոր, կիսամութ, երաժշտութեամբ ու մարդոցմով ողողուն, ամէնէն յարմար վայրն է... Եւ գիտե՞ս որ այդ օրէն սկսեալ աւելի մեծ ուժգնութեամբ փարեցայ քեզի։ Կը  յիշե՞ս թէ ինչ պատասխանեցիր երբ առաջարկեցի թանկօ մը պարել։ «Ա՜, Հրանտ, չիյնա՛նք այդ դժոխքին մէջ... » Ըսել է, ատոնք բոլորը սուտ էին...

Եւ Հրանտ աւելի ուժգնութեամբ կը սեղմէր անոր պիրկ ու տաք իրանը։

Հազիւ պարը վերջացած սակայն՝ Արփիկին բարկութիւնը կրկնապատկուած է։ Ըսել է, այսպէ՜ս, այսպէ՜ս կը սեղմէր մի՞ւս աղջիկներն ալ... Ա՛լ, ա՛լ, ալ ասիկա չափ ու սահման կ՚անցնի... Մանուկն մը նման՝ յարձակում...

Երբ պահ մը Արփիկին հետ առանձին մնաց, Հրանտ.

-Իմ Արփի՛կ, ըսաւ, գիտես որ քու ամէն մէկ գգուանքդ թանկագին է ինծի համար։ Բայց ուշադրութիւն ըրէ որ զսպես ինքզինքդ, քոյրերուդ առջեւ... Կը հասկնամ քեզի, նոր ենք ամուսնացե՛ր, ինծի համար ալ... բայց... Ա՜, ամօթխածութենէն աւելի աղուոր, աւելի գրաւիչ բան գոյութիւն ունի՞։ Եւ ինչ որ նուիրակա՛ն է, անգին գոհարի մը պէս, պէտք չէ՞ պահել՝ ամօթխածութեան  թաւշեայ տուփի մը մէջ։ Դիւրութեամբ մէկը բերանը կ՚առնէ՛, օրինակ, իր մեռած հօրը, Աստուծոյ, հայրենիքին անունները։ Ո՛չ։ Սրբապղծութիւն պիտի ըլլար։ Այդպէս ալ, մեր կապը, մեր ամուսնական կապը՝ նոյնքան նուիրական է։ Պէտք է թաւշեայ տուփի մէջ պահել զայն, որպէսզի փոշիի մասնիկ մը իսկ չիյնայ վրան։

-Չէ՞ որ մենք նո՛ր, նո՛ր վերջնական գլուխ մը բացած ենք մեր կեանքին մէջ, շարունակեց։ Պէտք չէ որ պղտորենք զայն նոյնիսկ այն յիշողութիւններովը որ քու մէկ քանի նշանածներուդ կը վերաբերի եւ իմ մէկ երկու սիրային արկածներուն։ Անպիտան, հասարակ մարդիկն են որ ամէն րոպէ, ամէնուն առջեւ, սրբապիղծ հետաքրքրութիւններու, գռեհներուն կը նետեն ինչ որ նուիրական ունին. Եթէ զաւակ մը ունենայիր՝ պիտի յանձնէի՞ր ոեւէ մէկուն, ոեւէ տեղ։ Ո՛չ։ Անոր ամբողջ հոգածութիւնը, անոր ամբողջ հրաշքը քեզի՝ պիտի վերապահէիր՝ նախանձախնդրօրէ՛ն։ Նոյնն է նաեւ հոգիի զաւակներուն համար... [Ժպտելով]

-Մոռցա՞ր արդէն խարոյկը, չինացի նոր հարսին խարոյկը... (Րոպէ մը մտածելէ վերջ) Ճիշտ նոյն պատճառով ալ՝ հաւաքոյթի մը ընթացքին կան րոպէներ ուր բացարձակապէս խուլ եւ կոյր պիտի ձեւանաս, երբ ամօթխածութիւնը բռնաբարուելու վտանգին տակ է։ Պիտի չլսես անտեղի, հում, գռեհիկ բառ մը կամ ակնարկութիւն մը, լղրճուկ մանրավէպի մը անշահ պատմողէն։ Գիտե՜մ, գիտե՛մ... Ի՞նչ ընենք, լե՞ռը քաշուինք, այսպէ՛ս են մեր ընկերութիւնները, ո՛ր խաւին մէջ ալ որ երթաս։

Յանկարծ ընդհանուր յոգնութիւն մը զգաց։ Ելաւ տեղէն եւ յամրաբար յառաջացաւ դէպի կաշեայ թիկնաթոռը։ Մէկը միւսին ետեւէն, երեքն ալ, քաշուեցան խոհանոց։ Տրտմութիւն մը ամբողջովին համակեց զինք։ Գլուխը առաւ ձեռքերուն մէջ... Միշտ ծիծաղելի բան մը պիտի մնայ իր վրայ, իր չորս կողմը։ Ինչքան տղայական է ոգորումը, պայքարը քանի մը թիզ տարածութեան վրայ, երդիքի մը տակ՝ օդը մաքուր, շնչելի դարձնելու։ Եւ նախ, դարաշրջանը ի՛նքը բացեր է երախը որմէ ապականութիւնը յորդառատ կը հոսի... Ի՛նք՝ հոսանքն ի վեր դէմ առած մանր ապառաժ մը, իր ընդդիմութեամբը, իր ըղձանքներովը՝ ծիծաղելի՛, ողբերգակա՛ն...

Համր անհանգստութեան զգայութիւն մը որ կէս ժամ մը տեւած էր՝ երբ Քարթիէ Լաթէն հասաւ՝ արտայայտութեան եկաւ։ Հրանտ յանկարծ անդրադարձաւ մութ կասկածներով այն ակնարկներուն որ Արփիկ ձգած էր իր վրայ, տունէն մեկնելու պահուն։ Հա՛, հիմա, իր համր անհանգստութիւնը լեզու ստացաւ։ Կը մնար ապշած... Սկիզբները, երբեմն, այդ կասկածները հաճելի եկած էին իրեն որպէս արտայայտութիւնը նախանձի մը։ Հետզհետէ  սակայն անոնք սկսած էին ազդել իրենց բու՛ն նկարագիրովը, - նախատական ենթադրութիւններ որոնք  ալ գրեթէ զրպարտութիւններու կը վերածուէին։ Նախատինք, զրպարտութիւն որ կա՛մ ախտայինը կամ գիտակցօրէնը ունէին իբրեւ դրդապատճառ։ Համակեցութեան մը ընթացքին՝ երկու օր, երկու գիշեր բաւական են որպէսզի  երկու ուղղամիտ նկարագիրներու միջեւ վստահութիւնը հաստատուի, վերջնականապէ՜... Փողոցի աղջիկը միանձնուհիի մը, սուրբ կնոջ մը մէջ իսկ փողոցի աղջի՜կը միայն մը տեսնէ։ Կաւատ մը սեւ է մարդու մէջ՝ կաւատը՛ կը տեսնէ միայն։ Ինչպէ՛ս է որ, ինչպէ՛ս է որ... կը կրկնէր Հրանտ, խորին վրդովումի եւ տառապանքի  մը ճարակ։

Կէսօրուայ մօտ էր։ Արեւը վերջապէս յաջողեցաւ փարատել մառախուղը եւ ճեղքել ամպը։ Քլիւնիի տապանաքարերը, աւերակ սիւներն ու խոյակները, գոց կանաչ մամուռներով, ողողուեցան արեւով։ Պուլվար Սէն Միշէլը՝ մրջնանոցի եռուզեռ։ Զով ու թարմ միտքեր, ուսման գիտելիքներու զեփիւռներէն ուռճացող՝ չեն կնճռոտած դեռ յառաջացած տարիքին բարբոսներէն։ Սորվողներու երամներ կ՚ելլեն ու կ՚իջնեն, ճռուողուն դէմքերով։ Լիսէ Սէն Լուի նմանապէս բացեր է բերանը ուրկէ կը պոռթկան աշակերտները այն հրճուանքով որով ինք ալ, տարիներ առաջ, այնքան անգամ, մտած ելած էր։ Ուրախացաւ, - ինք ալ ուսանող է, անոնց պէս է, չէ դադրած ուսանող ըլլալէ... Իր վրդովումը եթէ չչքացաւ՝ մեծապէս մեղմացաւ։ Ինչպէս միշտ՝ տեղի տուաւ կարեկցութեան։ Ինչպէ՞ս ընէ որ հիմնովի՛ն, վերջնականապէս հանդարտեցնէ այդ ստորացնող կասկածամտութեամբ եռեփող խառնարանը՝ նկարագիրը։ Անշուշտ ձեւ մը պիտի գտնէ...

Դիմացի մայթին վրայ, տասնեակ մը քայլ անդին, նշմարեց Էտիթին։ Մերկ սրունքներով, սեւ փէշով, ռակլան վերարկուով որ չէր կոճկուած։

Չինական մետաքսէ պլուզի մը մէջ՝ սրածայր տէքօլթէ որ ստինքներուն ծնունդն ու բան մըն ալ աւելի կը ցուցադրէ։ Հեռուէն իսկ աչքին զարնուեցաւ եղունդներուն սեւ կեռասի մօտ կարմիրը։ Հակառակ որ կարճահասակ չէր՝ կոշիկներուն կրունկները երկար ու նուրբ էին որոնց վրայ իր մարմնեղ զանգուածը անհաստատ հաւասարակշռութիւն մը կը  պահէր։ Երկար, բարակ կրունկներով կիները միշտ տեսակ մը անհանգստութիւն կը պատճառէին  Հրանտին...

Շունը մօտակայ ծառերուն կ՚ուզէր հպիլ, ոտք վերցնել։ Շունը կը քաշէր Էտիթին, Էտիթ կը քաշէր շունը։

Կը խօսէր շագանակագոյն, կլոր գլխարկով, քառասուննոց, նիհարակազմ մարդու մը հետ որ կարմիր մորթ ունէր եւ կապոյտ աչքեր, վիզը կարմիր էր եւ ծալքերով։ Սիրալիր խօսակցութիւն մըն էր, հաւանաբար պայմանագրական կամ մակերեսային նիւթերու շուրջ, որ մեծ հաճոյք կը թուէր պատճառել հեղինակներուն եւ որոնց, ընդհանրապէս այս քաղաքներուն մէջ՝ մարդիկ ժամեր կը յատկացնեն, երբեմն իրենց ամբողջ տրամադրելին ու չտրամադրուածէն ալ՝ փոխառութիւններ։ Հրանտ կանգ առաւ։ Էտիթ յանկարծ նշմարեց զայն։ Դէմքը տհաճ տպաւորութիւն արտայայտեց։ Ոեւէ ընթացք չի տուաւ։ Հրանտ որ անոնց տունը կերթար՝ շարունակեց  իր ճամբան։ Հապա ինք էր միա՛յն «ամբողջ գաղութին մէջ, » որ, որ, որ... Քմծիծաղ մը ունեցաւ։

Փլաս Մոնժէն քիչ հեռու՝ մտաւ խանութը։ Երկար բարակ դիտեց ու քննեց խաղալիկները։ Վերջապէս ընտրեց աքոռտէոն մը ուր կարելի էր լրջօրէն նուագել արդէն կտորներ։ Խնդրեց վաճառորդէն որ շոքոլայի ծրարն ալ միւսին հետ կապէ։

Հինգերորդ անդամը ըլլալով՝ երկարօրէն զանգը հնչեցուց։ Մարդ, դուռ բացող չկար։ Ականջը դրաւ՝ ոչ մէկ աղմուկ։ Դիմացի վարձակալին  դուռը զարկաւ։ Հոն ալ մարդ չկար։ Վերջապէս սանդուխներուն վրայէն աղմուկ մը առաւ։ Գլուխը երկարեց։ Բազրիկին վրայէն ճանչցաւ որ ոլորապտոյտ սանդուխներէն յամրաքայլ բարձրացողը՝ Պետրոսն է։ Չէր լըւացուած։ Ոչ ալ հագուած։ Մաշուած վերարկու մը, բարձրացած օձիքով, կը պատսպարէր մարմինն ու թափթփածութիւնը։ Ան ալ, ընկերը ճանչնալով հազիւ կրցաւ մեղմել իր տհաճ հակազդեցութեան արտայայտութիւնը։

Թեւին տակ հաստ հաց մը, միւս ձեռքին կաթի շիշը եւ տուփ մը Լիւքս։

-Տաքութիւն շատ ունի՞, հարցուց Հրանտ, ակնարկելով Աշխէնին որ կարմիր այտերով տենդագին  աչքերով, լուրջ, լուռ, պառկած էր։ Ճանչցաւ այցելուն բայց ոեւէ նշան չարտաբերեց.

-Երէկ իրիկուն քառասունի մօտ էր. պատասխանեց Պետրոս շարունակելով մնալ քէնոտ տրամադրութեան մէջ։

-Այս առաւօ՞տ։

-Այս առաւօ-օ՜տ... կարծեմ դեռ չառինք։

Հրանտ տեղեկանալէ վերջ որ բժիշկ չէ եկած, Տոքթ. Մարկոսեանին հեռաձայնին թիւը տուաւ որ Պետրոս զայն անմիջապէս կանչէ՝ իր կողմէն։

Պետրոս այս վերջի շրջանին, իրենց հազուադէպ հանդիպումներուն, տարօրինակ վերաբերում ցոյց կուտար իր ընկերոջը հանդէպ։ Մերթ չէր ճանչնար զայն, մերթ հազիւ կը ճանչնար։ Յաճախ՝ անբարեկամ նոյնիսկ ատելութեան հետքերով...

Այդ վերաբերումները կը փոփոխուէին, կ՚այլասերէին ըստ օրէնքներու որոնցմէ մէկ բառ իսկ չէր յաջողեր հասկնալ Հրանտ եւ կը վերագրէր անոր գալարուող, մղձաւանջային կեանքին։

Հրանտ զայն կը գտնէր փոխուած։ Ակնարկները միշտ քեզ կը խուզարկեն Քուկիններդ անոնց հանդիպելուն պէս, վայրկենական, կը խուսափին, կը սահին։ Այո՛, կը սահին։ Ընդհանրապէս սահող բան մը եկած էր եւ սկսած տիրապետել իր վրայ։ Շարումները, ակնարկները, մանր յանձնառումները, տրամաբանութիւնները՝ կը սահէին։ Յետոյքը ոլորելու, սահեցնելու տարօրինակ, ճարպիկ ձեւեր առած էր որ առաջ չունէր։ Պէտք չեղած տեղը խեթ ապառաժի պէս կարծր դիրք կը բռնէր, նոյնքան աւելորդ տեղը եւ դիւրութեամբ կը համաձայնէր էական խնդրի մը վրայ։ Վայրկեան մը կ՚ըլլար ինչ որ եղած էր առաջ եւ մնացեալ բոլոր ատենը՝ կը սահէր... Կեղծ պատուելիի հեզահամբոյր կրաւորականներու մէջ, յանկարծական, ինչպէս վագրի երախէ մը, մերկացող ակռայ մը... Երբեմն կը դառնար մալդուկ մը եւ ըսածդ չէր հասկնար։ Երբ դնէիր իր մէկ ցցուն հակասութեանը առջեւ, օրինակ, երէկ չէ առջի օր գործակատար, «Օսմանեան Կայսրութեան նախկին մաժիթրան» ցեխերը կը խոթեր, ինչպէս է որ այսօր կը նկատէ զայն իսկական հայրենասէր մը։ «Հա-ա՛... », կ՚ընէր անայլայլ, անմեղ, իբր թէ խնդիրը աննշան մանրամասնութեան մը համար ըլլար։ Ամբողջ հատոր մը լորձնաշուրթն ներբողական գրած է, ինչպէս է որ այսօր Խորհ. Հայաստանի մէջ ազատութիւն չկայ, եւ կը պահէ վատ insinuation ներով լի լռութիւններ. «Չէ ճանըմ, դուք չէք հասկցած... ». կամ, այնտեղ, «այնպէս կ՚իյնար ըսել... »։ Ու այս երկուութիւնները, ճօճումները վերջերս բացառիկ արկած մը չէ որ կը կազմէին այլ դարձեր էին իր կեանքին կշռոյթն իսկ

Դատողութիւնը կը հպատակէր, հիմնայատակ քանդուած նորմերու աւերակին վրայ, անհասկանալի... մեքենութեան մը։ Այսօր մայիս 28ը հայ պատմութեան մեծագոյն թուականն է երբ երէկ յիշատակութեան մը իսկ արժանի չէր...

Սենեակը կը պահէր գրեթէ այն անփոփոխ կերպարանքը որ ան միշտ տեսած էր։ Ոեւէ օր, մոմլաթէ սփռոցին վրայ, օրուան ոեւէ մէկ ժամուն, ուտելիք, ուտելիքի այլազան ընդունարաններ, ուտելիքի մնացորդ, ուտելիքի մղձաւանջ...

Օթոցին վրայ, ճերմակը գորշ դարձած, գրեթէ սեւորակ բուրդէ վերմակէն զատ բոլոր հին վերարկուները նետուած էին որոնց յորդակուտակ դէզէն հազիւ դուրս կ՚ելլէր, գլխահատ, կարմիր ու լուռ վարդ մը։ Աշխէնին գլուխը։

Երբ Պետրոս խոհանոց գնաց, Հրանտ բացաւ, անոր անտարբերօրէն հետեւող ակնարկներուն տակ, շոքոլային ծրարը եւ աքոռտէոնը։ Ո՛չ մէկ ազդեցութիւն։ Բռնեց մանրիկ քթին ծայրը եւ մեղմութեամբ շարժեց։ Ոչ իսկ ժպիտ մը։ Պա՛հ, ինք ալ կը կարծէր որ ալ մեծ աղջիկ մը, օրիորդ մը եղած է։ Պարուհիները այսպէս թուլամո՞րթ կ՚ըլլան... Ո՛չ մէկ արդիւնք։ Սկսաւ զանազան ծամածռութիւններ ընել, ուս ու գլուխ շարժել, արհամարհանք ու բարկութիւն արտայայտել։ Առաջ, անվրէպօրէն, կը սկսէր խնդալ եւ ճգնիլ միեւնոյն շարժումներովը պատասխանել իրեն որոնք, իր մօտ անդիմադրելիօրէն ծիծաղաշարժ կը դառնային։ Այս անգամ յոգնեցուցիչ զինք։ Ձանձրոյթով կոպերը փակեց։

Յանկարծ դուռը բացուեցաւ։ Աւելի ճիշտ՝ գրեթէ խորտակուեցաւ։ Ներս մտաւ նախ շունը, յետոյ Էտիթ։ Երկու անգամ, ազդարարութեան նման հաջեց եւ անմիջապէս Ռէքս - այդ էր իր անունը - նստեցաւ երկու ետեւի ոտքերուն վրայ, օթոցին դէմն ու ստորոտը։ Աչքերը հատատեց Աշխէնին վրայ եւ ալ չշարժեցաւ։ Էտիթ եղունգի կարմիր գնաց էր - այս անգամ մարգան փոխեր է, նայի թէ ինչպէս դուրս պիտի գայ - եւ Ռէքսին համար՝ լուծողակա՛ն։

-Tu me coute cher, toi, cochon !. ըսաւ, ցուցամատը շարժելով։

Շունը կարեւորութիւն չտուաւ։

-Ձեզի տեսայ քիչ առաջ, բարեւ ձեզ, յաջողեցաւ ըսել Հրանտ։

Այո՛, շատ ժանթիյ մարդ մը կ՚երեւայ։ Չէր ճանչնար, բացարձակապէս չէր ճանչնար զայն։ Ռէքսին կը սկսի սիրել։ Երեւան կուգայ որ շուն խնամող ու ծախող է։ Թանկագին խորհուրդներ տուած է։ Մարդ չի կրնար երեւակայել թէ ի՛նչ դրամներ կը շահին՝ շուն ծախելով։ Հրանտ յիշեց որ անգամ մը Պետրոս, քրքջալով... յայտնած էր որ տասը րոպէ  դուրս ելլէ, քսան անծանօթի հետ խօսքի կը բռնուի։

Յանկարծ, առանց այլեւայլի, ինքնաբուխ ծորումով, հանելուկային ժպիտ մը դէմքին, հայելիին  առջեւ, մազերը շտկելով, յայտարարեց.

-Տարօրինա՛կ  փողոց մը կ՚ապրինք... ամբողջ Թափէթներով եւ փէտէրասթներով լեցուն է...

Տարիներէ ի վեր արդէն՝ Հրանտ նկատած էր որ մարդիկ շատ աւելի բնական դիւրութեամբ սեռային նիւթը, սեռային հիւանդութիւնները, անոմալիները կը քննէին, ոեւէ տեղ, ոեւէ ընկերութեան մէջ, քան թէ, օրինակ, օդի ու եղանակի խորհրդածութիւն կը փոխանակէին։ Հրանտ վերյիշեց ամիսներ առաջ Հայկին պատմած միջադէպը, ճաշարանի դրսեմասը, սպասարկող աղջկան կողմէ... Կիներուն համար մասնաւորապէս ատիկա դարձած էր իրենց գեհենային հոգեկան խեղճութիւնը, աղարտումը ծածկող մոտերն քղամիտ մը... Անոնք ա լա բաժ էին այդպէսով... Քաֆէ տէ Տէս Մէկօ հրապոյրով՛՝ գիտէին ոտք ոտքի նետել, սրունք ցուցադրել՝ մինչեւ զնստերուն ծալքերը, սիկարէթ քաշել՝ մանաւանդ ճողոցը, քալելու ատեն... Անոնք մոտեռն են, ծթրած նախապաշարումներէ ձերբազատ, Էմանսիփէ՜, ազա՜տ... Որքան աւելի ցուցադրեն նուրբ ու զարտուղի մոլութեանց իրենց գիտութիւնը՝ այնքան աւելի ազա՜տ են... Եւ Հրանտ նկատած էր որ երբ Էտիթ ինքն ալ իր պոյր ցոյց տալ ուզէ՝ սեռային նիւթ մը կը սկսի պարզաբանել...

Հրանտ լաւ մը ծածկեց Աշխէնին վիզն ու ուսերը։

-Լաւ կ՚ըլլայ թերեւս որ վերցնէք ասիկա պատուհանը պիտի բանամ քիչ մը, յայտնեց Հրանտ ակնարկելով ոչ պարպուած գիշերանօթին  որ սենեակին օդը տառացիօրէն խեղդող դարձուցեր էր։

Թերեւս երեք տարիէ ի վեր արդէն Աշխէն կրնար իր պէտքը կատարել բոլորին նման բայց Էտիթ տարօրինակ  սովորութիւններ  ունէր։ Վարժեցուցած էր Աշխէնին, սենեակին մէջտեղը, ճաշի սեղանի կողքին նստիլ ջոքալիին վրայ։ Երբեմն կէս ժամ, երբեմն ժամ մը կը տեւէր արարողութիւնը։ Անոր քով խաղալիկներ կամ ներկ ու պատկեր կը գրուէին որպէսզի զբաղումի այդ ընթացքին։ Գործողութենէն յետոյ ալ շատ յաճախ, անմիջապէս չէ որ ան կը տարուէր իրեն վիճակուած վայրը։ Նախ՝ Թուալէթները կ՚ընէին... Պետրոս շատոնց հրաժարած էր պայքարելէ։ Սկսած էր նոյնիսկ թթու հաճոյք մը առնել իր համակերպութիւններէն։

Էտիթ նեղսրտած  է։ Չի յաջորդիր Ռէքսին սիւփոգիթուառները դնել։ Դրացնուհին՝ Տիկին Լըպիէնվընիւն կանչած է։ Ան սիրով յանձն առած է կատարել զարմանումը։ Այսօր տունը չէ սակայն, աղջկանն  է գացեր։ Շատ ժանթիյ կին մըն է։ Չէ ուզած դրամ առնել։ Ինքն ալ, կերպով մը հատուցանելու համար, իրեն վճարովի կարկտուք յանձներ է։ Հապա եթէ գիտնար թէ անցեալ կիրակի ի՛նչ պատահեր է... Պիտի խենթենար։ Մազ մնաց Ռէքսին պիտի մեռնէր։ Մարդ չէ հասկնար թէ ի՛նչ ունի։ Տիկին Լըպիէնվըիւն կուգայ։ Շատ ժանթիյ է։ «Պէտք է անմիջապէս անասնաբոյժ մը բերել... », կը վճռէ։ Կիրակի օրով, ո՛ւր գտնես, ո՛ւր կանչես։ Ժամեր կ՚անցնեն՝ փողոցէ փողոց, սրճարանէ սրճարան, դուռ ծեծելով, հեռաձայնելով։ Վերջապէս հատ մը կը գտնեն։ Անմիջապէս ներարկում մը հարկ է ընել։ Այս անգամ դեղարան մը ճարէ, եթէ կրնաս, որ կենդանիներու դեղերն ալ ունենայ։ Քէլ աւանթիւր, քէլ աւանթիւր... Դարձեալ Տիկին Լըպիէնվընիւր է որ կը յաջողի ճարել եւ բերել։ Ի՛նչ ժանթիլ կին է։ Je vous assure, որ սուղի նստեցաւ այս քոշոնին հիւանդութիւնը....

-Չերմաչափը ո՞ւր է, չեմ գտներ, ըսաւ Հրանտ։ Հիմա բժիշկը գայ՝ առաջին հարցումը այդ պիտի ըլլայ։

-Բժի՞շկ պիտի գայ, հարցուց Էտիթ։

Աշխէնին տաքութիւնը քառասունի մօտ էր։ Էտիթին վրայ գորովանքի նոպայ մը եկաւ այդ լուրէն։ Մօտեցաւ Մոնիքին եւ. «Մա փով՚ շութ, մոն փովը անժ... » յայտնեց, րոպէ մը անոր կարմիր այտերուն նայելով։

Ներս մտաւ Պետրոս։ Տեղ մը նայեցաւ, տեղ մը գնաց, տեղէ մը ետ եկաւ, միշտ սահելով, միշտ tangente... Ի վերջոյ.

-Alors ? vieux !... Բարձրաձայն դուրս տուաւ ընկերոջը ուղղուած, համարձակ, «վերէն», որ անգամ մը եւս զարմացուց Հրանտին։

-Գիտե՞ս, Էտօ՛... ուղղուելով կնոջը։

«Ասոր հետ» (Հրանտին) Սորպոն եղած են։ Ինք առանց աշխատելու մի՛շտ գիտէր, ան՝ կ՚աշխատէր եւ չէր գիտեր։

-N՚est ce pas, vieux ?

Հրանտ նկատած էր որ յաճախ կնոջը ներկայութեան Պետրոս անճանաչելի կը դառնար։ Տարօրինակ շեշտեր կ՚առնէր, խօսքեր կը գտնէր։ Անհամապատասխան կոչականներ կը գործածէր... Մեծ նիւթերու անպատեհ քննութեանը կը ձեռնարկէր։

Ա՛ն ալ, Պետրոս ալ վարակուած էր առասպելախտէն։ Ա՛ն ալ, շատերու նման, ա լա Շահխաթունի, օտարոտի սիրալիրութեան եւ կեղծ անկեղծութեան խառնուրդովը, երեսիդ, սուտը կը յայտարարէր, ուրիշներու ներկայութեան, մանաւա՛նդ երեսիդ, քեզ ալ ստայօդ առասպելին հերոսը, մէկ դերակատարը կամ վկան դարձուած ըլլալուն համար։ Եւ դուն՝ նոյն հետայն մեղսակիցն ես։ Անխուսափելիօրէ՜ն։ Անհնարին է որ, այդ ջերմ ու «նուիրական» սիրալիրութեան թմրութեան մէջ, հերքումի մը կոպտութիւնը կարողանաս ստանձնել։ Այդ ախտը որ Շահխաթունիին մօտ, իր արդէն խարդախուած խառնուածքին օգնութեամբը, հասած էր դասական բիւրեղացումի, իր այլազան երանգներովը, ճարակած էր ամբողջ մեր գաղութը։

Չոպանեանինը քիչ կը սնանի անցեալի եւ ներկայի դէպքերէն։ Երբեմն նոյնիսկ խեթի ու զարտուղի ուշիմութեամբ մը, ան հոն կը պահէ առարկայական եւ չափաւոր թոն, առողջ համեստութեան մը տպաւորութիւնը պատրաստած։ Իր առասպելամոլութեան բուն դաշտը՝ ապագան է... Ինչպէս երէկ Խորհրդային կառավարութեան, այսօր, Վաշինկթոն կրնայ ղրկել ռազմավարական եւ դիւանագիտական ծրագիրներու լրիւ թղթածրար մը՝ վերջնականապէս լուծելու համար միջազգային բոլոր խնդիրները, հաստատելու համար խաղաղութիւնը, համաձայն իր վեհանձն եւ ամէնգէ՜տ եսին...

Փրոֆէսէօրը ինք չի սիրեր ըլլալ հեղինակը ստահիւս իր առասպելին։ Ան հանճարը ունի իր նախկին աշակերտներէն մին դարձնելու իր միթին հեղինակը... կամ վարձկան գրչակ մը։ Ինք միայն, վարպետօրէն, ստորակէտերն ու բութերը կը դնէ...

Օսմանեան Կայսրութեան նախկին մաժիսթիա ինը, թրքական յատկանիշ կը կրէ, մերթ՝ վայրա՜գ, մերթ՝ ստրկախոնա՛րհ, միշտ՝ սինիք... Ծօ՜ հիմա բերանը բանալ չի տան, ես տէյի իրենք չեն խօսիր, եւ մէկ եումրուխով... Իր նենգ հեգնանքը անսահման է՝ պաշտօնակիցներուն հանդէպ, բոլորն ալ առաւ - փախաւ, անկարող...

Փրէնս Հիւկ տը Փաքրադիտինը՝ ամէնէն աւելի բա՛րդը, հաւանաբար, վասնզի ամէնէն աւելի ախտաբորբոքն ու ֆրէստեանը։ Դիւցազնականը, գաղտնի ոստիկանականը, սուլթանի աղջիկներու առեւանգումէն մինչեւ Փարիզի հալերուն՝ ճրագու հաստ կիներէն մինչեւ աղջկայ գոլէճներու պեղումը, սթիլիսթիքի անստգիւտ խաղարկութեան դերուսուցումը՝ անհամար այլ տարրերու հետ կը մտնեն ցնորքի աշխարհէն ներս, զայրագնած սեռայինի շառայլ պատմուճանին մէջ փաթաթուած։ Իշխանին մտթը վատութեամբ չէ կազմուած երբ Չօպանեանինը կրնայ դիւրութեամբ քինախնդիր ու վատ դառնալ, երբ Շահխաթուիինը, ի ծնէ վատ, իբր գլխաւոր լծակ ունի միայն շահն ու շահագործումը, եւ փրոֆէսէօրինը՝ սնամէջ յիմարութիւնը...

Մէթրինը՝ փակ լռութեամբ էր հասկցուի, մածունին ամբողջ ամանը պարպած ու բերանը իսպառսպուռ սրբաց հերոսին նման...

Հ. Ա. Ք. ինը՝ երկչոտ ըլլալէ աւելի ձախ է երբ ձախաւեր չէ... Անոր թատերաբեմը այնքան լայն, անծայրածիր է - Շապին Գարահիսարէն՝ Փարիզ, Մոնփէլիէէն՝ Ռիւ Ժան Կուժօն, Շան զ՚Էլիզէէն Ռիւ տը Թրէվիգ, անցնելով կեդրոնական ոստիկանատունէն եւ շարժ մը նախարարութիւններէ, դուրս գալով փրէֆէի, Հէռիօի, Կէօպէսի տեսակցութիւններէն եւ մտնելով թաղային ոստիկանատունները, ամենուրեք բարկանալով, սաստելով, լուսաբանելով, տիրէքթիվներ տալով - այնքան անծայրածիր է որ դժուար է հետի՝ հասնիլ հերոսական դէպքերուն, կամ կարելի է՝ ջարդուած, ջարդոտած...

-Dis donc, vieux l շարունակեց Պետրոս, կը յիշե՞ս Պուկլէն եւ այն օրը որ Նիցշէի առթիւ, Սորպոնի մեր ամփիթատրոնին մէջ, բախում մը ունեցայ... La question n՚est pas la, բայց բերաննին բաց մնաց... Մեզի էնայիի տեղ էին դրած...

-Էնայի՜, էնայի՜... կրկնեց կինը, մանկական, զուարճալի կոպտութեամբ իբր թէ կէս կիսատ բառին իմաստը գիտնալը՝ խորապէս զաւեշտական

-Dis done, Էտօ՜, աս մարդը երբեք չի կրցաւ կութէ ընել Սիմըթիէռ Մառինը... Ես ա՛ն ատենը, ա՛ն, Վալէռի՛ին ներկայութեան նա՛, թող ըսէ՛, հո՛ն էր, Վալէռիին ներկայութեան՝ վերլուծեցի... ամա՝ վերլուծեցի... Կը յիշե՞ս՝ Պուկլէին փափաք յայտներ էր հետս ծանօթանալ...

-Ո՞վ, հարցուց Հրանտ։

-Վալէրի՛ն, ո՛վ... La question n՚est pas la, բայց մեզի, հայերուս ի՞նչ կը կարծէին։ La question n՚est pas la դեռ ես ալ բան մը չեմ, բայց ան ատեն, ուրի՛շ, ուրի՛շ... Սիմըթիէռ...

-Ճիշտ է, ընդմիջեց Հրանտ, չեմ հասկցած։ Օր մը առիթ ըլլայ, նորէն միասին կարդա՛նք։ Կը բացատրես։

-E ben mon vieux ! կ՚ուզե՞ս որ քեզի բան մը ըսեմ՝ նորէ՛ն պիտի չհասկնաս... Ուրիշ խնդիր է... ժենեռասիոնի, ինչ գիտնամ, ուրի՛շ...

Էտիթ ակնարկ մը ձգեց՝ մաղձով ծանրաբեռ որուն հին խմորումները ֆիզիքական անհանգստութիւն մը տուին Հրանտին։

-Բայց դո՛ւն քլոշա՛ռ մը մնացիր քլոշառ ալ պիտի մնաս... (Ռնգային մռլտուքով մը) Զաւակիդ բժիշկն իսկ ուրիշները պիտի կանչեն... յայտնեց կինը, ակռաներուն մէջէն։ (Դառնալով Հրանտին) Իսկ իր հայրենակիցները չե՞ն կրնար քիչ մը մտածել... Vous autres, les Armenoens, պիզաո մարդիկ էք։ Հայաստան, ժոկովուղդ, աղե՛կ, բայց... Եւ եթէ անոր համար ալ չէ՝ ե՛ս հապա... Tout de meme, je suis francaise, moi... Միւսը՛, միւս ազիաթիքը, Նիւ Եորք, հարուստ՝ քոմ իւն վաշ. եղբօրը ընտանիքը՝ հողն իսկ չէ... Vous autres, les Orientaux, անհասկանալի մտայնութիւն ունիք... աւելցուց։ Շրթներուն անկիւնները՝ ծալքերը շեշտուեցան, մութցան, բազմաթիւ տարիներով ծերացուցին զինք, երբ դէմքին մնացեալ մասը ստացաւ անկենդան, կաւիճի ճերմակութիւն։

-Հապա ինչպէ՞ս է որ քու մա՛յրդ, քու հարազա՛տ մայրդ, ամառը, տասըհինգ օրով իսկ երբ իր տունը գացինք՝ փանսիոննիս առաջուընէ վճարել տուաւ... Եւ դո՛ւն արդէն, առաջուընէ, բնականօրէն դրամը կը պատրաստես, պոռթկաց Պետրոս, մեծցած բիբերէն գայթակղութեան կայծակներով...

Էտիթ յանկարծ հանդարտեցաւ։ Կարծրացաւ։ Գզրոցը որ բացած էր՝ մնաց բաց, մատները անոր կոճակին։ Գլուխը կիսովին դարձուց ամուսնին.

-Պիտի զղջաս... արտասանեց, ցած ձայնով։ Քաշեց արոյրէ ակնարկներուն սլաքները որոնցմէ դեռ թոյնի կաթիլներ կ՚իյնային։ Գլուխը յամրաբար դարձուց իր առաջին դիրքին մէջ։

Շուարեցնող, խելագարեցնող էր այդ արարածներուն հոգեկան տալթոնականութիւնը։ Ինք աւելի քան բնական կը գտնէր իր ունեւոր մօրը պիզնէսը՝ որով թոռան կերած պատառը վճարել կուտար, եւ հեռաւոր ու անծանօթ տագրոջ մը մեծագումար օգնութիւններուն նուազումը - վասնզի տարիներէ ի վեր կ՚օգնէր ան - կը նկատէր ախտանիշ՝ այլասերած օրիանթօներու... Անոնց պարզապէ՛ս օրիանթօ ըլլալը եւ իր՝ Ֆրանսուհի, բաւական էր որ անոնք իր ճորտերը դառնալ պարտաւորուած ըլլային... Եւ  առջեւը դրուած իր հակասութիւններուն մէջէն պայթող ճշմարտութեան տեսքը կը դարձնէր զինք վա՛տ ու վտանգաւոր։ Ան այդ տեսքէն կը սարսափէր՝ ինչպէս չղջիկը լոյսէն...

Այդ պահին յաջորդող հրաշէկ լռութեան մէջ էր որ դուռը բացուեցաւ։ Երկու մարդ ներս մտաւ։ Մէկը ժպտուն, միւսը լուրջ։ Մէկը դժգոհ, միւսը «գոհունակ»։ Դժգոհը բժիշկ Մարկոսեանն էր, «գոհունակը»՝ պատուելի Գառնիկեանը։ «Սանդուխներուն վրայ իրարու հանդիպեցանք, ես ու Տոքթօրը, հի-հի-հի... » յայտնեց՝ «գոհունկ» մշտական զակազու լաւատեսութեամբ մը Տոքթ. Մարկոսեանին ալ ակնարկները ընդհանրապէս կը սահէին։ Բայց կը զգացուէր որ ան ուզած ատենը, վտանգաւորօրէն, թանժանթը կրնայ դաշոյնի մը ուղղահայացը դարձնել։ Պատուելիին ալ ակնարկները, շարժումները կլոր էին, եւ կը սահէին։ Իր ժպիտը. կերպասով շինուած վարդ մըն էր որ հազիւ քթիդ մօտեցուցած, ետ կը քաշէր, կը սահեցնէր...

Տոքթ. Մարկոսեան նեղորտած, mauvaise humeur, հարցաքննեց։

-Ի՞նչ կերցուցիք, ո՜վ գիտէ նորէն ինչ խվռ զվռ բաներ փորը լեցուցիք։ Տաքութիւն ունի՞։ Երէկ ալ ունէ՞ր։

-Այո՛, Տոքթէօռ։

-Քանի՞ աստիճան։

-... (Տուած հարցումներուն պատասխանը չէր լսեր արդէն)։

-Ի՞նչ գիտէք հապա։ Ձեռքո՛վ տաքութիւնը կը չափէք։ Ո՞վ ըսաւ ձեզի որ վէկանին տաք... (Յետոյ, առանց այլեւայլի՝ գրպանէն քաշեց թուղթն ու սթիլօն) կռիփ էնթէսթինալ է... քիչ մը պռոնշիթ ալ կայ... Բաց նայիմ բերանդ։ Անժինի սկզբնաւորութիւն մը...

Տոքթ. Մարկոսեանին հիւանդը եթէ հարուստ չէ՚ անպայման փիս պողազութիւն ըրած է, օղի խմած է, կիներու հետ է, հոգ չէ թէ հիւանդը բուսակերային է օղիին ինչ գոյն ըլլալը չի գիտեր, կնոջ մը պանդիպի՚ մայրթ փոխէ... Եւ վա՛յ իրեն եթէ ճշդել փորձէ, ո՛չ թէ հակաճառութեան համար այլ պարզապէս յօգուտ ախտաճանաչութեան։ Եթէ ան աղքատ է կամ լոկ «ընկերային ապահովագրեալ» մը, ի՛նչ հիւանդութիւն ալ ունենայ, պատճառը այն է որ գաղտնի սիֆիլիթիք է, կամ ֆուան ի ծնէ տկար է, թիսիւն գէշ է, արիւնը ճարպ կը դառնայ, կլանտը չի գործեր... Այս թնըացքին, զուգահեռաբար, ստորերկրեայ, միտքը գաղտնի ոստիկանական աշխատանք մըն ալ կատարած է։ Եւ գրեթէ միշտ, ամէնէն ապերախտ պարագային մէջ ալ, ելք մը գտած է, այս կամ այն եղանակով, ոեւէ եղանակով, ենթական շահագործման երանգի մը ենթարկելու, մնալով հանդերձ պարտաւորեցնողի, կեանք ազատողի, անձնուրացի դիրքին մէջ։

... Հա՛, կի՛նը ինչ կ՚ընէ, աղջիկը գործի՞ է արդէն, եղբայրը ո՞ր ճիւղին մէջ է։ «Հիչ» բան չըլլայ, բարոյական թրաֆիք մը - ընտանեկան գաղտնիք մը իմանալու, միջնորդութիւն մը կատարել տալու, մունետիկ դարձնելու... Տակաւ մօվէզ ճիւմէօռը կը մեղամանայ։ Մեկնումը սիրալիր, ժպիտի փշրանքով մըն ալ... Քանի մը րոպէ վերջ, «ենթական» կ՚ենթարկուի, փողոցը, կատարեալ տագնապի մը... Եթէ ոստիկաններ լաւ մը ծեծած ըլլային փորթ քոշէռի մը մութին մէջ, եթէ կաւատներ երեսին թքած ըլլային, եթէ գործակատարներ ամբողջ դրամը շորթած ըլլային, եթէ հայ գրավաճառի մը կամ Թօփուզեանին ճանկերէն նոր դուրս պրծած ըլլար, եթէ ստահակ մը մահիճը պղծած ըլլար, ան՝ մարմինն ու հոգին աւելի ծեծուած, ջախջախուած, կոխկռտուած, ցեխոտած պիտի չզգար...

Պատուելի Գառնիկեան երբեմն կ՚այցելէր, Պետրոսին որուն հետ լիպր արպիթրի խնդիրը կը քննէին ընդհանրապէս, հորիզոնէ հորիզոն, եւ կը փաստարկէին կաթոլիկութեան փտութիւնը։ Այս անգամ եկեր էր յայտնելու՝ հաւանական գործի մը լուրը։ Պէտք է որ Պետրոս ժամ առաջ ներկայանայ Հայկական Վարչատունը... Պետրոս փոխակերպուած է։

Այս այցելութիւնները մէկ շահեկանութիւն կը ներկայացնէին Էտիթին համար։ Անոնք ուտել խմելու առիթներ էին։ Խմելը՝ աւելի հաճելի կը դառնար։ Աւելի՝ թոյլատրուած... Մէկ մէկ Սէնզանօ սկսաւ սպասարկել։

-Մոն Հոմ սովորութիւն չունի ծրարով բեռնաւորուած տուն գալու։ (Կատակի տուող խնդուքով) Ներեցէք որ ո՛չ լիմոն կայ տունը եւ ոչ ալ, ինչպէս կ՚ըսեն, ամիւղ-կէօլ... Այն օրը որ մարդս փաքթով մը տուն գայ՝ c՚est un evenement... Ես դեռ չեմ, պատահած այդ էվէնըմանին... Պատուելի՜, ձեզի՛ ալ կաթիլ մը...

Հա՛-հիւ, չէ-այո՛, այո-չէ՛... Վերջապէս՝ կաիթի՛լ մը միայն։ Պատուելին մատը կը դնէ գաւաթին ստորին եռամասին։ Պռոնշիթի պէս բան մը կայ վրան, այսօր թող բացառութիւն ըլլայ, իբր դեղ... Խօսակցութեան հոսանքին մէջ՝ ցուցամատը անզգայաբար բարձրացած է դէպի գաւաթին վերնամասը...

Յետոյ սակայն, լիւքս տուփով մը պոնպոն պըտըտցուց։ Էտիթ երբեմն կը ստանար այդ կարգի նուէր մը։ Բոլորն ալա նստեցան շուրջանակի։ Գիտութեան սահմռկեցուցիչ յառաջդիմութենէն՝ խօսակցութեան նիւթը տարածուեր էր մինչեւ Աստուծոյ գոյութիւնը։ Պետրոս յայտնեց որ չկայ գիտական ոեւէ ճիւղի մէջ գիւտ մը որմէ ծորած վարկածը արդէն, ուրիշ ձեւով մը ըսուած չըլլայ, Քրիստոսէ տասնեակ դարեր առաջ, մասնաւորապէս հնդկական սքիւլթ Գրոց մէջ որոնք գրեթէ ամբողջութեամբ միսթէռով պատուած են դեռ...

-Օրինակ, մեծահռչակ անգլիացի բնագէտ մը՝ Սըր Ուիլիամ Կրով որ տառացիօրէն գրած է. «Արագօրէն կը մօտենայ այն օրը ուր պիտի խոստովանինք թէ մեզի ծանօթ ուժերը երեւութային յայտնումներն են միայն այն իրականութիւններուն որոնց մասին բան մը չենք գիտեր, բայց որ հիները կը ճանչնային եւ իրենց պաշտամունքին առարկան դարձուցած էին...

Ներս մտաւ նաեւ Տիկին Ադամեան։ Իրականին մէջ Մատէնճեանները կը սպասէին անոր եւ սակայն այդ պահուն անոր այցելութիւնը բոլորովին մոռցած էին։ Ամերիկեան քոլի մը բերած էր եւ գրասիրական ընկերութեան մը կողմէ՝ գումար մը։ Էտիթին ականջին, մեծ ծամածռութիւններով, ցաւ կը յայտնէ որ իր սպասած մեծութիւնը չունի «գումարը», բայց, ուրիշ անգամ... Փոխադարձ ներողութիւններու, սիրալիր բողոքներու զեղում եւ նրբութեանց մրցում...

Պետրոս հնար գտած էր քովի սենեակը առանձնալու, արագ յարդարանք մը կատարելու եւ հարգուելու։ Դուռը բացաւ եւ ներս մտաւ՝ կռնակը տեսակ մը սահեցնելով։ Հրանտ կը դիտէր զմայլած... Բաց շագանակագոյն քառակուսիներով տափատ մը, քիւլոթ տը կոլֆ, որ կը սեղմուէր ծունկերուն տակ։ Նոյն երանգով, երկարավիզ, բուրդէ, էքոսէ գուլպաներ։ Զոյգ մը լաստ՝ իբր կօշիկ, վերին աստիճանի արդիաձեւ, Կռան Պուլուառ, գոց շագանակագոյն այծեամէ, հաստ՝ թռիփլը քռեփ ներբաններով։ Նոյն երանգէն, գրեթէ թէթ տը նէկը, փուլ օվըր մը։ Գոց շագանակագոյն շապիկ, բաց գոյն փողկապ ջրոտ շագանակագոյն։ Կանաչ բաճկոնակ մը՝ թաւիշէ, ցցուն գիծերով եւ ակօսներով։ Օձիքին տակ, կիսովին դուրս ելած եւ կուրծքին վրայ, ծաղկաւոր, կարմիրի մերձ շագանակագոյնով՝ էշառփ մը։ Գիսախռիւ։ Գոհ։

Տոքթ. Մարկոսեան կը յայտնէր այդ պահուն.

-Չէ՛, ե՛ս... (Ժպիտ մը՝ անխախտելի համոզումի) Աստուած մաստուած չկայ...

Պետրոսին համար, երբեմն, այս կարգի հաւաքոյթ մը, կատարեալ խրախճանք մըն էր։

-Ինչպէս թէ, սակա՜յն վրայ բերաւ սիրալիր, ուրեմն՝ այս աստղերը, մեր երկիրը, բոյսերը, մարդը ինքը՛, այսպէ՛ս իրենք իրենց...

-Անգամ մը եղած է, այդպէ՛ս ալ կ՚երթայ... աւելցուց, ծոյլ, կտրուկ ու անտրամադիր։

Գրեթէ բոլորն ալ հազիւ յաջողեցան ծածկել իրենց զարմացումը որ սակայն վերին աստիճանի թէ՛ «շուն» թէ՛ «աղուէս» Տոքթորէն չվրիպեցաւ։ Հարկ էր վերագրաւել խախտուած համարում մը։

-Ուժ մը կա՛յ, անշուշտ, տիեզերքը այդ ուժով կը դառնայ, անիկա ամէն բանի մէջ է, հիւլէէն սկսեալ մինչեւ աստղերը, այո՛, այդ ուժը՝ աստուած է, եթէ կ՚ուզէք... Այսօր գիտութիւնը ցոյց կուտայ մեզի թէ, օրինակ, սա սեղանին մէկ յետին մասնիկին մէջ ինչ էնէրժիի... Այսինքն նիւթը կը վերածուի անսահման էնէրժիի մը որ ամէն տեղ է, որ աստուած է, ինչպէս այս սեղանը (մատով սեղանին դպաւ), այս առարկան (առանց ուշադրութեան կօշիկին քիթովը հոտ վերադարձած ու լքուած գիշերանօթին դպաւ), այս ձեղունը, երկինքը, մենք, ամէն ինչ՝ աստուա՛ծ է...

-Ատիկա ատպէս չեղա-ա՛ւ... հի-հի-հի՛, անուշ մեղմութեամբ վրայ բերաւ Պատուելին, որ, թէպէտ կարի ուսեալ, գաւառաբարբարռի հում կնիք մը կը պահէր թէ առոգանութեանը թէ կարգ մը բառերու ընտրութեան մէջ։

-Պէտք է որ հաւատանք բարի, գիտակից Աստուծոյ մը, որ, վերը, կը հետեւի մարդոց գործերուն, կը միջամտէ, կը տնօրինէ, հի-հի-հի՛...

նօ՛, ա նօ՛, Պատուելի՛, ընդմիջեց Տոքթորը, կէս բարկութեան մը կէս բրտութեամբը, անցած է «Աստուած Պապային» ժամանակը... Ատ  հաշուով, մէկ քանի՞ աստուած կայ, եզրակացուց, չոր եւ ձանձրացող, հակառակ Պատուելիին մեղմ ու անուշ խնդուքներուն։

Էտիթ նմանապէս կը մնար նստած, յաճախ, առանց իսկ գուշակելու խօսակցութեան նիւթը։ Ոտքը ոտքին, ձեռքերը ծալլած կուրծքին, ծխելով, ակնարկները կը հաստատէր մէկ դէմքէն միւսին։ Օտարներու ընկերակցութիւնը, անծանօթ լեզուով անվերջ խօսակցութիւնները, իր մազաչափ չձուլուած անհատին կեղծ համակերպումն ու «հաճոյքը» հազիւ կը քօղարկէին իր թունաւոր արհամարհանքը եւ զինք կը նետէին ատելութեան նոպաներու մէջ։ Ուղեղէն՝ խաթարուած ու նեխած խորհրդածութիւններու թափօրներ կ՚անցնէին, ճմռթկելով իր սպիտակ դէմքը։ Եւ սակայն «զարգացումը» նմանապէս իր եղծանուած էակի սնոպիզմին մէկ երանգը եկեր դարձեր էր։ Ի՛նք ալ կրնայ կարծիք յայտնել «բարձր» նիւթերու շուրջ, ինք ալ ընթերցում կը կատարէ... Տիրեց կարճատեւ լռութիւն մը։ Տիկին Ադամեան եւ Պատուելին ժպտեցան Էտիթին, կերպով մը մեղմելու համար օտար լեզուի գործածութիւնը։ Ան դադրեցաւ Ռէքսին գլուխը փայփայելէ եւ համարձակ.

-Վերջերս գիրք մը կարդացի, ա՜, զի՜ւթ, հեղինակին անունը (նեղուած ճակատը կը շփէ)... ինչ որ է, peu imports... Գիտէի՛ք որ արջերը գիտեն զանազանել տղամարդը կնոջմէն եւ երբե՛ք չեն յարձակիր կնոջ վրայ...

-Ինչպէ՞ս թէ... ըրաւ Տիկին Ադամեան զարմացած։

Էտիթ գոհ է որ ներկաներուն հետաքրքրութիւնը կը շարժէ, կը կատարէ «զարգացածի» իր պաշտօնը։

-Այո՛, այո՛, այդպէս, il parait gue, կը մօտենայ, դունչը  կը խօթէ կնոջ փէշին տակ, կը հոտուըտայ եւ, il parait gue, կը ճանչնայ, եւ, il parait gue բան մըն ալ չի ըներ...

Լռութենէ մը վերջ, ցրուելու համար ինչ որ ճնշում, Տիկին Ադամեան, ոգեւորուած շեշտով։

-Բայց, սիրելի Պատուելիս, դուք ինծի այն բացատրեցէք թէ՝ ինչու՞ Չարը, սա Չարը գոյութիւն ունի, այսքան երկար ատեն...

-Հի-հի-հի՜, ըրաւ Պատուելին, քիչ մը կարմըրեցաւ , ըսես՝ երջանկացաւ եւ ակնարկները պտըտցուց մէկէն միւսին։ Յետոյ, խնդուքին արեւը քաշուեցաւ դէմքէն եւ ձգեց ժպիտի տարտամ լոյս մը աչքերուն մէջ միայն.

-Չա՜րը... պէ՜տք է, ա՛ն ալ պէտք է... Դուք անշուշտ սա պոնպոն ասիտիւլէն ճաշակեցիք, կամ, սա մեր պայրամ շէքէրին, կամ եթէ կ՚ուզէք պարզապէս ձեր՝ տիկիններուդ սա անուշները եթէ անոնք միայն շաքարով պատրաստէք՝ չուտուիր, սիրտ կ՚առնէ... Դուք ի՞նչ կ՚ընէք, կարծեմ լիմոն տուզի կը խառնէք հետը... հի-հի-հի՛... Շաքարը Բարին է, թթուն՝ Չարը... հի-հի-հի՜... Անուշը աւելի՝ աղուոր կ՚ըլլայ, իշտէ...

-Հա-ա՜... Բայց, սիրելի Պատուելիս, արդեօք քիչ մը շատ երկար չտեւե՞ց...

-Ինչը՞։

-Ը-ը՜... լիմոն տուզին... Յետոյ, գիտէ՞ք, ես անուշ շա՛տ պատրաստած եմ եւ կը սիրեմ պատրաստել, կան տեսակներ ուր լիմոն տուգիին երբե՛ք պէտք չկայ, երբե՛ք, ընդհակառակը՝ ամէն ինչ կը վառէ, կը փճացնէ...

-Օր մը պիտի գայ, աւելցուց Տոքթ, Մարկոսեանը, շեշտի եւ ձայնի սարսափելիօրէն խոնարհ չաւակնութեամբ, որ չար մար մենք օդը պիտի ցնդեցընենք, այսինքն Գիտութիւնը... Ներքնահոս գեղձերուն, հորմոններուն, ուղեղին, ողնածուծին վրայ այնպիսի ազդեցութիւններ պիտի յաջողինք յառաջ բերել որ լիմոն տուզին պատմական յիշատակ մը պիտի դառնայ միայն...

-Կը կարծէ՞ք, հարցուց Պատուելին, այս անգամ բոլորովին լրջացած։ Յետոյ յանկարծ՝ խնդուքը բռնեց նորէն, - Հի-հի-հի՛... Ես անցեալները գիրք մը կը կարդայի, տեսակ մը Դարմանումի  Պատմութիւնը, դարերուն ու ժողովուրդներուն մէջէն։ Երեւան կուգայ որ դարմանումի բոլոր եղած ու կարելի ազդեցութեանց բանակներուն դիմաց, ախտայինը, նոյն հետայն, նո՛ր բանակներ երեւան բերած ու հակադրած է... Դժուար թէ երբեւիցէ  լիմոն տուզին չքանայ...

-Որոշ է որ, յայտնեց Պետրոս խոհուն, շատ սիրելի արտայայտութեամբ, այսինքն կէտ մը կայ որ շատ ազդած է վրաս, որ մեծին լրջութեամբ պէտք է նկատի ունենալ։ Ամէնէն մեծ մտածողին ալ, դարձեա՛լ, մտածումը մա՛՛րդ տեսակին յատուկ է։ Ենթադրենք գոյացութիւն մը, էակ մը որ այնքան բարձր ըլլայ մարդէն, ինչքան, օրինակ, մարդն է՝ մուկին բաղդատմամբ, - եւ երբե՛ք անհեթեթ չէ այս կարգի ենթադրութիւն մը, նոյնիսկ գրեթէ գիտականապէս հաստատելի։ Այնպէս ինչպէս մուկը չի կրնար հասկնալ ինչ կ՚անցնի կը դառնայ, օրինակ, Այնշթայնի մը գլխուն մէջ, այդպէս ալ, Այնըշթայն կը դառնայ մուկ մը, բաղդատմամբ այդ ենթադրական էակին։ Այն ժամանակ, շաքար, լիմոն տուգի բոլորովին իրենց բաղադրութիւնը կը փոխեն, բոլորովի՛ն։ Իրենց հաստատած հարցն իսկ իսպառսպուռ կը չքանայ որովհետեւ, հոն, քիմիան եւ բնագիտութիւնը իրենց օրէնքնե՛րը փոխած են արդէն...

-Այս երեւոյթը տեղի կ՚ունենայ, նոյնիսկ , հասարակ մտածողի մը եւ բարձր մտածողի մը քննութեանց միջեւ։ Մակարդակները փոխուելուն պէս՝ հանելուկ եւ առեղծուած կը լուծուին եւ... հի-հի-հի՜, սակայն, նոր առեղծուածներ կը դնեն մէջտեղ... Աւելի քէսկին... աւելցուց Պատուելին։

-Ինչպէ՞ս կ՚ուզէք որ բարին  ըլլայ՝ առանց որ չարը ոտքի տակ առնուի, յայտնեց Հրանտ, աւելի իբր բարձրաձայն խորհրդածութիւն մը քան թէ համոզում մը։ Բու՜ն բարին՝ չարին ջախջախումն է, ինչպէս լուցկիի մը փոսփորին՝ այդ թոյնին փճացումն է որ երեւան կը բերէ լոյսը։ Չարին չհարկադրուող բարիի աքթ մը, բարեգործութեան արարք մըն է որ զգայուն տիկին մը իր քարտուղարին միջոցով ընել կուտայ։ Կամ, ինչպէս անմեղութիւնը՝ առաքինութիւնը չէ։ Նօ՜, նօ՜, Չարը անխուսափելի՛, անխուսափելի՛ է, չարը բարի է...

-Հետեւաբար եւ՝ տառապա՛նքը, վրայ բերաւ Տիկին Ադամեան։

-Չե՛մ ուզե՛ր, չե՛մ ուզե՛ր... փողոց չե՛մ երթա՛ր... յանկարծ սկսաւ ճչալ Աշխէն, գահավիժող անձկութեամբ։ Բոլոր ներկաները շշմեցան։

Տիրեց լռութիւն։ Սթափած՝ Պետրոս մօտեցաւ բազմոցին... «Հազար անգամ ըսեր եմ... Ատով մի՛ հնազանդեցներ աղջիկը... », ակռաներուն մէջէն։

Մէկ երկու անգամ, Մատէնճեան ընտանիքը տառացիօրէն փողոց մնացած էր։ Աշխէնին փոքրիկ սիրտը կրած էր այդ դրութեան ամբողջ տագնապը։ Ընդհանրապէս տեղէ տեղ, տունէ տուն նետուած էր ան։ Տագնապ մը որուն մէկ յարձակումն իսկ բաւական է դառնալու համար սաղմը ամբողջ ջղային դրութիւն մը քանդող եւ քշող ետքը, ենթական՝ նէորասթէնիի տարտարոսը։ Անոր միշտ, անզգայաբար, բաժնել տուած է, քառապատկուած սաստկութեամբ, ծնողքը իր մղձաւանջը։ Եւ ան զգացած է որ իր չորս կողմը, ամէն ինչ թշնամական, վտանգաւոր կը դառնայ։ Նոյնիսկ իր ամէնէն սիրած էակները, նոյնիսկ իր մամիկը, իր պապիկը յանկարծ դէմք կը փոխեն եւ բոլորը կը մտնեն այդ սառեցնող, այդ մահաշունչ, անհասկանալի թշնամութեան յորձանքին մէջ։

Էտիթ նուիրուած է խելայեղ, դժպատեհ, մայրակա՛ն անձնուիրումներու, շռայլելով ընտանի կենդանիներու բոլոր կրճատուած կոչականները։ Ձեռքերը երկինք կը բարձրացնէ, ճակատին կը զարնէ, ողբերգական եւ փլասթիք կեցուածքներու մէջ կ՚անշարժանայ... Երբեմն, աչքերէն, պողպատի պէս սառած, կարծր, հատու՝ մեղադրանքներ, ամբաստանութիւններ կը պոռթկան, ուղղուած Նիւ Եորքի տագրոջը եւ հայ ազգին դէմ... Նոյնիսկ ի՛ր, ի՛ր գոյութիւնը կ՚անտեսուի, ինք որ, tout de meme... Տես թէ կը հարցնէ՛ ինքզինքնին (տագրը) թէ ի՛նչ կուտեն, ի՛նչ կը խմեն...

Տոքթ. Մարկոսեան հրաժեշտ առաւ։ Սանդուխներուն վրայ.

-Ի՞նչ կարելի է ընել, Մարկոսեա՛ն, հարցուց Հրանտ, նեղուած։

Տոքթորը փոխեց իր շեշտը։ Լուրջ, ուղղամիտ.

-Լաւագոյնը հիւանդանոց մը փոխադրելն է եւ... անմիջապէս։

Պահ մը մտածելէ վերջ՝ ներքին գրպանէն ուրիշ թերթ մը քաշեց եւ ստորագրեց արտօնութիւնը ընդունումի։

Պատուելին, մեկնելէ առաջ, յայտնեց իր մօտակայ այցելութիւնը՝ Հրանտին։ Բոլորը ի վերջոյ մեկնեցան։ Մնաց միայն Տիկ. Ադամեան, Էտիթ իր գայթակղութիւնը կը յայտնէր՝ Հրանտին ամուսնութեան վերաբերմամբ։

-Առաջի՜ն անգամ, առաջի՛ն որ ծանօթացանք, արդէն մտաւորականները սկսաւ ծաղրել եւ ամուսինը բամբասել։ Է պիէն, իրաւ որ շատ գարշելի բան մըն է ատիկա... Եւ ան ալ Հրանտին պէս տղայ մը...

Էտիթ, դիւրայոյզ եւ կրքոտ դարձաւ կատաղի.

-Իմ վրաս տեսակ մը կը նային. տեսակ մը... «Անբարոյական կ՚երեւայ», ըսեր են... Բայց շուտով, շուտով երեւան պիտի գայ թէ ի՜նչ փուռիթիւռներ են, իրենք ալ, որ այդպէս, ինքզինքնին հաւատացեալի, ջերմեռանդի, գիր ու գրականութիւն սիրողի տեղ անցուցեր են... Թի՜ւ, կեղտոտներ... (ցած-ցած ձայնով) Ե՜ս, գիտե՜մ, գիտեմ որ ես կորսուած եմ... Բայց ոչ ոք գիտէ դեռ որ ատոնք երեքը միասին իմ ոտքի կեղտիս չափ ալ բարոյական չունին...

-Բայց, սիրելի Տիկին Էտիթ, ի՜նչ, ի՜նչ կարելի է ըսել... Ինչպէս չեն գնահատեր այդպէս անսպասելի, անհաւատալի բախտ մը, այդ տեսակ ընտանիքի մը մէջ գալ իյնալ եւ... Ա՜, սարսափելի բան մըն է հասարակ ըլլալը, գիտէ՞ք, հասարա՛կ... ՕԴէմքը թոյն խմող հիւանդի կծկումներ առաւ) Գացի՜, ե՛ս ալ գացի, տեսա՜յ... Երեք հատ գընտըխ աղջիկներ՝ տուն տեղը կեղտոտութեան մէջ... Սպասուհին ալ ճամբեր են՝ իբր թէ հանրային կարծիքին համար...

Խե՜ղճ Հրանտ, միշտ երջանիկ ժպիտ մը կայ երեսին... Եւ առաջին տուն մտնող մարդուն հետ կը նստի ամուսինը կը բամբասէ, կը զրպարտէ... Ձեն ամչնար, երկու աղջիկ գացեր ինկեր են վրան եւ քոյրերնուն տունը կը քանդեն...

-Ca Elles vont briser le menage de leur seur froidement...

Հրանտ եւ Պետրոս փոխադրեցին Աշխէնը Հռիթալ Փասթէօռ։ Իրարմէ հրաժեշտ առնելու ժամանակ, անսպասելիօրէն, սինիք քրքիջով.

-Հաջան շունը՝ խածան չըլլար, հը՞... ըսաւ Պետրոս։

Ընկերը յանկարծակիի եկաւ։ Կռնակէն կռուփի հարուած մը ստանալու պէս։ Չկրցաւ ոեւէ պատասխան տալ...

Հրանտ չէր կրնար այդ թաղը գտնուիլ՝ առանց մտնելու, գոնէ քանի մը րոպէով, Լիւքսէմպուրկի պարտէզը։ Կը սիրէր։ Իր անկիւնները ունէր։ Փոր Ռուտեալի մուտքէն յառաջացաւ դէպի այն առիւծին արձանը որուն գլուխն ու բաշերը ամբողջ աշխարհին մարտի հրաւէր կ՚ուղղէին եւ որուն թաթերուն տակ՝ դիտապաստ՝ եղջերու մը ինկած էր։ Ան կը մտածէր այսպէս մեծադիր արձանի մը մասին որ առիւծին տեղ, գլխու այս մարտահրաւէր վեհութեամբ, «Գամբռ» մը ըլլար եւ եղնիկին տեղ, անոր ետեւը, «քոթոթներու» թափօր մը... Ամայութիւն։ Մերկ ծառերուն մէջէն կը տեսնուի պարտէզին ցանկապատը որուն երկայնքին, հնազանդ, երկրաչափական բեկբեկուն գիծերով, նմանապէս մերկ, կ՚երկարին սանձի եւ խնձորի բուները։

Դանդաղօրէն սկսաւ յառաջանալ դէպի Ֆոնթէն տը Մէտիսի, նմանապէս իր նախասիրած անկիւններէն մին։ Անգամ մը եւս, ասեղի նորոգուող մըշտումովը, անդրադարձա։ Պետրոսին օտարոտի վերաբերումին։ Եւ սակայն, եւ սակայն, քիչ առաջ, իրենց տունը, խօսակցութեանը ընթացքին, ինչքա՛ն համակրելի էր իր դէմքը, ուշի՛մ, խոհո՛ւն... Անկե՜ղծ... Իր անձնաւորութեան լաւագոյնը որ տիրապետելու վիճակուած էր եւ որ սակայն՝ վիժած՝ կը գալարուէր... Կօշիկին ու գուլպային տեսքը չքացեր էր... Եւ ընդհանրապէս, ինչ լա՜ւ էր, ինչպէս հեշտի՛ն էր կեանք, պահ մը, այնտեղ, երբ սրտագին խօսակցեցան... Ամէն մէկ էութիւն իր լաւագոյն, իսկական պատկերին կը դիմէր։ Ինչո՞ւ խանգարուեր էր կեանքը, արգիլուեր որ ա՛յդ տիրապետէ... Ո՛վ է ինկեր այս մարդոց ետեւէն։ Ի՜նչ անագորոյն, յամա՛ռ հալածանք որ պատուական մարդիկ՝ վատափոխուած՝ դարձուցած են մեր գաղութը bouillon de culture մը ուր վստահութիւնը, սուտը կը խմորուին, կ՚աճին եւ ուր արժանավայելչութիւնը, իր վերջի շունչն իսկ, կը կասի խեղդամահ... Աչքին առջեւ եկաւ Պետրոսին դէմքը, իր ամէնավերջի արտայայտութեան տակ... Մարմինը, հրաժարելէ առաջ իր գոյութենէն, օրհասական գուպարի զարմացնող սաստկութիւնը, յամառութիւն յայտէր բերել։ Հոգեկանը, հալածուած, իր ամէնէն թագուն, էական զսպանակներուն մէջ հարուածուած, յառաջ բերած էր այն զարտուղի քինախնդրութեան արտայայտութիւնը որ Պետրոս կը կրէր....

Հրանտ կը դիտէր Փոլիֆէմի զանգուածեղ, հակած գլուխը որ կը տեսնէ, վարը, քարայրի բերնին, Արսիսի գրկին, Կալթէն... Գեղեցիկ... դիւրաբեկ... Իսկապէ՛ս եղած չէ՛ ան լսելու սրինգը Կիկլոպային։ Հասարակ հովիւներուն ինչքը կրնայ ըլլալ միայն ան։ Հասարակ խաշնարած մը լեզու կը գտնէ, երբ պէտք ըլլայ, անոր հախէն ալ կրնայ գալ։ Փոլիֆէմ, տիտան կրնայ վախնալ անորմէ։ Իր սրինգը անհասկնալի մնալուն պէս՝ ան աւելի անզօր է քան թէ հասարակ հովիւ մը։ Այդ փխրուն մարմինը՝ վտանգաւոր է, անոր ճակատը նեղ է, ռնգունքը կը շնչեն ծովին թունաւոր շոգիները... Հրանտ տրտմեցաւ՝ անբնական, նախազգացական ցնցումով...

Յանկարծ, առանց ոեւէ պատճառի, ետեւ դարձաւ։ Պետրոս կանգնած էր՝ քայլ մը անդին։ Կռուազան, վտանգաւոր։ Երկու ձեռքը գրպանը վերարկուին որ տակէն թոյլ կուտար ցուցադրութիւնը տէնէ կօշիկներուն, էքօսէ գուլպաներուն, քիւլոթ տը կոլֆի ծնրակապին։ Կոպտութեամբ ինքզինքը ձգեց փայտէ նստարանին վրայ։ Հրանտ ժամացոյցը նայեցաւ։

-Փռեսէ է, այս մարդիկը միշտ փռեսէ են։ Մե՜նք՝ անգո՛րծ, պաա՛պ... անո՜նք՝ փռեսէ... Թի՛ւ, միայն բառը ինքը՝ կեղտոտ պուռժուա կը հոտի...

Հրանտ ինքն ալ նստեցաւ նոյն նստարանին վրայ, անոր քովը։ Ընկերոջը խռովքին ծանրութիւնն իսկ, խորհրդաւորօրէն, իր մէջ սահեցուց ինչ որ յանցաւոր ըլլալու զգացում եւ դարձուց կրաւորական։

-Լռէ՛, կրնաս լռել ուզածի՛դ չափ, գուլպաներս դիտել... Չի բռներ, ալ չի բռներ, բոլորիդ ալ չափեր եմ, ինչ ըլլալնիդ հինգ մատիս պէս գիտեմ... Ի՜նչ կը քննադատէք ուրիշները, եւ ի՛նչ գոհ էք դուք ձեզմէ... Իմ կնիկս ի՛նչ ալ ըլլայ՝ նորէ՛ն քուկինէդ բարձր է... (Պետրոս իր խօսքը ընդգծեց յանկարծ ձեռքը գրպանէն հանելով եւ օդին մէջ շարժում մը ընելով։ Հրանտ չկրցաւ ցնցում մը խեղդել։) Ե՛ս՝ գոնէ՝ պիլէրէ՛ք առած եմ.. ամէն ինչ բաց է... Իրե՛նք... իրե՛նք, ինչքա՛ն կեղծիք, ինչքա՛ն յաւակնութիւն... փռթէ նասիոնալ, Թօփուզեան կը քննադատէք... Ձեր եսը ա՛լ աւելի փքած, ա՛լ աւելի նեխած... Ինչ խեղճ բանե՛ր էք, ինչ խե՛ղճ բաներ, մէկդ բանաստեղծ, մէկդ արթիսթ, մէկդ արձակագիր... Ձեր չարութիւնը, ձեր նախանձը ինչքան վատ է, ինչքան յղի՝ աւերումով։ Ձեզմէ մէկ մէկ ոճրագործ կրնայ շինել... Ամէն մէկը՝ աշխարհիս կեդրոնն է։ Ամէն մէկէդ զատ՝ բոլոր մնացեալը ճճի՜, ճանճ... Ո՛չ թէ հայ ազգը մարդկութի՛ւնը տէր պէտք է կանգնի ձեռմէ ամէն մէկուն... Այլասերածի ձեր պզտիկ մէկ ցափըռտուքը՝ տիեզերական էվէնըման է որ աննշմար կ՚անցնի եւ անոր հեղինակը, գոհ, նոխազ, մարտիրոս... Բան մը չըսելու պայմանով՝ հարիւրաւոր էջեր լեցնող ախոյեաններ, այդտե՛ղ, հա՛, անմրցելի էք... Ա՛, ինչքան չա՛ր է ձեր չարութիւնը... Արիւն կը հոտի... Խուլ թշուառականի մը լաքէները... Ձեռքերնուդ գայ՝ գերեզմանէն պիտի հանէք ձեր մէկ գրչեղբայրը, դիակը լաւ մը նորէ՛ն կոխկռտէք, կօշիկնիդ լաւ մը դէմքին սրբէք, ու անմիջապէս, վախնալով որ հրապարա գայ, նետէք իր փոսը... (ինքն իրեն։)

-Ոսկորի կտոր մը փրցընելու համար ձեր բոլոր վատութիւնները դաւերը, ուրացումները՝ գաղափարի մը, նուիրական անունի մը կը կապէ՛ք... Կուսակցութեան մը ոսկեայ անցեալին դիակապուտները... Մարդ մտածելէ՛ որ այդ ողորմելի Թիփն է, այդ խեղճ ու կրակ թիփն է որուն առջեւ սուստա բռնած էք...

Երկուքն ալ ատեն մը լուռ մնացին։ Պետրոսին դէմքը խենթի կծկումներ կ՚ունենար։

Հրանտ ճնշուեցաւ։ Ճզմուեցաւ։ ինչպէս ցեխոտ լողքարի մը տակ։ Կորսնցուց համբերանքը։ Երկու ձեռքերով գլուխը սեղմեց.

-Աստուա՜ծ, նորէ՛ն, նորէ՛ն ասիկա... Կարելի չէ՛, կարելի չէ՛ ապրիլ... (Վարի շրթունքը կը դողար։ Կոտրտուող ձայնով) Միշտ եւ ամէն տեղ հոգեկան այս տալթոնականութիւնը... Փոխէ՛, մէկ անգամէն փոխէ՛ երանգապնակիդ անկիւնը, եւ ամբողջ կեանքը ուրիշ կերպ պիտի տեսնես... Ա՛ն ալ կայ ուրիշ կերպն ալ գոյութիւն ունի... Դեռ ուրիշ կերպեր ալ...

-Ո՛չ, պատասխանեց վճռական, ես իմ բաժինս ունեցած եմ... Բաւական ատեն է արդէն որ ինքզինքս կը խաբեմ...

-Հազար անգամ նախընտրելի է աւելցուց Հրանտ մեղմութեամբ ու տառապելով, ամբողջ կեանքը «խաբուիլ»... Կարելի չէ ապրիլ... Պէտք է հաւատալ, շշնչաց։

Լռեցին։ Միւսին դէմքը, պրկուած, կը ծամածռէր։ Յանկարծ պոռթկաց նորէն։ Բարձրաձայն, գրեթէ պոռալով.

-Գիտե՛մ, գիտեմ թէ ինչ կ՚անցնի հիմա միտքէդ, բաց գրքի պէս կը կարդամ... Կը բաւէ որ ես իմ սրտիս էջերը դարձնեմ... Բայց գոնէ, ես յաւակնոտ չե՛մ, դուն յաւակնոտ ե՛ս, հասկցա՞ր, հասկցա՞ր հիմա մեր մէջ եղած տարբերութիւնը։ Ինձմէ ցա՛ծ ես, իշտէ ա՛տ տեղ ինձմէ ցա՛ծ ես, ինչ ալ ընես՝ ինձմէ ցա՛ծ ես...

-Ես ե՞րբ քեզմէ կամ ոեւէ մէկէն...

-Ե՞րբ ըսեր ես... Մի՛շտ կ՚ըսես, քու ամէ՛ն ինչդ ատիկա կ՚ըսէ, քու խոնարհութեան քարոզնե՛րդ իսկ ատիկա կ՚ապացուցանեն։

-Թերեւս իրաւունք ունիս, յայտնեց Հրանտ՝ մտածելով, լրջօրէն, վերին աստիճանի յոգնած։

Պետրոսին կրակը մեղմանալու տեղ՝ բորբոքեցաւ հաւանութեան իւղէն։

-Ի՛նչ վարպետ են, ի՛նչ վարպետ... Թերեւս իրաւունք ունի-ի՛ս... Ի՛նչ աղուոր թօն կ՚առնեն։ «Իմ քոնսէրթօս» ըսած ատենդ... (Ցատքելով) Եւ, ի՞նչ կ՚ըլլայ որ, ի՛նչ կ՚ըլլայ որ - սուտ ու մուտ ձեւերը մէկդի նետէ, եւ հանդարտօրէն, հասկցա՞ր, հանդարտօրէն բացատրէ, հասկցուր ինծի - ի՛նչ կ՚ըլլայ որ մանուկ մը հիւանդանոց դնես... Չըլլա՞ր, չի՞ պատահիր... Պատիւիս մի դնա՛ք, պատիւիս չըլլայ որ դպնա՛ք, իմ պատիւս շիւշէ է...

-Եւ պիտի տեսնաս, պիտի տեսնաս որ հաջան շունը խածան ալ կ՚ըլլայ, պիտի ցըցնեմ... Փոխ տուած դրամիդ համար ալ՝ հոգ չ՚ընես... Եթէ նոյնիսկ մեռնի, արնո՞ւնն է յանցանքը, որո՞ւնն է, ըսէք, որո՛ւնն է... կը պոռար, հիսթէրիք նոպայի մը մէջ...

Հրանտ ոտքի ելաւ, հեռացաւ քիչ մը, քալեց աջ ու ձախ, վերադարձաւ։

-Սարսափելիօրէն անօթի կը զգամ, երթանք։ Մեզի՛ երթանք, եկու՛ր։ Արփիկը կը սպասէ հիմա...

-Չէ՛, չէ, ըրաւ վրնջագին, բոլորովին իր մըտքերուն հետ, ինձմէ աւելի ցա՛ծ մարդ գոյութիւն չունի։ (Քստմնելի մեղմութեամբ մը) նրբացուցած եմ կը հասկնա՞ս նրբացուցած եմ... Նետէ՛ հարիւրնոց մը, նետէ՜... (Բարկութեան տեսակ մը որ կատաղութեան կը միտէր) Կ՚իյնամ կը ժողվեմ, ոտք կը լղեմ... Ի՞նչ ուզես կ՚ընեմ... Յօդուած մը, յօդուածներ կը ղրկեմ թերթերուն, - քոնսէրթօդ, լոյս չտեսած եւ թերեւս երբեք չտեսնող քոնսէրթօդ՝ այնպէ՜ս գովեմ, մասնագիտական, Թեքնիք տուեալներով որ աչքդ բաց մնայ... Կ՚ուզես՝ միջնորդութիւն  ընեմ, ի՛նչ տեսած միջնորդութիւն որ ուզես... Բան չի փոխուիր մա՛րդ չի զարմանար, մեր ամբողջ գաղութը միջնորդներու հասարակութիւն մըն է... Ոտքդ դիր վրաս՝ ե՛րբ որ ուզես... Թօփուզեանը կ՚ընտրէ իր վրայ ելլող ոտքերը, «ազնուական ոտքերը», ես այդ ընտրութիւնն ալ չեմ ըներ... Ատոր ալ եթէ չեմ գար՝ ոտքդ սրբէ վրաս, սրբէ՛, սրբեցէ՛ք, ոտքերնիդ վրաս սրբեցէ՛ք...

Ըսես երկար ատեն վէրքէ մը արիւն կորսնցուց եւ անոր հարուածը յանկարծ զգալով՝ մնաց զգալազիրկ։ Գլուխը ինկաւ կուրծքին։ Դէմքը այնպիսի կրաւորականութիւն մը ամբողջական անձնատուութիւն մը կ՚արտայայտէր որպիսին բնազդական ահաւոր բառաջներէն վերջ, սպանդանոցը, առաջին հարուածը ստացող գոմէշի մեծարաց ու հեզ աչքերը  կը ցոլացնեն... Բազմաթիւ րոպէներ լռեց։ Հրանտ վերստին նստաւ քովը, երկու ձեռքը գրպանները, կծկուած մարմնո՛վ, հոգիո՛վ... Ի՞նչ անցաւ դարձաւ մէջը որ կենդանութեան ճառագայթ մը շարժեցաւ... Այս անգամ, գրեթէ մարդկային շեշտով, բայց բռնուած մեծ անձկութենէ մը.

-Ո՞վ կրնա, հաստատել, մէկը կրնա՞յ հաստատել օրինակ, - Աշխէնը կը սիրե՛մ թէ ոչ։ Ա՞լ, մատըս վէրքին վրայ է, - մեզմէ ոչ ոք կրնայ սիրել մեր սիրելու գործիքը աւրուեր է... Անոր տեղ զանազան, փասոտած, Թէնէքէ բաներ են դրեր եւ... թեւխաղ ինկեր... Ատ որ ատպէս է, ալ Նէքէրոս... ձեռք քաշէ...

Յետոյ, անսպասելի մեղմ, վերջին հրաժարումներու շեշտովը.

-Հիւա՛նդ եմ, հիւա՛նդ , յայտնեց պարզօրէն չես գիտեր որու՛ ՛ ուղղուած, երազի ու կեանքի փոխանցման պատկանող օտարոտի հնչիւններով։

-Խղճի խայթ պիտի ունենաս... աւելցուց, նոյնքան ոչ ոքի ուղղուած, ուղղուած՝ անդէմ ու անծայրածիր տիեզերքին։ Այն առանձնութեան մէջ որ կը ստեղծուի բնազդական անձին ու բնութեան կապին խզումէն, այս անգամ, իսկապէս ինքզինքին հետ.

-Հը՛, ըրաւ, գտա՛ր... ոչ ոք ալ խղճի խայթ պիտի չունենայ...

Անծայրածիր թափօր մը ծայր տուաւ դարերու խորքէն, անհամար չարչարակոծ, մղձաւանջային դէմքերու եւ դէմքերուն մեր գաղութին՝ մեր մեծ ընտանիքին, եւ բոլորին, բոլորին դէմքերուն որոնց բերնէն ելած տրտունջները, անլուր շեշտերով, ոչ ոքի ուղղուած են... Հրանտ ականջ տուաւ... Պէթհովէնի հինգերորդ քոնսէրթօն սկսան հնչել։ Նուագախումբը տակաւ մտաւ լռութեան մէջ եւ դաշնամուրը, կաթիլ կաթիլ սկսաւ հեկեկալ... Ահա թէ ինչ, ահա թէ ինչ զգացած է այստեղ՝ խուլ տիտանը։ Մարդի՛կ մարդի՛կ, սրբացեր էին եւ չունէին իրենց հայրերը, չունէին հայր մը որուն ուղղէին իրենց տրտունջը...

Սիրտը սմկսաւ լալ։ Ինքն իսկ չէր կասկածեր որ այդ րոպէին  իր կրած յուզական ցնցումը կը պատկանէր այն խումբին որուն շնորհիւ, յաջորդող ամիսներուն, իր մէջ իսկ պիտի ապահովուէր իր էութեան, իր ոգիի կեանքին փրկութիւնը... Ընդարձակուած, ծոցուորած հոգին թեւ կը զարնէր այն բարձունքներուն ուրկէ կը հոսէր կարեկցութեան, համայնական կարեկցութեան մեծ, աւագ, անկիւնաքարային, սրբագործող, աստուածային արիւնը... Երբեւիցէ մարդ էակը, պարզապէս մարդ ըլլալու իր հանգամանքէն, այդ  սաստկութեամբ չէր արիւնած իր սիրտը, լսելի ըրած իր ճակատագրին ողջը... Տաք, մայրամօր ձեռք մը սիրտը ամբողջովին պոկեց եւ ան ունեցաւ կարօտը, ուժերէ  վեր սաստկութեամբ, ամբողջ կեանքի մը մէկ երկու անգամ տրուած միայն, կարօտը՝ զոհուելու։

Հրանտ, թեւէն մտած, տուն տարաւ զայն։ Հարկադրեց որ Աշխէնին լքած բազմոցին վրայ երկարի։ Երբ կը պատրաստուէր մեկնիք՝ ներս մտաւ Էտիթ։ Բազմուկին շրջազգեստներ։ Ան, յաճախ։ կամ թէնթիւրըրի կ՚երթար, կամ անկէ դուրս կ՚ելլէր։ Ռէքս՝ տրտում, շուարած, անոր ետեւէն ներս մտաւ։ Անտրամադիր՝ սենեակին չորս կողմը թափառեցաւ։ Այն պզտիկ, ճանկռտուող, կոտրած ապակիի ճիչերէն կ՚արձակէր պարբերաբար որ շուներուն լացը կը կազմէ։ Նայեցաւ մէկուն, միւսին երեսին, տրտում եւ հարցական։ Ի վերջոյ, պոչը երկու ոտքերուն արանքը, գնաց նստեցաւ, օթոցին դէմ, վարի անկիւնը, ճիշտ այնտեղը որ գրաւած էր առաւօտուն երբ Աշխէնին հսկումը կը կատարէր։ Ալ չշարժեցաւ տեղէն։

Էտիթ, փութկոտութեամբ, սրտնեղած, մրթմրթալով, կամ երգելով, դժուար է ըսել, նստաւ պատուհանին քով եւ նուիրուեցաւ եղունգներու վէրնին փոխելու աշխատանքին։

Թուալէթը փոխեր էր։ Գորշ տաբատ մը հագեր որ սեղմ եւ ցցուն կերպով կը կաղապարէ յետոյքին գունտերը որոնց տակ զիստ ու սրունք անհուն կ՚երկարէին։ Բարձր կրունկներով տարօրինակ կօշիկներ որոնք զուարթ շարժման մը մէջ կը նետէին, բոժոժներու պէս, իրենց երկար կապերը՝ վերջաւորուած մէկ մէկ գունտերով՝ փոնփոններով։ Սեւ մետաքսէ քորսաժ մը, միշտ սրածայր խորունկ տէքօլթէով, կ՚ընդգծէր մորթին սպիտակը որուն վրայ ան բացարձակ համարում մը ունէր։ Շրթունքին երգի կտոր մը, քապարէ երգի մը ոեւէ մէկ խլեակը, ինչպէս եւ՝ մնայուն մէկօ մը։ Էտիթ ո եւ է բան, ոեւէ գործ որ ընէր՝ տարօրինակ, օտարոտի տպաւորութիւն մը կը ձգէր։ Նախ, անճարակ եւ... չափէն աւելի ճարպիկ միեւնոյն ատեն որ շարժումին կուտար ինչ որ կրթուած, այլասերած կապիկի, կամ նախնականացած կապկացած էակի, կամ այդ բոլորէն դուրս նորօրինակ արարածի մը պղտորօրէն խռովող տպաւորութիւնը։ Ոչ ոք զինք բոլորովին գինով տեսած էր, բայց, ամէն օր, բազմաթիւ անգամներ, նոյնիսկ ոեւէ ժամու, ափէրօն կը կազմէր իր հանապազօրեայ, մեծագոյն զբաղումը։

Երկար կրունկները, երկար սրունքները, երկար եղունգները, ճարպոտ, երկար մատները՝ խորհրդաւորօրէն կը դաւադրէին՝ դիտողին մէջ այդ մալէզը յառաջ բերելու։ Հրանտ որ այնքան կը սիրէր երգը, որուն համար կեանքը կը յանգէր իր իտէալին՝ Երգի միտելով, երբ եւ իցէ այնքան պժգանք չէր զգացած «երգի» այդ գինով փշրանքներէն, ընդհատ ընդհատ փսխուած, մէկօին քսուելով, փէռնօի արտաբուրումներէն թունաւոր, սառն ու վաւաշոտ շրթունքներէն ծամածռուած...

Որոշ էր որ ալքոլը թուլցուցած էր ջիղերու ցանցը, վաներ էր տրամադրութեան մռայլը որ, այլապէս, կը փոխարկուէր քէնի ու ատելութեան նոյնքան ձրի որքան վտանգաւոր խմորումներուն։

Ա՜. պէտք է շտապէ, հրաշալի կէօլթոն մը պիտի ընէ Սիւզիին հետ, Սիւզի՛ն՝ քուտ՛. Տիկին Պիէնվընիւն... Ամուսին Բարիզ չէ... Իրենք՝ (Հրանտ եւ Պետրոս) ազիաթիքները չեն հասկնար այդ ռաֆինէ հաճոյքները, սիվիլիզէ չեն... Այստեղ, Ֆրանսա, իրենք մեծ գին կուտան լաւ ուտելուն, լաւ խմելուն... Վայրենիները եւ հիւանդները միայն կ՚անտեսեն այդ ճշմարտութիւնը...

-Եւ մարդ ըսածդ՝ դրա՜մ շահելու է, դրա՛մ. պէտք եղածի՛ն պէս... Ես մարդ կ՚ըսեմ անո՛ր որ լա՛ւ ալ կէօլթոն մը ընելու աղիքներ ունի։ Լանկուսթ մաեոնէզ, Շաթոպրիան, փոմ փայ, անտիվ, պանիրներ, կաթօներ, պտուղներ, եւ գինինե՛ր։ Նախ ափէրօ՛. եւ՛ սուրճ եւ՛ լիքէօռ եւ՛ շամփանեա... Դուրս կուտար զայրագնող արագութեամբ։

Հետաքրքրական էր որ իր այդ բացարձակ համոզումին տակ՝ խորունկ եւ լայն յաւակնութիւն մը կար։ Սիվիլիզէ, ազիաթիք մոտեռն եւ այս կարգի քանի մը բառեր անհերքելի ապացոյցներ էին, իր համար, իր նուրբ ու քաղաքակրթուած անձին։ Յանկարծ խնդուք մըն ալ կ՚ունենար։ Նոյնքան օտարոտի՝ եւ՛ իր յայտնութեամբը եւ՛ իր իմաստովը կա՛մ՝ իր իմաստին բացակայութեամբը։

-Մարդ ըսածդ՝ մէօռիէօ Լըպիէնվընիւի՛ն պէս ըլլալու... Շէնշող, քառանկիւն ուսեր եւ սոլի՛տ, սոլի՛տ։ Միայն ճաշելը գիտես՝ երջանկութիւն է։ Ուտե՛լ գիտէ, ուտե՛լ, մարդը ուտել գիտէ... J՚aime  bien quand un homme gagne beaucoup d՚argent...

Հրանտ, երբեւիցէ, բեմերու վրայէն ալ, չէր լսած իւղոտ ու ալեկոծ այն շեղտը որով ամբողջ բերանը տենչանքի հանգստապատառով կը լեցուէր, հաստ շրթունքները կը գալարէր... «J՚aime bien... arjeat... arjeat... » Հրանտ խորհրդաւոր երկիւղ մը ունեցաւ։ Թէ՛ շատ գաղտնի պահելու թէ՛ ամէն ինչ ցուցադրելու այն հակասական ցնցումներէն որ յատուկ են դանդաղ ու երկարաշունչ թունաւորումներուն, յանկարծ, անսպասելիօրէն սկսաւ պատմել.

-Քիչ առաջ, մէթրոյին մէջ, ճի՛շտ դիմացս՝ կեղտոտ մարդ մը նստած էր։ Առ նուազն երեք օր չէր սափրուած։ Օձիքին եզերքը՝ իւղոտ, սեւ։ Եղունգները՝ սեւ։ Վրայէն գէշ հոտ կուգար։ Pas soigne du tout; mais du tout, alots... Աղքա՛տ... Անպայման Հայ ըլլալու էր... Je les reconnais... Անպայմա՛ն Հայ էր...

Ընդմիջեց՝ իր անհասկանալի խնդուքներէն մէկովը։ Գլուխը բարձրացուց եղունգներուն վրայէն եւ Հրանտին նայեցաւ։ Հիմա վերջացուցած էր շպարումը եւ մատները իրարմէ հեռացուցած, երկու ձեռքը օդին մէջ կը պահէր։ Հրանտ, անգամ մը եւս, երկիւղ մը ունեցաւ, անծանօթ վախի երանգ մը։ Ինչպէս երբեմն կը պատահի, յանկարծական լոյսի մը տակ, իրականութիւն մը իր ամբողջ դէմքը ցցուց։ Այդ բոլորին մէջ, այդ մոլեթաթաւ նախնականութեան, անասնացման մէջ, յաւակնութենէն ալ զատ, մեծղի ամբարտաւանութիւն մը կար որ քիչ մը ամէն տեղ, հռչակաւոր սրճարաններէ մինչեւ յառաջապահ բեմերը, ամբողջ ընկերութիւններու լայնքին, յանձնապաստան՝ ինքզինքը կը պարտադրէր, իբր քաղաքակրթութեան սոմոմը, իբր գերագոյն նրբացում որոնց շրջանակէն դուրս գտնուողները հին մարդկութիւնը կը կազմէին։ Եւ արհամարհանք, անխախտ, ապառաժէ արհամարհանք՝ դէպի այդ եղկելիները...

-Անպայմա՛ն հայ էր... կրկնեց դարձեալ այսահար յամառութեամբ։

Յանկարծ՝ կարմիր, ուռեցած, ականողիքներէն դուրս պոռթկած աչքերով, ինքնաշարժ կառքի փարոսներուն նման, քառապատկուած մեծութեամբ գլուխ մը ցցուեցաւ օթոցին վրայ։ Անկէ՝ անսահմանելի շեշտով ճիչ մը ժայթքեցաւ, կայծակի երեք որոտումով.

-  Assez ! Assez ! Assez ...

Նոյնքան անսպասելի, այդ գլուխը՝ ծովային անհետացած հրէշներու նմանութիւնը, քնդակահար, ինկաւ օթոցին։

Շունը տեղէն ցատքեց։ Սկսաւ հաջել։ Ամբողջ ուժովը։ Չէր գիտեր որո՛ւ դէմ։ Գլուխը կը պրկէր ոստումներով, մերթ դէպի մէկը, մերթ դէպի միւսը։ Կը հաջէր՝ դժգոհ էր, մարդերու աշխարհին մէջ անկանոն բաներ կը տեսնէր...

Լռութիւն։ Ծանր ու բութ։ Ոչ երկար։ Էտիթին իրարմէ հեռացած մատներով ձեռքերը նորէն՝ սկսան շարժիլ։ Նայեցաւ Հրանտին։ Տարրալուծուած դէմքը դեռ չէր շտկած իր գիծերը եւ մորթի ճերմակին՝ գորշ ու կանանչորակ երանգներ խառնուեցան։ Այդ դէմքն էր որ յաջողեցաւ ծամածռիլ՝ խեղդամահ ժպիտի մը մէջ։

Քանի մը րոպէ վերջ, փողոցը, խանութի մը տեսքը յիշեցուց իր մէկ կատարած խոստումը՝ Արփիկին։ Երկար ունկնդրութենէ վերջ՝ Հրանտ գնեց երեք ձայնապնակ, - Սոլվէկին Երգը, Աւէ Մարիա եւ Մասնէի՝ Էլէժին։ Հրանտ Արփիկը գտաւ դրան առջգւ, ջերմ խօսակցութեան մէջ, արուարձանային սիրալիրութիւններով ու կոտրտուքներով, Մաքրուհիին հետ։ Այս պառաւ աղջկան մէկ անգամ տեսած էր. եւ ասիկա՝ երկրորդ անգամն էր։ Սանձակոտոր մտերմութիւն... Հրանտ խորթ, աղօտ, գրեթէ անհաճոյ տպաւորութիւններ կրեց։ Distinctionի պակասը, ոեւէ տեղ, չարչարանք կը կազմէր իր համար։ Ճիշտն ալ այն էր որ, կէս ժամուայ մէջ, զուտ ընտանեկան, առտնին խնդիր մը, մանրամասնութիւն մը չկար որ նետուած չըլլար պիղծ հետաքրքրութեան մը ոտքերուն, - ի՛նչ կ՚ուտեն, ո՛վ, ո՛ւր կը պառկի, ի՛նչ կը շահի՛ն, ի՛նչ կը ծախսեն... Ա՛ն ինչպէս է քոյրերո՛ւն հետ, ինչպէս կը վարուի...

Հրանտէն չխուսափեցաւ յանցանքի վրայ բռնուած մարդոց շուարումը որ երկուքն ալ ունեցան եւ որ սակայն ակնթարթի մը մէջ խեղդեցին։ Խեղճ ու պառաւցած «պառաւ աղջիկ մը», retour d՚ageի  ցնցումներով անհաւասարակշիռ ու միայն անհաւասարակշռութեան ծնունդ տուող դրացնութեամբ որուն հետ ձուլուած կը մնար այսպէս, իր օճախին պղծումի հեշտանքին մէջ...

Ամբողջ օրը անցընէր այս վատասերող խօսուըռտուքներով, տուտուներու հետ՝ չէր ձանձրանար։ Մինչ, շաբաթներէ ի վեր, Հրանտ տուեր էր շարադրութեան նիւթ մը, զայն բազմաթիւ անգամ մշակեր, ծամեր բերանը դրեր։ Բայց ի զուր կսպասէր որ օր մը ա՛յդ աշխատանքին յատկանցնէր ժամանակը։ Գիտէ որ ինչքան կը սիրէ ամուսինը իր երգելը, բայց չկայ ե՛րգ մը, մէ՛կ երգ որուն գո՛նէ մէկ տունը անսխալօրէն գոց գիտնայ... Ամէն ինչ լքել, ամէն ինչ ընել, ոեւէ պարտականութեան տակ չմտնել։

Հրանտ անգամ մը եւս անդրադարձաւ թէ ինչպիսի սաստկութեամբ բնութեան այս կամայն երեւոյթը մարդուն մէջ ալ կը կրկնուի... Ագռաւը՝ հոտած միսը կ՚ուտէ... բորենին՝ գերեզմանէն պիտի հանէ դիակը եւ նեխանքով սնանի... Մինչդեռ եղնիկը, ի՛նչ ալ ընես, մեռցնես ալ, լերան ակներուն ջուրը պիտի խմէ միայն...

Նայի՜նք, նայի՜նք, կը կրկնէր իւրովի, յուսալքումի մը ճարակ, սրտաճմլիկ շեշտով։ Նայինք թէ աս ինչ տեսակ ագռաւ դուրս պիտի գայ...

Մաքրուհի արուարձանային սալոնի իր սիրալիր ժպիտը հագցուց դէմքին եւ հրաժեշտ առաւ փութկոտութեամբ։ Արփիկ նմանապէս փոխեց արտայայտութիւնը հիմնովին։ Դուռը գոցելէ վերջ, դանդաղաքայլ հետեւեցաւ ամուսնին, փայլուն ու սուր ակնարկները միանգամ ընդ միշտ ցցեց անոր աչքերուն եւ սկսնակ դերասանուհիի կեղծ ծամածռութիւններով, երգելով, հատիկ-հատիկ.

-Պա-րո-նը՛ ու-ո՛ւր է՜ր...

-Պետրոսին գացած էի, գիտէի որ Աշխէնը հիւանդ է։

-Անշուշտ անոր օտարուհի տիկինն ալ տեսար...

-Անշո՛ւշտ, հոն էր։

-Այսքան երկա-ա՛ր ատեն... Թերեւս պարոնը ուրիշ տեղ ալ գնաց... թերեւս, պատահմամբ «օրինակելի» կնոջ մըն ալ հանդի-պե-ցա-աւ...

Հրանտ, ձայնապնակները, լռելեայն, դարակի մը մէջ դրաւ, ու, մեծցած բիբերով, դարձաւ կնոջը նայեցաւ։

-Նորէ՛ն, նորէ՛ն... Միայն գո՛րշ տեսնել, միայն սեւ՛ տեսնել, ամէն տեղ, ամէն ատեն, երջանկութիւնը դնել՝ միա՛յն դու եւ անգոյ սեւին արձանագրութեան մէջ... Ինչպէ՞ս բան է ասիկա, ինչպէ՛ս կ՚ըլլայ... Ե՛րբ ժամանակ ունեցեր են այլափոխուելու այսպէս, ոեւ է երիտասարդի տրուած ոսկին վերածելու գորշի, կեանքը հրէշներով միայն բնակեցնելու... Մինչ, հոն կայ ինչ որ մե՛նք տեսնենք, ինչ որ մենք ուզե՛նք տեսնել... Եւ սակայն, եւ սակայն, մանուկն իսկ իրականին, ճշմարիտին ծածուկ զգայարանքը ունի, ինչպէս ծաղիկ մը կը կարօտի ցօղին, կը ծծէ ճառագայթը... Այս մատղահասակ աղջիկ, եւ դեռ իր կինը, ու՛ր է կորսուեր իր մէջէն մանուկը, ծաղիկը, թռչունը... Ո՞ւր են կորսուեր այս բոլորը... Եւ ե՞րբ, Տէր իմ, ե՞րբ... Ո՞ր պատուհասին բերմամբ մարդիկ կը զրկուին իրենց զգայարանքներէն, զիրենք պաշտպանող էական բնազդներէն, սուրբերէն, իրենց յաւերժական հայրերէն... Ա՞ս էր իր ակնկալածը՝ իր նոր կեանքէն...

Այս երկրորդ թէ երրորդ անգամն էր արդէն որ, ակնթարթ մը, անսահման նողկանքով կը համակուէր։Այն պահերուն երբ ան կը քայքայէր իր կապը, երբ իր վրայէն անոր կինը ըլլալու տիտղոսն ալ կը չքանար, Հրանտ կը տեսնէր անպիտան ու այլասերած աղջիկ մը, լպիրշ արտայայտութեամբ, Իսի Լէ Մուլինոյի մէկ ծակէն- ի՞նչ հեգնանքով - եկած ինկած հոս, որ, օգտուելով այդ հանգամանքէն, իրմէն մի բառով, շեշտովը, ակնարկովը, շարժումովը կը կատարէր կեղտոտելու, պղծելու արարքը։ Հիմա՝ ալ սկսած էին մղձաւանջ մը դառնալ իր համար այն բարքերը որով այդ խաբեբայ արարածը  իր ամուսինը տեւականապէս մեղադրելի աթոռին վրայ կը նստեցընէր... Սկսած էր կասկածիլ որ նաեւ գիտակցական շարժումի մը արդիւնքն է այդ...

-Պատառ մը բան կա՞յ, դեռ չեմ ճաշած։

-Այս ժամու՞ն... Ես մինչեւ այս ժամերը ճաշ չեմ պահեր... Ամէն չորեքշաբթի, պարոնը...

Հրանտ զգաց որ վրդովումը բրտութեան մղումներու կը վերածուի իր մէջ։ Արագ մը ձգեց ճաշասրահը  եւ անցաւ իր աշխատասենեակը։ Միջանցքին մէջէն, դրան ետեեւէն, յանկարծակիի եկած, երկու քոյրերը խոհանոց խուժեցին ...

Ինչպէ՞ս քիչ առաջ Հրանտ թաղուեցաւ բազկաթոռին ծոցը։ Գլուխը ձեռքերուն մէջ առաւ։ Մահացու տրտմութիւն մը ծանրացաւ վրան։ «Կարելի չէ՛ ապրիլ, կարելի՛ չէ... » կը մրմնջէր։ Կը լսէր անոնց խօսակցութիւնը՝ դիտաւորեալ կերպով բարձրաձայն, որպէսզի լսէ։ «Ասանկներն ալ մենք ճանչցած ենք... Ուրիշներուն բարիք ընելով կը զբաղին իսկ իրենց տունը միայն զրկելով... »

Արփիկ, քոյրերը, Էտիթ, Հրանուշ, եւ դեռ այլ կնոջական դէմքեր խառնուեցան իրարու, սկսան  պարել, ծամածռութիւններ ընել... Պարապ մը բացուեցաւ առջեւը։ Անջրպետ մը՝ իր եւ կնոջ միջեւ որ երբեք պիտի չլեցուէր։ Ա՜, ո՜չ, ա՛տ չէր, ա՜տ չէր որ ուզած էր, սխալա՜ծ, սխալա՜ծ, խաբուա՜ծ... Օրէնքով, օրէնքով  շպարուած դառնադառն սխալ. սեւ թիւրիմացութիւ... Ոտքերուն առջեւ, անջրպետը, անդունդի  մութ սպառնալիքը առաւ...

Ինչքան ալ արբեցումէն գունաւորուէին օրերը, խանդավառութեան խարոյկները վառէին ժամերուն  մէջէն, ապերա՜խտ էր, շա՜տ ապերախտ այդ փոքրիկ ընկերութիւնը  որուն մէջ ճակատագիրը նետեր էր Նազարեանին։ Այն օրը, շաբաթ օր մը, կրկնապատիկ  աշխատանք  ունեցաւ։ Նոր աշակերտներ ներկայացան որ հարկ եղաւ ընդունիլ։ Հին աշակերտները եկան որ ժամադրութիւն չէին առած։ Կէսօրին կերակուրը վառած՝ Հրանտ մնացած էր պտուղով մը։ Չէր յաջողած, ինչպէս ամէն օր, հակառակ թախանձագին խնդրած ըլլալուն Արփիկէն, գոնէ քառորդ ժամ հանգստանալ բազկաթոռին մէջ, գործի սկսելէ առաջ։ Միշտ վերջին պատառը բերանը՝ ստիպուած  կ՚ըլլար սկսիլ ընդունելութիւնները։  Այդ օրը կոկորդի ալ փոքրիկ ցաւ մը։ Անտրամադիր էր եւ անխանդավառ։

Ժամը հինգի ատենները, ճամբեցնելու ատեն իր մէկ աշակերտը, գաւաթ մը լիմոնով տաք ջուր տալ իրեն խնդրեց Զարուհիէն որուն հանդիպեցաւ միջանցքին մէջ։  Ոչ մէկ օր ամբողջ յետ միջօրէի մը երկայնքին, կաթիլ մը ջուկր կը տրուէր։ Իսկ Հրանտ, որպէս անծանօթներու  տան մը մէջ, խոհանոց ոտք չէր դներ, ոչ ալ իր ձեռքովը թաս մը ջուր կ՚առնէր։ Կէս ժամ վերջ՝ դեռ կը մնար ծարաւի։ Դարձեալ միջանցքին մէջ, այս անգամ Ալիս ներկայացաւ եւ, դժգոհ դէմքով. «Բան մը որ ուզէք, ինձմէ՛ ուզեցէք Զարուհիէն մի՛ ուզէք», յայտնեց։ Հրանտ, ապշա՛ծ...

Բաւական ատեն վերջ միջանցքը նայեցաւ թէ մէկը կա՛յ։ Արփիկ ներկայացաւ, օտարոտի արտայայտութեաբ.

-Երբ ուզելիք բան մը ունենաս՝ քոյրիկներուս մի՛ ըսեր, ինծի՛ ըսէ։

-Քոյրիկներդ ի՛մ ալ քոյրերս են, ջախջախուած՝ պատասխանեց Հրանտ։ Եւ յետոյ ի՜նչ ուզեցի՝ գաւա՜թ մը ջուր։ Եւ արդէն չէ՝ որ խնդրած էի քեզմէ...

Հրանտ առաւ իր յաջորդ աշակերտը։ Արփիկ հեռացաւ։

Դեռ կէս ժամ ալ վերջ զգալով որ ձայնը չելլեր, այս անգամ գնաց խոհանոց։ Կրակին վրայ դրուած ջուրը շոգիացեր էր ամբողջութեամբ եւ ջերոցին ալիւմինիոմը կարմիր կտրած։ Մարեց կագը եւ ուղղուեցաւ աշխատասենեակ։ Միջանցքէն անցնելու՝ նշմարեց Արփիկին եւ Ալիսին կից գլուխները, ճաշասրահի  կիսաբաց դրան ճեղքէն, որ դարանակալ՝ զինքը կը գիտէին...

Յաջորդ օրը, կիրակի, ինչպէս միշտ, եկեղեցի պիտի երթային։

Կէսօրուան ճաշին՝ հրաւիրուած էին Վարդանեանենց տունը։ Միասին անտառ պիտի երթային եւ, ինչպէս յաճախ, ընթրիքն ալ դեռ միասին կատարէին։

Երբ ուշ կը մնային ինչպէս շատ յաճախ, կ՚երթային Ռիւ տէ Փըթի զ՚Հոթէլի ժողովարանը։ Հրանտ կը սիրէր անոր ծերունի պատուելին։ Արփիկ զբաղուած է դեռ լուածքով եւ արդուկով։ Սեղանին քով, երկու աթոռի վրայ, քոյրերուն արդուկուած ճերմակեղէնները դիզուած են։ Հրանտէն հոն ոչինչ կայ։ Ոչ իր փողկապին մէկ քանի շաբթուայ ծալքերը, ոչ ալ իր հագուստներէն ոեւէ մէկը արդուկուած։

Հրանտ ինքն իսկ պատրաստեց իր սուրճը։ Ժամը տեւսնըմէկի ատենները, մէկիկ մէկիկ, ծեքծեքուն դուրս ելան իրենց սենեակէն  Զարուհի եւ Ալիս։ Հագուած էին իրենց մեծ քրոջը լուացած եւ արդուկած ճերմակ պլուզները, արդուկած ժիւփերը։

-Արփի՛կ , հարցուց Հրանտ միջանցքէն, ճերմակեղէններու կահին դարակը քննելէ վերջ, մաքուր շապիկ մը չունի՞մ։

Երեք քոյր խոհանոցն էին։ Դուռը վրայ հըրուեցաւ։

-Ո՛չ, պոռաց Արփիկ։ Ուրիշ լռութենէ մը վերջ,

-Կեղտոտդ պիտի հագնիս... այս անգամ...

Անհաւատալի էր... Հրանտին վրդովումը իր յորձանքին մէջ առաւ, տարաւ անոր պաղարիւնութիւնը։

Առանձին գնաց Վարդանեաններուն։ Անոնց բոլոր հարցումներուն, տնեցիներուն վերաբերեալ։ Հրանտ պատասխանեց որ կամաց կամաց կը շտկըուէին։ Տիկին Վարդանեանին համար սակայն դժուար չէր եղած գուշակել վրդովումի պատճառներ։ Հեռախօսեց որ գոնէ Արփիկը անմիջապէս ելլէ գայ։ Արփիկ մերժեց։ Կը նախընտրէ քոյրերուն հետ մնալ։

-Մի՛ երթար, չպիտի երթաս, ասում էր աղջըկերանցից մին, յայտնեց Տիկին Վարդանեան, ընկալուչը զետեղելով։

Ինչ որ ըրին, ամբողջ օրը, անկարելի եղաւ փարատել Հրանտին ընկճումի, մելամաղձոտութեան մառախուղները։

Տիկին Վարդանեան գայթակղած զարմացումի եւ մանկական միամտութեան խառնուրդ արտայայտութիւն  մը ունէր, վերին աստիճանի ծիծաղաշարժ։

-Հա՛, կ՚ըսէր, ուտում են, բոլոր Միութիւններն էլ ուտում են...

-Բա՛, ինչպէ՛ս թէ ուտում են... Ի հարկէ պիտի ուտեն, աւելցուց Հայկ, ինսան են խօ՜, թէ չուտեն՝ կը մեռնեն։

-Չե՛մ իմանում, չեմ իմանամ... կը կրկնէր, իբրեւ հանելուկի մը առջեւ, իբրեւ ըմբռնողութենէն վեր՝ երեւոյթի մը առջեւ։ Մեզանում մարդիկ տալիս էին, էստեղ՝ ուտում են։ Կատարեալ աւազակների խումբ, Եկեղեցի, Աղքատախնամ, Գթասիրական, գոյնզգոյն խաչեր։ Դպրոցներ, կուսակցութիւններ, մի խօսքով ուտում են... Եւ հարուստները աւելի են գողանում, առաւել մեծ չափերով...

-Ախ՜ր, ուտում են, է՜... Ամէն ոք մի բան ճարել է՝ քաշելու... Հանդէսներ են կազմակերպում՝ փողը ուտում... Պիւֆէների շուրջ, ինչ որ վհուկ կիներ կան, մասնագիտացած, ինչ որ մի զզուելի Տիկին Քիրպի...  Հազիւ հանդէսը վերջացած, սաքերը դուրս են գալիս բաժանում են ուտիչք, տուն են կրում... Ախր, տու՛ն են տանում, է՜... Չեմ իմանում...  Մեզանում, Պաքուում մենք էլ էինք կազմակերպում բարեսիրական հանդէսներ, ռաուդներ։ Երբ պիւֆէից մի բան մնում էր, հարուստ կանայք կրկին գինով գնում էին եւ աւելացնում ընդհանուր  հասոյթի վերայ։ Էստեղ, չեմ իմանում...

Հրաժեշտ առաւ, իրիկուայ կողմ, Անիէ՛ռ։

-Արփիկը՞ ուր է. հարցուց Տիկին Նազարեան։

Անշու՛շտ, Հրանտին պատրուակները բաղդ չունեցաւ իրական նկատուելու։ Երկար ատեն յարգելէ վերջ իր լռութիւնը, մայրը ի վերջոյ յաջողեցաւ ներմուծել ժամանակի, մահուան, երդումներու մեծութեան զգացումը, յաւիտենականութեան ամոքիչ ազդեցութիւնը եւ մարդկային կիրքերուն սին ու անցողակի նկարագիրը։ Այնքան անգամներէ վերջ դարձեալ կարդաց Սուրբ Գրոց այն տողերը որ ամուսնութեան կը վերաբերէին։

Տուաւ Զարեհէն եկած նամակը։ Եղբայրը անհամբեր տօն օրերուն կը սպասէր Փարիզ գալու եւ իր մեկուսացած կեանքէն՝ շունչ մը քաշելու։

Տիկին Նազարեան ընկերացաւ զաւկին մինչեւ կայարան որ հազիւ երկու րոպէի ճամբայ էր։ Փողոցի կիսամութին մէջ.

-Տղա՛ս, ըսաւ, նայիր որ, ինչ ալ ըլլայ, անուշութեամբ խօսիս... Այս շաբաթ չկրցայ գալ։ Աչքերուս տակ սեւցեր էին նորէն, գլխուս մէջ աղմուկ, կոտրտուք, ջրվէ՛ժ... Ըսէ Արփիկին, գալ շաբաթ ինչ ալ ըլլայ, մեռնիմ մնամ՝ պիտի գամ։ Անգամ մը, քանի ողջ եմ, քիւֆթէն միասին պիտի պատրաստենք։ Վերջի գալուս  դուն կ՚աշխատէիր, մենք, ներսը, հոգեւոր երգեր երգեցինք միասին։ Անուշ դէմքը աչքիս առջեւն է։ Անմեղ, հրեշտակի աչքերը երբեմն կը բարձրացնէր ու, մանուկի ոգեւորութեամբ. «Աս ալ գիտե՞ս, աս ալ գիտե՞ս, մայրի՛կ» կը հարցնէր... Դուն տեսնաս թէ ան ի՛նչ լաւ կին ըլլայ... Հայտէ նայիմ, քէփդ քիփ պահէ, իմ անուշիկ զաւակս...

Այդ կիսամութին մէջ՝ մայրը ուժգին սեղմեց տղան իր կուրքին։ Քանի տարիքը կ՚առնէր այնքան իր զաւակները, իր աչքին, դէպի իրենց մանկութիւնը կը դառնային... Հակառակ իր սովորութեան սակայն՝ ցանկապատին մօտ չսպասեց, մինչեւ կառաշարին մեկնումը։ Պատուհանէն Հրանտ ի զուր փնտռեց զայն։ Չէր ուզած որ դէմքը մատնէ իր կրած յուզումը... Իր խե՜ղճ զաւակները անպաշտպան ու անդէն այս տարօրինակ դարուն մէջ, մանուկի սրտով... Անոր, նուրբ բնազդներով, անշու՜շտ կին մըն էր որ պէտք էր։ Իր մէկ քանի բառերէն՝ ինչպէ՞ս յոյսը անմիջապէս բոցավառեր էր տղուն աչքերը, վաներ՝ ողբերգական ձախողանքի նախազգացումը եւ հաստատեր անոր համար ամէնէն թանկագին գործառնութիւնը, - վերին գործառնութիւնը սիրել կարենալու... Ինքն ալ՝ մայրը, իր մէջէն, ներքին որոշումով, նուիրուեցաւ անձկութիւնը վանելու։ Շտապեց տուն։ Ինչպէս յաճախ, գտաւ սեղանին վրայ բաց, մաշուած անկիւններով, գորշ կողքերով իրենց ընտանեկան Աստուածաշունչը որ հարիւրաւոր տարիներով ու հազարաւոր մղոններով հեռու, այնտե՜ղ, Սուրբ Յակոբայ եկեղեցիին բոլորտիքը, հնամենի, խնկաբոյր անունով մարդիկ՝ նախահայրեր ու մայրեր, Յովհաննէսներ, Փառանձեմներ, Թուրվանտաներ, Ալմասներ, Տիրաններ, Խոսրովներ՝ գտեր էին սպեղանին՝ իրենց աղէտահար հոգիին, այդ գրքերու Գրքէն որ կը մնար միակը, որ էր վերջնականը, տանիլ խառնելու իրենց մարդու հոգին՝ աստուածայինին, այնքան ատեն որ իրենցմէ էակ մը պիտի շնչէր երկրագունտի երեսին...

Ժամը տասը անցած էր երբ Հրանտ Փարիզ հասաւ։ Սէն Լազարէն մինչեւ իր տունը՝ քառորդ ժամէն աւելի չէր առներ։ Կարօտցած էր արդէն «պզտիկ հարսը... » Արփիկ՝ լուրջ, մտահոգ, նոյնիսկ տագնապալից, եւ՝ իր զղջումի արտայայտութեամբը։ Այդ պահերուն Հրանտին կը թուէր որ եօթը, ութը տարու մանուկի մը հետ գործ ունի։

-Ինչու՞ այսքան ուշ եկար... ճաշը դրած՝ կը սպասենք...

Հրանտ կարօտցած էր իր Արփիկը։ Ամբողջ սառը հալեցաւ։

-Աւելի՝ հարազատ, աւելի՝ հետաքրքրական եղիր որ մէ՛կ րոպէ չբաժնուիմ  քեզմէ, պատասխանեց։ Ինչու՞ չեկար անմիջապէս, երբ հեռախօս ըրին։

... Անշուշտ պէտք չէ որ ես...

Արփիկ հանեց անոր վերարկուն, կախեց վզնոցը եւ, գրկուած, մտան ճաշասենեակը ուր, իսկապէս, սեղանը պատրաստ կը սպասէր, Արփիկ.

-Մէկ օր մը որ կերակուրը վառած չէր, այն օրն ալ...

-Չե՛մ հաւատար...

-Նա՜, եկու՛ր, եկու՛ր  ինծի հետ խոհանոց, պտուկը պիտի բանամ... Կաթն ալ մակրդեր եմ, աղուոր ֆիստանս ալ հագեր...

Յետոյ, մելամաղձոտ, Հրանտ ընկողմանեցաւ իր թիկնաթոռին մէջ։ Արփիկ դարձեալ լրջացած, եկաւ նստաւ օթոցի լայնանիստ բազուկին եւ սկսաւ անոր մազերը շոյել։

-Ամբողջ օրով բացակայեցար...

-Այո՛, բացակայեցա՛յ, բայց ես գո՛հ եմ, Այսպէ՞ս պիտի ըլլար։ Ես որ տարիներ սպասած  էի քեզի որպէսզի այս սենեակները տաքութեամբ, հարազատութեամբ լեցնէիր, ես որ առած էի քոյրերդ որպէսզի  ինծի՛ ալ քոյր ըլլան, պէ՞տք էր որ ինծի կատարեալ օտարի մը... պէտք չէ՞ր որ ամէ՜ն, ամէնէ՜ն առաջ ամուսինովդ զբաղուէիր։ Այնքան միամիտ չես որ խորհիս թէ խնդիրը շապիկի մը վրայ է։ Եթէ քոմոտը բանամ չգործածուած ճերմակեղէնի դէզ մը կայ, խնդիրը... ։ Ըսել է դուք ինծի, իմ տանս մէջ, դարձուցեր էք աւելորդ, անփափաքելի, նեղող մէկը... Մէկը որուն կեանքին նպատակն է... ուրեմն ձեր... Եւ յետոյ, եւ յետոյ, կը տեսնա՜ս, ամէնէն սարսափելին այն չէ՞ որ ես ստիպուիմ  այս կարգի նուաստ եւ նուաստացնող խորհրդածութիւններ ընել։

-Ես քու ամուսինդ չե՞մ, քոյրերուդ եղբայրը չե՞մ։ Այսպէ՜ս պիտի ըլլար մեր կեանքը։ Ես ամուսնացայ որ այսպէ՛ս կեանք մը անցընեմ, դժգոհ ու դժբախտ... Ես ուրիշ բան չունի՞մ ընելիք, չունի՞մ ձեզի ըսելիք, աւելի՛ օգտակար, աւելի՛ գեղեցիկ... Իմ պատիւս քուկինդ չէ՞։ Հրանտին անխնամ մնալը ամէնէն առաջ քեզի համար անպատուաբեր չէ՞...

-Ճի՛շտ է, Հրանտ, ըսաւ Արփիկ, բիւրեղ շեշտով։ Արդէն երկ մայրիկէն նամակ առինք։ Կ՚ըսէ որ «Մստր Հրանտին մուխաթ եղէք, շատ հոգ տարէք։»

Հայ ազգը քեզի պէտք ունի...

Հրանտ որ իսկապէս մռայլ տրամադրութեան մէջ էր այս վերջի խօսքին զաւեշտը իր յորձանքին  մէջ առաւ զինք։ Սկսաւ խնդալ, մաքրագործող, բուժող խնդուքով։ Ու բոլորովին փոխուած ձայնով ու շեշտով։

-Ի՞նչպէս թէ հայ ազգը ինծի պէտք ունի... Հայ ազգին ալ շատ ճիւերուն է Հրանտ Նազարեանը... Ա՜, վերջապէս Արփիկ ամբողջովին գոհ է։ Կ՚օգտուի։ Ե՞րբ Մէժէվ, իր մօրը նամակ պիտի գրէ։ Բայց՝ անցեալ շաբաթ գրեր է։ Հոգ չէ, պէտք է որ նորէն գրէ։ Լա՛ւ, լա՛ւ, նորէ՛ն պիտի գրէ, աղուոր  բաներ պիտի գրէ...

Յաջորդ օրը, երկուշաբթի, Տիկին Վարդանեան դեռ մտահով, կէսօրէն վերջ այցելութեան եկաւ։ Հրանտ զբաղուած էր։ Մինչեւ եօթը առնուազն՝ դասեր ունէր։

-Հը՜ ինչու՞ չեկաք երէկ, հարցուց ճաշասրահը, դէմ դէմի նստած Արփիկին հետ։ Արփիկ յարդարուած է եւ հագած այն սեւ շրջազգեստը որ «իր Հրանտին» հետ միասին առած են եւ որուն մէջ ան մասնաւորապէս գեղեցիկ կը գտնէ զայն։

-Ալ շատ ուշ էր մինչեւ որ գայի, մինչեւ որ... Յետոյ, քոյրերս ու՛ր ձգէի...

-Դէ՛, ախր, քոյրերդ ծծկան երախներ չեն։ Ամուսինդ ուր որ գնալ դու էլ էնտեղ պէտք է գնաս։ Ի՜նչ կայ, գիտէ՞ք, սիրելի Արփիկ, պէտք է դուք միշտ նկատի ունենաք որ ձեր ամուսինը, ձեր քեռայրը հասարակ մարդ չէ, բեռնակիր, նպարավաճառ չէ, այլ՝ արթիսթ է... Արթիսթը՝ զգայուն կը լինի՛ բոլոր ժամանակը պէտք ունի խանդավառութեան... Ամէնափոքր բանը նրա վրայ շատ է ազդու... Էնպէս արէք որ կարողանայ աշխատեալ, վերջացնել իր քոնսէրթօն գրել իրա ծրագրած աշխատանքը՝ հայ ժողովրդական երգի մասին... Ինչ խորն է քոնսէրթոյի  գրի առած մասը։ Ծանօ՞թ է քեզ։

-Ո-ո՛չ... Կը տեսնա՜ք, եկեր դժգոհեր է մեր մասին...

-Երբէ՜ք, ո՛չ մի բառ չէ ասել։ Եթէ նոյնիսկ ասէ. էլի՛ նշանակութիւն չունի որովհետեւ ես նրա մօրաքոյրի նման եմ, իմ որդուս պէս սիրում եմ։ Եւ նոյն կերպով՝ քե՛զ էլ եմ սիրում... Ու մի՛ բան եմ ցանկանում որ դուք բախտաւոր լինէք։

Քիչ մը վհատած շեշտով։

-Ինչպէ՜ս կարելի է... դուք նրա կեանքի ընկերն էք եւ չէք էլ հետաքրքրուում նրա կեանքի լաւագոյն մասովը։ Ի տեղին նպաստելու որ էդ մասը զարգանալ, դուք հէնց դա էք խափանում... Տեսէք, ահա մի տղայ որ ո՜չ հասրտութեան նայեց ո՜չ զարգացումի, ո՛չ գեղեցկութեան, ոչ տնային առաքինութիւնների, այլ միայն ձեր ազնիւ նկարագրին, էգ լոյսովը, եւ դուք...

Այս կարգի խորհրդածութիւններ  կատարեալ թշնամական տրամադրութեան մէջ կը նետէին՝ մինչեւ իրենց ծուծը կեղծիքի մէջ փտած այս արարածները։ Իրենց յղացումներուն նախնականութիւնը սարսափեցուցիչ էր վասնզի աղետաբեր... Տիկ. Վարդանեանը, իր այդ կարգի խօսքերուն համար «Հրանտին կողմը կը բռնէր. » իրենց թշնամին էր... Ան որ անմիջապէս կողմնակից չէր ըլլար իրենց մոլի հակումներուն, որ կողմ չէր բռներ, որ զինք ամուսնէն զատող քլիքի ոճրային բարքերուն չէր մղեր՝ թշնամի էր։

Այդ միջոցին պարբերաբար դուռը կը զարնուէր։ Տիկին Վարդանեան դիտեց որ Արփիկ  տեղէն չի շարժիր։ Տեսաւ որ, ամէն անգամին, արագաքայլ, Հրանտ ինքն է որ դասը կ՚ընդհատէ, դուռը կը բանայ, կ՚ընդունի մէկ աշակերտը եւ կ՚առաջնորդէ սպասման սրահը։ Ճեղքէն նշմարած ըլլալով զայն, Հրանտ մտաւ ներս համբուրեց ձեռքը։

-Շուտով կը վերջացնեմ, չըլլայ որ մեկնիք։

Արփիկ պոնպոն հրամցնելէ վերջ՝ գնաց եւ ա՛լ չերեւցաւ։ Պայմանաւորուած՝ Հայկ գործէն ելլելուն՝ եկաւ Հրանտենց։ Մայր ու տղայ մնացեր էին առանձին։

-Բա՛, ու՞ր են սրանք, ախր...

Հայկ սովորութիւն ըրեր էր, ընկերոջը տունը գալուն պէս, մտնել անմիջապէս խոհանոց եւ երկար  խօսուըռտուքի, կատակներու բռնուիլ, Արփիկին հետ։

-Խոհանոցո՛ւմն էլ չեն. ո՞ր ծակն են մտել...

-Չեմ իմանում։ Կարծում եմ որ Զարուհին եւ, Ալիսն էլ են եկել, բայց չեմ տեսել դեռ...

Հրանտին աշխատանքը իր սպասածէն աւելի ուշ վերջացաւ։ Մինչ այդ, մայր ու տղայ, փոխն ի փոխ, դուռը կը բանային եւ կ՚առաջնորդէին Հրանտին աշակերտները սպասման սրահ։ Վերջապէս, ժամը ութի ատենները, Ալիս՝ ծեքծեքուն խորամանկ, ժպտուն երեւեցաւ։ Հայկին սկզբնական խանդավառ համակրանքը բոլորովին շիջած էր։ Բայց, դեռ կը սպասէր՝ իր բացասական համոզումը հռչակելէ առաջ։

Միամտաբար Զարուհիին չօճուխ մը կը նկատէր եւ անոր հետ կը խօսէր, կը կատակէր որպէս տասներկու տարեկան աղջնեկի մը հետ։ Ըսենք անոր վերին աստիճանի ճղճիմ մարմինն ու կարճ հասակը կը նպաստէին այդ պատրանքին։ Երբեմն-երբեմն, նոյն իսկ, արուեստական ոգեւորութեան մը մէջ, լաւ մը կը գրկէր զայն։

-Բա՛, սա շա՛տ լաւիկն է։ Մամա՛. մամա՛, տեսնոո՛ւմ ես ինչպէս է ժպտում անպիտանը, տեսնո՛ւմ ես։ Սա շա՛տ լաւիկն է...

Արփիկին կը նկատէր բացառիկ։ Տաղանդաւոր, հեզ ու քաղցր բնաւորութեամբ ձայնի անդիմադրելի յուզականութեամբ։

-Բա, էս ո՞ւր էք, ի՛նչ էք անում, մեզ ձգել էք էստեղ առանձին դէ՛, բարե՛ւ. բարե՛ւ...

-Ներսն էի, քիչ մը կը հանգստանայի, պատասխանեց Ալիս, ձեռք տալով, մարած հոտած շեշտով։

-Բա, ի՞նչ են ասում սրանք, վրայ բերաւ Հայկ, իր ինքնաբուխ ու յանդուգն անկեղծութեամբը, ի՞նչպէս թէ կը հանգստանայի։ Քա՞ր էք քաշել, ինչ ա... Բոլոր ժամանակը պիւռօումը նստած, ռոն տը քիւիռների նման...

Դարձեալ դուռը զարկին։ Տեսնելով որ ոչ ոք չի շարժիր, Հայկ տեղէն ցատքեց։ Դռնապանն էր որ ծրար մը կը յանձնէր։

-Ախր ինչու՞ դուռ չէք բանալ է՛, բոլոր ժամանակը Հրանտն է դուր գալիս...

-Հա՛, ետեւի սենեակն էին, չէինք լսեր...

-Էն ժամանակ առջեւի՝ սենեակն եկէք որ լսէք. վրայ բերաւ մայրը, գայթակղութիւնը  հազիւ զսպած։

Այդ պահուն ներս մտաւ դարձեալ Արփիկ, գաղտնի լսուած խօսակցութենէն կարի հետաքրքիր եւ տուտուի տգեղ արտայայտութեամբ։

-Եկէք ասենք, սկսաւ Տիկին Վարդանեան, որ դուք դիտմամբ խուլ էք ձեւանում։ Ինչպէ՜ս կարելի է, ինձ անհասկանալի է, չեմ իմանում... Ես բոլոր ժամանակը գնում եմ բժիշկ Գոլիա Պապաջանեանի մօտ, բժիշկ Ասլանի, փաստաբան Կիրակոսեանի մօտ, երգչուհի Օր. Դալարեանի մօտ, եւ առաջինների կիներն են դուռը բաց անում, իսկ վերջինը՝ ինքը... Եւ սրանք ամուսնացած են տասնեակ տարիներէ ի վեր։ Ի՞նչ ամօթ բան կայ... Ախր դուք որ չանէք նա՛ է անում, չէ՞։ Եթէ անպատուութիւն է ձեզ համար դուռ բաց անել, թոյլ տալ որ նա անի՝ հազա՛ր անգամ աւելի անպատուաբեր է... Իսկ եթէ ոչ, ինչո՞ւ մի սպասուհի չես վարձում, Արփի՛կ։ Ախր Հրանտն էլ մեղք է, է՜։ Քիչ առաջ որ եկաւ, յոգնլ, սպրդուել էր...

Զարուհի նմանապէս եկեր էր, Նոյնքան ծեքծեքուն, նոյնքան խորամանկ... Հայկին համակրանքը կեդրոնածաց էր Զարուհիին վրայ որ մեծ նազանքներով, անոր աչքէն փոշի մը կը ճգնէր հանել։ Տիկ. Վարդանեանի վերջին հարցումին վրայ, զբաղումը յանկարծ լքեց եւ երկու քոյրերուն հետ, միաբերան.

-Ա՜, նօ, ըրին։ Յետոյ, փոխն ի փոխ, - երեք աղջիկ ենք հոս, սպասուհիի ի՛նչ պէտք կայ, ամօթ չէ՞։ Սպասուհին ե՛ս ղրկել տուի, վերացուց Արփիկ։

Իրականին մէջ միակ ուզածնին այդ էր բայց կը վախնային ինչ որ հասարակաց կարծիքէ։ Երկու աղջիկ կար ամուսնանալիք... Իսկ Հրանտ ձգած էր զանոնք այդ «դժուարութիւններուն» մէջ, ուշիմ աղջկայ մը կողմէ մէկ շաբաթէն յաղթահարելիք դժուարութիւններ, որպէսզի անոնց մտրակումին տակ ոտքի ձեռքի տան, եւ իրենց իսկ շահուն համար, ատակ ըլլան, գոնէ համեստ չափով, տուն մը կառավարելու։

Հրանտ ներս մտաւ։

-Լա՛ւ հարցուց, սեղանը ինչո՞ւ չէք շտկեր։ Դառնալով միւսներուն, ճար չկայ, պիտի մնաք եւ միասին պիտի ճաշենք։

Ձիթապտուղ կար, պանիր, քիչ մը պտուղ, քիչ մը հաց։ Հակառակ բարեկամներուն բոլոր բողոքներուն, Հրանտ պարկը առաւ, իջաւ վար եւ բերաւ ինչ որ գտաւ։ Ժամը յառաջացած էր։ Քանի մը շերտ ժամպոն ու հաւկիթ։ Ալիս ու Զարուհի ցրտահար ճանճերու պէս պատին փակած՝ չէին շարժեր։ Տիկին Վարդանեան կ՚աշխատէր բաներ մը ընել եւ պահել կրած զզուանքը խոհանոցի անկարգութենէն եւ աղտոտութենէն։

-Ա՜խր, սո՛ված կը լինի...

Եւ դեռ չէր գիտեր որ Հրանտ կէսօրին ալ բան չէր կերեր վիճաբանութեան մը հետեւանքով ու անպատկառ դիմադարձութիւններէ յուզուած։

Տիկին Վարդանեան չէր ուզած փոմ ֆրիթ պատրաստել, տապեկելու ամանին վրայ աչք մը նետելէ վերջ... Արփի՛կ ձեռնարկած էր այդ գործին։ Իրիկուայ կողմ իր յարդարանքը դարձեալ փոխուած։ Դրած է երակաւոր սեւ թաֆթաէ իր ժիւփը։ Հրանտ ընտրած էր այդ կերպասը ու Արփիկ բաւականին պատուով դուրս ելած՝ վայելուչ ժիւփ մը շինելով։ Իսկ իր քորսաժը՝ սպիտակ մետաքսէ էր եւ կարի վայելչութեամբ ասեղնաբանուած։ Հրանտ օր մը տեսած էր զայն Կռան Մէզոն տը Պլանի ցուցափեղկին մէջ եւ ուրախութեամբ թրթռուն, տարած էր Արփիկը, գնած զայն եւ յետոյ աղուոր ժամ մը անցուցած՝ Թիւլլըրիի պարտէզը։ Կափ կարմիր կտրած երբ պնակ մը գետնախնձորը ներս բերաւ, ամէն մարդ նկատեց որ քորսաժը իւղով պատուած է։ Այս աղջիկներուն համար գոգնոցով մը պատսպարուիլ, տնկաան գործի մը ընթացքին, երբ իրենց իսկ կեղտոտած մէկ տեղը կամ առարկան պիտի մաքրէին, երբ իրենց իսկ ուտելիք կերակուրը պիտի պատրաստէին, ամէնամեծ անպատուութիւնն էր՝ սպասուհի կը դառնային։ Ուստի տօնական հագուստներն էին որ կը պտըտէին խոհանոցի ու մաքրութեան կեղտերուն մէջ։

Տիկին Վարդանեան հանգստացնող խօսք մը ուզեց կմկմալ։ Գռեհիկ արտայայտութեամբ, մէկ աչքը գոցելով, Արփիկ ինքն իսկ ինքզինքը փութկոտութեամբ մխիթարեց։

-Հոգ չէ՛, ուրի՛շ մը կ՚առնէ... գլխով ամուսինը ցոյց տալով։

Յաջորդ օրը լուացած էր զայն եռացած ջուրով եւ... օ տը ժավէլով։ Սպիտակ մետաքսեայ «վարդը» նոյնհետայն թառամեր էր, իր ասեղնաբանուած կոկոններովը եւ դարձեր՝ գորշ դեղին փոշէառ լաթի կտոր մը...

Ալիս եւ Զարուհի հազիւ երկու երեք պատառ, լուլօրէն, տաժանելիօրէն բերան կը տանէին։ Տիկին Վարդանեան զարմացած էր։ Ոչ ոք կրնար կռահել որ այս չքնաղ աղջիկները լաւ մը գաղտնի՝ կերպով կ՚ուտէին։ Ննջասենեակին ու խոհանոցին անկիւնները՝ լաւ մը կը թխմուէին, որպէսզի, սեղանին վրայ, Հրանտ խորհի որ այս աղջիկները սուղի չեն նստիր իրեն...

Յամենայն դէպս՝ ճաշը շատ թեթեւ եկաւ։ Յանկարծ Հրանտին միտքը ինկաւ։ Երկու օր առաջ, կնոջը հետ գացեր էր հայ նպարավաճառին եւ մեծ քանակութեամբ, ինչ որ տեսեր էր՝ առե՛ր։ Մէկ մասը հետերնին բերեր էին, միւս մասն ալ, երեկոյեան, նպարավաճառը կառքովը բերեր, տուն ձգեր էր, միեւնոյն փողոցը բնակելով։

-Արփի՛կ, Արփի՛՛կ, ըսաւ, լա՛ւ միտքս ինկաւ, տուփ մը հալվա ինչո՞ւ չես հաներ։

Արփիկ կարմրեցաւ։

-... Չկայ, քոլի ըրինք մայրիկին... շշնչաց։

-Լա՛ւ ըրիք, շատ լաւ էք ըրեր, թէեւ կրնայիք ինծի ալ հարցնել եւ տուփ մըն ալ գոնէ հո՛ս պահել։ Յետոյ՝ նո՛ր ծրար կը ղրկէինք դարձեալ...

Այդ օրը ոչ ոք կրնար ենթադրել որ ա՛տ ալ սուտ մըն էր։ Անկարելի եւ աւելորդ էր այդքան պարէն ղրկել մէկ հոգիի մը։ Իրականին մէջ հալվա-փիսթաշ, նուշ, կաղին, չամիչ, ընկոյզ, արեւելեան շաքարներ, խուրապիա մասամբ իրենք կերած էին արդէն, անըմբռնելի, վնասաբեր ագահութեամբ, եւ մեծ մէկ մասն ալ կը մնար պահուած՝ իրենց համար։

Յաճախ Հրանտ խորհած էր որ արդեօք  պատերազմի շրջանին ղրկուա՛ծ մնացեր էին։ Բայց, յետոյ տեղեկացած էր որ, ո՛չ, կարգ մը նպաստաւոր պայմաններու բերումով, միշտ ալ տէպրուեէ եղած են... Այնպէս որ ո եւ է այցելութեան՝ Հրանտին վրայ քրտինք կուգար։ Հիւրասիրութեան համար վերապահուած խմիչք, շոքոլա, պտուղ, ո եւ է բան չէր մնար անկիւն մը։ Սո՛ւրճ մը - ճիշդ այդ օրը սուրճն ալ հատած կ՚ըլլար։ Թէ՛յ մը, - ճիշդ ալ այսօր պիտի գնուէր բայց մոռցուեր է։ Հրանտ ապշած էր հարցնէր թէ հապա ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ, երբ, նշանուած, իրենց մօտ կ՚ըլլար, կը հիւրասիրէին զինք, կատարեալ կերպով։ Ըսել է ա՛տ ալ լոկ թակարդի մէկ տեսակ եղած էր։ Մէկ խօսքով՝ ծո՛յլ էին։ Սարսափելիօրէն՝ ծո՛յլ։ Պնակ մը աւել վերցնել, գաւաթ մը աւել լուալ՝ տաժանելի էր։ Ձեռքերնուն գար՝ ամէ՛ն օր ճաշարան պիտի ուտէին։ Քանթիններու անկիւնները սլքտկային։ Հայ աղջկայ բոլոր հիմնական բնազդները՝ այլասերած էին։ Իրենց ամէնամօտիկ բարեկամներուն հետ պատառ մը բան ուտելու ծրագիրը մռայլեցուց զիրենք, յուսահատեցուց։ Ոչ իսկ կը մտաբերէին որ տասնեակ, ո՛չ թէ տասը, տասնեակ անգամներ, կէսօր իրիկուն, ճաշի վար դրուած էին եւ սպասարկուած եօթանասունը անց նոյն այդ կնոջ կողմէ... Հրանտ որ քունը կը փախցնէր եթէ իրեն մէկ եղած սիրալիրութեան մը կրկնապատիկով չպատասխանէր, Կեւիյնար ծանր սրտմտութեան մէջ։ Այս այլասերած աղջիկները որ, մինչեւ էրիկ մը ճանկերնին ձգելը, Աւետարան եւ առաքինութիւն կը խաղային եւ որ, իրենց պիւռօյէն վերջ, միայն պայուսակնին ուսերնուն նետէին եւ իրենք զիրենք՝ փողոց... Հիմա ալ դարձեր էին անսիրալիր, մռայլ, կամովին՝ անճրկած...

-Բան մը չկա՞յ, ո՛չ մէկ բան, պնդեց դարձեալ Հրանտ, ցաւագին ապշութեամբ։ Արփիկ, կափ կարմիր, գլխով բացասական նշան ըրաւ...

Տարօրինա՜կ... Անկարելի էր այս աղջիկներուն՝ ուրիշ կերպ ապրիլ։ Ապրի՛լ՝ եթէ կեանքը գողնալու պէս չըլլար՝ իրենց քիմքին համ չէր տար...

Կէս գիշերին մօտ՝ պատրաստուեցան մեկնիլ։ Տիկին Վարդանեան արդէն վար իջած էր։ Ալիս եւ Զարուհի շատոնց գացած էին քնանալ, երբ, դուրսի դրան շէնքին սպասուն, Հայկ բռնուած էր շատախօսութեան նոպայէ մը։ Արփիկ ինքն ալ պայմանադրական ժպիտով մը եւ քնաթաթախ աչքերով մտիկ կ՚ընէր։

-Սա ոտի վրայ է քնում, ըսաւ, Արփիկին ցոյց տալով։ Դէ՛, au revoir, mes cheris...

Հրանտ մնաց շշմած...

Հարկ էր որ շտապէին։ Ճամբան երկար էր մինչեւ Փորթ տը Քլու։ Քօռէսփոնատանսին հանդիպեցան Հրանուշին։ Հա՛, իրենք ասկէ կուգան, ան՝ անկէ։

-Ա՛խր, մի տեսնելո՜ւ բան էր... Հրանտին դարձրել են իսկական ծառայ, սպրդնել էր... Չեմ իմանում, չե՛մ իմանում... Մենք էլ բոլորս սրանց հրեշտակներ էինք կարծում... աղօթում էին, երգում... «Մե՛նք, մե՛ր ծնողքը, մեզի՛, մեր դաստիարակութի՜ւնը... »

-Իո-ի՜ւհ, ըրաւ Հայկ, կատարեալ հոտած փոխան...

-Է-է՜, դուք ալ, Հա՜յկ... հասարակ են, Տիկ. Վարդանեանս, շա՜տ հասարակ... Սարսափելի է Հրանտին վիճակը, կը զգամ... պատասխանեց Հրանուշ։

-Լա՜ւ, հասարակ ե՛ն... (Յանկարծ ձայնը բարձրացնելով) Սրանք լի՛րբ էլ են, կեղծաւորնե՛ր... Սա ի՜նչ ըմբռնում, ի՛նչ կեանք... մենք էլ... ախր, ի՞նչ են ցանկանում, հը՛, ի՞նչ է սրանց համար կեանքը... Ծուլութի՛ւն, բամբասանք, փո՛ղ, փողո՛ց... Եւ սրան ասում են՝ ազատութիւն...

-Ա՛խ, Տիկին Վարդանեանս, եթէ գիտնային, կեա՛նքը, արուե՛ստը այնպիսի խորը... Ա՛, կ՚երազեմ առանձնութիւնը, լռութիւնը՝ արտագրելու համար... Պէտք է շտապենք, տանք, բա՛ն մը ունինք, մենք բա՛ն մը ունինք ըսելիք, տալիք՝ մարդկութեան... Երբեմն՝ կ՚երթամ դէպի հասարակութիւնը... Ժողովուրդս պէտք ունի ինծի, մեզի...

Հարկ էր բաժնուիլ։

Մէթրօին մէջ, մայր ու տղայ իրար նայեցան։ Այնպիսի մտերմութիւն մը գոյացած էր, այնպիսի խորունկ հասկացողութիւն մը հաստատուեր, որ յաճախ իրենց հակազդեցութիւնները յար եւ նման էին իրարու եւ երեւան կուգային միեւնոյն պահուն, միեւնոյն բառերով...

-Ժողովո՛ւրդս... ըրաւ Հայկ, գլուխը շարժելով։ Միեւնոյն պահուն մօրը շրթները կը շարժէին նոյն բառը արտաբերելով։

Յանկարծ սկսան խնդալ, երկար, խորը խնդուքով... Ու, փոխն ի փոխ, «Գիտէ՜ք, արուես՜ստը, կեա՜նքը, ժողովու՜րդս... »

-Ճի՛շտ եմ ասում, գժուել են, գժուել են... կ՚ընդգծէին միասին թէ փոխն ի փոխ...

Այն օրը Հրանտ ստացաւ «դաշոյնի հարուածը»։ Դաշոյն որ մխրճուեցաւ ամբողջ երկայնքովը՝ հոգիին մէջ։ Ինչպէս բոլոր վիրաւորները՝ մէկ բան ուզեց- առանձին մնալ։ Մտնել լրիւ միայնութեան  մէջ՝ նախագաւիթ վերջնական հրաժարումներու։ Անցաւ իր աշխատասենեակը, գոցեց դուռը բանալիով։ Առաւօտուայ ժամը տասըն էր։ Փլեցաւ թիկնաթոռին մէջ, առաւ գլուխը երկու ձեռքերուն, արմունկները յենած ծունկներուն։ Ա՛լ որոշ էր իրեն համար... Աշխարհ ամբողջ միացած՝ անզոր էր փոխելու ոեւ է բան, իր գիտցածը։ Ու յանկարծ, մեղմութեամբ, գլուխը երերցնելով, ըսաւ իւրովին, արտասանեց բուն բառը, յայտարարեց ինքն իրեն, բուն բառն իսկ որմէ կը վախնար, որ չէր ուզեր արտասանել նոյնիսկ ինքն իրեն։«Ըսել է, կը գողնան... » Բան մը որ շատօնց  կը կասկածէր եւ որ կամքի մեծ թափահարումներով վանած էր մտքէն։ Այս առաւօտ, ինչպէս կ՚ըսեն, «ձեռքը պարկին մէջ բռնած էր»... Երկար միջանցքէն դէպի իր ննջասենեակը... իր ոտքի առաջին աղմուկը եւ... անոր՝ Արփիկին խուճապահար փախուստը՝ դէպի քովի սենեակը։ Ինք, զարմացած մտած էր սենեակ։ Դրամապանակը գետին, դրամատոմսեր  ցրցքնուած, տափատը  նմանապէս ինկած աթոռի ոտքին։ Երկրորդ յայտնութիւն մը փայլատակեց, իրար հետեւող որոտումներ, երկրո՜րդ դաշոյնի հարուած։ Երէկ չէ առջի օր հաստատած էր որ հաշիւներու տետրակին մէջ նախապէս արձանագրուած հազար երկու հարիւր ֆրանքը ջնջուեր եւ զետեղուեր էր հազար հինգհարիւրով... «Ըսե՜լ է, ըսե՜լ է.... » կը կրկնէր, բառին տառացի իմաստովը՝ յուսահատական նոպայի մը ճարակ։ Իր կառուցած կեանքին շէնքը կը փլչէր։ Քար ու կիր կ՚իյնային գլխուն։ «Ես քեզի սիրեցի որ ինձ եար ըղնիս... » Իր  եարը, իր հարազատ եարը, իր օճախին մէջ... Ինչպէս կրակին հպումը միսին, այդ իրողութիւնը կը հպէր սրտին... Անկարելի հակազդեցութեանց խեղկռտուք...

Յոգնած զգաց։ Թափանցող, աննախընթաց յոգնութեամբ։ Ան իր ետեւէն քաշեց զգայութիւնը՝ ալ անզօ՛ր, անպաշտպա՛ն ըլլալու։ Կառուցած շէնքը կը փլչէր։ Քար ու կիր կ՚իյնային գլխուն։ Գլխո՜ւն։ Սուր, անձեւ կոտրտուքներով։ Փոշին՝ մէն մի բջիջին մէջ։ Խեղդելով մէն մի բջիջ, մարմինին հոգիին, իրենց փոշիին մէջ։

Հա՛, տարօրինա՜կ, բջիջի զգայութիւնը... Ռընգունքը, լայնցած, կը բաբախէին։ Սկսաւ փոշիի հոտ առնել ինչպէս անգամ մը, տարիներ առաջ, երկու ամիսի տեւողութեամբ, կռիփէ մը վերջ։ Փոշիի սարսափելի հոտ մը... Աւերիչ, ահարկու հոտ մը, մարախներու արշաւանք որ ինկած սրտին, հոգիին արտերուն մէջ՝ կերեր, չորցուցեր, մոխիրի վերածեր հասկերը անոր տենչերուն, ախորժակներուն, նախընտրութիւններուն, կեանքի ոեւէ շարժումի։ Միանգամ ընդմիշտ... Ֆիզիքական ցաւ մը, քունքերուն վրայ տակաւ սթափեցուց Թուլցուց պրկումը ձեռքերուն ։ Եղերական դառնութեամբ, անփոխարինելի  պալատին աւերակներուն առջեւ, երազի աշխարհին այդ տապալած պատշգամին, խոյակներուն, հարթագանդակներուն առջեւ, բոլորն ալ հոգեւարքի  ծամածռութիւններով, շրթները մրմնջեցին. «Տօ՜, լա՜ճ, անաւեր... »

Վրայի յարկը, իր աշակերտը Վիվալտիի քոնսէր թոյին վրայ կ՚աշխատէր... Երբեք անոր մեղեդիները այդ կերպ չէին ազդած իր վրայ։ Ուրիշ աշխարհի մը բաներէն կը պատմէին որուն ալ ինք չէր պատկաներ որուն լեզուն, մէկ անգամէն, խուսափելու վրայ էր իրմէ։Անգամ մը եւս զայն ալ չհասկնալու անձկութեան, ահաբոյր անձկութեան մէջ ինկաւ։ Այս անգամ կռթնեցաւ աթոռին, երկու բազուկները ուղղահայեաց ծալքով երկարեց անոր թեւերուն, նոյն կերպով եւ՝ սրունքները։ Փարաւոնի անշարժութեան մէջ, իր եգիպտական գահոյկին վրայ։ Դէմքն ալ, անխլիրտ, փակ կոպերով, ստացաւ մոմիայի դալուկ ու անկենդան կայունութիւնը։ Բարակ քրտինք մը որ տակաւ պաղեցուց ճակատը։ Յետոյ՝ դադրեցաւ զգալէ։ Քոնսէրթոյին հնչիւնն ալ սկսաւ չազդել լսելիքին։ Խաւարում մը իջաւ գիտակցութեան վրայ որմէ յիշողութիւնը բթացաւ։

«Վիթրիէ-է-է՜... »

Կէսօրուայ մօտ, սթափեցաւ։ Այս թէնոռի ահարկու կանչին յաջորդեց մեծագոչ զանգահարում մը...

Հրանտ բացաւ կոպերը։ Յիշեց, վերյիշեց։ Դաշոյնը անգամ մը եւս մխրճուեցաւ։ Սիրտը սկսաւ զարնել եծ հարուածներով։ Ցուցամատը անցուց օձիքին ետեւը եւ ուժգնութեամբ պրկեց զայն՝ ամբողջ երկայնքին։ Փոշիի հոտը նոր սաստկութեամբ զարկաւ քթին։ Սիրտը սկսաւ խառնուիլ։ Ինք որ երբեք չէր յիշեր կեաքին մէջ  փոխած ըլլալ, կարծեց թէ պիտի փսխէ։ Ոտքի ելաւ ընդոստ, որպէսզի... Ա՜, ազատարա՜ր. հրաշալի գաղափարը, -  Անիէ՛ռ, Անիէ՛ռ...

Շոգեկառքին  մէջ, յաւիտենական կեանքին «անմեղութենէն» ասնիկ մը իրեն վերադառնալուն  իսկ պատճառով, կը վերյիշէր. «Պէտք չէ բարկանայ... Ինչպէ՜ս չնեղանալ... Ինչպէ՜ս չյուսահատիլ... »

Տունը, «փա՛ռք քեզ, Աստուա՜ծ, փա՜ռք քեզ», կը կրկնէր մայրը սենեակէն խոհանոց երթալ գալուն, գոհունակութեան այնպիսի խորունկ շեշտով մը որ պահ  մը Հրանտ խորհեցաւ թէ կարեւոր  դէպք մը պատահած է, մօտիկ մէկը մեծ վտանգէ մը ազատած  կամ

երջանկառիթ լուր մը հասած։ Իրականին մէջ, պարզապէս «լաւ» գիշեր մը անցուցեր էր, «գլխուն մէջի ջրվէժները» դադրեր էին հոսելէ. ձեռքերը յօդաւորումները նուազ ցաւեր։ Սովորականէն  աւելի շուտ ոտքի ելեր, շաբաթներէ ի վեր մնացած մէկ քանի  առտնին գործ ուժը ունեցեր էր կատարելու, անոր մտահալածանքը վանելու մէջէն... Օգտուելով որ այդ առաւօտ տաք ջուր տրուած է՝ լաւ պէն մը առեր է։ Ինչպէս ծաղիկը, կանգնած արեւին տակ, անքննելի պարզութեան մէջ, իր բուրումը կ՚արձակէ, ան։ Ճըշմարտի արեգակին դիմաց, իր օրհնէնքը կ՚արձակէր։

Պատուհանը բացաւ եւ պատրաստած հացի փշրանքները ափով լեցուց դրսեմասը.

-Եթէ պատահի որ մոռնամ՝ կը յիշեցնեն, յայտնեց անտարբեր շեշտով, կուգան կտուցով ապակիին կը զարնեն։ Փա՛ռք քեզ, Աստուա՛ծ, փա՛ռք քեզ, կըրկնեց դարձեալ, ձգելով ակնարկները մօտակայ մերկ ծառերէն մինչեւ հեռաւոր վիլլաներու պարտէզները ու անոնց մերկացած, փուշ-փուշ ճիւղերը։

Հրանտ նստած էր անկիւնը, գոց կարմիր թաւշեայ բազկաթոռին մէջ եւ դէմքին առջեւ բռնած պարբերաթերթ մը։ Ո՛չ կը կարդար ո՛չ ալ ինչ թերթ ըլլալը գիտէր։ Մայրը նկատած էր մէկ ակնարկով տղուն անձկութիւնն ու անոր բացառիկ աստիճանը։ Այդ իսկ պատճառով, բնազդաբար, նուրբ շօշափուկներով կը շարժէր միայն։ Հակառակ իր սովորութեան՝ չպնդեց՝ ո՛չ խօսակցութեան մը բռնելու ո՛չ ճաշի նստեցնելու։ Նուիրուեցաւ իր զբաղումներուն։ Շատ ժամանակ վերջ, ցաւի մեծ ալիքի մը ճընշումէն.

-Չպիտի՛ նեղանաս, ինչքա՛ն ալ անհաճելի բան պատահի՝ չպիտի՛ նեղանաս...

«Այո՛, այո՛, կը կրկնէր Հրանտ իւրովին, պիտի չնեղանամ, որոշեր եմ չնեղանայ, բայց, բայց, ասիկա՛, ասիկա՛ ինչպէ՞ս տանիլ, ինչպէ՞ս կարելի է տանիլ... Քու, քու  իսկ կինդ, քու տանդ մէջ... Տան հաշիւներուն մէջ, տա՛նդ, տա՛նդ... Ի՞նչ փոյթ եթէ ծախսէր, մսխէր, հարիւրապատիկը կորսնցընէր... Բայց մէկ դահեկանի զեղծարարութիւնը ժխտումն է ամէն ինչի... Ո՛չ իսկ զղջումը յաջորդեր է, մեծ հեղեղատին, տարերային զղջումը... Ահա թէ ի՜նչ պիտի կլլես, ի՛նչ պիտի ձեւացնես, ահա թէ ինչ կատակերգութիւն պիտի խաղաս... Եւ յանուն ինչի՞... Եթէ նոյն իսկ յաջողի՝ ինչ իմաստ ունի որ իր ամբողջ ուժերը, կեանքը գործածէ՝ այլասերած ոչընչութիւն մը ճամբու բերելու... Եթէ ոչ, այո՛, որոշե՛ր էր, շատո՛նց, որ պիտի չնեղանայ, եւ ինչ ալ որ պատահի, բայց թող ըսեն, խիղճ ունեցող մարդիկը թող ըսեն, այդ մէ՛կը, այդ մէկը ինչպէ՞ս տանիլ, ինչու՞ տանիլ... »

-Չպիտի՛, յուսահատիս, տղա՛ս, չպիտի՛ յուսահատիս, յայտնեց, կորովի շեշտով, մարգարէներու այն շեշտովը որ ստացեր էր Ս. Գրոց մշտակեայ յարաբերութենէն։ - Աստուած մեծ է...

Հա՜, մինչեւ հիմա՝ աղուոր խօ՛սք մըն էր, զարդարա՛նք, պատուէր մը, պերճաբանութեան առիթ, հիմա՛, հա՛, մորթիդ վրայ... Հը՞, ի՛նչ ըսիր, «անվընաս» նախկին պատուէրը մարմին կ՚առնէ, դէմք կ՚առնէ, հը՞...

Հրանտ ոչ մէկ բառ արտասանեց։ Հիմնական վերիվայրումներ։ Ինքն իր մէջ, «Չպիտի յուսահատի՜ս... Պօշ խօսք է։ Մարդ ես՝ կը յուսահատիս։

Սուտ են բոլո՛ր մեծ պատուէրները... Պէտք է յուսահատիլ, պէտք է զայրանալ, պէտք է քանդել... Կրօնք խաղան, քեզի խաբեն այսպէ՜ս, տունդ դարձընեն խարդաւանանքի բոյն... Ծաղրեն ու քրքջան...

Դուն ալ պիտի հանդուրժես եւ չպիտի յուսահատիս։ Հա՜, դրամական ձախորդութիւն, կամքէ անկախ՝ փորձութիւններ, հա՛... Բայց... »

-Եթէ մարդ փոքր ձախորդութիւն մը կրէ եւ չյուսահատի՝ բան մը չէ՛... Չպիտի յուսահատիս՝ ինչքա՛ն ալ մեծ ըլլայ պատճառը, ի՛նչ ալ ըլլայ ան... Յուսահատեցար՝ սատանային կողմը ինկար արդէն...

Ան կը շարունակէր իր մտածումը  որ զարմացնող  աստիճանով իր պատասխանը կը կազմէր տղուն  հակաճառութեան։ «Չէ՛, շարունակեց իւրովին, ես չամուսնացայ որ... Մարդկային ուժերն ալ սահման մը ունին... Բնախօսական, հոգեկան անխուսափելի ակնկալութիւններ կան առանց որոնց մարդը կը զրկուի մեծ պատուէրներու պատկերազարդումը ըլլալէ... Առանց որոնց ամէն ինչ կը վիժի... Չյուսահատիլ՝ իր ուժերուն վերջին կաթիլը չկորսնցնել է։ Պէտք չէ մարդու մը վերջին կաթիլն ալ առնել... »

-Կեղտի ծալքերը, փայտերու արանքնե՛րն են Թախթա պիթիներուն բնակարանը։ Այնպէս ալ, սատանային բնակարանը՝ յուսահատութիւնն է... Դու՛ն կարդացիր ինծի, չէ՞ս յիշեր... Ի՛նչ, ինչ ալ պատահի՝ մարդ մը կրնա՛յ չյուսահատիլ... Չպիտի՛ յուսահատիս, կրկնեց գրեթէ խստութեամբ։

Բազմաթիւ օրեր անհնարին եղաւ համակերպիլ իր երազներու, ոեւէ մարդու տրուած նոյնիսկ նըւազագոյն բաւարարութիւններու ամբողջական սնանկութեանը։  Տակաւ, ան վերածուեցաւ վէրքի մը ցաւին, անծանօթ տեղ մը բոյն դրած ֆիզիքական վէրքին։ Մերթ ընդ մերթ, իրարու յաջորդող օրերու աղմուկին մէջ, վէրքը դադրեցաւ կոտտալէ։ Չյուսահատելու պատուէրին ապաւինիլ՝ իրեն կը թուէր գիտակցաբար պատրանքի մը մէջ թաղուիլ, ինչ որ կատակերգութիւն խաղալ։ Ան ինքն իր ժխտումը կը պարունակէր։ Կը զգար սակայն որ չէ դադրած Արփիկը սիրելէ։ Աւելի ուժեղ սակայն, եւ վերջնականապէս կը զգար նաեւ որ ալ զայն չի յարգեր։ Ալ չի՜ յարգեր զայն... Անդարձօ՜րէն...

Շաբաթ օր, երբ յետմիջօրէն բաւական յառաջացած էր, Տիկին Նազարեան դուռը զարկաւ։

-Հը՛, Արփի՛կ խանըմ, ե՛ս եմ, կը սպասէի՞ր...

-Ո-ո՜չ, պատասխանեց Արփիկ, երբե՛ք չէի սպասեր...

Տարօրինա՛կ... Կեղծիքներու այնքան ընդունակ այս էակները, սիրալիրութեան բառ մը չէին գտներ իրենց ծերունի կեսրոջը ուղղուած  որ, արդէն, ստիպուած էր մեծ ճիգեր ընել, ամիսը անգամ մը  Անիէռէն  Բարիզ իջնելու եւ գալու ժամով մը զաւակները տեսնելու։

Նախորդ այցելութեանը՝ նոյն պատասխանը տուած էր.

-Ո-ո՜չ, չէի սպասեր ձեզի...

Թէպէտ դիւրազգած , Տիկին Նազարեան խորհեր էր պատահական պատասխան մը, պատահական տրամադրութեան մը արդիւնք կրնայ եղած ըլլայ այդ։ Այս անգամին՝ նո՛յն պատասխանը, երբ մանաւանդ ժամադրուած էին։

-Երբե՞ք երբե՞ք չէր սպասեր, կ՚ընդգծէ՝ ժըպտելով։

-Ո-ո՛չ, երբե՛ք չէի սպասեր, կ՚ըլլայ պատասխանը, կարճ ու կտրուկ։

Տիկին Նազարեան ինքն ալ իր երազները ունէր։ Անոնց կարգին էր ունենալ հարս մը, հարս մը որ հա՜յ ըլլար, որ թոռան մը արեւը ձգէր իր կեանքի ցուրտին, որ իր ամուսնոյն անունը այս անհիւրընկալ մռայլին մէջ, առկայծ ճրագ, չշիջէր ընդմիշտ։ Ի՜նչ տուայտանքներով եւ ինչքա՜ն տարիներ յապաղած այդ ակնկալութիւնները, հիմա՜...

Յետոյ, ինքն ալ միշտ կը կրէր սիրոյ անյաղորդ սիրտ մը։ Ո՛ւր աւելի յարմար ու քաղցր քան տանիլ զետեղել իր պզտիկ հարսին սրտին մէջ իր աղապատանքներուն բոյնը։ Եւ այս անբարեկամութիւնը, բացայայտ անսիրալիրութիւնը որոնց հիմնական յատկանիշն էր առանց պատճառի երեւան գալը, ձրի ըլլալը, կը թաղէր իր հիասթափ սիրտը խորունկ տրտմուեան մէջ, որպէս արդիւնք շատ կասկածելի  ախտանիշի մը։ Ընտանեկան գժտութեան, նախակըռիւի քաղցկեղը հոգիներուն, եկեր իրենց օճախն էին մտեր...

Տասնեակ տարիներ ի՜նչ զոհողութիւններու, ի՜նչ անձկութեանց, ի՜նչ ճգնաժամերու գինով մեծցուցեր, բերեր հասցուցեր էր պտղառատ ծառի մը հարստութեամբը, տուեր էր զայն անոնք, որ իրենք, չկամենային իրեն պահ մը անոր շուքին տակ իսկ նստիլ։ Վռնտէի՜ն զինք... Եւ դեռ, ըսե՜նք, արգիլու՜մն ալ հոգ չէր, վասնզի ան ունէր բաւականին հոգեկան ուժ՝ ե՛ւ համբերելու ե՛ւ օր մը դարմանելու կացութիւնը, բայց այն որ տարօրինակ  էր, եւ, խորապէս չարագուշակօրէն խռովեցնող՝ այդ կիրքերուն հարիւր առանց պատճառի, ձրի հանգամանքն էր...

-Աղջիկս, պատասխանեց, քաղցր արժանավայելչութեամբ, գլխարկը հանելով եւ ճաշասրահ մտնելով, լաւ է որ սպասես։ Քեզի՛ համար լաւ է... Ե՜ս, ես՝ ուզեմ ալ, շատ գալիք երթալիք չունիմ... Հրանտը ու՞ր է։

-Ներսն է, պատասխանեց Արփիկ, մեղմութեամբ։ Զգացուած... Բազկաթոռը զետեղեց անոր ետեւ։

Պէտք է ըսել որ Արփիկ երբեմն կը թուէր քոյրերուն չի նմանիլ։ Անոր զգայական առաջին շարժումները կը թուէին ազնիւ ըլլալ։ Ոեւէ վճիռ սակայն կ՚ելլէր եկրո՛րդ շարժումէն որ ան ալ իր կարգին կ՚ենթարկուէր քոյրերուն, երկու տխմար ու այլասերած աղջկայ տրամաբանութեանը...

Հրանտ յայտնուեցաւ։ Ան ամէն մայրը տեսնելուն կը ստանար եղերական յուզումներ հոսանքներ։ Հազիւ կը յաջողէր ծածկել զանոնք անտարբերութեան դիմակին նաեւ։ Ինչքան ատեն եւս պիտի այս տեսքը տրուի իրեն, լսէ այս ձայնը, ընդունի այս աչքերուն անլուր գորովանքը, ինչքա՛ն ատեն... Մէկ քանի ծանր սրադող չէի՞ն ունեցած արդէն... Եւ ինք՝ միշտ անտրամադիր, միշտ մռայլ, չի յաջողիր անուշ խօսք մը ըսել...

Բայց եթէ այդ կը վերաբերէր անոր մարմնին, ինչքա՛ն, միւս կողմէն, կ՚երտասարդանար, ճշմարիտ կեանքի երիտասարդութեամբը, ներքին կեանքին, Նազովրեցիին բաշխել ուզած կեանքովը... Ամէն օր քիչ մը աւելի բարի, քիչ մը աւելի ներողամիտ, ընդհանրական, ճիշտ, ուշիմ բարութեամբ։ Ամէն օր քիչ մը աւելի իր հոգիին շշնչառութիւնը ուրիշ բան չէր ըլլար եթէ ոչ վերածուիլ աղօթքի մը։ Իր հետաքրքրութիւնները մնացած էին կենդանի։ Ցաւով, յուզումով կը հետեւէր հայկական կեանքին։ Իր խանդավառութիւնը Խորհրդային Հայաստանի համար դարձած էր տանչալից կարօտ։ Ա՜, իր ամուսինը... Անոր անծանօթ շիրիմին աւազակոյտը կը խլրտի անպարփակ խայտանք է, ի լուր իր ցեղի խելապտոյտ վերելքին։ Կային օրեր, ա՛, ինչպէս կը փափաքէր երթալ հոն, հո՛ն ձգել իր ոսկերոտիքը։ Ատիկա համաձայն պիտի ըլլար իր անհո՛ւն փափաքին, իր ամուսնոյն փափաքի՛ն եւ ըստ փափաքին՝ բոլոր կարելի ու անկարելի ներդաշնակութեանց...

-Գիտե՞ս ինչ, հարցուց տղուն։ Միտքս այսօր ինկաւ եւ ըսի՝ չմոռնամ, անպայման պատմեմ Հրանտին։ Անցեալ ամառ մեզի հետ չէիր։ Ժիւան լէ Փէնէն, եօթանասունը չորսը անց ծերունի մը, ըրաւ չըրաւ, ելաւ Հայաստան գնաց։ Տուն տեղ ունէին, մեծ պարտէզով։ Հրաշալի կ՚ապրէր, երկու ամուսնացած տղոցը հետ, թոռներուն... Իր բոլոր ազգականներն ալ դո՛ւրսն են։ Չէ՛, ըրաւ չըրաւ, առանձին, ամէն ինչ ձգեց, ելաւ գնաց։

Ալիս ու Զարուհի ժպտագին, սակաւաբառ, ծեքծեքուն, նմանապէս, երեւցան։ Սրտմտութիւնը սակայն երկար ատեն չէր մնար Տիկին Նազարեանի սրտին մէջ։ Երբ տեսաւ այս դեռատի աղջիկները, Արփիկին մեղմութիւնը, լեցուեցաւ կարեկցութեամբ։ «Վա՜յն ի գլխուն... » Մատ մը աղջիկներ որբ էին մնացեր, նետուած այստեղի Սոդոմ Գոմորին մէջ...

Փա՜ռք Աստըծու, փա՜ռք, նորէ՜ն աղէկ է...

Ոգեւորուած՝ չորսը մէկ գացին խոհանոց։ Տիկին Նազարեան, ճիշտ Տիկին Վարդանեանին նման, գտաւ անկանոն ու կեղտոտ խոհանոց մը։ Երկու օրուայ պնակ-գաւաթ մնացեր էին դիզուած։ Աղփի տուփը յորդած եւ գարշաբոյր։ Մաքուր սրբիչ մը չկար։ Ինչ որ կրնար սրբեց, մաքրեց, դասաւորեց որպէսզի տեսնէին եւ... Չորս սրբիչ բաւական էր։ Մէկը՝ ամաններուն, մէկը՝ պտուկներուն, մէկը՝ գաւաթներուն, միւսը՝ ձեռքի։ Ամէն իրիկուն, գաւաթներունը ինք ջուրէ մը կ՚անցընէ։ Ա՜, եթէ մատները չուռենային։ Ամբողջ գիշերը կը ցաւին, կը կոտտան։ Դէ՜, ո՛ւր է հացի փորը, միսը, պլղուրը, ճարպ, համեմները, հիմա որ խոհանոցը դասաւորուած է, որովհետեւ, միշտ մարդ աւելի շատ եւ լաւ գործ կ՚ընէ՝ մաքուր ու դասաւորուած խոհանոցի մը մէջ։ Բայց այս միսը շատ քիչ կ՚երեւայ աչքին։ Ընելէ յետոյ՝ լաւ է քիչ մը շատ ընել։ Յաջորդ օրը եւ՛ պաղը շատ համով է եւ՛ հաւկիթով մը տապկուած։ Քիլօ մըն է... չէ՛ քառ մը պակաս, չէ՛, չէ՛, քիլօ մը պէտք է եղած ըլլայ... Կը խօսին, կը շփոթին, կը կարմրին։ Հում ծեծուած միսն են կերեր։ Կերեր կերեր են, անուշներ։ Բայց կերակո՞ւրը հապա... Եւ տասը հետեւանքով այս անպիտան, պղտոր կացութիւնը... Ալիս կը փութայ վար իջնել։ Այո՛, լիվրա մը լաւ միս եւս, քիչ մը մաղտանոս։ Լա՜ւ, ճրագու եւ պահար պիպէռ կա՛յ արդէն։ Ալիս կը վերադառնայ։ Մսավաճառները շատ անպիտան են, աւազա՛կ... Ընկոյզը՛ ուր է հապա։ Ընկոյն-ը-ը՜... Հապա Արփիկ ըսած էր որ Հրանտին հետ միասին հայ նպարավաճառին գացեր, շատ մը ուրիշ բաներու հետ, լիվրա մը կեղուուած ընկոյզ առեր էին։ Ի՞նչ... ի՜նչ որ է... Ինչ որ է, առանց ընկոյզի ալ կ՚ըլլայ... Թէեւ, թէեւ, ընկոյզի խնդրէն ալ զատ, կը մտածէ կեսուրը, նոյնիսկ դեռ քիւֆթէ ըլլալ չըլլալէ ալ զատ, այո՜, այո՜...

Ի՜նչ որ է, ո՛վ գիտէ, թերեւ՜ս, կամաց-կամա՛ց...

Երեկոյեան հսկայական պնակի մը մէջ, փորով ու հէնց քիւֆթէներու բլրակ մը... Ուրիշ կաթսայ մըն ալ քիւֆթէին մսաջուրը։ Դարձեալ շուարած են։ Իրենց բան ըսող չէ եղած սակայն։ Դարձեալ շուարած են, չքմեղանքներ կը կմկման... Ուրիշ ատեն, նոյնքան միսով ու պղլուրով, եթէ այսքան քիւֆթէ չէր ըլլար, պատճառը այն էր որ...

Ժամը ութը կուգայ։ Տիկին Նազարեան յոգնած է։ Կը նախընտրէ ալ մեկնիլ։ Ուրիշ անգամ մը՝ կ՚ընթրե՛ն միասին։ Վաղը եթէ ուրիշ ծրագիր մը չունին, թող գան Անիէռ, միասին ճաշելու։ Հոգին բերանը առած՝ համով բաներ պիտի պատրաստէ իր զաւակներուն։

-Չե՞ս պատասխաներ, Արփիկ հանըմ, կը հարցնէ ի վերջոյ, քիչ մը տրտում, սրտաբեկ տեսնելով զայն, Ի՞նչ կայ, աղջիկ՛ս, ինչո՞ւ ուրախ չես։ Ամէն ինչ ունիք երջանիկ ըլլալու, ի՞նչ կայ ի՞նչ բան սրտներիդ կը կոտրէ այսպէս։

-Ի՛նչ պիտի ըլլայ, երբե՛ք գոհ չէ, մի՛շտ տխուր, մի՜շտ մօվէդ ճիւմէօռ, միշտ բարկացկոտ։ Ես ամէն ինչ կ՚ընեմ որ գոհացնեմ ինք միշտ... Քանի անգամ է, գիշերը, երբ կ՚արթննամ, կը տեսնեմ որ կուլայ... Խորամանկ, աղճատուած նկարագրով հարսին հետապնդումն էր՝ վէ՛ճ ստեղծել, հասկնալու համար թէ Հրանտ իրեններուն գանգատա՜ծ, ի՜նչ ըսած է իր՝ մանաւանդ քոյրերուն նկատմամբ իր ամուսնանալիք քոյրերուն։

Տիկին Նազարեանին առաջին հակազդեցութիւնը, առաջին շարժումով, մի՛շտ ինքզինք, իրենները յանցաւոր նկատել էր։ Գնաց քովի սենեակը ուր որդին, մելամաղձոտ, օթոցին վրայ երկարած կը կարդար։

-Հրա՛նտ, տղաս, ինչու՞ ուրախութիւն չկայ տուներիդ։ Արդեօք ջիղերդ յոգնա՞ծ են, արդեօք շա՞տ կը պոռպոռաս, դիտողութիւն կ՚ընես... Ձգէ որ վարդի պէս բացուի, տղա՛ս, պզտիկ բաներու ուշադրութիւն մը ըներ, մեղք է... Յետոյ, ինչու՞ կուլաս... Ա՛տ ինչ բան է։ Ինչու՞ կուլաս գիշերները... Չըլլայ որ ուրիշ անգամ...

Հրանտ, անգամ մը եւս, լախտի հարուած մը ստացաւ։ Յանկարծ ոտքի ցատքեց։

-Լա՛ւ, ըսաւ, շնչահատ, քանի որ իրե՛նք սկսեր են դժգոհիլ, լա՜ւ, եկուր ինծի հետ, քանի որ իրե՛նք խզեր են օճախի սրբութիւնը։ Ես որ արիւն կուլ տալով ո՜չ իսկ ձեզի բառ մը ըսած եմ, իրե՞նք է որ... Լա՛ւ, եկուր ինծի հետ...

Եւ Հրանտ, այդ րոպէին, խորապէս վիրաւորուած, ընդվզած էր այն դերէն որ կը հարկադրէին իրեն կատարել, որ ստիպուած է ապահովցնել թէ՝  ինք իր տանը մասին, իր դժբախտութեան մասին  իր անհուն... դժբախտութեան մասին չի խօսիր։ Արժանավայելչութեան ամէնէն տարրական պայմանը, հպարտ նկարագրի մը ամէնէն բնական շարժումը՝ վայրագօրէն պահելն էր վարագոյրը անխախտ, իր յարկին եւ դուրսի աշխարհին միջեւ, իրեններուն ալ միջեւ։ Ատիկա առաքինութի՛ւն մը իսկ չէր իր աչքին։ Ատիկա իր շնչառութեան պէս բնական ու անառարկելի էր։ Ոեւ է իսկական Հայ ունէր զայն։ Ատոր խօսքը չէր ըլլար Խօսքը ընել, կասկածիլ՝ վիրաւորական էր պարզապէս։

Գացին ճաշասրահ։ Հոն էին Արփիկ եւ փոքր քոյրը։ Ալիս քովի սենեակը՝ դարանակալ։

-Հիմա Արփի՛կ, քանի որ եւս մռայլ, մշտապէս դժգոհ մարդ մըն եմ, պատասխանէ այն ժամանակ, երէկ քրոջդ հետ դուրս ելա՛ր թէ չելար։ Ելլելէ յետոյ՝  եօթը ժամ դուրս մնացի՞ր թէ ոչ։ Երբ որ եկաք, ժամը իրիկուայ իննին՝ ես անօթի ծարաւ է ի թէ չէ։

Երբ որ դիտողութիւն ըրի՝ սենեակին դուռը ամբողջ ուժովդ չառփեցի՞ր թէ չէ։ Ըրած դիտողութեանս համար ինծի նախատեցի՞ր թէ ոչ։ Ինծի հետ՝ եղբայրս ու... մայրս ու հայրս ալ նախատեցի՞ր թէ չէ։ Յետոյ երեք քոյր սկսա՞ք թէ չէ քրքջալ։ Իսկ վերջն ալ, երեքդ մէկ, մէկ ձայնով, անվերջ, սարսափելի պոռալով, հոգեւոր երբեր ձգեցի՞ք թէ չէ, մինչեւ որ դրացինը եկաւ եւ խնդրեց քիչ մը մեղմացնել։

Արփիկ, շառագոյն, բաներ մը կը մոլտար։

-Աղջիկս՝ ըսէ՜, ճի՞շտ է թէ ոչ։ Ե՛ս ալ քու մայրդ եմ։ Ճի՞շտ է թէ չէ։ Եօթը ժամ դուրսը մնացի՞ր, առանց ամուսնիդ պատառ մը հաց տալու, ամբողջ օրուայ աշխատանքէն վերջ...

Արփիկ չէր պատասխաներ այլ կը կրկնէր զարմացնող... յամառութեամբ.

-Տէ՛րը այցելէ հոս, Տիրոջ շնորհքթ իջնէ հոս, Տէ՛րը ողորմի մեզի...

Պզտիկը կը գալարուէր օձի մը պէս.

-Տիկի՛ն Նազարեան, Տիկի՛ն, Տիկի՛ն, կեցէ՜ք՝ որ ըսեմ, ե՛ս ըսեմ, քոյրի՛կս... Տիկին Նազարեան երեք անգամ, ստիպողական, խնդրեց որ սենեակը ձգէ հեռանալ։ Չէր հնազանդեր։ Կը ցատքէր, կը կանչէր։ Տիկին Նազարեան գրկեց ուսէն մեղմութեամբ, դուռը տարաւ եւ խնդրեց որ իր սենեակը քաշուի։ Վերադարձաւ եւ.

-Արփի՛կ, աղջի՜կս, ըսէ։ Ամուսնիդ ըսածներուն մէջ անճիշտ կէտ մը կա՛յ, ըսէ որ հասկնամ։

-Աստուա՛ծ ողորմի մեզ, Տէ՜ր այցելէ այս տունը, Տիրոջը շնորհքը իջնէ այս յարկէն ներս...

Մինչ այդ Զարուհի դուռը կը հրէր. կը միջամտէր, կը պոռպռար...

-Լա՛ւ, ըսաւ, ահաւորօրէն վշտագնաց, հասկցա՜յ, ափսո՜ս, դուք պիւռսի աղջիկներ էք միայն... Խե՜ղճ տղաս...

Հրանտ սկսաւ վախնալ։ Տիկին Նազարեան կ՚ենթարկուէր արեան խուժումի։ Ինք՝ որ  չէր գիտեր ինչ խնամքներու ենթարկէ զայն, ինչ զգուշութիւններով շրջապատէ անոր առողջութիւնը, հիմա, իր իսկ պատճառով...

Արփիկ ազդուեցաւ... Արտասուալիր.

-Պիտի ջանամ, մայրի՜կ, պիտի ջանամ պարկեշտ... պիտի... ամուսնիս արժանի ըլլալ...

Հրանտ հագուեցուց վերարկուն, բերաւ իր կառքը, տարաւ իր մայրը Անիէռ, պառկեցուց, խնամեց։ Երկու ժամ նստաւ անոր սնարին։ Չէր ուզեր գիշերը առանձին ձգել։ Մօրը ստիպումներուն տակ՝ ելաւ մեկնելու։

-Մի՛ յուսահատիր, տղա՛ս, մի՛ յուսահատիր։ Մաքուր սիրտին մէջ յուսահատութիւնը տեղ չունի, Յետոյ, տկար ձայնով։

-Կամաց կամաց կը շտկուի, լաւ կին կ՚ըլլայ ինչու՛դ պէտք, լաւ կին պիտի ըլլայ անիկա...

Ա՜, եէ գիտնար թէ այդ միջադէպը ի՜նչ աստիճանի աննշան էր բաղդատմամբ այն մի՛ւս, մի՛ւս վէրքին, մի՛ւս աղէտին...

Il ny a en amour de

bonheur burable et complet gue

dans latmosphere translueide de

la sincerite parfaite Mais cette

sincerite n՚est praticable qu՚entre

consciences hautes et exercees.

M. MAETERLINCK (Le Doouble Jardin)

Ձմեռը դանդաղութեամբ, խոնաւութեամբ կը յառաջանար։ Հրանտ սկսած էր յոգնիլ, յոգնիլ՝ ջիղերով, յոգնիլ՝ բարոյապէս։ Տնական քրոնիք անկանոնութիւնը, կեղտն ու մուրը, ճաշերուն բոլորովին լքուած հանգամանքը, տիրող պղտոր մթնոլորտը՝ տկարացուցեր էին զինք։ Կար ուրիշ կէտ մըն ալ՝ ամէնէն խորունկ վէրքը, քաղցկեղը...

Հրանտ պարբերաբար տասը հազար ֆրանք կը դնէր ճաշասրահի գզրոցին մէջ, տնական ծախսերուն վիճակուած։ Անբնական արագութեամբ գումարները կը սպառէին։ Անհնարին էր իրեն չպայքարիլ։ Ինչպէ՞ս ապրիլ այլապէս...

Առաւօտ մը, ցրուիլն տալիք փուր պուառի մը համար, բացաւ գզրոցը եւ մանրուք դրամ փնտռեց։ Ո՛չ մանրուք, ո՛չ մեծ դրամ, ո՛չ ալ տան հաշուետետրը գտաւ հոն։ Իր հարցումին վրայ Արփիկ պատասխանեց որ ներսը՝, քոյրերուն սենեակը ըլլալու է։

-Քոյրերուդ սենեակը՝ ինչ գործ ունի մեր դրամը, մեր հաշիւը։ Եկո՛ւր, ինծի ալ ցոյց տուր, նայիմ ո՛ւր կը դնես...

Իրարանցում։ Անսահմանօրէն խռովուած է։ Կը մերժէ։ Հրանտ կը ստիպէ։ Կ՚երթան սենեակ։ Հաշուետետրը հոն է, զանազան շիշեր, ռետին... Բայց ոչ դրամ։

-Ո՞ւր է, Արփիկ։ Երէկ չէ առջի օր տասը հազար ֆրանք տուի, չէ՞...

Տժգունած, դողահար, հեռացան իրարմէ... Կէսօրին՝ քոյքերը ճաշի եկան։ Երկար փսփսուք... Արփիկ եկաւ եւ յայտնեց որ դրամապանակը շուկայի պայուսակին տակը մնացեր էր, եւ ինք...

Հրանտ մնացած էր կիսահիւանդ վիճակի մէջ։ Կը փոխանակէր միայն մէկ քանի բառ օրուան մէջ։ Քոյրերուն հետ բնաւ չէր խօսեր։

Անորակելի, մինչեւ ոճիր առաջնորդող յամառութեամբ՝ Արփիկին հետ մեղսակից, Զարուհի կու գար եւ բռնի՝ կը նստէր սեղան։ Երբ Հրանտ առանց ճաշելու կը հեռանար՝ երկու քոյր կը սկսէին խնդալ...

Քթէդ բռնած ենք, կ՚ըսէին քրքիչները... Ձայն հանելուդ պէս՝ սքանտալ... Չէ՞ որ գաղութին մէջ ճանչցուած ես, չէ՞ որ դրացիները, շրջապատը, աշակերտներդ կամ անոնց ծնողքն են... Լռէ՛ եւ կլլէ՛...

Արփիկ քնանալէ առաջ, ինչպէս միշտ, իր աղօթքը կ՚ընէր, հիմա՝ լռելեայն...

Հրանտ կ՚ապրէր մեկուսացած, յաճախ, ամբողջ օրը ունենալով իբրեւ սնունդ՝ իր իսկ պատրաստած քանի մը գաւաթ սուրճը, մէկ երկու պիսքոթ եւ պտուղ։ Կ՚առանձնանար իր աշխատասենեակը։ Դասերէն դուրս, կ՚ընկողմանէր մեծ թիկնաթոռին մէջ եւ կը կարդար։ Ոչ կրնար նուագել, ո՛չ շարունակել իր ուսումնասիրութիւնը եւ առաւել նուազ՝ աւարտել իր քոնսէրթօն։ Արփիկ առաջին օրերը եկեր էր եւ մէկ երկու փորձ կատարեր՝ սիրտը առնելու, ճաշի տանելու, բայց Հրանտ, բաւականին կոպտութեամբ, ետ մղեր էր զայն։ Երբեմն սակայն աչքին պոչովը կը դիտէր անոր շուարուն դէմքը, մերթ սենեակէ սենեակ շրջող այն սիլուէթը որուն միակ տեսքը սրտի տրոփիւն տուած էր իրեն։ Այդ անսահման հիասթափութիւնը բերաւ իրեն յուսալքումի րոպէներ։ Հոգեբեկութիւնը երբեմն կը ստանար տագնապի զգտնող զայրագնումներ։ Դարձաւ յոռետես։ Մտածումին լայթ մոթիվն էր՝ ճակատագրին դմ գանգատիլ, ինք որ միշտ հաւատացած էր իր աստղին... Եւ այն որ իր խորտակուող կեանքին փրկութեան լաստը նկատած էր, այն որուն, անկարելի տուայտանքներով, տասնեակ տարիներ սպասած էր՝ զաւակ մը, ատկէ՛ ալ դատապարտուած էր զրկուելու։ Մասնագէտը չէր ծածկած որ կնոջը յղի իյնալը հազուադէպ, գրեթէ անհնարին պատահարի մը արդիւնքը միայն կրնայ ըլլալ... Լաւ է ըսել՝ բացարձակ ամլութիւն...

Քունը միանգամընդմիշտ խանգարուեցաւ։ Գիշերը քով քովի, կը զգային որ արթուն են։ Հազուադէպօրէն Հրանտ լոյսը կը վառէր։ Ալ չէին ունենար սրտազեղումի պահեր, ալ չէին խնդար միասին, եւ, հակառակ իր տոչորուն փափաքին, Արփիկ չէր փորձեր սառը կոտրել, այնքան որ Հրանտ մռայլ էր եւ կծկուած իր դաժանութեան խեցիին մէջ։

Իրիկուն մը սակայն, Արփիկ, նստած անկողնին մէջ, հազիւ աղօթքը սկսած, բղձկեցաւ։ Հրանտ բնազդաբար շտկուեցաւ, պահ մը ամէն ինչ մոռցաւ։

-Ի՞նչ կայ, Արփիկ, ի՞նչ է պատահեր...

Առաջին անգամն էր որ անոր այդպէս յորդառատ արտասուելը կը տեսնէր։

-Ես սիրտս պէտք է որ մաքրեմ... սկսաւ հեկեկեագին յայտնել ու լիաբուխ սաստկութեամբ արցունք թափել։

Այս տագնապին անսպասելի ու սաստիկ անկեղծութիւնը Հրանտին սրտին դիպաւ։ Առաւ զայն թեւերուն մէջ։

-Ներէ՛, Հրանտ... հայցեց յետոյ։ Վաղը պիտի երթամ խոստովանիմ.. Վաղը՜, առաւօտ կանուխ...

Հրանտ անոր աչքերուն վրայ ինկած մազերը կը հեռացնէր, արցունքները կը սրբէր... Առած էր անոր մատղատի իրանը ամբողջովին իր կուրծքին։

-Պէտք չկայ, յայտնեց մեղմութեամբ Հրանտ, որ կրօնաւորի մը ընես խոստովանանքդ։ Խոստովանիր ինքզինքի՛դ, քու աղօթքներունդ մէջ։

-Քեզի՛ պիտի խոստովանիմ այն ժամանակ...

-Չէ՜, չէ՜, ինչպէս որ կ՚ըսեմ...

-Քեզի՛ պիտի խոստովանիմ, գրաւո՛ր...

Լուրջ ուժգնութիւն մը ունէր այս վճիռը։ Առաջին անգամ ըլլալով, յոյսի ճառագայթ մը թափանցեց դեղին, գորշ, սեւ մառախուղին խաւերը, թանձր ծալքերը որոնց տակ խեղդամահ կ՚ըլլար։ Առաջին անգամ ըլլալով, ֆիզիքական զգացողութեամբ, սիրտը թեթեւցաւ, կուրծքը լեցուեցաւ, անսահմանօրէն բարձրացաւ մինչեւ ծնօտը, սկսաւ շնչել...

-Տա՜յ Աստուած, շշնչաց, որ զղջումին կրակը գայ մաքրէ ամէն ինչ... Կարելի չէ ապրիլ, այլապէս...

Երկար ատեն կար որ երկուքն ալ այսքան խորը եւ այսքան երկար չէին քնացեր։ Առաւօտուն թէպէտ որոշ տրտմութեամբ մը, բայց Հրանտ նուազ բեկուած էր արդէն։ Նախաճաշի ընթացքին միասին կարդացին քանի մը էջ։

Անկեղծութիւնն ալ ունի իր որակը, իր լայնքը, իր աստիճանները, Օրինակ, միլիէօին պատկանող աղջիկ մը եւ տղայ մը իրենց անկեղծութեանը վրայ կրնա՛ն բարձրացնել իրենց սիրոյ «շէնքը»։ Բայց նոյն այդ անկեղծ Լա Կրանտ Ֆրիզէին անկեղծութիւնը եւ, օրինակ, կրթուած տղու մը գիտակից անկեղծութիւնը իրարու ներհակ ուժեր կը կազմեն։

-Կը տեսնե՞ս, ըսաւ Հրանտ, կը տեսնե՞ս այս սպիտակ, բիւրեղէ ծաղկամանը։ Անոր պատերուն մէջէն կը տեսնենք իր պարունակուած ջուրը, հոն ինկած տերեւը, վարդերուն ցողունները, ու անոնց ալ ընդմէջէն՝ պատուհանն ու փողոցը... Ամէն րոպէ, մեր սրտերն ալ, մէկուս եւ միւսիս համար, այդպէս պէտք է ըլլան։

Արփիկ խոնարհ էր։ Աչքերէն մանկական, խորունկ զղջումի առուներ, լռելեայն, կը հոսէին։

-Մտիկ ըրէ, շարունակեց Հրանտ «Tous les aveux elevent le niveau du honheur et de l՚amour. Des qu՚ils sont confesses, les mensonjes anciens ou recents, les defaillances les plus graves, (Հրանտ կանգ առաւ, տրտում ու թափանցող ակնարկ մը ձգեց Արփիկին որ, սուրճի թասին առջեւ, երկու բազուկներով սեղանին կռթնած, կեդրոնացած՝ մտիկ կ՚ընէր։ Դալկացած դէմքէն, աչքերէն լրիւ անձնատուութեան, բացարձակ վերանորոգումի հաւաստիքներ կ՚արտածորէին։) se changent en ornements inattendus et, comee de belles statues dans un pare, deviennent les remoins souriants et les preuves paisibles de la clarte du jour. »

Յետոյ երաժշտութիւն ըրին։ Որքան դիւրութեամբ ընկճուող, նոյնքան եւ աւելի դիւրութեամբ պատրաստ էր ան՝ Հրանտ՝ ոգեւորուելու։ Յոյսին ոսկեայ թեւերը թափահարեցին անգամ մը եւս սրտին երկինքներուն մէջ։ Պայքարողն ու քարոզիչը որ միշտ գոյութիւն ունեցած էին իր մէջ՝ գլուխ բարձրացուին ու եկան իրենց տեղը գրաւեցին։ Անհուն զմայլածքի մէջ, կ^անդրադառնար զղջումի երեւոյթին սրտի այդ աւագագոյն գործառնութեանը։ Ոչի՛նչ աւելի, իսկապէ՛ս, ոչի՛նչ աւելի թոյլ կուտար զգալու մարդու հոգիին, այդ առեղծուածային մեքենային, նիւթ ու աննիւթ գոյացութեան, նիւթի ու համադրութեան աստուածային նկարագիրը, որքան անոր զղջալու գործառնութիւնը... Այն բոլորը որ խորտակուած էր աղջամուղջին մէջ, այն բոլորը որ, պղծուա՜ծ, վերածուեր էր աւերակի, իր օճա՛խը, կի՛նը, երազնե՛րը, կեանքը՜ ամբողջ, այդ բոլորին վրայ Յոյսէն ճառագայթ մը ինկաւ եւ վերստին... Փոշիի հոտը չքացաւ։ Վարդի ու սպիտակ նարգիսի դաշտեր ծաղկեցան... Բուրվառները սկսան շարժիլ... Հոգին ծնրադրեց... Ա՜, անպեղելի խորհուրդ, երկնի ափերէն թափուող անհաշիւ բարիք, գի՛ւտ անհուն։ Չարին ապառաժները մանր շունչով մը փոշիացնող Ո՛ւժ գերագոյն։ Մահի մեծ հալածիչ, կեանք վերահաստատող հրաշագործութիւն, անկումներու անդունդին դէպի եթերները սաւառնեցնող ուժանակ հրաշաց հրաշք, գերագոյն կարելիութիւն ադամանդ, մշտապատրաստ մասնիկ՝ «միսէն» ու «արիւնէն» Նազովրեցիին...

Կէսօրին եկան քոյրերը։ Ա՛, նորութի՛ւն... ըսես Հրանտ փոխուեր է... Թողութի՜ւն, հաշտութի՜ւն, երանութի՜ւն... Սրտերը կը թրթռան րոպէին արարողականութենէն, կը ճառագայթեն՝ տօնական ցնծութեամբ... Կը ներէ՜, կը ներէ՜, այո՛, քեռայրը կը ներէ...

Հետաքրքրութեան փոթորիկ... Անցան մեկուսացան իրենց կապոյտ սենեակը։

Ագռաւներու սեւ համագումար։ Պղծումի շտեմարան ուր վատն ու յիմարականը կը խմորուին։ Պատրաստութիւն սպիտակ ոճիրի մանրուք դրամներու... Արփիկ կը պատմէ։

-Յիմա՞ր ես... Խոստովանի-ի՜լ... ատանկ սովորութիւններ տուր անոր որ յետոյ տեսնես... կը յարէ Ալիս։

-Աշակե՞րտ ես ի՛նչ ես որ ներողութիւն պիտի խնդրես, կը յայտնէ, հանդարտ ու անառարկելի՝ միւսը։ Moi, je ne saia pas, mais, moi... Պզտիկ օձին գալարումները...

-Արդէն «Արփիկ» կանչած ատենը՝ կարծես իրեն սպասուհին կը կանչէ, կ՚աւելցնէ Ալիս։ Չեմ գիտեր, բայց... շատոնց է կ՚ուզէի ըսել, ալ այսօր առիթը  եկաւ...

Տեսնել որ իրենց քոյրը հաշտ է ամուսնին հետ, կը խնդայ կը կատակէ, որ երջանիկ է, կը դառնար իրենց համար անհանդուրժելի, տառապեցնող կացութիւն մը։ Միակ իրենց սանձակոծ մոլուցքը՝ քանդել...

Երբ ճաշի եկան՝ Արփիկին սրտի «ծաղկամանը» պղտորած էր արդէն...

Հրանտ չճանչցաւ անոր դէմքը որ կը ծամածռէր... Եւ ան մտիկ ըրեր էր յանկարծ լեզու ելած Սողունին... Դէմքը կը ծամածռէր... Գալիլա վերադարձաւ՝ հոգին պոռնկացման ենթարկած... Դէմքը կը ծամածռէր... Հրանտ սարսափելիօրէն չճանչցաւ, Փորթ տ՚Իսիի պարտէզին մօտ, ծաղկած աքասիային տակ, իր սիրած աղջիկը... Դէմքը կը ծամածռէր... Դեւը տիրացեր էր անոր... Դէմքը կը ծամածռէր... Պիոս եօթներորդին կը նմանէր...

Ե՛ւ խոնաւ, ե՛ւ ցուրտ ձմեռը սկսած էր տակաւ քաշուիլ։ Յանկարծ, առաւօտ մը, անամպ երկինքէն, կիզիչ արեւ մը։ Գեղեցիկ օդը կ՚անդրադառնար իր ալ վրայ ինչպէս կարեւոր դէպք մը։ Հրանտ կէսօրուայ մօտ ելաւ դուրս։ Կը սիրէր, երբ կրնար, գոնէ կէս ժամով քալել դուրսը, ամբողջ օրը փակուելէ առաջ։ Սկսաւ թափառիլ Մոնմարթրի շրջակայ փողոցները։ Երբեմն կը հաճոյանար իր շրջագայութեան նպատակ ընել անուշեղէնի, կամ ծաղիկի, կամ պտուղի մը գնումը։ Արեւը առաւել ջերմութեամբ կը տաքցներ կռնակը։ Մեծ հեշտանք մը տարածուեցաւ մարմնին մէջ։ Անցաւ Անվէրսի սքուառին առջեւէն։ Մէկ քանի ծառ սկսեր էին արդէն բողբոջիլ։ Բարձրացաւ դէպի վեր։ Սաքրէ-Քէօռի պարտէզը նմանապէս ե՛ւ բողբոջով ե՛ւ տերեւներով ծառեր ունէր արդէն։ Թռչունները գաղտնի տեղէ մը յեղակարծ դուրս ժայթքած՝ եկեր էին կենդանացնել ճիւղերն ու միջոցը, ճռուողագին ու յանկարծակի հետապնդումներով։ Պազիլիքին ստորոտը Հրանտ կանգ առաւ։ Ի՜նչ է, ի՜նչ նոր բան պատահեր է։ Հոգին լեցուած է խաղաղութեամբ։

Ոչի՛նչ, ոչի՛նչ պատահած է։ Ո՛չ շահաւէտ գործ մը, ո՛չ սնափառութեան պատրուակ մը, ո՛չ նոր սէր մը, ոչի՛նչ։ Եւ սակայն լայնացեր է սիրտը, դարձեր քսան տարու սիրտ ինքնիշխան, լեցուեր յոյսով, վստահութեամբ, բերկրանքով... Հա՛, ա՛ն է, ա՛ն, այն նոյն իր հոգեվիճակը որուն ինք լաւ ծանօթ է, որ, անսպասելիօրէն, վաղեմի, շատ վաղեմի բարեկամի մը նման, վարսերը ուսին, բեհեզ հագած, կուգայ իրեն այցելութեան։ Կուգայ երբեմն, կը բանայ ծաղկառատ պարտէզը իր սրտին։ Կը նստեցնէ զինք կոչունքի, գոյներու, բուրումներու, գիծերու կոչունքին։

Եւ ահա այն անփոխարինելի, գին չունեցող գոհունակութիւնը որ կը համակէ իր ամբողջ էութիւնը, խայտանքի այնպիսի սարսուռներով, որ շատ չանցած, ինչպէս միշտ, կը վերածուի փառաբանութեան, լռելեայն աղօթքի...

Ա՜, այն խորհուրդը որ կը բաշխէ սրտի երիտասարդութիւն, բիւրեղ կեանքի այս կախարդանքը։ Ու ահա կը յորդի ան բարութեամբ, թողութեան, կարեկցութեան կուտակ կուտակ ալիքներէն։ Ա՜, տրուէ՜ր իրեն ուժը մի՛շտ եւ՝ մի՛շտ այս չափով մնալու այս ոսկեայ կեցուածքին մէջ, հանդէպ կեանքին, հանդէպ՝ երկնային հպումէն զրկուած իր նմաններուն։  Ինչքա՜ն, յանկարծ, պարզ էր գաղտնիքը, պարզ էր ճշմարտութիւնը...

Ակներեւ, ակնբախ, անառարկելի... Ինչպէ՛ս, ինչպէ՛ս դարձնէր զանոնք նոյնքան ակնբախ՝ իր նմաններունա, ինչպէ՜ս ձգէր այդ կենսատու շողերը  բոլոր սրտերու երդիքէն ներս, բոլոր օճախներու կամարներուն տակ, եւ ներս՝ բոլոր աչքերու երդիքներէն։ Հիմա ինք վստահ է, ամբողջ աշխարհէն ալ զինք ծանակի առնէ, ինք վստահ է՝ որ այդ է գաղտնիքը բոլոր անդորրութեանց, բոլոր ներդաշնակութեանց... Իր ճշմարտութեան մէկ կայծը բաւական է հիմնայատակ վանելու համար հմտութեանց եւ ճարպիկ փաստարկութեանց աղջամուղջը։

Հա՜, Սէնթրամը, սատանան... Ճի՜շտ, ճի՜շտ, ա՜յդ իսկ պատճառով... Սէնթրամ ուրիշ բան ըսել չէ եթէ ոչ հակագիտակցութիւն, անգիտակցութիւն, ստորագիտակցութիւն։ Այլապէս, կարելի՞ է որ որեւէ մարդ թշնամի դառնայ, օրինակ իր հայրենիքին, նախ ի՛ր թշնամին դառնալով։ Կարելի՞ է որ մարդ թշնամի դառնայ իր արուեստին, դաւաճանած ըլլալով նախ ինքն իրեն։ Կարելի՞ է որ կինը թշնամին դառնայ իր ամուսնին, դաւաճանելով իր սէրը եւ նախ իրեն։

Գիտակցութի՛ւն, գիտակցութի՜ւն, ահա խարոյկը, ահա հրդեհը ուր կը բոցակիզուին բոլո՜ր Սէնթրամները հազարգլխեան... Հարկ է հաւատալ մարդուն վասնզի տրուած է անոր կարելիութիւնը գիտակցող էակ դառնալու... Եւ ինչպէ՞ս մեծ նպաստաւորուածը՝ գիտակիցը ըլլայ չար՝ զրկուածին հանդէպ, դեռ գիտակցութիւնը չընդունած իր նմանին հանդէպ... Հո՜տ է ցաւը, - մարդը զրկուած է իր առանց պատճառի երանութենէն... Եւ զրկուեր են իր արմատախիլ մերձաւորները, ե՛ւ Արեւմուտքը, ե՛ւ ժամանակաշրջանը. 0.. Սէնթրամները սեղմեր են անոնց հոգիին վրայ հակագիտակցականի կապարէ կափարիչը որուն տակ իւղ կը կապեն հաճոյքներու եւ մոլութեանց ոջիլները...

Մեքենաբար կեցեր էր ցուցափեղկի մը առջեւ, քորսաժներու ամբողջ հաւաքածոյ մը։ Երկու հատ կը գրաւեն իր հաճութիւնը որ, շատ չանցած, կը դառնայ խանդավառութիւն։

Մէկը՝ բաց վարդագոյն քնքուշ կտորէ, նոյն գոյնով, աւելի փայլուն, շատ մանր ծաղիկներով։ Միւսը  մետաքս, հրաշալի, նուաղուն կարմիրով  էքոսէ մը, սեւ գծերով եւ աւելի բաց կարմիրով խաղեր։ Հրանտ տեսաւ իրեն սիրելի գլուխկ, անոր ոսկեայ մազերը, կուրծքի ցորենագոյն մորթը՝ պարուրուած այս կերպասներով, այնպիսի կատարեալ ներդաշնակութեամբ որ, մեծ ոգեւորութեամբ պիտի կարողանար հաստատել պատկերը, ժամանակին մէջ, եթէ նկարիչ ըլլար։ Կը մտնէ առաջին սրճարանը։

-... Արփի՞կ, այո՛՜, Հրանտն է։ Ելիր եկուր անմիջապէս, կը սպասեմ քեզի։ Անվէրսի սքուառին առջեւ։

-Ի՞նչ կայ, ի՞նչ է պատահեր...

Զարմացում, կասկածամտութիւն։ Ահա կուգա՛յ, կուգա՛յ։ Արագաքայլ, սրարբուն, ահա կը յառաջանայ  սիրելի այդ ոսկեայ գլուխը։ Գրեթէ երկչոտութեամբ, Արփիկ ինքն ալ կը հաւնի այդ պլուզները։ Բայց ինչու՞, ի՞նչ կայ արդեօք, ի՞նչ կը հետապնդէ, ի՛նչ բան անցընել կ՚ուզէ... Տակաւ կը վարակուի սակայն անոր սրտի առանց պատճառի տաքութենէն, առանց պատճառի, յանկարծ բորբոքած սէրէն, առանց պատճառի այս շողարձակումէն, մանաւանդ յարդարանքի վերաբերեալ որուն ան չափազանց, գրեթէ մոլի չափով զգայուն է։

Կը քալեն գրկուած, վերացած, թռչելով... Հրանտ կը մտածէ քիչ առաջուայ իր ունեցած խայտանքին, առանց պատճառի հրճուանքին՝ երկնային խորութեանը։ Իր ունեցած մտածումներուն յաղթապանծ շքեղութեանը որոնք - այժմ կ՚անդրադառնայ, - հին էին մարդուն գոյութեանը չափ, ու կը դիմաւորէին զինք այն հրաշապատում նոր կախարդանքը որով կեանքը կը դիմաւորէ մէն մի արշալոյսը՝ ծնող մտածումի մը...

Կը մտնեն տուն։ Իրենց դէմքերէն՝ շողարձակումներ։ Արփիկ ներս կը մտնէ Հրանտին մէջքէն գրկած։ Ալիս ու Զարուհի կը մռայլին... Կը քաշուին սենեակ, այն կապոյտ սենեակը, որուն, վերջը, Հրանտ՝ տէօզիէմ պիւռօ անունը պիտի տար։ Քանի մը րոպէ յետոյ, կը մտնէ ճաշասրահ ուր Հրանտ, թիկաթոռին մէջ ընկողմանած, աչք մը կը ձգէր օրուան թերթին։

-Ասոնք անճաշակ բաներ են... Ասկէ վերջ ես քոյրերուս  ընկերացած պիտի կատարեմ գնումներս... ըսաւ, եւ, արհամարհանքով, նետեց զանոնք հանդիպակաց աթոռին վրայ։

Պէտք է ըսել որ ամէնօրեայ վհատեցուցիչ կանոնաւորութեամբ կատարուող, ամուսին կնոջ մտերմութեան, կեանքին այս բռնաբարումը կը ստեղծէր այնպիսի անբնական մթնոլորտ մը որ կարելի չէր հանդուրժել։ Եւ ինչպէ՞ս զանոնք այդ պիղճ բարքին մէջ քաջալերել։ Մարդկային անառարկելի միութեան լղրճուկ լլկումը կը խախտէ արագօրէն ընտանիքի հիմնաքարը եւ միայն ծնունդ կուտայ փճացումի։ Եւ ան ալ՝ որո՞նց կողմէ։ Երեք այլասերած խորամանկներու։ Եւ ան ալ՝ յանուն ինչի՞։ Յանուն մռայլ չարիքի մը խորացման որուն բուն զոհերը իրենք պիտի ըլլային։

Արտոյտինն է՝ երգել, եղնիկինն է՝ բարձունքներու ջուրը փնտռել, վարդինն է՝ նուիրել իր բուրումը, այս իմերունն ալ՝ կեանքը թունաւորել, ինքզինքնին թունաւորել՝ յանուն թունաւորման...

Խորունկ սիրոյ մը փրկարար ներգործութիւնը ամէն րոպէ կը ջլատուէր։

Փոխանակ երախտապարտութեան, ամբողջ իրենց հանճարը կը գործածէին իրենց տրուած կացութիւնը չարաշահելու։ Այնպիսի ակեւանց, այնպիսի անբան շարժումներով որ հասունցող սեւ փոթորիկին սպառնալիքը հեռու էին զգալէ։

Չկար շարժում մը որ նկարագրի անդարմանելի այլասերում մը չմատնէր։ Ահա՛։ Առաջին օրէն իսկ Արփիկ անընդհատ խօսք ու ակնարկութիւններ ըրած էր Հրանտին գզրոցին կղպուած ըլլալուն առթիւ։ Հրանտ բացարձակապէս անհասկանալի գտած էր այդ, անոր ոչ մէկ անհրաժեշտութիւն ներկայացնող այդ պահանջը։

Պարտականութեանց ազնիւ մղումներէն դուրս գտնուող աղջկայ շատ մութ ախտանիշ մըն էր այդ։ Ինչպէս բոլոր միւս մեծ ու փոքր խնդիրներուն մէջ, ատիկա ալ արտայայտութիւններ էր ծռուած ուղեղի մը գործառնութեան որուն համար կինը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ բռնագրաւուած ինչ որ իրաւունքներու հաւաքածոյ մը...

-Եթէ այսպէս է, դո՞ւք ինչու ձեր կարասիներուն դարակները բանալիով կը կղպէք։

Արփիկ  կասի կարմիր կտրեցաւ։ Հրանտ սովոր չէր այդպէս շեշտակի դնելու խնդիրները։ Գորովանքը զգացումներուն քնքշութիւնը կաշկանդած էին զինք մինչեւ այդ։ Իր բնածին վեհանձնութիւնը աղաղակող մոլութեան մը մտրակումին տակ միայն, ինչպէս եւ սրբագրելու իր մղումին տակ, տեղի կուտար ճշմարտի բիրտ ցուցմունքին։

Կամաց մը մեր չքնաղ հարսը հեռացաւ գնաց տէօզիէմ պիւռօ... Քանի մը րոպէ վերջ եկաւ եւ պատասխանեց.

-Քեզմէ սորվեցանք...

Հրանտ կ՚ունենար ընդվզումի սարսափելի նոպաներ։ Յիշեց, նոյն օրը, առաւօտուն, իր հոգեվիճակը... Անսաց այն կանոնին որ հազարաւոր անգամ որոռած էր պարտադրել ինքզինքին։ Ոչի՛նչ ընել, ոչի՛նչ ըսել՝ վայրագ հակազդեցութիւններու տակ... Ժամ մը վերջ Արփիկ դարձեալ եկաւ անոր աթոռին մօտ։

Երկչոտ՝ չհամարձակեցաւ նստիլ։ Հրանտ արդէն ինկած էր իր երկրորդ հակազդեցութեանը կարեկցութեան հակազդեցութեանը մէջ՝ խառնուած մեծ տրտմութեան մը...

-Եկու՛ր, ըսաւ մեղմութեամբ, եկու՛ր որ բանամ գզրոցս... Եկու՛ր...

Գացին բացին գզրոցը։ Նաֆթալինի ուժեղ հոտ մը տարածուեցաւ։ Մետաքսէ շապիկներու, փողկապներու, ներքնազգեստներու  կոյտեր։

-Ասոնք պահած էի որ օր մը երբ ամուսնանամ  կնոջս հետ հագուիմ...

-Ահա՛, առ բանալին, քեզ տեսնեմ, այնպէս ըրէ որ ցեց չմտնէ եւ դե՛ռ աւելի կարգով պահես...

-Հապա միւսը՞։

-Որը՞։

-Գրասենեակի՞դ գզրոցը։

Հրանտ սառ կտրեցաւ։ Շատ չանցած յաղթահարեց սակայն զգացած անսահման տգեղութիւնը...

-Լա՛ւ, եկուր։

Գացին գրասենեակը։ Մերթ, ակնթարթ մը, կը զգար կացութեան լղրճուկ նուաստացումը ուր կ՚իյնար, ուր ինկած էր, ուր կ՚իյնաս այսպէս յանկարծ, երբ տունդ մտցուցած ես...

Հրանտ բացաւ գզրոցը։ Ասոնք՝ իր հօրը վերջին նամակներն էին։ Ասոնք՝ իր վկայականները, Թիֆլիսի Ներսէսեանէն Սոոպոնէն, Փարիզի Երաժըշտանոցէն։ Ասիկա՝ ծննդեան վկայագիրն է։ Ասիկա՝ իրենց ամուսնութեան գրկոյկն է, եկեղեցիին վկայագիրը։ Բաւարարուա՞ծ է, կրնա՞յ գոցել հիմա։ Եւ կա՞յ անպատեհութիւն մը որ այս գզրոցը փակ մնայ։ Տանը մէջ օտար սպասուհիներ եղած են միշտ ։ Բանւորներ կրնան գտնուիլ։ Վաւերաթուղթեր են, վերջապէս... Կրնա՞յ գոցել հիմա։

-Չէ՛, չէ՛... ասիկա՝ հապա, աս տուփը չի բացիր...

Հրանտ խորհրդաւոր ձեւեր առաւ, բաւական երկար ատեն սպասցուց, համբերանքէ հանեց... Արփիկ կ՚եռար, կ՚եփէր... Ով գիտէ ի՛նչ նամակներեն, ի՛նչ բաներ են... Հրանտ վերջապէս բացաւ։ Արփիկ ապշած մնաց։ Ծրարի թուղթէն զոյգ մը ասեղնաբանուած ճերմակ ձեռնոց վար ինկաւ։ Հրանտ առաւ, տարաւ դէմքին...

-Դեռ կու գայ...

-Ի՞նչ բան...

տը ժավէլի թեթեւ հոտ մը...

Հրանտին թուեցաւ որ շատոնց էր, տարիներ  առաջ ուր, սիրտը սոխակ կարած, ինքն իր երգովը կը գինովնար... Ուր գիշեր մը համբուն, ցնծութեան հարսնիքի էր նստած երեւակայութեանը սպիտակ նժոյգի վարավանգին... Ուր, ունեցած   էր իր զգացողութիւններուն ամէնէն թանկագինը  - զգացած  այնպէս ինչպէս երբ, ջութակը թեւին տակ, «կ՚անցնէր փողոցէն, հաշիշով օծուն ու բալասանով... »

Արփիկ ճանչցաւ իր ձեռնոցները։  Անձնատուր է այլազան խռովքներու։ Այս թուղթի կտորները ի՛նչ են։ Անոնք թուական մը կը կրեն- 16 Դեկտեմբեր  1940 - եւ Թէաթրը ֆրանսէի անունը։ Յիշեց ատ ալ յիշե՛ց... Բայց, ան միւսնե՞րը հապա, անոնք ինչու՞ դարդ չի տար... Հրանտ դարձաւ եւ ըսաւ

-Չորս նամակ է, քեզի գրուած, որ չեմ զրկած...

Ինչու՞, ինչու՞, կ՚ուզէ, պէտք է որ տայ, իրեն կը պատկանին...

-Չորս նամակ՝ եւ պարքարոլի սկսուածք մը որ, օր մը... եւ ուրիշ օր մը... գետինը, այսպէս, իւղի բիծերով...

Կ՚ուզէ, ճար չկայ, պէ՛տք է որ տայ, պէ՛տք է որ տայ...

Հրանտ վճռական, դրաւ զանոնք գզրոցը եւ փակեց զայն։

-Չեմ ըսեր որ պիտի չտամ։ Եթէ, օր մը, զգամ որ...

Ցա՜ծ էր այս աղջիկներուն զգայնութիւնը։ Ազնուութիւնը՝ տկարութիւն մըն էր։ Կարելիութիւնն էր, օր մը, ստոր կերպով, շահագործելու... Ի ծնէ լաւ խառնուածքին կրակը՝ ազնուութեան, վէրէն եկած շունչին տակ, կը դառնայ խառոյկ, կը դառնայ հրդեհ սիրոյ...

-... Les vers luisants dit-elle brillent la nuit pour gue les oiseaux de proie les voient et les mangent de meme les braves gens exisient pour gue les cancans et la calomnie aient guelgue chose a devorer

TCHEKOV IVANOV

Երեկոյեան, սակայն, Հրանտ մեծապէս ճնշուած էր։ Ակնյայտ էր որ, անգամ մը եւս, մեծ թիւրիմացութիւն մը կատարուած էր։ Անգամ մը եւս կը գտնուէր իր կեանքի այն բաժնին մէջ ուր ճակատագիրը՝ թեւափախ կը յայտնուէր քառուղիներու, հրապարակներու եզերքին։ Անգամ մը եւս, մեծ փորձութեանց շարժերու նախօրեակին էր։ Ինք պիտի ընէ ամէն ինչ որ օճախին պատերը չքանդուին, որ ձեղունը վար չի գայ։ Եւ եթէ զառիվերին ամէնէն  պիրկ մասն է որ կը ցցուի՝ պատրաստ է ուսը դնելու խաչին տակ։

Ընթրիքէն վերջ, գրեթէ միշտ, Արփիկ կը ձգէր զայն առանձին եւ կը քաշուէր քոյրերուն հետ սենեակ մը կամ խոհանոցը։ Երբեմն քրքիջի ձայներ խոհանոցէն կամ միջանցքէն։ Երբեմն, մէկը կամ միւսը, կատուի քայլով, կուգար խուսափուկ ու խուզարկող ակնարկ մը նետել։ Ինչո՞ւ այս անբարեկամութիւնը, վատութեան այս ձրի ցուցադրութիւնը, կը հարցնէր Հրանտ տրտմագին։ Ամբողջ օրը օտարներու հետ անցընելէ վերջ, գոնէ երեկոյեան՝ զոյգ մը սրտագին խօսք՝ ըսել կամ լսել։ Դարձուցեր են զինք բանտարկեալ մը կամ, վանդակի մէջ, վայրի կենդանի մը։

Երբեմն Զարուհի ներս կը մտնէր եւ տարօրինակ ակնարկներ կը նետէր Հրանտէն դէպի խոհանոց ուր քոյրերը կը գտնուէին։ Կ՚առնէր կէս գայթակղած, կէս յանդիմանական արտայայտութիւն։ Եւ այդ ստութենէն մեծ հաճոյք կը զգար։

Յանկարծ Զարուհի յայտնուեցաւ՝ բան մը փնտըռելու։ Ինչպէս միշտ, այս տարօրինակ աղջկան դէմքին բոլոր մկանները շարժման մէջ, պրկումներ կծկումներ կը կատարէին։ Գոց բերնին մէջ լեզուն նմանապէս, յարաշարժ, կուգար այտերուն վրայ կաղապարուիլ։ Աչքերուն մէջ, առնէտի աչքեր, միշտ անհանգիստ եւ անհանգստացնող լոյս մը, նման խենթերու բիբերուն։

-Զարուհի՛, ըսաւ Հրանտ, Ալիսին ըսէ որ րոպէ մը հոս գայ։

Քիչ յետոյ Ալիս եկաւ։ Ականջներուն  վերի ծայրերը կարմրած եւ կարի շփոթ։

Միւս երկուքը, այնտեղ, դրան ետին, դարանակալ։

-Ալի՛ս, ըսաւ Հրանտ մեղմութեամբ, լաւ կ՚ըլլայ որ սենեակ մը գտնէք եւ ինծի Արփիկին հետ ատեն մը առանձին ձգէք։ Ինչքան որ ուզենք, չարթուան մէջ, կը տեսնուինք։ Լա՛ւ կ՚ըլլայ այսպէս... Բոլորի՛ս ալ համար։ Չեմ կարծեր որ կը փափաքիք  ձեր քրոջ տունը քանդել... Ես ալ տեղ մը կը փնտըռեմ ձեզի հետ։ Ո՛չ մէկ երկու օրուան ո՛չ մէկ երկու ամսուան խնդիր է։ Այնպէս մը ըրէք որ ձեզի միշտ սիրեմ, միշտ պաշտպանեմ, որովհետեւ բոլորիդ ալ կապուած եմ։ Կը մեղքնամ ձեզի։ Եէ քիչ մըն ալ դու՛ք ինծի մեղքանայիք՝ երջանիկ կրնայինք ըլլալ։ Ծանրութեամբ մի առնէք խնդիրը։ Եթէ նոյն իսկ մայր ու աղջիկ իրարու հետ դժուար ապրին, ողջամտութիւնը կը թելադրէ՝ առանձին ապրիլ, քան թէ բարեկամութիւններ. սէրեր փշրել։ Երբ մարդիկ իրար հետ կ՚ապրին՝ անխուսափելի է որ մէկուն ներկայութիւնը միւսին կեանքը անուշցնէ եւ փոխադարձաբար, վերջապէ՛ս , մէկ խօսքով... Ձեր ձեր քրոջը սիրոյն՝ ձգեցէք որ ատեն մը առանձին  ապրինք...

Այդ միջոցին, միւս երկուքը ներս մտան։ Արփիկ չար արտայայտութիւն առած էր։ Այն աստիճանի չար որ Հրանտին ուրիշ դէմք մը թուեցաւ, ծռած քիթով, լայնցած աչքերով, մեծցած ռնդային խոռոջներով։

-Քոյրերս հանգիստ ձգէ, հասկցա՜ր... սպառնաց, ձայնի անհաւատալի բրտութեամբ։ Ես  իմ տանըս մէջ եմ եւ քոյրերս ալ հետս պիտի պահեմ։ Ես տիկին Նազարեան չե՞մ։ Դուն նայէ որ վերի բոզը դուրս հանես...

«Վերի բոզը» Հրանտին նախորդ սպասուհին էր որ օգտագործելով իր աղջկան՝ ոնիքին գոյութիւնը, ինչպէս եւ օրէնքներուն եւ Հրանտին ալ բարեացակամութիւնը, վեցերորդ յարկի աղախնի սենեակը դեռ կը պահէր, հակառակ  որ Հրանտ, պարբերաբար, դռնապանին միջոցով, ազդարարած էր անոր մեկնիլ։ Հրանտ աղախինի երկու սենեակ ունէր՝  մէկ կողմէն՝ գիտէր որ թէ՛ գործ չունի, թէ՛ անկեղծօրէն սենեակ փնտռելով հանդերձ՝ չէ գտած։ Հրանտ չէր ուզած օրինական միջոցի դիմել անմիջապէս, վստահ որ մարդկայնօրէն պիտի կարգադրուի, մանաւանդ որ այդ սենեակին անմիջական պէտքը չունէր։ Այդ րոպէին յանկարծ զգաց այս աղջիկներուն վատութեան անսահման խորութիւնը։

-Ինչո՞ւ ձեզի անծանօթ կին մը կը նատախէք այդպէս, ա։յդ է ձեր քրիստոնէութիւնը, ա։յդ է...

-Բոզը տունը կը պահէ, քոյրերս կը վռնտէ... ինչ պիտի ըլլայ որ, ինչ են տեսեր իրենց մօրմէն, ինչ կեանք կը վարէ իր եղբայրը, որ ինչ ըլլայ...

-Արդէն մեզի ըսած էին, մենք չէինք հաւատացեր։ Եկուր տես որ... Ամբողջ թաղը գիտէ քու ինչ սրիկայ...

Պզտիկը գլխու մեծ շարժումներով աւելի կը գրգռէր քոյրը, անընդհատ կրկնելով.

-Tout de meme, վերի բոզը, եւ ... tout de meme...

Հրանտ սարսափելիօրէն ընկճուեցաւ։ Տկար ձայնով. բազմաթիւ անգամ խնդրեց որ զինքը առանձին ձգեն։ Այդ տկարութիւնը փոխանակ մեղմացնելու՝ յարձակողական մոլուցքի մը մէջ նետեց զիրենք։

Անօրինակ վրդովումէ մը բռնուած, Հրանտ ցատքեց տեղէն, գերմարդկային ուժով մը, երեքը մէկ բռնեց, միջանցքը նետեց եւ դուռը գոցեց։ Պզտիկը գնաց խոհանոցին պատուհանը բացաւ։ Յետոյ երեքը մէկ սկսան իրենց ամբողջ ուժովը պոռալ։ Հրանտին պէս կուժան խեղճ աղջիկները գտեր է, իր մատղաշ կնոջը քթին տակ մէթրէս կը պահէ, մօրմէն միայն այդ տեսած է, մայրը միայն դրամը կը պաշտէ, եւ իր տղուն ու մէթրէսներուն հետ կ՚ապրի, իրենք անպաշտպան, որբ աղջիկներ՝ եկեր ինկեր են այս մարդուն ճանկերը...

Այս այն րոպէն էր ուր ոճիր մը կը դառնար գերագոյն առաքինութիւն... Տժգունած, շնչահեւ, կը քալէր ճաշասրահին մէջ։ Պզտիկ հրէշը, մերթ ընդ մերթ, կը բանար դուռը որ Հրանտ տեսնէ եւ լսէ իրենց ըրածն ու ըսածը։ Ո՞ր ուժն էր, ո՞ր օրհնուած ուժը որ, ինչպէս ներքնապէս որոշած էր, թերեւս առնուած այդ որոշումին իսկ համար, փոխանակ դուրս նետելու զինք եւ կտոր կտոր ընել տալու այդ պղծութեան անասունները, կը բաւականանար ետ հրուող դուռը վերստին գոցել տալով։ Նոյնհետայն, ամբողջ ուժովը, պզտիկ օձը կը հրէր դուռը որ կուգար կը զարնուէր պատին, կը սպառնար վերի ապակեայ մասը կոտրել։ Որոշ էր, ասոնք, իրենց մոլուցքին մէջ, սուտի, զրպարտութեան, ահաւոր նախատինքներու, շանթաժի, - քանի որ այդ բոլոր վարձակալները կամ իր աշակերտներն էին կամ զինք յարգող մօտիկ ծանօթներ - հարուածներով՝ սարսափի մատնեն զինք... Ա՛, աս ինչ «բոզանոցի» մէջ խաբուեր ինկեր են, ամէն օր, աչքերուն առջեւ, իր բոլոր աշակերտուհիներուն հետ կը պառկի, մայրը եօթանասունը անց, գէշ կեանք կը վարէ, եղբայրը բոզերու հետ կ՚ապրի, ա՛, խե՜ղճ, անպաշտպան որբեր, ինչպէ՜ս պիտի փրկուին...

Դուռը երրորդ անգամ ըլլալով Հրանտ գոցած էր, բացուեցաւ, զարնուեցաւ պատին եւ փշրուած ապակիին կտորները՝ շռնդալից ինկան ու ցրուեցան գետին...

-Այդպէս, հա՞... հեւաց Հրանտ։

Դուրս նետուեցաւ եւ, թէ՛ մէկուն թէ՛ միւսներուն ապտակի տեղատարափ մը իջեցուց։

Գացին, երեքը մէկ, իրենց սենեակը, եւ գիշերուայ ուշ ժամուն, սարսափելի պոռոցներով, ամբողջ ուժով, սկսան հոգեւոր երգեր երգել...

Dieu tout puissant de ma delivrance

Je mets en toi toute mon esperance...

Աւելի այսահար՝ քան մոլուցքը մզկիթ խռնուած, եաթաղան յեսանող միւսլիմաններուն...

Անհնարին էր Հրանտին, յաջորդող օրերուն, բաժնել իր կեանքը անոնց հետ։ Մռայլ եւ ընկճուած։ Կա՛մ ոչինչ կ՚ուտէր կա՛մ կ՚երթար այն մօտակայ  ճաշարանը որ կը գտնուէր թրիւտէնի սաղարթախիտ ծառուղիին վրայ։ Անվէրսի պարտէզէն քիչ անդին։

Այդ դէպքէն երկու օր վերջ երբ ճաշարանէն կը վերադառնար, տժգոյն, նիհարցած, մտացիր փոխանակ վերելակը առնելու, մեքենաբար սկսաւ ոտքով բարձրանալ աստիճանները։ Վերի յարկէն մէկուն վրայ խօսակցութիւն։ Հրանտ լսեց. «Կը յուսամ որ պիտի չքաշուիլ իմ պաշտպանութեանս  դիմելու... »

Երբ չորրորդ յարկը հասաւ՝ տեսաւ որ Տիկին Քոլէնն էր այդ առաջարկին հեղինակը, վրայի յարկի դրացուհին որուն հետ Հրանտ վերապահ բարեկամական յարաբերութեան մէջ էր, տարիներէ ի վեր, եւ որուն քրոջը աղջիկը իր աշակերտուհին էր։ Արփիկ իր այն անպաշտպան, անմեղ, որբի, զոհի արտայայտութիւնը ունէր, որ, ժամանակին, ինչպէս իր, այնպէս ալ իրենց բոլոր ծանօթներուն մէջ ուժգնօրէն համակրան արթնցուցած էր։ Ակնթարթի մը մէջ հասկցաւ թէ ինչպէս ուսումնասիրուած կերպով, յառաջ կը բերէին ուրիշին մօտ՝ պաշտպանութեան մղող այդ հակազդեցութիւնները։ Վա՜յ անպիտաններ... Կատարեա՜լ արհեստի վերածեր էին... Յիշեց որ այդ տեսակ հակազդեցութեան մը տակն էր որ սկիզբի շրջանին, Հայկ գացած էր Իսի լէ Մուլինօ, այդ «քնքուշ» աղջիկներու տանտիրոջը հետ կռուելու, «անպաշտպան զոհեր» պաշտպանելու...

Ե՛ւ մտածելու եւ՛ զգալու կարողութիւնը ինկած էր թմբիրի մէջ։ Մարդիկ կը նալէին իրեն ինչպէս օտարոտի մէկու մը դէմքին։ Ի՜նչ խօսք, «առանց պատճառի» իր ցնծութիւնները իսպառսպուռ չքացեր էին։ Կը զգար դժբախտութեան մեծութիւնը որ գիշակեր բազէի մը նման թառեր էր վզակոթին։ Եւ մեծ  համոզում մը որ կեանքը դաժան եղած է իր հանդէպ։ Ատիկա աւելի կը սաստկացնէր իր դժբախտութեան զգայութիւնը։

Կատղած վրդովումը, անոր դժոխային ցաւը տակաւ կը քաշուէին։ Ինչպէս միշտ, անյեղլիօրէն, կ՚երթար դէպի իր մնայուն հակազդեցութիւնները, կարեկցութեան, ընդհանրական կարեկցութեան հակազդեցութիւններ, ճմռթկող, մերթ անողոք ու վայրագ նոպաներով։

Քւյրերը ստուերներու պէս կը սահէին։ Գրեթէ իրարու չեն հանդիպեր։ Արփիկ կը զգար, ցաւագին կծկումներով, որ անհնարին էր մերձենալ անոր։ Կուգար օր մը ուր, Հրանտին համար, մեղքը կը բաժնուէր մեղաւորէն։ Անկումի հանդէպ իր ցասումը եւ զայն չքմեղացնելու մոլուցքը կը մնային անսահման։ Բայց անկախաբա՛ր մեղքը գործողէն, այլ՝ դէպի Մեղքը, որպէս առանձին անթիթէ։ Գալով մեղաւորին - օտարոտի հակասութիւն. ան կը կապուէր առաւել մեծ սաստկութեամբ անոր՝ այս անգամ որպէս իսկական զոհին։ Մենք չենք յուզուիր մէկու մը պատճառով որ պարզ գլխացաւ մը ունի։ Այլ ուժգնօրէն կը խռովուինք երբ ան զարնուած ըլլայ սրտէն կամ թոքէն։ Ճիշտ նոյն կերպով ալ՝ մեծ մեղքերը հոգիին թոքախտն են։ Որքան աւելի ծանր ըլլան, կուգայ օր մը ուր անոնք այնքան աւելի խորունկ կարեկցութեան մը առարկան կը դառնան։ Եւ այն աստիճան որ Հրանտ, սանձակոծ, կ՚իյնար առաքելական նոպաներու մէջ, զոհողութեան զոհաբերումի չարչրկող ախորժակներու կլափը։

Այն կտտանքը որ ո՛չ կ՚անցնէր ո՛չ կը մեղմանար՝ կը բխէր այն բրտութեան տեսարաններէն որոնք խոտոր կը համեմատէին եւ՛ ի խառնուածքին եւ՛ զգացումներու այն քնքշութեան հետ որ ան ունէր Արփիկին հանդէպ։ Հա՛, հիմա խնդիրը տեսութեանց վրայ չէ։ Ո՛չ Պարքարոլ մը ո՛չ ալ վիպակ մը շարադրելու վրայ։ Հիմա, կեա՛նքն է։ Անո՛ր հետ պէտք է նստիլ հաշուեյարդարի եւ ճակատ ճակտի բերել՝ գործ ու սկզբունք...

Կարեկցութենէն մինչեւ թողութիւն՝ դեռ քայլ մը կայ առնելիք, ոչ մեծ՝ այլ դժուարին։ Երբեմն կը զայրանար ինքն իր դէմ որ ոխն ու վրդովումները երկար կեանք չունէին։ Եւ սակայն երբ, խուսափուկօրէն, ակնարկ մը իրմէ կ՚իյնար Արփիկին, կը թուէր իրեն որ ինչ որ պատահած էր՝ եղած էր անգիտակից մոլուցքի մը մէջ, ինչպէս ինը տասը տարու մոլի աղջնեկի մը կողմէ։ Բայց, խնդիրը հոն էր, եւ հաւանաբար ամէնէն սարսափելի մասը, որ այս ճանաւարները դեռ ոչ միայն չէին ուզեր ենթարկուիլ տարածուած ազդարարող աշխատանքին, այլ, անորակելի անպատկառութեամբ, նուաստեցնող զէնքերով որոնցմէ զարմացած կը մնար ան, կ՚ուզէին զինքը սարսափի մատնել ու «քթէն բռնել»...

Ութը տասը օր վերջ, երեկոյ մը, շաբաթ երեկոյ, Ալիս դուռը զարկաւ գրասենեակին ուր Հրանտ, օթեակին մէջ ժամեր կ՚անցընէր։

-Քեռա՛յր, ըսաւ, կարմրած ու նեղուած, տեղ կը փնտռենք եւ շուտով կ՚երթանք։ Ներեցէք մեզի...

Հրանտ չպատասխանեց։ Գրքովը բոլորովին ծածկեց դէմքը։

Որոշ էր որ Ալիս ուրիշ բաներ ալ ունէր ըսելիք։ Լուռ սպասումէ մը վերջ, կափ կարմիր կտրած, մեկնեցաւ։

Յաջորդ օրը, կիրակի առաւօտ, դարձեալ եկաւ, մօտեցաւ Հրանտին որ, տրտում, մնացած էր անշարժ, ճաշասենեակի պատուհանին առջեւ։

-Քեռա՛յր, եկեղեցի երթա՛նք։ Մեզի Աստուածաշունչէն գլուխ մը կարդացէք եւ հաշտուինք։

Տեսնելով որ Հրանտ ո՛չ կը շարժի ո՛չ կը պատասխանէ, աւելի մօտեցաւ։ Քնքշութեամբ թեւէն բռնելով.

-Քեռա՛յր, ըսէք մեզի ի՛նչ յանցանք որ գործած ենք, պիտի սրբագրենք։ Եկեղեցի երթանք...

Հրանտ կոպտութեամբ ետ հրեց Ալիսին։

Ան, ոտքը սահելով, ինկաւ գետին ամբողջ կռնակին երկայնքովը։ Անմիջապէս ոտքի ելաւ։ Զարմացնող հաստատակամութեամբ դարձեալ մօտեցաւ եւ թեւերուն, աղջկայ վտիտ թեւերուն ամբողջ ուժովը Հրանտին կռնակէն գրկելով.

-Քեռա՛յր, խորապէս կը զղջանք... Ի նշան մեր խոստումին՝ այս փոքրիկ յիշատակը բերած ենք ձեզի...

Խաւաքարտէ տուփ մըն էր, թեւնոցի  կոճակներով եւ, նոյն ոճով, փողկապ հաստատող երկար ասեղ մը։ Հրանտ յամառօրէն կռնակը դարձուցած կը պահէր։ Աչքերը լեցուած էին։ Խուսափուկ ակնարկով մը տեսաւ այդ առարկաները։

Ուրկէ՞ ալ գտեր էին յիսուն տարի առաջ գործածուող այդ կոճակները։ Անոնք կրնային կորսուած գիւղի մը մէկ ռենչբերին գործը տեսնել, կիրակնօրեայ իր յարդարանքին մէջ։ Այդ հանգամանքն իսկ, չես գիտեր ինչու, շատ աւելի յուզեց զայն։ Այդ նուէր հաւաստիքը ապաշաւէ մը շատ աւելի խորհրդանիշը չէ՞ր իրենց ապիկարութեան, անգիտութեան, անգիտակցութեան... Հրանտ, առանց դէմքը ցոյց տալու ուր աչքերը յորդած էին, դէպի դուռը ուղղուեցաւ, եւ.

-Լաւ՜, համաձայնեցաւ մեղմութեամբ, կ՚երթա՛նք...

Հանրակառքին մէջ թէ յետոյ քալելու ժամանակ՝ լռութիւն պահեցին որ մէկուն կամ միւսին կողմէ կարճ բառով մը միայն կը խզուէր երբեմն։

(Յաջորդ կիւրակէ՝ դարձեալ եկեղեցի Հրանտ կը քալէր առջեւէն։ Երեք քոյրերը՝ քանի մը քայլ ետեւէն։ Ժան Կուժոնի փողոցը ողողուած էր արեւով։ Հրանտ տրտում էր։

-Հայրի՛կ, հայրի՛կ... լսեց յանկարծ։

Արփիկին ձայնն էր։ Ետեւ դարձաւ։ Երեքը մէկ սկսան խնդալ։ Արփիկ ձեռքը բերնին տարաւ, շուարում մը կատարած աշակերտուհիի մը ձեւը կեղծելով։ Հրանտ «չիրականացուց» դեռ։ Քանի մը քայլ վերջ անգամ մը եւս։

-Հայրի՛կ, հայրի՛կ...

Դարձեալ շփոթած է... Երեքը մէկ կը խնդան։ Զարուհի իբր թէ յանդիմանական ծամածռութիւններ կ՚ընէ, աչք ունք կը խաղցնէ... Հրանտ տրտում էր...

Զղջումի խաղը Հրանտ միշտ ալ նկատած էր կատարեալ հրաշք մը։ Ան պահած էր միշտ իր զարմացնող, իր անգերազանցելի հմայքը։ Այդ անտեսանելի ալքիմիային շնորհիւ՝ ամէնակեղտոտ  սրտին  կարելիութիւնը տրուած ր փոխարկուելու մանուկի մը սրտին, եւ վերսկսելու կեանքը։

Յիսուսի «մարմինին» ոեւէ մասնիկը չի կրնար սնունդ դառնայ պալարապատ սրտին եթէ նախապէս ամէնազօր զղջումին ազդեցութեամբը՝ ան հիմնովին չփոխակերպէ իր գործառնութեան եղանակը։ Դժոխային է այն հոգին որ չէ ճանչցած երբէք ապաշխարումի շարժումը։ Օ՜, անպատո՛ւմ, մոցարդեան մեղեդին՝ ստրջանքի հրաշափոխումէն վերջ, մանկացած սրտի տրփոիւնին...

Կէսօրուայ ճաշը ըրին՝ միասին։ Քիչ յետոյ Հրանտ պիտի երթայ կառքը դուրս հանէ։ Ինչ օդ ալ ըլլալ՝ պիտի երթան քաղաքէն դուրս, «բնութեան ծոցը»։

Արփիկ, լուռ, լուրջ, չէր գիտեր ինչ հոգատարութիւն կատարէ։ Մեղմ, կարճ, երկչոտ փայփայանքներ՝ մոգերուն։ Միսը իր դանակովը կը կտրէ եւ անոր հացի պատառներուն կարագ կը քսէ. դէմքը գրեթէ անոր դէմքին, ոսկի խոպոպներովը, եւ առանց գիտնալու՛...

Զարուհի եւ Ալիս գացին պատրաստուելու։

Ներքին անհանգստութիւն մը տարերային կերպով իր լուծումը կը փնտռէր։ Տեղի ունեցած բրտութեան տեսարանները, խորթ ու զարմացնող, անջատուած իր անձէն, կը թուէին խորհրդաւոր երեւոյթներ որոնց այժմ ինք ո՛չ թէ գերակատարը այլ՝ հանդիսատեսն  էր։ Անտեղիտալի կերպով կ՚ուզէր քննել զանոնք ու տիրապետել անոնց։ Այդպէսով տալ կրկնակ հաւաստիքը իր տարանջատումին։ Ազատագրուիլ։ Բանալ պատուհաններն անոնց վրայ։ Անոնց մռայլ սաստկութիւնն իսկ եթէ ոչ ընդունելի գոնէ հասկնալի պիտի դառնար՝ իյնալով, նախկին դերակատարին եւ այժմեան հանդիսատեսին ձեռքովը՝  արեւին տակ։ Բիւրեղեայ մթնոլորտին մէջ, աւելի յստակ տեսնել, աստիճանով մը աճեցնել գիտակցութիւնը, աստիճանով մը պաշտպանել ապագան...

Դառնալ աստիճան մը աւելի անկեղծ։ Քննել՝ ակնարկի նոր սրութեամբ։ Գրաւել ուժը ստանձնելու պատասխանատուութիւնները։ Բանալ մրցումը՝ մերձաւորը չքմեղացնելու, ինքզինքը  մեղադրելու։ Ջախջախել ամբարտակները՝ խոստովանութիւններու գարնանային հեղեղներէն, առաջնորդել զանոնք գալոց օրերու դաշտերը ուր ծաղկի դիտաւորութեանց աննըման ծաղիկները, լոյսին էտլվալսները։

Խղճացած դէմքով։

-Արփի՛կ, ըսաւ, ձեռքդ կուրծքիդ դիր եւ ըսէ՝ իրա՞ւ կը հաւատաս որ իմ եւ Մարթային մէջ ոեւէ... բան գոյութիւն ունեցած է։ Իրա՞ւ կրնաս խորհիլ որ այդ տեսակ «բանէ» մըն ալ վերջ՝ ես թոյլ տայի որ ան...

-Չէ-է՜, ըրաւ Արփի՛կ  քիչ մը կարմրած, ատանկ բան վայրկեան մը անգամ չեմ մտածեր...

-Ինչպէ՞ս հապա... Եւ դեռ սարսափելի բառ մը արտասանեցիր անոր ալ հասցէին։ Զրպարտեցիր ամուսինդ, նախատեցիր՝ պատուհանէն  պօռալով...

-Այնքան կը բորբոքեցնես որ...

-Այս այն աղջի՞կն է, այն աղջի՞կը, որուն ձեռքերը աւելի համբոյր ստացած են վեց ամսուայ մէջ քան ուրիշ աղջիկ մը կը ստանայ ամբողջ կեանքի ընթացքին, որուն մատները կոճակս կը կարէին, որ...

-Ինչ կ՚արժէ-է՛ որ... վրայ բերաւ Արփիկ պաղապուր աշխած շեշտով։

-Ի՞նչ բան ինչ կ՚արժէ։

-Վեց ամիս... համբոյր եւ այլն...

-Հապա ի՜նչ բանը արժէք ունի։

-Ես աղջիկ եղած ատենս աւելի լաւ կ՚ապրէի...

Ահա յանկերգը որ կը լսէր, որ լսած էր, որ ալ պիտի լսէր այս աղջիկներէն, փտած հոգիէ մը արտաբուրող գարշանք։ Պահ մը զայրոյթը, զզուանքի խառնուած, համակեց զինք դարձեալ։ Նորէ՞ն պատասխանել։ Նորէ՞ն յիշեցնել Թոտին ուր երեքը մէկ կ՚ապրէին, մէկը՝ գետինը պառկած, կէս կուշտ կէս անօթի։ Նորէ՞ն փաստը տալ  երկու զոյգ գուլպայ իսկ հետը ունեցած չըլլալուն։ Տէ՛ր, նորէ՞ն թաւալիլ, ա՞յս պիտի ըլլար իր կեանքը, հայ, «քրիստոնեայ»  աղջիկներու հետ...

Ուժը ունեցաւ երկար ատեն լռութիւն պահելու։ Ցասումի հարուածային նոպան սկսաւ փարատիլ։

Լուսարձակի հեղեղ՝... Նոր երանգով տեսաւ պալարին անսահման լայնքը, ցամաքամասէ  ցամաքամաս... Փողոց մնացած աղջիկներ... Տուները՝ դարձած փողոց։ Փողոցի սերունդներ։ Կեանքի պայքար. - խանութներու, գրասենեակներու սալարկներու, վարչատանց եւ հանրավայրերու մէջ։ Ամէն ինչ կը կարգադրուի նկուղներու խորքը, խուցերու մութին։ Արեւմտեան աշխարհներու, հրապարակներու, հիմնարկութեանց հրամանները... Քառլթոն Վինտցոր Փալաս, Պէնք Նէշինըլ, Էնթէրնէշինըլ, Պուլտինկ Քօթ, Շալան, Փէլմ Պիչ, Քազինօ, Պէնքս, Պէնք Պուք։

Դրամականը, - արժէքներու Հիմալայային գագաթին, միահեծան բռնակալ, Քոտուս-Ռոմանուս... Խելք, սիրտ, գիտութիւն, կտրիճութիւն, գոհաբերում՝ չափուած գոյնզգոյն մետաղով։ Վալուտա, տըւիզ, տալըր, փեղոս, լիվր սթէրլինկ պարտաթուղթ շահաբաժին։ Աչքերը տնկած, հոգին ակնարկներուն մէջ, իրմէ աստիճան մը վեր հարուստին։ Դրամին հայթայթած ախորժակնե՜րը, բնազդնե՜րը միայն։ Աղիք, փոր, ստորին փոր... Տիրանալու մոլո՛ւցք, սանձակոտոր... Խանութպանն ու Թրաֆիքանը անմեղ արարածներ՝ տանձ, էրիկներու որսորդութեանը ելած այս էգերու բարդութեան քով։ Սպառնալիք՝ իգացում, շանթաժ անթիւ երանգներով, ահա «հալ» կոյսերուն այբուբենն ու քերականը։ Իտէալը՝ Ռիթա Հայուորթ... Բախտերուն գերագոյնը... լա պէլ պուլաժէռը որ Արեւելքէն իշխան մը կնութեան կ՚առնէ։ Թագաւոր Ֆարուք, Լա մոմ Մուանօ, Միսթէնկէթ, Փիաֆ, Կիւլպէնկեան, պանաններու եւ այլազան ընդեղէնի թագաւորներ՝ կուտան օրէնքն ու կշռոյթը աշխարհներուն...

Ա՜, մէյ մը քսուէին հեռուէն մօտէն՝ մէյ մը քսուէին անոնցմէ մէկուն մէկ ստորադասի ստորադասի ստորադասին... Ա՜, երթային, լեզուով անոնց սիֆիլիզը լղուըռտէին։

Հագուիլ-սքուի՛լ։ Կերպասին մտահոգութիւնովը լեցնել կեանքը մոլեգնութեամբ որ այլասերումն ու մոլութիւնը հասնին անհնարին խմորումներու։ Մարդկային պատկերը թափառի գեհենի մէջ։ Քսուիլ... երթալ սողալ, ներմուծուիլ տիրէքթէօռներու  գրասենեակները։ Սրունք սրունքի։ Թափանցիկ գուլպայ։ Սեռով դիմել սեռին։ Ապուր եփել։ Ի՞նչ ապուր, ինչո՞ւ համար... Ո՛չ իսկ փառքին հետապնդումը։ Բոլոր եօղուրթլամաներէն վերջ՝ հասնելու համար, աստիճան-աստիճան, արդի թէքնիքի առաւելութիւններուն, քոնֆոռի վայելքին... Ու ստեղծել, ըստ քոնֆոռի սղութեան, ըստ լոգանքի սենեակին, պիտէներու տեսակին թէ ինքնաշարժ կառքի պատկառելիութեանը՝ արժէքներու, մարդոց նուիրապետութիւնը։

Սեռ, սեռիով արտադրող ճարտարարուեստ, Աղա Խան Ռիթա Հայուրթ։ Որքա՛ն աւելի մեծ խառնուրդը Թարթիւֆ Շէյլոկին, այնքան աւելի մեծ՝ ինչքդ։ Ինչքան աւելի մեծ Գո՛ղ այնքա՛ն աւելի մեծայարգ։ Ու արդի ժամանակի տաճարին ետեւ, անտեսանելի ձեռքեր, աստուածներ կը փոխփըխեն։ Մարդ ֆարղին չի նստիր։ Աստուածները կը փոխուին։ Մարդու ձեռքը չէ կասեցնել։ Ո՞վ զով կ՚իշխէ Այսօրուայ իշխողը՝ վաղուան իշխողն է... Անօրկանականինն է վերջին խօսքը, օրկանականին վրայ։ Ստեղծուածինն է՝ ստեղծողին վրայ... Աստուածները կը փոփոխուին առանց ընտրութեան։ Գաղտնի քուէարկութիւն, huts clos... Ո՛ւր եւ որոեւնց կողմէ սակայն... Ի՞նչ է դէմքը մեր աստուածին...

Մարդը հանեց սիրտը, հանեց ուղեղը, տուաւ մեքենային։ Մեքենան առաւ, տիրացաւ։ Սկսաւ արտադրել։ Սրտէն զրկուած մարդուն՝ ի՛նք տուաւ սիրտ։ Իր մատներովը լարեց անոր զգայնութիւնը։ Սկսաւ արտադրել։ Արտադրուածը պէտք է ծախուի։ Շահն է այդ մարդկային այլազան, մեծ խումբերու։ Բոլորը դաշնակցեցան։ Ժողովուրդները բռնադատուեցան գնելու։ Գնելու սանձակոծ մոլուցք... Մոլութեան կլափին էգերը կը նետեն Սէր ու «համբոյր»։ Կը բաւէ որ դնեն... Կուռքը՝ Հիմալայի գագաթին... «Ի՜նչ կ՚արժէ որ... »

Ոչ իսկ փառատենչութեան կրակը։ Ան իսկ միջոց մետաղին... Ու այս բոլորով, այս բոլորէն՝ գեհենական աշխարհըմբռնողութիւն մը։ Բոլոր տղամարդիկ խոզ են։ Կիները՝ էգեր։ Տա՜ն, տա՜ն իրենց էգութիւնը ու առնեն նիւթը։ Մեռնի մարդը։ Մարդկայինը։ Տա՜ն, երթան լղուըռտեն Աղա Խանին ֆրանկախտը՝ բայց քսուին անոր։ Ու ահա կեանքը։ Այսպէս են մարդիկը։ Բոլոր մարդիկը։ Ահա կեանքը։ Մարդ-կեանք, - սեռիով արտադրութիւն, ստրուկները թէքնին կուռքին...

Գեհենականօրէն միօրինակ՝ աշխատացոլքը այդ... Սրտին կանգունը, աններկրորդ աղքատութիւնը... Անօրինակ հրաժարումներ... Հրամանները թէքնիքի՛ն սրտէն եւ ուղեղէն... Ռատարներու ցուցմունքներ...

Ռոպօ... Գերագոյն գահակալութիւն... «ի՛նչ կ՚արժէ որ... »

Ու այս մեծ, կեանքի ահարկու հոսանքներուն մէջ եւ դէմ, այս մատ մը աղջիկնե՜րն էին որ պիտի դիմանային... Կեանքի պայքար, պահպանման բնազդ... Առեր են միջավայրին գոյնը։ Անոր թոյնը, կաթը, կուռքը... Գոյնին վրայ նետեր են կրօնքին վարշամակները։ Քրիստոնէութեան հովահարները կը գործածեն վարժ ձեռքերով, գիտուն շարժումներով։ Մօրերուն փորէն գիտուն ծնած են... «Հայր մեր որ յերկինս ես... »։ Հա՛- հա՛-հա՛... «Առաքիեի հայ աղջիկներ»... «Էնքան քնքուշն են սրա՜նք... Ասես վարդի թերթ... Զգոյշ պէտք է լինել. շատ են քընքու՜շը... »։

Դեռ կը մնար երկու սեղմուած ձեռքերը սեղանին վրայ, գլուխը հակած։

Արփիկ, երկչոտ, մատը քսեց անոր ձեռքերուն։

-Բայց սարսափելի՛ է, սարսափելի՛ է, պոռա յանկարծ Հրանտ, ինքնիրմէն ելած, այն ժամանա գեհենական է այն ինչ որ կ՚ընէք... Ե՞րբ ալ ատեն ունեցաք, այդպէ՛ս, այդքա՜ն քիւլօով...

... Շատ ուշ էր՝ ետ դառնալու համար, թերեւս քիչ մը շուտ՝ վճռական անկիննադարձի մը համար։ Համբերե՜լ տեսնե՜լ...

Արփիկ, երկչոտ, մատը քսեց անոր ձեռքերուն։

Երկար լռութենէ մը վերջ, աչքերը խոնաւ.

-Արփիկ, ըսաւ, ինչ ալ պատահի, ըսէ ինծի ի՜նչ որ կ՚ուզես, բայց մօ՜րս... Այսպէ՞ս  վճարեցիր... Ես չեմ ունենար ազնիւ մտածում մը առանց որ անոնց ամենօրեայ, լռին  գործադրութիւնը մօրս կամ եղբօրս մօտ չգտնեմ։ Ինչու՞...

Արփիկ բողոքեց, իբր թէ այդ տեսակ բաներ չէր ըսուած, տեղի չէր ունեցած... Ինք, նախ «սրիկայ» ի՛իչ ըսել է չի գիտեր։ Երկրորդ անիկա ի՜ր մայրն ալ է, միւսը՝ ի՛ր ալ եղբայրը։ Եթէ միասին ապրէին ինք ցոյց պիտի տար թէ ինչպէ՛՛ս գիտէ յարգել։ Մէկուն քոյրը պիտի ըլլար, միւսին՝ աղջիկը... Երկար ատեն լեզու թափեց։ Ինք կը նախընտրէր «այստեղի անցաւոր կեանքը կորսնցնել», ոեւէ զոհողութեամբ, «եւ շահիլ յաւիտենական կեանքը»... Տուն ըսածդ՝ «վէմի վրայ պէտք է շինել»...

Հրանտ եւ՛ կը զարմանար եւ՛ կը տրտմէր եւ՛... կը զուարճանար։ Շեշտը անկեղծ էր, եւ ծիծաղաշարժ՝ մանկական ոգեւորութիւնը...

-Եւ սակա՛յն... ըրաւ Հրանտ, մելամաղձոտ, յոգնած։

Արփիկ մէկ կողմէն սեղանը կը վերցնէր, կ՚երթար կուգար։ Խոհանոցէն երբեմն այլազան աղմուկներ կուգային՝ կոտրուող պնակի մը, գետին իյնող  զգալ պատառաքաղի։ Շառագունած

-Այնքան կը բարկանաս ո՜ր...

-Լա՛ւ, կը բարկանա՛մ... Չէ՞ որ ես ալ յոյսս քու վրադ դրած էի բարկութեան թերիս սրբագրելու համար, որ, արդէն, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ հիասթափուած ջիղերու յոգնութիւն, իր խանդավառուութենէն զրկուած սրտի աղաղակ... Ես չէի՜ խնդրած քեզմէ որ, քու քնքշութեամբ, օգնես ինծի, այդ թերին...

Հազիւ յաջողեցաւ մեղմացնել աչքերուն մէջ զարմանքի, ապշանքի իր հակազդեցութիւնը։ Այս այն «Պր. Նազարեանն է որ պէտք ունի իր... որ կը կարօտի իր, իր... »

Հրանտ՝ երկու ձեռքերը գլխուն ետեւը, սկսաւ  պրկուիլ։

-Ամէնէն հզօր մարդն ալ՝ խե՜ղճ  անհունօ՛րէն խեղճ արարած մըն է... Եթէ կայ զօրութիւն մը՝ ան ալ ատիկա զգալն է, աւելցուց աւելի իրեն քան անոր ուղղուած։ Մեր դժբախտութեան  աղբիւրը արդէն, շարունակեց ջղային յօրանջումով մը, օտարանալն է մահուան, Արուեստի, ժամանակի, հայրենիքի մեծութեանց, յաւերժութեանց զգացումէն։ Թրաֆիքանին համար ատոնք Փիսութենի արձանագրութիւններ են... Մենք մեզի կը կարծենք այդ բոլորէն աւելի կարեւոր, աւելի յաւերժական...

-Ի՞նչ...

-Ոչի՛նչ, ոչի՛նչ...

Դուռը զարնուեցաւ։ Ու յանկարծ, շեմքին վրայ գծագրուեցաւ այն սիրելի սիլուէթը որ այդ վերագրին կուտայ անհուն պարունակութիւն մը։ Դալուկ, ժպտերես, սպիտակահեր։ Հագուած է գեղաձեւ, բաց կանաչ ձիթապտուղի գոյն բուրգէ բաճկոնակ ու փէշ՝ իր ձեռքովն իսկ հիւսուած։ Երկու րոպէ վերջ յայտնուեցաւ Զարեհ որ երեք օրով Բարիզ էր եկած։

Հրանտ իր անօրինակ վերիվայրումներուն մէջ՝ մոռցեր էր իրենց ժամադրութիւնը։ Որոշած էին Զարեհին Բարիզ հասած օրը միասին ճաշել։ Զիրենք Անիէռ չտեսնելով՝ շուտ մը ճաշած եւ Բարիզ էին իջած։

Հիմա, հանգստաւէտ Ֆորտին մէջ, պտոյտի՜։ Պաղպաղակի մը պատրուակը կ՚առաջնորդէ դէպի Շան զ՚Էլիզէ։ Երեկոյեան ընթրել հոն, նոր բացուած եւ շատ գովուած ճաշարան մը։ Գաւառի իր մեկուսացումէն վերջ, Զարեհ կը սիրէր քանի մը ժամ այս թաղերը անցընել։ Հրանտ նախընտրեց Քոլիզէ ուր ճաշեր էր անգամ մը իր նշանածին եւ քոյրերուն հետ... Եղերականօրէն սկսած էր արդէն փնտռել անցեալը, մօտաւոր այլ սակայն անդունդներու մէջ թաւալող իր յիշատակները, անոնց ջերմութիւնը...

Հրանտ որ իր քենիներն ալ միասին տարեր էր, միշտ նախանձախնդիր անոնց  արժանապատուութեանը, պաղպաղակէն վերջ, առաջնորդեց զանոնք Պուլոնեի անտառը։

-Հիմա կ՚երթանք մակոյկ մը կը վարձէք եւ կը թիավարէք։

Կը վարանին։ Անպատշաճ չէ՞ արդեօք։

-Քանի որ քեռայրը կ՚արտօնէ, վրայ բերաւ Արփիկ, կրնաք երթալ։

Հա՛, առնեն սա դրամը...

-Չէ որ, եթէ ես միասին ըլլայի... Հաշուեցէք որ ձեզի հետ եմ...

Ալիս վճռականօրէն կ՚ընդդիմանայ։

-Լա՛ւ, լա՛ւ, յարեց Հրանտ, իրաւունք ունիք։ Ես ալ եմ առեր պուրժուաի այս սովորութիւնները։

Բարեւեցին եւ, տարօրինակ, որբի ժպիտ մը, կծկում մը դէմքերնուն՝ հեռացան։ Մինչ միւսները կառքին մէջ տեղ կը գրաւէին, Հրանտ կը շարունակէր դիտել անոնց հեռացող, վտիտ, սիլուէթները... Սիրտը կծկուեցաւ։ Եթէ կարելի ըլլար, պիտի նախընտրէր լքել եւ՛ իրենները եւ՛ իր կինը, երթալ տալու համար անոնց՝ իր ընկերակցութեան ուրախութիւնը։

Ա՜, Երկնաւո՛ր, միշտ տայիր այս գերզգայուն, անբնական չափով յուզական այս տղուն՝ ուժը որպէսզի, ի՛նչ ալ պատահէր, իր կեանքը միշտ նմանէր իր սրտի երգին...

Արփիկ զարմացած, կառքին մէջէն, Հրանտին կանչեց որ, «Օ-ա՜... » կը պոռար եւ ձեռքի շարժումներ կը կատարէր։

Հեռուէն, այդ վտիտ զոյգ մը հայ աղջիկները դարձան ետեւ, ձեռքերնին տարին ճակատնրնուն, արեւուն դէմ, տեսան զայն եւ րոպէի մը զարմացած անշարժութենէն վերջ, յանկարծ կենդանացած, շարժեցին ձեռքերնին եւ «Օ-ա՜... » պոռացին։

-Այդ ո՞ր աղջկան այդպէս նշաններ կուտայիր, հարցուց Արփիկ, թէեւ խնդալով, բայց իրական նախանձի մը ագցանէն կսմթուած, երբ Հրանտ տեղ կը գրաւէր կառքին մէջ։

Հրանտ խորհրդաւոր ձեւեր առաւ... Սկիզբները կը սիրէր երբեմն կատակել, mystifier ընել, բայց վերջը նկատած էր որ եւ՜ նախանձը եւ՜ կասկածամտութիւնը տառացիօրէն ախտաւոր աստիճանի հասած ըլլալով, կատակը համ չէր ունենար եւ բացասականօրէն կ՚ազդէր անոր տրամադրութեան վրայ։ Ինչպիսի զով, քնքուշ զեփիւռ մըն է սակայն կատակին անմեղ շարժումները՝ յոգնած ջիղերու վրայ, երբ երկուստեք նոյն կերպով կը հասկցուին եւ կը ճաշակուին։

Յաջորդ օրը, ընթրիքին միայն պատեհութիւն ունեցան յայտնելու իրենց տպաւորութիւնները։ Այո՜, շատ հաճոյք առած են։ Առաջին անգամն էր։ Ե՛ւ Զարուհի եւ՛ Աիս, մէկ քանի անյաջող փորձերէ վեր, սկսեր են շատ լաւ թիավարել։ «Ֆրանսուհին» ալ զարմացեր է եւ չէ հաւատացեր որ այդ իրենց առաջին փորձն է։

-Ի՞նչ Ֆրանսուհի, հարցուց Հրանտ։

--Ոչի՛նչ, այնպէս, Ֆրանսուհի մը որ առանձին թիավարելու տեղ իրենց հետ միեւնոյն մակոյկը առեր էր։

-Ոեւէ տեղ, ըսաւ Հրանտ, ոեւէ ձեւով, ո եւ է մարդու հետ ծանօթութիւն կը հաստատէք։ Անցեալ օր, հանրակառքին մէջ, աւելի առաջ՝ դասախօսութեան սրահը։ Անընդհատ  քօնսիէրժներուն հետ։ Ի՜նչ տարօրինակ բարքերը։ Եւ երբ, հազարէն անգամ մը կամ Տիկին Նազարեանը կամ Տիկին Վարդանեանը   կուգայ մեզի՝ կը փախիք, ծակերը կը մտնէք, հիւրերը  ժամերով առանձին կը ձգէք։

-Ա՜, ժամերո՜վ...

-Ժամերով թող չըլլայ՝ կէս ժամ, տա՛սը րոպէ թող ըլլայ։

Պահ մը վերջ՝ շարունակեց  մեղմութեամբ։

-Այն որուն արժանավայելչութիւն կ՚ըսեն, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ նաեւ կարգ մը մանրիկ սովորութիւններու գումարը, անոնց ձգած կնիքը նկարագրին վրայ։ Եղէք էտլվայսներու նման։ Այն ժամանակ ասպետներուն ամէնէն շքե՛ղը պիտի ուզէ ձեզի տիրանայ։

Այդ վերջին փաստը մեծազդեցիկ էր։ Հարկ եղաւ դեռ մանրել։

-Դուք ինծի այն ըսէք, ի՞նչ էր Ուսանողական Տան վերջի դասախօսութեան նիւթը, հարցուց Հրանտ, գացած էիք, չէ՞։

Այո՛, գացած էին, եւ նիւթն ալ՝ Նարեկացին։

-Ի՞նչ բան ձեզի տպաւորեց։ (Լռութիւն)։ Ի՞նչ բան միտքերնիդ մնաց։ (Սարսափելի լռութիւն)։ Վերջապէս, ոեւէ՜ բան, ոեւէ՜ բառ... (Ապառաժէ լռութիւն, կարմրած դէմք)։

-Ըսել է դուք տեղ մը կ՚երթաք՝ միմիայն էրի՞կ փնտռելու համար...

Արփիկ բողոքեց։ Թէեւ կարմրած՝ սկսան խնդալ եւ Հրանտ ալ միացաւ անոնց։ Հա՛, զի՞նք ինչ բան տպաւորած է այդ միջնադարեան վանականէն։

Լա՛ւ, ըսէ։

-Շատ քիչ բան գիտենք իր մասին։ Մէ՛կ բան որոշ է սակայն։ Այս մարդը այնպիսի անբասիր կեանք մը ունեցած է որ դարերէ ի վեր ժողովուրդը չէ դադրած զայն սուրբ նկատելէ եւ իր գործն ալ՝ հրաշաբար։ Արդ, երբ Նարեկ կը կարդանք... Ա՛լ, գացէք բերէք, Զարուհի՛, այնտեղ, գրադարանիս միջին շարքին գրեթէ մէջտեղն է։

-Պատահմամբ, շարունակեց Հրանտ, բանանք ոեւէ էջ, ահա եօթանասունը չորրորդ «Բան»ը, նայի՛նք.

-Շատ են իմ պարտիքս եւ անդր բան զթիւ...

Բազում են մեղանքս... յաճախ են չարութիւնքս...

ինձ են անհամար իմոյս անձին բիծք... »

Եւ այսպէ՜ս, անդադրում, անհուն։

Եթէ մարդ չի գիտնայ որ այս խօսքերը գրողը սուրբ վանական մըն է, ստիպուած է ընդունիլ որ իր չըրածը չէ մնացած...

-Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ հապա...

-Սի՜... Պիտի դիտէք որ ազնիւ մարդուն մըղումն է, կատաղի մղումը, նախ, մեծութիւն փնտըռել, ներբողել, փառաբանել, ծնրադրել... Նոյնքան ուժգնութեամբ ան կը խորշի ուրիշը մեղադրելէ եւ ոեւէ պարագայի մէջ, առաջին բերումով, ինքզինք յանցաւոր կը հանէ։ Խորունկ գիտակցութեան համար չկայ մեղք մը, ժամանակի եւ միջոցի անհունութեան վրայ ալ, որուն ինք մեղսակից չըլլայ...

-Քոքէններն են միայն որ պատասխանատուութեան հակազդեցութիւնները չունին, մէյ մըն ալ հայ հանրային գործիչները...

-Ուստի-ի՜... ըրաւ, խորամանկ  ժպիտով պզտիկը։

-Ուստի այն որ նախ ձեր տունէն սկսելով ոեւէ բան երբ պատահի, ձեզմէ ամէն մէկը ինքզինքը պատասխանատու նկատէ եւ ոչ թէ իր հարազատըկամ մերձաւորը մեղադրէ, դատէ։ Իրարու հետ եարըշի պիտի ելլաք դիմացինին պատասխանատուութիւնը ձե՜ր վրայ առնելու եւ փոխադարձաբար։

-Ի՞նչ ըսել է, եարըշ, քեռա՛յր։

-Եարըշ, մրցակցութի՛ւն, թուրքերէ՛ն է։

-Հայերէ՞նը ինչու չըսիք, կը տեսնա՛ք...

Հրանտ սկսաւ խնդալ։

-Այո՜, կը տեսնեմ որ գայլի աւետարան եմ  կարդացեր... Կը տեսնեմ որ ինչ արագութեամբ, ինչ ճարպիկութեամբ, ինծի՛ յանցանքի մը մէջ բռնեցիք նորէն, փոխանակ ձերիններուն անդրադառնալու...

Գարունը սկսած էր աւելի յաճախ յայտնուիլ։ Սէն Վէնսան տը Փոլի աղաւնիները կուգային այն փոքրիկ պատուհաններուն ուր Հրանտ երբեմն հացի փշրանք կը դնէր, որոնց առջեւ մերթ երկար ատեն կանգնած կը մնար։ Ծառերը սկսած էին երգել։ Արեւը  ճերմակ կիր քսած էր Սաքրէ Քէօռի գմբէթներուն։ Երթալ անցընել ժամ մը Վէնսէնի անտառը, աւելի հեռուն, Մէօտոնի կաղնիներուն տակ կամ Շըվռէօզի  ծործորներուն՝ կը կազմէին անդորրութիւն վերադարձնող միակ պահերը ուր իր խրտչած  հոգին կը սկսէր շնչել։ Կիրակի օրերը կը սիրէին մեկնիլ առաւօտ կանուխ եւ վերադառնալ, յամրօրէն, ծուլօրէն, վերջալոյսը  դիմաւորելէն, անոր բռնկած գոյներուն մեծաղմուկ մահերգին մէջէն։

Ո՜վ Ռոպէնսոնի  ծառախիտ կածաններ եւ Քլամառի կանանչավուխտ բլրակներ, դուք որ ընդունեցիք ձեր զով գրկին՝ տղու մը սրտին տրոփիւնը, դուք որ առիք անոր խանդավառութիւնը՝ ձեր կողերուն՝ երբ շրջապատուած, ընթերցման մը բառերուն  կուտար կրակը իր հոգիին, դուք որ տեսաք զին այնքան անգամ եւ՜ տրտում եւ՝ երջանիկ, գիտէ՛ք  որ անդին, հորիզոնին, ճակատագիրը, քրքջալէն, իր մռայլ թեւերը կը զարնէր։ Ինչու՞ աւելի ուժգնութեամբ չդրօշմեցիք անոնց սրտին՝ մեղմութեան, ազնուութեան, համակերպութեան, կուսականութեան վերջին պատուէրները որ կը բարբառէին, հազար գիծով, հազար  գոյնով, հազար ձայնով՝ մէն մի ծաղիկը, մէն մի ծառը, մէն մի խոտը ձեր դալարակեաց  բլրալանջերուն...

Այդ շրջագայութեանց բորբ հեշտանքը, հարստութիւնը իր յիշողութեանց  աշխարհին, կը վիրաւորուէր, կը կեղտոտուէր շնչին արարածներու յատուկ մէկ պղծութեամբը։ Նոր օր, նոր կեղտ։ Մինչ Հրանտ, թէպէտ  մէկ ձեռքը վէրքերուն վրայ, իր արբեցումէն աւելի սիրաղեղ, աւելի ներող, անոնցմէ մին իրենց ընկերացող բարեկամներէն մ կուն կամ միւսին հետ կը փորձէր իր ամուսինը, իսկ միւսները իրենց քեռայրը բանսարկել, փնտռել, հաւաքել, քարէն դուրս բերել աննպաստ բառ մը, երկդիմի ակնարկութիւն մը իր ամուսին կամ անոր ընտանիքին վերաբերմամբ՝ կը կազմէին իրենց իսկական թաքուն կեանքը... Իսկ երբ Հրանտ կարդաց, ծառի մը տակ, շրջապատուած անոնցմէ, Սրուանձտեանցի հատորը, զանազան բացատրութիւնները տալով, ակնարկներու երկար խմօուըռտուքէ վերջ, յանկարծ, երեքը մէկ խնդացին։ Հրանտ հարցուց պատճառը.

-Կը համրէի թէ քանի՞ կզակ ունիս, երկու՛ թէ երեք... յայտնեց Արփիկ, շարունակելով քրքըջալ քոյրերուն հետ, յայտնապէս անոնց հաճելի ըլլալու հերոսութեամբ։ Մինչ Զարուհի զգաստութեան կը հրաւիրէր...

Իրիկունը, առանձին, փոխանաը յանձնուելու անփոխարինելի  հաճոյքին՝ օրուան տպաւորութիւնները որոճալու, այդպէսով կրկնապատկելու անոնց սաստկութիւնը, հարստացնելու զգացական իրենց հասարակաց գանձը, կը յայտնէին Հրանտին որ իր մօրը մասին այսպէս է ըսուած, իր եղբօրը մասին այնպէս է ըսուած... Շատ վերջը, Հրանտ վերահասու  պիտի ըլլար որ ատոնց միշտ չափանզանցուած, չարափոխուած էին բայց մանաւանդ, գրեթէ միշտ ամբողջովին հնարուած։

Երբ Հրանտ, խորապէս արիւնոտած, կ՚առնէր ընկճուած դէմք, երբ դիտել կուտար որ փճացուցած եղան իր ամբողջ ուրախութիւնը, որ շատ օտարոտի երեւոյթ մըն է, որ ուրիշ բան չէին գտներ ընելիք եթէ որ աննպաստ խոսուըռտուքներ հաւաքել իր մասին անոր անուան՝ որ իրն ալ է։

-Մենք ի՞նչ ընեն, կը պատասխանէր Արփիկ անո՛նք ըսին, այդպէ՛ս կ՚ըսեն...

Վիճաբանութիւնը տեղի կ՚ունենար այնքան անհաւասար մակարդակներու վրայ, այնքան ապերախտ պայմաններու մէջ, այնքան ամբողջականօրէն զըրկուած յարգանքէն, գոնէ մէկ երկու սկզբունքներու որ, իսկապէս, վատը՝ լոկ վատութեան համար՝ այս երեւոյթը, բանսարկութեան եւ վաղեմի բարեկամները ու իր հարազատ ամուսինը սուտով ու զրպարտութեամբ գժտումի մղող այս երեւոյթը՝ կարելի էր բացատրել, ընդունիլ, միայն ընդունելով որ մարդ գործ ունի ի ծնէ այլասերած, ախտաբանական առումով, արարածներու հետ...

Արդէն՝ ապրիլի վերջերը։ Հրանտ թէեւ դիտաւորութիւնը ունեցած էր իր կնոջը հետ Մէժէվ երթալու եւ տեսնելու իր զոքանչը, բայց, երբ Զատկի օրերը հասան, այնքան յոգնած զգաց ինքզինքը բարոյապէս թէ՜ ֆիզիքապէս, որ ուժը չզգաց երկար ճամբորդութիւն մը կատարելու։ Բացատրեց Արփիկին այդ հանգամանքը, յայտնեց անոր որ նախընտրելի կը համարէ մէկ երկու ժամ հեռաւորութեամբ, մեկուսացած անկիւն մը երթալ կազդուրուիլ, ձգելով ուրիշ առիթի մը՝ միանգամ ընդ միշտ որոշուած միւս ճամբորդութիւնը։

Արփիկ հասկցաւ եւ համաձայնեցաւ։ Ալիս կը գտնուէր արդէն Մեժէվ։ Նոյն օրն իսկ ուր իրենք պիտի մեկնէին, Զարուհի իր կարգին պիտի մեկնէր մօրը եւ քրոջը մօտ։ Մինչ այդ՝ ուրիշ բարեկամներ եւս որոշած էին գալ միանալ իրենց, անտառին մէջի մեկուսացած այդ պանդոկը՝ Մոք Պարիլ, Օրլէանի մօտ։

Մեկնումի օրը սակայն, Արփիկ անգամ մը եւս փոխուած, ապստամբա՛ծ...

Առաւօտուն երբ ոտքի ելաւ Հրանտ, լսեց որ քովի սենեակէն, զուսպ բայց արտակարգ կրքոտ շեշտով, Զարուհի. «ինչո՞ւ խոստացաւ, ինչո՞ւ խոստացաւ, թող չխոստանա՛ր... կը կրկնէր։

Արփիկ մնացած էր շուարած։ Այս աղջիկը վատ յանձնառութիւններու տակ կը կարծէր ինքզինքը, քոյրերուն նկատմամբ։ Միանգամ ընդ միշտ երբեք չհատուցանուելիք պարտքերու տակ էր մտած որոնց առջեւ իր աւագ պարտականութիւնները րոպէապէս ոտնակոխ կ՚ընէր։

-Ես չպիտի գամ քեզի հետ, ես հոս պիտի մնամ... յայտնեց ամուսնին, մռայլ, չար, վճռական - Զարուհի իրիկունը ժամը իննին պիտի մեկնի, ո՞ւր պիտի ձգեմ փոքրիկ քոյրիկս...

Փոխանակ երջանիկ ըլլալու... Ինչ որ ընտանեկան խնդիր կը հանէ եւ, այսպէ՜ս, դիւրութեամբ, ամէն ինչ ոտքի տակ առած, իր վճիռը եկեր կը յայտնէ...

-Շա՛տ լաւ... պատասխանեց Հրանտ, գոյնը նետած, կարկամած դէմքով, որուն ետեւ ցասումի ականներ կը զետեղուէին...

Իրենց ամուսնութենէն հազիւ հինգ ամիս վերջ, այլասերած ճճի մը իր քոյրը ամուսնին դէմ կը հանէր, տգիտաբար անխոհեմութեամբ մը, օգտուելով այն հանգամանքէն որ իր քեռայրը այնքան ինքնաբուխ, չըսելու համար անխորհուրդ արագութեամբ, իր օճախին մէջ առած էր զինքը, իր միւս քրոջը հետ։ Կապոյտ սենեակը, դժոխային էակի մը հաճոյքովը, ականջը փակ դան, մտիկ կ՚ընէ թէ ի՛նչ դարձուածք կ՚առնէ իր ստեղծած եւ հրահրած կռիւը։ Որոշ եղաւ վերջը որ Հրանտին այդ մեկնումը պիտի շահագործուէր, գեհենային թեթեւութեամբ. «Մէթրէսին հետ մեկնեցաւ եւ խեղճ կինը տունը առանձին ձգեց... » տարաձայնելով։ Որոշեց երթալ Անիէռ։

-Արփիկը ո՞ւր է, եղաւ մօրը առաջին խօսքը։

-Գիւղ պիտի երթային չորս օրով բայց չուզեր հետո գալ։ Փոքր քոյրը մինչեւ իրիկուն չուզեր առանձին ձգել։ Եթէ չի գաս՝ ե՛ս ալ չեմ մեկնիր։

Տիկին Նազարեան լռելեայն հագուեցաւ։

-Նախ՝ տո՛ւն, յայտնեց, երբ կառքին մէջ տեղ կը բռնէր։

-Չէ՛, չե՛մ ուզեր... Ոտքը պիտի իյնամ որ աշխանուհին իր ամուսնի՞ն ընկերանայ... Կորսուի ինքն ալ իր ընկերութիւնն ալ... Այո՛. Վարդանեաններն ալ պիտի գան... Ի՛նչ ընեմ, ի՞նչ կրնամ ընել, թո՛ղ երթան գիտնան, թող ամէն մարդ գիտնայ...

-Չէ տղաս, նախ՝ տո՛ւն...

Տիկին Նազարեանի բոլոր թախանձանքներուն՝ Արփիկ անդրդուելի մնաց։

-Աղջի՛կս, հազիւ քանի մը ամիս է ամուսնացեր էք, խալխը ի՛նչ կ՚ըսէ... Ամուսինդ ո՛ւր երթայ՝ դուն ալ հո՛ն պիտի երթաս։ Ա՛ս է աշխարհիս օրէնքը։ Թէ չէ ինչո՞ւ ամուսնացաք։ Հայտէ՛ նայի՛մ, շո՛ւտ, հագուէ՛, եկուր ինծի հետ... Մեղա՛յ, ասանկ ալ բան չէր տեսնուած... Գիւղ երթալը բանտ երթալու վերածել... փոխանակ...

-Չէ՛, ես չեմ գար, տկար եմ... Իր մայրը իրեն անուշ է, իմ մայրս ալ ինծի անուշ է... Տէ՛րը շնորհք տայ...

Հարկա՛ւ, աղջիկս, հարկա՛ւ, բայց ի՛նչ «անուշ» ըլլալու խնդիր կայ հոս։ Ամուսինդ յոգնած է, Զատկուայ առթիւ երեք չորս որով պիտի երթաք հանգստանաք... Ասիկա պէտք էր որ նոյնիսկ դուն կարգադրէիր։ Երջանիկ եղիր որ այսպէս, առիթը ունիս... Հայտէ, մի՛ սպասցներ, ե՛ս ալ յոգնեցայ. հագուիր շուտ մը... Բան մը չէ՛, Զարուհին կրնա՛յ տեղ մը անցընել, մինչեւ մեկնումի ժամը...

Արփիկ մնաց անդրդուելի, կոպիտ...

Տիկին Նազարեան գնաց կապոյտ սենեակը։

Աղջի՛կս, ինչո՞ւ դուրս չես ելլեր, չես ըսեր քրոջդ որ ամուսնին հետ մեկնի։ Կը լսես որ կռիւը քեզի համար է ու չես շարժիր։ Քանի մը ժամ բարեկամի մը տո՛ւնը կ՚անցընես...

-Ո՛չ, մենք բարեկամ չունի՛նք, մենք մարդ չենք ճանչնար. պատասխանեց՝ ցաւագար, նեխած խորամանկութեան իր արտայայտութեամբը։

-Բարեկամ չունիք, պարտէ՛զ մը կ՚երթաս, սինէմա՛ մը, ճիչ չըլլայ՝ կայարանին սպասման սրա՛հը գիրք մը ձեռքդ... Ատիկա պատճա՞ռ է որ քոյրդ ամուսնէն բաժնես...

-Ո՛չ, մենք սինէմա չենք երթար, սովորութիւն չունինք ատանկ տեղեր... Անբարոյական աղջիկնե՛րը սինէմա կ՚երթան...

-Քոյրիկս հանգիստ ձգեցէք, հասկցաք... Տէրը այլցելէ այս տեղ... Տէր շնորք տայ...

Տիկին Նազարեան սկսած էր արեան խուժումի ենթարկուիլ։ Գոյութիւն ունեցող բոլոր թոյներուն մէջ՝ ամէնէն սոսկալին՝ յուզո՛ւմն էր։ Այտերը կարմիրէն անցած էին վատ մոռ երանգի մը։ Հրանտ բոլորովին կորսնցուց պաղարիւնութիւնը։ Պահանջեց որ դուրս ելլեն՝ թող երթան ուր կ՚ուզեն։ Հիմա եթէ գայ ալ, ի՛նք չուզեր։

Տիկին Նազարեան գրեթէ բռնութեամբ, գրկած, տարաւ Արփիկը սենեակ եւ հագուեցուց։ Բոլորը մէկ դուրս ելան։

-Միա՛յն զզուանք կը զգամ, ըսաւ Հրանտ Արփիկին ուղղուած, փողոցը կառք մտնելու ժամանակ։ Եթէ հպարտութիւն ունիս՝ մի՛ գար, չե՛մ ուզեր...

Խեղճ կինը չէր գիտեր ո՛ր մէկուն խօսք հասկցնէ։ Արփիկ մտաւ կառք, Հրանտին քովը։ Պզտիկ օձը համարձակութիւն առաւ գալու՝ մնաք բարով ըսելու, իբր թէ ոչինչ պատահած էր։ Հրանտ ո՛չ պատասխանեց ո՛չ ձեռք տուաւ։

-Տե՛ս, տե՛ս, խեղճ քոյրիկիս հետ ինչպէ՛ս կը վարուի։ Տէրը այցելէ մեզ...

Փարիզը ճեղքելով Հրանտ ուղղուեցաւ դէպի Փորթ տ՚Օրլէան։ Սէն Միշէլի հրապարակը արդէն հասած էին անցնելէ յետոյ։ Սէնի երկու կամուրջները, դիմաւորելէ յետոյ իր ջուրերուն մէջ ինկած Նօթրը Տամի ռօգասն ու իրանը, զով ու արեւոտ առաւօտուան մէջէն։ Արփիկ հիմնովին կը փոխուէր։ Երկչոտ փորձեր կատարեց, ինչպէս իր սովորութիւնն էր՝ իրենց նշանուած շրջանին, անոր ձեռքը սեղմած՝ պահել գրկին։ Հրանտ կոպտօրէն ետ մղեց։

-Վստահ եմ որ, վրայ բերաւ Տիկին Նազարեան, արդէն զղջացած ես, Արփի՛կ խանըմ եւ քիչ յետոյ պիտի համբուրես զիս որ պատճառ եղայ քեզի ամուսնիդ ընկերացնելու։ Ինչպէ՜ս կարելի է, աղջի՛կս...

Արփիկ չպատասխանեց։ Հրանտ յետնատես հայելիին մէջէն նկատեց որ մօրը դէմքը տակաւ կ՚ազատէր արեան խուժումէն։ Կը հասնէին Փորթ տ՚Օրլէան։

Ծառուղիին երկու կողմը կը վխտային արդէն մարդիկ։ Մառշան տէ քաթր սէգոնի վաճառորդներ կ՚արձակէին կատաղի հրաւէրներ։ Հրանտ զգալապէս դանդաղեցուց գնացքը։ Տիկ. Նազարեան կառքի փոքրիկ պատուհանէն դուրս նայեցաւ.

-Աշխարհի բարիքն են թափեր...

Հրանտ անկիւն մը կեցուց կառքը եւ վար իջաւ։ Քանի մը րոպէ վերջ, մանկական հրճուանք մը դէմքին, վերադարձաւ.

-Ա՛ռ քեզի կարմիր վարդ, առ քեզի՝ պոնպոն եւ նաեւ՝ կաթօ, եւ շոքոլա...

Կարագ, պանիր, մածուն ունինք,

Ալ ինչ կ՚ուզենք, պէտք է հրճուինք...

արտասանեց եւ զետեղեց ծրարները մօրը քով։

Տիկ. Նազարեան վարդերու փունջը երկարեց Արփիկի գրկին.

Յուզական խառնուածքներ՝ կրեցին բարերար, ազատագրող ազդեցութիւնը բնանկարներուն, հիւղակի մը, ճամբաներու ձգուած շքեղ իրաններուն, դաշտի կանանչ քառակուսիներուն, մշակուած թուխ հողամասերուն, բարտիներու երկար շարքերուն։ Արփիկ մտերմութեան անյաջող փորձեր կատարեց։ Յետոյ, վճռական, առաւ անոր ձեռքը եւ երկու ձեռքերուն մէջ՝ պահեց գրկին։ Հրանտ, այս անգամ, չփորձեց ընդդիմանալ։ Վատ տրամադրութեանց մառախուղները կը քակէին իրենց կապարեայ ճնշումները։

Կառքը կը սուրար։ Կ՚ուզէր երգել։ Ինչպէս մրգաշաքարի շիթը սալորէն, վերջապէս հոգին համակած քաղցրութիւնը մեղմութեամբ ծորեցաւ շրթներէն.

Նա մի նազ ունի, նազ ունի, նազ ունի,

Ձեռին սազ ունի, սազ ունի, սազ ունի...

Արփիկ, աւելի ուժեղ սեղմելով անոր ձեռքը իր գրկին, իր խռովիչ ձայնովը ընկերացաւ Հրանտին.

Եկան գարնան անուշ օրեր,

Ծաղկով լցուած են ձորեր...

Ա՜, տարօրինա՛կ... Գետին ինկած, վիրաւորուած, ճզմուած թէպէտ, բայց՝ ո՛ղջ էր սէրը։ Արկածէն, վտանգներէն հրահրուած, նոր կեանքով ցատքեց ոտքի, աչքերը խոնաւ, չմեռնելու եռապատկուած կատաղութեամբ։ Ա՜, ո՛ղջ էր, ո՛ղջ...

Եարս զուգուել կ՚երթայ,

Հագած կապած ալուան շորեր։

Չալելով սէյրան կ՚երթայ,

Դարձել է ճէյրան՝ կ՚երթա՛յ...

Պանդոկը եղած գովեստներէն՝ աւելի՝ գրաւիչ գտան։ Առանձին, անտառին բերանը։ Ետեւի մասը կային ծաղիկի ածուներ, ծաղկած եղրեւանի, հաւնոց, ճագար, աղաւնի, մէկ քանի կատու, մէկ քանի շուն։ Երկաթեայ բազուկ մը հարկ էր շարժել՝ որպէսզի ջրհօրէն ջուրը ժայթքէր առատահոս։

Յանկարծ, հաւ մը.

-Կըտ-կըտ-կըտ-կըըը՛տ... բարկացկոտ, ճատու, զիլ, անպատկառ...

Խորունկ եղաւ երանութեան ալիքը որ համատարած լռութիւնը խզտռտող այդ կռկռոցը բերաւ Հրանտին։

Ան յիշեց աւանակի մը զռոցին ազդեցութիւնը, Զըւիցերիա, իշխան Միշքինին վրայ... Այս հաւու կռկռոցը ձեռնոց կը նետէր դարաշրջանին երեսին, Թէքնիքի ահագնադղորդ գոռոցին... Իրեն օտար դարձած, կուռքերուն ստեղծած աշխարհը, կռկռոցին հրաւէրովը, կը մտնէր այս անգամ ընտանի կեանքի մը մէջ...

Բազմաթիւ ուղղութեամբ կը բացուին կածաններ՝ դէպի անտառը։ Բոլորն ալ կ՚արձակեն աղու կանչեր, հրաւէրներ, խոստումներ։ Արփիկ՝ անճանաչելի՛, կուսական, խոնարհ, թրթռուն, ճիշտ։ Այնպէս ինչպէս Հրանտ սիրած էր...

Ճաշեցին բացօթեայ։ Կէսօրէն վերջ Տիկին Նազարեան մնաց պատշգամը, արեւին տակ։ Բաճկոնակ մը կը հիւսէր։ Անոնք գացին կածաններուն խոստումները պեղելու, ծանրակշիռ ու լայնատարած միայնութեան, լռութեան մէջ։ Տարփագին այն ջերմութեամբը որ այս հայ աղջիկը կուտակած էր իր մէջ ու պահած միայն իր «օրինակականին», Արփիկ գրկած Հրանտին՝ բացած էր համբոյրներու կոչունք։ Ինչ լա՜ւ, ինչ լա՜ւ էր այդ պահը ուր սէնթրամները չքացեր էին, ուր սիրտերը՝ մերկ, կարմիր, իրարու մէջ կը հոսէին։

-Հրանտ՛ս, ինծի ալ երջանկացուր, թախանձեց, երբ, գրկուած, կանգ առին անտառին մէջ, կորսուած լճակի մը եզերքը։ Ինծի ալ երջանկացուր, թոյլ տուր որ երթամ մայրիկս տեսնամ։

Անիմաստ գտած էր ան միշտ առանձնակի ճամբորդութիւնները։ Չդիմացաւ սակայն քնքշութեանը որով կատարած էր խնդրանքը, երկու համբոյրի մէջ, եւ լուռ մնաց։

-Շատ չեմ մնար, երե՛ք օր միայն...

-Լա՛ւ, լա՛ւ, Փարիզ վերադարձած օրերնիս իսկ՝ մեկնի՛ր։ Շաբաթ վերադարձած կ՚ըլլաս։

Արփիկ ականջներուն չհաւատաց։ Խոստացաւ շաբաթ վերադառնալ։ Անսահման էր խայտանքը։

-Մի՛ մոռնար այս րոպէն, Արփի՛կ, երբ սէնթրասնեը աքսորուած են մեր սրտէն... Ինչ որ ունինք իրար ըսելիք, ի՛նչ որ ալ ըլլան անոնք, միայն ա՛յս լեզուովը...

Արփիկ առաւ օտարոտի ակնարկ։ Կը տպաւորուէր ուժգնօրէն րոպէի անարատ սաստկութենէն, բայց երկար ատեն հարկ էր իրեն՝ յանձնուելու համար ճշմարտին։

Պտոյտէն վերջ, անցնելով երկնամուխ կաղնիներուն մէջէն, գացին Օրլէան, Վարդանեանները դիմաւորելու եւ կառքով բերելու Մոք Պարիլ։

Կայարանը՝ երանաւէտ ամայութիւն, եզերուած տալիայի, կլաեօյի խոհուն ածուներով։ Կառաշարէն հազիւ մէկ երկու հոգի վար իջան։ Տարուան առաջին արեւէն մարդիկ աչքերը կը քթթէին։

-Բարեւ՜, բարե՜ւ...

Փարիզեան կծկուած ամիսներէ վերջ, վանդավառութիւնն, ր պայմանադրական վերապահումներու ամբարտակները խորտակած, կը ժայթքէին դէմքի կծկումներէ, ակնարկի փայլքերէ, ձայնի շեշտերէ ուր ամէնէն ընթացիկ բառը կը պատռուէր իր պարունակութեան ճնշումէն.

-Դէ՛, բարեւ՛, բարեւ՛, սալի՜ւ... Ոնց որ ասում են՝ քոժիթօ էրկօ սում, հը՞, Հրանտ «զկում» ես որ ապրում ես, ա՛յ, «զկում ես»... Ախր սա «յիմմար» ֆրանսիական էկզիսթանսիալիզմը ո՛չ միայն տէթրէսի, յուսահատութեան տոքթրին ա, այլ՝ դու մի՛ ասա՝ տէկէներատ զազուների ֆիւմիսթըրի... Սեռականութիւն...

Ժպտուն եւ մեղմ Արփիկ կը քալէր առջեւէն, Տիկ. Վարդանեանին ընկերացած։ Անդորրին  ճառագայթները անընդհատ կը վանէին վերջին ծուէնները ներքին մառախուղին եւ Հրանտ կ՚ենթարկուէր անորակելի  հեշտանքի... Վերջապէս վռնտուած տարածութիւնը կը հաստատուէր  զգայնութեան, տրամաբանութեան, խղճի կալուածներուն մէջ։ Տարածութի՜ւն... Ու ալ զգալու մեքենան կը գործէր ո՛չ թէ հատու րոպէի մը աղցաններուն մէջէն այլ՝ կը գործէր ժամանակի լայն ծփանքներովը...

Զարմա՜նք... Ինչպէ՜ս  Բարիզէն մեկնելուն, դրան առջեւ, մերժեց ձեռք տալ Զարուհիին... Ինքը՞... Ինչքա՜ն իրեն չէր նման։ Ինչքա՜ն մենք մեզի չենք նմանիր... Վաթսուն րոպէին յիսունը՝ կը յայտնուինք մեր խարդախուած կերպարանքին տակ։ Ու այս վերջինն է որ կը խնամեեք՝ զայն դաւանելով լաւագոյնը։

Բոլորին ալ փափաքն էր, կառքը նստելէ առաջ, քալել քիչ մը։ Անդին, մինչեւ հորիզոն, երկար շարք մը ուռիի, բարտիի, կաղամախիի, որոնց ետեւ, խորքը, անտեսանելի, շամբուտներու մէջէն գետը կը հոսէր։ Ճամբուն միւս կողմը՝ ցորենի դաշտ։ Դեռ կանաչ որաներ բայց արդէն նախշուած իրենց կարմիր հարսնուկներովը։ Դաշտէն անդին՝ անտառ որուն բերնին՝ բազմաթիւ կածաններ՝ կանչեր պարիկի։

Հրանտ յիշեց նախորդ կիրակին, Ժան Կուժօն փողոցը, ինք առջեւէն, անոնք քանի մը քայլ ետեւէն դէպի եկեղեցի... «Հայրի՛կ, հայրի՛կ... » Լսեց դարձեալ անոնց քրքիջը... Տեսաւ դարձեալ անոնց ծամածըռութիւնը։ Անկարելի էր  դարձեալ չտառապիլ, բայց հիմա, ի՜նչ հեշտ՝ արիւնը  կը հոսի... Տարածութի՜ւն, տարածութի՜ւն... Ա՜, կարելի ըլլար, միշտ, այսպէս, միա՜յն կարեկցիլ, տկլոր հոգիներուն, որբացած, որբացող այս դարաշրջանին...

Տիկ Վարդանեան եւ Արփիկ կորսուեցան։ Թաւուտին մէջէն, մեղմօրէն.

Աղջի Հոռո՛մ, ձեր դրան աղբիւրը

Չեմ մոռանայ քո տուած համբոյրը...

Հայկ տառացիօրէն արբեցած։ Ձանձրոյթը չէր առներ ինքն իր վրայ հսկելու։ Ուժեղ արբեցումի տակ էր իր հիմնական բնազդը կը բաւարարուէր՝ էվագիոն։

Հայկին մնալուն փափաքը, քոմփլէքսն էր որ իր դիմացինը չմոռնայ՝ մանաւա՛նդ իմաստասիրական իր լուրջ պատրաստութիւնը։

-Գերմանական փիլիսոփայութիւնն է, էկզիս-Թանսիալիսթ կոչուած, Հետեկժէր  եւ մանաւանդ Ժասփէրս որ ցոլացնում են արդի ժամանակների, արդի մարդու ներքին ողբերգութիւնը... Սա է որ չէզոքացրեց  ֆրանսիական տիրապետող ռասիոնալիզմը՝ իրա լաւատեսութեամբ... Ես՝ հաւատու՛մ եմ, էսքա՛ն... Ես մնում եմ միշտ Սէն Թոմա տ՚Աքէնի համամիտ , ռասիո քոնֆորթաթա ֆիտէ... աւելցուց զուարճալի խստութեամբ։

Կը դիտէր որ Հրանտ, մտացիր, չհետեւիր իրեն։ Ատկէ՝ ա՛լ աւելի կը մտնէր մանրամասնութիւննգրու, թուումներու մէջ, ա՛լ աւելի խիստ շեշտերով։

-Ա՛յ, թող գան որ ես նրանց Սբինոզա բացատրեմ... նաթիւռ նթիւռանթ եւ նաթիւռ նաթիւռէ...

Հետաքրքրական էր թէ ո՛վ էին այդ «նրանց»ը։

-Էական խնդիրներու մէջ, խուսափեցաւ Հրանտ, լաւագոյնը այն է որ մտածողը յաջողի գործածել մարդկային բոլո՛ր աւագ կարողութիւնները համադրուած։

Նստած էին հաստ կոճղի մը վրայ։ Արփիկ պայուսակէն թուղթ մը հանած կը կարդար ցած ձայնով, խոստովանելէ յետոյ Տիկ. Վարդանեանին։

-Քանի մը կտոր կայ, հայերէն եւ ֆրանսերէն, Հրանտը տուած է որ գոց սորվիմ, դժուար է,

Ընկերն ըլլալ ցորեններուն, մրգաստանին

Դուռը բանալ զաւկի մը պէս, մըտերմօրէն,

Ու թողուլ որ շահարիկներ զքեզ տանին

Թեւապարփակ՝ լայն լռութեան մը համօրէն։

Հայկ անմիջապէս ընդմիջելով.

Կրկնակի գալստեան զանգերն եմ ես լսում,

Հատուցում է գալիս - ես զգում եմ նորան,

Քաղաքնե՜ր, զարթնում է ահաւոր մն ցասում,

Քաղաքնե՛ր, զարթնում են այն մարդիկ, որ մեռան...

Մին միւսը ընդմիջելով՝ արտասանութիւններու հրթիռ, սրտազեղում անդիմադրելի։

-Մեզ մօտ, առ հասարակ, Պարոնեան, Դուրեան, Զոհրապ, Զարդարեան։ Ա՜յ, Զարդարեանի կարմիր ժամունցը։

-Պէտք է ընդունիք, յայտնեց Հրանտ՝ ժպտելով, որ մենք աւելի ծանօթ ենք «ռուսահայ» գրականութեան քան թէ դուք մերինին... Ձեր գրագէտներն իսկ չէին ճանչնար մեզ բացի Ահարոնեանէն եւ Իսահակեանէն։ Դ. Դէմիրճեանը 1917ին միայն կարդաց «Ցայգալոյս»ը։

-Դա՝ ճի՜շտ է, հաստատեց Տիկ. Վարդանեան։ Այժմ, Խ. Հայաստանի վարժարաններում, համալսարաններում «թրքահայ», «ռուսահայ» համահաւասար ուսուցանուում են եւ (լայն ոգեւորութեամբ մը), համայն հայ գրականութիւնը ինչքն է համայն քոյր  խորհրդային հանրապետութիւնների։

-Ախր ի՛նչ ասել է «ռուսահայ», «թրքահայ», հը՞, դա ի՜նչ բարբարոս եահուտա-մասոնական բառեր են... «բղաւեց» հեշտալիր բարկութեամբ Հայկ որուն համար այդ գայթակղութիւնը յաւերժական թարմութիւն կը պահէր։

Տիկ. Վարդանեան վշտագնած, կարմրած այտերով բոլորովին ինքնիրեն, ցած ձայնով.

-Գաղութի փտութիւնը, գեհենային թիփերն են հարկաւոր՝ «ռուսահայ» «թրքահայ» լեզուի հարցերով պղտորելու գիտակցութիւնները, հանդիսաւորօրէն, միջազգային բեմի վրայ յառաջացող Հայ Մշակոյթի ներկայութեան։

Վերադարձին՝ հեռուէն տեսան Տիկին Նազարեանը՝ բուրդը ձեռքին, գլխահակ, այն դիրքին մէջ ուր ձգած էին։ Հրանտ, ինչպէս յաճախ, նոյն սրտի կծկումով, ուզեց հաստատել իր մէջ այդ տեսքը, տեսիլքը։ Կատարեալ եղանակով մը կը ներդաշնակուէր ան րոպէի վերին իմաստին որ կը խլրտար  ծառերուն, լռութեան, սրտերուն խորքը։ Երբ Հայկին հետ կառքը կըթ զետեղէր, մինչ Արփիկ եւ Տիկ. Վարդանեան բարձրացած էին պատշգամը, «իմաստը» էթիքէթ մը ստացաւ ու գրեթէ շշնչաց. «բարին... »։

Հայկ կը խօսէր անընդհատ  եւ խորհուրդներ  կուտար, իբր ինճինէր, մօթէօռին վերաբերեալ։ Երբ  միւսներուն քով հասան՝ սրտազեղումի նոպայ մը ունեցաւ.

-Ի՞նչ կայ, մամա՛ ջան. ի՞նչ է պատահել... կրկնեց եւ զայն գրկած սկսաւ գլուխը մօրը դէմքի՜ն, մազերուն քսել, երկար ատեն տէրը չտեսած գամբռի ոգեւորութիւններով։

-Դէ՛, թո՛ղ, հէ՛, գժուեցի՞ր, ի՛նչ է, կը բողոքէր մայրը... երջանիկ։

Ապա, Տիկ. Վարդանեանի Հրանտին դառնալով.

-Ի՞նչ է, հարց է տալիս, ըսաւ՝ Արփիկին ակնարկելով, կեանքի նպատակը։

Հրանտ՝ երկարօրէն ժպտեցաւ, անոնց նայելով։ Ապա, յիշեց եւ.

-Բարի՛ն, յայտնեց՝ սպասուն, ու շարունակելով ժպտիլ։

Տիկ. Վարդանեան որ ծանօթ էր անոր դէմքի արտայայտութիւններուն.

-Լու՛րջ է ասում, յայտարարեց, քիչ մը զարմացած։

-Ես չե՜մ  ըսողը, բայց... ե՛ս ալ կը հաւատամ։ Ուրիշ բան չկայ...

Ո՞նց թէ ուրիշ բան չկայ, ձայնեց Հայկ, մըշտական անհամաձայնի իր յարձակողական շեշտովը։

-Աշխարհիս մէջ ուրիշ բան չկայ ընելիք։ Ատիկա միակն է որ... չի յոգնեցներ։

-Հապա արժանավայելչութիւնը պահելն է կ՚ըսէիր, վրայ բերաւ Արփիկ։

-Իրարմէ ո՛չ  զատ ո՛չ հեռու բաներ են... Հոտ հասնելէ յետոյ՝ հոն կը հասցուի։

Բաւական ատեն վիճաբանութիւնը երկարեցաւ էքլէքթիք վարդապետութեան  երրորդութեանը վրայ։

-Արդէն անոնք առանձին գոյութիւն չունին, ըսաւ Հրանտ։ Ոեւէ մէկը որ առնես՝ միւս երկուքը  անոր հարմոնիքները կը կազմեն անյեղլիօրէն։ Նայած ականջին՝ մէկը կամ միւսը կը կազմէ բուն  նօթը։

-Ես գեղեցիկ եմ նախընտրում, որոշեց Տիկ. Վարդանեան։

-Իսկականը՝ ճշմարի՛տն է, վեռիթան հռչակեց Հայկ։ Բարին շա՜տ է քաղցր... վրայ բերաւ ծամածուռ դէմքով։

-Անոր բոլո՛ր ձեւերն ալ չեն խրտչեցներ  հիմա զիս, յայտնեց մեղմօրէն Հրանտ, կանաչ, մետաղեայ աթոռին վրայ նստած, կռնակը թէ՛ արեւին տուած թէ՝ դարձուցած ներկաներուն։ Զգայնի՛կ ձեւն ալ, «ամուլ» կիրարկութիւնն ալ, պզտիկը թէ մեծը, բառով մը թէ լումայով, խնդրուած կամ ոչ, իր բոլոր արտայայտութիւններովն ալ՝ ան «բարերար» է։ Եւ... երբե՛ք ամուլ։ Եւ եթէ կայ բան մը որ ծիծաղելի պիտի ըլլայ՝ թող ա՛ս ըլլայ... Ճշմարիտը, առանձինն, քսանըչորս ժամուան մէջ կրնայ դաւաճանել մարդը... Գեղեցիկը, առանձինն, չարագործ ալ է...

Բողոքեցին, պոռացին։ Տիկ. Նազարեան  վերցուց գլուխը եւ ժպտագին իր ամէնէն անուշ ակնարկներէն մին ձգեց տղուն օր կը խնդար, որ կը շարունակէր։

-Առա՛նց առաջինին՝ միւսները- Ճշմարիտ եւ Գեղեցիկ - զէրո՛յի կը վերածուի։ Նոյն բանը կարելի չէ ըսել ասոնց համար...

Ընթրիքը տեւեց երկար։ Երկար խօսակցութիւն։ Ներքին ուրախութենէն՝ Հրանտ յաջորդ առաւօտ կանուխ արծնցաւ։ Արեւը ինկեր էր սենեակին մէջ։ Աղաւնիներէն մէկն ու միւսը կարճ թռիչք մը կը գործէր, մինչ միւսները աղաւնետան մէջ կը վուվուէին, իր մանկութիւնը ոգեկոչելով։ Հաւ, աքաղաղ շատոնց սկսած էին իրենց օրը եւ լուրջ ու դժգոհ, նուիրուած անվերջ պեղումներու։ Վանդակատան ցանցին մէջէն կը ծորէր ճագարներուն տեսքը, խռովիչ, հեզ, սաստկագոյն արտայայտութիւններով։ Բայց, յանկարծ, Հրանտ իր աչքերուն չհաւտաց։ Ճիշտ իր պատուհանին տակ, վեշտասնամեայ գեղուհի մը, կիսամերկ, զոյգ մը պիրկ ստինքով, մինչեւ գօտիին տակը մերկ, ջրհանին առջեւ, նուիրուած՝ առաւօտեան եռանդագին ապտէսթին։ Ակնարկ մը նետեց վեր՝ պատուհանին ուրկէ Հրանտ կը դիտէր, եւ, անշփոթ, շարունակեց իր գործը։ Սփորթիվ աղջիկ մըն էր, էմանսիփէ։

-Արփի՛կ, Արփիկ, մերկ աղջիկ մը կը լուացուի...

Արփիկ որ, մէկ կողմէն միւսը դառնալով, ճիգեր կ՚ընէր քունը շարունակելու, ընդոստ տեղէն ցատքեց, ծիծաղաշարժ խուճապով նետուեցաւ անոր վրայ ու զայն գրկած... նմանապէս աչքերուն չհաւատաց, հապշտապ գոցեց պատուհանը, իջեցուց հաստ վարագոյրները։

-Քիչ յետոյ կը բանամ... Ահա թէ ինչո՛ւ պարոն շուտ է ելեր... վրայ բերաւ երկու համբոյրի մէջ։

Նախաճաշը կատարեցին պարտէզը։ Երբեք կաթն ու սուրճը, անուշն ու կարագը, եւ մանաւանդ տաք հացը այդքան համեղ եղած չէին։ Վերին աստիճանի եռեփուն նաեւ Հայկը։ Յաճախ կ՚երգէր, երբեմն ալ՝ ֆրանսերէն։ Սիրահարուած էր Գափլանեան քոյրերուն։ Տարօրինակ ակնարկներ կը ձգէր եւ կ՚երգէր, J՚attendrai, j՚attendrai toujours...

Տիկին Նազարեան շաքարի մը վրայ երկու կաթիլ անանուխի  ալքօլ դրաւ եւ Արփիին տուաւ։

-Ի՞նչ է պատահել, հարցուց Հայկ։

-Փորս կը ցաւի, պատասխանեց Արփիկ։

-Փորս կը ցաւի՛, հա՛-հա՛-հա՛... Փորդ լեցուած չլինի՞... աւելցուց Հայկ, շանթահարելով ներկաները։

Տարօրինակ է, կը մտածէր Հրանտ, այս տղան, կիրթ ընտանիքի զաւակ, որոշ հասունութիւն ունեցող, մոլեռանդ՝ կրօնքի, աւանդութեանց, պատուախընդրութեանց կարուածներուն մէջ, իր մօտիկ, վաղեմի ընկերը, եւ... Տարօրինա՜կ... Այս Փարիզի կեանքը, իր տեսանելի աւերներուն կողքին, այն միւսները, համրօրէն, յամրօրէն, ներարկուած, հաստատուած, թերմիթային աշխատանքով՝ կատարուած ահաւոր աւերներ... Հոգիի աղճատում մը ուր սըրբութիւնները այլեւս ստութիւններ են։ Եւ, բացառիկ սաստկութեամբ մը, Հրանտ տեսաւ՝ մօտէն թէ հեռուէն իրեն  ծանօթ հայ ընտանիքները, վերի թէ վարի դասակարգերուն մէջ որ այս կամայն արտաքինը կը պահէին եւ որոնց համար սակայն բոլորովին բընական դարձած էր խօսակցութեանց, կատակներու  հում, գռեհիկ, նոյնիսկ փորնոկրաֆիք արտայայտութիւնները։

Ընդունելութիւնները կը սարքէին, մեծ ծախսեր կ՚ընէին, էթիքէթներ եւ փրոթոքոլներ, Թուալէթներ կը փնտռէին բայց, ափերիթիվէն վերջ, եւ վերջը մէկ երկու գաւաթ ըմպելիքի, կնոջ, անչափահաս տղու եւ աղջկայ, մօր, հօր առջեւ, ծայր կուտային մանրավէպերը որոնց հիմնական եւ մնայուն Թեմաթիքան գլխաւորաբար մարսողական եւ սեռային գործարաններն էին։

Մարդիկ faire lamour կ՚ըսէին, ինչպէս գաւաթ մը ջուր պիտի խմէին։ Ո՛չ միայն չքացեր էին ամօթխածութեան հակազդեցութիւնները ո՛չ միայն առ ի չգոյէ լաւագոյնի՝ մարդիկ գոնէ՛ անոնց կեղծերը չէին գործածեր այլ, այդպէս a la page էմանսիփէ, մոտեռն կը համարէին իրենք զիրենք։

Հաւաքոյթներու, երեկոյթներու մէջ էրիկ-կնիկ կը խաղային, իսկ, իրենց տան մէջ, այնպիսի «ազատ» բարքեր որդեգրած էին որոնցմէ Պլոնտէլ փողոցի բնակիչներն ալ պիտի չիկնէին։ Եւ ասիկա՝ թէ՜ հին հարուստներուն թէ՛ նորերուն, թէ՛ վերի, թէ՛ վարի խաւերուն մէջ։ Կը մնային յարաբերաբար անեղծ՝ դարձեալ բոլորովին խոնարհ խաւերը եւ մասնաւորապէս  հայաշատ «գաւառները»։

Հրանտին տրտմութիւնը վհատեցուցիչ սաստկութիւններ կը ստանար։ Իր մանկամարդ  կինը, այս «քրիստոնեան» շատ հեռու էր բաժնելէ իր ամուսնին մոլեռանդ մղումները։

Յանկարծ յայտնուեցաւ, ճամբուն, վրայ Մատէնճեան ամոլը։ Գրեթէ անակնկալ  մը եղաւ։ Թէեւ Հրանտ հրաւիրած էր զանոնք բայց յոյս չունէր որ գային։

Էտիթ իր երկար մազերը կտրել տուած էր։ Դէմքը պոչը կտրած վառեակի կերպարանք առած էր՝ աւելի նիհարցած։ Գլխուն՝ մետաքս, դեղին լաջակ ալա ռիւս, քրոքոտիլ պայուսակ։ Տափատակերպ ժիւփ՝ կապոյտ կերպասէ  եւ պլուզ՝ սպիտակ մետաքսէ։

Բոլորը սուղնոց , արդիական եւ վայելուչ։

Պետրոս, աւելի քան երբեք, իր անգլիացի  ճէնթլըմէնի կերպարանքին տակ - քիւլոթ տը կոլֆ էքոսէ գուլպայ, ճերմակ կօշիկ, էքոսէ շապիկ՝ կարճ թեւերով եւ կրծքաբաց։ Էտիթ շուին-կոմ կը ծամէր։

Բոլորը փութացին անոնց նախաճաշը հոգայ։ Անսպասելի բարիք մը եղաւ, - տիրող խորտակիչ ճնշումը տակաւ քաշուեցաւ։ Արփիկ է Էտիթ, գազանի, իրար կը զննէին, իրար կը չափէին։ Արփիկ մանր մեկուսացում մը կատարեց որ երբեք աննշմար չանցաւ եւ որ մխրճուեցաւ միւսին սրտին որպէս թունաւոր նախատինք մը։

Բազմապիսի, նոր նոր հիասթափութեանց ենթարկուած, թէ՜ մէկը թէ՜ միւսը, Էտիթ եւ Պետրոս, նոր փոխադարձ գնահատութեան  մը եկած էին դարձեալ։ Ատիկա անգամ մը եւս վաղանցուկ, մանաւանդ արուեստական կրակով մը իրար քով բերած էր զիրենք, կեանքի թշուառացնող սաստկութեան դիմաց։

-Այնպէս չէ՞ պոնհոմս, թարմացած է, հը՞, կը հարցնէր պարբերաբար, թեթեւ մը ամուսնին ուսը ծեծելով կամ, գողտր շարժումով  մը, երկվայրկեան մը անոր ձեռքը սեղմելով։

-Հարկա՜ւ խօսքը՜ չըլլար, միասին՝ բոլորովին ուրիշ բան է, այնպէս չէ՞, կը հարցնէր ժպտուն։

Պետրոսին արտայայտութիւնը բարդ էր։ Ծեծ կերած ու խելօքցած շան կամ խենթանոցի  մռայլ սաստերէն նոր դուրս եկած ու կեղծօրէն զինադուլ, հանդարտօրէն սինիք։ Էութեանը  շատ հեռաւոր մէկ անկիւնը քշած թունալից դառնութիւնները՝ կ՚որոճար կիզիչ խմորումով ոխեր, արհամարհանք  ու վրէժներ։ Հանդարտ մարդուկի կերպարանքով, սքօղուած, կը քննէր ամէն մէկուն ուղեղինը  եւ ընդհանուր կացութիւնը։ Կիրքերու ալեկոծումէն լքուած նուազ հետաքրքիր էր դարձած, մտած՝ սթանտառ կաղապարի մը մէջ...

Հրանտ հետաքրքիր էր գիտնալ թէ ի՛նչ փուլի մէջ է անոր անձնասպանութիւն-գոռոզութիւն մենամարտը։ Անմիջական չէր թուեր։ Արփիկ կը քննէր միւսին հագուստ կապուստը, գլխարկ, պայուսակը, կօշիկները եւ կը հաստատէր որ բոլորն լաւ տեսակի էին եւ սուղնոց։ «Աս մարդիկը միշտ կուլան, կը մուրան, միշտ ալ ինձմէ քեզմէ լաւ կը հագուին, լաւ կ՚ապրին... » Ամէնուն եւ ամէն ինչի կը նախանձէր։ Գըձուձ էր եւ մնայուն կերպով չար իր զգալու եղանակը։ Կը նախանձէր անոր շրթունքի, եղունգներուչպարին որուն արհամարհանքովը իրենք ինքզինքնին «այս տեսակ աղջիկներէ» վեր դասած էին եւ պարծենցած. «Մե՜նք, մեր ծնողքը՜, մեր դաստիարակութիւնը՜..

Անճոռնի ծամածռութեամբ մը։

-Պայմանով որ տեւէ... յայտնեց, իբր թէ սրախօսութեան մը պիտակէն օգտուելով։

-Կը տեւէ, կը տեւէ՛, կրկնեց Էտիթ՝ հանդարտ, բոլորովին տիրապետած ինքն իրեն բայց՝ օտարոտի եղանակով մը անոր նայելով։

Գիւղագնացութեան այս քանի մը օրերուն երբեք առիթը յփախցուց զանազան ակնարկութիւններով ու հեռացումներով անոր դրացնութիւնը նուաստացնող ցոյց տալու։

Տիկին  Վարդանեան առաջարկեց երթալ անտառէն անդին գտնուող ագարակը եւ թարմ կաթ ու պտուղ գնել։ Դարձեալ իր սիրած նիւթին վրայ էր՝ գողութիւնը մեր հանրային կեանքին մէջ։

Հայկ եւ Պետրոս կը քալէին առջեւէն, բոլոր միւսները քայլ մը ետեւէն։ Պահ մը այնպէս զուգադիպեցաւ որ Էտիթ միասին քալեցին։ Էտիթ խանդավառ շեշտերով, իր վերջի տեսած թատրոնէն եւ շարժանկարէն կը պատմէր։

Այսպէս կամ այնպէս, ամուսնին եւ անոր շրջանակին մէջ, տարիներէ ի վեր, ան ձեռք ձգած էր զարգացում մը - մերթ թքնելով անոր վրայ, մերթ աստուածացնելով զայն- որուն մէկ մասը հաստատ էր իր ոտքին տակ։ Ահաւոր կաֆերու խութերը գոնէ վտանգ մը չէին իրեն համար։

-Մենք ալ, աւելցուց Արփիկ, ստելու վարժ, Թուլուզ-Լոթրէք մաշը գացինք տեսանք։

Էտիթ կանգ առաւ։ Դարձաւ ետեւ, ընդհանուր ուշադրութիւնը  իր վրայ գրաւեց եւ ամուսնին ուղղուած, բարձրաձայն.

-Կը տեսնա՞ս, ըսաւ, դուն ինձի չտարիր Թուլուզ-Լոթրէք մաչը տեսնելու։ Տիկին Արփիկը գացեր տեսեր է...

Էտիթ պահեց բացարձակ լրջութիւն մը։ «Թուլուզ-Լոթրէք... » կմկմաց Պետրոս պաղ ու երազկոտ, մինչ բոլորն ալ պահ մը կանգ էին առած։ Յետոյ Տիկին Նազարեան շարունակեց քալել որուն հտեւեցան միւսները։ Վերսկսան իրենց խօսակցութիւնը։ Հարց էր ծագած թէ ո՞վ էր Փարիզի գաղութին ամէնէն վատ անհատը։

Թեկնածուներու առատութենէն՝ ընտրութեան խրթին եւ մեծ դժուարութիւններ  երեւան եկան։ Մէկը առաջարկեց շիլ գործակատար Թօփուզեանը՝ օսմանեան կայսրութեան նախկին մաժիսթրան։ Ամէնէն աղուէս, ամէնէն խարդախ թիփը։ Կոչումով՝ միջնորդ։ Նոթապիլիթէի պատմուճան մը հագած, շարժական պատուանդանը՝ ամէնէն փտած աֆէրիսթներուն։

-Մինակ ա՛տ չէ, տունէն ներս, եթէ հարս, աղջիկ կայ, զգուշանալու է, վրայ բերաւ Մատէնճեան։

-Վա՜յ, չէի իմանում, էդ մէկը չէի իմանում... կը կրկնէր Տիկին Վարդանեան որուն ամբասիր նկարագրին համար այս վերլուծումներուն ու դիմակազերծումները հեշտանք մը ու հովացում մըն էին միանգամայն։

Մէկը՝ վարպետորդի ու զառամած «բժշկապետի»մը անունը տուաւ։

Այս մէկը՝ մեծ մաշտապի վրայ գործող էր։ Թօփուզեանին փաթրոնը։

Տարօրինակ էր, ճշմարտապէս սարսափած աչքերով կը կատարուէին այս յայտնութիւնները, մէկը կամ միւսը չափած ըլլալով մէկուն կամ միւսին վատութեան անյատակ խորքը։

Էտիթ բաներ մը կը պատմէր եւ կ՚առաջարկէր լրագրողի մը հիսթէրիք կինը։ Շատերը համաձայնեցան։ Իժն էր որ անսեռ արարածի մը պիղծ կերպարանքը առեր էր։

Երբ մէկը Տիկին Քիրպիին անունը տուաւ, Տիկին Վարդանեան անմիջապէս համաձայնեցաւ.

-Հա՛, դա ճիշտ է, ուղղակի զգուում եմ...

Բոլոր ժամանակը պիւֆէթների չորս կողմն է թափառում... 1)

-Այո՛, բայց, օդային դատողութիւններ էք անում։ Ախր ձեր քրիթերիոմը ո՞րն է, դուք էն ասացէք, Մարդ արարածը էսպէս ա-ա՜։

-Ինչպէս մարմինը, գաղտնի, ստիպուած է իր պէտքերը պարպել, այնպէս ալ, սիրտը իր «պէտքերը» ունի, գողութիւն, շնութիւն, ուրացում, ստութիւն, որոնք այսպէս կամ այնպէս պէտք է որ դուրս ելլեն։ Այո՜, ա՜ս է իշտէ մարդ արարածը, յայտնեց Պետրոս, պէտք է որ դուրս ելլէ-է՜...

Այս կարի յոռետես ակնարկը կը հովացնէր զինք։

-Այնպէս որ՝ քրիթէրիօմ մրիթէրիոմ չկայ... շարունակեց։ Կայ մարդը իր երկու տեսակ «պէտքերովը», աղիքինը եւ հոգիինը։ Անբաւարար՝ շարունակեց.

-Պէտք է որ դուրս ելլէ-է՜... Եւ կ՚ելլէ-է՜...

Ես մօրուք չունիմ, նա՜... (դժուարութեամբ, ձախ շարժումներով, տափատին ետեւի գրպանէն յոգնած հատոր մը դուրս հանեց եւ սկսաւ արագ-արագ թըղթատել։) Նա՛, ինծի չէ՛ք հաւատար... - Mon ami aimer les hommes tels guils sont oest impossible cepondant il le faut En conseguence fais-leur le bien en te bouchant le nez. Նա՛... եւ ասիկա անոր կղմէ «որուն կրօնքն է՝ մարդկային տառապանքը։» Քրիթէրիո՜մը ինչ խուշապ է...

Հրանտ որ մինչեւ այդ լուռ մնացած էր, ընկճըւածեւ տառապագին, անսպասելիօրէն.

-Կա՛յ, պոռաց կարմրած։ Չկայ աւելի մեծ թշուառական մը քան այն թիփը որ եղբօրը, ընկերոջը տունը կը մտնէ եւ կնոջը կամ աղջկան կը շնանայ...

Տիրեց ճնշիչ լռութիւն։

-Իսկապէ՜ս, վրայ բերաւ Տիկին Վարդանեան, մեղմելու համար Հրանտին ձգած դժնդակ տպաւորութիւնը, իսկապէ՜ս, դրանից յետոյ, էլ ո՛չ բարեկամութիւն, ո՜չ կեանք, ոչի՛նչ է մնում...

-Առանց սրբութեան անկարելի է ապրիլ, յայտնեց Տիկին Նազարեան  մեղմօրէն եւ քիչ մը կարմրած, որ մինչեւ այդ միայն մտիկ ըրած էր։ Մեր ատենը, ամուսինս, իր ընկերնե՜րը, ի՜նչ նուիրականութի՜ւն, ի՜նչ սրբութիւն... Կեանքը բուրում ունէր այն ժամանակ...

Հասան ագարակը։ Փոկոտն աղջիկ մը դիմաւորեց զիրենք ժպտերես եւ՝ բերաւ եւ՜ կաթ եւ՜ պտուղ, սարսափելիօրէն կեղտոտ ձեռքերով, հոտած ամաններու մէջ։ Բոլորն ալ համաձայն էին որ Եւրոպա դեռ յետամնաց է առողջապահական տեսակէտէն։ Այս դիտողութիւնը երկար ատեն նիւթ ու պատմութիւն հայթայթեց կիներուն որ անհաւատալի փաստեր ունէին, մաքրութեան լիակատար արհամարհանքի վերաբերմամբ։

Կիները համաձայնեցան որ մաքրասիրութիւնը Թէքնիք յառաջդիմութեան հետ կապ չունի։ Հայ շինականը, իր գիւղին մէջ, առաջուայ նախնական պայմաններուն մէջ, եւ պատերազմին՝ առանց օճառի, առանց ոեւէ մէկ նիւթի, ինչպիսի մաքրութիւն գիտցաւ հաստատել իր տախտակէ թէ թիթեղէ հիւղակներուն մէջ։

-Ես այն համոզումը ունիմ որ, յայտնեց Տիկ. Նազարեան, կեղտոտ եւ անկարգ կին մը նաեւ բարոյապէս կեղտոտ կը դառնայ։

-Բոլորովին համաձայն եմ, վրայ բերաւ Տիկին Վարդանեան։

Արփիկ կը լռէր։ Յանկար կարմրեցաւ։ Բայց շատ չանցած դարձաւ լիրբ։

-Մե՜նք, մեր ծնո՜ղքը, մեզի միշտ... Օտարուհիներն են որ, կարմիր եղունգներով, սրճարանները... Մեր ծնողքը՜, մե՜նք...

-Եւ մաքրութեան այս պարզ խնդիրն ալ, իրականին մէջ բարդ է, շարունակեց Տիկին Նազարեան։ Կան որ երեսնին, աչքերնին, եղունգնին մաքուր եւ ներկուած կը պահեն, վայ որ քիչ մը կուրծքին տակը բանաս։ Ուրիշներ ալ տուն տեղ մաքուր կը պահեն՝ եղունգնին՝ Աստուած մի՛ արասցէ։ Իսկական մաքրութիւնը կենդանի՛ բան մըն է։ Հաւասարապէս գոյութիւն ունի բոլոր կէտերուն մէջ եւ անկէ ալ վերջ՝ հոգեկան հանգստութիւն մը։ Դրացիին համար, Զատկէ Զատիկ, ինքնասիրութեան համար միայն եղած մաքրութիւնն ալ մաքրութիւն չէ։ Թէերեւս ճիշտ անոր հակառակն է։

Հայկ որ ուշով մտիկ կ՚ընէր, ընդհանրացուց.

-Եւ արդէն ամէն անգամ որ ընկերութիւնների բարոյական մակարդակը բարձրանում է կամ իջնում, իրանց մաքրութիւնն էլ կաւելանայ կամ կը նուազի։

Հրանտ մէկ երկու ժամ մնաց խռովուած։ Աչքերը հեռուները։ Մռայլած էր նաեւ՝ անգամ մը եւս ինքզինք տիրապետած չըլլալուն։ Ներքին մռայլը սկսաւ փարատիլ երբ սկսան երգել։

Երգ մը - «Մի լար պլպուլ» - որ բոլորովին մանուկ՝ երգած էր, յետոյ տասնեակ տարիներ մոռցած, Արփիկ թարմացուցած էր։ Իր յաջողներէն մէկն էր։ Այս անգամ առանց շատ սպասեցնելու երգեց եւ ճիշտ թօներու վրայ ինկաւ։

Կ՚անցնին օրերն, կը գայ կրկին

Մի նոր գարուն վարդաբեր,

Տակաւ ուժեր վերադարձան Հրանտին։ Անկայունութեան, կորսուածի, պարտուածի այն տաժանելի հոգեվիճակը տակաւ տեղի տուաւ։ Անգամ մը եւս զգաց որ ուրիշ ճամբայ չկար, հարկ էր կեանքը շարունակել, հարկ էր ներել, հարկ էր կարելիութիւնը տալ իր մերձաւորին՝ նորոգուելու։ Հարկ էր դառնալ ու մնալ փնտռող, ուրեմն հաւատացող...

Կէսօրուայ մօտ երբ պանդոկ հասան, սեղանը շտկուած էր արդէն, պարտէզը, արեւին տակ։ Աղնդերը շարուած՝ կարագ, սարտին, կարմիր բողկ, երշիկ, մորթատէլ, խաշուած հաւկիթ եւ մաեօնէզ։ Ճերմակ եւ կարմիր գինի, երկու շիշ Վիչի։

-Ձեռքերդ չե՞ս լուար, Հրա՛նտ, հարցուց Տիկին Նազարեան։

-Կարծեմ քուկիններդ լուալ կ՚ուզես, եկա՛յ։

Հրանտ գնաց եւ սկսաւ շարժել բազուկը ջրհանին որմէ առատօրէն սկսաւ վազել ջուրը, լայն տակառի մը մէջ։

-Օ՛խ, օ՛խ... Ես այս աղուոր ջուրը երեսիս ալ պիտի զարնեմ... որոշեց Տիկին Նազարեան խորունկ բաւարարութեամբ։ Օ՛խ, օ՛խ, խուրպա՛ն Աստուա՛ծ, աս ի՛նչ բաներ ես ստեղծեր, աս ի՜նչ բաներ ես ըրեր, օ՛խ, օ՛խ... Օձի՞քդ ինչու չես բանար քիչ մը։ Թուրվանտա՛, հը՛ սապէս, աւելցուց ինքն իրեն ուղղուած եւ գործադրեց։

Այս անգամ նոր թափով, ամէն ինչ նորէն սկսաւ։

Հրանտ՝ մարսէյ օճառի կտոր մը, դրուած խոհանոցի փոքրիկ պատուհանին առջեւ, առաւ եւ երկարեց մօրը։ - Հը՛ սապէս, հը՛ սապէս կը կրկնէր երբ Հրանտ անոր պլուզին թեւերը ծալլեց՝ արմուկներէն վեր։ Թեւերը օճառելէ եւ առատահոս ջուրին տակ վար տալէ վերջ, այս անգամ երեսներն ու վիզը օճառեց։ Իրարու կից երկու ափերովը կատարեալ թաս մը շինած՝ ջուրը կը զարնէր երեսին, ճակատին, ապա ձեռքերը կը պտտցնէր վիզին ու կուրծքին։

-Օ՜խ, օ՜խ, փա՜ռք քեզ՝ Աստուա՛ծ, փա՜ռք քեզ... Թուրվանտա՜, դուն գլո՞ւխդ ինչու սանկ լաւ մը ջուրին տակ չես բռներ, դարձեալ ինքզինքին ուղղեց խօսքը եւ միեւնոյն ատեն ուղղակի հոսանքին տակ երկարեց գլուխը ուր ճերմակ մազերու կողքին դեռ շատեր կը յամառէին մնալ սեւ։ Քանի մը տարիէ ի վեր յաճախակիօրէն երակային ճնշում ունենալով՝ փորձած էր որ պաղ ջուրը գլխուն վրայ, կը հանգստացնէր։

-Օ՛խ, օ՛խ, փա՛ռք քեզ Աստուած, փա՜ռք... Թաս մը ջրիկ, թաս մը լուսիկ, կ՚ըսէր ողորմած հոգի կեսուրս։ Աստուած լո՛ւս իջեցնէ գերեզմանին։ Աստուծմէ վախնալով ապրեցաւ... Օ՜խ, օ՜խ, հը՛ սապէս... Ա՛ն ալ ջուրը կը սիրէր, բաղնիք կը տանէր հարսը, ատ ի՛նչ հաճոյքով կը լողցնէր, կը հոգար...

-Փա՛ռք քեզ Աստուած, փա՛ռք... Աստուծոյ ահովը կ՚ապրէր...

Երբ ճաշի նստեցան, թրջուած մազերը փակած էին գլուխին։ Այտերը կզակը կը փայլէին եւ գոհունակութիւնը աչքերուն մէջէն լոյսով դուրս կը ծորէր։

Անսպասելիօրէն, հազիւ աղնդերները վերջացած, Հայկ գաւաթը վերցուց եւ.

-Էս բաժակը առաջարկում եմ Հրանտին երջանկութեանը... Հրանտի եւ Արփիկի... որ իմ քոյրն է՝ կենացը... (Նայեցաւ Հրանտին կարի նշանակալից եւ կարմրած)։ Չե՞ս վերցնում... հարցուց ճնշուած եւ տարօրինակ...

Հրանտ որ թէեւ չէր ճանչցած զայն մանուկ, յանկարծ իրեն թուեցաւ որ Հայկ տասը տասներկու տարեկան դարձաւ, բիբերը պայծառացան, եւ աղուոր լոյս մը ողողեց անոր ամբողջ տարածութիւնը։ Չէ՛, չէ՛, հարկ էր շարունակել կեանքը, եւ, ինչ ալ ըլլար, ամէն րոպէ, կարելիութիւնը տալ իր մերձաւորին «ինքզինքը գնելու»...

-Ինչպէ՞ս չէ, պատասխանեց՝ շփոթած...

Պարպեցին գաւաթները։ Հազուագիւտ ուրախութիւն մը թափանցեց բոլորին ալ սիրտը։ Հոգիները դեռ քիչ առաջ շնչահեղձ, թեթթեւցան, շնչեցին։ Տիկին Նազարեան քիչ մը ուշ մնացեր էր... Թէեւ ոեւէ ալքոլ բացարձակապէս արգիլուած էր իրեն, բայց լեցուց բաժակը գրեթէ ամբողջութեամբ։ Բոլորին ուշադրութիւնը գրաւեց ատիկա եւ ակնարկները զարմացական՝ կեդրոնացան անոր գաւաթին.

-Հա՛յկ, տղա՛ս, ե՜ս, ե՜ս ասիկա քու սրտի՛դ կենացը՝ որ այսպէս մերինները հովացուց... Տղաքը՜ս, տղաքը՜ս, ձեր երկրէն, ձեր հողէն, ձեր պապերէն կտրուած նետուած...

Անսպասելի յուզում մը լեցուեցաւ միջոցին մէջ... Հայկ տեղէն ելաւ։ Մէկ ոստուով նետուեցաւ Տիկին Նազարեանին մօտ։ Երկու ձեռքերը գրաւեց, համբուրեց դաստակներուն վրայ։

-Խոստացի՜ր, խոստացէ՛ք որ, ինչ ալ ըլլայ, այսպէս... այսպէս ձեր սիրտը ընդունակ մնայ ազատելու ինքզինքը, ազատելու մերինը... Քիչ առաջ՝ պիտի խեղդուէինք... Խոստացիր, խոստացէք ինծի տղա՛քս, Հայկ, Պետրոս, Հրանտ, եւ դուն՝ աղջիկս՝ Արփիկ, (մանր տատամսումէ մը վերջ) Էտիթ, խոստացէք ինծի... կը պաղատէր, անբնական խռովքի մը մատնուած, իբր իրեն համար թանկագին նուէր մը խնդրէր։

Խոնաւցած աչքերով, առանձին-առանձին, կը նայէր անոնց ու կը մնար շշմած որ երբ եւիցէ կարելի էր արհամարհել մէկը կամ միւսը։ Անոնցմէ ամէն մէկուն մէջէն օտար մարդ մը, անոնցմէ ամէն մէկուն դէմքը առած, յանկարծ չքացեր էր։ Անոնցմէ ամէն մէկը ազատագրուած էր։ Հայկ այն իր սիրալիրութեան, հոգիէն բխող այն սիրալիրութեան արտայայտութիւնը ունէր, խորին հեզութեան մը մէջ։

Պետրոս, պահ մը առաջ մռայլ ու վտանգաւոր, հիմա սկսած էր տեսնել, զգալ, լսել։ Խոնարհեցած էին իր բիբերը ուր կը վէտվէտէին քնքուշ ու ամբողջական պատրաստակամութեան ալիքները։

Հրանտին համար այն րոպէն էր ուր ան կը լեցուէր տենչանքովը՝ կեանքը նուիրելու արարքին։

Ամէն մէկն ալ միայն ալ կը շնչէր վճիտ կապոյտը ուրիշ աշխարհի մը, այնքան ծանօթ եւ այնքան մոռցուած, ուր մարդուն հեշտանքը կը կազմէին միայն տալը, նուիրուիլը, ամոքելը։ Ու ատիկա ալ դժուար չէր եւ կը յայտնուէր որպէս մարդուն տրուած գերագոյն շնորհքը։

Արփիկ սկսած էր շնչել, կոկորդին, կուրծքին կապերը քակուած էին, ազատագրուած էր եւ իր մեծ, ծաւի աչքերը բեռնաւորուած էին Աստուածամօր բարութեամբը։

Էտի՜թ... Տարօրինա՜կ, տարօրինա՜կ... Դարձած էր ճիշտ իր հակառակը... կուսակա՛ն։ Բաց կապոյտ աչքերը կ՚անգիտնային մոլիին տեսական գոյութիւնն իսկ. փարիզեան արտոյտ մը որուն կոչումն էր դայլայլել...

Ինչպէ՛ս կարելի եղած է արհամարհել ասոնք, ինչպէ՜ս հնար գտնուած է արիւնել ասոնց հպարտութիւնը, ինչպէ՜ս կարելի եղած է կապե՜լ, կապե՜լ, կապկապե՛լ զանոնք, ճզմել արոյրէ սեղմիրաններու մէջ։ Իրենք որ պատուհասո՛ւած էին՝ եւ դեռ արհամարհել, ատել զանոնք... Փոքրիկ, անպաշտպան, խեղճ մանուկներ էին անոնք, որ օր մը - այսօր ալ - արտասուելէն գացած իրենց մօրը ծունկերուն էին փարա՛ծ...

Ու, հապշտապ, թաշկինակը մէկ աչքէն միւսին տանելով, Տիկին Նազարեան կ՚ունենար ստնգանքի ցնցումներ.

-Տղա՛քս, տղա՛քս, զաւակնե՛րս...

Տիկին Վարդանեան նմանապէս տաքցած էր։ Հայկ տեղը նստեցաւ եւ մետաքսէ սպիտակ թաշկինակը հանած զանազան շարժումներ ըրաւ։ Մարդ չէր գիտեր թէ ի՛նչ բան եւ ինչու կը սրբէր։ Բարեբախտաբար լռութիւնը տիրեց որովհետեւ, ոգեւորուած, Տիկին Վարդանեան ոտքի եւ գաւաթը ձեռքը՝ խօսիլ կ՚ուզէր։ Ան համաձայն էր... Մէկ կէտ միայն կ՚ուզէր ճշդել։ Հայ երիտասարդը ալ մինակ չէր, ուր ալ ըլլար ալ մինակ չէր։ Մինակ է՝ եթէ ինքը՛ ուզէ։ Մարդ չի կրնար առանձին, նետուած, որբացած զգալ ինքզինքը, ո՜ւր ալ գտնուի, երբ, մեր Խորհրդային Հայրենիքը «ադամանդեայ լաստեր» կը նետէ անոր ոտքին... Մեր պապերը ջրհեղեղներու մէջէն եւ լեռներու գագաթներէն ինքզինքնին փրկած էին, հիմա՞ է որ...

Արեւը սկսած էր ոմանց համար ուժեղ գալ։ Արփիկ տեղը փոխանակեց Տիկին Նազարեանին հետ որ բոլորովին արեւին տակ ինկած էր եւ պանդոկի պատին ձգած ստուերէն հեռու։

Երազ մը ծածանեցեցաւ։ Մերձակայ տարածուն անտառին մէջ միջօրէին միայնութիւնը  պտտեցաւ, քսուեցաւ կաղնիներուն, բարտիներուն, դղբիներուն եւ իր մէջ առաւ սա պարտէզն ու ածուներն ալ։ Հաւ ու աքաղաղ կորսուեր էին։ Ճագարները խառնիխուռն իրարու վրայ դիզուած, համր ու մեծղի զանգուած մը կը կազմէին։ րբեմն աղաւնի մը իր վուվուն կ՚արձակէր, ձայնական լարով մը, յանկարծ, լռութիւնը կ՚ընդգծէր։ Ու տարածութեան, միայնութեան, լռութեան մէջ, ժամանակն ալ դարձաւ տարածուն ու հսկայ, անտառի եզերքին այս պարտէզն ու սեղանը, այս մարդիկը տառապակոծ ու փոթորիկները իրենց սիրտին, առաւ իր գրկին ու օրօրեց պահ մը՝ տարրերուն յաւերժական մեղեդիովը։

Յաջորդ առաւօտ՝ մեկնումը։ Նախաճաշէն վերջ, սեղանին շուրջ մնացին, խորհրդաւոր ձգողականութեամբ, Արփիկ եւ Էտիթ։ Քօղածածկ եւ նենգ այն փոխադարձ դաշունահարումները որ կիներուն յատուկ ն, թունաւորած էին երկուքին ալ։ Էտիթին կրած հին եւ նոր վիրաւորանքները կատաղի բորբոքումներ կ՚ունենային։ Մինչեւ արիւնի ծարաւը կը տանէին զինք։ Միւսինը՝ քրոնիք չարութեան եւ ի ծնէ վատութեան նոպաներ էին։

Ժպիտներուն քողը, երկուքին ալ դէմքէն, ինկած էր վար։ Էտիթ, ոտքերը պատին տուած, աթոռը  կիսովին ետին շրջած, երկու ձեռքը կուրծքին ծալլած, կզակի մեծ շարժումներով շուին-կոմ կը ծամէր։ Արփիկ քիչ մը հեռուն, ոտքի, երկու ձեռքը պատշգամի բազրիքին յենած, իրանն ու գլուխը ետեւ աղեղած։

-Նորաձեւութիւնը հիմա կարճ մազե՞րն են, հարցուց, հազիւ ծածկելով իր խորունկ արհամարհանքը։

Իրականին մէջ մէ՛կ բան կը փափաքէր, - գխակորոյս նետուիլ այդ յորձանքին, մազ, եղունգ, յոնք, քիթ-բերան նորաձեւութեան յանձնել, ամբողջ ժամանակը էնսթիթիւ տը պոթէներու, սրճարաններու, քապարէներու մէջ անցընել...

Էտիթ չպատասխանեց։ Աւելի շեշտեց իր կզակի շարժումները։

-Ափսո՛ս, ըսաւ յանկարծ, աւելի ինքն իրեն քան միւսին, որ Ռէքսը հետս չբերի, խեղճ անասուն...

-Աշխէ՞նը ուր է, իրա՛ւ, հարցուց կեղծ պարզութեամբ իբր թէ բարեմտօրէն անոր աղջիկը յիշելով։

Էտիթ յանկարծակիի եկաւ։ Գլուխը դարձուց, դիտեց զայն պահ մը, առանց ծամելը դադրեցնելու։ Ապա, նոյն պարզութեամբը.

-Չե՛մ գիտեր... պատասխանեց ու գլուխը շտկեց։

-Կը սիրէ՞ք այդպէս շուին-կոմ ծամել, հարցուց րոպէ մը լուռ մնալէ վերջ, նողկանքի թեթեւ ծամածռութեամբ մը ու նեղուած որ թունաւոր սլաքները չեն գործեր։

Էտիթ՝ այս անգամ պաստրաստաբան գտնուեցաւ։

-Աւելի լաւ է ասիկա քան թէ ձեր աղօթելը։

-Աղօթելը-ը՞...

-Ասիկա մարսողութիւնս կը դիւրացնէ մինչդեռ ձեր աղօթքներէն մէկ բառ չհասկցուիր։

Ճաշերու սկիզբը, յաճախ վերջաւորութեան ալ, Արփիկ փորձած էր պարտադրուիլ. աղօթքի ձեռնարկելով՝ գերակայութիւն մը ապահովել իրեն։ Ամէն ոք իր խօսակցութիւնը շարունակած էր սակայն։ Ոչ մէկ անգամ լռութիւնը տիրած։ Արդէն կմկմուած, բախուած այդ բառերէն ոչ մէկը ըմբռնելի էր։ Մինչդեռ տարի մը առաջ, բազմաթիւ անգամներ, բազմանդամ սեղաններու շուրջ, այդ թարթիքը մեծ, շատ մեծ, պէօֆ ազդեցութիւն մը յառաջ բերած էր։ Ամէն ոք, մասնաւորաբար Հրանտ, Տիկ. Վարդանեան, Հայկ իրենքզիրենք նուաստ, «վայրենի» զգացած էին այս «քրիստոնեայ» աղջիկներուն կուսական ընկերակցութենէն։ Հիմա... շատ բան փոխուած էր։ Եւ Արփիկին կողմէ այդ չարաշահութիւնը կրկնելու յամառումը այնքան միամիտ, ողբալի էր որ կը մատնէր նաեւ իր մօտ տխմարութեան հատկեկ տող մը։

-Չեմ զարմանար, յայտնեց միւսը, շշմած՝ ճիշտ տեղին կերած հարուածէն, անսպասելի պարտութեան կատաղութիւնը որոճալէն։ - Սրճարանները կը տեսնանք աղջիկներ որ այդպէս ժամերով շուին-կոմ կը ծամեն եւ...

Մտրակի հարուածներու տեղատարափէ մը Էտիթին դէմքը. ականջները, կուրծքը, ծոծրակը աւելի ուժգնութեամբ ու յեղակարծ պիտի չկարմրէին։Ճըզմեց ձութը աղօրիքներուն տակ։ Սրտին սաստիկ մրճահարումը արգիլեց որ անմիջապէս պատասխանէ։ Այդ բարերար դադարը թոյլ տուաւ որ անգամ մը եւս տիրապետէ ինքզինքին։ Ուրեմն հանդարտութեամբ էր որ պատասխանեց անոր։ Ու քիչ մը հեռուէն ոչ ոք պիտի գուշակէր ներքին որոտումներու ցնցումները։

-Գիտե՜մ, գիտե՜մ... Դու՜ք, ձեր ծնո՜ղքը ձեր դաստիարակութի՜ւն... Սրճարան, սինէմա ոտք դնող բոլոր կիները, ձեզի համար գիտե՜մ...

Դանդաղօրէն ոտքի ելաւ։ Տղամարդու կոպտութեամբ մէթրօներ անդին թքաւ բերնին ծամոցը։ Ապա անոր դարձած.

-Գիտէ՞ք ինչ կայ, Տիկին Արփիկ... ե՜ս, այո՛, այս րոպէիս չեմ գիտեր թէ ուր է աղջիկս, ե՜ս, ես կորսուած կին մըն եմ, շուին-կոմ կը ծամեմ եւ սինէմս շատ կ՚երթամ։ Սրճարաններն ալ կը սիրեմ։ Շատ անգամ հոն հանդիպած կիներուս նայելով այն «կիներուն» կը հասկնա՞ք, տաւարի պաղ աչքերով այն կիներուն նայելով ինքզինքս անոնցմէ՜ ալ աւելի ցած զգացած եմ։ Քիչ առաջ սակայն ինքզինքս ձեզմէ բարձր զգացի... Չե՛մ գիտեր ինչու պիտի փնտռեմ պէտք է որ գտնեմ...

Այս անգամ Արփիկ էր որ կարմիր, սեւ-կարմիր կտրած էր եւ սառած՝ իր դիրքին մէջ։ Իսկ Էտիթ դեղնեցաւ, թոյնը իր մէջ նոր ներգործում մը ունեցած ըլլար։ Բռունցքները սեղմած յառաջացաւ դէպի միւսը։ Վարի շուրթը կը դողար։

Տիկին Վարդանեան վրայ հասաւ։ Առանց հասկընալու թէպէտ՝ հոտը առաւ հրաբուխին ուրկէ կիրքերու լաւաները կը հոսէին։

-Ի՞չն է, հը՞, ի՛նչ է պատահել...

Հայկ եւ Պետրոս նմանապէս վերադարձան՝ մնացած պայուսակները իջեցնելու։ Հրանտ հաշիւները վճարած՝ յառաջացաւ։ Երբեք չէր տեսած կնոջը դէմքին այդ արտայայտութիւնը։ Իսկ Պետրոսին  համար որոշ էր որ իր կինը կրնար ոճիր մը գործել... Տիկին Նազարեան ՝ տժգոյն, յանկարծ ծերացած դէմքով, վերջինը՝ մօտեցաւ ընկերութեան։ Գիշերը լաւ չէր անցուցած եւ սարսափելիօրէն յոգնած կը զգար։ Նոյն խորհրդաւոր եղանակովը, ներկաներու եւ րոպէին դէմքերէն՝ կրեց ցնցումը։ Անսայթաք բնազդով ակնարկները նախ Արփիկին, ապա Էտիթին, վերջը դարձեալ Արփիկին վրայ կեդրոնացուց։

Նորէն աստուածները հեռացեր էին, նորէն որբացեր էին այս «ազատ» մարդիկը։ Թափուր հոգիներէն ներս, ամաչացած սրտերու բացաստաններուն վրայ, սէնթրամները ճիրիթ կը խաղային...

Էտիթ մասամբ զինաթափ եղաւ։ «Լաւայի» հոսանքները այլ բեւեռում ստացան։ Խորունկ նողկանքի շեշտով.

-Խե՜ղճ, թշուառակա՜ն բան մըն է ասիկա, յայտնեց, կզակովը միւսը ցոյց տալով։ Ցաւակոծ շեշտէն եւ գալարուող ամբողջ անձէն հասկնալի  էր իր կրած նախատինքին մեծութիւնը։ - Տղամարդը դեռ ձեզի իր հալօներուն մէջէն կը տեսնէ... Անգամ մը որ ատիկա վերցնես, հալօ՜ն, հալօ՜ն վերցնես... Ճանճ մը, կեղտոտ ճանճի՛կ մը, շարունակեց չյագեցած բայց ինկած արդէն պատշաճութեանց կապանքին։ Ետ քաշուեցաւ՝ բախումը լքած։ «Ճանճիկը» սակայն բոլորին վրայ վտանգաւոր օձի  մը տպաւորութիւնը ձգեց։ Այդ պահուն՝ սրածայր լեզուն փոխանակ բերնէն՝ աչքերէ՜ն դուրս  կ՚երկարէր անընդհատ, փոսփորային փայլատակումներով։

Անսպասելիօրէն սակայն Տիկին Նազարեան մօտեցաւ։ Արփիկին։ Խորհրդաւոր ուժ մը ծփծփաց մէջը եւ ցոլաց աչքերուն մէջ։ Բռնեց անոր ձեռքէն եւ դարձաւ դէպի բոլոր միւսները.

-Ոչ ոք չհամարձակի հարսիս մէ՜կ մազին դըպնալ, աւելի շատ խնդրեց քան թէ յայտնես, ցաւի օտարոտի շեշտով մը։ Ապա արցունքները ձայնին մէջ.

-Մարդ մարդու չմեղքնար, հծծեց։

Ամէն մարդ խորհեցաւ որ Տիկին Նազարեան հարսը իր պաշտպանութեան  տակ առաւ։ Անոր կողմէն գալով՝ բոլորն ալ հասկնալի գտան՝ սկիզբը  իրենց շատ տարօրինակ եկած այդ պաշտպանողականը։

Միայն Հրանտ սակայն այդպէս չմեկնաբանեց։

Արփիկ քաշեց ձեռքը կեսրոջը ձեռքէն։ Ատելութիւններուն յորձանքները - տարօինա՛կ - մեծ աղմուկ, ուղղուեցան անոր իսկ եւ իր ամուսինին։

-Ես պիտի ամուսնանայի որ այս տեսակ... սրճարանի կնիկի, մարդոց մէջ իյնայի... Մեր ծնողքը... Տէրը այցելէ մեզի...

Էտիթ բոլորովին ինքզինքը գտած էր։ Հայերէն ըսուածներուն իմաստը գրեթէ անսխալ կը գուշակէր։ Ձերբազատուած շեշտով, պատշգամէն խճուղին առաջնորդող սանդուխներէն վար իջնելով, իր հաստատ համոզումը յայտնաբերեց.

- Rira bien qui rira le dernier, ըսաւ անտարբեր երկու ձեռքը գլխուն ետեւ՝ մազերը շտկելով։

Ինչ ըրին՝ Մատէնճեանները չհամաձայնեցան կառքին մէջ տեղ գրաւել - շոգեկառքով վերադարձան։ Էտիթ բազմաթիւ կոպտութիւններով ողողեց Պետրոսը։

-Զաւակդ ո՞ւր է, կը հարցնէր՝ անբնական կոպտութեամբ։ Զաւակդ ո՞ւր է, այո՛, այս միջոցիս՝ ո՞ւր է, գիտե՞ս։ Թերեւս մէկը կծու խօսք մը կ՚ըսէ. թերեւս ականջը կ՚ոլորեն անիրաւաբար. թերեւս ծարաւ է, թերեւս սիրտը կը խոցեն՝ իր ամբողջ կեանքին համար անջնելի սպիով... Ո՞ւր է, ո՞ւր է... կը պոռար հիսթէրիք սաստկութիւններով։

-Քեզի պէս ամուսի՛նը, քեզի պէս հայրը՜... քլոշառ... (փրփուրներ շրթներուն) պանտ տը ռաթէ...

Ի վերջոյ կծկուեցաւ բաժնեակին անկիւնը եւ լռեց։ Բիբերը կը շողշողէին երբեմն օտարոտի կայծկըլտուքներով։

Պետրոս կը գտնէր որ կինը դեռ բաւականին չի նախատեց զինք։ Բաւականին բարձրաձայն յանարգեց որ օտարները լաւ մը հասկնային։ Անճիշտ պիտի ըլլար ըսել թէ անձնասպան ըլլայ կ՚ուզէր։ Բայց որքան ճիշտ՝ որ կ՚ուզէր լմնցնել «աս բանը», ալ վերջանար, ալ իյնար, իյնար, իյնար վրայէն աս թաց, ծանր, կպչուն, լպրծուն բանը որուն կեանք կ՚ըսէին։

Յանկարծ, մտքի acrobatique շարժումով, ամբողջ դառնութիւնը հեգնանքի ծովին մէջ լուծուած կաթիլ մը կը դառնար։ Մեծ հեգնանք մը որ մարմին կ՚առնէր իր բոլոր կարդացածներէն՝ կեանքին մէջ թէ գրքերուն։ Հեգնանքը կը վերածուէր խախկութեան, անպարագիծ խախկութեան մը զգացումին։ Ու կոտտանքը յանկարծօրէն դադրած գէշ վէրքի մը հանգստացումին մէջ էր որ իւրովին կը կրկնէր. «Ի՜նչ արուեստ, ի՜նչ գրականութիւն... Հանաք մասխարկութիւն չի, հօ՜... » Վարդանեաններէն լսած խօսքը թարգման կը հանդիսանար յանկարծ անդիմադրելի բռնութեամբ ժայթքած քահքահելու իր մոլուցքին... «Հանաք մասխարկութիւն չի, հօ՜... »

Հրանտ լուռ էր, կ՚աշխատէր կեդրոնանալ որ արկած մը չպատահի։ Կը վախնար շեշտակի նայիլ մօրը դէմքին, հոն մատնուող աւերներուն։ «Այո՛, շատ աղէ՜կ, կը մտածէր, գիտեմ, գիտէի որ միամիտ եմ եւ հպարտ էի անով ու ամէն զոհողութեան պատրաստ՝ զայն չկորսնցնելու համար։ Բայց այդ միամըտութիւնը վնասաբեր, աղետաւոր կը յայտնուէր։ Ատիկա՝ ալ ուրի՛շ բան մը, քիչ մը ուրիշ բան է կարծես... »

Ու ընդհանրացումէ ընդհանրացում, կը հաճոյանար ընկղմիլ հասարակ տեղիքներու բացերը։ Հայերը ամէն ինչի ատակ էին ի բաց առեալ իմաստութեան  առաքինութենէն։ Չէ՛, ատ չէր։ Դեռ քանի մը օր առաջ ատոր ճիշտ հակառակը մտածած էր, - բուն հայր մանաւանդ իմաստուն է եւ հակամէտ իմաստասիրելու։ Թնճուկէ թնճուկ... Ծնծղաներ, թմբուկներ, դաուլ ու մանաւանդ մետաղեայ շեփորներ ստացեր էին խօսքի առաջնութիւն... Տարօրինակ, չարչարանք էր եւ ոչ ուրիշ բան այս կեանքը... Մէն մի րոպէ տիրանալ հայրերու, մերձենալ Հօրը, յաջորդ րոպէին կորսնցնելու համար զանոնք։ Քրոնիկ կացութիւնը՝ որբացումն էր։ Ու ողբերգական էր այս տեղ-քայլին, այս գուպարը, վայրագ փարումներն յուղեկարծ լքումները... կեանքը՜, երկինքը՜...

Տիկին Վարդանեան մերթ գլուխը կը թափահարէր եւ.

-Չեմ իմանում, չեմ իմանում, կը կրկնէր։ Մարդիկ գժուել են, էս մեր ժամանակները...

Որդին ծիծաղաշարժ յանձնասպանութեամբ կ՚ընդմիջէր.

-Ախր մարդը միշտ էլ էսպէս եղել է, հէ՛, բոլոր ժամանակը միեւնոյն առնէտն է... հա՛, էլի գաիս ենք Տասթաեւսքու ֆորմուլային. «Քիթդ կղպիր եւ մերձաւորիդ ինչքան ուզենաս բարիք արա։» Նաթիւր նաթիւրանթ եւ նաթիւր նաթիւրէ եւ փոխադարձաբար, հասկացա՞ր...

Արփիկ կը պահէր յամառ լռութիւն, դաժան դէմք։ Բոլոր ջիղերը կը ցաւէին։ Վայրի կատուի մը պէս միայն բզքտելն էր իր մղումը եւ զայն չկատարելը դարձուցած էր զինք կրակի վրայ թաւալող  շամփուր։ Բոլոր ջիղերը կը ցաւէին։ Իր զգայութեան մակերեսը եկած մղումը թունաւոր էր անփոփոխօրէն։ Ջիղերը կը ցաւէին։ Բնազդաբար երբեմն ձեռքը ճակտին կը տանէր։ Գոռոզութեան այլանդակ երանգով մը, անդրադառնալուն պէս, ձեռքը վար կ՚առնէր։ Ջիղերը կը ցաւէին։ Բիբերուն մէջ փռուած էին կորսուածի տափաստանները...

Տիկին Նազարեան տրտում էր։ Երբ ակնարկները կ՚իյնային տղուն՝ տրտմութիւնը ընկճումի կը փոխարկուէր։ «Ինչու՞, կը մտածէր, ինչու՞ աւելի դիւրին պիտի ըլլար ատել քան կարեկցիլ... » Ապա ինքն իսկ վախնալով իր մտածումներու ուղղութենէն՝ Ս. Գրոց փաստարկութիւններու վերյիշումին կը դիմէր։ Այդ աշխատանքը կը վերադարձնէր իրեն իր խառնըւածքի հարազատութիւնը - անայլայլ խաղաղութիւն։ Ու յանկարծ, թերացածի արտորանքով, կըլօրցած, զարմածաթ աչքերով, բիբրուն սրտապատառ լոյսովը, պայուսակը կը քրքրէր, բան մը կը փնտռէր։

-Արփի՛կ, ա՛ռ աղջիկս, մանթով է, մարդուն կոկորդը կը չորնայ...

Ոչ ոք յօժարեցաւ ընդունիլ առաջարկուած պոնպոնը։

-Ե՛ս, ե՛ս ուզում եմ, սիրով կը վերցնեմ մի հատ, պոռալով յայտնեց Հայկ։

Երբ Տիկին նազարեանին պայուսակին մասին սկսաւ մտածել, ուր միշտ «չորցած կոկորդներու» համար ամոքում մը կար, եւ որ ինչքան յաճախ չորութեամբ մերժուած էր, Հայկ զգաց որ տաք ալիքներ անծանօթ տեղեր կազմուեցան եւ բարձրացան դէպի իր ալ կոկորդը։ Սարսափելիօրէն արտասուելու փափաք ունեցաւ։ Բաւական վերջ, գրեթէ անլսելի, տոլչէ, տոլչէ, կը կրկնէր, մէ նոն թրոփօ... Շրթները, միեւնոյն ատեն մոցարտեան անտանթէ մը սկսած էին մտնել...

Յաջորդող ամիսներուն Հրանտ ապրեցաւ կոտրած սրտով։ Ամէնէն աւելի իր վրայ ազդող, ուժերը բեկանող կէտը այն էր որ հասնող մարդուն հետ, հասնող չնչին արարածին հետ, առանձին րոպէ մը գտնելուն՝ ամուսինը կը սկսէր բամբասել։ Մարդ չգտնէր՝ իրենց կամ դիմացի տուներու դռնապանուհիներուն հետ։

Այդ նեխանքին առանց պատճառի, հարիւր առ հարիւր ձրի հանգամանքը՝ զինք կը տանէր վրդովումի անչափելի աստիճաններու։ Կ՚ունենար զգացումը որ գործ ունի ստորին, orferieur արարածներու հետ, այնպիսի չափով մը ինչպէս եթէ զգայարանքի տարբերութիւններ եղած ըլլային, ինչպէս եթէ կապիկներու, մարդակերպերու հետ գործ ունենար որոնց հոգիին մէջ ինկած ոեւէ ազնիւ բան նոյնհետայն կ՚աղարտուէր, կը տգեղանար, կը կեղտոտէր, կը դառնար սադրանքներու, խորամանկութեանց, ատելութեան մեկնակէտ։ Ի՞նչ բանի համար, ի՞նչ հետապընդելու համար...

Մէկու մը նկատմամբ որ ամբողջութեամբ յանձներ էր իրենց իր տունը. իր աշխատանքին, իր ինչքին հետ՝ իր սիրտը։ Ինք որ պիտի գոհանար, նոյնիսկ սիրոյ անկարելիութենէն, պարզ բարեկամութեամբ մը, նոյնիսկ պարտականութեանց նախնական ըմբռնումով կեանքի մը, քանի որ ճակատագիրը այս խաղը խաղացած էր իրեն։ Զինքը կը շահագործէին այնպիսի անպատկառ համարձակութեամբ եւ յիմարութեամբ որ արտաքին շպարով մը իսկ ձանձրոյթը չէին առներ ոսկեզօծելու դեէհապերը։ Հանդուրժել՝ կը դառնար համարժէք համակերպումին կեանքի մը որ մռայլ խախկութիւն մըն էր։ Տանը ծախքերուն համար տուած դրամը նոյն րոպէին կուտար քոյրերուն։ Հաշիւը կը կատարուէր քոյրերուն սենեակը, անոնց կողմէ։ Տունը հիմնովին լքուած։ Միշտ փողոցները։

-Ո՞ւր էիր, Արփի՛կ...

-Ո՞ւր պիտի ըլլամ... ի՞նչ կայ որ, ի՞նչ գէշ բան ըրի։ Դուք՝ տարիքոտ մարդիկդ ամէն տեսակ բաներ... կը կարծէք որ ուրիշներն ալ... Մեզի պէս անմեղ, անպաշտպան աղջիկներ գտեր ես....

Սաստկացած վիճաբանութեան մէջ.

-«Մարդը» զարմացաւ... Votre mari doit etre une rude crapule... ըսաւ։

Այպէ՜ս, կը յայտնէր։ Հրանտին երեսն ի վեր։

«Մարդը» վերջը երեւան եկաւ որ շիլ գործակատարներ էին կամ սրճարանի ներքնմասերը իրեն հետ շնութեան յանձնուած արարածներ։ Անոնցմէ ոմանք կը հեռաձայնէին՝ ենթարկելով Հրանտ նոյնքան անսպասելի որքան խայտառակ հեգնանքներու...

Որոշած էին, ամէն միջոցով, «քանդել» զինք։

Իրենք կուտէին ոեւէ ժամու, կենդանիներուն նման, գրեթէ միշտ՝ ի բաց առեալ ճաշի նստած. ճաշի ժամուն։ Վհատեցուցիչ կրկնութեամբ ամէն ճաշի, երեքն ալ երբեք ախորժակ չունէին։ Մէկը միւսին կը պնդէր ուտել՝ չուտելնին ընդգծելու համար։ Հրանտ ամիսներէ ի վեր մնացած՝ պանիրի եւ պտուղի վրայ միայն, վասնզի կերակուր ըսուած բանը կանոնաւորապէս ածխանալու վիճակուած էր։

-Արփիկ, սիրելիս, ամուսնական կեանքը նւիրական բաներ մը ունենալու է... Կան բաներ որ հոն միմիայն ամուսին կնոջ կը պատկանին։ Հակառակը՝ օրէնքի դէմ է եւ ապահով կերպով, ուշ կամ կանուխ, կ՚առաջնորդէ դէպի կործանում։ Կը յիշե՞ս երբ միասին կարդացինք քանի մը էջ՝ անկեղծութեան մասին։ Դու՛ն ալ բոլորովին համաձայն էիր, չէ՞։ Ես՝ քեզի համար է որ կ՚ըսեմ։ Օրինակ, սա մեր օրուայ  ծախսերու հաշիւը, քեզի տուած դրամս՝ մեր երկուքին կը պատկանի, չէ։ Ըսած էի քեզի դնել սա դարակին մէջ հաշուետետր ու դրամ։ Հասկցի՛ր թէ ինչ կ՚ըսեմ, դրամի, քիչի շատի խնդիր չկայ։ Ես կ՚ուզեմ որ քու ամէն մէկ րոպէդ թափանցիկ ըլլայ. քեզի համար։ (Լռութենէ  մը վերջ։)

-Այս կեա՞նքը պէտք էր ստեղծէիք ինծի։ Քեզի համար՝ քոյրիկներդ ալ ներս առի որ այսպէ՞ս ընէիք։ Քեզ տեսնել խարդախութեան մէջ կորսուած՝ տանջանք մըն է որ չեմ կրնար տանիլ։ -Է՛, ի՞նչ ըրեր ես որ, քոյրիկներուս չորս պատ ես տուեր, ատո՞ր համար,,,

-Է՜ եղա՜ւ, եղա՜ւ... Ինչ որ ընեմ՝ «Ի՞նչ ըրեր ես որ, չորս պատ ես տուեր, ա՞տ է։ Ֆիստան մըն ես առեր՝ ա՞տ է։ Երկու զոյգ կօշիկ ես առեր՝ ատ ալ բա՛ն է։ Է՜, ի՞նչ ես ըրեր որ... » Ահա միակ խօսքերը որ լսած եմ քեզմէ։ Ես՝ ուրախ երջանիկ կ՚ընկերանամ քեզի, կ՚ընտրեմ, կ՚առնեմ, որպէսզի, փողոցն իսկ, դեռ տուն չհասած. «Է՛, ի՞նչ ես ըրեր որ... հըլէ թող ուրիշ աղջիկ մը ըլլա՞ր... » Այսպէս պատասխա՜ն, այսպէս ընթա՜ցք...

-Ի՞նչ կ՚ուզես մեզմէ, a la fin du compte...

-Նախ՝ ո՜չ «մեզմէ» կայ, ո՛չ մենք... Ես միայն քեզի հետ գործ ունիմ։ Գալով քոյրերուդ՝ իրենց կը մնայ իրենց քրոջը տունը չքանդել։ Ես քեզի կը մեղադրեմ որ կեղծ ես, սուտ քրիստոնեայ ես, խարդախ բողոքական ես, հակցա՞ր, կնոջ տեղ՝ օձ մը կը տաքցնեմ կուրծքիս վրայ, հասկցա՞ր։ Քանի որ կը ստիպէք մարդը յստակ խօսիլ...

-Հը-ը-ը՜, հըլէ թող ուրիշ աղջիկ մը ըլլա-ա՛ր...

-Ձեր կեղծ ազնուութենէն խափուած օճախիս՝ դուռը բանամ ձեր առջեւ որ ինծի այս տեսակ կեանք ստեղծէք։ Հասնողին հետ, քու տանդ մէջ ամուսինդ բամբասես, տունդ տեղդ կեղտոտութեան մէջ կորսնցնես՝ փողոցները իյնաս, քու իսկ տանդ հաշիւները կեղծես, դրամ գողնաս եւ «Տէրը այցելէ այս տունը... » Չէ՞ք խորհիր որ ատանկ կեանք չէ՛ք, չէ՜ք, չէ-է՛ք կրնար պարտադրել ինծի...

-Մե՜նք, դրա-ա՛մ... (Հեգնական ծամածռութեամբ։) Եթէ մենք դրամ հետապնդէինք՝ ես Տօքթ. Տնկռեանը կ՚առնէր որ... Անոր ունեցած օթօն, անոր ունեցած հարստութիւնը... Աստուծոյ շնորհքը իջնէ վրադ...

Հրանտ ամբողջ կեանքի ընթացքին չէր հանդիպած այս աստիճանի նեխութեան՝ միացած այս աստիճան լպիրշ յանդգնութեան։ Իր գայթակղած վրդովումը կը պահէր զինք սահմռկած վիճակի մէջ։ Սիրոյ ամօթխածութիւնը միշտ ալ արգիլած էր յստակ խօսիլ այս արարածներուն հետ։ Բաւականացած էր տառապելով միայն եւ սպասած որ շատ մը բաներ լռելեայն հասկցուին։ Ասոնց անմիտ յանդգնութիւնը եկեր էր արեւին ճերմակն ալ սեւ հաւատացնել։

Լռութենէ մը վերջ եւ ցաւակոծ հանդարտութեամբ, կարկամած դէմքով.

-Ես չեմ կրնար քեզ քաջալերել հակառակ ընթացքի մէջ։ Այդ պարագային՝ սարսափելի կեանք միայն՝ սարսափելի տառապանք։ Չե՛ս մեղքնար ինծի։ Ե՛ս, ես այդ... այդ քու ըրածներուդ համար իսկ աւելի՝ կը մեղքնամ, աւելի կը փարիմ քեզի։ Չէ՞ որ ես ամուսնացայ միա՛յն տանս մէջ հարազատ մը ունենալու համար։ Չէ՞ որ ինծի համար ուրիշ ո՜չ մէկ նկատառում չմիջամտեց։ Ի՜նչ բանի կը ծառայեն այն ժամանակ ձեր աղօթքները, ձեր եկեղեցիները։

Եկեր հասեր էին օգոստոսի սկիզբները։ Այն առաւօտը՝ պայծառ երկինք։ Տաք արեւը ողողեր էր ճաշասրահը։ Երկար ատեն է որ նուագելու տրամադրութիւն, քաղցր, անտեղիտալի  այս տրամադրութիւնը չէր ունեցած։ Նախաճաշէն առաջ սկսեր էր նուագել  Մօցարթի ջութակի մէկ քոնչէրթոյին վերջին մասը։ Անդարձ անհետացած երիտասարդութեան յայտնութիւնն էր, եղերերգն էր։ Նորոգ խորութեամբ մը սկսած էր պեղել զայն։ Կը հաստատէր, անգամ մը եւս, որ կեանքի ուժեղ ցնցումնե՛րը մանաւանդ թոյլ կուտան թափանցել վարպետներու  գործերը։

Բամպակի մէջ մեծցած fils a papaներուն, օրինակ, անհնարին է ըլլալ ճշմարիտ թարգմաններ որքան ալ իրենց արհեստագիտական մասը ուժեղ ըլլայ եւ լաւագոյն պարագային, առ ի չգոյէ կեանքի սաստիկ փորձութեանց, եաթէ անոնք զինուած չըլլան նախագիտութեան զգայարանքովը որ աղբիւրն է արուեստի արտայայտութեանց, արուեստի կատարելութեան։

Ոգեւորութիւնը աճելով մղեց զինքը փոշիներուն մէջէն ձեռք առնելու ի՜ր քոնչերթօն։ Որոշ տեղեր հասարակ գտաւ. որոշ տեղեր սակայն խռովեցին  զինք եւ ուժեղ տրամադրութիւնը ստեղծեցին անպայման լրացնելու զայն։ Հրանտ նկատեց սակայն որ այս կասումը յառաջ չէր գար միայն աշխատանքի  իր ջլատումէն այլ իր ըսելիքին, նր եզրակացութեան ներքին շփոթ վիճակէն, մերթ հակասական, յաճախ հակամարտ պայքարներէն։

Ալիս եւ Զարուհի ըրեր էին Արփիկին պատրաստած նախաճաշը, իրենց թասերն իսկ ձգեր սեղանին վրայ եւ մեկներ։ Հրանտ յոգնած եկաւ սեղանին՝ ուտելէ աւելի՝ տաք սուրճ մը խմելու ուժգին ախորժակով։ Սուրճը հատեր էր։ Կարագ ալ չկար։ Քիչ յետոյ պիտի բերէ։ Այսպէս, ամիսներէ ի վեր, օդով եւ ապառնիով կը կերակրէին զինք։ Լա՜ւ, թէեւ շատ չի սիրեր, բայց գոնէ թէյ մը կրնար պատրաստել։ Թէյ ալ չէ մնացեր։

-Երէկուընէ մնացած քիչ մը սուրճ կար, վրայ բերաւ ան ալ մենք խմեցինք։ Միշտ դժգոհ ես... ոչինչ բաներու համար... Մեր հայրիկը իրեն կը զրկէր՝ մեզի կը կերցնէր...

-Զրկանքներ ընելու ի՛նչ պէտք կայ, պատերազմը շատոնց վերջացած է։ Եւ յետոյ, դուն հայրիկիդ աղջիկն էիր, իսկ իմ՝ կինս։ Իսկ երէկ չէ առջի օր, միասին չգացի՞նք հայ նպարավաճառին եւ քիլօ մը սուրճ, կէս լիվր թէյ ալ չառի՞նք։ Ի՞նչ եղան վերջապէս... Յետոյ, ինչո՞ւ երէկ չմտածեցիր եւ՛ կարագին, եւ՛ սուրճին մասին։ Ես ուրիշ գործ չունի՞մ ընելիք։ Ամէն անա»գամին, վազով, գալ շաբաթով կը կերակրուի՞։ Բայց, Աստուոծոյ սիրոյն, ի՞նչ կ՚ըլլան ի վերջոյ...

-Նա՛, ըսաւ Արփիկ, կրակ կտրած, կ՚ըսե՛ս կ*ըսե՛ս, հաշիւները հո՛ս են... Տետրակը առաւ եւ սեղանին վրայ նետեց։ Դրամ չի մնաց դարձեալ...

Հրանտ վերցուց տետրակը։ Ապշութեամբ հաստատեց որ երէկուայ արձանագրութեանց մէջ բազմաթիւ փոփոխութիւններ մտցուած էին։ Երէկ հոն տիսած էր, շաբաթ օրուան էջին վրայ, կնոջը գրովը. «Այսօր, գնումները Հրանտիս հետ... » Ատիկա ջնջուած էր։ Երէկ՝ հազար հինգ հարիւր ֆրանք զոյգ մը գուլպայ եւ երկու հազար ֆրանք սրուակ մը անուշահոտութիւն արձանագրուած էր։ Այսօր՝ հազար հինգ հարիւրը դարձեր էր երկու հազար, երկու հազարը՝ երկու հազար հինգ հարիւր։ Բարոյական տառապանքը այս հէք տղուն փոխարկուեցաւ կատարեալ ֆիզիքական ցնցումներու։ Աչքերուն չէր կրնար հաւատալ եւ չէր կրնար հաւատալ որ երկու բառէն մէկը Յիսուս եւ Աստուած գործածող այս հայ աղջիկները այդքան ցածերը թաւալած ըլլային...

-Թշուառականնե՜ր... մրմնջեց, խորունկ ցաւի մը մէջ։ Յետոյ, անսահման զզուանք մը երեսին. - իսկ՝ դո՛ւն, իսկ՝ դո՛ւն, ալ ինծի համար, դուն քու դիա՛կդ ես միայն...

Կէսօրին՝ առաջին վերադարձողը պզտիկ իժը եղաւ։ Յանդգնօրէն մտաւ ճաշասրահ։ Տեսաւ որ քրոջը դէմքին վրայ արցունքներ կան։ Սկսաւ բարկանալ, ֆրանսերէն. «ի՞նչ է, ի՞նչ կայ, չե՞ս ամչնար որ կուլաս։ Մենք քեզի մեծցուցինք որ այսպէ՛ս ընէին... Չէի՞ր կրնար ասիկա գետին զարնել, ասիկա գլխուն նետել։ Չէի՞ր կրնար պատուհանը բանալ եւ օգնութիւն պոռալ... է պէն, է պէն, ամօ՛թ, միայն լալ գիտես... »

Արփիկ սրբեց այտերը եւ չար, կարծր արտայայտութիւն առաւ։ Հրանտ զբաղուած էր ութը տարու մանուկի մը դաս տալով։ Երրորդն ալ եկաւ։ Անցան խոհանոց։ Բացին պատուհանը եւ, բարձրաձայն, ֆրանսերէն սկսան կանչել։ Վարձակալներ յայտնուեցան վարագոյրներու ետեւ.

-Ահագին մարդ, խեղճ անմեղ աղջիկներ է խաբեր բերեր տուն եւ վերի յարկը մէթրէս կը պահէ... Մեզի պէս անմեղ, անպաշտպան աղջիկներ էգտեր... Շահած դրամները բոզերու կը կերցնէ եւխեղճ կինը անօթի կը պահէ... Իրենց մօրմէն ի՛նչ են տեսեր որ ի՛նչ ըլլան... Տղաքը միայն մէթրէոներով վարժեցուցած է։ Հարս պահե՛լ գիտեն...

Վարձակալները մտիկ կ՚ընէին։ Հրանտ ականջներուն չհաւատաց, թէեւ առաջին անգամը չէր։ Ի՜նչ ընել... Յայտնի էր որ որոշած էին մեծ գայթակղութիւն մը սարքել։ Ինքզինքը տկար, յուսահատ ըզգաց։ Ողջախոհութիւնը ունեցաւ սակայն այդ ակընյայտօրէն ծրագրուած գայթակղութեան զոհ չերթալ։ Ի՞նչ ընել սակայն։ Դանակը ոսկորին էր հասեր։ Կէսօրէն վերջ պարոն Ժիւլէն, քաղաքապետարանի պաշտօնեայ, աղջիկը բերաւ՝ ջութակի դասի։ Հրանտին համար աւելի դիւրին եկաւ անձկութեան մռայլ պահուն, իր տրամէն անկիւն մը բանալ այդ օտարին առջեւ որուն հետ Տըպիւսիի եւ Մալարմէի մասին խօսակցութիւններ ունեցած էր եւ որուն ծանօթացուցած էր Կոմիտասի գործերը։

Մանաւանդ որ անցեալ շաբաթ դուրսի դրան առջեւէն լսած էր բիրտ վիճաբանութեան մը աղմուկը։ Երեք անգամ զանգը տալէ վերջ միայն դուռը բացուած էր։

-Այո՜, դժուար է ինծի պահել որ ճնշուած եմ, պատասխանեց անոր հարցումին։ Անխոհեմութիւն մը գործածեցի, եւ ամուսնութենէս երեք օր վերջ, երկու քենիներս իմ յարկիս տակ ընդունեցի։ Շատ ազնիւ աղջիկներ են բայց... սկզբնական շրջանին, գիտէք... Ես ալ, անոնք ալ, չափազանց ջղագրգիռ վիճակի մէջ ենք եւ հաւանաբար, կրնանք ընել մեր խառնուածքին բոլորովին չպատշաճող բաներ... Պարոն Ժիւլէ ներեցէք... բայց մեծ անձկութեան մէջ եմ... Մէկ միջոց կը տեսնեմ հարկ է որ երկու քոյրերը մեկնին։ Իսկ անոնք որոշած են սքանտալ մը սարքել, քոյրերնին ալ հետերնին տանիլ։ Ի՞նչ կրնամ ընել արդեօք, ի՜նչ միջոց կայ, այսպիսի շղթայազերծ ֆիւրիներու առջեւ որ, իրենց շահուն համար իսկ իրենց քստմնելի ծրագիրը ի գործ չդնեն... Կը լըսե՞ք... պիտի պոռան կոտրեն թափեն դուռները  ջախջախեն... Լռութենէ մը վերջ շարունակեց.

-Կը խոստովանիմ  որ չարաչար խաբուած եմ... Որոշ է որ կ՚ուզեն զիս համբերանքէ հանել։ Ի՜նչ ընեմ, չեմ գիտեր։ Պատուհանը կը բանան եւ սարսափելի խօսքեր կը պոռան։ Մինչ այդ, ամէն օր տեսակցութիւններ կ՚ունենային շիլ գործակատարներու՝ հետ սուտ վկայագիրներ կը պատրաստեն. գաղտնի կը տեսնուին արտաքսած նախկին սպասուհիիս հետ, եւ ծրար՝ ծրար տունը կը պարպեն...

Այդ միջոցին ներսէն նոր թափով մը, եկաւ հոգեւոր երգի մը պոռոցը, անհաւատալի ուժգնութեամբ.

Rends-moi justice Eternel

Car je marche dans lintegrite...

Հրանտ տժգոյն.

-Ահա այսպէս է՜...

-Դու՛րս  պէտք է շպրտել, յայտնեց այդ զուսպ օտարականը, անսահման գայթակղութեամբ մը որ չի կրցաւ պարտկել։

-Այո՜, ամիսներէ ի վեր ըսած եմ, պահանջած եմ, պաղատած եմ՝ չե՛ն երթար։ Որոշած են պոռալ, կոտրել, դուռները կոտրտել... Վէսէլս երկու անգամ արդէն նորոգած եմ, ամուսնանալէս ի վեր որ տարի մը չեղաւ։ Ո՛չ արձան, ո՛չ ծաղկաման, ո՛չ զարդ-առարկայ մնաց։

-Չեմ գիտեր ո՜ր...

Պահ մը խորհելէ վերջ.

-Ես ձեզի իրիկուան կողմ կը տեղեկացնեմ...

Նայինք թէ կարելի՝ է առանց քասի... Օ լա՜, սարսափելի արարածներ կ՚երեւան ասոնք, բացառիկ չափով գարշելի, զարմացնող, բացառի՜կ չափով...

Միջանցքին մէջ հոգեւոր գոռոցը աւելի սաստիկ էր։

Այդ միջոցին Արփիկ միջանցքին  դուռը կոպտօրէն հրեց, պարապ պնակներ ձեռքին քննական ակնարկներ ձգեց եւ արագ մը ուղղուցեաւ  դէպի խոհանոց։

Հրանտ երկարեցաւ ՛եւ ժամեր մնաց անշարժ օթոցին վրայ։ Ո՜չ ուտելու բան կար իրեն համար ո՛չ ալ անօթի էր արդէն։ Իր առաջի դասի ժամադրութենէն կէս ժամ առաջ ոտքի ելաւ եւ նուիրուեցաւ սպասման սրահին յարդարանքին որովհետեւ հեռուէն իսկ, սեղանին վրայ, փոշին աչքի կը զարնէր։

Երեկոյեան երկու քոյրերը չեկան։ Արփիկ պառկեցաւ անոնց անկողինը։ Առաւօտուն Հրանտ տուաւ իր դասերը, հապճեպ մաքրութիւն մը ընելէ վերջ։ Երկու օրէ ի վեր ո՛չ կերած ո՛չ խմած ո՛չ քնացած էր։ Ամէն անգամին որ զանգը զարնուէր՝ կ՚ընդհատէր դասը եւ կ՚երթար դուռը բանալու։ Հարկ էր նաեւ՝ պատասխանել հեռաձայնին։ Խոհանոց գնաց գաւաթ մը սուրճ պատրաստելու բայց այն աստիճանի անկարգ եւ խճողուած գտաւ կեղտոտ ամաններով ու պտուկներով որ դուրս ելաւ անմիջապէս։ Արփիկ ելաւ, կերակուր պատրաստեց պտուկը լաթերու ու  թուղթերու մէջ փաթթեց, առաւ հետը ու մեկնեցաւ։

Այսպէս՝ շաբաթ մը։ Կը վերադառնար գիշերը ուշ ատեն։ Դարակները, պահարանները ինչ որ գտնէր՝ ծրար կ՚ընէր, նախորդ օրը Հրանտին գնած ամբողջ պաշարին հետ, կերակուր կը պատրաստէր, կը զետեղէր խաղաքարտէ հաստ տուփին մէջ եւ կէսօրուայ մօտ կը հեռանար, առանց ոչ մէկ բառ փոխանակելու ամուսնին հետ։ Տունը կը պարպուէր։ Երբ Հրանտ մէկ երկու անգամ հարցուց այս կամ այն անհետացած առարկային կամ ոսկեղէնի  մասին. «Չեմ գիտեր... », պատասխանեց։ Իսկ յաջորդ օրը, դասը առած, ի՛նք հարցապնդեց. - Քրոջը ինչ որ մէկ մատնին կորսուեր է, պայուսակէն հինգ հարիւր ֆրանք պակսեր է, լուր չունի՞... Ութ օր վերջ, երեք օգոստոսին՝  փոփոխութիւն մը իր ընթացքին մէջ։ Նախորդ օրերուն նման, իրենց համար ո՛չ կերակուր  պատրաստեց ո՛չ ալ մեկնեցաւ։ Բազկաթոռին մէջ երկարած, ոտքերը աթոռին, խոժոռ, ընթերցումի յանձնուեցաւ։ Կէսօրին Հրանտ գնաց անոր մօտ.

-Ի՞նչ կը խորհիս ընել, Արփի՛կ, ու՞ր պիտի ճաշես։ Ես ճաշարան պիտի երթամ, կ՚ուզես՝ եկուր ինծի հետ։

Ելաւ, պատրաստուեցաւ, ընկերացաւ ամուսնին։ Թրիւտէնի ծառուղիին  վրայ գտնուող մէկ  ճաշարանի  դրսեմասը  ուր Հրանտ կ՚երթար արդէն երբեմն, սեղան մը գրաւեցին։ Լուռ մնացին ամբողջ ճաշի ընթացքին։ Արփիկ, ինչպէս երբ նշանուած  էին, կարգ մը հոգատարութիւններ  փորձեց կատարել։ Ճաշէ վերջ, փողոցը, յուզումի մը մատնուած.

-Ինչու՞ այսպէս պիտի ըլլար... ըսաւ Հրանտ, կտրատուող ձայնով, ի՜նչ կ՚ընես քու կեանքդ, իմ կեա՛նքս... Ամէն ինչ ունինք որպէսզի... եւ էականը՝ սէ՛րը...

-Ի՜նչ կ՚արժէ որ... պատասխանեց՝ անպակ-անպակ, չորցած, ծթրած, նեխած իր շեշտովն ու ծամածռութեամբը։

Հրանտ դեռ շատ հեռու էր հասկնալէ այդ պատասխաններուն ամբողջ նիւթապաշտ եւ մոլի դիտաւորութիւնները։

Լուռ՝ վերադարձան տուն։

Հրանտ մեքենական լարումով տուաւ յետմիջորէի իր դասերը։ Իրիկուայ կողմ Արփիկ գնաց գնումներ ընելու։ Հրանտ դարձեալ գումար մը դրած էր այն դարակը ուր սովոր էր։

Երեկոյեան ընթրեցին միասին։ Մռայլ էր, վտանգաւոր էր կերպարանքը այդ «անպաշտպան հաւատացեալին»։

Ընթրիքէն վերջ Հրանտ զարմացաւ որ ան անսովոր չափով խոհանոր կը մնար։ Այդ զարմացումը կրկնապատկուեցաւ երբ յանկարծ ան փակեց խոհանոցին զոյգ դռները։ Պահ մը վերջ Հրանտ շատ անբնական գտաւ այդ բոլորը։ լաւ գնաց խոհանոց։ Արփիկ խոհանոցի դռնէն դուրս ելած, մտերիմ խօսակցութեան  մէջ էր արտաքսուած սպասուհիին հետ, որուն համար սուտ լաց ու կոծով խնդիր ըրած էր, որ իբրեւ աթոռ ծառայեցուցած էր իր շանթաժներուն, քոյրերը տունը պահելու համար, որ հազար անգամ «բոզ» որակած էր եւ որուն հետ այսպէս դաւադիր կապ ստեղծեր էր... Երեւակայութենէ վեր էր հարուածին սա տկութիւնը որ կրեց այս անբախտ տղան։ Սպասուհին՝ խելայեղ՝ սանդուխներէն վար վազեց։ Միւսը՝ երիցս սպասուհի, կարմրած, ներս կաւ եւ դուռը գոցեց։

Հրանտին, տառացի իմաստով, պայքարելու, վրդովուելու կարողութիւնը քարացաւ։ Բառ մը չարտասանեց։ Սա տեղ, գլխուն վերեւը, ծալք ծալք դէպքեր դիզուեր  էին եւ մէկիկ մէկիկ կ՚իյնային  վրան եւ որոնց դէմ, որոշ էր, ինք ոչինչ կրնար ընել։ Շատ հեռու տեղեր, մեծղի ձեռքերով, անիմանալի պատճառներով, կարգադրութիւններ եղած էին։ Պահն էր տանելու, կրելու, ենթարկուելու։ Երբեք այդպէս եւ այդքան չէր զգացած այն որուն ճակատագիր կ՚ըսէին, ֆաթոմ... Գնաց եւ պառկեցաւ։

Յաջորդ առաւօտ Վարդանեանները հեռախօսեցին։ Գիւղ գացած էին արդէն։ Ինչպէս որոշուած էր՝ կը սպասէին իրենց։ Քանի մը օր պէտք էր որ մնային իրենց մօտ։ Սենեակնին պատրաստ էր։

-Չէ՛, կը պատասխանէ Հրանտ, իրեն եղած հարցումին, մայրիկը մեզի հետ պիտի չըլլայ, ան Զարեհին հետ պիտի մեկնի։ Արփիկին հետ միայն պիտի ըլլամ։

Արփիկ, մտիկ ընելէ վերջ, հեգնական ժպիտ մը դէմքին եկաւ եւ յայտնեց որ սուտեր կը խօսի քանի որ ինք պիտի չընկերանայ, քանի որ ինք չի կրնար իր քոյրերը առանձին ձգել։ Մնաց որ, Հրանտին ալ փնտռածը ա՛տ է արդէն, որպէսզի իր ուզած աղջըկան հետ...

Այս աստիճան յանդգնութեամբ, ենթակայի՜ն իսկ երեսին, զրպարտել, յառաջ կը բերէր հակազդեցութիւններ ուր հազիւ թէ սուրբ մը կարողանար պաղարիւնը  պահել։

Հրանտ, ապշած.

-Ինչպէ՛ս թէ... Ինչպէ՛ս թէ... կը կմկմար։ Եթէ միտքդ ամուսնիդ չընկերանալ է՝ մի գար, բայց ինչու՞ այդպէս ահաւոր զրպարտութիւններու կը դիմես։ Ինչպէ՞ս կարելի է կենդանի կեանքը ոտնակոխ  ընել եւ տեղը  զրպարտութեան այս կեանքը դնել...

Հրանտին վրայ խենդութիւն կուգար։ Սէնթրամ ամբողջութեամբ գրաւեր էր այս գարշելի էակը։ Ամբողջ ծամածռութիւն, հեգնանք, սուտ, զրպարտութիւն, կոյր աւեր ու քանդում էր...

-Սուտ՝ դու՛ն կը խօսիս։ Ստախօս մը եւ զըրպարտող մը եթէ կայ, ան ալ քու մայրդ է...

-Նորէ՞ն մայրս, նորէ՞ն... հռնդագին արտաբերեց եւ սպառնագին մօտեցաւ այդ անհաւատալի գոյացութեանը, կերպարանքին։

Արփիկ, այդ օր տեսաւ, մէկ հարուածով կաղի գործիքը ջախջախագին ձգեց գետին, պատուհանը բացաւ եւ ամբողջ ուժովը սկսաւ. «Օգնութի՜ւն... » պոռալ։ Անցաւ մէկ սենեակէն միւսը եւ սկսաւ ջախջախել ինչ որ կը մնար իբր ծաղկաման, արձան, վարդեփայտ կարասի։ Հրանտ, քարացած, կանգնած էր միջանցքին մէջ։ Աստուա՜ծ, կը խորհէր, եթէ կաղին թափածոյ մետաղէ գործիքը ոտքերուն իյնա՛ր... Ինչպէս է որ գետինը չծակեցաւ եւ  վարիններուն գլխուն... Արփիկ «օգնութիւն» պոռալով եկաւ միջանցք եւ նետուեցաւ գրեթէ իր հասակը ունեցող հսկայական սափորին վրայ որ քսանըհինգ տարիէ ի վեր, դրան մօտ, քոմոտին վրայ կը մնար։ Հրանտ բնազդաբար ինք ալ նետուեցաւ հոն՝ արգիլելու համար եւ՛ սափորին ջախջախումը եւ՛ կարելի խոցոտում մը։ Տեղի ունեցաւ պայքար ուր Արփիկ յաղթական դուրս եկաւ։ Չինական սափոը ի վերջոյ զարկաւ գետին եւ կտոր կտոր ըրաւ։ Յանկարծ սակայն տեսան որ քիթը կ՚արիւնի։ Իր արիւնին տեսքը կասեցուց կատաղութիւնը։ Մտաւ ճաշասրահ, նստաւ դրան քովի աթոռին վրայ եւ սկսաւ բարձրաձայն լալ։ Հրանտ առաւ հականեխական մը, բամպակ, կազ։

-Ձգէ՛ որ խնամեմ...

-Չէ՛, չեմ ուզե՜ե՜ր... եւ բրտութեամբ ետ մղեց։

-Ձգէ որ կեցնեմ։ Ինչ որ կ՚ուզես ընել իս դէմս, ինչ բանի որ կ՚ուզէք ծառայեցնել այս սքանտհալը՝ նորէ՛ն կրնաք։ Ձգէ որ արիւնդ դադրեցնեմ...

-Չեմ ուզե՜եր... բռունցքի հարուածով ետ մղեց։

Քիչ վերջ արիւնը ինքն իրեն դադրեցաւ։ Ժամը հազիւ տասը կար։ Կէս ժամ վերջը յանկարծ ոտքի ելաւ։ Դուրս գնաց եւ նոյն յարկի օտար դրացիին պաշտպանութիւնը խնդրեց։ Կինը դուռը բացաւ զարմացած.

-Ամօ՜թ է, ամօ՜թ, Տիկի՛ն, ներս մտէք եւ դէմքերնիդ լուացէք։ Ամօ՛թ է... Մեղքցէք քիչ մը ձեր ամուսնին... հաշտուեցէք, ամբողջ կեանքը ունիք դեռ ձեր առջեւ...

Արփիկ ներս եկաւ՝ ցուցուած։ Գնաց ներսի իր սենեակը։

Հրանտ երկու աշակերտ ետ ղրկեց։ Երրորդը երբ դուռը կը զարնէր, Հրանտ դեռ կը ժողվէր ամէն կողմ նետուած զարդորայքի բիւրեղ ապակիի կտորները։ Ամէն կողմ ցրցքնուած արիւնը սրբելու ատեն չէր ունեցած։ Արփիկ իր սենեակի պատուհանէն, խօսակցութեան մէջ իր երկրորդական սանդուխին վրայ գտնուող մանր օձին հետ... Ինչպէ՞ս... Աստուած գիտէ... Երեք ժամ վերջ, յանկարծ, ոստիկաններ տունը խուժեցին, երկու իժերու առաջնորդութեամբ որ անհաւատալի բաներ կը պատմէին՝ անոնց փարած, անոնց ձեռքէն բռնած։ Փոքրիկ օձը, կանկսթէրի յանդգնութեամբ, ոստիկաններու ներկայութեան, մտաւ Հրանտին աշխատասենեակը, գոցեց դուռը ներսէն բանալիով եւ սկսաւ անոր գրասեղանի դարակները խուզարկել... Ոստիկաններու հրամանին վրայ միայն դուրս ելաւ սենեակէն եւ միւս քրոջը հետ՝ տունէն։ Զարմացած էին այս մարդիկը բոլորովին։ Յանկարծ բժիշկ մըն ալ յայտնուեցաւ։ «Օր. Գափլանեաններու հրաւէրին վրայ կուգամ՝ Տիկինը քննելու եւ վկայագիր հաստատելու»։ Պահ մը վերջ եկաւ եւ յայտնեց ոստիկաններուն. «Ոչ դարմանատան մէջ հիւրընկալուելու պէտք ունի, ո՛չ ալ ո եւ է խնամքի... մակերեսային սկրտուքներ...

Ոստիկանները տեսան որ խաղի եկած են։ Անոնցմէ մին, յանդիմանական եւ զզուանքով.

-Նախ՝ երեսնի՛դ մաքրեցէք, Տիկին, դուրս ելլելէ առաջ։

Երջանիկ էր արեան բիծերը ունենալէ եւ մէկ բան կ՚ուզէր, - պահել զանոնք տարիներով, ցուցադրել ամէն տեղ, ամէնուն...

Մեկնեցա՛ն... Ա՛, մեկնեցա՛ն, բոլորը՛, բոլորը՛, բոլորը...

Օ՜, այս լռութիւնը, այս մենութիւնը... Գիշերներուն, փակ աչքերով, անդորր, անշշուկ գիրկը...

Երկար օրեր ոչինչ կը հասկնար, ոչինչ կը զգար։ Ծովէն հանուած էր կիսախեղդ։ Մահուան ուրուականը միայն ամբողջովին մխրճուած ջիղերու ցանցին, հոն կը թափառէր... Երկար ամիսները հարկ պիտի ըլլար որպէսզի զգայութիւնը դադրեցնէր իր խօլ եւ խեռ ճօճումները եւ մտնէր իր բնականոն գործառնութեանը մէջ։