Տեղատւութիւն եւ մակընթացութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆԱՒԱՐՏ

Մութը կ’իջնէ. կը հատնի ծեր մօրը սիրտը զաւկին

Ըսպասելէն։ Աչքերէն՝ կոտրած ճիւղի մը հիւթին

Նըման շիթերն արցունքին հատիկ-հատիկ կը փրթին։

 

Տըղան սակայն, անտարբեր՝ անոր կանչին, կը նայի

Ամենաբարձըր յարկէն տան մ’անաւարտ ու դեռ թաց.

Կ’երազէ բարձըր լեռներ ծովէն անդին ամայի։

 

Ու լաստէ լաստ, աներկիւղ՝ կը թափառի ան, տարուած՝

Կատարներէն ծառերուն, կը մագըլցի պատէ պատ։

Բարի ու չար ուժերու շէնքը աշխարհ մըն է բաց,

Որ պիտի միշտ բարձրանայ եւ մընայ միշտ անաւարտ։