Տեղատւութիւն եւ մակընթացութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵԿՆՈՒՄ

Խանութներու փեղկերը ծանր՝ կը փակուին։

 

Կը բարձրանայ շռինդով՝ շղթան խարիսխին,

Ու կը վառին լոյսերը լուռ սանդուխին

Բեռնամբարի պէս խորունկ պանդոկատան։

Պտուտակները կը փորեն ծովն, ուր կ’իյնան

Ցեխն ու կեղտերը օրուան։

Խողովակի մը մէջէն կը սուլէ ջուրը։

Կ’ուռի, լռութեան մէջ, շշուկ մը պաղ փրփորի։

Դուռերն արագ՝ կը ճռնչան թռչուններու ճիչերով։

 

Ճամբորդն եմ ես,

Սուտի, ճիգի, տառապանքի օրէ մը վերջ։

 

Կը զատուի նաւը քարափէն

Ինչպէս որ լոյսն իրիկուան ստուերներէն կ’անջատուի։

 

Ու հին հրճուանքն է նորէն,

Որ կը խուժէր երակներէս,

Մեկնումներու խորհրդաւոր վայրկեանին։