Տեղատւութիւն եւ մակընթացութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆՁԿՈՒԹԻՒՆ

Կարօտը չէր ետիս ձըգած քաղաքիս

Ու սէրը չէր ծովին, հովին. վախը չէր

Անծանօթին, որ կը ճըզմէր իմ հոգիս,

Ափի մը դէմ երբ կանգ կ’առնէր նաւը մեր։

 

Այլ երթալու մեծ սարսուռին պակասն էր

Որ կ’ընէր զիս յանկարծ թշուառ, կը բանար

Մէջըս պարապ մ’երբ նոր երկրին առջեւ՝ մեր

Նաւուն խարիսխը կը քակուէր յամրաբար։

 

Արկածներու սպառնալիքն էր այդ պերճ

Որ կը պակսէր. հասնելու ցաւն էր, նըման

Անոր, որ լեռն իր ոտքին տակ տալէ վերջ,

Տըխուր՝ կ’առնէ վերադարձի իր ճամբան։