Միջերկրական

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԼՊԵԱՆՆԵՐՆ ԵԼԱՅ

Ալպեաններն ելայ՝ կատարի կարօտ. ելայ գերբնական

Աշխարհ մը հասնող մանուկի նըման։

Ծառերուն կանաչ, շարժուն լոյսերով՝

Յարկէ յարկ բացուող պատըշգամ, դարպաս՝

Վիհերուն վըրայ սաւառնող գորգ մ’էր յարափոխ ճամբաս։

Ամրան ձիւնաբոյր լուսաբացն էր յոյս, սրբութիւն, գորով։

 

Կը բարձրանային ետեւէ ետեւ՝

Լեռներ բոցավառ եւ լեռներ տարտամ, ամպի չափ թեթեւ։

Լուսինէն եկած փարթամ գագաթներ՝ ոսկի կըղզիներ

Ամպերու եզրին։

Ստուերներն էին յարութիւն առած հեռաւոր յուշեր։

Լուռ՝ կը ծըփային

Կանաչ ու կարմիր ալիքներն անթիւ զառիթափներուն։

 

Կը փայլակէին սառնակոյտներու ծովեր երկնային։

Կիրճերն ի վեր վեհ ծուխ մը կը խուժէր։

Անտառներն էին թափօրներ հեռուն։

 

Ալպեաններն ելայ իր հոգին գըտած մարդու մը նըման։

Օտար լեռն ելայ իր երկիրն հասնող պանդուխտի մը պէս։

Ելայ, կանգ առի երկնքին առջեւ, կեցայ անսահման

Գեղեցկութեան դէմ։

 

Լեռը կը սահէր ոտքերուս տակէն, կ’աճէր, կը սուզուէր։

Ալեկոծութիւն եւ խոր, անիմաց

Անշարժութիւն էր։ Սիրտըս կը զարնէր յանկարծ յուզումէս։

Լեռներն բռընկող, մըխացող նաւեր՝ կը ցցուէին վեր,

Եւ ապառաժներ մղձաւանջային,

Դեւեր ծուռ ու մուռ, ժայռեր շընադէմ, նենգ ու չարբերան՝

Յաւիտենութեան խորէն ոռնալով՝ կը քրքըջային։

Եւ երկինքն էր խուլ, մունջ՝ անոնց վըրան։

 

Ճիգ էր ամէն կողմ, բարձրացող եզան ուռած ողնայար,

Խոյանք, ընկրկում, ինկած քարերու վայրի գերեզման։

Ողջակէզներու ծուխ մը կը յորդէր, շէկ, քուլայ­քուլայ։

Ու ձիւներն էին երկնքին առջեւ եկած՝ կանգ առած

Ճերմակ Բեգասներ։

Ալպեաններն ելայ, ալեաց մէջ ինկայ։ Կեանքն էր ահռելի։

Մարդն էր մեծ, արի, հանճարով կերտման…պըզտիկ կ’երեւար։

Տուներն, ուղիներն ու կառքերն էին մանկական, թշուառ։

 

Տեսայ մեր երկիրն Հայկի եւ Բէլի։

Տեսայ, կ’ընկղմէր մեծութիւնը մեր,

Ծովէն դուրս գալու ճիգեր կը թափէր։

Իր ճակտի գիրն էր անէծք մը մըթին։

Եւ ցեղն էր բոլոր ցեղերէն դժբախտ, արժանի գութին։

 

Ու չար բախտն Հայուն վըրաս կը նետէր լոյս մը արնագոյն։

Կուրծքս ի վեր յորդող՝ վառող արցունքներ զգացի իսկոյն։

Ոգի մը ուժեղ անձս իմ կը խըլէր, կ’ըլլար անձիս տէր։

 

Զիս կ’ալեկոծէր, ուժով կը ցնցէր,

Զիս վեր կը բռնէր զօրութիւն մ’ուժգին։

 

Ալպեաններն ելայ լըռութեան կարօտ ու հոգիս յանկարծ՝

Խըռով կը յորդէր.

 

-Ըլլամ միշտ քու մէջդ եւ միշտ մէջս եղի՛ր, օ՛ ցեղիս ոգին։

Դառն եղաւ ճամբաս, բայց ես փառք կուտամ,

Ցաւըս պարապի չ’անցնիր, կը խորհիմ։ Ողջ մընաս, փարթամ։

 

Ըլլամ միշտ քու մէջդ եւ միշտ մէջս եղի՛ր, օ՛ ցեղիս ոգին,

Այս օտարութեան մէջ՝ ուր քայքայում, կիրք է մոլեգին։

Ըլլամ միշտ քու մէջդ եւ միշտ մէջս եղի՛ր, մինչեւ որ կրկին

Մերն ըլլան խլուած հողերն, հերկըւին, վերըստին ծաղկին։

Այդ հողերուն տէր՝ մեր հին ցեղն ըլլայ նոր, խանդոտ, կայտառ,

Աճի, զօրանայ, քալէ դարէ դար։

Մարդիկ աշխարհի բոլոր ծագերէն մեր երկիրը գան,

Գիտութիւնն առնեն, բարութիւն սորվին, առատ բերք տանին։

 

Ու մեր քաղաքներն ըլլան ճոխ ու մեծ՝ ինչպէս էր Անին։

Ուրախ, ժիր ըլլան բանուոր ու գըրող, զօրք ու շինական,

Մարդու պէս ապրին։

Մեծութիւնը մեր յաւէտ արգիլուած՝ հասնի կատարին

Ու շուքեր նետէ, արձակէ լոյսերն իր ձիւնին մարմար։

Մատեաններ գրուին, կոթողներ կանգնին,

Վահագնի ցուլեր քանդակուին, դրուին արձաններուն քով

Վըսեմ, անհամար։

Եւ զանգերն հնչեն, օրհնէնքներ լսուին։

Ըլլամ միշտ քու մէջդ ու միշտ մէջս եղի՛ր, օ՛ ցեղիս ոգին։

Ապրիս եւ ապրիմ՝ զիս տալով քեզի, հասնինք մեր կամքին։

 

Ալպեաններն ելայ իր հոգին գըտած մարդու մը նըման։

Օտար լեռն ելայ իր երկիրն հասնող պանդուխտի մը պէս [1] ։



[1] « Ալպեաններն ելայ ». - Վերցուած է « Արեւմուտք »ի 25 Մարտ 1951ի թիւէն: Տրամադրուած կտրօնը կը կրէ հեղինակային սրբագրութիւն, երկու մանրամասնութիւններու վրայ: Կատարած ենք նաեւ երկու հարկադրական վերականգնում` տողաշարական հաւանական վրէպներու: Նոյնպիսի մանր բնագրային վերականգնումներ կատարած ենք « Մակընթացութիւն », « Իմաստութեան Գիրքը », « Լռութիւն », « Շատրուաններ » եւ « Կ՚այրիմ » քերթուածներուն մէջ: