Պրոմէթէական

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԻՇՏ

Ինչպէս միշտ, կրկին ոճիր մը՝ յանուն

Երազուած կեանքին։ Ինչպէս միշտ՝ անհուն

Կեղծիք մը նորէն։ Միլիոններ կ’իյնան՝

Որ կեանքն ըլլայ շէն, ազատ… բայց միշտ նոյն

Կեանքը կը հոսի՝ դառն, անագորոյն։

Ինչպէս միշտ, կրկին՝ երազն այսօրուան

Մեզի կը թուի վաղը խաղ մ’յիմար,

Սին՝ տուրքը ցաւի բարձրացման համար։

Կ’ըլլանք անտարբեր վաղը դարձեալ մենք՝

Անցեալին դիմաց, շուտով կը սրբենք

Հետքերն արեան մեր զոհերուն բոլոր։

Ծովէն վերջ փրփրուն՝ ծով մը մեղմօրօր։

Արեւն ոսկի փող, լուսինը կ’ըլլան

Մեր վըրայ նորէն աղբիւր արբեցման։

Եւ դարձեալ հովին ձայնն անուշ կ’եռայ

Փեթակի նըման ծառերուն վըրայ։

Աչք աչքի դարձեալ սիրահարներ նոր

Կը խըմեն զիրար։ Մարդիկ վերըստին

Կ’երգեն, կը պարեն, կրկին կը ժպտին։

Կը հոսի նոյն սին կեանքը՝ նոյն շըւայտ

Ցոփութեամբ։ Կ’ըլլայ միշտ նորէն-նոր այդ

Բերկրութեան ետին՝ ցաւ, նախանձ ու քէն

Ու թշուառութիւն։ Կրկին կը զրկեն

Դժբախտն իր հացէն։ Ու պոռթկում ու վիշտ

Կը շարժեն հոգին։ Եւ դարձեալ, եւ միշտ

Կը կասկածինք մենք մենէ, երկնքէն։

 

Մեր կեանքն է խըռով, աշխարհն է յիմար։

Բայց նոր ցընորքներ, ապրելու համար

Կը գտնենք յոյսեր, իմաստ կուտանք մենք

Անիմաստ կեանքին, մենք մեզ կը խաբենք։

Ամէն աւերակ կը դառնայ հսկայ

Քաղաք մը նորէն, աշխարհ կը պոռթկայ

Նոր-նոր գանձերով, կ’ըլլան նոր գիւտեր,

Հրաշքներ անծանօթ։ Կը մեծնանք մենք դեռ։

Ու լոյսը կուգայ լուսաւորել մեր

Ներաշխարհն ու մենք կ’ըլլանք ըստուերներ,

Գերիներ տըխուր՝ այդ լոյսին ներքեւ,

Որ կը բերէ մահ, բերելով պարգեւ։

Եւ կուգայ կրկին այն՝ որ խանդ մեզի

Պէտք է տայ, կուգայ խանդով կը խօսի։

Նոր դրօշներ, նոր խաչ ան կուտայ նորէն,

Ու բառերն իր վառ մեզ կ’ոգեւորեն։

Եւ մենք դարձեալ զէնք կ’առնենք, կ’աւերենք։

Այսպէս եկեր ենք, այսպէս կ’երթանք մենք։

Ինչպէս միշտ՝ կրկին խաղը սընամէջ,

Պատրանքը պատիր։ Ծովէն վերջ անդորր՝

Ծով մը որոտուն - մահ, ոճիր ու վէճ…

Կեղծիք մը նորէն եւ միշտ, թոռնէ թոռ։