Պրոմէթէական

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ԲԱՌԱՐԱՆ

Շաւարշ Նարդունիին

Անոր նըման՝ որ զեխ, շըռայլ կեանքէ մը վերջ,

Խոնջ՝ կ’երազէ ապաստանիլ վանք մը խաղաղ,

Ես՝ լըքելով աշխարհն անհուն գիրքերուս պերճ,

Մատեաններ ճոխ, մըտածումի թըռիչք ու խաղ,

Կը մըտնեմ ներս բառարանէն Հայկազեան հին,

Հին ու մաշած՝ նըման մեր հին հայ աշխարհին։

 

Սերունդներու ձեռքն է դըպեր անոր, անցեր,

Ձըգեր արնոտ տառեր, թիւեր - ջարդ, մահ ու գաղթ։

Կողքին մեռած հա՛յրս է գըրեր - օ՜ հայրըս ծեր՝

Որուն համար մեր գիրն էր սուրբ։ Եղբայր մ’անբախտ

Զայն թղթատեր, մեռեր՝ դեռ ես չեկած աշխարհ։

Հետքեր տըխուր, նշխարներ թանկ, պարզ ու խոնարհ։

 

Տըխուր, բայց քաղցր աշխարհ մ’է ան՝ խորհրդածին։

Կը սուզուիմ ներս, կը թափառիմ ես բառէ բառ։

Բառե՜ր, բառեր՝ որ գըրեցին ու հընչեցին,

Եւ որոնցմով եղան հըպարտ, խանդ անըսպառ՝

Նարեկացին, Մեսրոպն, Եզնիկն ու Եղիշէն,

Բառեր՝ աւանդ անհետացած կեանքի մը շէն։

 

Եւ բառերն այդ՝ որ չենք գըրեր, ա՛լ չենք լըսեր,

Կը դառնան երգ, կը յուզեն զիս։ Եւ յուշերս հին,

Որ կը բերեն երկրէ երկիր մեռած յոյսեր

Պատանութեան, ունայնութիւն՝ կուտան մութին

Մէջ այդ՝ ներքին լոյս մը…։ Կ’երթամ՝ ե՛ս՝ վանական,

Կ’երթամ բոպիկ։ Աշխարհ մը սուրբ, կախարդական։