Պրոմէթէական

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԽՐՈՒԹԻՒՆ

Երբ, յուսալով գտնել հին իմ դիւթանքներս ու կախարդ

Բիւրեղին լոյսը, մինակ՝ գիշերին մէջ ես կ’երթամ

Անտառն ի վար յուշերուս ու ձորէ ձոր, արտէ արտ,

Փնտռել տըղան՝ որ եղայ եւ իր աշխարհը փարթամ,

Եւ մարդկութեան պէս՝ որ, զերթ մըխիթարանք իր անկման՝

Կ’երազէ փառք մը անցեալ, Ատլանթիտներ ընկղմած,

Ես՝ կարօտ մեծ խորհուրդի մ’ու սրբութեան մ’անսահման,

Երազելէ վերջ, կուգամ պատրանքիս հետ դէմ-դիմաց,

Եւ երբ ձեռքերըս, որոնք կը վերըզգան տակաւին

Ջերմութիւններ հեռաւոր, գրկել, շոյել կը փորձեն

Հին, մոռցըւած մասունքներ եւ կը դողան, կը փակուին

Պարապին մէջ, խուսափող երանգներու ետեւէն,

Եւ ես հետքեր կը գտնեմ միայն տարտամ՝ անոնց տեղ,

Որ ունէին շարժումներ, ձայներ, գոյներ դիւթական,

Էակներուն, իրերուն, պտուղներուն տեղ հիւթեղ՝

Միայն շուքեր անծանօթ, որ քայլերէս կը սոսկան,

Երբ տանըս տեղ, ուր տեսնել զիս ոգիներ կուգային,

Կ’այցելէին ասպետներ, դէմըս՝ անխանդ՝ կը մըխան

Չորս չոր պատեր ու թշուառ կերպարանքներ մարդկային,

Եւ երբ խաբուած կը զգամ մեզ, զիս եւ անցեալ այդ տըղան, -

Կ’ըմբռնեմ կեանքը մեր սին, մեր զուր վազքերը բոլոր

Եւ դառնութիւնը խորունկ՝ անէացման մեր վերջին։

Ու կը տխրիմ, կը մընամ ես տենչէ զուրկ եւ մոլոր՝

Խաւարին մէջ այդ լըռին, ուր քիմերներ կը շրջին։