Պրոմէթէական

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐՈՒԵՍՏԻՆ

I

Ես պիտի գամ միշտ քեզի՝ յագեցումէ վերջ ամէն,

Երբ պատշգամըս բախի ունայնութեան խարակին,

Սէրերէն վերջ, խինդէն վերջ, երբ իմ խանդերս ընկրկին,

Երբ զղջումներս իրենց պաղ թոյներն իմ մէջըս թափեն։

 

Թոյլ ու թշուառ՝ պիտի գամ դառնութենէ վերջ ամէն,

Խոնջէնքէն վերջ եւ մահուան կարօտէն վերջ անձկագին՝

Որպէսզի նոր տենչերով՝ սպառած սիրտըս կրկին

Վառես, զայն դուրս բերես մեր այս խեղճութեանց վիրապէն։

 

Տաս նոր ծարաւ մը ինծի գեղեցկութեան, քանզի մեզ

Դուն ես միայն, ո՜վ երազ, որ կը փրկես, կը սփոփես,

Դուն թէեւ սին, խեղճ՝ նըման երազներուն բոլոր մեր…

 

Ու զիս մաքրես, ազատես վիժումներէն, անկումէս,

Եւ վէրքերէն՝ որ բացիր եւ կեանքէն, խօլ՝ ծովի պէս,

Ուր կողք-կողքի կ’արշաւեն հրճուանք ու ցաւ ու քիմեր…

II

Կը նետես զիս իմ գիշերիս մէջ ներքին եւ ես քեզի կը կառչիմ։

Կը հեռանան իմ սրտէս քայլերը զիս հալածող մղձաւանջին։

Կը ծաղկի լոյս մը պայծառ։

 

Կը բերես զիս դէպի վեր։

Կը ջըլատես զիս, կ’ընկնես յստակութեամբըդ վայրագ։

Եւ կը փարիմ ես քեզի, ես կը դիմեմ պաշտպանութեանըդ կրկին։

Կը լըքեն զիս արիւնող պաղ մագիլները լոյսին։

Խաւար մը կոյս՝ կ’ողողէ զիս քաղցրութեամբ մ’անսահման։

 

Մահուան սեմին՝ քայքայուած հոգիս գիշեր մը փնտռեց

Քեզ անձկութեամբ,

Ո՜վ մըտածումս՝ ըմպելի արբեցումի,

Պահապան՝ ժամանակի, տարածութեան,

Ապացոյց մեր գոյութեան…

 

Վըտանգն անցաւ, ծանրացար դուն՝ իմ վըզէս կախուած քար։

Եւ փրկուելու համար ես քեզմէ, քեզի եկայ միշտ,

Աղբիւր՝ յոյսի ու ցաւի, թշուառութեան, մեծութեան,

Աւերներու մէջ՝ պահակ մեծ գանձերու եւ ըսփինքս…

 

Կը սիրեմ քեզ՝ յաւերժութիւն մը որպէս իմ անձէս վեր։

Երբ մոխրանամ օր մը ես, անհետանամ,

Դուն անջատուած ինծմէ՝ զիս պիտի կըրես տակաւին,

Ինծմէ ծընած դուն ըստուեր` պիտի պահես դուն զիս դեռ,

Պիտի ըլլաս ինծմէ վերջ՝ մեռած աստղին լոյսին պէս…

 

Կը սիրեմ քեզ, զի քու քայլերդ եմ միշտ ես, երբ կը քալես։

Եւ քու ձեռքերդ եմ՝ երբ դուն զիս կը հիւսես, կը քակես…