Վերջալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԿՈՒՆՔԻ ՊԱՀԵՐ

Ձեղնայարկին մէջ պանդոկի մ’առանձին՝

Ըրի է՛ն պերճ ճամբորդութիւնն իմ կեանքիս։

Կը զըլանար աշխարհն ինձ կեանք։ Իմ հոգիս՝

Հըպարտ՝ կ’երթար իր գոյութեան մեծ գանձին։

 

Անձրեւ էր, հով։ Կը բարձրանար, կը սահէր

Մահը փարթամ ալիքներով։ Կուգային

Աւետումի անուշ ձայներ երկնային։

Աշունն էր սուրբ։ Օ՜ երկունքի սուրբ պահեր։

 

Կը նըւաղէր վայրագ ժըխորն անտառին,

Մեծ Քաղաքին։ Զիս կ’օրրէին խարշափներ։

Ընդվզումի քամի մը զիս կը դարբնէր

Անգործութեան, թշուառութեան այդ տարին։

 

Մշուշին մէջ հալող տուներն՝ անսահման

Կը մեծնային տարաշխարհիկ յարկերով:

Եւ դիւթանք էր, երանութիւն ու գորով՝

Ծուխերուն մէջ այդ հրկիզուող քայքայման։

 

Տանիքներուն վըրայ՝ շուքեր կրծելով՝

Ալիքներ վառ կը ծորէին մետաքսներ։

Հոգիս անյայտ իր գանձերուն կը հասնէր՝

Սուզուելով իր տարածութեան մէջ խըռով։

* * *

Մըշո՜ւշ, մըշո՜ւշ եւ սրտաւեր

Օտարութիւն։ Ձեղնայարկիս

Սանդուխն յանկարծ կը կտըրուէր,

Պարապին դէմ կը դընէր զիս։

 

Ըսփինքսի պէս մետաղային՝

Քիւ մը խուցիս դէմ կը շրջէր։

Միլիառ ցեցեր կը տեղային

Ծակծըկելով յոյսեր, տենչեր։

 

Սանդուխս անհուն, ցընորաբեր

Սարդոստայնի մը կը յենուր։

Մահը սարդի պէս կը հսկէր

Տարածութեան մէջ այդ թափուր։

 

Բայց պաղ ու դառն այդ վիհն ի վեր,

Ուր կը ձուլուէր ամէն երկիր,

Հայրենիք մը կը տարածուէր

Խուցիս առջեւ իմ տարագիր։

 

Խոնջէնքը հուր մը հոգեթով,

Վախն ինծի խանդ կուտար, թեւեր։

Ու սիրտըս այդ պարապն իրմով

Կը լեցընէր ու կը պճնէր։

* * *

Քաոս մը բերրի։

Ընկճում, ընկրկում, ըսպառում մը խօլ, ըսպասում մը խոնջ,

Եւ խոյանք մ’յանկարծ, վերելք մը կրկին, խըրոխտ, անհամբեր,

Կրկնում եւ կրկնում, մշտնջենական շարժում մը ծովի՝

Որ կուգայ, կ’առնէ իր լըքած հոգին։

 

Փոխանցում մը նոր՝ ինձմէ ինձ, ու միշտ՝

Կեանքէն դէպի զիս, ինձմէ դէպի կեանք.

Անդունդ մը խըռովք՝ երկու ալիքի միջանցքին միջեւ։

Ու լեռ մը յոյսի։

 

Մեծ արշաւ մ’անվերջ, որոնում մը սին, անհեթեթ, մըթին,

Յուսահատութեան եւ յոյսի կրկնակ վիհերուն միջեւ,

Վազք մը մշտական, յամառ ու խըրոխտ՝

Շընաձուկերու նայուածքին ներքեւ։

 

Բախում եւ բախում մետաղ դռներու։

Ու արտացոլում՝ մոլորիչ անթիւ հայելիներու,

Ուր ճիշդն էր անճիշդ, արդարն՝ անարդար,

Եւ անճիշդը՝ ճիշդ։ Եւ անվերջ ու միշտ

Տենչ մը ձուլուելու՝ ծովուն մէջ հալող ցոլքերու նըման։

Ու խոկում մը լուռ, կծկտում մը դառն։

Ամոփում մը նոր։

Նոր երազներու յըղութիւն մը նոր։

Խըմորում մը յորդ քակուող եւ հիւսուող մըտածումներու։

 

Եւ երբ մենք անցանք՝

Հնչեցընելով ծարաւին կարմիր բիւրեղները վառ,

Յուսահատութեան բիբերը հուրէ, -

Կաղ բեգասներով արշաւ վարողներ, տափակ երգերով

Եւ աշուղին թոյլ, հպանցիկ ձեռքին ճպոտէն կախուած՝

Մարախներու պէս ցատկող տաղերով հրճուող ցնդածներ

Իմ ձիս գտան զուրկ լուսէ թեւերէ, անհաղորդ ու խորթ,

Սիրեցի ես զայն.

  Կուտանք այն՝ ինչ որ կրնանք տալ, երկինք տալ կուտայ մեզի։

 

Ան կը ճզմէր իր կարծըր պայտերով ճճի ու ճըպուռ,

Կը պատռէր հովին թաւիշն ու դափնին, ամպերը փրփուր,

Վիզն իր կը սուզէր անհունութեան մէջ։

Ու ոսկորներէս հոսող դողն՝ աւիշ ու ցաւն էր արեւ։

Զիս կը դարբնէին զարկերը ձիուս տենդոտ կողերուն։

Մարդիկ նայեցան, մեր հետքերն էին այլանդակ ու խենթ։

Կեցան՝ խօսեցան։

 

Ընդոստ արթնցած՝ ես կ’ըմբռնէի, թէ կեղտոտ ու վատ

Շրթներ կրնային եղծել սրբութիւնն առանց դողալու,

Եւ ուրանալ զայն։

Փնտռելէ յետոյ իմ դէմքիս վըրայ բորոտի հետքեր,

Ես կը փետտէի միամիտ տըղու ժպիտըս վերջին։

Ու ձայնս եղաւ աւելի հըպարտ։

Ու սէրըս մեծցաւ՝ երբ ալ սիրելիք բան մը չմընաց,

Երբ չսիրուելու սէր մը մնաց լոկ։

Օ՜ մեծ կոծը մեզ թրծող խոցերուն։

* * *

Ես խոնջ՝ կեանքին եւ մահուան տըւայտանքէն երկու սին՝

Ձեր մէջ գտնել կուգայի

Պայծառ ճամբան բարութեան ու մանկութեան երազին

Գեղեցկութիւնն այգային։

 

Գիշերները՝ սուլոցներ նետերու պէս չարարձակ՝

Կը խըրէին իմ փեղկիս։

Ես կուգայի ապաստան փնտռել ձեր տաք սրտին տակ,

Ու քաշել քուն մը հանգիստ։

 

Ես կուգայի հիւսել ձեր հոգիներուն մէջ՝ անյայտ

Բոյն մը ինծի, եւ մոռնալ

Այն՝ որ ճանչցեր էի ես, թըշուառութիւնն անձիս, այդ

Ցաւն անձկութեան բռնակալ։

 

Բայց խնդացիք, դաւեցիք դուք, որ եղաք ինծի սէր,

Եւ խոցեցիք ձեզմով զիս։

Ձգեցիք միշտ յուսախաբ՝ հոգիս, որ միշտ կը սպասէր

Ձենէ աճիլն իմ յոյսիս։

 

Զիս ատեցիք, սոնքացիք, մեղկ ու տըկար գըտաք զիս,

Դուք թշուառներ սընամէջ,

Անգիտակ ձեր խեղճութեան, դուք պատրածին ովասիս,

Տկար՝ ձեր նենգ ուժին մէջ։

 

Եւ ճանչցայ ձեզ՝ ամրացայ, վերադարձայ ես ինծի

Այդ խաւարին մէջէն ձեր։

Ես զիս գըտայ՝ ձեզ մոռցած։ Զիս օրհնութեամբ գրկեցի։

Ես իմ անձիս դարձայ տէր։