Վերջալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄՈՒՐԱՑԿԱՆԸ

Նշան Պէշիկթաշլեանին

Բա՛ց դուռըդ՝ որ կը զարնեմ ուղեւորի մը նըման։

Ծով մ’անըսպառ, ծով մը զով, լուսաբացին տակ վըսեմ,

Երբ խաւարէն փրթելով, բանտէն փախչող մարդոց պէս՝

Ալիքները կ’արձակեն գոհութեան շունչ մը կարծես,

Ջուրերուն պաղ, աւշայորդ, պատռող նուռերը կ’ուզեմ։

 

Ես կ’ուզեմ լեռն այդ կապոյտ՝ տրտունջներու վիհն ի վեր,

Բիւրեղէ յոյսն այդ՝ խիզախ լինելութեան, երբ առտուն

Մեր նաւը՝ յաղթ թըռչուն՝ զիս կը տանէր վեր, որոտուն,

Դամբաններուն վըրայէն, երկինքն առջիս կը բացուէր։

 

Բա՛ց դուռըդ՝ ուր կը սպասեմ ուղեւորի մը նըման։

Գտնեմ հոգիս տօնական, ան՝ որ գոմին մէջ մըթին

Բռնելով տաք արեւին շողը՝ թելի մը նըման

Կ’իջնէր խորհուրդը մինչեւ, աներեւոյթն անսահման,

Ըլլամ տըղան՝ որ գիտէր դիւթել, հասնիլ դըրախտին։

 

Կ’ելլէր մինչեւ ապագան եւ դարերէն ալ անդին՝

Ու ծառերուն փսփսացող, ցոլքերուն նուրբ լարերուն

Զարնըւող խօլ բըզէզին նըւագին մէջ թրթըռուն,

Կ’ունկնդրէր կեանքն իրական եւ լըռութեան մեղեդին։

 

Բա՛ց դուռըդ՝ ուր կը տըխրիմ ես ըստուերի մը նըման։

Կեա՛նք, դուռըդ բա՛ց, տո՛ւր ինծի անմեղութիւն… եւ կամ բիրտ

Տենչ մ’ապրելու ուժ, եթէ անիծուած են միտք ու սիրտ,

Չունին շընորհն երկնատուր, տո՛ւր անոնց կիրքն յագեցման։

 

Տենչե՜ր, տենչե՜ր, կարօտնե՜ր հեշտանքներու մարմնական,

Քանզի ամէն նոր զրկանք բերաւ ծարաւ մը կիզիչ,

Եւ շըքեղցաւ, ճոխացաւ, գեղեցկացաւ ամէն ինչ՝

Երբ զիս բաժնել աշխարհէն մահուան շուքերը եկան։

 

Կիրքերն ամէն, վայելքներն աչքին, քիմքին եւ միսին…

Գանձերն ամէն, պերճանքներն՝ որոնց քէնով նայեցայ…

Եւ ըլլան ճոխ սեղաններ, ըլլան կիներ նորընծայ,

Եւ ըլլայ երգ, հեշտացում, եւ գինիները հոսին…

 

Բա՛ց դուռըդ՝ ուր կը մընամ ես խորթ զաւկի մը նըման։

Ծարաւըս վառ է, կուգամ անապատէ մը ներքին՝

Ուր ես գացի գտնել զիս ազատագրել ինէ զիս.

Եւ ըզգացի ըսփինքսին եղերական ձեռքն ուսիս,

Զիս հըրկիզեց տենդ մ’անյայտ, այրեց զիս շունչ մ’ախտագին։

 

Կարօտըս մեծ է, ներքին դամբարանէ մը կուգամ,

Ես՝ ըսթափած, ցնցըւած եւ հալածուած վիհէն մեծ՝

Որ բացուեցաւ իմ առջիս, իր խաւարով զիս ծեփեց,

Զիս զրկեց զինք մերժելու քաջութենէ մը անգամ։

 

Բա՛ց դուռըդ՝ որ կը ծեծեմ մուրացկանի մը նըման։

* * *

Կը նայէի, կը նայէի ես՝ ըսպառած ամէն կորով,

Նաւապետի մը տրմտութեամբ իմ հեռաւոր տարիներուս

Հոծ անտառին անծայրածիր, ուր կ’ընկղմէր կեանք մը հարուստ,

Կը քայքայուէր աշխարհ մը հին իր ամայի պալատներով։

 

Բաղեղներու ու վայրենի ծառերու տակ - լոկ բերքը մեր

Հովին տըրուած սերմերուն - դեռ ակ մը բիւրեղ կը թրթըռար։

Կ’արտացոլար ոսկին փըլած դղեակներուն։ Ու քարէ քար՝

Արեւ մը բորբ եւ հոյակապ քաղցրութիւններ դեռ կը թափէր։

 

Կը նայէի հետըզհետէ ոգեւորուած։ Կը լըսուէր մերթ

Ձայնը հընչուն սմբակներուն՝ որ սիրեցի։ Իմ մեղքերուս,

Կամարներուն տակ ցաւերուս, ուր կ’ողբային բուերը կուզ,

Սոխակներ հեզ ու սիրազեղ՝ կ’երգէին երգ մը բերդէ բերդ։

 

Ինչ որ սիրես՝ կը դաւէ քեզ։ Պէտք է լըքես ինչ որ սիրես…

Ճիւղերն յանկարծ դողդըղացին։ Հին կուռքերու տաճարն աւեր

Լըքած՝ կ’անցնէր կին մը՝ որուն կին մը ուրիշ կը հետեւէր։

Պատգամաբեր երկու սէրեր, երկուքը վէս ու տրտմերես։

 

Եւ յիշեցի. կեանք եւ երազ։ Երկու խիզախ գեղուհիներ՝

Որ երկաթի պէս հըրաշէկ շրթներով մեզ կը համբուրեն,

Եւ այրելով մեզ, տաղելով, կը բուժեն մեր սիրտն յամրօրէն։

Երկու նախանձ մրցակիցներ՝ որ կ’երթային ծառերն ի վեր։