Արծիւը իր բոյնին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱՅԾԵՐ՝ ՄՈԽԻՐԻ ՏԱԿԷՆ

Կուսակալը սակայն զգացումի միեւնոյն փափկութիւնը չունէր Փորթուգալեանի վերաբերմամբ, եւ մինչ ամէն ոք Հայրիկի մասին ցոյց տրուած բարեացակամութիւնը նշան կը համարէր օրուայ քաղաքականութեան մէկ փոփոխութեան մը եւ հետեւաբար  հանդարտութեան շրջանի մը, եւ ահա, նոյն շաբթուն իսկ, մէջտեղ կ՚ելնեն Փորթուգալեանի աքսորի եւ անոր դպրոցին փակուելու շշուկները։

Փորթուգալեանի խնդրոյն մէջ, Պօղոս եպիսկոպոսը ցոյց չտուաւ դրական միեւնոյն վերաբերմունքը։ Այս պարագան աստիճան մը եւս շեշտեց կառավարութեան կասկածները եւ Փորթուգալեան՝ իր հաստատութեան հետ դարձաւ կուսակալին աչքին փուշը։

Հայրիկ՝ չհաւնեցաւ անշուշտ Փորթուգալեանի խնդրոյն մէջ Պօղոս եպիսկոպոսի ցոյց տուած վերաբերմունքին, ան՝ սակայն դրութեան փափկութեան առաջ տեսակ մը չքմեղանք ունեցաւ անոր համար։ Բայց Ապօղոսեանները՝ մասնաւորապէս անոնց երիտասարդ դասակարգը, որուն կը պակսէր անշուշտ Հայրիկի տրամաբանելու եւ փիլիսոփայելու մեթոտը, չափազանց դժգոհ մնաց եւ այդ դժգոհութիւնը առաջին պատճառը դարձաւ կուսակցական համերաշխութեան խախտումին։

Հայրիկ խորապէս վշտակրած էր տեսնելով Փորթուգալեանի կրթական գործին այսպէս յանկարծական փլուզումը։ Ան՝ ճարը նետած էր Պօլիս, Պատրիարքարանը, անհատներու։ Բայց հոն ալ հովը հակառակ կը փչէր։ Վեհապետեան Յարութիւն եպիս. պատրիարք ընտրուած էր եւ շրջապատին հետ կը փորձէր թրքամօտ քաղաքականութիւն մը։ Հայրիկ ամէնքէն ալ յուսահատեցնող պատասխաններ ստացած էր։

Եկան վարչական ժողովի եւ դատարաններու անդամներու վերընտրութեան օրերը, որ այն են գաւառական քաղաքներու մէջ ինչ որ նախարարական փոփոխութեան օրերը մայրաքաղաքներու մէջ, այնքան, եւ տեղւոյն համար գուցէ աւելի հետաքրքրական։

Նահանգներու մէջ՝ թանզիմաթի օրէնքով՝ վարչական ժողովոյ եւ դատարաններու անդամներուն ընտրութիւնը՝ կէսը մահմէտական եւ կէսը ոչ-մահմէտական ըլլալու պայմանաւ, ունէր մասնաւոր եղանակ մը։ Երկու տարին անգամ մը, նահանգին վարչական ժողովը, առանց ընտրովի անդամներու, որոնց պայմանաժամը արդէն լրացած կ՚ըլլար, կը պատրաստէր ընտրելիներու եռապատիկ ցանկ մը, որուն վրայ՝ գաւառներու վարչական ժողովները քուէարկութիւն կը կատարէին։ Այս ընտրութեամբ առաւելագոյն քուէներ ստացողներէն, առանց շատ բարակը նայելու, կուսակալը կը զատէր իրեն հաճոյ թուածները։ Արդ՝ եռապատիկ ցանկին պատրաստութեան ընթացքին՝ Հայ թեկնածուներու ընտրութեան մէջ մեծ կշիռ ունէր հայ Առաջնորդին խօսքը։ Առանց որ օրէնքը մասնաւոր տրամադրութիւն ունեցած ըլլար, կուսակալութիւնը՝ գէթ Վանի մէջ, սովորութիւն ըրած էր աչքի առաջ ունենալ Առաջնորդին բերած ցանկը։ Այս ցանկին կազմութիւնը այնքան դժուար էր օրուայ Առաջնորդին համար, որքան նախարարական ցանկի մը կազմութիւնը՝ Ֆրանսայի մէջ, վարչապետցուի մը համար։ Պօղոս եպիսկոպոսը, օր մը, այս դժուարութիւնը՝ իրեն յատուկ ոճով մը բնորոշած էր, ըսելով՝ «կառավարութիւնը ութը ոսկոր տուեր է Հայերուն 80 շուներ կռուեցնելու համար»։

Այդ ցանկին պատրաստութիւնը ուրեմն Պօղոս-Ապօղոսի համերաշխութենէն վերջ, առաջին առիթն էր որ փորձի պիտի ենթարկէր կողմերու անկեղծութիւնը, կամ Պօղոս եպիսկոպոսի անկողմնակալութիւնը։

Ցանցանքը իրն էր թէ ոչ իրեններուն, Պօղոս չկրցաւ նժարը պահել։ Իտարէյի ժողովոյ անգամները, որոնք նոյ ն են նահանգներու մէջ, ինչ որ առանց բօրթֆէօյլի նախարարները մայրաքաղաքներու մէջ, երկուքն ալ Պօղոսեաններ եղած էին, դատարաններու վեց անդամներուն չորսը նմանապէս։

Տրտունջները ծայր տուին անմիջապէս, մասնաւորապէս այդ պաշտօններուն թեկնածու դասակարգին մէջ։ Այդպիսիներուն համար Փորթուգալեանի եւ անոր դպրոցի մասին Մելիքեան եպ. ի վերաբերմունքը, որ առաջ քննադատելի էր միայն, րոպէապէս դարձաւ աններելի ոճիր մը։

Համերաշխութիւնը խզուած չէ, բայց կապը բամպակէ թել մըն է միայն, եւ այդ թելն ալ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Հայրիկի ներկայութիւնը։

Համերաշխութեան կրած այս հարուածը որպէս թէ չբաւէր, սեղանի վրայ եկաւ խառն ժողովոյ վերընտրութեան հարցը։

Յունուարի մէջ (1885), Գաւ[առական] ժողովը կոչուած էր ընտրելու կրօն. եւ քաղ. ժողովները։ Գաւ. ժողովի 49 անդամներէն 17ը մեռած են, հրաժարած եւ կամ քաղաքէն հեռացած։ Մնացած 32 երեսփոխաններու 16ը Պօղոսեաններ են 16ը Ապօղոսեաններ։ Այս իրողութեան ներկայացուած դժուարութեան բանաւոր լուծումը կը կայանար քօալիսիօն վարչութեան մը կազմութեան մէջ։ Հայրիկի խորհուրդն ալ այդ էր, զայն կը մտածէին նոյնպէս չափաւոր տարրերը։ Բանակցութիւններն ալ, այդ ուղղութեամբ սկսած էին արդէն եւ պահ մը՝ կառավարութեան ազդեցութեան կռթնող Պօղոսեաններու պահանջկոտութեան վրայ կանգ առած՝ երբ անակնկալ մը՝ յեղակարծօրէն մէջտեղ եկած ընտանեկան խնդիր մը տարբեր լուծում մը բերաւ կնճիռին։

Իրիկուն մը, այդ օրերուն, անսպասելիօրէն հօրս այցելութեան եկաւ Տեղտրիկեան Յակոբ աղան։ Յակոբ աղան Մահտէսի է, այն Մահտէսիներէն՝ որոնց անունը կարելի չէ տալ առանց անոր կցելու «հաճի» տիտղոսը որոնք ստորագրութիւն չեն դներ առանց անոր ձախը տեղաւորելու «մահտէսի» մը, ինչ որ գաւառներու մէջ քիչ բան չէ։ Յետոյ, վաճառական է ան, նաեւ ազգային երեսփոխան։ Ան սակայն Պօղոսեան խմբակին մէջն է, հօրս հետ աղօտ ծանօթութիւն մը միայն ունի եւ Այգեստանցի ըլլալու համար մեր տունը ոտք կոխած մարդ չէ։

Մահտէսի Յակոբ աղան մետաքսեայ էնթարի հագած է այդ օր, վրայէն վերարկուին նորը, զորս կրելու համար, կամ տօն պէտք է որ եղած ըլլայ եւ կամ հրաւէր։ Մինչդեռ այդ օրը ո՛չ մէկը կար եւ ո՛չ միւսը, այցելութիւնը կրկնապէս անակնկալ էր։

Յակոբ աղան եկած էր այդ օրը հօրաքրոջս աղջկան ձեռքը խնդրելու իր անդրանիկ զաւկին համար։

Հօրաքոյրս, Տիկին Փաշալեան մեկնած էր Թիֆլիս, ուր ամուսինը եւ զաւակը մնայուն գործ մը ունէին, իսկ ամուսնութեան տարիքի մէջ գտնուող աղջիկը Վան թողուցած էր եղբօրը խնամքին։

Պօղոսեանի մը եւ Ապօղոսեանի մը միջեւ խնամութիւնը, այդ օրերուն, Թուրքի եւ Հայու միջեւ խնամութեան պէս բան մըն էր։ Հակառակ կուսակցութենէն աղջիկ ուզելը աստիճան մը ներելի էր, բայց տալը…։

Այս էր այդ օրերու հոգեբանութիւնը։

Հայրս պատրաստի եթէ ոչ պատրաստ պատասխանը ունէր։ Չէ ո՞ր աղջկայ ծնողքը բացակայ էին։ Անոնց գրելու, անոնց հաւանութիւնը ստանալու պատրուակ-պատասխանը։

Բայց ան շիպ-շիտակ ըսաւ առաջարկը բերողին։

Հաճի աղա՛, դուք լաւ գիտէք խնամիութեան կարգը։ Խնամի ըլլալէ վերջ, մենք պէտք է որ երթանք գանք։ Իմ քոյրը Թիֆլիսցի է դարձեր, քու զաւակդ ինձ փեսայի պէս, իմ զաւկիս պէս պէտք է որ գայ երթայ, մինչդեռ այս անիծեալ կուսակցական ոգին որ մարած կը կարծէինք, կը տեսնէք, սկսած է նորէն եղբայրը եղբօր դէմ հանել, հայրը՝ զաւկին։

Եւ, քօալիսիօն վարչութեան պաղած բանակցութեանց զուգընթաց՝ կը սկսին խնամիութեան տաք բանակցութիւնները։

Հայրս բնականաբար չըսեր թէ եկէք ապօղոսեան եղէք, այլ անվերջ կը թուէ անյարմարութիւններ, անպատեհութիւններ։ Անգամ մը միայն ան՝ ի միջի այլոց կ՚ըսէ՝ ուր էր թէ ապօղոսեան մը եղած ըլլայիք։

Տեղտրիկեան լուռ մնացեր էր։

Տեղտրիկեան բարեկեցիկ վաճառական մըն է, զաւակը պատուաւոր  երիտասարդ մը։ Հայրս բնաւ մոլեռանդ մէկը չէ։ Ան իր հաւանութիւնը պիտի տար անշուշտ, եթէ Մահտէսի Յակոբ աղան երեսփոխան եղած չըլլար, եթէ մանաւանդ անոր դաւանափոխութիւնը… երեսփ, ժողովի մեծամասնութեան նժարը դարձնելու չծառայէր։ Չէ՞ որ անոր դարձովը Պօղոսեաններու թիւը 15ի կ՚իջնար եւ Ապօղոսեաններունը՝ 17ի կը բարձրանար։

Կարելի՞ է այսպէս առիթ մը ձեռքէ հանել։

Տեղտրիկեան՝ միջնորդ միջնորդի վրայ կը տեղացնէ, նոյն իսկ Հայրիկի միջնորդութեան կը դիմէ ան։ Հայրիկ ոչ միայն կը միջնորդէ, կը յորդորէ, այլեւ մինչեւ անգամ, թեթեւ մըն ալ կը կշտամբէ հայրս որ սակայն անդրդուելի կը մնայ։

Հարցը կը սպառնար տռամի մը վերածուիլ, Ռօմէօ եւ Ժիւլիէթի տեսակէն տռամի մը։ Բարեբախտաբար խնամիութեան բանակցութիւնները աւելի շուտ վերջացան քան քօալիսիօն վարչութեանը։ Տեղտրիկեանը «դարձ» ի եկաւ, նոյն օրերու բացատրութիւնով, նըշանտուքը տեղի ունեցաւ եւ գօալիսիօնը ջուրը ինկաւ։ Հայրս ամէն ինչ ըրած էր փայլուն ընծայելու համար նշանտուքի երեկոյթը։ Երբ նորադարձ երեսփոխանը՝ իրեններուն գլուխը անցած, մեր լոյսերով ողողուն դահլիճէն ներս կը մտնէր, իւմօր դրաւ եղածին մէջ, դրան վրայ կանգ առաւ եւ արտասանեց «հրաժարինք ի սատանայէ» աղօթքին վերջին հատուածը։ Հրաժարելով հրաժարիմ եւ դառնամ ի լոյս աստուած գիտութեան... [1] ։

Խնամիութեան  կնքումին վրայ, Պօղոսեանները հրաժարեցան նոր վարչութեան ընտրութենէն եւ աչքերնին դարձուցին դէպի աւելի հիմնական ծրագիր մը, դէպի երեսփոխանական ժողովոյ վերընտրութիւնը։ Չէ ո՞ր ժողովէն մնացած 32 անդամներէն 15 Պօղոսեաններու հրաժարումովը՝ ժողովը ինքնին կը լուծուէր եւ չէ՞ որ կառավարական ազդեցութիւնը իրենց կողմն էր, նոր ընտրութեանց մէջ իրենց յաջողութիւնը ապահովելու համար։ Բայց Հայրիկ կար մէջտեղ եւ անոր ժողովրդականութիւնը։ Հարկ էր սպասել ուրեմն անոր մեկնումին։

Հայրիկ հեռու է պայքարէն եւ օտար  անոր փուլերուն։ Ան քաշուած է Վարագ։ Զայն հետաքրքրողը ուրիշ ընտրութիւն մըն է։ Էջմիածնի ընտրութիւնը, որուն բացած պայքարին լուրերը կը բերէին իրեն Կովկասեան լրագիրները։

Եթէ կառավարութեան ջանքն էր ընտրութենէն առաջ զինքը Պոլիս տանիլ, Հայրիկի փափաքն ալ էր այդ ընտրութենէն առաջ Պօլիսէն դուրս գտնուիլ։ Անոր ըզգուշութեան պատճառներուն գլխաւորը, անշուշտ ինքզինքը պայքարէն բարձր պահելու իր տեսակէտն էր, բայց, իր մեկնումին համար նոր պայմանաժամ մը ստանալու իր թագուն յոյսն ալ՝ իր տեղն ունէր այդ պատճառներուն մէջ։

Հայրիկի մեկնումին համար որոշուած թուականը, Մարտ 17ը՝ կը զուգադիպէր Ծաղկազարդի կիրակիին։ Պատշաճ էր, եւ Հայրիկ կը սպասէր այդքան բան, որ ազգ, իշխանութիւնները դիմում կատարէին եւ Զատիկէն վերջի ձգել տային իր մեկնումը։ Դիմումը կատարուեցաւ, բայց ինչ պայմաններու մէջ յայտնի չէ։ Յայտնին ան եղաւ, որ ներքին գործոց նախարարը կտրուկ կերպով մերժեց դիմումը։ Եթէ Հայրիկ՝ իր կողմէն ուղղակի դիմում մը ըրած ըլլար, գուցէ դրական պատասխան մը ստանար, այդ խորհուրդը տուողներն ալ եղան, բայց, Հայրիկ չուզեց կոտրել իր գրաւոր պատասխանին թափը եւ պատրաստուեցաւ մեկնելու։



[1]            Այս ամուսնութենէն ծնաւ Ծերուն Տետրիկեան, գրական անունով Ծերուն Թորգոմեան, սիրուա գրագէտ մը, որ կ՚ապրի այժմ Հիւսիսային Կովկս։