Անդրանիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԿՈՒ ԽՕՍՔ

Ազգային Հերոս Անդրանիկի անունին, կեանքին եւ այդ առընչութեամբը՝ ժամանակակից (904-927) կարգ մը պատմական անցքերուն նուիրուած սոյն աշխատութեանս գլխաւոր հիմքը կազմած եմ իմ անձնական յիշողութիւնները։

Անդրանիկի կեանքին ըլլայ թէ՛ ակնարկածս անցքերուն պատկերը, կարելիութեան սահմանին մէջ, լրիւ կարենալ տալու համար, ինչպէս որ պիտի նկատէ ընթերցողը, ես երբեմն դուրս ելած եմ իմ յիշողութեան շրջանակէն։ Այդ շեղումները՝ սակայն, անոնք անշուշտ, որոնք պատմական նշանակութիւն ունին, հիմնուած են զանազան վաւերաթուղթերու վրայ։

Իմ նպատակը եղած է համադրել այս ամէնքը եւ, անոնց ընթերցումը հաճելի ընծայելու համար, պատմուածքի ձեւը տալ անոնց։

Ա. Թ.