ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ

Ծն. 3 Ապր. 1870ին Թօգատ՝ ուր ն[ա]խ[նակա]ն կրթութիւնը ստացած։ Իր զարգացումը կը պարտի ինքնաշխատութեան։

Կուգայ Պօլիս եւ Յ. Գասարճեանի հետ կը հրատարակէ իր Ա. գիրքը՝ Գաղտնիք եւ Արուեստ Մոգութեան (1889)։

Իրաւաբանական ուսմանը հետեւելով 93ին կը դառնայ ծննդավայր եւ փաստաբանութեամբ կը պարապի, պահ մըն ալ առեւտուրով։ Գր[ական] գործունէութիւնը կը սկսի 1892էն, հրատարակելով յօդուածներ «Արեւելք»ի մէջ, նաեւ բոլոր պօլսահայ թերթերու եւ հանդէսներու, «Ա[րեւելեան] Մամուլ»ի եւ «Հ[անդէս] Ամսօրեայ»ի՝ ընդհանրապէս լեզուաբանական եւ քննադատական ուսումնասիրութիւններով, որոնցմով ունէր հմուտ բանասէրի համբաւ մը։ Ատոնցմէ է՛ն երկարաշունչն է Եւդոկիոյ Հայոց գաւառաբարբառը, 99ին Վիեննա տպ. եւ 1901ին պսակուած Իզմիրեանց մրցանակով։

1908-10ին լոյս կ՚ընծայէ Արդի հայերէն լեզուի Քերականութիւններու դասընթացք մը 3 հատոր, իսկապէ՛ս աշխատուած գործ։

1909ին կը հրատարակէ Մագնիսականութիւն եւ Ոգեհարցութիւնը՝ որուն շօշափած նիւթերուն մասին կը թուի մասնաւոր նախասիրութիւն մը ունենալ։ Վարած է ազգ[ային] զանազան պաշտօններ Թօգաթ։

1909ին կրկին գալով Պօլիս՝ հայերէնի ուսուցիչ կը կարգուի Կեդրոնականի, պահ մըն ալ խմբագիր՝ Յ. Շահնազարի «Հայրենիք»ին։ Ազգ[ային] երեսփոխան ընտր[ուած] Ամասիա-Մարզուանէն։

Այնուհետեւ հայրենիք կը մեկնի, կարծես ա՜լ չապրելու համար։