Ծնած է 22 Օգոստ. 1879ին Հաճըն։ Նխն. կրթ.ը ստացած հոն, յետոյ Ատանայի ազգ. եւ Յիսուսեան վարժարանները։ 1897ին Պօլիս գալով, 1900ին ստացած է դեղագործութեան վկայական։
Հաճընի եւ Ատանայի մէջ յաջորդաբար իր դեղարաններն ունեցած է, միաժամանակ թղթակցութիւններով աշխատակցած է պօլսահայ թերթերու՝ Յակթէր, Հմայեակ, Տաւրոս, Յիթօ եւ Թղթակից կեղծանուններով։
Կիլիկեան աղէտէն մազապուր ազատած՝ դարձած է Պօլիս եւ «Ատանա» դեղարանը բացած Գումգաբու։
— Հեղինակ Արուեստ Լուսանկարչութեան, Ատանայի կեանքը եւ Կիլիկիոյ Աղետը (5 հատոր) գիրքերուն։
Այս վերջինն (ամբողջովին գրաւուած կառավարութեան կողմէ) ներկայացուցած էր Իզմիրեանցի։ Կը թողու Հաճընի գաւառաբարբաոը գործը՝ ձեռագիր։