Վանցի, 50 տարու, վաղեմի Դաշնակցական, արտասահման գտնուած եւ իր կուսակցութեան օրկաններուն աշխատակցած։
Սահմանադրութենէն յետոյ Պօլիս գալուն՝ պահ մը Պատրիարքարանի քարտուղար։
Հեղինակ Քուրդօ-Հայ ժողովրդ. երգերու մասին ուսումնասիրութեան մը, բանասիրական իր մէկ երկն ալ Իզմիրեանցի ներկայացուցած։
Ունի շահեկան տեսութիւն մը տարեցոյցիս մէջ (Ընթացք շարժման Հայ Յեղափոխութեան) Շահ-Բազէ ծածկանունով։