ՏԱՂԱՎԱՐԵԱՆ ՆԱԶԱՐԷԹ

(Իր ընդարձակ անտիպ ինքնակենսագրութենէն համառօտուած). –

Ծնած եմ Սվազ 25 Դեկտ. 1862ին։ 7 տարու Պօլիս գալով՝ աշակերտած Ամենափրկչեան վարժարանի, ուրկէ շրջանաւարտ 1878ին եւ մեկնած Ֆրանսա։ Տարի մը ագարակներու մէջ գործն. երկրագործութեան ընտելանալէ վերջ՝ յաճախեցի Մէօրսի Երկր. վարժարանը, ուրկէ ուսումնաւարտ՝ 81ին մրցմամբ Բարիզի Երկր. վարժարանը մտայ եւ 2 տարիէն ելայ երկրագործական ճարտարագէտի աստիճանով. այդ միջոցին էր որ աշակերտ էի նաեւ Ծառաբուծական եւ Այգեբանական վարժարաններու։ Դառնալով Պօլիս 1883ին, քանի մը ամիս Երկր. նախարարութեան մէջ ծառայելէ վերջ՝ ծննդավայրիս դպրոցին տնօրէն կարգուեցայ, հաստատելով հոն լսարան, չափահասներու կիրակնօրեայ կրթարան, եւ պօլսահայ թերթերու ղրկելով յօդուածներ։ 1885-6, տնօրէն Գատըքէօյի Արամեան վարժարանի։ 87ի սկիզբները կրկին Բարիզ անցնելով՝ հետեւեցայ Սօռպօնի եւ Բժշկանոցի դասերուն, շարունակելով 85ին Պօլիս հաստատած Գիտ. Շարժումիս հրատարակութիւնը։ Վկայականներս ստացած՝ եկայ Բերա բնակիլ։ 97ին՝ Ֆրնս. Հիւանդանոցի օժանդակ բժիշկ եւ 99ին բժշկապետ Ազգ. Հիւանդանոցի։ – Համիտեան խռովայոյզ շրջանն էր. քանիցս բնակարանս խուզարկեցին եւ հարցաքննեցին զիս։ 96ին բանտ մտայ եւ 4 ամիս վերջ ազատ արձակուեցայ ընդհ. ներումին։ 1900ին կրկին բանտարկուեցայ, բայց ֆրանս. դեսպանատունն ազատեց զիս։ Հիւանդանոցը բժշկ. բանախօսութիւններ ըրի ամենազգի ուսանողներու՝ գործնականին մէջ զանոնք մարզելու նպատակով. այս պարագան ոստիկանութիւնը չար մեկնելով՝ արգիլեց հիւանդանոց այցելելս։ Հսկողութիւնը չէր դադրած. որոշեցի երկրէն դուրս ելլել, եւ մինչ կը պատրաստուէի մեկնիլ՝ իմացայ որ կը փնտռուէի…։ Իբր հիւանդ ապաստանեցայ ֆրնս. Հիւանդանոց, որ պաշարման տակ առնուեցաւ եւ ուրկէ 4 ամիս վերջ միայն կարելի եղաւ ինձ Մարսիլիա փախչիլ։ 1905ի վերջերը հաստատուեցայ Գահիրէ։ Մղում տուի կրթ. գործին, եւ քանի մը ընկերներով Պօղոս Փաշայի հովանաւորութեամբ հիմնուեցաւ «Հայկ. Բարեգործ. Ընդհ. Միութիւնը»ը, որուն ատենադպիրն ու վարիչը եղայ՝ մինչեւ Եգիպտոսէ մեկնումս։

– Սահմանադրութեան հռչակումին՝ ընտանեօք Պօլիս դարձայ եւ ընտրուեցայ ազգ. երեսփոխան, ապա մեպուս Սվազէն, երբ կաթող. ընտրութեան իբր պատուիրակ՝ Կովկաս կը գտնուէի։ Թունդ ազգայնական, Բառլամէնթին մէջ վիճեցայ մանաւանդ հողային հարցի եւ ազգ. իրաւանց պահպանումին ի նպաստ։ Ցվերջ հակառակեցայ եւ ազգակից ընկերներէս ե´ս եղայ Իթիլաֆի հիմնադիր։

– Վարած պաշտօններս. Քննիչ ազգ. հիւանդ֊անոցի (1895), անդամ Ուսուցչ. Քննիչ Յանձնաժողովի (1895-7), Բերայի դպրոցներուն հոգաբարձու (1894-6), անդամ Քղք. Ժողովի (1910-2) եւ Ւզմիրեանցի (1912-5)։ Օգնական (1912), ապա Ընդհ. Քննիչ Քաղաքապետութեան (1913)։

– Երկերս. Բնական Պատմութիւն, Ուսումնասիրութիւն միզային քարերու եւն. (ֆրնս.) Ծագումն հայ տառից, Մանրէաբանութիւն (նաեւ. թրք.), Տիեզերք եւ իր կազմութիւնը (նաեւ ֆրանս.), Գրիգոր Աղաթոն, Առտնին առողջապահութիւն, Ծննդական գործարաք, Մարդկայի սաղմնախօսութիւն, Բառացուցակ ախտանուանց, Տարուինականութիւն, Հայոց հին կրօնները, Մարդկ. կազմախօսութիւն, Առողջապահութիւն, Ուրուագիծ Պատմ. Հայոց, Մանրեք, Քրիստ. Բողոքականութիւն եւ կարգ մը գրքոյկներ։ Անտիպներէս յիշեմ միայն՝ 86ին սկսուած եւ 18 տարիէն աւարտած 10 հատոր Կենդանաբուծութիւն մը, զոր Խրիմեանի թելադրութեամբ պատրաստած եմ։

– Ծածկանուններս. Արարչահիւթ, Բոլակածին, Տիուն, * * *, Սկսնակ Բանասէր, Ս. Բ.։

* * * Բազմարդիւն բանասէր-բժիշկը համեստօրէն զանց կ’ընէ յիշատակել որ Ֆրնս. Կառավարութենէն ունէր  1902էն ի վեր Officier d’Academie, իսկ 1910ին արժանացած էր Merite agricole պատուանշանին։