ՉԷՕՔԻՒՐԵԱՆ ՏԻԳՐԱՆ (1884-1915)

Ծնած է 1884ին Կիւմիւշխանէ, «Թշուառ մանկութիւն մը անցուցած եմ — կը գրէ ինձ — որուն երախտապարտ եմ»։ 1897ին, բախտին մէկ զարմանալի խաղովը՝ Գաղատիոյ Կարմիր Վանքի որբանոցը գտնուած է։ Իր Վանքը վէպին մէջ պատկերացուցած է նոյն որբանոցին ներքին կեանքը։

1903ի ընթացաւարտ Պէրպէրեանէ՝ ուր որդեգրուած էր եւ ուր երկար ատեն դասախօսած է պատմութիւն, աշխարհագրութիւն եւ օտար ազգաց մատենագրութիւն որոնք իր մասնագիտութիւններն էին։

Ուսուցչական իր պաշտօնավարութիւնը շարունակած է նաեւ պօլսահայ վարժարաննէրու մէջ, միաժամանակ երեւալով թերթերու եւ հանդէսնէրու մէջ՝ յաջող վիպակներով, քերթուածներով ու քննադատականներով։ Նորավէպերուն իր մէկ հաւաքածոն, Հայրենի Ձայներ, լոյս տեսած է Զարդարեան Գրատան կողմէ։

Շրջագայած է Եւրոպա եւ Տաճկահայաստան ու իր հետաքրքրաշարժ տպաւորութիւնները յանձնած Մամուլին։

Խոստմնալից այս տաղանդը որ հրապարակախօսութեան ալ մեծ ընդունակութիւն ցոյց տուած է, 1911-12ին Մ. Շամտանճեանի հետ լոյս ընծայած է Ոստան եռամսեայ մեծ պարբերագիրը։