ՓԱՇԱՅԵԱՆ Յ. ԿԱՐԱՊԵՏ

Ծնած է Կէտիկ Փաշա 1864ին։ 1888ին Պօլսոյ բժշկանոցէն վկայուելով՝ կը պաշտօնավարէ Բալու եւ Մալաթիա, իբր թղպտ. բժիշկ։

1889ին կը հաստատուի Տիվրիկ եւ իր արուեստով կը պարապի, մասնակցելով ազգ. գործերու։ Յաջորդ տարին Բագառիճի մէջ (Կամախ) կը ձերբակալուի իբր յեղ. խումբեր կազմակերպող, հուսկ ուրեմն կը նետուի Սվազի բանտը՝ մահուան դատապարտութեամբ եւ 1891 Մարտին անպարտ կարձակուի՝ դատաւորին աչքը դարմանելուն ի վարձ։ Այնուհետեւ Շ. Գարահիսար կը մնայ եւ բժշկութիւնը կը շարունակէ, մինչեւ իր վերջին ձերբակալումը 1892 Սեպտ.ին, եւ բանտէ բանտ թափառելով՝ 3 տարուան դատավարութեան մը արդիւնքը կ’ըլլայ մահապարտութեան վճիռ։ Պօլսէն իր նշանածին՝ Օր. Թորգոմեանի ողոքումներէն ազդուած՝ անգլ. դեսպանուհի Ֆ. Քըրրի կ’յաջողի իր ներումն ապահովելով։

Անցնելով Պարսկաստան, 7 տարի կը մնայ Դաւրէժ. կը կարգուի Շահին Պալատան բժիշկ եւ չդադրիր զարկ տալէ բարեգործ. ու կրթ. գործերու, 1903-6, զինքը կը տեսնենք Ալեքսանդրիա, ուր Հ. Յ. Դաշնակցութեան լսարանը, նաեւ «Կամպէթթա» անուն տպարան մը կը բանայ ուրկէ լոյս կ’ընծայէ Հորիզոն թերթը։ Առողջապահական եւ այլ պաշտօններով կը հրաւիրի Պարսկաստան եւ 6 տարի Պէնտէր Կէզ քաղաքը կը հաստատուի, արժանանալով տիտղոսի եւ պատուանշաններու։ – Սահմ. հռչակումէն վերջ Պօլիս գալուն՝ մէպուս կ’ընտրուի Սվազէն, եւ ազգ. երեսփոխան Խարբերդէն 1912ին։

– Երկոտասնեակ մը իր երկերէն յիշենք Ժողովրդի բարեկամները, Աղջկան մը յիշատակարանը, Վիպ. հաւաքածոյ, Դպրոցական առողջապահութիւն, Երեխաների սնունդը եւն.։ Աշխատակցած է թրքահայ եւ արտասահմանեան թերթերու, Եւրոպ. հանդէսներու եւ գիտական երկարաշունչ գիրքերու՝ ֆրանսերէն։