Սարգիս Քէհեաեան, որդի Տէր Ատոմ աւագ քահանային եւ երէցկին Վարդուհիին, ծնած է Հալէպ 1948 թուականին։ Նախակրթական ու երկրորդական ուսումը ստացած է Հալէպի հայկական վարժարաններուն մէջ։
Կ՚ապրի Գերմանիոյ մէջ, ուր տասնամեակներ շարունակ զբաղած է իր առաջին մասնագիտութեամբ՝ բժշկութեամբ։ Բժշկութեան կողքին, բուռն հետաքրքրութեան պատճառով, հետեւած է փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան ճիւղերուն։
Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութենէն անմիջապէս ետք, 90-ական թուականներէն սկսեալ, կապեր հաստատած է Երեւանի Պետական Մխիթար Հերացու անուան Բժշկական Համալսարանին հետ եւ հանդէս եկած զանազան դասախօսութիւններով եւ կատարած բժշկական օժանդակութիւններ։
Այնուհետեւ, 90-ական թուականներու վերջաւորութեան, կապ հաստատած է նաեւ՝ Երեւանի Պետական Համալսարանի (ԵՊՀ) «Փիլիսոփայութեան եւ Հոգեբանութեան բաժանմունքին» հետ։ Այստեղ (ԵՊՀ) քննարկուած ու տպագրութեան երաշխաւորութիւն ստացած է իր «Բարոյագիտութիւն – փիլիսոփայական ակնարկ» (Ethics – philosophical approach) երկի առաջին հրատարակութիւնը (2018 թ.)։ Այնուհետեւ գիրքը տպուած է Էջմիածնի մայրավանքի տպարանին մէջ, ունենալով Էջմիածնի հրատարակչական խորհուրդի երաշխաւորութիւնը եւս։
«Բարոյագիտութիւն – փիլիսոփայական ակնարկ» (Ethics – philosophical approach, 2. Edition) երկի երկրորդ, վերստուգուած ու ընդարձակուած հրատարակութիւնը (2021 թ.) տպուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի տպարանին մէջ։
Փիլիսոփայական բարոյագիտութեան մասին, տարբեր դասախօսութիւններով հանդէս եկած է նաեւ՝ Էջմիածնի Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանին (աստուածաբանական համալսարան), Սեւանի Վազգէնեան Հոգեւոր Դպրանոցին, Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանին եւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ։
«Աստուածիմաստութիւն – փիլիսոփայական ակնարկ» (Theosophia – philosophical approach) երկը եւս հրատարակուած է Անթիլիասի տպարանէն (2024 թ.), 790 էջով։
«Փիլիսոփայական ակնարկ» ընդհանուր վերնագրի տակ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պաշտօնաթերթ ՀԱՍԿ ամսագրին մէջ, տակաւին լոյս կը տեսնեն իր շարք մը բարոյափիլիսոփայական ու աստուածաբանական կամ աստուածիմաստական յօդուածները։
Բոլոր գիրքերը գրուած են արեւմտահայերէն լեզուով եւ դասական ուղղագրութեամբ, արդարեւ երկու երեւոյթներ, որոնք մեծ կարեւորութեամբ կը շեշտուին արեւմտահայ հեղինակին կողմէ։
Հեղինակի հասցէները.-
Dr. Sarkis Kehyayan
Rübezahlweg 24
42111 Wuppertal - GERMANY
[email protected]Հայր Ղեւոնդ Ալիշան-200