ՕԶԱՆԵԱՆ ԳԱԳԻԿ

Ծնած է Շ. Գարահիսար 1882ին։ Աշակերտ ծննդավայրին Ս. Փրկչեան դպրոցը, յետոյ Անաթօլիա Գօլէճը (Մարզուան)։ Պահ մը առեւտուրով զբաղած ու իբր հնչակեան գործիչ ձերբակալուելով 11/2 տարի բանտուած է Կիրասոն ու Տրապիզոն։

1903-6ին ուսուցիչ ծննդավայրին վարժարանը, իսկ այնուհետեւ տնօրէն Ս. Սահակեանի (Մարզուան), ստանձնելով հայերէնի, քղք. տնտեսութեան եւ. առեւտր. ուսմանց դասեր։

Աշխատակցած պօլսահայ թերթերու. Մարզուանի մէջ հրատարակած Հայկունի երկշաբաթաթերթը։

— Գործերը. Հայապատում (Հայուն պատմական դերը), Պատմութիւն հայ լեզուի եւ բանահիւսութեան, 1912ին եւ 13ին ապոլած Մարզուան, երկու ուշագրաւ եւ երկարաշունչ երկասիրութիւններ՝ որոնք բանասիրութեան ու պատմութեան մէջ ունեցան իր հմտութիւնը ցոյց կուտան։

— Սվազ սպաննուած՝ 1915 Ապրիլի տարագրեալներու խումբով։