Ծն. 1860ին Խարբերդ ուր ստացած նխն. կրթութիւնը։ Ինքնաշխատութեամբ իր ուսումը զարգացուցած, կը նետուի ուսուցչական ասպարէզ՝ նախ Խուփսի (Քղի) դպրոցը պաշտօնավարելով, յետոյ ծննդավայրին մէջ անհատական ջանքերով հիմնելով կրթարան մը զոր կ’աջողի կանգուն պահել ցմահ եւ հասցնել բազմաթիւ սաներ, որոնցմէ յիշենք Ռ. Զարդարեանը։
Երկար տարիներ վարած է նաեւ Ս. Յակոբ թաղի վարժարանը։ Հակառակ դաստիարակի իր կոչման հաւատարիմ մնալուն, բարձի թողի չէ ըրած բնաւ գրականութիւնը զոր շէնցուցած է համով հոտով արձակներով,— պատմուածք, աւանդավէպ, թատերգութիւն — բոլորն ալ թրքահայ եւ արտասահմանեան թերթերու մէջ ցրցքնուած։
Ատոնց մէջ գաւառի Հայուն նահապետական ու թշուառ կեանքը կը ցոլանայ՝ ինքնատիպ, քիչ մըն ալ խրթին լեզուով մը ուր բանասէրը պիտի գտնէ հարուստ մթերք մը՝ գունագեղ բառերու եւ յատկաբանութեանց։ Ամենացցուն դէմքը գաւառիկ գրականութիւնը մշակողներու շարքին մէջ, (Խրիմեանի, Սրուանձտեանցի ու Գեղամի նման), զոհ Մեծ Եղեռնին։
— Գործերէն յիշենք Ո՞ր մէկուն ետեւէն եւ Էնդի դէմէն ուշագրաւ թատերախաղերը։ Կը թողու շատ մը անտիպներ որոնք թէեւ խնամով հաւաքուած ու պահուած էին աղէտէն հրաշքով ազատող հայրենակից իր սանին՝ Վահէ Հայկի կողմէ, բայց կ’ենթադրուին փճացած ըլլալ։
Հայր Ղեւոնդ Ալիշան-200