ՍՄԲԱՏ ԲԻՒՐԱՏ

ՍՄԲԱՏ ԲԻՒՐԱՏ (ՏԷՐ ՂԱԶԱՐԵՆՑ)

Ծնած է Զէյթուն 3 Մարտ 1862ին։ 1871-80ին աշակերտ Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վրժրն.ի։ 1880-2ին Մարաշ՝ իբր ուսուցիչ ու տնօրէն։ 1882-4ին Զէյթուն՝ Միացեալի ուսուցիչ։ Այդ ատեն է որ պաշտօնակից Խ. Տատուրեանի հետ կը պատրաստէ Ուլնիա կամ Զեթուն տեղագրականը, որուն ձեռագիրը Յ. Ալլահվէրտեան շորթելով իբր իրը մամուլի յանձնած է վերջէն։ 1885ին Սիս դպրոց մը կը բանայ։ Նոյն տարին Պօլիս գալով՝ կը ծանօթանայ գրչի մարդոց եւ կ’ամուսնանայ Գալֆայէան Որբանոցէն վարժուհիի մը հետ։ 1885-7, տնօրէն Կիւմիւլճինէի եւ Զէյթունի դպրոցներուն, 1887-90ին ալ Սամսոն՝ ուր կրթարան մը կը հիմնէ։ Երբ հնչ. գործիչ՝ կը ճամբորդէ գաւառներ, բրոբականտի գործով, բայց ձերբակալուելով՝ 5 տարի Մարաշի եւ Հալէպի բանտերը կը մնայ կնոջը հետ։ Ազատ արձակուելուն՝ Պօլիս կուգայ եւ 1 տարի կը պաշտօնավարէ Գատըքէօյի Արամեան դպրոցը։  96ին Եգիպտոս կը փախչի եւ դադրելով յեղ. կուսակցութեան մը պատկանելէ՝ կը նուիրուի կրթ., գր. եւ հասարակական գործունէութեան։ Գահիրէ հիմնած դպրոցը կ’աջողի 4 տարի շարունակել եւ հրատարակել Փիւնիկ եւ Նոր օր թերթերը։ 1904ին Աղեքսանդրիոյ ազգ. դպրոցին տնօրէնութեան կը կոչուի զոր 2 տարի կը շարունակէ։ 1907ին կը տեսնենք զինք Ռումանիա, ուր տարուան մը չափ մնալէ վերջ՝ կ’ստիպուի Եգիպտոս դառնալ, լրտեսութեան մը զոհուելով։

Սահմանադրութեան հռչակումին՝ շունչը Պօլիս կ’առնէ, նետուելու լրագրական եւ ուսուցչական ասպարէզները։ Պահ մը շարունակած էր Փիւնիկը, նաեւ Գաղափար թերթը (42 թիւ)։ Ազգ. երեսփոխան ընտր. իր ծննդավայրէն։

– Երկերը՝ մեծ մասամբ ազգավէպ, յեղափոխական կեանքէ. Բանտէ բանտ, Եըլտըզէ Սասուն, Զեթունի վրէժը, Դեպի Եըլտըզ, Իննսուն-վեց, Զեթունցի վրդպտ.ը, Որդեսպան ծնողքը, Սասունէն ետքը, Վերջին բերդը, Տեմիր Մուշլու, Վեղարաւոր Հերոսը, Թիակապուտները, Աւարայրի արծիւը, Ազատութեան համար, Արիւնի ճամբուն վրայ, Աւետարան Զեթունցերէն), Բուրգերէն, Պատմութիւն Հայոց (Ա. Հատոր), Արիւնի ձոր (Յետ Մահու տպ.։ Ձեռագիր կը թողու Բանաստեղծութեանց հատոր մը, Լեռնականի մը յուշատետրը, Լեռին կոյսը, Հէնրիաթ (Վօլթէրի)։

– Հմուտ գրբր.ի, ֆրնս.ի եւ պատմութեան։