ԵՐՈՒԽԱՆ

ԵՐՈՒԽԱՆ (ՍՐՄԱՔԷՇԽԱՆԼԵԱՆ ԵՐՈՒԱՆԴ, 1870-1915)

Ծն. Հասքէօյ (Պօլիս) 1870 Յուլիսի։ Ներսէսեանի, ապա Կեդրոնական սան։ Պատանի հասակէն «Երուանդ» անուամբ կ’աշխատի «Ճ. Շարգիէ»ի, «Արեւելք»ի ու «Մասիս»ի, մեծ մասամբ ձկնորսներու կեանքէ քաղուած սրտայոյզ նորավէպերով։ Դէպքին՝ շատերու պէս ինք ալ Վառնա կը գաղթէ եւ կը պարապի ուսուցչութեամբ. հոն է որ կը հրատարակէ Շարժում թերթը (որ ետքէն փոխանցուած է Վարդոյի) եւ Շաւիղ հանդէսը. նաեւ աշխատակցութեան լայն բաժին մը կ’ունենայ տպարանատէր Օ. Բարսեղեանի լոյս ընծայած Վիպաթերթին խմբագրութեանը մէջ։ Վաոնայէն էր որ կը թղթակցէր «Բիւզանդիոն»ի, գրաքննութեան խստութեան հետեւանօք՝ «Ե. Գաղթական» ծածկանուամբ։ 1904ին Եգիպտոս անցնելով՝ կը շարունակէ գրագէտ եւ ուսուցչի իր զբաղմունքը։

Կ’ամուսնանայ եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ Ս. Բիւրատի հետ լոյս կ’ընծայէ Սիսուան ամսաթերթը, 2 թիւ միայն։ Արփիարի մահէն վերջ՝ խմբագրապետ «Լուսաբեր»ի եւ աշխատակից «Անահիտ»ի։

—Սահմանադրութեան հռչակումին, թրքահայ փախստական բոլոր մտաւորականներուն պէս՝ շունչը Պօլիս կ’առնէ եւ կ’ստանձնէ «Արեւելք»ի խմբագրապետութիւնը — Տքթ. Թօփչեանի տեղ, — տալով օրը օրին ջղուտ առաջնորդներ եւ «Ազատ կարծիքներ»։

— Ազգ. երեսփոխան ընտր. Բաբերդէն։

— Տաղտկացած լրագրական ապերախտ ասպարէզէն, Երուանդ կը մտնէ աւելի՝ ապերախտ ասպարէզէ մը ներս։ Տնօրէնութեան կը կոչուի Սկիւտարի Ս. Խաչ վարժարանին, պաշտօ՛ն զոր 3 տարի կը վարէ եւ 1913ի աշնան կը հրաւիրուի Խարբերդ, ստանձնելով տեսչութիւնը տեղւոյն ազգային դպրոցին եւ հոնկէ թղթակցելով «Ժամանակ» օրաթերթին։

Կուգայ Ահաւոր Տարին, 1915: Հալածանքը կ’սկսի. դպրոցները կը փակուին, եւ մտաւորականք — յայտնի դէմքեր բոլոր՝ կղերական, ուսուցչական, փաստաբանական եւ առեւտրական դասէն — կը լեցուին Մէզրէի բանտը, մատնուելով անլուր տանջանքներու. յետոյ կալանակապ՝ կը տարուին խումբ խումբ: Եւ գլուխներ կ’անձրեւեն գետին, արիւնի շատրուաններով . . .։

Գրչի ու միտքի անհամար մեր վաստակաւորներուն պէս՝ Սրմաքէշխանլեան չունի գերեզման, որուն վրայ մեր արցունքն ու ծաղիկը թափէինք օր մը։ Բայց կը թողու տարաբախտ իր ընկերներուն պէս նո՛յնքան նուիրական բաներ՝ մեր յարգանքին ու հիացումին առարկայ, — իր գործերը։

Վէպերէն յիշատակելի են Կեանքին մէջ խորագրով նորավէպերու ժողովածոն, Մերժուած սէրը (Վառնա տպ. ապա թերթօն «Արեւելք»ի մէջ Ամիրայի աղջիկը խորագրով) եւ Հարազատ որդին զոր թատրերգութեան վերածած է ի Խարբերդ։

— 1913ին թարգմանած է Էտ. Տռիոյի Արեւելեան խնդիրը եւ Հայկ. Հարցը, իսկ 1894ին՝ Շ. Տիւբիւի Բարոյագիտութիւնը։