Շնորհալի եւ պարագայ իւր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ.
Ապիրատ եւ որդիքն. Ներսիսի Ծնունդ եւ Սնունդ. Վանորայք Սեաւ Լերին. Ստեփանոս Կարմիր-Վանեցի Գիտնական Վդ.   Բարսեղ կաթողիկոս:

 

Վկայասիրին քեռորդին Ապիրատ, իր տոհմակից իշխանաց նման տեղէ տեղ փոխադրելով իշխանութեամբ, Մարաշու կողմերէ Ծով կոչուած  ամուր բերդի մը մէջ հաստատեր էր իր բնակութիւնը. Թուրքաց զօրութեան եւ Յունաց տկարանալու ատենն էր. ամեն մանր իշխան՝ իրեն ամուր տեղ մը կը փնտռէր. Ապիրատ աւելի ամրացուց այս տեղս, պէտք եղած շէնքեր եւ վայելուչ եկեղեցի մ՚ալ շինելով, որ յետոյ իր որդւոց հայրապետական աթոռ պիտի ըլլար։ Հօն ՚ի լոյս ընծայեցան Գրիգորիս (1096) եւ Ներսէս. ետքինս՝ յամի 1102, ի սկիզբն Թ դարամըտի Լուսաւորութեան ազգիս. այսինքն ամբողջ յետ 800 տարի անցնելու այն տարիէն՝ (302) յորում առաջին Պահլաւունի Հայրապետն եղաւ Լուսաւորիչ Հայոց, եւ իբրեւ ութ դար վերջը նոյն տարեթուին  պարգեւեց Շնորհալին Հայոց։

Լուսաւորչի համար պատմական աւանդութիւնն կ՚ըսէ, թէ Ս. Թադէոսի հանգստարանին քով Արտազ գաւառի յղացեալ ըլլայ: Շնորհալւոյ համար ալ՝ եթէ այս անունս արդարեւ ՚ի հրեշտակէ նախընծայեալ է, կըրնայ ըսուիլ հրաշախառն սկիզբ ունեցած եւ մի յայն մաքրակենցաղ եւ աստուածընտիր անձանց՝ որք գերազանցօրէն կ՚ըսուին յեկեղեցւոջ՝  յորովայնէ ընտրեալ. որոց սրբութիւնն եւ շնորհքն՝ կենաց հետ սկսած է, եւ ուրիշ պակսութիւն կամ  արատ մը չեն ցուցած, բայց մահկանացու ըլլալն, եթէ այս աւելի պարծանք մը չէ այնպիսեաց, որք մարմին ունենալով անմարմնապէս կապրին։ Յիրաւի ՚ի մէջ ընտրելոց եւ սրբոց ալ սակաւաթիւ են այսպիսիք. չեմք տարակուսիր որ մի է յայնցանէ եւ մերս Ներսէս, որչափ որ վարքն վկայութեամբ ժամանակցաց եւ մերձաւորաց, դարական աւանդութիւն եւ իր թողած գործքն կը նշանակեն մեզի. մի յայն անձանց՝ զոր նախախնամութիւնն դարէ դար կը խաւրէ յաշխարհ՝ իր տանը մէջ մեծ գործ մը կատարելու, բազմաց փրկութեան պատճառ ըլլալու, եւ անանց յիշատակ եւ օգուտ թողլու յապագային, յազգ եւ յեկեղեցի. մի այն կարմիր եւ պայծառ հոգիներէն՝ որոց լոյսն եւ ջերմութիւնն գրեթէ անհրաժեշտ կ՚ազդէ մերձակայից, եւ կը տարածուի ՚ի հեռաւոր ժամանակս. մի այն կրակոտ միանգամայն եւ կակուղ սրտերէն՝ որք աստուածային սիրոյ յարմարագոյն ընդունարան մ՚ըլլալով՝ յարմարապէս ալ զայն կը ծաւալեն ուրիշներու. այնպիսի հոգիներ՝ որ առանձնական իմն հաղորդիչ եւ յեղափոխիչ կնիք ունին եւ որոշուին նաեւ ՚ի մէջ սրբոց եւ գովելեաց:

Ս. Ներսէս յաւազանէ ուրիշ անուն մ՚ունէր առած, կ՚ըսուի, բայց ոչ ոք յիչեր է զայն. այնքան Շնորհալի կոչումն ամեն անուան տեղ բաւական սեպուած է. իսկ Ներսէս անունն քահանայ ձեռնադրութեան ատեն դրած է իրեն, կ՚ըսեն, իր կաթողիկոս եղբայրն Գրիգորիս, ՚ի յիշատակ Մեծին Ներսիսի Պարթեւի (որուն հետ ալ զարմանադէպ նմանութիւն ունեցաւ քահանայապետութեան ժամանակին թուականներովը [1] Հազիւ կաթէ կտրուած՝ Ներսէս իր երիցագոյն եղբօր՝ Գրիգորիսի Հետ, Ծովուց դղեակէն տարուեցաւ իբրեւ բունէ հանած զոյգ ձագուց՝ առ պապն իւրեանց Մեծ Վկայասէրն, որ այն ատեն Գող Վասլի սահմանաց մէջ կը բնակէր. թերեւս պատերազմի վախ կար տղայոց ծննդեան տեղը, ինչպէս որ յիրաւի քանի մը տարի վերջ ալ այլ ազգիք յարձակեցան հօն, հայրերնին վռընտեց զանոնք, այլ իրենց նախնի Գրիգ. Մագիստրոսի հօր՝ Վասակայ պէս՝ պատերազմէն ետեւ դարանակալ թշնամւոյ մը ձեռքով զարնուելով՝ մեռաւ (ամի 1111)։ Նոյն ատեններին վախճաներ էր Գող Վասիլ մեծ իշխանն ալ, ասպնջականն Վկայասիրին եւ անոր Թոռնեկաց։ Բայց սա լաւ ձեռաց յանձներ էր իր սաները, եւ անոնց մարմնաւոր սնունդէն աւելի՝ մտաւորն եւ հոգեւորը հոգալով, կրթել տուաւ գիտնոց եւ սրբասիրաց, որով՝ մեր հարազատքն՝ ունէ եւ ընտանիքէ աւելի՝ ճանչցան վանքեր եւ վանականներ, եկեղեցիներ եւ քահանայական դասեր. մարմնաւոր ծնողաց գգուանքէն աւելի՝ ընդունելով հոգեւոր դաստիարակաց խնամքը. եւ կանուխկեկ յայտնուեցաւ՝ որ իրենք երկնից՝ քան երկրի համար են։ Իրաւամբք կ՚ըսէ ուրեմն իր վարուց համառօտիչ մը, թէ «Սնուցանէին (զնա) եւ ուսուցանէին ամենայն բարեպաշտութեամբ ՚ի խանձարրոց՝ առ սուրբ հայրապետին Գրիգորի Վկայաuիրի»։ Եւ Լամբրոնացին

 

«Ի uտընդիայ փոքր հասակէ 

Ի միանձանց սրբոց կոչէ:

Դաստիարակ ուսման կարգէ»։ 

 

Բայց թէպէտեւ փափուկ տղայութենէ վեր միշտ այսպիսի խոշորակեաց անձանց մէջ մեծցաւ եւ կեցաւ Ներսէս, այլ իր ծննդեան եւ վիճակին յարմար անձանց հետ ալ անպակաս կ՚ապրէր, այս ինքն իշխանազանց եւ եպիսկոպոսաց. արդէն իր սնած տեղին համար կ'ըսէ Պատմիչ մը թէ. «Տուն (Գող) Վասլին էր յայնժամ հաւաքարան թագաւորազանց եւ ազատաց Հայոց, եւ աթոռ հայրապետաց». որով իրեն ազնուականութեան կնիքն ոչ թէ միայն ոչ ջնջեցաւ կամ բրտացաւ, այլ ավելի նրբագոյն ազնուութիւն մ՚ունեցաւ. եւ հայրենի ազնուականութեան հետ խառնուելով հոգեւոր մ՚ալ՝ արդարեւ շնորհալի կազմեցին զինքը ամենայն կերպով. եւ ինչուան իր մեզի յիշատակ թողած գրուածներէն ալ՝ կըրնայ նշմարուիլ ազնուական հեղինակ մը։ Ներսէս Գրիգորիս- զատ երկու եղբայր ալ ունէր, Վասիլ անդրանիկն եւ Շահան կամ Զօրավար՝ կրտսերն. զանոնք թողլով իրենց ծնողաց եւ աշխարհի օրինաց՝ Վկայասէր երկու միջիններն ընտրեց նուիրել եկեղեցւոյ եւ իր աթոռոյն յաջորդութեան. եւ այս բանիս յարմարցընել ուզեց զանոնք՝ սրբութեամբ վարուց եւ գիտութեամբ գրոց։ Արդէն իրենց բնակած տեղն այն ատեն կենդրոն կամ uահման էր բազմութեան միաբանակեաց սրբասիրաց եւ իմաստասիրաց:

Ասորւոց երկրին եւ Կիւլիկիոյ միջոց Տօրոս լերանց ընդարձակ թեւ մը կը տարածի, ծանօթ ՚ի հին դարուց՝ Ամանոս լերանց անուամբ , որք այս ատեն Սեաւ Լերինք կոչուէին՝ քարոտ երկրին գոյնին պատճառաւ, ա՛լ յետոյ եւ հիմայ Կեավուր-տաղ. բնական ամրութեան համար հօս ժողոված էին դարերով առաջ Ասորի եւ Յոյն կրօնաւորք եւ ճգնաւորք, զանազան վանքեր շինելով քարանց խորշերը. վերջի ատեններ աւելցան հօն եւ Հայք. եւ իւրաքանչիւր իրենց լեզուաւ եւ ծիսիւ կը զբաղէին աղօթից եւ ուսմանց. անոր համար եւ Սուրբ Լեառն կոչեցաւ: Ինքնին Շնորհալին իր առաջին մեզի հասած գրուածոյն մէջ` կ՚ըսէ տեղւոյս համար։ 

 

« Անդ՝ ուր սրբոցըն բնակք եղեալ 

Եւ ՚ի մարմնի հրեշտակացեալ

Մշտամռունչ փառաբանեալ

ԶԵրրորդութիւնն ամենօրհնեալ.

՚Ի վայելուչ յայն վայր եկեալ.

՚Ի Սեաւ մըթին լեառն անուանեալ.

Ուր են հոգիք լուսաւորեալ»։ 

 

Այնչափ բազմաթիւ էին վանքն եւ վանականք, որ երբեմն կայսերք Յունաց ագահութեամբ ուզեցին կողոպտել զանոնք , կամ խաչւորները աղեղնաւոր դարձընել [2], եւ երբ Ա. Խաչակիրք անոնց սահմաններէն կանցնէին սոված, վանականք շատ պաշար տուին անոնց։ Պիտանի հետազօտութիւն մը պիտի ըլայ այս բազմաթիւ վանորէից մնացորդքը եւ հետքը քննել, որչափ որ տեղին եւ տեղը բռնող Թիւրքմէնից կամ նմանեաց դժարութիւնն թողու: Մեր պատմչաց քով հազիւ 10 կամ 12 անուն կը գտնեմք Ասորւոց եւ Հայոց վանաց. մերայոց մեջ ամենէն անուանին էր Կարմիր վանքն մօտ ՚ի Քեսուն, իշխանանիստն Գող Վասլին, եւ անոր մօտ Արէգի վանքն (եթէ ոչ նոյն). այս էր գլխաւոր կայարան Վկայասիրին, եւ յետոյ Բարսղի կաթողիկոսի. ուր հեռաւոր կողմերէ ալ կու գային բանասէրք՝ լսելու եւ սովրելու. եւ ինչուան ոմանք ՚ի վարդապետաց՝ իրենց կարգը եւ պատիւը ծածկելով` կ՚աշակերտէին այս վանաց վարդապետաց. ինչպէս կ՚աւանդեն անուանի Մխիթար Գոշ վարդապետի Համար։

Այսպէս ըրաւ եւ մեր պատմութեան կարեւոր՝ Ստեփանոս վարդապետ մը, որ շատ սրամիտ եւ սրբասէր ըլլալով՝ պատանեկութեան մէջ քահանայական աստիճան սռեր էր եւ կը վարդապետէր իր երկրին՝ Մեծ Հայոց մէջ, ուսկից այլազգեաց ասպատակութեան պատճառաւ հեռացեր եկեր էր հօս. եւ դեռ 18 տարեկան ըլլալով՝ դիւրաւ կըրցաւ աշակերտ ձեւանալ եւ վարպետ փնտռել։

Բայց ոչ երկար ատեն. իմաստութիւնն եւ շնորհքն՝ զինքը յայտնեցին. իմացուեցաւ իր աստիճանն , եւ իր երկրին մէջ քարոզ ալ տալն, առանց գաւազան կրելու։ Վանքին բարեսէր ծերունի վարդապետք եւ հարք յորդորեցին որ իրենց դիմաց ալ քարոզ մը տայ. հնազանդելով՝ կատարեց անոնց խնդիրքը. ամենուն զարմանքը շարժեց գիտութեամբն եւ վայելչաբանութեամբ, զոմանս սիրով եւ գովութեամբ, զոմանս ալ նախանձով. մինչեւ սկսան մեղադրել զծերերը, թե ինչո՞ւ թողուցին որ այդպիսի դեռահասակ քահանայ մը քարոզէ հանդիսապէս։ Ինչուան Բարսեղ կաթողիկոսի ականջը հասաւ ամբաստանութիւնն, այլ անկէ աւելի համբաւն. որ եւ յօժարութեամբ օր մը գալով այս վանքը, իբրեւ այցելութիւն ընելու, հետն ալ պատուաւոր եպիսկոպոսներ եւ իշխաններ առած, երբ շաբաթ օրը երեկոյեան ժամերգութենէն ետեւ քարոզ տալու կարգն եկաւ, ինչպէս որ այն ատեն սովորութիւն էր, վանականք խնդրեցին կաթողիկոսէն՝ որ իրեն հես եկող վարդապետներէն մէկն քարոզ տայ. իսկ նախանձոտներն կ՚ըսէին թող ձեր տղայ վարդապետն խօսի՝ որ լսենք։ Փորձի ժամանակն հասած Էր. հրամեց կաթողիկոսն ալ որ Ստեփանոս քարոզէ. եւ սա խօսեցաւ առանց դժարութեան, եւ այնպէս վայելուչ եւ առատաբան, մինչեւ նախանձողքն անգամ սկսան վախնալ իրենց ցուցած արհամարանաց համար։ Իսկ կաթողիկոսն, երբ եկաւ Ստեփանոս երկրպագութեամբ շնորհակալելու, ոտք ելլելով գրկեց իմաստութեամբ հասունացեալ վարդապետը, իր ոսկէզարդ գաւազանը եւ մատանին դրաւ անոր ձեռքը. այն օր կատարեալ վարդապետաց դասը անցընելով զնա, իսկ երկրորդ օրը՝ եպիսկոպոս ձեռնադրելով, եւ Գող Վասլի իշխանութեան տակ եղած տեղերը՝ իրեն թեմ տուաւ բոլոր։ Ստեփանոս երբեմն այն տեղուանք պտըտելով, երբեմն վանքերը նստելով՝ սկսաւ համարձակ վարդապետել եւ սովրեցընել. եւ քանի որ հասակն առաւ՝ աւելի տարածեցաւ համբաւն, եւ շատերն կը դիմէին իրեն աշակերտելու: Ազգերնուս նշանաւոր վարդապետաց կարգն անցաւ՝ Ստեփանոս Կարմիրվանեցի կամ Գիտնական մականուամբ. թԷ եւ մեզի ծանօթ գրուած մը հասած չէ այս գիտնական եւ վայելչաբան վարդապետէս. այլ ինչպես գեղեցիկ կը խորհըրդածէ այս աւանդութեանս պատմողն, «Ասաց ոմն յիմաստնոցն, եթէ ծածկեալ գիտութեան վարդապետի՝ բերան են աշակերտքն»: Եւ ահա շատ աշկերտներէն զատ (որոց անուանքն ալ ծածկուած են), կան չորս աշակերտք ծանօթք, չորս արծաթի բերանք, որք մեր ԺԲ մեծանշան դարուն դպրութեան եւ գիտնոց պարագլուխք են, եւ ամենէն ընտիր եւ յստակ հայկաբանութեամբ եւ վայելչաբանութեամբ գրօղք. Իգնատիոս եպիսկոպոս՝ Ղուկասու աւետարանի մեկնիչն, Սարգիս վարդապետ, Կաթուղիկեայց թղթոց մեկնիչն, եւ երկոքին Պոհլաւունի հարազատքս՝ Գրիգորիս եւ Ներսէս. որոց նման մաքուր եւ շնորհազարդ գըրողք կամ չեն եղած կամ շատ քիչ իրենցմէ առաջ եւ ետեւ. եւ յետ Ե դարու Թարգմանչաց՝ անոնց հաւասար օրինակագիրք են հայերէն դըպրութեան։

Ահա այսպիսի մաքուր սրտով եւ մաքուր բերնով անձի մը եւ նմանեաց դաստիարակութեամբ՝ ձեւացաւ մեր Շնորէալին. եւ իբրեւ արծաթեղէն քուրայի մէջ թափուելով՝ պայծառ ոսկի դուրս  ցոլացաւ։ Այսպիսի ձեռաց մէջ՝ չէր տարակուսեր Բարսեղ՝ մեծ Վկայասիրին աւանդները լաւ տեղաւորած ըլլալու. որ եւ զԳրիգորիս՝ հազիւ 15 կամ 16 տարեկան՝ քահանայ ձեռնադրեց. եւ սկսաւ պատրաստել աւելի բարձրագոյն աստիճանի, որոյ՝ իր անկարծելի մահուամբն՝ նա ժամանակէն առաջ ալ հասաւ. եւ հարկ եղաւ աշակերտութեան խոնարհ աթոռակը թողուլ, եւ վարդապետութեան բարձրագոյն գահը բազմելով՝ իր աստուածաշնորհ հանճարը բանեցընել, օգնութեամբ իր վարպետ Ստեփանոս եպիսկոպոսի եւ նմանեացն։ Բայց եղբայրն՝ Ներսէս՝ աւելի երկայն ատեն աշակերտեցաւ, նոյն իսկ խնամօք եւ հոգով իր եղբօրը, որ թէ եւ իրմէ 6 կամ 7 տարով միայն մեծ էր, այլ հիմայ հոգեւոր աստիճանաւն ոչ միայն հայրացաւ այլ եւ հայրապետացաւ։ Յայտնի էր որ երկու եղբարքն ալ Հայոց սրբազան աթոռոյն համար կը պատրաստուէին, բայց չէր կարծուեր այսքան շուտով: Բարսեղ դեռ չէր հասած Վկայասիրին ծերութեան. եւ անոր պէս միտք ունէր Երուսաղէմ երթալու, յետ Վարդավառի տօները կատարելու, եւ ճամբան յանկարծօրէն, եւ ցաւալի կերպով մը, փոխեցաւ յանդարձ ճամբայ։ Կամ տօնական հանդէսը կատարելէն վերջը՝ տանեաց մը վրայ հանգչելու ատեն իր փոքրաւորօք, տանիքն վար փլաւ, եւ կամ շենք մը շինել տալով եւ դիտելով զայն՝ սիւն մը պըրծաւ կանգնողներուն ձեռքէն, եւ վրան ընկաւ. կամ մէկ կամ մէկայլ կերպով` զինքը վտանգեց մահ՝ երեք օր միայն ապրեցաւ. բայց այն օրերուն՝ միակ կարեւոր գործ համարեցաւ շուտով իրեն բերել տալ զԳրիգորիս, եւ մօտ գտնուած եպիսկոպոսաց եւ իշխանաց առջեւ՝ ձեռնադրելով եպիսկոպոս, կամ (ըստ ոմանց) միայն տալով անոր կաթողիկոսական քօղն ու գաւազանը, ինչպէս որ ութ տարի առաջ կտակել էր Մեծ Վկայասէրն, եւ ամենուն հաւանութիւնն առնըլով՝ վախճանեցաւ։ 

Յամին 1113 ամառուան մէջ, Գրիգորիս՝ այսուհետեւ Գրիգոր Գ, նստաւ յաթոռ Մեծի Վկայաuիրին, ինքն ալ Վկայասէր Փոքր, եւ յաթոռ նախահաւուն իւրեանց՝ Ս. Լուսաւորչին. ասոր թոռան եւ իր անուանակից Գրիգորիսի՝ որդւոյ Վրթանիսի նման՝ պատանեկութեան մէջ այնպիսի գերազանց բարձրության հասած, դեռ հազիւ 18 տարեկան ըլլալով. որ որչափ ալ մերձաւորաց խորթ բան մը չէր երեւեր, ընտրելոյն սրբութիւնը եւ իմաստութիւնը տեսնելով, հեռաւորաց կըրնար գայթակղութիւն կամ արհամարհանք ըլլալ սակայն բաց ՚ի Աղթամարայ կողմէն, ուր առաջուց ալ ինքնագլխութիւն մտեր էր, ուրիշ շատերու շփոթութիւն չբերաւ այս բանս. մէկ մը արդէն ծանօթ ըլլալով Վկայասիրին դիտաւորութեան  մէկ մ՚ալ՝ ոչ անսովոր Հայոց մէջ ազգաւ ժառանգութեան նաեւ սրբազան կարգաց, եւ Լուսաւորչի ցեղին օրինակն ոչ միայն յայտնի՝ այլ եւ պաշտելի Էր, ինչպէս որ քիչ մ՚առաջ տեսանք։ Սակայն մեզի ժամանակաւ հեռաւորաց, եւ ընդհանուր անաչառ դատողաց՝ դարձեալ անբնական  եւ անընդունակ գործ մը կ՚երեւի, որչափ ալ անձինքն սիրելի են. եւ նոյն ինքն անոնց մերձաւորն  արեամբ եւ արդեամբ եւ ժամանկաւ՝ Ն. Լամբրոնացին, կերպով մը մեղադրելով ազգաւ քահանայական պայազատութիւնը, կը յիշէ որ իր օրերն ալ կը խօսէին այս Գրիգորիսի դեռահասակ կաթողիկոսութեան, եւ Ներսիսի եղբայրական ընտրութեանն համար. թէ եւ ինքն ալ չի կըրնար լռել անոնց անհամեմատ արժանաւորութիւնը: Այս բանիս համար Էր որ հարկ համարեցանք քահանայական պայազատութեան վրայ խօսիլ։



[1] Մեծն Ներսէս նստաւ կաթողիկոս յամի 565 , + ՚ի 375: Շնորհալին նստաւ յամի 1166, + 1175, երկուքն ալ նոյն տարեթուի. հետեւաբար երկուքն ալ միայն իբրեւ ութ տարի աթոռակալեցին։

[2] Այս արեւելեան եւ ցամաքային Աթոս սրբազան լերին բարգաւաճանաց համար կ՚ըսէ մեր ժամանակակից պատմըչաց մէկն. «Տեսանէ (Ռոմանոս կայսր) անդ բազմութիւն վանորէից եւ զմենաստանս միայնակեցաց, որք ՚ի մարմնի գոլով՝ զանմարմնոցն բերէին զնմանութիւն, որք միով այծէիւ կամ բաճկոնաւ շատանան... երկաթի բրիչ ՚ի ձեռն առեալ՝ խոնջեալ աշխատին ՚ի գարի սերմանեաց պատրաստեալ զօրապահիկն կերակուր ՚ի գլուխ լերինն բարձրացեալ՝ Նախամարգարէին կաճառակից գոլով՝ միշտ ընդ Աստուծոյ խօսին ։ Թագաւորն ասէ. - ՉԷ ինձ պիտոյ աղօթք նոցա, այլ գերեցէք յամենայն  վանորէիցն աղեղնաւորս՝ ՚ի ծառայութիւն իմում թագաւորութեանս »: - Արիստ. Լաստիվ. Զ։