Հայ-Վենետ կամ յարընչութիւնք հայոց եւ վենետաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Միրաքայ դեսպանութենէն քանի մի տարի վերջ երկու հեռաւոր դաշնակիցքն Վենետք եւ Պարսք ` իրենց կողմը ձգելով զԳարամանն ( Կիլիկիոյ մասին իշխողն ). քանի մի ծովեզերեայ բերդեր գրաւեցին, Կոռիկոս, Սելեւկիա, Սիկոյ բերդ, եւ այլն ). իսկ ցամաքի վրայ ` Հասան առաջ յաջողելով վերջը ձախողելով ի Դերջան մեծ պատերազմի մէջ, յետ քաշուեցաւ, Վենետք ալ կարճ ժամանակ մի ողջունելով իրենց հարց ծանօթ հին դաշնակցաց ( Հայոց ) ծովափունքը ` նաւերնին եւ զէնքերնին յետ դարձուցին, ոչ անցաւ աչօք դիտելով իրենց այլ անոնց այլ անբաւ հասրտութիւն բղխող Այասոյ կիսաւեր բերդերն ու ամայացեալ նաւահանգիստը: Անկէ հեռանալու ատեն կու հանդիպէին ի Կիպրոս, ուր ` ճնշդ դար մի յառաջ Հայոց իշխանութեան դադրած տարին, մասն մի ժողովըրդեան ` անցեր էր յայս դրացի կղզին, նրենց Լիւզինեան թագաւորաց ազգականաց քով, եւ ոմանք անոնց արքունեաց մէջ պաշտօնեայ եղած էին, ոմանք ալ գետիններ գնած տեղացի դարձեր. որոց սերունդէն դեռ գտուին մինչեւ այսօր: Բայց այս յիշեալ ժամանակս (1475) Կիպրոսի Լիւզինեան թագաւորաց ցեղն այլ նուազեր էր, եւ թագաւորութիւնզ ընկած վերջի թագաւորին կնոջ, գեղեցկութեամբ եւ պէսպէս բաղդով հռչակեալ Վենետկեցի Կատարինէ Գոռնարոյ դըշխոյի, որ վերջինն եղաւ Կիպրոսի եւ Երուսաղէմի հետ ` Հայոց թագուհի անուանուելու, եւ զնոյն դրոշմելու իր շիրմին ` վրայ ` ի Վենետիկ. ուր ` ճարտարութեամբ կամ խաբէութեամբ փոխադրեցին զինքը ` իր հայրենակիցք Վենետքն, եւ մինչեւ ի մահն օրինաւոր թագուհւոյ պատուով եւ անուամբ մեծարեցին, որոց փոխարէն ` այն մեծ եւ պտղաբեր գինեբեր Կիպրոս կղզին ` իրենց հասարակապետութեան ժառանգութիւն ըրին, յամին 1489 Բայց չմոռցան եւ զՀայս, եւ երբ կղզւոյն առաջին կուսակալ հոգացող կարգեցին ( զՕգոստինոս Պարպարիկոյ ), յատկապէս պատուիրեց ծերակոյտն ( ի 27 օգոստ. 1489), որ Հայոց այլ սահմանեալ թոշակները տայ իւրաքանչիւր արդեանց համեմատ, բայց երբ անոնք հեռանան կամ մեռնին ` անոնց տեղ ուրիշ անձ չի դնէ, առանց ծերակուտին հարցընելու [1]:

Յայտ է ասով ` որ Ռուբինեանց պայազատաց ` վերջին Գ Կոստանդեանց եւ Լեւոնեանց ազնուական Հայ պաշտօնէից սերունդքն ` դեռ աւելի քան զդար մի եւ մինչեւ ի վերջ ԺԵ դարու ` կերպով մի կու յաջորդէին իրենց նախնեաց ` ի Կիպրոս, նա եւ ընդ իշխանութեամբ Վենետաց. որոց ոչ սակաւ օգտակար ծանօթութիւն եւ ծառայութիւն ալ ըրին ` թէ այս թէ յաջորդ դարուն մէջ, քանի որ անոնք կու ջանային Պարսից ձեռօք իրենք զիրենք ապահովել յՕսմանեանց, ինչպէս պիտի տեսնեմք այս ետքի դարուս ( ԺԶ ) սկիզբները, յետ յիշելու քանի մի Հայոց երեւոյթ կամ յիշատակ ի բուն Վենետիկ, նախորդ ( ԺԵ ) յետին տասնամեկին միջոց:



[1]        Armeniis dari facies pro eorum merito statuto stipendium suum consuetum. Loco autem eorum qui pro tempore deficiunt, non surrogabis aligem, absque expressa licentia et ordine nostro.