Երազի մը գինը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ա
       Ո՜վ Վոսփորդ իմ անոյշ,
Վարդենեացդ ի թուփ
Ի՜նչ ախորժ գեղգեղեն
Սիրողքն ու պըլպուլք.
       Ամրան աղուոր կիրակի իրիկուն մ՚էր, մին մոգական այն իրիկուններէն, զոր կ՚ընծայէ Վոսփոր։ Քանի մը նաւակներ մեղմիկ մեղմիկ կը սահէին հեզասահ գետակին վրայ, որ ծածկուած է Վոսփորի խորշերէն միոյն մէջ։
       —Եօ՛ռկի, կամա՛ց, կամաց , կ՚ըսէր խարտեաշ պատանի մը իւր նաւավարին։
       Նաւավարը քմծիծաղ մ՚ունեցաւ, հասկնալով, թէ՝ պէտք չէր անցնիլ այն մակոյկն, որ կ՚ընթանար իրենց առաջէն։
       Հարկ չենք տեսներ դիմել մանուածապատ դարձուածքներու, որպէսզի իմացնենք, թէ այդ մակոյկին մէջ աղջիկ մը կար։ Հրանտ, խարտեաշ պատանին, այն զմայլական դրից մէջ էր՝ յորում կը գտնուին ծերերն եւ դպրոցէն նոր ելած պատանիք, երբ կը բռնուին սիրահարութեան տենչէ կամ ախտէ , ինչպէս որ կ՚ուզէք։ Բայց մակոյկի աղջիկն, ուրախ զուարթ, մտքէն իսկ չէր անցըներ սրտաշարժ դրից մէջ գտնուիլ. շնորհիւ այս անտարբերութեան, իւր ազդեցութիւնը մեծ եղաւ Հրանտի վրայ։ Անշուշտ դիտած էք, թէ աղջիկներն ո՛րքան նուազ զգենուն արտասուաթոր ուռենիներու կերպարանք, այնքան աւելի կ՚ազդեն տկար սեռին—այսինքն մեր խեղճ սեռին—վրայ։
       Հրանտ մեղաւոր չէր այդքան զգածուած լինելուն. բնութիւնն ալ հրաւէր կը կարդար սրտերու՝ մի քիչ բանաստեղծական տրոփիւններ ունենալ։ Պճնազարդեալ էր Կէօք Սույի անոյշ մելամաղձութեամբ, մելամաղձութիւն վերջալոյսի, որ սրտի մինչեւ խորերը կը ցոլացնէ կենաց երազներս եւ պատրանաց հրապոյրները։ Մակոյկի մը մէջէն կը լսուէին երգեր։ Քաղցր ու դաշնակաւոր ձայն մը կ՚երգէր.
       Յեթեր անդ կապուտակ,
Եւ ի Վոսփորին,
Մեղմահոս պլպլան
Խոպոպք լուսնեկին.
       այն անոյշ երաժշտութիւնն, որ կը բուրէ գեղ, սէր , երիտասարդութիւն։
       Օրօրուելով ալեաց մրմունջէն, հայ—իտալական նուագէն, թափեցան մակոյկներն ու նաւակներն ի Վոսփոր, եւ հերձելով հոսանքները, ցան ու ցիր սփռեցան ամէն կողմ։
       Մակոյկն, ուր կը գտնուէր աղջիկը, կ՚ուղղուէր դէպի Եէնի—Գիւղ։ Աւելորդ է ըսել, որ Հրանտի նաւակն հեռուէն կը հետեւեր նմա։ Սակայն աշխարհիս վրայ ամէն ինչ սպառուած մ՚ունի։ Աղջկան մակոյկին նաւավարները ձգեցին իրենց թեւճակներն Եէնի—Գիւղ եալըի մ՚առաջ, եւ նաւակին մէջ գտնուողք դուրս ցատկեցին թեթեւ զուարթ, ինչպէս պէտք է լինին նոքա, ոյք կ՚զբօսնուն Վոսփորի վրայ։ Հրանտ կը դիտէր. գիտէր, թէ անողոքելի ճակատագիրն որոշած էր իրեն համար «Անդ կացցես եւ զլոյս մի՛ տեսցես »։ Նաւակն ետ դարձաւ եւ սրացաւ դէպի Ստորին-Վոսփոր։ Հրանտի սիրտը գրաւուած էր այն տխրութեամբ, որոյ վրայ այնքան կը գուրգուրան բանաստեղծք։