Երազի մը գինը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Բ
       Ֆրանսերէնէ թարգմանուած վէպերը շատ կանուխէն կ՚ուսուցանեն, դպրոցի մեր տղայոց, կեանքը քաղցր ընծայելու եւ դառնացնելու միջոցներն։ Այդ վէպերէն ուսած էր Հրանտ, թէ՝ երիտասարդութեան կրնայ յաջորդել ծերութիւնը եւ թէ կենաց , ինչպէս կ՚ըսեն , «գարնան » օրագիր մը այնքան ախորժելի է այդ ցուրտ օրերն որպէս ծաղիկ մը պահպանուած ջերմանոցի մէջ։ Երեք տարիներէ ի վեր յորմէ հետէ Հրանտ ելած էր դպրոցէն, օրը օրին թուղթի վրայ կը նետէր իւր տպաւորութիւններն։ Իցէ՜ թէ հայ վիպասան մը որոնէր այդ տեսակ օրագիրներ , գրուած ուրախութեան ու պատրանաց արցունքներով, վկայք նոր սերունդի սրտի առաջին բաբախմանց։ Այդ կենդանի յիշատակարաններու բեկորներովը վիպասանը պարգեւէր մեզ վէպ մը, որ կենդանութիւն բուրէ եւ որ ցոյց տայ մեզ, թէ նոր սերունդն ո՛րպիսի եռանդով, ի՛նչքան հաւատքով կը թեւակոխէ կենաց ասպարէզն, հաւատալով, թէ իւրն է ապագայն, եւ օր մը, որ շատ չուշանար, կը տեսնէ, թէ՝ մուխն ու ծուխը կը բարձրանան իւր յոյսերու փլատակաց վրայէն։
       Հրանտի յիշատակարանի մի քանի թերթեր, զոր տեսանք, այս մտածութիւնն ազդեցին մեզ։ Առ այժմ այդ յիշատակարանէն քաղենք մի քանի տողեր.
       «Յունիս 15. Երեք տարիներէ յետէ գործի եմ. առաջին անգամն է, որ երկուշաբթի առաւօտ մը աչքերս բացի ուրախ զուարթ։ Օդը զով էր եւ պայծառ. գեղեցիկ օդ մը միշտ ուրախութեան տպաւորութիւններ կը թողու. սակայն երկու տարիներ են շատ տեսած էի գարնան առաւօտներ. բայց այդ առաւօտներու արեւը չուներ ինձ համար որեւէ քաղցրութիւն։ Ինչո՞ւ կ՚ապրիմ, կը հարցնէի ինքնին։— Կ՚ապրիմ, որպէս զի նեղ խուցի մը մէջ, աթոռի մը վրայ գամուած մնամ ամէն օր։— Ինչո՞ւ սիրտ մը ունենալ, ինչո՞ւ երիտասարդ լինիլ։ Սակայն այս առաւօտ մինչեւ իսկ մեր խանի բեռնակիրն զգաց, թէ վրաս փոփոխութիւն մը կայ։ «Խեր ըլլայ, մուշու Հրանտ , կ՚ըսէր , ի՞նչ ունիս այս առտու »։ Բարի՛ Կարօ, ի՞նչպէս կրնաս գիտնալ, թէ երէկ գիշերէ ի վեր կեանքս նպատակ մը ունի։ Երէկ գիշերէ ի վեր դէմք մը աչքերուս առաջն է։ Շատ անոյշ է հիմա կեանքս, ամէն ոք կարծես սիրել կ՚ուզեմ, նոյն իսկ չորպաճիս։ Այլ եւս բեռ մը չէ ինձ օրուան տասը ժամերու աշխատանքն. այդ տասը ժամերն ի՜նչպէս շուտ անցան այսօր. պէտք է աշխատիմ. անով միայն պիտի կրնամ նպատակիս հասնիլ, եւ պիտի հասնիմ։ Բայց հինգ օր կը բաժնեն զիս կիրակիէս։ Հինգ օր դեռ, որպէսզի հնար լինի ինձ թռիլ Եէնի—Գիւղ…»։