Երազի մը գինը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ժ
       1881 տարւոյ դեկտ. 13—ի կիրակին թէպէտ անձրեւ չկար, բայց տխուր մելամաղձիկ օր մ՚էր։ Բաւական է, որ անձրեւ չըլլայ, Բերա չէ կարող հանդարտ կենալ, փողոցները լի են բազմութեամբ։ Կէս օրէն երկու ժամ վերջ Մասէի կառքերը մեծ փողոցին վրայ կարծես կը կազմէին կառախումբ մը։ Կառքերու կանոնաւորութիւնը, կառավարներու մաքուր զգեստներն ու ճերմակ ձեռնոցներն ենթադրել կուտային, թէ պատրաստուած են մի փառաւոր հարսանեաց համար։ Եւ այդպէս էր. առանց շատ հետաքրքիր լինելու, կարելի էր նշմարել այդ կառքերէն միոյն մէջ գեղեցիկ աղջիկ մը հարսի զգեստներով։ Կառքերը Թագսիմի պողոտայէն կ՚ընթանային Բանկալթի, ուրկէ հաւանօրէն պիտի իջնէին Վոսփորի գիւղերէն մին։ Աւելորդ է ըսել, թէ հարսնառներու դէմքերը զուարթ էին. անհամբեր կ՚երեւէին հարսն ու փեսան, ոյք կ՚ուզէին վայրկեան մը առաջ հասնիլ։ Բայց պատշաճութեան կանոններն եթէ գոյութիւն չունենային, հաւանօրէն աւելի հանգիստ կը լինէինք։ Հարսնառներու կառքերն յանկարծ կանգ առին։ Բանկալթիի փոքրիկ տունէ մը ժամկոչ մը, մի քանի տիրացուներ, երկու տէրտէր դուրս կը հանէին դագաղ մը. պէտք էր տեղի տալ։ Հարս եւ փեսայ իրենց կառքերու ապակիներէն նայեցան, խեղճուկ ձայն մը կը լսուէր.
       —Վա՜խ, Հրանտս, վա՜խ , զաւակս։
       Հրանտի դագաղը կը տանէին. Սօֆիի հարսանեաց կառքերն էին։