Անժէլ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆԺԷԼ

       Առ Սիպիլ

       Մէկ քանի անգամ մեր տանը մէջ հանդիպեցայ իրեն։ Քրոջս շրջազգեստ մը կարելու համար կուգար։ Առաջին անգամէն, խոր տպաւորութիւն ըրաւ վրաս, հիացմամբ ու կարեկցութեամբ խառն զգացում մը, իր գրաւիչ գեղովը եւ մելամաղձիկ խոշոր աչուըներուն անփոփոխ տրտմութեամբը։ Այդ աչուըները՝ թաւախիտ ծառերու ստուերներուն տակ ծածկուած խորհրդաւոր լճակի մը զգայնութիւնը կուտային ինծի, եւ անոնց մէջ յառելու յիմարական փափաք մը։ Սեւը կը տիրապետէր իր աչուըներուն մէջ, եւ սպիտակուցը՝ այդ սեւին յարակցութեամբն ստուերացեալ՝ անսահման հրապոյր մը կուտար անոնց։ Մութ շագանակագոյն մազեր ունէր, այնչափ առատ, որ չէր գիտեր ի՛նչ ընել զայնս. երկու լայն խառնիխուռն հիւսկէններու կը բաժնէր եւ տրոհեալ կ’ամփոփէր ծոծրակին վրայ, որ կարծես կը կքէր այդ հաճելի բեռան տակ։ Նուրբ ու բարեձեւ հասակ մը ունէր. իր պարզ այլ ճաշակաւոր շրջազգեստը կ’ամփոփէր կուրծքին գեղեցկութիւնները, կաղապարելով անոր ուռուցիկ եւ գիրգ ցայտքը։ Բայց ամէնէն աւելի սրտի կը դպէր իր դէմքին անփայլ գունատութիւնը, եւ յարատեւ խոնաւութիւնն իր աչուըներուն, որպէս թէ միշտ արցունք ըլլար անոնց մէջ։

       Անժէլ էր անունը, եւ քսանեւհինգ տարեկան ըլլալու էր։ Լուրջ ու ծանրագլուխ աղջիկ մըն էր, իր գործին միայն ուշադիր, գրեթէ անխօսուկ։ Երբոր խօսէր, այն ատեն կ’զգայիր թէ ընկերական լաւագոյն աստիճանի մը սահմանուած էր այդ աղջիկը եւ պիտի կրնար իր կարողութիւններովը փայլիլ անդ։ Վարժարանէ ելած էր անշուշտ, որովհետեւ մաքուր եւ անխառն հայերէն կը խօսէր, քիչ մը ֆրանսերէն գիտէր, եւ բաւական ալ դաշնակ կը նուագէր։

       Առջի օրերու զգուշաւոր ծանօթութիւնը անցնելէ ետք, շուտով բարեկամ եղեր էինք իրարու, - կամ, աւելի շիտակը զրուցելու համար, ե՛ս իրեն։ Կնահաճոյ մեծարանքներուս կը պատասխանէր տխուր ժպիտով մը, որ աւելի կը քաջալերէր զիս քան կը յուսահատեցնէր, զի առիթ կուտար տեսնելու սպիտակ մանրիկ ակռայներուն գեղեցիկ շարքը։ Այն տարիքին մէջ էի ուր նորածիլ երիտասարդութեան յանձնապաստանութիւնն եւ արեան կրակն ուժգին ու յորձեռանդն՝ մարդուս ընդնշմարել կուտան դիւրին յաղթանակներ ու անվաստակ յաջողութիւններ։ Կը կարծէի որ վերջ ի վերջոյ պիտի կրնայի յաղթել իր չկամութեանը։ Իր վրայօք բան մը չէի գիտեր. տարտամ կերպով իմացած էի թէ անգամ մը նշանուած էր, յետոյ նշանը ետ եղած էր, ինծի անծանօթ պատճառներով, զորս հետամուտ չէի եղած իմանալու, մանաւանդ որ հազիւ եօթն-ութ ամիս է եկած էին մեր գիւղը, եւ շատ առանձնացեալ կեանք մը կ’անցունէին, ինք, հայրն ու մայրը, գիւղին մէկ անկիւնը։ Ինքզինքս արդարացնելու համար չէ, բայց սա եւս չմոռնամ ըսել թէ զիս դրդող զգացումը ցուրտ քմահաճոյք մը կամ անառակութիւն մը չէր լոկ. գորովանաց զգացմամբ մը, ուր քիչ շատ բանաստեղծութիւն կը մտնէր, շատ դիւր պիտի ըլլար սրտիս մխիթարել այդ աղուոր տխուր աղջիկը։

       Եւ սակայն առջի օրուընէ աւելի յառաջացած չէի։ Ես մեծարանքներս կը կրկնապատկէի, եւ ինք իր ժպտին տխրութիւնը։ Չեմ գիտեր ինչո՛ւ սակայն չէի համարձակեր երբեք խօսքէ ի գործ անցնելու։ Իրմէ հեռի գտնուած ատենս, խօլ փափաքներ կ’ունենայի եւ զայնս յանկարծական թափով ի գործ դնելու հաստատ առաջադրութիւններ. եւ սակայն երբ զինքը տեսնելու առիթը կը ներկայանար, գաղտնի զօրութիւն մը իրմէ մէկ քանի քայլ հեռու կը պահէր զիս միշտ։ Այդ գեղեցիկ արձանն իմ թեւերուս մէջ ոգեւորելու իղձով վառուած էի, եւ ըղձանքիս անկարողութիւնը տեսակ մը բարկութեամբ կը լեցնէր զիս։ Օր մը, ա՛լ չ’դիմացայ, եւ առանց նկատելու իր նայուածքին աղաչական արտայայտութիւնն՝ իմ սիրոյ խօսքերուս փոխարէն, իրեն մօտեցայ, եւ ձեռքս թաղուեցաւ իր մազերուն թաւ հիւսկէններուն մէջ, անոնց մետաքսաւէտ շօշափմանը մէջ սարսռալով։ Ոտք ելաւ ընդոստ, գլուխն ազատելով ձեռքիս հպումէն, եւ մեղմ ձայնով մը.

       - Ըրածնիդ լաւ բան մը չէ, Մարտիկ էֆէնտի, ըսաւ ինծի։

       Իր խոնարհ դիրքը, եւ մանաւանդ այն գառնուկի շարժումն որով իր գլուխը խոնարհեցուցած եւ վեր առած էր՝ մազերն ազատելու համար, սիրտս շարժած էին, բայց այս փորձին մէջ իսկ յաջողած չ’ըլլալուս զայրոյթէն դրդեալ, գոչեցի.

       - Ձգէ՛, դուն սիրտ չ’ունիս, անզգային մէկն ես։

       Ըսի եւ զղջացի։ Իր լայն ու խոշոր աչուըները արցունքի խաւով մը ծածկուեցան, եւ յանդիմանական արտայայտութեամբ վրաս սեւեռեցան։

       - Կը ներէք, ըսի զգածեալ, եթէ զձեզ վիրաւորեցի։ Բայց եթէ վիշտ մը ունիք, ըսէ՛ք, մի՛ քաշուիք։

       - Չէ՛, չէ, բան մը չունիմ, պատասխանեց. շատ աղէկ ըսիք, սիրտ չունիմ, կամ մանաւանդ հի՛մակ չունիմ. ինծի համար ա՛լ բան մը չկայ այս աշխարհիս մէջ, ո՛չ ցաւ, ո՛չ ուրախութիւն։

       - Շա՞տ վշտեր ունեցած էք, հարցուցի՝ յանկարծակի յիշելով իր անցեալ կենաց վրայ ունեցած անորոշ ծանօթութիւնս։

       Պատասխան չտուաւ։

       Հետաքրքրութիւնս արթնցած էր։ Այդ տխուր աղջկան գաղտնիքն հասկնալ ուզեցի։

       - Կարծեմ ատենօք նշանուեր էք, ըսի վարանմամբ։ Ըսէք, ծանր վի՞շտ մը ունեցած էք։

       Ինք իր վրայ մեծ ճիգ մը ընելու երեւոյթն ունէր, եւ վերջապէս պատասխանեց.

       - Այո, վիշտեր ունեցած եմ։ Ինչո՞ւ կը հարցնէք։ Տխուր պատմութիւն մըն է իմ կեանքս։

       Եւ սպասողական դիրքս տեսնելով, շարունակեց.

       - Դպրոցէն ելլելէս երկու տարի ետքը նշանուեր էի։ Տասնեւինը տարեկան էի այն ատեն։ Բաւական բան սովրած էի, բայց, շատերուն պէս, մեծ յաւակնութիւններ չ’ունէի ինքզինքիս վրայ։ Շատ բարեկեցիկ ընտանիք մը չէր մեր ընտանիքը: Հայրս վաճառատան մը մէջ պաշտօնեայ էր, եւ շատ բան մը չէր առներ։ Ուստի ուզեց ժամ առաջ ամուսնացնել զիս։ Գիւղին մէջէն երիտասարդի մը հետ նշանուեցայ։ Արսէն Տիգրանեան էր անունը։ Անունը թերեւս կարդացած էք լրագրաց մէջ իր եղերական վախճանին առթիւ։ Առաջուց կը ճանչնայի զինքը։ Ճամբուս վրայ միշտ հանդիպած էի իրեն, իր նայուածքովը լափելով զիս։ Ամէն տեղ դէմս կ’ելլէր եւ կ’զգայի որ կը սիրէր զիս։ Երբ մեր տունը սկսաւ գալ երթալ եւ ընտանեկան շրջանակի մէջ որոշուեցաւ մեր նշանախօսութիւնն, այն ատեն լիովին հասկցայ իր սիրոյն սպառող տենդը։ Քսանեւվեց տարեկան էր, եւ ինքն ալ վաճառատան մը մէջ գրագիր էր, բայց կարծեմ մեծ բան մը չէր առածը, - ինծի համար չեմ զուրցեր կոր այս բանը։ Գեղեցիկ չէր շատ, բայց կանոնաւոր դէմք մը ունէր։ Լուրջ ու տխուր երիտասարդ մըն էր, եւ ժամերով դէմս կը նստէր առանց խօսք մը զուրցելու, իր նայուածքին մէջ դնելով սակայն իր բոլոր սէրն ու խանդաղատանքը։ Ես զինքը… բոլոր հոգւովս չէի սիրեր, բայց շատ կը յարգէի։

       “Այդ միջոցներուն էր որ, օր մը յանկարծ դադրեցաւ մեր տունը գալէ։ Իմացայ որ հայրս ուրիշի մը բերնով լուր ղրկած էր իրեն որպէսզի ա՛լ մեր տունը չիգայ։ Նոյն կիրակի օրը եկաւ, բայց մայրս վերէն տեսաւ անոր գալը, եւ դուռը բանալ չ’տուաւ։ Ինծի ալ ըսին թէ ուրիշ մէկու մը հետ պիտի նշանուէի, փայլուն ու դիւրակեցիկ երիտասարդի մը հետ, որ ինծի դուրսը տեսեր եւ շատ հաւներ է։ Ա՛լ չորս կողմէս պաշարեցին զիս, եւ կարծես մրցման ելած էին Արսէնին վրայ գէշ զուրցելու համար։ Շատ բարկացոտ է եղեր. ինքզինք անգամ չ’կրնար ապրեցնել, ո՞ւր մնաց կինը. ասկից զատ, սուսիկ փուսիկ մարդ մը, դիմացը նստողը վէրէմ կ’ըլլայ։ Ինչ որ է, մէկ երկու ամիս վերջը նորէն նշանուեցայ։ Արսէնին տուած ոսկի մատնին ետ ղրկեցի։ Չընդունեց եւ մատնին ետ ղրկեց, ըսելով որ իբր իրեն մէկ յիշատակը պահեմ։ Կը տեսնէք, սա ձեռքի մատնիս է։ Կ’ըսէի կոր որ երկրորդ անգամ նշանուեցայ։ Պիտի ըսէք անշուշտ որ շատ շուտ համոզուեցայ։ Թերեւս իրաւունք ունենաք։ Բայց մտածե՞ր էք անգամ մը մարդկային սրտին տկարութեանը վրայ։ Սրտիս շատ ծանր եկաւ Արսէնէն բաժնուիլս. մանաւանդ որ տխուր նախազգացում մը ունէի թէ ի՛նչ ծանր հարուած մը պիտի ըլլար այս իրեն։ Բայց, տկար գտնուեցայ։ Առջի օրերը բաւական դիմադրեցի. բայց յետոյ ընկճեցայ, եւ ա՛լ դիմադրելու կարողութիւնս չմնաց։ Այնչափ ըսին, այնչափ ըրին, որ խելքս գլխէս գնաց։

       “Երկրորդ նշանածս երսուն-երսունեւ հինգ տարեկան մարդ մըն էր։ Շէն եւ ուրախ մարդ մը։ Մասնաւոր դեղարան ունէր, եւ կ’ըսէին թէ բաւական լաւ վիճակի տէր էր։ Անունը տալու պէտք չի կայ, հիմակ ամուսնացած եւ զաւկներու տէր է։ Գեղեցիկ դէմքով մարդ մըն էր, առոյգ եւ կայտառ։ Երբոր մեր տունէն ներս մտնէր, ուրախութիւնն ալ հետը կը բերէր։ Հայրս եւ մայրս մասնաւորապէս հոգի կուտային իրենց փեսացուին համար։ Իրեն նկատմամբ ունեցած զգացումներս չէի գիտեր լաւ, բայց մեծ հաճոյք կ’առնուի իրմէ, այնչափ որ հետզհետէ կը մոռնայի Արսէնին բաժանման թողած ցաւալի յիշատակը եւ խղճահարութիւնը։ Առջի չորս հինգ ամիսը խիղճս միշտ կը տանջէր զիս, մանաւանդ որ կ’իմանայի թէ խեղճ երիտասարդը շատ կոտրած էր այս դէպքին վրայ եւ բոլորովին տխուր։ Բայց յետոյ բաւական հանդարտեցայ, որովհետեւ մայրը, իր զաւկին վիճակը տեսնելով, ուրիշ աղջկան մը հետ նշաներ էր զինքը։ Ուստի ա՛լ ինքզինքս նոր նշանածիս տուած էի։ Յաճախ պտոյտի կ’ելլէինք ամէնքս միատեղ, շատ անգամ ալ երկուքս միայնակ, եւ այնչափ կատակներ ու զուարճալի խօսքեր կ’ընէր որ ինքզինքս կը բռնէի խնդալէս չմարելու համար։ Նշանտուքն եղած լմնցած էր եւ արդէն հարսնիքի պատրաստութիւններով կ’զբաղէինք տանը մէջ։

       “Կիրակի իրիկուն մը… այդ իրկունը մտքէս չպիտի ելլայ…”

       Խորունկ հառաչանք մը արձակեց, եւ, պահ մը լուռ մնալէ յետոյ շարունակեց վերստին.

       Կիրակի իրիկուն մը, նշանածիս հետ միայնակ դուրսը կը պտըտէինք ըստ սովորութեան։ Չուարճալի պատմութիւն մը կ’ընէր նորէն, եւ ես, իր թեւէն կախուած, գլուխս իրեն գլխին մօտեցուցած, ժպտելով մտիկ կ’ընէի իր խօսքերուն… երբ յանկարծ դիմացս տեսայ… Արսէնը։ Մեր բաժանումէն ի վեր տեսած չէի զինքը։ Տարօրինակ կերպով դեղներ ու նիհարցեր էր։ Շեշտակի աչուըներուս մէջ նայեցաւ, եւ իր նայուածքին մէջ ամէն բան կար, տխրութիւն, դառնութիւն, աղերսանք։ Ժպիտը կէս մնաց շրթունքիս վրայ։ Այլ անշուշտ տեսած էր իմ անփոյթ զուարթութիւնս, որովհետեւ թեւերը կախեց յուսահատութեամբ եւ դէմքն այնչափ կծկուեցաւ որ կարծեցի թէ պիտի լայ։ Ինքը կանգ առաւ, եւ մենք շարունակեցինք մեր ճամբան. բայց քովընտի տեսայ որ ձեռքը, տենդոտ դողդոջունով մը, իր վերարկուին ետեւի գրպանը կը տանէր։ Չեմ գիտեր ի՞նչպէս եղաւ, բայց հասկցայ թէ գէշ բան մը պիտի պատահէր, աչուըներս գոցեցի եւ խենդի պէս փաթթուեցայ նշանածիս թեւին՝ գլուխս անոր ուսին կրթնցնելով, երբ յանկարծ հրազէնի մը բոմբիւնը լսուեցաւ մեր ետեւէն, հազիւ հինգ վեց քայլ հեռուէն”։

       Իր աչուըներն աւելի խոշորցած էին հիմակ, ու անոնց մէջ այդ ահռելի տեսարանին սարսափը կը կարդացուէր այնչափ կենդանի որ կարծես դէպքը տեղի կ’ունենար ճիշդ այդ վայրկենին։ Իր տժգոյն դէմքն ոգեւորուած էր եւ գունատ այտերուն վրայ թեթեւ կարմրութիւն մը սփռուած։ Ձայնը հիւանդոտ շեշտ մը առած էր, շնչհատ ելեւէջներով։ Ու երազատեսի մը պէս, եռոտանւոյն վրայ բարձրացած պիւթնեան քրմուհւոյ մը ներշնչմամբ շարունակեց իր պատմութիւնը, կեանքի այդ ահռելի տռամն որ իր սպառիչ յիշատակներուն խաղալիկ ըրած էր զինքն անկից ի վեր։

       - Չորս կողմէ վազեցին եկան։ Աչքս ետիս դարձնելու քաջութիւնը չունեցայ։ Այդ տեղէն բաժնուելու, վայրկեան մը չանցած հեռանալու փախչելու պէտքն ունէի եւ գրեթէ բռնի կը քաշէի նշանածիս թեւէն, որ հոն մնալ կ’ուզէր, հետաքրքութենէ շարժեալ։ Երբոր տուն դարձայ, սրահը թողուցի զինքն, ուր հօրս եւ մօրս կը պատմէր տեղի ունեցած եղելութիւնը, եւ ես, գլխու ցաւ մը եւ ջղերու ցնցում մը պատրուակելով, սենեակս քաշուեցայ, անկողնիս վրայ նետուեցայ եւ խենդի պէս սկսայ լալ։

       “Այն գիշերը չկրցայ քնանալ, ու յաջորդ շատ գիշերներ ալ։ Անկողին մտածիս պէս, աչքիս առջեւ կուգար յանկարծ Արսէնին տրտում ու լուրջ դէմքն, որ ինծի աղերսական նայուածք մը կը նետէր, ու ձեռքը գրպանին տանելով, րէվոլվէրը կը հանէր ու բերնին մէջ կը պարպէր. եւ րէվոլվէրին ձայնը միշտ կը հնչէր ականջիս մէջ, մինչեւ ուղեղիս խորը, մինչեւ սրտիս խորունկները թնդալով։ Մոռցայ ըսելու որ երբոր ճամբուն վրայ եկեր զինքը վերուցեր էին, արդէն մեռած էր. րէվոլվէրը բերնին մէջ պարպած էր։ Եւ ե՛ս եղեր էի իրեն մահուան պատճառը։ Ի՞նչպէս չէի հասկցեր թէ սովորական մարդ մը չէր ինքը, եւ թէ անփութութեամբ չպիտի կրնար տանիլ իր սրտին տրուած հարուածը։ Այն հազուագիւտ մարդիկներէն էր որոնք կա՛մ կը սիրեն, կա՛մ կը մեռնին։ Իրեն համար, զիս սիրելը պարզ քմահաճոյք մը չէր եղած, հապա սրտի անդիմադրելի պէտք մը։ Եւ ես կարեւորութիւն տուած չէի՜ բնաւ այս ամէնուն, ու թեթեւութեամբ ոտնակոխ ըրած էի զինքը։ Ի՜նչպէս չէի հասկցեր իր սիրտը։ Հետզհետէ կ’մբռնէի իր սիրոյն մեծութիւնը, եւ այս յետադարձ զղջմանս մէջ, հիմա կը սիրէի՜ զինքը, ինծի համար մեռնելէ՜ն ետքը։ Դեռ նոր կը հասկնայի իր անսահման սէրը։ Խե՜ղճ տղայ, կարծեր էր որ պիտի կրնար մոռնալ զիս, կամ թէ այնպէս հաւտացուցեր էին իրեն. որովհետեւ վերջէն իմացայ որ անգա՛մ մը միայն գացեր էր իր նշանածին եւ ա՛լ ոտք չէր կոխած անոր տունը։ Եւ յետոյ, երբոր զիս տեսեր էր ճամբուն վրայ, իր աւերակ կեանքին բոլոր ոչնչութիւնը աչքին առջին էր եկեր, եւ ի գործ դրեր էր իր սոսկալի մտադրութիւնը։ Անշուշտ շատուց ի վեր է որ այս մտածումն իր միտքը կը տանջէր, թէ ոչ ինչո՞ւ րէվոլվէր պիտի պահէր գրպանը։ Իմ աչքիս դիմացը մեռնիլ ուզեր էր, իր արեանը դատապարտութեամբը պատժելու համար զիս։

       “Ա՛լ այնուհետեւ ինծի համար կարելի չէր ուրիշի մը հետ ապրիլ, նորէն ուրախ զուարթ ըլլալ։ Յաջորդ կիրակին երբ նշանածս եկաւ, չ’երեւցայ իրեն։ Հայրս եւ մայրս իմացեր էին եղելութիւնը, գիտէին Արսէնին անձնասպանութեան պատճառը, եւ երբոր ըսի թէ նշանտուքը աւրեն եւ լուր ղրկեն նշանածիս որ ա՛լ մէյ մըն ալ մեր տունը չիգայ, չ’կրցան դէմ կենալ։ Պարզապէս կը պժգայի այդ մարդէն, երբ մանաւանդ մտքիս առջեւ կը բերէի երկուքին պատկերը։ Յաջորդ ամսուն իմացանք որ նշանածս ուրիշի մը խօսք տւեր է։

       “Անկից ի վեր բաւական տարի անցած է։ Շատեր ուզեցին զիս, եւ ամէնուն մերժողական պատասխան տուի։ Երբոր հայրս եւ մայրս շատ ետեւէս իյնային, Արսէնի անունը կուտայի, եւ ա՛լ ձայն չէին հաներ։ Անոր յիշատակին նուիրեցի ինքզինքս, եւ այդ յիշատակովը կ’ապրիմ։ Իրմէ այս մատնին միայն մնացած է ինծի, եւ գերեզմանին մէջ հետս պիտի տանիմ այս մատնին։ Հիմակ հասկցաք թէ ինչո՛ւ տխուր եմ։ Սիրոյ խօսքեր կ’ընէք ինծի, ձեր տարիքին անզուսպ եռանդովը, բայց կը հասկնաք հիմա թէ ո՜րչափ հեռու են ինձմէ այդ խօսքերը։ Հօրս ու մօրս բեռ ըլլալ չէի ուզեր, ուստի արժանապատուութիւն եւ այլ զգացումներ մէկդի թողլով, կար կարող եղայ, ինքզինքս ապրեցնելու եւ իմիններուս օգնելու համար։ Ուրիշ բան ի՜նչ փոյթ ինծի։ Ո՛չ մէկ փափաք ունիմ, ո՛չ մէկ փառասիրութիւն։ Սիրտս մեռած է”։

       Ոտք ելաւ, իր կարերը ժողվեց եւ ծրարին մէջ դրաւ մեքենաբար, յետոյ ձեռքն ինծի երկնցնելով,

       - Մնաք բարով, ըսաւ։

       Խօսք մը չգտայ իրեն պատասխանելու համար։


(«Մասիս», 15 Յունիս 1890).