***

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
ՆՈՅՆ ԿՐԱԿՈՎ ՈՒ ՃՐԱԳՈՎ
      
       …Այս ճամբաներէն անցան անոնք։ Հազար ու հազար, անհամար բազմութիւններ։ Առաւելապէս կին ու աղջիկ եւ մանուկներ։ Այս փողոցներէն, այս խան երէն, այս նեղլիկ սուքերէն, քշուելով դէպի սպանդանոց։
       Առեւտուր էր սարքուած հրապարակներու վրայ, փողոցներու մէջ, -«Հայ աղջիկ, հայ կին կամ տղայ, հատը քսան ղրուշ…»։
       Անասնական, վայրագ ու վաւաշոտ նայուածքներ կը հալեցնէին զոհերը։
       Անոնք հազիւ շապիկ մը ունէին։ Իրենց բոպիկ ոտքերը կոշկոռ կապած էին օրերու տաժանքէն։ Իրենց դէմքն ու կռնակը խանձած էին արեւէն։ Եւ յաճախորդները վայրենօրէն կը հրմշտկէին զանոնք, լաւագոյնը զատելու համար, իբրեւ թէ մսացու ոչխարներ ըլլային։
       Քիչ անդին անապատն էր, եւ հազարներ կ’իյնային ուժասպառ, անօթի-ծարաւ, հիւանդ կամ թոպամահ։
       Կարաւաններ արիւնաքամ, դիակներ լեռնակուտակ։ Ճարապլուս, Րաքքա, Րասիւլ-Այն, Մումպուճ, Տէր Զօր, Եփրատ, Ցիրուցան հարիւրեակներ իրար խառնուած Բարձր Հայքէն, Սեւ Ծովու ափերէն, Փոքր Հայքէն, հեռաւոր Բիւթանիայէն, Թրակիայէն։
       Իսկ այսքան տարի վերջը, - վերածնունդ հրաշապատում։ Լիբանանէն մինչեւ Սուրիա եւ Իրաք, պատմական Միջագետքի ամբողջ տարածութեան վրայ։
       Ինչ որ աքսորավայր կամ նոգթա կը կոչուէր երէկ, դարձեր է վարդաստան։
       Վերանորոգութեան տենդը, յարատեւ աշխատանքը, շինարար գործունէութիւնը լեռներ սարսած, գիւղեր, աւաններ ստեղծեր, քաղաքներ շէնցուցեր են։ Երբեմնի «արեւելեան նահանգներ» ու շարունակութիւնը՝ դէպի հարաւ։ Հեռու՝ հայրենի հողերէն, բայց նոյնքան հարազատ։ Մանաւանդ ազատ, դպրոցէն մինչեւ փողոցը։
       Ահաւասիկ աչքերուդ առջեւ սերունդը հայաշունչ։
       Մանչեր ու աղջիկներ սեւուլիկ աչքերով, ուշիմ եւ աշխոյժ։ Հարիւրներ, հազարներ, որոնք մայրենի կրթութիւն կը ստանան անկաշկանդ։
       Անդին, լուսաւոր այլ համայնակուլ պողոտաներու վրայ, հարթիչ գլանն է, որ կը գործէ, անխնայ եւ սրընթաց։
       Ամբարտակներ ունինք մենք ալ, Երիտասարդական եւ Պատանեկան Միութիւններ, դասընթացքներ եւ ուրիշ ձեռնարկներ։
       Բայց, ուրիշ է պատկերը այստեղ, խորապէս կազդուրիչ։
       Անհուն սարսուռ մը կը համակէ անցորդը, փողոցին թէ դպրոցին մէջ։ Կ’ըմբռնես, կը հաստատես որ ամուլ չեն կատարուած աշխատանքները։ Եւ դուն ալ տենչ մը կ’ունենաս տրամադրելու ծառայութիւնդ։
       Անզօր են բառերը, բացատրելու համար այն ինչ որ Հայնոց կը կոչուի այս ափերուն վրայ, տժգոյն բացատրութեամբ մը։
       Որքան հրահանգիչ պատկեր, մեր «ուսումնական» այլ մանաւանդ ինքնահաւան շքախումբին համար։
       Եթէ բարեհաճէին գալ տեսնել։ Եւ կամ գոնէ հետաքրքրուիլ, պրպտել, ըմբռնել…
       Ուրիշներ պիտի ըսէին, -«բոցավառ ողջոյն»։ Ինչպէս կ’ըսեն օրն ի բուն, զանազան առիթներով։
       Մեր սրտէն կը բխի աղաղակ մը շատ աւելին խոր եւ ուժգին.
       Ողջոյն ձեր աչքերու բոցին, ձեր երակներու կրակին, ձեր բազուկին զօրութեան։ Ողջոյն ձեր պայծառատեսութեան եւ անսասան հաւատքին։
       Տաք եւ պաղ օրեր շատ ունեցաք տարագրութենէն վերջն ալ, երբ նոր բոյներ կը հաստատէիք։ Աղի լեղի խօսքեր լսեցիք ներսէն իսկ։ Բթամիտ եւ նենգամիտ մարդիկ արիւն պղտորեցին անճոռնի թիւրիմացութիւններով։
       Այդ բոլորը պէտք է պատմութեան անցնին ի տես վերածնութեան այն ճիգին, որ կը շարունակուի անընդհատ։
       Եթէ բաւական չեն այնքան դառն փորձութիւններ՝ սթափելու, զգաստանալու եւ դարձ մը փորձելու համար, յիշեցէք, որ այս փողոցներէն, այս խաներէն, այս խճուղիներէն անցան մահուան կարաւանները, 33 տարի առաջ։
       Իսկ եթէ բթացեր է ձեր յիշողութիւնը, նայեցէք սա մանուկներուն, որ օրն ի բուն կը ճլուըլան ձեր շուրջը, որ դպրոց կ’երթան հազարներով։
       Անոնց պայծառ եւ կրակոտ աչքերը պիտի խոցոտեն ձեր սիրտը, ամէն անգամ, որ վրիպումներ ունենաք։
       Անոնց նայուածքը պիտի դառնայ անէծք մը ձեր գլխուն. վասնզի, դուք որ ողջ մնացեր էք, անոնց տարիքն ունէիք, երբ մայրիկը, մամիկը կամ քուրիկ մը կ’ազատէր ձեզ արեան ճապաղիքներուն մէջ, զոհելով ամէն բան, որպէսզի ճրագ մը փրկուի այս կամ այն տունէն։
       Բոլորիս հիմնական ուղեգիծը՝ արդար աշխատանք, նոյն վառ կրակով ու ճրագով։
       Ինչ որ պիտի կարենանք պահել իբրեւ իրական համրանք, իբրեւ կենդանի դրամագլուխ վաղուան համար, կախում ունի մեր հաւաքական գործունէութենէն։ Մանաւանդ այս ափերուն վրայ, ուր արեւմտեան Հայաստանի եւ Տաւրոսի շունչն է որ կը սաւառնի, երկնքի կապոյտով եւ լեռներու հովերով։
      
       Հալէպ, 29 Յունուար 1948