Կարմիր գիրքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

***

Ու Բէկը եկաւ գիշեր մ՚ուշ ատեն,
«Ո՜վ իմ Թրքուհիս, տե՛ս, հեղեղատէն
Անցնելուս այս խեղճը ինձ կը դաւէր
Իր խանջէրն ու զինք քեզ բերի նուէր»։

Թրքուհւոյն իրա՛նը սարսռաց փուշ-փուշ.
Առաւ ծանր մախա՛ղը, դիտեց ապուշ.
Իր հիւսքն էր ոսկի թելերով անշէջ,
Իր մազն, իր անունն, արիւններու մէջ…։

Աչքը մթագնեց, մոռցաւ ամէն բան.
Նետուեցաւ վայրի թռչնի պէս անբան.
Խանջէրը մխեց շե՛շտ Բէկի կուրծքին,
«Այս քե՜զ համար էր…» գոչեց մոլեգին։

«Ու այս ալ ի՛նձ համար…» ըսաւ խելայե՛ղ
Անսահմա՛ն, անվե՛րջ քրքիջով ահե՛ղ,
Բռնած եղբօր գանկն աչքերուն առջին…։

Առաջին խինդն էր, ու շունչը վերջին…։