Կարմիր գիրքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Ո՜Վ ԻՄ ՀԱՅՐԵՆԻՔՍ
(ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՐԻՒՆԻ՜Ն)

Ցայգն ի՜նչ անուշ է, ցայգը ի՜նչ գինով։
Ցաւերէս տարուած կը քալեմ երկա՜ր
Լէմանի ափին՝ խոր տրտմութիւնով։
Ի՜նչ խաղաղութիւն, ի՜նչ անճառ չի կար,
Ու ցայգն ի՜նչ անուշ, ցայգը ի՜նչ գինով։

Հեռուէն թեւճակի շառաչներ դողդոջ
Երգը կ՚օրօրեն սիրող զոյգերու.
Ջուրին մէջ աստղեր ինկեր են բողբոջ.
Ու տարփոտ մութին մէջ հեռուէ հեռու՝
Թեւճակներու թա՜ց համբոյրն է դողդոջ։

Լուսնակն ալ ահա՛ շքեղ կը ծաթի
Առասպելներու լոյս-դշխոյին պէս՝
Ալպեաններու ձի՜ւն-հրաշքէն արծաթի։
Նոր հովուերգութեանց հի՜ն հանդիսատես՝
Տժգոյն տարփաւորն ահա կը ծաթի։

Ի՜նչ անհունութիւն, ի՜նչ երազ, ի՜նչ շունչ…։
Լռին լեռներու կողէն սատափի
Մինչե՜ւ սխրացած անտառն անշշունջ,
Ու մինչեւ դաշտերն ուր Ռօն կը թափի,
Ի՜նչ անհունութիւն, ի՜նչ երազ, ի՜նչ շունչ…։

Ու դո՜ւն, ո՜վ դժբախտ երկիր հայրենի,
Որ արիւնի տա՜ք շամանդաղի մէջ,
Զոհ՝ գազաններու խաղին վայրենի,
Ու համայնասպա՜ռ բոցերու անշէջ,
Կը մըխա՜ս, դժբա՜խտ երկիր հայրենի…։

Ո՜վ իմ հայրենի՛քըս…։ Ու դո՛ւք, հեռաւո՜ր,
Եփրատ ու Արաքս ու Վանայ ծովակ,
Ո՞ւր են կարապնե՜րը սիրախտաւոր
Որ իրենց երա՜զ թեւերով ճերմակ
Ճեղքէին կարմիր ձեր կո՜ւրծքն ախտաւոր։

Հովուերգութիւններդ ո՞ւր են սխրալի
Ո՜վ Արարատեան ձիւնափա՜ռ հսկան։
Ու դո՛ւն, միամիտ Դրախտն առասպելի,
Ինչո՞ւ այսքան մո՜ւթ է քու լուսնկան,
Հովուերգութիւններդ ո՞ւր են սխրալի։

Լեռանոյշ Կուսա՜նքըդ Հայաստանի,
Ո՞ւր են ձեր սիրոյ երգերն անհամար
Որ հովը դէմի բլուրը տանի,
Ուր սրինգ մը խեղճ կու լայ ձեզ համար…։
Ո՜վ յաւերժահարս կոյսք Հայաստանի։

Բաբէ՜։ Վայի՜ւննե՛ր են որ կը լսեմ,
Հերքերնին ցրուած, փախչող խելայեղ,
Ընդդիմադրումի մը պահուն վսեմ,
Պիղծ եաթաղանով ընդկիսուած ահեղ՝
Կոյսերու վայի՜ւնն է որ կը լսեմ…։

«Հո՜ւ, մենք ենք, մեղք ենք, եղբայրնե՜ր, քոյրե՜ր…
«Մե՛նք ենք, լափլիզուած բոցերէ անշէջ…
«Մերկ սուսերներով հալածուած կոյրեր…
«Մե՛նք ենք, կը վազենք Մութի՛ն, Մահուա՛ն մէջ.
«Հո՜ւ, մե՛նք ենք, մե՛րկ ենք, եղբայրնե՜ր, քոյրե՜ր.

«Մե՛նք ենք, դիւահար ծնո՜ւնդ արիւնի,
«Հի՜ն, շքե՜ղ ցեղի զաւակներ յետին.
«Բոպիկ երեխա՜յ, դողդոջ ծերունի՜,
«Մե՛նք ենք, ողջ գանկերն որ կ՚իյնան գետին…
«Մե՛նք ենք, դիւահար ծնունդ արիւնի…։

«Հո՜ւ, նզո՜վք, նզո՜վք։ Մեր վէրքին փրփրուն
«Շոգին խաւարէ՜ր ձեր աչքերը, ա՜հ.
«Մեր արիւնը ձեր զաւակա՜ց գլխուն.
«Թո՜յն շնչէիք դուք, ու ըմպէիք Մա՜հ…
«Հո՜ւ, նզո՜վք, նզո՜վք ձեր սերունդներուն…»։

Ցայգն ի՜նչ անուշ է, ցայգը ի՜նչ գինով։
Երգեցէք սիրոյ համբոյրներ զուարթ,
Ու դո՜ւք երգեցէք երանութիւնով,
Դո՜ւք երազ ափեր, ալեակներ լազուարթ,
Ձեր ցայգն ի՜նչ անուշ, ցայգը ի՜նչ գինով…։

Կը քալե՜մ։ Քա՜լէ, յիմա՜ր տարագիր.
Ժպիտ մը շուրթիդ՝ կարապի՜ն համար,
Նե՛րքնապէս լալով՝ միտքդ դէ՛պ երկիր,
Շեղչուած մահերու վրայէն անհամար,
Քալէ՜, դուն քա՜լէ, յիմա՜ր տարագիր։

Քնարի զառամա՜ծ թելի մը փարած,
Թալանէ՛, բոցէ՛ հեռո՛ւ, ահ, հեռո՛ւ
Քալէ դուն, քերթո՜ղ հայրենահալած.
Հո՜ւր, արի՜ւն երգէ ազատ լեռներու,
Քնարի զառամա՜ծ թելի մը փարած…։

Քալէ՜։ Մինչեւ ե՞րբ…։ Քալէ՛ կուրօրէն,
Քալէ՛ մինչեւ որ Արեւն հրակէզ
Իր մարը մտնէ նորէն ու նորէն՝
Ու օ՜ր մը այլ եւը՜ս չի ծագի քեզ…։
Բաբէ՜…։ Կեա՞նքն է այս…։ Քալէ՜ կուրօրէն…։

Լօզան, 4 Մայիս 1909