20.
ԵԿՈՒՐ
(Սիրերգ)
Եկո՜ւր,
տաղտկալից
կեանքըս
խաղաղէ,
Ըզգալ
տո՛ւր
ինծի
գորովանքն
ու
յոյս.
Պիտի
գայ
օր
մ'օր
հոգիդ
աւաղէ
Արագ
խուսափումն
երազին
այս
լոյս:
Եկո՜ւր.
վաղը
դուն
գուցէ՜
թարշամիս,
Եւ
գուցէ
տենդով
մը
մեռնի
հոգիս,
Մի՛
խամրեցըներ
յոյզը
պաշտումիս:
Թո՛ղ
որ
նայուածքիդ
ըմպեմ
բոցը
ջինջ,
Մօտեցի՜ր,
քնքոյշ
ծաղի՜կը
կեանքիս.
Համբոյրի
մը
մէջ
մոռնամ
ամէնինչ:
Ա՜հ,
այս
կեանքն
աղուո՛ր
որքա՜ն
դանդաղ
է:
Եկո՜ւր,
ձանձրոյթը
հալեցուր
հոգւոյս.
Լոյս
երազի
մը
մէջը
զիս
թաղէ,
Բե՜ր
ինծի
սըրտիդ
գուրգուրանքը
կոյս:
Սկիւտար