Տաղեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Յորժամ ելայ ես իմ տանէն,
Չհասայ աշխարհիս բանէն,
Հեռացայ իմ սիրականէն.
Շուարելով ես յո՞ւր երթամ:

Աշխարհիս խեղճբաներ շատ կայ,
Ղարիպին պէս իսկի չկայ,
Ասի թէ երթամ, յուշացայ,
Չեմ գիտեր թէ ես յո՞ւր երթամ:

Յամէնք ունին իւրեանց երամ,
Հա'մ ազգական, հա'մ սիրական,
Ղարիպ եմ, չունիմ տիրական.
Մոլորելով ես յո՞ւր երթամ:

Սողոմոնին խօսքն յո՞ւր է,
Յիմաստունքն աշխարհ տիրէ,
Յիմարքն հայրենիքն խնդրէ.
Մոլորելով ես յո՞ւր երթամ:

Աստուածածին կոյս Մարիամ,
Բարեխօսեա առ Տէր արքայն,
Որբիկ աբեղէս անարժան
Չեմ գիտեր թէ յո՞ւր երթամ: