Իսլամը հայ մատենագրութեան մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
1720 ին (ՌՃՀ) Ս. Էջմիածնի Նուիրակ Աստապատցի «գիտնական եւ բարեկրօն մեծ վարդապետն» Պետրոս Եպիսկոպոս՝ Կ. Պոլիս կու գայ, եւ «ըստ բարեսէր բարուց իւրոց» կը ձեռնարկէ Հարցմանց Գիրքին տպագրութեան։ Այս ձեռնարկը սակայն կը խափանի՝ քանի մը տետրակներ («քանի մի ինչ տետր») տպագրուելէ ետքը, հաւանաբար Նուիրակին Էջմիածին վերադարձին պատճառաւ, ուր կը վախճանի 1729 ին, ա յսինքն՝ Հարցմանց Գիրքին տպագրութեան ձեռնարկելէ ինը տարի ետքը։
       Բայց սկսուած գործ մը կիսկատար չթողլու համար՝ «արեւելցի բարեպաշտօն մահտեսի պարոն Շահնազարն, եւ Բիւզանդեցի խօճա Դանիէլի որդի տիրացու Մովսէսն» կը փափաքին «տպել եւ ի կատար բերել զմնացեալն սորին»։ Դժբախտաբար թէ բարեբախտաբար՝ «տպուածն առաջին ցրիւ եւ պակաս մնալով, նորապէս սկսեալ ետուն տպել զամենայն՝ կարողութեամբ ողորմութեանն Աստուծոյ»։
       Այսպէս, 1729 ին (ամիսը չէ՛ նշանակուած) կ’սկսի Հարցմանց գիրքին Նոր տպագրութիւնը եւ կը վերջանայ 1730 (ՌՃՀԹ), Մայիս 1ին, Կ. Պոլսեցի մհի. Աստուածատուրի Տպարանին մէջ։ Տպագրիչ մահտեսի Աստուածատուրի որդին՝ Տիրացու Յովհաննէսն եղած է գրաշարը, որ «անձանձիր եւ մշտաշխատ տքնութեամբ», գիշեր ցերեկ, ժամանակ նուիրելով, միս մինակ, ծայրէ ի ծայր ինքն շարած է գիրքը, իբրեւ արդիւնք եւ արտայայտութիւն իւր ջերմեռանդն սիրոյն «ի վերայ սրբոյ մատենոյս»։
       Հրատարակութեանս Ճակատը կը ձեւացնէ պատկերազարդ շրջանակ մը ուղղանկիւն, որու մէջտեղ գրուած է.
       ԳԻՐՔ ՀԱՐՑՄԱՆՑ
       Երիցս երանեալ Սրբոյ Հօրն մերոյ
       Գրիգորի Տաթեւացւոյն։
      
       Տպագրեցեալ Օգնականութեամբն Սրբոյն
       Թադէոսի Առաքելոյն, եւ Սրբոյն
       Գրիգորի մերոյ Լուսաւորչին։
      
       Ի Հայրապետութեան Սրբոյն Էջմիածնի
       Լուսակառոյց Աթոռոյն, Զէյթունցի
       տ եառն Կարապետի Երիցս երանեալ Սրբազան
       եւ Աստուածաբան Կաթողիկոսի ամենայն Հայոց։
       Եւ ի Պատրիարգութեան Սրբոյն Երուսաղէմի
       Քրիստոսակոխ Տեղեացն, տեառն Գրիգորի
       Սրբազան եւ Աստուածաբան Վարդապետի։
       Ի Կոստանդնուպօլիս Քաղաքի։
      
       Հրամանա ւ նորին Սրբազան Պատրիարգի,
       կեառն Յօհաննու Աստուածաբան
       եւ Գրասէր եւ Տօնասէր Վարդապետի։
       Ի թւին Հայոց, ռճհը։
      
       Գիրքիս սկիզբն ալ (էջ 7) զարդարուած է նկարով մը, որ կը խորհրդանշէ Գր. Տաթեւացւոյն ծննդեան զրոյցը։ Այս նկարին վերի աջ անկիւնը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, զգեստաւորեալ, ոտքի վրայ, կանթեղ մը կու տայ հաւատաւոր կնոջ մը, Տաթեւացւոյն մօրը, որ կեցած է դրան մէջ։ Այդ դրան մէջ եւ կնոջ աջ ուսին վրայ երկտող մը կայ, - «Տունն մօր (կրնայ կարդացուիլ նաեւ՝ Հօր) Գրիգո/րի Տաթեւացւոյն»։ Նկարիս մէջտեղ, երիտասարդ Գր. Տաթեւացին, վեղարով-փիլոնով ծնրադիր գրգասեղանի մը առջեւ, հողաթափները ասդին, գիր կը գրէ. թիկունքէն՝ լուսապսակ աղուոր, պատկառելի գլուխ մը հաւանաբար Որոտնեցւոյն—, տուն կու տայ իր աշակերտին։ Իսկ Տաթեւացւոյն դէմ, գրասեղնի միւս կողմը, չորս ծնրադիր վեղարաւորներ՝ փիլոնով, եւ չորս ալ կրօնաւորք, որոնք իրենց աչքերը սեւեռեծ են Տաթեւացւոյն գրած գիրքին վրայ Հարցմանց Գրիքը։— Ասոնց գլխուն վերեւ արձանագրուած է. «Կրօնաւորք եւ Վարդապետք»։ Նկարիս վարի շրջանակէն ներս գրուած է. «Առներ եւ ուսուցաներ Յամենայն ժամ ». իսկ վարի լուսանցքին վրայ.
       «Մեծի Հօրն Սրբոյ՝ Երանելոյն Յօհաննու Որոտնեցւոյ՝
       Աստուածուսոյց աշակերտի, եւ Պարգեւին Լուսավորչի.
       Սրբոյն Գրիգորի Տաթեւացւոյ, Աստուածաբան Վարդապետի,
       Բուն իմաստասիրի եւ խստակրօն ճգնաւորի՝ Արարեալ
       զսուրբ գիրս Հարցմանց։ Իհերքումն աղանդից ամենայն
       հերձուածողաց։ Եւ ի լուծումն բազմազան բանից ճշմարտութեան։
       Ի փառս միոյն Աստուծոյ, եւ յօգուտ ուղղափառ մանկանց
       Կաթողիկէ Հայաստանեայց սուրբ Եկեղեցւոյս Քրիստոսի»։
      
       Էջ ճակատը զարդրուած է մեծ խորանով մը եւ մեծ լուսանցազարդով մը. Խորանիս կամարին ներքեւ նօտր գրով՝ Հոգիդ Սուրբ |օգնեա՛| մեզ։ Իսկ գիրքի սկսուածին առաջին բառը, Որպէս, սիրուն մարդագիրներ են, որ ամբողջ տող մը բռնած են. երկրորդ տողը, «Ասեն հերձուա», գլխագիր է։ Բացի այս մուտքի էջէն, ամբողջ գործը, ծայրէ ի ծայր երկսիւնեակ է, զարդարուն շրջանակներով։ Երեսներուն մեծութիւնը՝ շրջանակներէններս, գրեթէ 14. 5x22. 5 սմ. - Իւրաքանչիւր սիւնակ 43 տող։ Ամբողջ գործը կը բաղկանայ ԿԷ (67) տետրակներէ. իւրաքանչիւր տետրակ՝ վեց թուղթ կամ 12 էջ, բացի վերջին տետրակէն (ԿԷ), որ փոխանակ վեցի՝ ունի ութը թուղթ կամ 16 երես. բոլորը՝ 808 երես։
       Տաթեւացւոյն ինքնագիր Յիշատակարանը կը գրաւէ ամբողջ 772 երեսը եւ 773ին առաջին սիւնակը. իսկ 490 երեսէն 792ին առաջին սիւնակը. «Յիշատակարան տպեցման գրքոյս». մնացածը՝ «Ցանկ եւ Ցուցակ Գլխաւոր Բանից բովանդակ Գրքոյս։ Ըստ Տառիցն մերոց Դասաւորութեանց», այսինքն՝ այբուբենական ցանկ մը։
       Հարցմանց Գիրքին այս հրատարակութիւնը կատարած է երկու հնագոյն եւ ուղղակի Տաթեւացւոյ ինքնագիր օրինակէն գաղափարուած Ձեռագիրներու համեմատ, զոր հայթայթած են Ակնցի Տէր Մարկոս Քահանայ եւ մահտեսի Մակար, որք յիշատակուած են մասնաւորապէս.
       «Յիշեսջիք՝ եւ զակնցի տէր մարկոս եալօվայու, եւ զմահտեսի մակարն, որք ետուն Բ. գիրք ի հին օրինակաց օժանադակ սրբագրութեան, որ ի վաղ ժամանակաց գրեալ էին զօրինակն գրքոյս՝ ի ձեռագիր օրինակէ՛ եռամեծի սրբոյն Գրիգորի՝ Գրքոյս արարողի» (էջ 792 = ՁՂԲ)։
       Ձեռագիրները տպագրուածին հետ բաղդատողը, փորձերը սրբագրողը եւ «գլխաւոր բանից» այբուբենական ցանկը շինողն է Պաղտասար Դպիր, որ առանձին փոքրիկ Յիշատակարան մը զետեղած է վերջին էջի վերջին սիւնակի վրայ՝
       «Ներել մաղթեմ աղերս արկեալ,
       Որ ինչ ի սմա սըխալ գըտեալ.
       Ո՛չ գիտելոյն եւ ոչ տեսեալ,
       Կամ ըստ հընոցն այնպէս թողեալ»։
       Հակառակ այս յայտարարութեան եւ խոստովանութեան, պէտք է դիտել որ Պաղտասար Դպիր բոլորովին պատասխանատու է Հարցմանց Գիրքին այս անխնամ տպագրութեան, քանի որ՝ ստուգիւ շատ բան չէ՛ տեսած եւ չէ՛ գրած։