Իսլամը հայ մատենագրութեան մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Գր. Տաթեւացին, իմ ծանօթութեանս սահմանին մէջ, միակ հայ մատենագիրն է նախնեաց մէջ, որ կանոնաւոր քննութեան մը ենթարկած է Իսլամը, քրիստոնէական դիտակետէ, ցոյց տալու համար առաջինին մարդկային ծագումը եւ վեր հանելով վերջինին առաւելութիւնը իբրեւ աստուածային յայտնութիւն։
       Տաթեւացիէն յառաջ սակայն կա՛ն խումբ մը հայ մատենագիրներ որ գրած են, առասպելական տեղեկութիւններով, Մահմէտի եւ Իսլամի ծագման մասին, ամէնքն ալ, ինչպէս կը թուի ինծի, միակ աղբիւրէ մը քաղելով իրենց այդ տեղեկութիւնները առաւել կամ նուազ ընդարձակութեամբ։ Խորհեցայ ոռ շատ հետաքրքրական պիտի ըլլայ անոնց աղբիւրին հրատարակութիւնը իբրեւ Յաւելուած Տաթեւացիի այս գործին վերջը։
       Առասպելախառն գրողներու խումբին մէջ ուշագրեւ է Մխիթար Անեցի, ԺԲ. դարոն վերջը։
       * , որու վերջին գլուխներէն ԻԵ. եւ ԻԶ. ը կը վերաբերին Իսլամի ծագման, ԻԵ. ին վերնագիրն է՝
       «Վասն առասպելաց անաւրէն Մահմէտի եւ նորին ստութեան, զոր խայտառակէ նորին աշակերտն»։
       Ք. Պատկանեան իբրեւ Յաւելուած գրած է ՄԽ. Անեցիին վերջը հինգ Մատենագիրներուդրուածներթ միեւնոյն նիւթին վրայ. այսինքն՝ Վարդանայ, Սամուէլի Անեցւոյ, Կիրակոսի, Կաղանկատուացւոյ, Թովմայի Արթծրունոյ։
       Այս հինգ մատենագիրները չեն ըսած ո՞ր տեղէ քաղած են իրենց տեղեկութիւնները, որոնք, ինչպէս գիտել տուինք, առաւել կամ նուազ ընդարձակոթեամբ օգտուած են միեւնոյն աղբիւրէ։
       Ասոնց մէջ մասնաւորապէս Մխ. Անեցին է որ գրաւեց ուշադրութիւնս, որովհետեւ անոր բուն օրինակը գտայ Ս. Յակոբի Մատենադարանին Թիւ 1288 Ձեռագրին մէջ։
       Այս Ձեռագիրը հաւաքածոյ մըն է այլազան եւ զարմանազան նիւթերու, գրուած ՉԻԲ=1273 ին, «ի սուրբ եւ հռչակաիոր վասն Գետկա», Մխիթար գրիչի մը ձեռքով, ի վայելումն իւր անձին։ Գրչութիւնը ուշագրաւ բոլորգիր մըն է անցման։ Ձեռագիրս նորոգուած է ՌՀԳ=1624 ին, ի Թէքիրտաղ, Աստուածատուր Քահանայի եւ Սարգիս Աբեղայի ձեռքով։ Նորոգել տուողն է Գրիգոր Վարդապետ (Դարանաղցին անշուշտ)։ Նորոգողներու Յիշատակարանին համեմատ գիրքս «կոչի Հարցմանց Վանական Վարդապետի, Վարդանայ, որ որ ծաղկաւէտ եւ լուսաւոր բանիւք լի է»։
       Ձեռագրիս մէջ Մահմէտի վրայ գրուածը կը բռնէ 231բ-238ա երեսները. իսկ հատուածիս սկիզբը, քովնտի լուսանցքի վրայ դրուած է ԺԸ. հատուածաթիւր, հաւանաբար ցուցակագիր Սաւալանեացի կողմէն։ Հատուածիս վերնագիրն է
       ի Քաշունէն քաղածու։
       Ահաւասիկ Մխ. Անեցւոյն աղբիւրը, զոր ծածկած է ինքն եւ ատոր տեղ դրած է «վասն առասպելաց» եւ այլն վերնագիրը։
       Մեր ձեռագրին հատուածը կը սկսի սա՛ բառերով. «ի ժամանակս Մահմեդի հասեալ առ մեզ այր ճշմարիտ, որ գրով եթող մեզ զպատմութիւն ի սկզբանցն հաւատոյն Մահմեդի։ Քանզի այսպէս ասէ, զհետ բազում աշխարհապատմութեանցն, վասն առն որ զկնի շրջեալ էր Մահմեդի, զիւր աչաց տեսիլն ասէ ստուգութեամբ։ Զոր կամեցա գրեալ ձեզ, զի ուսջիք եւ մի՛ հաւատայցէք նոցա բանիցն» եւ այլն։
       Հատուածիս վերնագիրն ու սկսուածը կը թելադրեն մեզ հարցնել թէ ո՞վ է Քաշունը կամ ի՞նչ է. ո՞վ է այն «այր ճշմարիտ»ը, որ «զկնի շրջեալ Մահմեդի» եւ «գրով» թողած է ինչ որ տեսած է իւր աչ քով. եւ վերջապէս ո՞վ է այն որ կ'ըսէ «զոր կամեցա գրել ձեզ» եւ որո՞նց կ'ուղղուի խօսքը։
       Գոհացուցիչ պատասխաններ չենք գտներ այս հարցումներուն համար։
       Հատուածիս մէջ հետաքրքրական տեղեկութիւն մըն ալ կը տրուի Մահմէտի վերոյիշեալ աշակերտին վրայ։ «Զայս ամենայն յայտնեաց մեզ ոմն յաշակերտացն Մահմեդի, որ ինքն իսկ իւրովի ականատես ամենայնի լեալ էր, եւ զարհուրեալ ի դիւացն երդմանէ փախեաւ ի կղզին Կրետացւոց եւ անդ քրիստոնէացաւ եւ հաւատաց ի Քրիստոս»։ Ահա՛ յաւելուածական տեղեկութւին մըն ալ Մահմետի աշակերտին վրայ, որ փախեր է Կրետէ եւ հո՛ն քրիստոնեայ եղած է։
       Այդ բլորո հարցումներուն պատասխանը հաւանաբար պիտի գտնէինք Քաշունի մէջ, եթէ գիտնայինք թէ ո՞վ է ան կամ ի՞նչ է. այսինքն՝ Քաշուն յատուկ անո՞ւն մըն է, եթէ ոչ Քարշունիի մէկ փոխանակը (variante), որ հայերէնի մէջ կորսնցուցած է ր տառը եւ եղած է Քաշունի։
       * , հայերէն տառերով թիւրքերէն գրուածներու պէս։
       Քաշունը յիշեցնող յատուկ անուն մըն ալ կայ, Սմըրղանտացի էլ- Քաշի կամ էլ-Քաշունի (մեռած 887/1482), որ դրած է Ղուրանի մեկնութիւն մը , բայց ասիկա ԺԵրդ դարու մարդ է եւ չի կրնար ոեւէ աղերս ուննենալ մեր Քաշունի հետ։
       Եթէ յատուկ անուն չէ Քաշուն, այդ պարագային պետք է ենթադրել որ Քարշունի գրուածէ մը քաղուած ըլլայ մեր Թիւ 1288 Ձեռագրին հատուածը, եւ հետեւաբար կրնայ ըսուիլ թէ ասորի քրիստոնեայ մըն է հեղինակը այդ քաղուածին, որ հայերէնի թարգմանուած է մեր մեր Ձեռագրին գրչութեան թուականէն (1273) շատ յառաջ։
       Մեր ձեռագիրը կապուած է Յովհ. Վանական Վարդապետի եւ Վարդանի անուններուն հետ։ Թողունի Վարդանը, որովհետեւ մէկէ աւելի են նոյնանուն ժամանակակից անձեր եւ շփոթուած իրարու հետ, ու առնենք Վանականի թուականը, 1181—1251. արդ՝ կարելի՞ է ըսել Վանական եղած ըլլայ այդ հատուածին թարգմանիչը կամ քաղողը։ Դժուար է հաստատական պատասխան տալ այս հարցումին. որովհետեւ Թովմա Արծրունի . դար) արդէն ծանօթ է Մահմէտի վերաբերեալ զրոյցներու։ Կը հետհեւի թէ Թ. Արծրունիէն ալ յառաջ Մահմէտի եւ Իսլամի վերաբերեալ նիւթեր գրուած էին հայ մատենագրութեան մէջ։
       Առ այժմ մեզի համար կարեւորը Մխ. Անեցիի հատուածներուն եւ «ի Քաշունէ քաղածու»ին նոյնութիւնն է։
       ԹԷ՛ վանական եւ թէ Մխ. Անեցի նոյն դարու մատենագիրներ են, եւ յայտնի է որ այս վերջինը աչքի առջեւ ունեցած է Քաշունէ քաղածուն եւ ընդօրինակած է զայն կրճատումներով եւ փոփոխումներով։
       Պետք է դիտել նաեւ երկու օրինակներն ալ խանգարուած են լեզուի կողմէն, անշուշտ անհմուտ ընդօրինակողներու գրչով. սակայն տեղ զիրար կը սրբագրեն անոնք։
       ԵՐկու օրինակներուն դէմ առ դէմ հրատարակութեամբ երեւան կու գայ Մխ. Անեցիին աղբիւրը եւ միանգամայն կը տեսնուի թէ Ի՛նչպիսի կրճատումներ եւ փոփոխումներ ըրած է Մխ. Անեցին զայն ընդօրինակելու ատեն։
       Հ. Ն. Ակինեան Մխ. Անեցիի գրուածներուն վրայ խօսելով կ'ըսէ. «որոնց («առասպելեաց») աղբիւրն թէպէտ եւ չի յիշատակեր, բայց հաւանօրէն քաղուած են Շապհոյ պատմութենէն, դատելով ոճէն եւ այլ պարագաներէն» (Մատենագրական Հետազօտութիւնք, Ա., էջ 195-196, Ազգ. Մատենադարան ՂԳ.
       Քանի որ Քաշունով երեւան եկաւ Մխ. Անեցիին աղբիւրը, Շապուհ կը մնայ իր տեղը։ Գալով լեզուին, հակառակ ակնյայտնի խանգարումներու, ինկած չէ ան եւ շատ բարձր է Շապուհի վերագրուած գործին ռամկախառն հայերէնէն։