Գանկատ
ունիմ
ձեզ,
լսեցէք,
Եղեալ
բանին
մտիկ
արէք,
Ուխտաւորաց
խեղճն
տեսէք.
Գնալն
ի
սուրբ
Երուսաղէմ:
Այսպէս
նաւ
իսկի
չէր
եկեր,
Այսպէս
ուխտաւոր
չէր
եղեր,
Այսպէս
խղճութիւն
չէր
տեսվեր.
Գնալն
ի
սուրբ
Երուսաղէմ:
Ով
որ
զմեր
ձայնն
լսէ,
Հոռոմոց
նաւին
հաւաս
չանէ,
Թող
Ֆռանկաց
նաւն
մտնէ.
Գնալն
ի
սուրբ
Երուսաղէմ:
Հարիւր
վաթսուն
հոգի
էաք,
Ի
մէջ
նաւին
ժողովեցաք,
Ուրախութեամբ
ճանփայ
ելաք.
Գնալն
ի
սուրբ
Երուսաղէմ:
Այն
ինչ
ըռզակ
էր,
հետ
առանք,
Չար
նազարի
հանդիպեցանք,
Ուրախ
սրտիւ
տեղ
չի
հասանք.
Գնալն
ի
սուրբ
Երուսաղէմ:
Րաբունիքն
յիմարեցան,
Դրամին
ոչ
ղըմշեցան,
Իւրեանք
այլ
մեր
հետ
մերկացան.
Գնալն
ի
սուրբ
Երուսաղէմ:
Նայ
մեք
եղաք
այլոց
խրատ,
Լսէք
զայս
բան
եւ
լաւ
անսայք,
Զահրէ
չառնէք
հացէն
ի
զատ.
Գնալն
ի
սուրբ
Երուսաղէմ:
Էրնէկ
աւուրն
որ
նաւ
մտաք,
Ինչ
շէն
եւ
ինչ
ուրախ
էաք,
Մինչ
Պօղազ
Հիսար
գնացաք.
Գնալն
ի
սուրբ
Երուսաղէմ:
Այն
իշխաննին
եւ
վէքիլնին,
Ուխտաւորաց
զուլմն
արարին,
Ֆռանկի
նաւ
չի
բռնեցին.
Գնալն
ի
սուրբ
Երուսաղէմ:
Սուրբ
Յակոբ
այլ
չողորմեցաւ,
Նա
մեր
մեղացն
բարկացաւ,
Մեզ
Ֆռանկին
ձեռքն
տվաւ.
Գնալն
ի
սուրբ
Երուսաղէմ:
Երբ
Պօղազ
Հիսարու
ելանք,
Սուսամ
Ատասին
գնացանք,
Հայուն
տօնանմային
ձեռքն
անկաք.
Գնալն
ի
սուրբ
Երուսաղէմ:
Րոտեալքս
մտիկ
չարանք,
Թօփ
նետեցին,
յետ
չի
դարձաք,
Գնացաք
չարին
բերանն
անկաք.
Գնալն
ի
սուրբ
Երուսաղէմ:
Ունէաք
շատ
մալ
ու
ըռզակ,
Սուրբ
Յակոբայ
էր
յիշատակ,
Զամէնն
առին,
եկանք
դատարկ.
Գնալն
ի
սուրբ
Երուսաղէմ:
Ղարղ
եղաւ
նաւն
ի
մէջ
ծովուն,
Եկաւ
պօլուկն
գողերուն,
Կապեցաւ
լեզուն
ամենուն.
Գնալն
ի
սուրբ
Երուսաղէմ:
Բռնեցին
թուրն
ի
վրանիս,
Թէ
հանէ
զինչ
դրամ
ունիս,
Յօժարեմ,
ազատեմ
զհոգիս.
Գնալն
ի
սուրբ
Երուսաղէմ:
Սաստիկ
էր
ահն
գողերուն,
Տարաւ
զիւրեանց
գոյն
երեսնուն,
Մարեցաւ
սիրտն
ամենեցուն.
Գնալն
ի
սուրբ
Երուսաղէմ:
Ինչ
ունէաք,
զամէնն
առին,
Զմեզ
ի
լեռներն
ձգեցին,
Առին
զմեր
նաւն
ու
գնացին.
Գնալն
ի
սուրբ
Երուսաղէմ:
Վայ
եկաւ
ամէնուս
վերայ,
Ծարաւեցան,
ու
ջուր
չկայ,
Մէկ
մի
մեռաւ,
ձեզի
վկայ.
Գնալն
ի
սուրբ
Երուսաղէմ:
Ելանք
լեռն
ի
վեր
գնացանք,
Ո'չ
քար
եւ
ո'չ
թուփ
ասացանք,
Երեսնուս
վերայ
քալեցանք.
Գնալն
ի
սուրբ
Երուսաղէմ:
Րամից
Տէրն
ամենայնի,
Կրկին
ողորմեցաւ
մեզի,
Հանդիպեցանք
վերայ
ջրի.
Գնալն
ի
սուրբ
Երուսաղէմ:
Այն
ջուրն,
որ
մեզ
չէր
պատահէր,
Ամենուն
լեզուն
կու
կապէր,
Շատ
մարդ
անհաղորդ
կու
մեռնէր.
Գնալն
ի
սուրբ
Երուսաղէմ:
Յանցանք
այն
մալէն,
ըռզակէն
Եւ
մեր
քաշած
չարչարանքէն,
Մարդ
կար
մահրում
ելաւ
լուսէն.
Գնալն
ի
սուրբ
Երուսաղէմ:
Ո՞վ
էր
տեսէր
այսպիսի
բան,
Թէ
ուխտաւորքն
մերկանան,
Յետ
դառնան,
իւրեանց
տունն
երթան.
Գնալն
ի
սուրբ
Երուսաղէմ:
Ւիւծեալ
սիրով
ուխտ
արարին,
Գնալ
քաղաքն
աստուածային,
Զարծաթն
եւ
զոսկին
ծախեցին.
Թէ
գնամք
սուրբ
Երուսաղէմ:
Խնդալուն
փոխարեն
լացանք,
Ուր
երթալնիս
ո'չ
իմացանք,
Գնացաք
Ղուշ
Ատասին
ելանք.
Գնալն
ի
սուրբ
Երուսաղէմ:
Տաճկնին
մեզի
դէմ
եկին,
Մեք
այլ
անկաք
նոցա
ոտին,
Թէ
ազատանք
ձեռքէն
Ֆռանկին.
Գնալն
ի
սուրբ
Երուսաղէմ:
Այն
տեղն
այլ
խորհուրդ
մտանք,
Թէ
որըս
երթանք,
որըս
դառնանք,
Միաբան
Իզմիր
գնացանք.
Գնալն
ի
սուրբ
Երուսաղէմ:
Ւիւանդացեալ
էաք
հոգւով,
Ամենքս
աղքատացանք
մարմնով,
Նոր
կարողացանք
աստուծով.
Գնալն
ի
սուրբ
Երուսաղէմ:
Րաբուն`
առաջնորդ
քաղաքին,
Քարոզեաց
իւր
ժողովրդին,
Թէ
տուն
տարէք
ուխտաւորին.
Գնալն
ի
սուրբ
Երուսաղէմ:
Այն
ինչ
օրհնած
մադիկք
էին,
Այն
Իզմիրու
ժողովրդնին,
Մեզ
տարին,
մխիթարեցին.
Գնալն
ի
սուրբ
Երուսաղէմ:
Ցաւերնիս
կրկին
նորեցին,
Նոր
նաւի
գին
ժողովեցին,
Ութսուն
հոգի
յետ
գնացին.
Ո'չ
եկին
սուրբ
Երուսաղէմ:
Զէնն
ուխտաւորաց
մէն
չեղաւ,
Հարուստ
՚ւ
աղքատ
զրկուեցաւ,
Զինչ
արմաղան
տվին,
չեկաւ.
Ի
սուրբ
քաղաքն
Երուսաղէմ:
Հայոց
ազգիս
թուականին,
Հազար
հարիւր
քառասուն
չորսին,
Այս
բանս
եղաւ
ուխտաւորին.
Գնալն
ի
սուրբ
Երուսաղէմ:
Ո'վ
եղբայրք,
ընթերցողք
տաղիս,
Ներումն
արարէք
ղալատիս,
Ողորմի
տուք
իմ
ծնօղիս.
Դուք
ալ
արժանի
լինիք
գնալ
ի
սուրբ
Երուսաղէմ,
Փափաք
առնուք
ի
լուսաբուխ
սուրբ
գերեզմանէն: