Ամբողջական երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ըսի սպասումիս ալեհեր. «Քե՛զ, դաւաճան, հո՛ն. ծառին տակ, քեզ պիտի կախեմ այս գիշեր»:

Ան հայցեց ու լացաւ, եւ իր լացը շղթայակապ հսկայի մը հեծկլտանքին չափ ահաւոր եղաւ:

«Տէ՛ր իմ, ըսաւ, գիտես որ արեւներուն տակ այրեցայ եւ ձմեռներէն խոշտանգուեցայ դրանդ առջեւ. եղերական երկար գիշերները հսկեցի քեզի համար, եւ անձնուիրութեանս հրամաններուն հնազանդեցայ: Յոյսի ճառագայթներով, անդուլ, ուզեցի ոսկեզօծել պատուհանիդ շրջանակը ուրկէ առոյգ տենչերդ իրենց շէկ վարսերը կ’արձակէին արշաւասոյր հովին դէմ: Եւ այն պահերուն որ կը ննջէիր, վազեցի դէպի տեսիլքներու հեռաւոր դաշտերը անսահման՝ ամէնէն պերճազգի խուրձերը գողնալու քեզի համար»:

«Յիշէ՛, պատրո՛ն իմ, գուրգուրանքները որոնցմով ընկերացայ քեզի, ինչպէս խնամակալը արքայազնիկի մը, անուրջներուդ պալատին Քսերքսէսեան սանդուղներուն վրայ եւ պարտէզներուն մէջ ուր, աւազաններուն շուրջ, ըղձանքներուդ թիթեռնիկները կ’ուզէիր որսալ»:

«Գիտես որ, պատրո՛ն իմ, երազներէդ քաղելով իմ աչքերուս լոյսը, լրտեսեցի յոյսերուն գալուստը խօլական թափօրի մը անցքին մէջէն. բայց, տէ՛ր իմ, ի՞մս է յանցանքը եթէ չեկան անոնք քու անյուսութեանդ անապատը ծաղկեցնելու»:

«Հէ՜գ երկայնամիտ, պատասխանեցի եւ տեսայ որ սպասումս, հողմավար, կը դողդոջէր զայրագնութեանս մրրիկին դիմաց ճշմարիտ է՝ դուն ըրիր այդ ամէնը. բայց, դաւաճա՛ն, կ’ըսեմ քեզի, ուզեցի՞ր գիտնալ բնաւ կաշկանդումին թոյնը՝ զոր խնամակալութեանդ շղթաները կ’երգէին ինծի: Ուզեցի՞ր նայիլ խորութեանն ի վար անձուկին, որ զիս կը խեղդէր քու հովանիիդ տակ: Անողո՛րմ, կ’ըսեմ քեզի, դուն զիս խաբեցիր, քանի որ՝ դաւաճան՝ պատրական կրկներեւոյթներ միայն մատնացոյց ըրիր ինծի անդարմանելի անապատներու սահմաններուն վրայ: Ատենն է որ հիմա, եւ ալ չեմ կրնար սպասել, ատենն է որ հիմա քեզ կախեմ, այս գիշեր, ծառին տակ, այնտեղ…»

Եւ աւելի դահիճ՝ քան դահիճներուն դահիճը, դէպի կախաղան առաջնորդեցի իմ հէգ սպասումս դաւաճան, որուն շուրջը բոլորուած՝ կուլային տրտում ու գլխահակ դէմքերը յիշատակներուն ու գուրգուրանքներուն, եւ ատոնց մէջ դէմք մը միայն կը յոխորտար յաղթական, եւ այդ՝ իմ դէմքս էր դառնածիծաղ:

Յետոյ, եւ յետոյ, գացի ձեռքերս լուալու կամքիս աղբիւրներուն տակ, եւ այլեւս սպասումիս խնամակալութենէն ձերբազատուած, խենթութեան գինիին արբեցութեան մէջ խեղդած հին խիղճս նոր խիղճս զարթեցուցի կեանքի ու ազատութեան խորհուրդներուն:

Սպասումիս մահուան տօնը կատարեցի, եւ այդ տօնը իմ ուխտիս ընծայման օրը եղաւ: Երթալ, ինչպէս հեծելասպետ ուխտաւոր, դէպի արկածախնդրութիւնը նորատեսիլ վէպերուն, անցնիլ անտառներու գրակախառն ու մոլեգին կռիւներուն մէջէն, որոնց փոթորիկներ կը հրամայեն. մեծ-քաղաքներու յորձանապտոյտ վերիվայրումներուն մէջէն, որ կը զառանցեն. հրդեհներու չարաշուք լոյսերուն մէջէն զորս վիրաթեւ երազներու տանջանքն ու արիւնը կ’արծարծեն, փութալ դէպի հորիզոնները մթնամած ու լուսաւոր, որ նոր գիշերներն ու նորանոր առաւօտները պիտի բանան իմ առջեւ, արհամարհելով, ճամբուս վրայ, բոլոր սաստերը որ պիտի ազդարարեն. «Սպասէ՛»:

Անմիտ պահակներ, եւ պիտի չգիտնան թէ խօլական ասպատակն եմ ես որ իր սպասումը սպաննելէն կուգայ:

Ա՛լ չեմ ապասեր, ա՛լ չպիտի սպասեմ կանչուած գալուստներուն որ չեկան: Պիտի երթամ ես ինքս իսկ անոնց ընդառաջ. պիտի երթամ չեմ գիտեր ո՛ւր, բայց պիտի երթամ դէպի կեանքն ու դէպի մահն ալ, միայն թէ ես ինքս իսկ պիտի խորտակեմ, հետզհետէ, տեսիլքներու դռները, եւ ինչպէս հեծելասպետ ուխտաւոր մշտական յաղթութիւնները պիտի սաղմոսեմ ուխտերուս խորանին վրայ:

Որովհետեւ սպասումս մեռաւ կախաղանին վրայ:

«Մեհեան» 1914 թիւ 1