Ամբողջական երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ծովակին մէջ, կղզիի մը լայն բարձունքը պատուանդան ըրած, Խորհուրդներու Մեհեանը կը կանգնի ինքնատիպ ու հզօր ոճով մը, որ ճարտարապետական վսեմ դիմագիծ մը կ’ընծայէ իրեն: Եւ անվկանդ բազուկի մը պէս, իր աշտարակը կը ցցէ դէպի աստղերը: Ընդարձակ յատակի մը վրայ, չորս անկիւններուն ծայրը, չորս առնական արձաններ կը կոթողանան ինչպէս անքուն պահակներ Խորհուրդներու Մեհեանին: Ահա ոյժը՝ ուռած լանջքը գրոհներու փոթորիկին դէմ անպարտելի. ահա մտածումը՝ որուն նայուածքէն վեհոգի խորհուրդը կը կայլակէ եւ շեշտ կամք մը կը հաստատուի. ահա տեսիլքը հանճարային սուզմամբ մը ոլորտին մէջ. եւ ահա ցեղը, խրոխտ, անսասան, իր թեւերուն տակ պատսպարած տանջանքն ու պայքարը:

Եւ արուեստական անտառ մը սօսիներու, մեհեանին չորս կողմը, աւանդութիւններու դալար տօն մը կը սարքէ: Արծաթաջուր, լայնշի աւազաններ, նունուֆարներով ծաղկաւէտ, բացատքներուն մէջ, տեղ տեղ, պարտէզին պերճակառոյց շատրուաններէն լուսեղէն ջուրերու զարդ մը կը յօրինեն: Եւ արձաններ, եւ արձաններ մարմարակերտ ու ոսկեղէն՝ կը յառնեն հոս հոն, ծառերու շուքին տակ, կամ ծաղկեթաղարներու բուրումնաւէտ գգուանքներուն քովն ի վեր, ցեղին դիցաբանութենէն ու կեանքէն:

Շրջանակուած այս զարդանկարէն, Խորհուրդներու Մեհեանը՝ իր ծոցին մէջ կը պահէ գործեր զորս ցեղին ստեղծագործ հանճարը ձեւակերտած է ժամանակի ընթացքին: Խորհուրդներու Մեհեանը արուեստի թանգարան է: Հոն է որ, ատեն ատեն, կը կազմուին ցուցահանդէսները, նկարներու եւ անդրիներու. հոն է որ երգի, երաժշտութեան ու բանաստեղծութեան կը նուիրուին հանդէսներ՝ ուր մոգական աղբիւրներու ծորակներ գեղեցկութիւն ու խորհուրդ կը մատռուակեն մարդերու:

Երիտասարդ արուեստագէտներ ու գրողներ՝ արծուեռունգն ու կորովի, կ’անցնին ու կը դառնան, իրենց դէմքերէն ու նայուածքներէն սերմանելով, Խորհուրդներու Մեհեանին ճամբաներուն վրայ, խնդութիւն ու ճաճանչներ երազներու եւ խոհանքներու: Կը պատրաստուին: Կը պատրաստուին այն հանդէսներուն, որ բազմաթիւ օրերու ընթացքին, պիտի կազմակերպուին մեհեանին մէջ, մտքի տօնին առթիւ։ Պիտի մասնակցին այն սրահներուն որ յատկացուած են նոր արուեստին:

Նախընթօրն է առաւօտեան երբ պիտի ծագի մտքի տօնը, ցեղին մեծ տօնը: Եւ նոր արուեստի սրահները կազմ ու պատրաստ են արդէն: Երիտասարդ արուեստագէտներու գործեր հաւաքուած են հոն՝ իւրաքանչիւրը դիւթական կամ դիւցազնական առասպել մը պատմելով: Անդրիներ են ասոնք, որ շատ մը երկիրներու մէջ, կը կոչուին Գերմարդերու Արշաւը, Տեսիլքներու Խուզարկիչը, Արտաշէս Արիարանց, ինչպէս նաեւ Արիազնի հարթ-քանդակը Ցեղին հոգին: Ահա նկարներ՝ Նեմրութի խորհուրդը, Կրակէ Արցունքներ, Շաւարշանայ ծաղիկներ, Դաժան Խնդութիւնը, եւ տակաւին եւ տակաւին: Ու մինչ, մէկ կողմէ, խումբ մը կը բանավիճի եռանդնաբորբ, անդին ուրիշ խումբ մը կ’ունկնդրէ երաժշտութեան հատուածի մը՝ որուն անունն է Կամքերու Վեհաժողովը:

«Վաղուան հայեր»ն են որ կը ցուցադրեն, կ’երգեն, կը նուագեն ու կը բարբառին իրենց ներքին կշռութիւնները, իրենց մտածումները, իրենց հայեացքները, եւ այս անցքէն է որ Արեգ Արտազեան, երիտասարդ քերթողը, ուզած է երկնել իր Վաղուան հայերը [1]:

 

«Մեհեան» 1914, թիւ 2.


[1]            «Մեհեան»ի մէջ թէեւ այս գրուածքը յայտարարուած է «շարունակելի» բայց յետոյ, ո՛չ «Մեհեան»ի մէջ, ո՛չ այլուր՝ հեղինակը շարունակութիւնը չէ տուած: