Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՏԱՆԱՅԻ ԹՈՒՐՔԵՐԷՆ ԼՐԱԳԻՐՆԵՐԸ

Սահմանադրութենէն առաջ կը հրատարակուէր «Սէյհան» չոր ու ցամաք պաշտօնաթերթն, վերջը սկսան հրատարակուիլ «Եաշասուն Օրտու» զինուորական լուրջ թերթ արտօնատէր Էրքեանը հարպ գօլ աղասը Լութֆի պէկ, «Իթիտալ» խուժանաթերթ կամ ամբոխավար լրագիր արտօնատէր Իհսան Ֆիքրի, «Րէհպէրը Իթիտալ» հակաիթիտալեան թերթ արտօնատէր Ալի Իլմի էֆ[էնտի], «Չուգուր Օվա» շուքէն վախցող խեղճուկ թերթ արտօնատէր Մահմուտ Ճէլալէտին էֆ[էնտի]:

Թուրքերէն չորս թերթերէն զատ, Հայերուս մէջ ալ Կիլիկեան մի քանի թերթերու պէտքը զգացուեցաւ: Որով «Տաւրոս» անունով թերթի մը արտօնութեան համար ես դիմած էի Կուսակալութեան, որուն համար երաշխաւորի եւալյն կարգ մը դժուարութիւններ հանեցին: Նոյնպէս Հ. Ռ. Ս. Կուսակցութեան կողմէ Պողոս էֆ[էնտի] Եղիաեան դիմած էր «Կիլիկիա» անունով թերթի մը արտօնութեանը համար. եւ միւս կողմէ Տ. Մուշեղ Սրբազանը ձեռնարկած էր տպարան մը բերել տալու, որոնք դժբախտաբար ամբողջովին ջուրն ինկան:

Իհսան Ֆիքրի «Իթիտալ» թերթին համար տպարան մըն ալ բերաւ Պոլիսէն, որուն համար կ՚ըսուի թէ Իթթիհատի անուամբ ժողված դրամով առած է: «Իթիտալ» սկսաւ հրատարակուիլ անորոշ ուղղութեամբ մը, երբեմն Հայերը կը գովէր երբեմն քարեր կը նետէր եւ Կէրկէրլիի պոչէն խածած կը քաշկրտէր: «Իթիտալ»ի դէմ գրելու եւ զայն պախարակելու համար, հակառակորդներէն Էրզինի թահրիրաթ միւտիրի Ալի Իլմի էֆէնտին ալ սկսաւ «Րէհպէրը Իթիտալ» անունով թերթ մը հրատարակել, ասոր ալ նպատակն էր լոկ Իհսան Ֆիքրին հարուածել եւ «Իթիտալ»ն տապալել: Այն ատեն Իթթիհատի անկանոն վարչական խորհուրդին ալ հակառակ սկսաւ գրել եւ այս թերթին օգնութեան հասաւ երրորդ Թուրքերէն թերթ մը Չուգուր Օվա, Մահմուտ Ճէլալէտտին էֆ[էնտի]ի խմբագրապետութեամբ: Վերջապէս Ատանայի Թուրքերն մի քանի կուսակցութեանց բաժնուեցան. եւ Հայերը կը դիտէին միայն այս ամենը: