ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՊՐԻԼ ՄԷԿԻ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ ՕՐԸ

«Առտուն ընդհանուրին միտքերը յուզուած ըլլալով մէկտեղ միւսիլմանները կ՚աշխատէին դէպքի մը տեղի չի տալ։ Հայերէն տասնէն՝ ինը խանութնին չի բացին։ Շուկաները, քաղաքին ամէն կողմերը զինուոր կը պտըտէր։ Իսլամ կրօնականները եւ հարուստները խո՛ւմբ խո՛ւմբ շուկայէ շուկայ պտտելով՝ խանութները բանալնին եւ դէպքի մը տեղի չի տալնին կը յորդորէին եւ այս աղաչանքն ու խրատները անոնց չ՚ազդելէ զատ, խանութնին բացողներն ալ մէկ կողմէն կը գոցէին»։



Ատանայի Շապանիյէ թաղէն՝ Բալուցի ատաղձագործ Կարապետի որդի Յովհաննէս։ Որուն հետքը դեռ գտնուած չ՚է։ (տե՛ս էջ18 եւ 70)

«Ամբողջ ժողովուրդը ոտքի վրայ կը պտըտէր, քաղաքը ըսի ըսաւներով կը սարսռար, հայերը մէկ կողմէն կառքերով կը փոխադրուէին, փողոցները ժողովուրդի հոսանքէն ուրիշ բան մը չէր երեւար»։

«Քէչէճիներուն մէջէն անցնող կառք մը ուշադրութիւն հրաւիրելով զինուորներու կողմէ վար դրուեցաւ, կառքին մէջ երկու հայ, խուրջ մը եւ (տէսթէ) մը մարթին եւ բազմաթիւ ռազմանիւթեր կային [1], զէնքերը գրաւուեցաւ, հայերը ծեծուելով արձակուեցան»։



Կիլիկեան նահատակներէն ԱՐԱՄ ԷՖ[ԷՆՏԻ] ՈՒԶՈՒՆԵԱՆ, Հաճընցի ուսուցիչ, շրջանաւարտ Կիլիկի[եան] Ժառանգաւորաց վարժարանէն եւ սպաննուած Ապտօղլու գիւղին մէջ. 1869-1909։



«Այս միջոցին Էքմէր-ալթըի կողմերը հայ տղաքներուն «ի՞նչ պիտի ըլլայ, թող ըլլայ»ի պէս խօսքերը եւ հայհոյութիւնները իսլամները չափազանց յուզելով մէկտեղ, իսլամ մեծերուն «ամա՜ն, խռովութեան մը առիթ մի՛ տաք»ի պէս խրատները ժողովուրդը կը զսպէին»։



[1]            Յիշեալ կառքին մէջ կը գտնուէին այր ու կին մը որ իրենց մէկ ազգականին տունը կ՚երթային եւ քովերնին ունէին որսի հրացան մը, իսկ միւսները սուտ եւ երեւակայական են։