Եւդոկիոյ հայոց գաւառաբարբառը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ

«Եւդոկիոյ Հայոց գաւառաբարբառը» Հանդէս Ամսօրեայի մէջ հրատարակութեան տալու սկսած ատեն՝ նկատելով որ բարբառախօսական (dialectologique) կատարեալ ուսումնասիրութիւն մʼընելու համար ո՛չ հարկ եղած լեզուաբանական ձեռնհասութիւնն ունէինք եւ ո՛չ ալ գէթ ձեռքի տակ նմանօրինակ աշխատասիրութիւն մը իբրեւ ուղեցոյց ծառայելու համար մեզի, մեր միտքը միայն նոյն բարբառէն քաղուած գաւառական բառերու ցուցակ մը հրատարակել էր. բայց յետոյ Հանդէսի Պատուարժան Խմբագրութեան եւ մեր բարեկամ ծանօթ լեզուաբան Պր. Հրաչեայ Աճառեանի, ինչպէս նաեւ ուրիշ բարեկամներու թելադրութենէն քաջալերուած՝ նոյն բարբառի ձայնագիտութեան եւ քերականութեան մասերն ալ պատրաստելով՝ հետզհետէ հրատարակութեան դրկեցինք, եւ վերջին մասով մըն ալ միեւնոյն բարբառին առածները, ոճերն ու ասացուածները ծանօթացնելով՝ վախճան տուիք մեր այս պզտիկ ուսումնասիրութեան, որ այսպէսով բաղկացած եղաւ չորս մասերէ. 1. Ձայնագիտութիւն. 2. Բառացուցակ. 3. Քերականութիւն. 4. Առածներ, ոճեր, ասացուածներ։

Ո՛րեւէ լեզուի գաւառաբարբառներուն լեզուաբանօրէն ունեցած անհուն կարեւորութիւնն ի նկատ առնելով՝ հայ բարբառներու քննութիւնն ալ ի հարկէ մեր լեզուին համար անակնկալ ու սքանչելի յայտնութիւններ ունի ընելիք։ Այս մտածմամբ՝ կը յուսանք թէ մեր ներկայ աշխատասիրութիւնն ալ՝ իր բոլոր անկատարութիւններովն ու թերութիւններովը միասին, իր շահեկանութիւնը պիտʼ ունենայ անոնց համար՝ որոնք հայ լեզւով ու հայ գրականութեամբ կը զբաղին։ Եւ այդ անկատարութիւններն ու թերութիւններն ալ վստահ ենք որ խստիւ չպիտի քննադատուին ձեռնհաս լեզուաբաններու կողմէ, երբ մանաւանդ գիտնան թէ այս գործը մեր (արեւմտեան հայերուս կամ թրքահայերուս) մէջ. եթէ չենք սխալիր, բարբառախօսական առաջին աշխատութիւնն է որ իր նախորդը չունի. նախափորձ մը պարզապէս՝ սկսնակէ մը գրուած, առանց գոնէ ո՛րեւէ առաջնորդող գործի օգնութեան, որ բնականաբար գիտութեան բոլոր պահանջները գոհացնելու կարող գիտնական մեթոտաւոր հետազօտութիւն մը համարուելու յաւակնութիւնը չի կրնար ունենալ։

Լեզուաբանական հետազօտութիւններու արժէքը մեր մէջ ալ հասկցուելէն ու օրէ օր շեշտուելէն ի վեր որուն մեծապէս նպաստեցին վերջերս Մգստ. Լաւոն Մսերեանցի հայ. բարբառախօսութեան (ներածական ճառ Մշոյ բարբառին ուսումնասիրութեան) թարգմանութիւնն ի Հ. Գ. Վ. Մէնէվիշեանէ եւ Պ. Հր. Աճառեանի ուսումնասիրութիւնները, ինչպէս նաեւ Կ. Պոլսոյ Բիւրակնը՝ խմբագրութեամբ Պ. Դ. Խաչկոնցի «պատուելիական» սխալ ըմբռնումով մը այնքան երկար ատենէ ի վեր արհամարհուած, լքուած, եւ գրական լեզուի ազդեցութեան տակ հետզհետէ այլափոխուելու, կորսուելու վրայ եղող հայ բարբառները մէկէն կարեւոր նշանակութիւն մը առին ու հետաքրքրական նոր կերպարանքով մը ներկայացան անտարբերներու աչքին։ Ուրախալի է որ գաւառացի բանասէրներ սկսած են փոխանակ արհամարհանքի՝ տաք գուրգուրանքով մը նկատել իրենց գաւառի բարբառներն եւ անոնցմով լրջէՙօրէն զբաղիլ, որուն փորձերը հետզհետէ տեսնուելու վրայ են։ Երանի թէ մեր այս դոյզն երկը անոնց ալ նոր գրգիռ ու քաջալեր մը ազդէր՝ աւելի եռանդով եւ աւելի պատրաստութեամբ նուիրուելու համար այս գաղացիկ գործին որ ա՛յնքան հիանալի կոյս ճոխութիւններ պիտի բերէ մտցնէ մեր գրականութեան մէջ, նոյնքան ալ համեմատութեան եզրեր աւելցնելով հայերէնի քննական հետազօտութեանց համար։

Այս ուսումնասիրութիւնը պիտ՝ օգնէ նաեւ ճշտելու Եւդոկիոյ հայ գաղթականութեան (բաղկացած շուրջ 2000 տունէ) ծագումը որ մթութեան մէջ կը մնայ ի չգոյէ որեւէ յիշատակարանի. ըստ որում՝ իրենց գաւառաբարբառը կենդանի եւ ամէնէն անվրէպ յիշատակարանն է որ բաղդատելով ուրիշ գաւառաբարբառներու հետ՝ օր մը երեւան պիտի բերէ գաղթականական առնչութիւնները։

ՀԵՂԻՆԱԿԸ