Եւդոկիոյ հայոց գաւառաբարբառը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.

Ագահին աչքը ճանկ մը խողը կը կիշտացնէ. Ագահը մինչեւ գերեզման չի յագենար։

Ադամ խաբուեցաւ, դրախտէն ընկաւ. Մարդիկ սխալական են։

Ալուրս մաղեցի, մաղս կախեցի. Ամէն գործ կատարեցի։

Ածան հաւը կարկըչան կ’ըննայ. Գործունեայ, արդիւնաւոր մարդուն շատ չի տեսնուիր երբ շատ խօսի կամ շատ պահանջկոտ դառնայ։

Ախքատն ունի հաց ու բանիր, գիշերը քունը չի տանիր. Չտես ու անհամբեր է։

Ահը վեր է քանծ մահը [1]. Ահ ու սարսափի ազդեցութիւնը շատ մեծ է։

Աղէկ մարդը խօսքի վրայ կու գայ. Եր որ մէկու մը վրայ խօսելու ատեն յանկարծ այն մարդը վրայ գայ՝ այս խօսքը կ’ըսեն։

Ամմէն խաղիկ ըսածիդ խաչը ծոցէն կ’ելլէ կոր. Շատ հաւատարիմ կարծուած անձերու խաբէութիւններն երեւան կ’ելլեն երբեմն։

Ամմէն մարդ իր վարդանը կու լայ. Ամէն ոք իր ցաւը կը հոգայ։

Ամմէնը ճակատս, աս ալ կրունկս է գրուեր. Այս նոր դժբախտութեան չէի սպասեր։

Ամմէն խոստովանանք տէրտիրոջը չ’ըսուիր. Կան բաներ որ ուրիշներէ պահել հարկ կ’ըլլայ։

Ամմէնուն յոգնած տեղը խան չի շինուիր. Ամէն մարդու քմահաճոյքը կարելի չէ որ գոհ ըլլայ։

Ամմէնը սուտ, Ասուած իրաւ. Բացարձակ ճշմարտութիւն չկայ՝ բաց ի Աստուծմէ։

Անկաճը կախ, սիրտն ուրախ. Բոլորովին անհոգ, անտարբեր։

Անողաց՝ գտնողած. Չարիք մը գործողը պատիժը կը գտնէ։

  Անուշ լղուն օձը ծաղկուն կը հանէ. Քաղցր վարմունքով ամէն բան կը յաջողի։

Անցանք դարձանք՝ բարեւ քեզ. Շատ ուշը մնացեր ես։

Անցանք հացէն ու մսէն, կատուն ելլեր կարսէն [2]. Շահէն հրաժարեցանք, վնաս մըն ալ չկրէինք։

Անցուկը մոռցուկ կ’ըննայ։

Անօթին քարը կ’ուտէ։

Աշխարհ գրող կարդացողէն պիտ անցնի. Գիտունները խորամանկ, չար մարդիկ կ’ըլլան։

Աչիչ [3] տես բերնի կարօտ. Բան մը որ հազիւ թէ կը տեսնուի ու կարելի չ’ըլլար վայելել։

Աչքդ բաց, էճէլդ. (թրք. = օրհաս) դիմաց. Վտանգաւոր պարագաներ ուր մահուան վտանգը դէմ առ դէմ կը կենայ։

Առանց հրամանի տերեւ չի շարժիր. Ամէնէն ջնջին դէպքերն անգամ Տիրոջը հրամանովն ու գիտւթեամբը տեղի կ’ունենան։

Առանց սատանի՝ պատարագ անել. Առանց որ եւ է անհաճոյ եւ անպատեհ միջամտութեան՝ գործ մը կատարել։

Առտուան ցօղուն, ցորեկուան շողուն, իրիկուան հովուն. Գինեմոլներուն գործածած մէկ բանաձեւը՝ արդարացընելու համար իրնց օրուան ամէն ժամերուն մէջ ալ խմելը։

Ասուած ձունը լեռանը կէօրէ (թրք. = համեմատ) կու տայ. Աստուած մէկն իր տանելու կարողութենէն աւելի փործութեան չ’ենթարկեր։

Աստուած մատը մարդուն աչքը չի խօթեր. Աստուած չարերն անուղղակի կերպով կը պատժէ։

Ասուած ախքատը խնդացնել ուղէնէ՝ էշը կարսնցնել, վերջն ալ գտնել կու տայ. Աղքատ մարդիկ իրական ուրախութիւն չեն վայելեր. միշտ դժբախտ են։

Ասսու (= Աստուծյ) պահած գառը՝ գալը չ’ուտեր. Աստուծոյ պահպանածն ակներեւ վտանգներէ կ’ազատի։

Ասսու մեղանը փաթթուիլ. Վերջին աստիճանի աղաչել, պաղատիլ, թախանձել։

Ասսու օրը չի հատնիր. Գործ մը օրէ օր յետաձգելուն վերջը չի գար։

Արեւը քուն ունի, ամմէն մարդ տուն ունի. Ամէն մարդ իր տունը գտնուելու է ժամանակին։ Արեւ ըննայ նէ մարդու վրայ չի ցաթեր. Այնչափ չարսիրտ ունախանձտ է որ ամէնէն ձրի բարիքն իսկ կը զլանայ ուրիշներուն։

Արեւը չամւով (թրք. = շաղախ) չի ծեփուիր. ճշմարտութիւնը չի խափանուիր։

Արնղեւոտ օրը հասուն ջուր տուող շատ կ’ըննայ. Առատութեան օրերու մէջ մարդու օգնելը դիւրին է։

Բ.

Բակը ծուռ է, կովը կաթ չի տար. Հեգնական օրինակ՝ որ եւ է թերութեան մը անտեղի ջատագովութիւնը ծաղրելու համար։

Բամբասանք չէ, բանն ասանկ է. Ճշմարտութիւնն այս է։

Բանին մէջը բան կայ, պնակին մէջը թան կայ. Գործին մէջը տարբեր գաղտնիք կայ։

Բարեւ տուողին բարեկենդանք կը վազէ. Ամէն տեղւոյ ինքնակոչ հրաւիրեալն է։

Բերնիս քարը դուրս կը հանիմ… ծածկածս կը յայտնեմ, գաղտնիքդ երեւան կը բերեմ…։

Բոզն էշը հեծցուցեր են նէ՝ պաղչա սէֆասին կ ʼ երթամ կոր ըսեր է [4]. Գէշ, լկտի մարդը բանէ մը չʼամչնար։

Բորոտ չես նէ՝ մի քերուիր. Եթէ յանցանք չունիս անտարբեր կեցիր։

Գ.

Գեղ գեղի վրայ կ ʼ ըննայ, տուն տան վրայ չ ʼ ընար. Քանի մը տնւոր միասին չեն կրնար բնակիլ։

Գետը չեկած մի բոպիկնար. Ժամանակէն առաջ մի՛ պատրաստուիր։

Գէշ դրացինը մարդը հաճաթի (թրք. = տնական կարասի) տէր կ ʼ անէ. Գէշ դրացին տնական կարասի փոխ չտալով իր դրացիներուն՝ կը ստիպէ զանոնք որ իրենց չունեցածը գնեն։

Գիշերը մոմ վառէ, ցորեկը ձութ ծամէ. Կʼուղղի ծոյլ մարդոց՝ որոնք ցորեկը պարապ բաներով ժամանակ կʼանցընեն եւ իրենց գործերը գիշերւան կը թողուն։

Գլորեր է պտուկը, գտեր է իր խփիկը. Իրարու յարմար են։

Գնա՛ մեռիր, եկո՛ սիրիմ. Մէկու մը մահուընէն վերջը յարգէ կը ճանչցուի։

Գողը գողէն գողացաւ, Ասուած վերէն զարմացաւ։

Գող՝ սիրտը դող։

Գործէն փախիր, հացին ժմնէ. Ծոյլ ու անգործ է, բայց սեղանին գլուխը միշտ ներկայ է։

Գրողին տորպկէն ընկած է [5]. Մահուան վտանգներէ ազատած է։

Գրքին երկու երեսն ալ կարդալու է. Խնդրոյ մը ամէն կողմերը միանգամայն լսելու կամ քննելու է։

Դ.

Դանակը կովուն քովը կը տանին, չէ քի կովը դանակին. Գործին դիւրին միջոցը գործադրելու է։

Դարուդուրը Ասուած հաւսրցնէ. Անկարգութիւններուն թիւը շատ է. Աստուած բարեկարգէ։

Դգալով կը ժողվէ, շերեփով կը տարտղնէ. Մէկ կողմէ չափազանց շահախնդիր, միւս կողմէ նոյնչափ շռայլ է։

Դուն ճենճ ըսէ, ճանճը Պաղտատէն կու գայ. Ձրի վայելքի համար մարդ չի պակսիր։



[1]            Դիտելի է թէ այս առածներէ ու ասացուածներէ շատերուն մէջ կան գրական ու բանաստեղծական ճշմարիտ յատկութիւններ, ինչպէս յանգ, տաղափաչութիւն, նմանաձայնութիւն եւ այլն։ Այսպէս է վերի առածն ւ անոր նման շատ ուրիշներ, որոնց հետզհետէ պիտի հանդիպենք. զոր օր. գող՝ սիրտը դող. մեղքը լալով, պարտքը տալով. եկեր պատեր, ճարն է հատեր. նէ արողի, նէ կրողի. շունը յիշէ, փատը քաշէ. հէմ գրոց, հէմ բրոց. ուշ եկո, անուշ եկո. հոգը քաշողին, լաթը մաշողին. ձեռքս բան ոտքս գերեզման. եւն. եւն։

[2]            Այս ասացուածն եւ ասոնց նման ուրիշ մէկ քանիներ ըստ ինքեան անհասկանալի կը մնան ւ ուրիշ կրպով չեն կրնար ըմբռնուիլ ու բացատրուիլ՝ բայց եթէ անոնց ծագումը փնտռելով ժողովրդական առակի մը, զրոյցի մը կամ հէքեաթի մը մէջ։ Եւ արդարեւ շատ անգամ կը պատահի որ այս կարգի զրոյցներուն մէջ նշանաւոր խօսքը կամ զանոնք ակնարկող բանաձեւ մը ժողովրդեան բերնին մէջ յեղյղուելով վերջ ի վերջոյ առածի կարգ կ’անցնի, թէպէտ եւ կրնայ ըլլալ որ անոր ծնունդ տուող զրոյցն այսօր բոլորովին մոռցուած ըլլայ։

[3]            Յայտնի է թէ աչից (= աչաց) ձեւին վերջին ց ն՝ չ ի փոխուած է նախորդ չ ին ազդեզութեամբն անոր նմանելու եւ հնչումը դիւրացընելու համար, լեզուաբանական երեւոյթ մը՝ որ ամէն լեզուի ու բարբառի ալ սովորական է։

[4]            Ասիկա կʼակնարկէ տեղական հին սովորութիւն մը, որ էր ակնյայտնի բոզ կիներն իշու վրայ՝ երեսը դէպ ի գաւակը, հեծցընել եւ քաղքին փողոցները պտըտցընելով նշաւակելէ ետեւ ուրիշ քաղաք մը յաքսոր ղրկել։

[5]            Այս առածը կʼակնարկէ գրողի (= սատանայի) մասին ժողովրդեան հաւատացածն՝ իբր թէ գրողը մարդոց հոգիներն առնելով տոպրակի մը մէջ կը ժողովէ կը տանի։