Այլասիրութիւն եւ Եսասիրութիւն. LʼAltruisme & LʼEgoisme

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.

Lʼentrʼ aide est autant une loi de

la nature que la lute réciproque.

Pierre KROPOTKINE

 

Իրերօգնութիւնը այնքան օրէնք մըն է բնութեան մէջ որքան փոխադարձ պայքարը։

Պիէր ԿՐԱՊՕԴԿԻՆ

Տիկիննե՛ր, Պարոննե՛ր,

Ընկերուհինե՛ր, Ընկերնե՛ր,

 

ԻՏԱԼԱՑԻ շատ հանճարեղ ու խորասոյզ դիտող մը զննելով մտքի ու խօսքի շատ մը երեւոյթներ եւ արտայայտութիւններ ու հոգեբանեկան տեսակէտէ վերլուծելով զանոնք հասած է կարեւոր եզրակացութեան մը եւ սապէս վճիռ մը արձակած. «La mansuetudine guasta le migliori cose», Հեղգութիւնը կʼաւրէ լաւագոյն բաները, հեղգութիւն՝ թուլութեան, ամէն բանը մաշեցնո՛ղ սովորականացնո՛ղ թուլութեան մը իմաստով առնելով։ Այսպէս զոր օրինակ, «բարեւ» ըսուած բանը, իբրեւ իրար ճանչցող էակներու, ըլլայ մարդ անասուն, իրար տեսնելնուն իրարու հանդէպ գոհունակութեան ու տեսակ մը մաղթանքի արտայայտութիւնը ըլլալու կոչուած «բարեւ»ը՝ այսօր, դարեր ու դարեր ետքը, շնորհիւ իր սովորականացա՛ծ մաշա՛ծ ըլլալու հանգամանքին եւ շնորհիւ, մանաւանդ, մարդոց «վարժուելու հեղգութեան» դարձած է այլեւս պարզ քաղաքավարութեան կամ, եթէ աւելի ճիշդը կʼուզէք, կեղծիքի ձեւ մը։

Այսպէս է դարձեալ մարդկային մարդկային կեանքին հետ անմիջական առնչութիւն ունեցող բազմաթիւ ու բազմազան գրեթէ բոլոր դրուագներուն համար, կեանքի դրուագներ կամ ընդոծին յատկութիւններ՝ որոնք մարդոց հեղգութեան պատճառաւն իսկ ու ատո՛ր համար միայն, կորսնցուցած իրենց իսկական սահմանը եւ արժէքը, մերթ չափազանցուած են, մերթ գրեթէ ոչինչի վերածուած՝ մանաւանդ հասարակ մտածողներու ուղեղին մէջ.

Եւ որովհետեւ այն զգացումները, Այլասիրութիւն եւ Եսասիրութիւն, որոնց հոգեբանանական եւ ընկերաբանական վերլուծումը պիտի կազմէ այս ուսումնասիրութեանս նիւթը, շատ շա՛տ մեծ ազդեցութիւն մը կրած են մարդկային մտածողականութեան այդ հեղգութենէն, սխալ հասկացողութիւններու տեղի չտալու եւ անիմաստութիւններէ միանգամ ընդ միշտ խուսափելու համար, անհրաժեշտ եւ ստիպողական պէտքը կը զգամ կանխաւ եւ շատ որոշակի ըսելու թէ ի՛նչ են իսկապէս Այլասիրութիւնը եւ Եսասիրութիւնը։

Այս երկու զգացումներուն եւ անոնց արտայայտութեան ծառայող այդ բառերուն շուրջ գոյութիւն ունեցող մեծագոյն թիւրիմացութիւնը չափազանցութիւնն է։ Եւ իրապէս, տեսէք, Այլասիրութիւն եւ Եսասիրութիւն մարդոց բերնին եւ մտքին մէջ ա՛յնքան չափազանցուած են որ անոնց արդի ըմբռնումին եւ իսկական իմաստին մէջ փորուած է արդէն անհասկանալիութեան դաժան խորխորատը։ Այլասիրութիւնը արդէն շատոնց կորսնցուցած իր բուն իմաստը՝ եղած է պարզ շփոթութիւն մը այլամոլութեան, այլապաշտութեան եւ ինքնուրացումին հետ, իբր բառ սակայն մնալով միշտ «Այլասիրութիւն»։ Նոյնպէս եւ Եսասիրութիւնը իբր բառ մնալով միշտ անփոփոխ, «Եսասիրութիւն», մարդոց հեղգ մտածողութիւնը զայն հասցուցած է չափազանցութեան շատ արտառոց սահմաններու եւ նոյնացուցած՝ եսամոլութեան, եսապաշտութեան եւ օտարատեցութեան հհետ։ Եւ ասի ա՛յնքան ճշմարիտ է որ ֆրանսիական մեծ բառ―գիրքեր ստիպուած կը զգան ինքզինքնին եսասիրութիւն (égoisme) բառին դէմ դնել սա դիտողութիւնը. «Չշփոթել եսամոլութեան (égotisme) հետ»։

Այո՛, ճիշդ Աղաւաղումին օրէնքն է աս ալ, ա՛յն աղաւաղումին որ հակառակ մարդոց կողմէն իսկ կատարուելուն կը դառնայ իր ներգործուաքոթիւնը ընելու նոյնինքն մարդոց վրայ դարձեալ։ Գուցէ քիչ մը paradoxal երեւոյթ արտաքուստ, բայց իր իսկութեան մէջ անուրանալիօրէն ճշմարիտ։

Ուրեմն հիմա հասկանալի է ձեզի թէ իմ ուսումնասիրութեանս նիւթը պիտի կողեն ո՛չ թէ եսամոլութիւնը կամ եսապաշտութիւնը ու միւս կողմէ այլամոլութիւնը կամ այլապաշտութիւնը, այլ եսասիրութեան (égoisme) եւ այլասիրութեան (altruisme) չաղաւաղուած, չչափազանցուած, բնական, ընդոծին զգացումները եւ անոնց իմաստասիրութիւնն ու խաղացած դերը ընկերական կեանքին մէջ։

Բայց, ահա՛ կարեւորագոյն հարցը։ Կը կարծէ՞ք արդեօք թէ ճիշդ են այն երկու յատկանիշները զորս տուի Եսասիրութեան եւ Այլասիրութեան։ Ես անոնց համար ըսի «բնական» եւ «ընդոծին»։

Միշէլ Բակունինը որ մարդկային երեւակայութեան բոլոր շրջըրջումներուն ու երազատես խարխափանքներուն կատաղի հակառակորդ մը եղած է եւ մէկը այն հազուագիւտ խորհողներէն որոնք ըղձացած են տալ ամէ՛ն բանի իր իսկական ծնունդն ու արժանիքը, ինքը, Միշէլ Բակունին պիտի պատասխանէ այդ հարցումին.

«Կենդանական բոլոր տեսակներուն մէջ, առանց բացառութեան, բայց միայն զարգացումի (développement) քանակի տեսակէտէն մեծ տարբերութիւնով մը, երկու ընդդիմադիր բնազդներ կան. Անհատին պահպանման բնազդը, այսինքն, մարդկօրէն խօսած ըլլալու համար, եսասէր բնազդը (l’Instinct Egoiste) եւ ընկերական բնազդը (l’Instinct Social)։ Գիտական տեսակէտով ինչպէս բնութեան ալ տեսակէտով, այս երկու բնազդներն ալ հաւասարապէս բնական են (naturel) եւ, հետեւապէս, օրինական (légitime) եւ ինչ որ աւելին է, այս երկուքն ալ հաւասարապէս անհրաժեշտ են էակներու բնական տնտեսութեան մէջ»։

Արդեն անհատին պահպանման (preservation de l’individu) եւ տեսակին պահպանման (preservation de l’éspèce) այս հարցը ա՛յնքան առատ, ա՛յնքան խոր եւ ա՛յնքան մանրազննին ուսումնասիրութիւններու նիւթը կը կազմէ որ հոգեբաններու, ընկերաբաններու եւ բարոյախօսներու մտազբաղումի առարկան ըլլալէ առաջ, նոյնինքն բնութիւնը քննողներուն, կենդանական կեանքը սերտողներուն եւ բնախօսներուն մտասեւեռումին ամենակարեւոր նիւթերէն մէկը եղած է։ Եւ անոնք մանաւանդ որոնք զբաղած են անասուններու աշխարհին մանրամասնութիւններուն ուսումնասիրութիւնովը, իրենց ամէն մէկ քայլին, ամէն մէկ նոր յառաջխաղացումին, դէմ յանդիման եկած են Եսասիրութեան եւ Այլասիրութեան հետ իբրեւ շատ բնական եւ անժխտելի բնազդներ։

Համբաւաւորն Տարվինի այս մասին ըրած բազմաթիւ գրեթէ անհամար դիտողութիւններէն վերջը անցեալ տարի մեծ ընկերաբանը Պիէր Կրապօդկին անգլիերէն լեզուով հրատարակեց «Իրերօգնութիւն»ը (l’Entr’ aide) անուն հատոր մը որուն մէջ անիկա հրաշալի դասաւորումով մը եւ ուղղակի կենդանիներու կեանքին մանրակրկիտ մէկ քննութեանը վրայ հիմնուած կը հաստատէ ալ անմերժելի. անուրանալի բացայայտութեամբ մը թէ իրերօգնութեան այդ բնազդը եւ անոր անմիջական հետեւանք ընկերականութեան բնազդը գոյութիւն ունին առհասարակ բոլոր դասակարգերուն մէջ։

Ահաւասիկ.

«Երբ կʼուսումնասիրենք կենդանիները, կʼըսէ Կրապօդկին, ո՛չ թէ աշխատանոցներու եւ միւզէոններու մէջ միայն, այլ անտառին եւ մարգագետնին մէջ, մացառուտներուն եւ պուրակներուն խորքը, անմիջապէս կը նշմարենք թէ թէեւ բնութեան մէջ զանազան տեսակներուն միջեւ կայ պայքարի ահագին քանակ մը, բայց կայ նաեւ, թերեւս նոյնիսկ աւելի, փոխադարձ նեցուկութիւն, փոխադարձ պաշտպանութիւն նոյն տեսակին կամ, առնւազն, նոյն ընկերութեան պատկանող կենդանիներու միջեւ։

֍ ֍ ֍

Եթէ, օրինակի համար, դիտենք մրջնարան մը, պիտի տեսնենք թէ ո՛չ միայն ամէն կարգի աշխատութիւնները, նորածինները մեծցնելը, պաշար հաւաքելը, շինութիւնները, կը կատարուին կամաւոր իրերօգնութեան մը սկզբունքներուն համաձայն, այլ կը ստիպուինք նաեւ անմիջապէս ընդունելու, Ֆօրէլի հետ, թէ մրջիւնի շատ մը տեսակներուն կեանքին գլխաւոր եւ հիմնական գիծը կը կազմէ այն պարագան կամ նոյնիսկ այն պարտականութիւնը որով իւրաքանչիւր մրջիւն իր կերած, նոյնիսկ արդէն մասամբ մարսած, սնունդը ստիպուած է բաժնել համայնքին այն անդամին հետ որ իրմէ կը խնդրէ այդ ծառայութիւնը։ Տարբեր տեսակներու կամ թշնամի մրջնարաններու պատկանող երկու մրջիւններ երբ դիպուածաւ իրարու հանդիպին իրարմէ կը զգուշանան. բոյց նոյն մրջնարանին կամ մրջիւններու նոյն գաղթականութեան պատկանող երկու մրջիւններ, այդպիսի պարագայի մը, անմիջապէս կը մօտենան իրարու, իրենց բողկունքներով քանի մը շարժումներ կը փոխանակեն եւ եթէ իրենցմէ մէկը անօթի է կամ ծարաւ եւ մանաւանդ եթէ միւսին ստամոքսը լեցուն է… առաջինը շուտով ուտելիք կը խնդրէ անկէ։ Եւ կուշտ եղող մրջիւնը երբեք չի մերժեր, կզակները կը բանայ, դիրք կը բռնէ եւ թափանցիկ հեղուկի կաթիլմը դուրս կուտայ զոր քաղցած մրջիւնը կը լիզէ անմիջապէս։ Եթէ ստամոքսը լեցուն եղող մրջիւն մը մերժէ ուտալիք տալ անօթիին, թշնամի կը նկատուի եւ նոյնիսկ եթէ այդպիսի դէմք մը պատահի այն պահուն ուր երկու թշնամի ընտանիքներ իրարու դէմ կռուելու վրայ ըլլան, չար մրջիւնին ընտանիքին պատկանողները կը թողուն անմիջապէս իրենց թշնամին եւ կուգան ջախջախելու իրենց եսամոլ ընկերը»։

Մրջիւններէն յետոյ մեղուներն ալ իրենց կարգին գերագոյն գեղեցկութեամբ եւ յստակութեամբ կʼապացուցանեն, իրենց ապրելակերպով, իրերօգնութեան եւ այլասիրութեան բնականութիւնը։

Մեղուները իրենց կանոնաւոր ընկերական կեանքին ներդաշնակութեան մէջ մրջիւններէն շատ աւելի առաջ գացած են։ Այսպէս կարգ մը կենդանաբաններ հիացումով դիտած՝ եւ հիացումով կը պատմեն թէ ինչպէս իւրաքանչիւր փեթակի մուտքին առջեւ պահապան եւ հսկիչ նշանակուած մեղուները ո՛ եւ է կերպով չեն վնասէր տարբեր ընտանիքէ մեղուներու՝ որոնք սխալմամբ եւ՝ ատ փեթակը իրենցը կարծելով՝ հոն կʼիյնան. պահապան մեղուներն այնքան աւելի ներողամտութիւնով կը վարուին ատ սխալողներուն հանդէպ որքան աւելի երիտասարդ ըլլան անոնք, մինչդեռ նոյն պահապանները անմիջապէս եւ չարաչար կերպով կը սպաննեն եթէ ապստամբ կամ գող մեղու մը ուզէ ներս մտնել։

Անցնելով միջատներէն թռչուններուն, պիտի յիշեմ այստեղ թութակները որոնց ընկերականութիւնը իրարու հանդէպ զօրեղ փաստ մըն է դարձեալ ի նպաստ ինծի։ Պրէհմ գիտնականը որ երկար տարիներ հասարակածային երկիրներ ապրելով շատ խոր եւ վերջին աստիճան շահեկան ուսումնասիրութիւններ ըրած է թռչուններու կեանքին նկատմամբ, կʼըսէ.

«Բացի զուգաւորումի եղանակէն, թութակները միշտ բազմանդամ ընկերութիւններով կամ խումբերով կʼապրին։ Անտառին մէջ տեղ մը կʼընտրեն միասին ապրելու համար եւ ամէն առտու ամէնքը մէկ կը մեկնին անկից որսորդական ասպատակութիւններու համար։ Միեւնոյն խումբի մը անդամները հաւատարմութեամբ իրարու միացած կը մնան եւ մասնակից կʼըլլան իւրաքանչիւրին բարի կամ չար աղդին։ Առտուն, ամէնքը մէկ կը հաւաքուին դաշտի մը մէջ, պտուղներով սնանելու համար։ Պահակներ կը դնեն խումբին ապահովութեան հսկելու պաշտօնով եւ անոնց ազդարարութիւններուն ուշադիր կʼըլլան։ Վտանգի մը պարագային, ամէնքը մէկ կը թռչին, իրարու պաշտպան եւ նեցուկ հանդիսանալով եւ ամէնքը միասին կը վերադառնան իրենց բնակատեղին։ Մէկ խօսքով թութակները միշտ սեղմօրէն միացած կʼապրին»։

Պիւհնըր կը պատմէ թէ Պրէհմ իր աչքերո՛վը տեսած է երկու որիներ (փոքր ագռաւ) որոնք ծառի մը խոռոչին մէջ կը սնուցանէին վիրաւորուած որի մը. վէրքը արդէն քանի մը շաբթուան կար, ինչ որ կը նշանակէ թէ այդ բարեկամութիւնը այնքան ատեն տեւած էր եւ կը տեւէր դեռ [1] ։

Կենդանական աշխարհին մէջ այսպէս հետզհետէ վեր ելլելով, մենք կը գտնենք արտակարգ ընկերականութիւն մը եւ այլասիրութիւն մը նմանապէս կաթընտուներուն մօտ։ Վայրի մուկերը, զոր օրինակ, գիտեն հրաշալիօրէն երջանկացնել իրենց հաւաքական կեանքը համերաշխութեամբ եւ իրերասիրութեամբ։ Տեսնուած են մուկեր որոնք ամէն օր կանոնաւորաբար իրենց գտած ուտելիքէն բաժին կը հանէին երկու ծեր եւ կոյս մուկերու։

Աղուէսները, յետոյ. տեսնուած են աղուէսներ որոնք ահագին պատերէ վեր մագլցած են եւ անկից ձեռք ձգուած սնունդները վարը սպասող իրենց ընկերներուն են նետած։

Յետոյ, վերջապէս, հասնելով մարդուն ամէնէն մօտ կենդանիին, կապիկին, անոր մէջ ա՛լ շատ պոռչտուն շատ աչքառու անհերքելիութիւնով մը կը գտնենք իրերօգնութիւնը եւ այլասիրութիւնը բազմազան ձեւերու տակ արտայայտուած։

Ո՞վ չի ճանչնար այլեւս, Տարուինի՝ այս մասին տուած օրինակներէն ամէնէն փառաւորը, ո՞վ է ան մարդը որ սքանչացումով եւ ակնածանքոտ խոնարհումով եւ «Տիեզերքի Թագաւորութեան» իր երեւակայական գահէն թաւալգլոր վար խորտակուելով չէ կարդացեր պատմութիւնը այն կապիկին որ իր ընկերներուն հետ վտանգաւոր կիրճէ մը անցնելու պահուն, տեսնելով որ ծեր կապիկ մը, անկարող ցատկելու, ժայռին եզերքը կեցած, կը տատամսի, իր կեանքը վտանգի դնելով կʼերթայ անոր օգնութեան…։

Հիմա, Կրապօդկին, քննելով ներկայիս ապրող վայրենի մարդերու կեանքը, կը հաստատէ թէ ա՛ն ալ իր կարգին այլապէս շահեկան եւ զօրեղ փաստ մը կը կազմէ գոյութեանը՝ իրերօգնութեան եւ այլասիրութեան ատ բնազդին։ Արդի վայրենիներու կեանքը որ ինչպէս Կրապօդկինի նոյնպէս եւ բոլոր մեծ կենդանաբաններու եւ ընկերաբաններու կարծիքով հայելին է նախապատմական մարդերու կեանքին, անոր մէկ մնացորդը թերեւս, այդ կեանքը, տարօրինակ բացորոշութեամբ մը կը յատկանշէ այն պէտքը զոր ունեցած են եւ ունին բոլոր մարդերն ալ հաւաքական եւ ընկերական―իրերասիրական կեանք մը ապրելու։ Երբեք անհատ―անհատ անջատ վայրենիներ չկան. ամենքն ալ կʼապրին ցեղերով եւ այդ ցեղերուն անհատները իրարու հանդէպ ինչպէս նաեւ յաճախ հանդէպ օտար ցեղի մը անհատներուն ցոյց կուտան տեսակ մը սէր, տեսակ մը ընդոծին կապ։

Հապա «քաղաքակրթուած» կոչուող մարդե՞րը։

Այդ մասին հեռուները չպիտի երթամ փաստեր որոնելու։

Ձեզմէ ամէն մէկը եթէ բաւական զօրաւոր է ինքզինքը քննել կարենալու համար, թող քիչ մը պրպտէ թօթուէ իր հոգիին ու նկարագիրին ծալքերը եւ անպատճառ պիտի գտնէ հոն, մերթ նուազ զարգացած մերթ աւելի, բայց ամէն պարագայի մէջ անխուսափելի գոյութիւնը այլասիրութեան, բաղձած այնտեղ, դարձեալ աւելի կամ նուազ զարգացած բայց միշտ անխուսափելի եսասիրութեան քովը։

Ինչո՞ւ. ինչո՞ւ կը ցաւիք դուք երբ փողոցէ մը անցնելու պահուն, կը տեսնէք անգութ մը որ, զօր օրինակ, տղայ մը կը հարուած է անխնայ, եւ ինչո՞ւ կը զգաք դուք այդ րոպէին ձեր սրտին, հոգիին խորքէն անզուսպ գրեթէ կատաղի ըղձանք մը չհաշուուած, չտրամաբանուած, ինքնաբուխ ըղձանք մը, խոյանալու դէպ եւ ա՛յն կողմ եւ օգնութեան հասնելու չարչարուողին. ինչո՞ւ երբ կը տեսնէք դուք սովատանջ չքանալու մօտ դժբաղդ մահամերձ մը, մէ՛կը, բա՛ն մը կը մղէ ձեզ, մեքենականօրէն, առանց երկար հաշիւներու եւ տրամաբանութիւններու, ինքնաբերաբար, պատառ մը հաց երկնցնելու անոր.... Ինչո՞ւ…։

Չէ՛, մի՛ յոգնիք ի զուր, ժամանակին ձեր սովորած քրիստոնէական վարդապետութեան մը դասերը չեն որ կʼազդեն ձեր վրայ այդտեղ, չէ՛, «սիրեցէք զմիմեանս» ըսուած ըլլալուն համար չէ՛ որ կը տարուիք առնելու դուք այդ այլասիրական եւ ընկերական քայլերը, ո՛չ ալ «բարոյական» կոչուած պայմանադրական աւանդութիւնն է որ մղում կուտայ ձեզի նոյն վայրկենին, ո՛չ, այդ րոպէին ձեր մէջ կատարուածը զուրկ է այդ կարգի դուրսէն եկող ազդեցութիւններէ եւ քարոզներէ, այդ րոպէին ձեզ շարժտկողը, ձեզ ընդվզեցնողը՝ հանդէպ դիմացինին տառապանքին՝ ձեր բնական, ընդոծին, անուրանալի բնազդն է այլասիրութեան, այո՛։ Որովհետեւ, պատճառը շատ պարզ է տեսէք, դիտեցէք կեանքը եւ շուտով պիտի անդրադառնանք թէ Նազովրեցիին աստուածութեան կամ անոր շողշողուն արքայութիւններուն ու պոչաւոր սատանաներուն լեզու հանողնե՛րն ալ նոյն կարգի դէպքերու պարագային կʼունենան նոյն զգացումներու պոռթկումը, ինչպէս կը պատահի նաեւ նոյնը այն մարդոց որոնք կʼատեն վարժապետներու կամ կաղապարներու մէջ ձուլուած բարոյախօսութեան բառակուտակ եւ անբնակա ն դասաւանդութիւնները։

Դեռ աւելին կայ. մարդկային կեանքի պատմութեան ներկայ շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր մարդասիրական, բարեգործական եւ յեղափոխական հաստատութիւնները իրենց սկզբնական դրդապատճառը գտած են մարդերու այլասիրական բնազդին մէջ։ Ի հարկէ ե՛ս չէ որ պիտի ընդունիմ թէ այդ հաստատութիւնները հիմնելու մղող միակ պատճառն է այլասիրութիւնը, ես չէ՛ որ պիտի ուրանամ թէ այլասիրութենէն տարբեր ազդակներու ներգործութիւններ ալ իրենց առաւել կամ նուազ կարեւոր բաժինը ունին այդ կարգի պարագաներու մէջ, բայց էն հիմնականն է ա՛ն, այլասիրութիւնը։ Որովհետեւ մարդերը, ինչպէս բոլոր արարածները, առանց բնական մղումի ոչինչ չեն կարող ընել։ Եթէ մարդերը կամ մարդերու որոշ դասակարգ մը զուրկ, բոլորովին զուրկ ըլլալ այլասիրութեան զգացումէ, ոչ մէկ օտամարամուտ ազդակ, դուրսէն եկող ոչ մէկ ազդեցութիւն, ինչպէս զոր օրինակ, ամօթ, պարտականութիւն, պատշաճութիւն, բարոյական եւ այլն, ոչինչ ոչինչ չէին կարող ընել տալ մարդերուն։ Մարդերը, այո՛, շատ շատ յաճախ, գրեթէ միշտ, կը ծիծաղին «ամօթին» ու «պարտականութեան» վրայ, բայց բնազդի մը վրայ, չէ՛, չե՜ն կրնար ծիծաղիլ, անոր առաջքը կը խոնարհին անզգալաբար գուցէ, բայց կը խոնարհի՜ն…։

Ուրե՛մն, այսպէ՛ս, մրջիւն, մեղու, թութակ, որի, մուկ, կապիկ, վայրի մարդ եւ կամ, աւելի գիտական―կենդանաբանական դասաւորումի լեզուով՝ միջատ, թռչուն եւ կաթընտու բոլոր բոլո՛ր կենդանիներու տեսակներուն մէջ անխտիր կը գտնենք մենք այլասիրութիւնը իբր տիեզերական ազդակ մը անոնց կեանքին մէջ, եւ որովհետեւ ամէն յատկութիւն որ տիեզերական է նովին գործով կʼըլլայ բնական, ես կարող ես ալ հիմա առանց երկիւղի հռչակել, մեծ գիտնականին հետ, թէ նախ, ո՛չ միայն, տեսակին պահպանման պէտքն ալ, իրերօգնութիւնն ու այլասիրութիւնը կը կազմեն Բնական Օրէնք մը, անհատին պահպանման, եսասիրութեան չափ զօրաւոր, այլ նաեւ, եւ մանաւանդ, թէ «Մարդը բացառութիւն մը չէ՛ բնութեան մէջ» ո՛չ։

Ճշմարտութիւն մը շատ քիչ անդամներ միայն այսքան անաղօտ պայծառութիւնով եւ այսքան արեգակնային բացայայտութեամբ ի յայտ  կուգայ, իսկ այնուհետեւ, տակաւին ատի չտեսնողներն ու տեսնել չուզողները մարդեր են՝ անգիտակից ամէնէն առաջ իրենց ինչութեան եւ, հետեւաբար, եւ աւելի մեծ իրաւամբ, անարժան՝ նկատառութեան։

Օ՜, սակայն, ահաւասիկ որ ես կը լսեմ արդէն հիմա, հեռուէն հեռու, ձայներ, բողոքի՛ ձայներ, ընդվզողի՛ ձայներ, վրէժխնդի՛ր ձայներ, որոնք խառնիճաղանճ ընդելուզումով մը, կուգան ամէնքը միասին, զայրացկոտ թափով եւ իբր ըրած շատ «լաւատես» եւ շատ «բարեմիտ» հաստութիւններուս «ահեղօրէն» հակառակ փաստ մը, երեսիս զարնել գոյութիւնը նաեւ այն ո՛չ սակաւաթիւ մարդերուն որոնք ուրիշին «չարիք կը փաբաքին եւ կʼընեն»։

Է՛հ, այո՛, հոտ. ահաւասիկ հետախուզութեան տարբեր հորիզոն մը կը բացուի աչքիս։ Ու անհրաժեշտ կը զգամ միջանկեալօրէն ցոյց տալ նաեւ թէ որքա՜ն անհիմն կամ թէ որքա՜ն խախուտ հիմքերու վրայ դրուած «փաստ» մըն է ատիկա հակառակ իմ theseիս։

Նախ, «չարիք ընող մարդերուն հոգեբանութեան ուսումնասիրութիւնը ընելու համար հարկ է որոշ դասաւորումի մը ենթարկել «չարագործ» կոչուած մարդերը, գէթ այն տարբեր տարբեր դրդապատճառներու տեսակէտէն ոմանցմէ անոնք կը ստանան իրենց այդ՝ չարիք գործելու մղումը։ Եւ այդ դասաւորումը պիտի ընես ես սապէս.

Ա. Մարդեր՝ որոնք ստիպումի՛ մը տակ է որ չարիքկʼընեն եւ Բ. Մարդեր՝ որոնք չարիք ըրած ըլլալու հաճոյքի՛ն եւ անոր համար միայն կʼընեն զայն։

Յետոյ «ստիպումի տակ գործուած չարիք ընողները» պէտք է դարձեալ ստորաբաժանել երկու դասակարգերու եւ միշտ իրենց սկզբնապատճառի հոգեբանութեան տեսակէտէն, այսինքն.

Արդի ընկերական պայմաններու անարդարութիւններու եւ ահաւոր անհաւասարակշռութիւններուն պատճառաւ «չարիք գործելու» մղուող տառապող անհատներն ու խմբերը, եւ

«Ես»ին պահպանման բնազդէն «չարիք գործելու» մղւողները։

Արդ, առաջին եւ նոյնիսկ հարեւանցի ակնարկո՛վ իսկ կարելի է ըմբռնել թէ այս երկու ստորաբաժանումներէն առաջինին տրամադրութեան տակ իյնող մարդերն ու գործքերը «բնական» եւ հետեւաբար «օրինական» կանոնի մը արդիւնք չեն, բացարձակապէս։ Ընդհակառակը։ Արդի ընկերութիւնը իր բոլոր խայտառակութիւններով, իր բոլոր լռին ոճրագործութիւններով, իր բոլոր անօրէն անխղճութիւններով եւ կատղեցնող անհաւասարութիւններով, արդի ընկերութիւնը՝ իր բոլոր կեղծ ամուսնութիւններով, սուտ հաւատարմութիւններով, անկարելին կարելի ընելու իր իմաստակ տենչերով, արդի ընկերութիւնը՝ իր անհամար  զրկուածներով եւ անոնց հետ դէմ առ դէմ վայելողներու եւ յափրացածներու վոհմակովը, արդի ընկերութիւնը իր պատերազմներով, գերի ժողովուրդներով, ջարդերով եւ իր հրամանատարներով, իշխաններով, թագաւորներով ու ջարդողներով, այս արդի ընկերութիւնը որուն ստորեգելիքը այսպէս շարայարած սա պահուս ձեր դէմքերը արդէն սկսան ծամածռիլ, այո՛, ան իր ամբողջութեամբը, իր ամբողջ նենգ ու դժնէ զազրելութեամբ ձե՛ր, ձե՛ր, ստեղծագործութիւնն է ո՜վ մարդեր։ Եւ այս աղտոտութիւններուն, ձեր շինած ու կերտած այս տանջալից կեանքին պատճառաւը գողութիւն ընող գողերը, սուտ խօսող ստախօսները եւ մարդասպան ոճրագործները են նաեւ, հետեւաբար, ձեր ստեղծած ոճրագործները…։ Մի՛ տրտնջաք անոնց դէմ, մի՛ ալ ծամածռէք ձեր դէմքերը դժգոհանքի արտայայտութիւններով, թօթուուեցէք միայն, եթէ կրնաք, վերցուցէք այդ դաժան պայմանները, ջնջեցէ՛ք զանոնք եւ պատճառը ջնջելով արդիւնքն ալ ջնջած կʼըլլաք ինքնին։

Ուրեմն աս մէկդի՛, աս փաստ չէ՛ ինծի դէմ։

Իսկ ստիպումի տակ չարիք գործողներու երկրորդ ստորաբաժանումին վերբերողները անոնք այսինքն որոնք «ես»ին պահպանման (preservation de lʼindividu) համար կʼընեն իրենց չարիքները, ատոնք աւելի նուազ զօրաւոր են իբր փաստ ինծի դէմ։

Ուսումնասիրութեանս սկիզբը, Պաքունինի բերնով ես ինքս ընդունեցի թէ եսասէր բնազդը հակընդդէմ է ընկերական―այլասիրական բնազդին, բայց շեշտեցի նաեւ թէ անիկա բնական է այնքան եւ, օտար ազդեցութիւններու չենթարկուելու պարագային, այնքան ներդաշնակ այլասիրութեան հետ որ չի տարամերժեր (exclure) այս վերջինս այլ կենսական ամբողջութիւն մը կազմէ անոր հետ։ Եւ ես կրկնութիւն չընելու համար մէջ չեմ բերեր անգամ մը եւս քիչ մը առաջուան հաստատումներէս շատերը որոնք հիանալիօրէն կրնան ծառայել իբր փաստ աս երկրորդ պարագային ալ։ Այո՛, 10 օր անօթի տառապող մարդը որ չի յօժարիր ալ մեռնիլ, իրաւունք ունի տասը հաց ունեցող դրացիէն հատ մը գողանալու։ Այո՛։ Եսին, անհատին պահպանման բնական օրէնքն է ան, օրէնք մը որ պիտի գործադրուի, կը պահանջէ՛ գործադրուիլ անխուսափելիօրէն եւ եթէ, ինչպէս ներկայիս, դուք ուզէք սեղմումներ դնել անոր, ան կը պոռթկայ։

Ուրեմն դրէ՛ք անհատն ալ իր ինքնութիւնը, իր «ես»ը պահպանելու եւ զայն սիրելու վիճակին մէջ բնութեան պահանջածին պէս եւ դուք այս կարգի չարիքներ ալ չէք ունենար…։

Ատո՛նք ալ ինծի դէմ փաստ չե՛ն։

Բայց, եւ ահա կը հասնիմ վիճաբանութեան «դժուարին կէտ»ին, ինչպէս պիտի մտածեն ձեզմէ ինծի հակակարծիքները, չարիք ընելու հաճոյքին համար չարիք ընողները իրապէս արտաքուստ կը միացնեն բոլոր խաբէական դրսերեւոյթները բաւական զօրաւոր հերքում մը ընելու համար այլասիրութեան բնական ու տիեզերական օրէնք մը ըլլալուն։

Ու ինչե՜ր ինչե՛ր, կը լսեմ ես…։ Կը լսեմ ես հիմա իրապէս սրտառուչ նկարագրութիւնները Սօլէյանի մը եղկելի ոճրագործութեան, Սօլէյանի մը՝ որ տասնըմէկ տարեկան իր շատ սիրած եւ պաշտելիօրէն գեղեցիկ մէկ աղջիկը ծունգերուն վրայ առած, օգտուելով սենեակին առանձնութենէն, կատաղի համբոյրներու եւ արբշռող ու լպիրշ գգուանքներու ինքնամոռացումին մէջ, յիմարօրէն, առանց պատճառի, յանկարծ, եղերական շարժուձեւով մը կը բռնէ հէգ, անմեղ ուանչափահաս այդ էակին վզէն եւ կը խեղդէ զայն, կը խեղդէ՛ կամաց կամաց, ահաւոր պեխերուն տակէն ծիծաղի քրքիչներ արձակելով անոր՝ մահացումի ամէն մէկ ճիչին ի պատասխան եւ դեռ անկէ վերջ ալ, երբ փոքրիկին անշնչացած մարմինը կը սկսի արդէն պաղիլ տակաւ, միշտ այնտեղ, միշտ ծունգերուն վրայ…

Ու դեռ, իբր շարունակութիւն չարութիւն ընելու հաճոյքին համար չարիք ընող մարդերու թուարկումին, կը լսեմ ես պատմութիւնները բոլոր հայ եւ թուրք եւ ռուս հարուստ եւ «ազնուական» մատնիչներու, որոնք դրամի եւ հացի համար ըրած ըլլալու մեղմացուցիչ պարագան իսկ չունենալով, իբր պարզ ժամանց, կամ սոսկ իբր եղերերգական ֆանթէզի մը, հարիւրաւոր ընտանիքներու արիւնը կը քամեն, իբրեւ հրէշականօրէն ցաւագար եւ ողորմելի՜ մէյմէկ Անտոն Կէօչէօղլուներ, կամ գերազանցօրէն սրիկայ եւ լպիրշ Ֆէհիմներ եւ կամ Չարութեան Անդրի եւ չարերու պաշտամունքին առարկայ ճիւաղական Պօբէդօնօսցեվներ… Եւ կը լսեմ ձայներ, աղեկտուր ճղրթուկները տաճկական քարուկիր տանջարաններուն խորքը շիկացած ագցաններով փեթրտւող միսերուն, եւ կարցես կը տեսնեմ հիմա իր ընտանիքը ու զաւակները լքելով, րամազանի գիշեր մը ինքզինքը բաշային յանձնելու ստիպուած գեղեցիկ հայուհիին անաղմուկ արտասուքը եւ կը զգամ այն մայրը՝ որ իր զոյգ եւ առոյգ զաւակներուն երկու ժամուան մէջ դատապարտուիլ ու միաժամանակ կախաղան հանւիլը տեսնելով, իր հոգիին կտորներուն ճօճացող եւ տակաւ անշնչացած մարմիններուն հանդէպ, վայրկենապէս կը խելագարի ու իր աչքերուն գունտերը դուրս կʼիյնան իրենց խոռոչներէն…

Իսկ յետոյ ինչ են նաեւ անդին, եթէ ոչ չարիքի եւ ոճիրի սիրահարներ միայն, փոքրիկ, 22 ամսու Ռընէ Հանրիին հայրն ու մայրը, որոնք առանց պատճառի, առանց նպատակի, դեռ վերջերս կը բռնէին իրենց խեղճ ու սիրուն մանկիկին սրունգներէն եւ գլխիվայր կը կախէին զայն, յետոյ, նոր որսացուած նապաստակի մը նման, անոր մարմինը բաղխելու համար սենեակին պատերուն եւ քրքջելու համար լսելով անոր առաջ բերած խուլ հռնդիւնները, մինչեւ մեռնիլը որ բարրեբաղդաբար չէր ուշանար…

Ահաւասիկ բաւական ճոխ ցուցադրութիւն մը «իսկական չարագործ»ներու, հապա այլասիրութեան բնական զգացումը ո՞ւր մնաց։

Չէ՛. չէ, որովհետեւ ընկերաբանական ո՛ եւ է քննութիւն կատարուած եւ օրէնք մը հռչակուած ատեն կարելի է օրինակներ առնել եւ եզրակացութիւններ հանել ընկերաբանական կամ հոգեբանական առողջ անհատներէն եւ նօրմալ դէպքերէն միայն, ինչպէս բնական գիտութիւններու մէջ, զոր օրինակ, երբ սրտին կազմութեան եւ արեան շրջանի գործունէութեան օրէնքներուն վրայ կը խօսուի օրինակները կʼառնուին առողջ մարմիններէ եւ սրտի հիւանդութիւն ունեցողները զանց կʼառնուին։ Հակառակը շատ սխալ պիտի ըլլար արդէն. ակներեւ է։ Արդ, մեկնելով այս ճշմարտութենէն հարց է թէ արդեօք Սօլէյանի, Կէօչէօղլուի, Ֆէհիմի, Պօբէդօնօսցէվի եւ Հանրիի նման հասարակ ու մեղքցուելիք ոճրագործներ գտնո՞ւած են կամ կը գտնո՞ւին հոգեբանական առողջ եւ նօրմալ դրութեան մը մէջ։

Նախ, վիճակագրութիւններով ապացուցուած է թէ այս կարգի սովորական եւ առանց որոշ պատճառ ունենալու ոճրագործ դարձող մարդեր կը կազմեն տարօրինակ փոքրամասնութիւն մը ընդհանուր ոճրագործներու թիւին մէջ. հազիւ 1000ին 1, մնացեալը եղած ըլլալով ոճրագործներ ո՛ եւ է սիրոյ կամ հացի կամ հոգեկան իրաւունքի մը ստացումին համար։ Արդ այս տարօրինակ սակաւութիւնը այս կարգի dilettante, ամաթէօռ ոճրագործներուն՝ շատ կարեւոր պարագայ մըն է հաստատող անոնց հոգեբանական անօրմալ, անբնական վիճակի մը մէջ գտնուիլը։

Ատ մարդերը հիւանդնե՛ր են, հիւանդներ՝ եւ հետեւաբար չեն կրնար առաջ բերուիլ իբր փաստ ո՛ եւ է բնութեան օրէնքի դէմ։ Ես անկարող այլեւս ման ամասնելու խօսքս այս հարցի մասին որը կոչուած էր փակագիծ մը միայն ըլլալու ուսումնասիրութեանս մէջ, պիտի խնդրէի ձեզմէ այն ամէնէն որոնք այս խնդրի նկատմամբ աւելի խոր տեսութիւններ ունենալ կը փափաքին, որ դիմեն Լօմպրօզօի երկերուն որոնց մէջ շատ մանրակրկիտ քննութիւններով ու դիտողութիւններով ապացուցուած է թէ ոճրականութիւնը, եւ այս բառով պէտք է հասկնալ նոյնիսկ առանց պատճառի, ինքնաբերաբար ոճիրներ ընելու մղում ունեցողները, ախտաբանական (pathologique) վիճակ մը կʼենթադրէ անհատին մէջ հոգեկան եւ ֆիզիգական կրկնակ տեսակէտներով։

Ուրեմն այլասիրութեան բնական օրէնք մը ըլլալուն հակառակորդներուն այս փաստն ալ այսպէս քիչ մը մօտէն նայողին համար կը թօթափի իր խաբէական դրսերեւոյթէն եւ ես կը մնամ դարձեալ անխախտ իմ համոզումիս վրայ։

Ու պարզ աչքով չափազանց լաւ տեսանելի են աննշմար չանցնելու համար այն ահաւոր fiascoն զոր ըրած են եւ այն երբեմն ծիծաղելի բայց մի՜շտ անխուսափելի անյաջողութիւնը որուն մատնուած են բոլոր այն իմաստասէրները որոնք յանդգնած են պայքար մղել Բնութեան ատ օրէնքին դէմ, այլասիրութիւնը նկատելով իբր օտարամուտ՝ ետքէն ստացուած զգացում մը, եւ ուզելով զայն ջնջել մարդերուն մէջ։ Այդ fiasco, այդ անյաջողութիւնները դարձեալ իրենց կարգին կը կազմեն զօրաւոր փաստ մը խնդրոյ առարկայ օրէնքին ուժեղ բանականութեան։

Նիչէն, զոր օրինակ, այն ահագի՜ն Նիչէն որուն առջեւ այսօր յարգանքով կը խոնարհի մտաւորականութիւնը բոլոր երկիրներուն, Նիչէն որուն «Այսպէ՛ս խօսեցաւ Ձարադուստրան»ն, ամենուդ ծանօթ, «Աւետարանին շարունակութիւնը» կամ «Նոր Աւետարան» մը ըլլալու հովերը առաւ պահ մը, Նիչէն որ իրապէս սասանեցուց ժամանակակից բոլոր խորհողները իր մտածողութեան անիմանալի խորութիւնով, ինք, նոյնիսկ, մնաց իր խորհրդապաշտ―անաստեղծի դերի՛ն մէջ եւ չկրցաւ անկից դուրս ելլել ու մարդկային―ընկերական կեանքին մէջ գործօն դեր մը խաղալ անո՛ր համար միայն որովհետեւ ուզեց Տօնքիշօդական պայքար մը ստեղծել մարդկային այլասիրութեան, մարդկային անխուսափելի ընկերականութեան (Sociabilité) դէմ, երբ, ո՛վ զարմանալի ու անողո՜ք հակասութիւն, ինքն իսկ, Նիչէ, իբր մարդ, արտասովոր աստիճանի մը վրայ ունէր նո՛յն զգացումները իր սրտին խորը։

Եւ ես ստիպուած կը զգամ ինքզինքս այստեղ քիչ մը ծանրանալ այս պարագային վրայ որովհետեւ եսամոլութեան հաւատացեալներուն ուղեցոյցը եւ անոնց աստուածը եղած է Նիչէն իր գրուածքներով։ Է՜հ, այո՛ «գրուածքներով» եւ ոչ իր կեանքով ու գործքերով, որովհետեւ «գրող Նիչէն» էապէս «մարդ Նիչէէն» տարբեր եղած է։

Լիհթընպէրկըր, մէկը այն փոքրաթիւ դէմքերէն որոնք շատ խոր, շատ մանրազննին ուսումնասիրութեան մը ենթարկած են այդ «Նոր―Քրիստոսին» իմաստասիրութիւնը եւ անոր առաջադրած բարոյականը, Լիհթընպէրկըր՝ որ ինչպէս կը հաւաստեն՝ նոյնիսկ անձնական բարեկամ մը եղած են անոր որ ինքզինքը «Խաչեցեալը» կոչեց օր մը, այդ Նիչէագէտը հիանալի էջ մը ունի զոր չեմ կրնար մէջ չբերել այստեղ, եթէ կʼուզեմ լաւագոյն յստակութիւնով դուրս ցայտեցնել Մարդ―Նիչէին եւ Գրող―Նիչէին տարբերութիւնները եւ անոնց իրարու հանդէպ ունեցած հակառակութիւնները։

«Վերջին աստիճան սխալ պիտի ըլլար, կʼըսէ Լիհթընպէրկըր, երեւակայել Նիչէն մէկը «այն միտքերէն որոնք միշտ կը ժխտեն», ինչպէս տեսակ մը ժամանակակից Մէֆիսթոֆէլէս, որուն խնդուքը եւ հայհոյանքը կʼանարգեն Մարդկութեան բոլոր հաւատալիքներն ու յոյսերը։ Ընդհակառակը, Նիչէ, եւ այստե՛ղ է իր հոգեբանութեան ամէնէն կարեւոր եւ ամէնէն հետաքրքրական կէտերէն մէկը, Նիչէ, ընդհանրապէս, ի՞նքնիսկ կը զգայ, հազուագիւտ ծանրութիւնով մը (intensité) իր ապրած զգացումները, եւ յաճախ խորին գորով մը կը սնուցանէ ա՛յն մարդերուն եւ գաղափարներուն նկատմամբ՝ որոնց դէմ ամենաբուռն կերպով կը պայքարի [2] ։

Նիչէ՝ ինքնիրեն համար տուած բացատրութեան համաձայն, գութի նւազութեան մը պատճառով չէ՛, այլ առաւելութեա՛ն պատճառով է որ հասած է պայքարելու կրօնքին դէմ եւ մարդկային տառապանքին դէմ։ Եսամոլը չի կրնար զգալ ուրիշին վիշտը՝ որուն մօտէն կʼանցնի անտարբեր կամ արհամարհոտ. գթասէրը կը հասկնա՛յ ատ վիշտը՝ կը ճգնի դարմանել զայն եւ հաճոյք կը զգայ իր գութէն. նոյն ուղղութիւնով աւելի առաջացէք եւ գութը պիտի երեւի ձեզի ոչ այլեւս իբր առաքինութիւն մը, այլ իբր փորձութիւն մը զոր պէտք է մղել, իբր վտանգ մը, նոյն իսկ իբր գերագոյն վտանգը, որովհետեւ ան կը սպաննէ գթասէրը։ «Վա՜յ անոնց որոնք կը սիրեն, կʼըսէ Նիչէ, եթէ անոնք չունին բարձրութիւն մը որ վեր ըլլայ իրենց գութէն» (Malheur à ceux qui aiment, s’ils n’ont pas une hauteur qui soit au dessus de leur pitié)։ Այսպէս կը տեսնուի թէ, Նիչէ «շատ մօտ է» մեծ գթութիւն մը եւ սէր մը ունեցող մարդերուն՝ որոնց դէմ կը պայքարի եւ ընդհակառակը, ճիշտ հակառան է եսասէրին որուն համակարծիք ըլլալ կը թուի առաջին ակնարկով [3] ։

Մինչդեռ, մէկ կողմէն, անիկա, Նիչէ, կը գովաբանէ գերութիւնը, պատերազմին գեղեցկութիւնը եւ, առանց խռովուելու զոհին ճիչերէն, զայն չարչարել գիտնալուն անհրաժեշտութիւնը, միւս կողմէ անսահման գորովի անանկ շեշտեր ունի, որոնք, անկասկած, գութով ու սիրով թրթռուն սիրտէ մը կը մեկնին»։

Բացայայտ է թէ Նիչէի մէջ իր ինչ ըլլալը ցոյց չտալու ճիգ մը կայ. աւելի ճիշտը, «ինքը զինքը ջնջելու» ճիգ մը կայ եւ Լիհթընպէրկըր այդ անը շատ  լաւ հասկցած ըլլալուն համար եզրակացուցած է թէ ճիշտ ատ «Ինքնաջնջումին» (autosuppression) շնորհիւ է որ Նիչէն այլասիրութենէն անցած է եսամոլութեան» եւ որը, հետեւաբար, կʼաւելցնեմ ես, իր նական զգացումը չէ՛։

Իսկ եթէ դուք պրպտէք Նիչէի անհատական կեանքը եւ հետաքրքրուիք անոր զանազան դրուագներու մանրամասնութիւններով պիտի գտնէք այնտեղ այլապէս զօրաւոր փաստեր ապացուցանող թէ Նիչէն եսամոլ մը չէ՛ր։

Երբ 1880 էն ասդին, Նիչէի բոլոր մտերիմները ըլլայ ստածումի հակառակութեան պատճառաւ ըլլայ անհատական կամ քաղաքական տարբեր անհամաձայնութիւններով հեռացած անկէ, Նոր―Քրիստոսը սկսաւ տակաւ առ տակաւ ըմբռնել մեկուսացումին տխրութիւնը, եւ յարեցաւ իր քրոջ անոր ընկերականութեանը եւ զգայնութեանը մէջ որոնելով սփոփանքը որուն պէտքը կը զգար։ Բայց 1886 թուականը նոր հարուած մը բերաւ իրեն. քոյրն ալ, իր ամուսնոյն Պ. Ֆէօսթէրի հետ ստիպուեցաւ մեկնիլ Հարաւային Ամերիկա։ Եւ Նիչէ մնաց առանձին, բոլորովին առանձին, իր սիրական «Ես ին» հետ, բայց… Եսասիրութեան երեւակայեալ առաքեալը եւ կարծեցեալ պաշտպանը ինքզինքը այնքան ահաւորօրէն տխուր եւ դժբաղդ կըզգար առանձնութեան մէջ, որ օր մը հին ընկերներէն մէկէն միակ նմանակ մը ստացած ըլլալով ուրախութենէն արտասուած է այդ արտաքոյ կարգի երանուեթան հանդէպ… եւ ահա կը տեսնէք դուք որ «Ես» (Moi) ու առանձնութիւն (solitude) քարոզող աս մարդը ի՜նչ տարօրինակ պէտք մը եւ սէր մը ունէպ ընկերականութեան եւ այլասիրութեան համար եւ ինչ մեծ համեմատութիւններու մէջ կը պարփակէր իր կուրծքին տակ ատ զգացումները…



[1]            Պլիթ Հնդկաստանի մէջ տեսած է որիներ որոնք կը սնուցանէին իրենց երկու կոյր ընկերները։

[2]            Ստորագծումը իմս է։  Բ. Շ.

[3]            Ստորագծումը ինծմէ է։                   Բ. Շ.