Այլասիրութիւն եւ Եսասիրութիւն. LʼAltruisme & LʼEgoisme

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ.

La vie en société est l’arme la plus puissante dans la lutte puor la vie.

PIERRE KROPOTKINE

 

Ընկերովի կեանքը զօրաւորագոյն զէնքն է կեանքի պայքարին մէջ։

ՊԻԷՐ ԿՐԱԲՕԴԿԻՆ

Մարդոց ընկերական եւ ատոր իբր անմիջական շարունակութիւն «քաղաքական» ըսուած կեանքին մէջ այլասիրութեան եւ եսասիրութեան այս կրկնակ զգացումներուն՝ իբր ազդակ, իբր ներգործիչ ուժ, գրաւած դիրքը եւ անոնց խաղացած դերը այնքան մեծ են եւ այնքան անսահմանելիօրէն բազմակողմանի եւ լայնօրէն այլազան, սա ոչ թէ մէկ, կամ երկու կամ երեք բանախօսութիւններու մէջ այլ գուցէ ամբողջ հատորով մը իսկ կարելի չըլլար ատ մասին պէտք եղածին չափ խնամքոտ եւ մանրամասն ուսումնասիրութիւն մը առաջ բերել։

Հետեւաբար, դիւրաւ հասկանալի եւ հետեւապէս նաեւ ներելի պիտի ըլլայ ինծի եթէ ըսեմ թէ ինչ որ պիտի ընեմ այստեղ անշուշտ շատ  կարճառօտ եւ ուրուագծային մէկ պատկերը միայն պիտի ըլլայ այդօրինակ ուսումնասիրութեան մը, տեսակ մը ակնարկ՝ քիչ մը բարձրէն նետուած՝ ընդհանուր այդ թաքթիքային հարցին վրայ։

Բայց դարձեալ, այստեղ ստիպուած եմ ճշտաբանել ուսումնասիրութիւնս. ստիպուած եմ ըսել վերջապէս թէ, Եսասիրութիւնը՝ իբր անհատի պահպանման բնական եւ օրինական բնազդ, ընդունուած գիտականօրէն, ընկերական―քաղաքական կեանքի, այսինքն մարդոց իրարու հետ ունեցած փոխադարձ յարաբերութիւններուն մէջ, իբր միակ եւ ոչ―արհամարհելի դեր ունի հաւասարակշռել այլասիրութիւնը, եւ չթողուլ որ ատ օրէնքը դառնայ տակաւ, եւ մարդոց ամէ´ն ամէն բանը չափազանցելու ունակութեան շնորհիւ, տեսակ մը այլապաշտութիւն, ամբողջական տեսակ մը նաքնազոհում եւ հաւաքական ինքնաչքացում, ինչ որ այլապէս դժնդակ absurdité ի մը պիտի տանէր Բնութիւնը եւ Մարդը, քանի որ անհատները անհետանալով ընկերութիւնը իր կարգին պիտի դադրէր գոյութիւն ունենալէ։

Բնութեան տրամադրութեանց համաձայն, եսասիրութեան, իմ ըմբռնած եւ սահմանած normal եւ բնական եսասիրութեան, կեանքի մէջ այսպէս բացասական դէր մը միայն ունենալը հաստատելէ յետոյ յայտնի եւ շատ դիւրըմբռնելի է երբ կ’ըսուի թէ թաքթիքային տեսակէտէ երբէք կարելի չէ այդ զգացումին, եսասիրութեա´ն վրայ կառուցուած վարդապետութիւն մը, հաւատք մը, կուսակցութիւն մը մէջտեղ բերել. Մինչդեռ որովհետեւ այդ բանը կարելի է ընել այլասիրութեան շնորհիւ, իբր նպաստաւոր եւ ահագին ուժ մը, մինչդեռ, որովհետեւ կարելի´ է այլասիրութեան վրայ հիմնուած գաղափարի ահաւոր շէնքեր կանգնել, որոնց գործունէութեան ու կազմակերպութեան մէջ եսասիրութիւնը կը բերէ ինքնաբերաբար իր բարերար եւ չափաւորող օժանդակութիւնը, այս քիչ մը խրթին բայց իրակա´ն, ճշմարի´տ, անհերքելի´ պատճառներուն համար է որ այլեւս այլասիրութիւնո´վ միայն պիտի շարունակեմ զբաղիլ։

Այլասիրական բնական եւ հուժկու այդ զգացումը իբր հասարակական եւ ընկերական կեանքի ազդակ ունի անդրդուելի կարեւորութիւն գլխաւորաբար անոր համար նաեւ, որովհետեւ ան կը պարունակէ իր մէջ նախաբջիջները հոգեբանական երկու տարբեր տարբեր զօրութիւններու որոնք, իրենց կարգին, ամէն օր ամէն ժամ ահեղ ներգործութիւններ ունին մարդոց ոչ միայն հասարակական եւ հանրային այլ եւ մասնաւոր―անհատական կեանքին ալ վրայ։ Ըսել կʼուզեմ՝ Համերաշխութիւնը (Solidarité) եւ Անձնուիրութիւնը (Dévouement)։

Անշո՜ւշտ, ալ այստեղ ընդդիմախօսութիւն չե՛մ ընդունիր։ Վերցուցէք, պահ մը, մարդկային գործարանաւորութեան մէջէն, եթէ կարող էք, այլասիրութեան զգացումը եւ շուտով պիտի իեսնէք դուք որ մարդկային հաւաքական գործունէութեան այդ կախարդական ուժն ալ, Համերաշխութիւնը ինքընըստինքեան պիտի չքանայ տապալուի, հիմէն փորուած ախտաւոր պալատի մը հանգոյն…։ Ակներեւ է, աքսիօմակա՛ն է աս ճշմարտութիւնը ու ես չեմ ներեր ինծի աւելի երկար կանգ առնել ատ մասին։ Ձեզի հարց մը միայն. Ինչո՞ւ եւ ինչպէս մարդը համերաշխութիւն ցոյց պիտի տար առանց այլասէր ըլլալու…։

Ու կը խնդրեմ որ դուք ընէք հիմա նոյն տրամաբանութիւնը անձնուիրութեան զգացումին նկատմամբ եւ վստահ եմ թէ շուտով նոյն եզրակացութիւնն է որ կաղնիի մը չափ անյողդողդ պիտի ծառանայ ձեր առջեւ, շուտով պիտի ընդունիք ինծի հետ, թէ, ինչպէս կʼըսէի քիչ առաջ, ա՛ն, Անձնանուիրութի՛ւնն ալ իր ակը, իր ծննդեան աղբիւրը ունի այլասիրութեան ընդոծին յատկութեան մէջ եւ անկէ է որ կը քաղէ զինքը սնուցանող ամբողջ կենսատու հիւթը, ու վերցուցէք պահ մը, մարդոց մէջէն, եթէ կրնաք, այլասիրութիւնը, ու պիտի տեսնէք շուտով այն որքան անողոք նոյնքան անուրանալի իրականութիւնը որով ի՜նչպէս պիտի անհետանայ նաեւ, յեղակարծօրէն, գեղեցիկ ու համայա՜կան Անձնանուիրութիւնը, ակէն սառած առուին նման։ Կասկած ու տարակոյս չի վերցներ աս։ Ինչու եւ ինչպէ՛ս մարդը կարող է ըլլալ անձնանուէր առանց այլասէր ըլլալու…։

Այսպէս, Այլասիրութիւնը աւելի եւս ուժովցած իր աջ ու ձախ բազուկ―ճիւղաւորումներով, Համերաշխութիւն եւ Անձնանուիրութիւն, կը ներկայանայ կեանքին մէջ իբր ահաւոր զէնք մը պայքարի եւ նուաճման։

Տեսէք, զոր օրինակ, Քրիստոնէութիւնը, որուն աստուածային, գերբնական, հոգեկան եւ ուրիշ տակաւին «ային» ու «ական» վերրջացող հազարաւոր ստորոգելիքներով փքուն կրօնք մը ըլլալը որքան որ ապսիւրտ, քմծիծաղելի եւ կեղծաւոր ըլլայ, որքան որ ալ վստահ ըլլանք թէ անոր մեզի աւանդած ու քարոզած նախախնամական հրաշափառութիւնները մարդկային տգիտութեան մէկ շրջանին մեր երազատես նախահայրերու երեւակայութեան ծնունդներն են, չենք կրնար սակայն, միւս կողմէ, ուրանալ ինչպէս եւ ոչ մէկ իմաստասէր―ընկերաբան յանդգնած է ուրանալ թէ անիկա, Քրիստոնէութիւն ըսուած վարդապետութիւնը հսկայական, գրեթէ ֆէնօմէնալ ներգործութիւն մը ունեցած է մարդկային կեանքին վերջին երկու հազար տարուան պատմութեան վրայ։ (Շարժումներ եւ փսփսուքներ ունկընդիրներուն մէջ)։ Խնդրե՛մ, ես՝ «ներգործութիւն մը ունեցած է» ըսի, ես չյատկանշեցի թէ «ի՛նչ տեսակ ներգործութիւն», ես չըսի ոչ «լաւ» ոչ «գէշ» ոչ «օգտակար» ոչ «վնասակար» ներգործութիւն. եւ այնպէս որպէս որոշադրեցի ես ճշմարտութիւնը, Սուրբ Օգոստի նո՛սն ալ համակարծիք պիտի ըլլար ինծի, Մաքս Նորտաուն ալ, Պօղոս Առաքեա՛լն ալ. Ռընա՛ն ալ, ինչպէս նաեւ Պաքունին ու Էլիզէ Ռըքլիւ որոնք արդէն նոյնը խոստովանած են, բաց է ի բաց, առաջինը իր Dieu et l’Etat գրուածքին իսկ երկրորդը L’ Homme et la Terreին մէջ։

Այդ պարագան այդպէս հաստատելէ յետոյ, ընդունելէ յետոյ թէ Քրիստոնէութիւնը այսպէս թէ այնպէս ազդած է մարդկութեան կարեւոր մէկ հատուածին նկարագրին եւ հետեւապէս, նաեւ, ամբողջ մարդկութեան ճակատագրին վրայ, շատ տրամաբանական է ընդունիլը թէ Քրիստոնէութիւնը եթէ ոչ երկինքէն իջած, եթէ ոչ աստուածային ու գերբնական, բայց, առնուազն, ուժեղ կրօնք մը եղած է։

Սակայն ուսկի՞ց էր Քրիստոնէութեան ատ ահագին ուժը որ դարերո՜վ դարերո՜վ փոթորկեցուց հարիւրաւոր ժողովուրդներ ու հազարաւոր ամբոխներ ու զանոնք փրփրաբորբոք մոլուցքով կոհակնացուց մերթ իրարու դէմ, մերթ իրար միացած ուրիշին դէմ… Ուրկէ՞ իր Քրիստոնէութեան ատ թաքուն զօրութիւնը հրապոյրը, որով ան դեռ ասկից տասնը ինը դարեր առաջ, ահեղ մագնիսի մը նման, իրեն կը ձգէր իր ազդեցութեան շրջանակին մէջ ինկող ամէն մարդ արարած…։ Ուրկէ՛ էր Քրիստոնէութեան ատ ուժը…։

Չէ՛, ապշեցուցիչ հրաշքներու եւ տարօրինակ առակներու այլաբանական ասուլիսներուն մէջ չէ՛ որ պարփակուած էր ան, Քրիստոնէութեան ուժը չէր պարփակուած նաեւ այն «խորհուրդ»ներուն մէջ որոնք կանխահռչակ եւ մեծաշռինդօրէն կանխածանոյց ըլլալնուն համար չունէին ո եւ է հրապոյր, Քրիստոնէութեան ուժը, այդ ահագին ուժը որ դարերով պատուհասը պիտի դառնար մարդկութեան յառաջխաղացումին, այդ ուժը ամրափակուած էր երկու պարզուկ բառերու մէջ, բառեր՝, զորս այդ Նազովրեցի Մարդը արտասանեց. «Սիրեցէք զմիմեանս»։

Երկու բառեր, այո՛ որոնք սակայն իբրեւ ելեկտրական սարսափելի accumulateur մը կը խտացնէին իրենց մէջ ինչ որ ունէր Քրիստոնէութիւնը էապէս մարդկային եւ գեղեցիկ։

Ահա այլասիրութեան ուժին հսկայականութիւնը կեանքին մէջ…

Եւ սակայն, պէտք չէ երեւակայել թէ Քրիստոնէութի՛ւնը միայն գիտցաւ բերել մարդուն՝ անոր սիրելի պատուէրը. «Սիրեցէք զմիմեանս»դ եւ թէ ինը միայն կրցաւ գիտնալ թէ գրեթէ ամենակարող, պարիկային ուժ մը կար գաղտնածածկուած՝ ատ խօսքին մէջ Օ՛, ո՛չ. դեռ Քրիստոսէն մանաւանդ առաջ բայց անկէ ետքն ալ եկող գացող բոլոր կրօնական եւ իրենք զիրենք աստուածային հռչակող վարդապետութիւններու հիմնադիրները, Կոնփուկիո՛ս ալ, Սաքիա Մունի՛ ալ, Մօհամէ՛տ ալ, իրենց ամբողջ կրօնական բարոյական շէնքը կառուցած ն նոյն «Սիրեցէք զմիմեանս»ին, նոյն փոխադարձ սիրոյ օրէնքին, նոյն այլասիրութեան վրայ, որքան որ այդ դրութիւնը ու պատուէրը սկզբունքով հակասական ըլլային իրենց դաւանանքներուն։ Բայց.... «Հարկ լուծանէ զօրէնս».... Քրիստոս եւ իրեն հետ բոլոր կրօնական վարդապետութիւններու պարագլուխները այդպէս ըրին որովհետեւ ուրիշ կերպ չէին կարող ընել։ Ինչպէս դեռ երէկ, շատ գեղեցիկ յստակութեամբ ի վեր կը հանէր, մեծ ճարտասանը Սէպասթիէն ֆօռ [1] իր՝ Քրիստոնէութեան մասին ըրած բանախօսութեան մէջ, այլասիրութեան այդ զգացումը այնքան բնական է, այնքան սիրտ―մօտ ու սիրելի է առ հասարակ բոլոր մարդերուն, որ, ո՛ եւ է սնափառ որ կուգար նոր աստուածի մը քարոզութիւնը ընելու կամ նոր երկինքներու հասցէները տալու մարդկութեան, ամբոխները ու բազմութիւնները իրեն շուրջ կարելի եղածին չափ աւելի սեղմ խտացնելու համար, ստիպուա՛ծ էր, կամայ ակամայ, անհրաժեշտօրէն, այլասիրութիւն քարոզելու։

Ահաւասի՛կ, անգա՛մ մըն ալ, Այլասիրութեան ուժին մեծութիւնը։

Անցնելով կրօնքներէն զուտ «Քաղաքական» ըսուած վարդապետութիւններուն, նոյն ճշմարտութիւնն է որ անխախտելի եւ անուրանալի հսկայութեամբ ծառացած կը գտնենք մեր առաջ։

Քաղաքական դաւանանք ունեցող եւ որոշ քաղաքական նպատակակէտի մը ձգտող բոլոր ընկերակցութիւնները, սկսեալ ամէնէն գաղտնի միութիւններէն, ինչպէս էին Իտալիոյ Գարպօնարօները, սկսեալ ամէնէն hierarchique կազմակերպութիւններէն ինչպէս է ազատ―որմնադրութիւնը (Franc―Maçonnerie) մինչեւ էն ազատական, նոյնիսկ հակապետական եւ Անհատին անկախութեան իրաւունքներուն բացարձակօրէն պաշտպան բոլոր կուսակցութիւնները, Հանրապետութիւն, Ընկերավարականութիւն, Դաշնակցութիւն (Fédéralisme) եւ Անիշխանութիւն (Anarchisme) ամէ՛նքն ալ, ամէնքն ալ, իրենց բոլոր ստորաբաժանումներով եւ անոնց զանազան նրբերանգութիւններուն մէջ, իրենց ապրեցնող հիւթը ծծած են եւ կը ծծեն այլասիրութեան առազօր բնազդէն։

Չէ՛, քիչ մը կեղծ, եւ յաճախ էապէս առերեւոյթս ու մակերեսային է այն տեսակ մը եսամոլութեան քարոզը զոր կը կարդան մերթ ընդ մերթ կարգ մը «անհատապաշտ» (Individualiste) իմաստասէր―քաղաքագէտներ։ Ու պիտի ապացուցանե՛մ ձեզի որ այդ քարոզները առերեւոյթս ու մակերեսաբար միայն եսամոլ են։ Հարցը շատ պարզ է։ Ինչ որ պէտք է այստեղ քիչ մը յստակատեսութիւն է։ Ամբողջ խնդիրը կը կայանայ բառերու հակադրական շարադրումէն չշփոթելուն մէջ։ Ու տեսէք հիմա. եթէ այդ՝ եսամոլ քարոզութիւնները ընողները իրապէս հաւատացած ըլլային, նախ իրենք, իրենց ըսածին, եւ ըլլային, նախ իրենք ի հարկէ, ճշմարիտ հակառակորդներ եւ ատողներ Այլասիրութեան, ի՞նչ պէտք պիտի ունենային իրենք իրենց պարտականութիւն համարելու իրենց մտածումներուն ամփոփումը, դասաւորումը, ինչո՞ւ պիտի աշխատէին իրենք համոզել ուրիշները որպէս զի օգտուին իրենց եսամոլական «լաւ» գաղափարներէն եւ «չվնասուին», զոր օրինակ, այլասիրական «յիմարութիւններով», ինչո՞ւ, իրենք՝ եսամոլներ, պիտի ուզէին օգտակար դառնել ուրիշներուն, ինչո՞ւ պիտի զբաղէին Տառապողներով եւ պիտի ջանային այդ Տառապանքներուն արմատները գտնել, ինչո՞ւ, իրենք՝ եսամոլներ, իրենց անձէն իսկ սկսելով իրենց վարդապետութեան կիրարկումը, չպիտի քաշուէին մեղկ մեկուսացումին մէջ, առանց հետաքրքրուելու ուրիշներու կեանքովը, առանց մտածելու արիւն թքնող տարաբաղդ հանրային աղջկան կամ անօթութեան արհաւիրքներուն մատնուած անգործ բանւորին զաւակներուն, ինչո՞ւ, քանի որ, իրենց ըսածին համաձայն, պէտք չէ ըլլալ այլասէր, չեն քաշուիր լուռ ու մունջ իրենց տաք անկիւնները, ատ մարդերը, եւ ինչո՞ւ չեն բաւականանար ոգելից ըմպելիի մը երկու ումպին միջեւ բացագանչելով.

Après moi deluges [2] !

Անշուշտ, անջատ, եւ շատ հետաքրքրական ուսումնասիրութեան մը նիւթը կրնար կազմել այն դէպքը թէ ինչպէս բոլոր քաղաքական կուսակցութիւնները իրերասիրական―այլասիրական սերմերու կը պարտին իրենց ծնունդը եւ ուռճացումը, բայց որովհետեւ ատ՝ քիչ մը շատ ծանօթ բացայայտութիւն մըն է ու ատ մասին ծանրանալ իմ կողմէս պիտի ըլլար դուրս ելլել խօսակցութեանս սահմաններէն, կանգ չեն առներ այդտեղ։

Սակայն, այլասիրութեան զգացումին եւ անոր միւս երկու corollaire―ներուն, Համերաշխութեան եւ Անձնուիրութեան դէրը, իբր քաղաքական―ընկերային կեանքի գործունէութեան ազդակ չի սահմանափակուիր միայն կուսակցութիւններու ստեղծիչ մեկնակէտ մնալուն մէջ։ Նոյն զգացումները ունին նաեւ ահագին բաժին մը այդ քաղաքական―ընկերային գործարանաւորութեան գործելակերպին, թաքթիքին մէջ։

Վերցուցէք դուք, եթէ կարող էք այլասիրութիւնը եւ իրերասիրութիւնը, քաղաքական կամ տնտեսական յառաջացումի մը ձգտող ո եւ է ընկերակցութեան մէջէն եւ դուք արդէն ուժաթափ ըրած կʼըլլաք զայն։

Վերցուցէք այլասիրութիւնը մարդոց կուրծքէն եւ դուք ան ատեն միայն կʼունենաք Hobbes―ի երեւակայած «մարդոց մէջեւ մշտնջենական եւ անդադրում պատերազմի վիճակ»ը, վերցուցէք այլասիրութիւնը եւ դուք պիտի չկրնաք տալ այլեւս մարդկութեան ոչ Մարքս մը, ոչ Պաքունին մը, ո՛չ Բասթէօռ մը, ո՛չ Կարիպալտի մը, ո՛չ Գնունի մը, ո՛չ Շմիտ մը, ո՛չ Սբրիտոնովա մը եւ ո՛չ ալ Քրիստափո՛ր մը…։

Այս այսպէ՛ս է։ Դուք այլասիրութեան կը պարտիք մեծութիւնը այդ մեծ մարդերուն որոնք՝ իրենց համար ծնած՝ ձեզի՛ համար զոհաբերեցին իրենց ուղեղը եւ արիւնը։

L’Histoire c’est la Géographie dans le Temps: «Պատմութիւնը Աշխարհագրութիւնն է Ժամանակին մէջ» [3] ։ Անցեալին պիտի նայինք ապագային ճամբաները հարթելու համար։ Պատմութիւնը այնտե՛ղ է, պատրաստ ամէն կերպով, պերճախօսօրէն ձեզի ապացուցանելու թէ, ամէն մէկ քայլ, դէպի մարդկային կեանքի բարելաւումը, ամէն մէկ ոսհում դէպի տիրապետումը առանց տէրերու եւ օրէնքներու, առանց ղեկավարներու եւ ծառաներու, առանց անօթիներու եւ յղփացածներու, առանց բռնաւորներու եւ ճնշուածներու այն կեանքին որուն կը դիմենք, ամէն մէկ առաջխաղացում դէպի արդարութեան եւ բացարձակ ու անկախ հաւասարութեան ապագայ ընկերութիւնը, յեղափոխութիւնով, ու մահով միայն կʼըլլայ, եւ եթէ աս ապացուցուած է արդէն պատմութիւնով, օ՜, ես կրնամ ան ատեն, ատ ճշմարտութենէն մեկնելով յայտարարել թէ, à fortiori, առանց այլասիրութեան ոչինչ, ոչի՜նչ չի կրնար կատարուիլ դէպի առաջդիմութիւն։

Ես կʼեզրակացնեմ թէ այլասիրութիւնը, ո՛չ հաւատալիք մըն է, ո՛չ ալ վարդապետութիւն մը, կամ իմաստասիրական  որոշ դաւանանք մը, ո՛չ, այլ անիկա բնական, ընդոծին զգացում―ազդակ մըն է առանց որուն կարելի չէ երեւակայել ընկերական կեանք նոյնիսկ այնքան ցաւագար որքան է ան ներկայիս, եւ, հետեւաբար, աւելի նուազ նաեւ այնպէս որպէս կը ցանկանք մենք որ ըլլայ այդ կեանքը։

Եւ հիմա բոլոր վեհ հոգիներուն, բոլոր անոնց որոնց չեն պակսիր զգացումի եւ գիտակցութեան զգայարանքները, բոլոր անոնց որոնք սիրտ մը ունին իրենց կուրծքին անկիւնը ու գիտէ յուզուիլ, բոլոր անոնց որոնք կենդանի մարդեր են, բոլոր անոնց որոնք չեն վարակուած եսամոլ Ego―ի մը պաշտամունքին ախտաւորութիւններովը, բոլոր անոնց որոնք աչքեր ունին տեսնելու իրենց շուրջը անցածները, բոլոր անոնց որոնք կարող են վերջապէս հասկնալ թէ բա՛ն մը կա՜յ արդի ընկերութեան մէջ, կայ անհաւասարութիւն մը, choquant անարդարութիւն մը, ցաւ մը զոր պէտք է արմատախիլ ընել, բոլոր անոնց որոնք կʼուզեն ապրիլ կեանքը իր ամբողջ ծանրակշիռ բայց խորհրդաւոր ու բազմակողմանի աղուորութեանը մէջ, բոլոր ա՛յս մարդերուն համար կայ միակ գեղեցիկ միջոց մը ուզուած Նպատակին իրագործումը ձեռք ձգելու համար եւ այդ միջոցն է իրենց «ես»ը ազնուացնել, բարձրացնել, վեհագործել այնքան որ այլասիրութիւնը անոր մէկ պահանջքը դառնայ եւ բնազդական այս զգացումը տայ իրենց սիրոյ այն քանակը որ անհրաժեշտ է կեանքը սիրելի ընծայելու համար։

Որովհետեւ, մենք որ յոյսը չունինք ուրիշ աշխարհներու, մենք որ պատռած եւ մեկդի՛ նետած ենք ապագայ եւ անդրշիրիմեան անդորրութիւններու եւ վայելքներու երեւակայական, բրածոյացած աւանդութիւնները, մենք որ վստահ ենք, գիտենք թէ երկինքներուն եւ անոր բնակիչներուն հետ չունինք հիասփիւռ ու գաղտագողի կապեր, մենք երկրի վրայ երջանիկ կեանք կʼուզենք, մենք կʼուզենք ապրիլ պէտք եղածին պէս…։

Մեր քայլերը դէպի այնտեղ կը ձգտին եւ մենք շիտակ ճամբու մէջ ենք, որովհետեւ բնութիւնը այդպէս է որ կը հրամայէ։


[1]            Սէպասթիէն ֆօռ, յայտնի անիշխանական կոմիւնիստը, 907 Մարտ 22 ին Ժընէվի մէջ խօսեցաւ իր ներկուռ բանախօսութիւններէն մէկը. նիւթ ունենալով «Քրիստոնէութեան սնանկութիւնը» «La Faillite du Christianisme»։

[2]            L’Individualisme effréné est une production modern et non une caracteristique de l’humanité primitive.                 P. K.

[3]            Elissée Reclus, L’Homme et le Terre, II vol.