Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ. ՏՈՒՆԵՐՈՒ ԽՈՒԶԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ

Զիա փաշայի իմացուցախ չէին ո՛չ իր պաշտօնանկութիւնը եւ ոչ ալ հրդեհը, որպէս զի իր հիւանրութիւնը չծանրանար, եւ թէ բժիշկներ արդէն յոյս չէին ներշնչեր իր ապրելուն: Հինգշաբթի, կառավարական բարձր պաշտօնեաներ՝ զինուորական փոխ հրամանատարն եւ Վանայ նշանաւոր Թիւրքեր ու Հայեր Շարան պէյի շուկան գտնուող առեւտրական դատարանի սենեակը հաւաքուեցան, ուր կը գտնուէր նաեւ Զիա փաշայի զաւակը Ճէմիլ պէյ, որ հրդեհի սկիզբէն մինչեւ վերջը աշխատած էր թէ՛ հրդեհը մարել տալ եւ թէ կողոպուտն արգիլել՝ բայց ի զո՜ւր. քանի որ իրեն գնող եւ անսացող մը չէր գտնուած:

Թէեւ Շարան պէյի երկյարկանի շուկան այրելու համար մասնաւոր շատ ճիգեր թափուեցան, բայց անօգուտ, որովհետեւ շուկային պատերը շատ ամուր շինուած էին եւ բացի չորս դուռներէն՝  արեւմտեան կողմէն պատուհան չունէր որ կրակը շուկայէն ներս անցնէր: Շարան պէյի շուկան թէեւ չայրեցաւ, բայց մէջը գտնուած հարիւրէ աւելի սենեակներն եւ խանութները կողոպտուեցան: Վերջապէս խուժանին հաճելի չթուեցաւ այդ Հայուն՝ Շարան պէյի շուկային չայրիլը:

Առեւտրական դատարան հաւաքուած եւ երկրին ղեկը իրենց ձեռք ունեցողները թէեւ արտաքուստ տխուր էին եւ Աստուածային պատուհաս կը նկատէին եղածը. իսկ Ճէմիլ պէյ հրդեհին ժամանակ երբ հետաքրքրուած եւ կրակին ո՛ւր տեղէն ծագիլն իմացած էր. ըսած էր, «Ասիկա դիտումնաւոր եւ պատրաստուած ծրագրի մը գործադրութիւնն է, ըսել է այդ հրեշները բնաւ խիղճ չեն ունեցած որ հարիւրաւորներ մոխիրի վրայ նստեցուցին…»:

Թուրքերէն եւ Հայերէն բաղկացեալ Յանձնաժողով մը կը կազմուի, որպէս զի յանցաւորներն եւ կողոպտիչներն երեւա խուզարկութիւններ կատարել տան կասկածելի տուներու մէջ եւ գտնուած ապրանքները հրկիզեալներուն եւ կողոպտուածներուն բաժնեն:

Ճէմիլ պէյ կը ստանձնէ նաւահանգստի դրան թաղերը խուզարկել. սոյն թաղը Վանայ մէջ գտնուած ամենասրիկայ եւ բարբարոս տարրերուն թաղն է, եւ Վանայ գրաստներուն մեծամասնութիւնը սոյն թաղերուն մէջ կը գտնուի: թաղերու բնակիչները հազարէ աւելի են: Վերջապէս քանի մը Թուրք թաղեր խուզարկելու որոշում կը տրուի եւ որոշուած խուզարկիչներն իրենց հետ պէտք եղածին չափ ոստիկան-զինուորneր առնելով գործի կը սկսին:

Գտնուեցան քանի մը Հայեր, որոնք հետաքրքրուեցան Ճէմիլ պէյով եւ հետեւեցան իր քայլերուն:

Ճէմիլ պէյ նախ թաղերու մուխթարները կը հաւաքէ եւ պէտք եղած սպառնական ձեւով կը պատուիրէ որ առանց ժամանակ կորսնցնելու՝ կողոպտուած ապրանքները տուներէն դուրս հանեն եւ յանձնեն:

Շատ բնական էր որ այդ տեսակ ստորին թաղեցիք իրենց նման մուխթարներ կ՚ունենան եւ տարակոյս չկար թէ այդ մուխթարները իրենց մեղսակցութիւնն եւ բաժինը պիտի ունենային կողոպուտին մէջ, բաց ի իրենց հաշւոյն իրենց ըրածէն: Ուրեմն մուխթարներու ուրանալն ակներեւ էր:

Ճէմիլ պէյ սկիզբէն շատ խելացի կը շարժի, ինչ որ դէպ իր ստանձնած պաշտօնին անկեղծութեան նշանն էր: երբ կը նկատէ որ հաւաքել տուած մուխթարները բնաւ տրամադիր չեն իր հրամանը կատարելու եւ պահարանները ցոյց տալու, անմիջապէս մուխթարներէն մին պառկեցնել կուտայ ու մտրակով եւ գաւազանով հուժկու ոստիկաններու ծեծել կուտայ: Մուխթարը շատ չի կրնար տոկալ մտրակներուն եւ գաւազաններուն, կը սկսի ծեծի տակ մի առ մի թուել կողոպտիչները, եւ Ճէմիլ պէյ այդ անունները նշանակելով անկէց վերջ միւս մուխթարներէն կ՚ուզէ անունները: Միւս մուխթարները ծեծուող մուխթարին վիճակը նկատի ունենալով իրենց կարգին կը սկսին մի առ մի թուել անունները, եւ Ճէմիլ պէյ այդ մուխթարները հետը առնելով գործի կը սկսի:

Թաղերուն մէջ չի գտնուիր տուն մը որ մասնակչած չըլլայ կողոպուտին: Թաղերու մէջ գտնուած թագստողներէն եւ պահարաններէն. երեւան կուգայ որ հրդոհի ծրագիրը կանխապէս պատրաստուած է եղեր:

Տուներու մէջ գտնուեցան պահարաններ, որոնց մասին եթէ նախապէս լուր չտրուէր, անկարելի էր որ խուզարկողը կարենար գտնել պահարաններ, որ շատ զգուշութեամբ շինուած էին եւ քանի մը օրուան աշխատութիւն կը պահանջէ եղեր: Գտնուեցան պահարաններ, որոնք իրենց մէջ պարունակած էին մէկ խանութի ապրանք, եւ որոնք գետին թաղուած եւ վրան մէկ մէդրի չափ հող լեցուած էր: Այսչափ խորունկ փոս փորելը այնչափ զարմանալի չէր, որչափ որ էր թէ՝ այդչափ հողը ուՇր փոխադրուած էր որ բնաւ հետք մը թողուցած չէր, գործ մը որ ահագին եւ օրերու աշխատութեան կը կարօտէր:

Եթէ երբեք Ճէմիլ պէյ նախ ծեծելու խելացի միջոցին չդիմէր, ի՞նչպէս կրնար երեւակայել եւ ենթադրել թէ՝ քանի մը հարիւր կապ խոտերուն տակ, որ իրարու վրայ դիզուած ահագին կոյտ մը ձեւացուցած էին. առանց իրենց բոլորտիքը խոտի կապերէն թափած շիւղ մ՚ունենալու: 5-600 ոսկիի ապրանք պահուած էր: Բայց մուխթարի մը մատնանիշ ընելը՝ դէզի ներքեւէն ամբողջ ապրանքները դուրս հանել տուաւ:

Ամենէն հետաքրքրքական եւ զարմանալին կ՚ըլլայ 19-20 տարեկան նիհար եւ հիւանդոտ Իսմայիլ անուն թուրքի մը պարագան: Մուխթարին տուած ցանկին մէջ նշանակուած կ՚ըլլայ նաեւ Իսմայիլի անունը: Իսմայիլ կ՚որոշէ ի՛նչ գինով ալ ըլլայ չխոստովանիլ ըրածը:

Ճէմիլ պէյ կը հրամայէ ծեծել Իսմայիլը եւ 25-30 հարուածներէն վերջ Իսմայիլ չի խոստովանիր: Ճէմիլ պէյ քանի մը վայրկեան դադար տալով եւ խղճալով անոր վատառողջութեանը. կը յորդարէ որ խոստովանի, բայց Իսմայիլ անդրդուելի կը մնայ եւ կը յամառի, Ճէմիլ պէյ կը հրամայէ Իսմայիլը փողոցին մէջ վազած ջուրի առուակին մէջ թաց խխում ընելէն վերջ ծեծել, որ ցաւն աւելի զգալի ըլլայ: Իսմայիլ նորէն կը տոկայ, բայց մարմնոյն մասերէն կը սկսի արիւն հոսիլ: Այդ նուազած վիճակին մէջ նորէն չի խոստովանիր:

Ճէմիլ պէյի մտքին մէջ կասկած մը կը ծագի թէ մի՞ գուցէ Մուխթարը Իսմայիլին դէմ վրէժխնդրութիւն ունի եւ առիթը ներկայացած նկատելով կ՚ուզէ վրէժը լուծել: Ճէմիլ պէյ երբ կը ստուգէ եւ կը համոզուի որ մուխթարին եւ Իսմայիլի մէջ անցեալ մը չկայ եւ թէ մուխթարը կը խոստովանի որ ինքը աչքով տեսած է որ Իսմայիլ շուկայէն իր վեց էշերուն բարձած ապքանքներ բերած է, մուխթարին այն խոստովանութեան վրայ Ճէմիլ պէյ կը հրամայէ Իսմայիլը ծեծել կա՛մ մինչեւ խոստովանիլը կամ մեռնիլը:

Իսմայիլ երբ քանի մը հարուածներ կը ստանայ իր արիւնթաթախ մարմնոյն վրայ, կը համոզուի որ այլ եւս չպիտի կարենայ տոկալ ու կը խոստովանի. Իսմայիլի պահարանէն որ տունէն հեռու տարբեր տեղ մ՚է եղեր. 500 ոսկիի չափ ապրանքներ դուրս կը հանեն:

Ճէմիլ պէյի եւ միւսներուն խուզարկութիւնը տեւեց երեք օր, քանի որ գիշերները կասկածելի թաղեր հսկողոիթեան ներքեւ առնուած էին: Նկատելով որ Վան քաղաքէն դուրս գիւղեր խուզարկել դժուար պիտի ըլլայ եւ թէ սպասուած արդիւնքը չպիտի առաջ գայ, յանձնաժողովը կ՚որոշէ վերջ տալ խուզարկութեան: Ճէմիլ պէյի ձեռք բերած ապրանքներն աւելի շատ էին քան թէ միւսներունը. ասիկա ապացոյց էր Ճէմիլ պէյի դէպի գործն ունեցած անկեղծ վարմունքին: Աւելորդ է ըսել թէ խուզարկութեան Ճէմիլ պէյի ձեռք բերած ապրանքներն աւելի շատ էին քան թէ միւսներունը. ասիկա ապացոյց էր Ճէմիլ պէյի դէպի գործն ունեցած անկեղծ վարմունքին: Աւելորդ է ըսել թէ խուզարկութեանց մէջ բնաւ դրամ ձեռք չանցաւ, այլ միայն Պարսիկներու Խանի աւերակներուն մէջ թաղուած գզրոց մը գտնուեցաւ, ան ալ պղինձէ դրամներու:

Կողոպտիչ հերոսները որ ամբողջովին խուժանային տարրերէ եւ Քիւրտերէ կը բաղկանային, հազիւ թէ մէկ ամիս բանտարկուեցան եւ հարիւրէ աւելի բանտարկեալներէն եւ ոչ մին դատապարտուեցաւ: Հաւաքուած ապրանքները հաւասարութեամբ բաշխուեցան հրկիզեալներունպ ապրանք մը՝ որ միայն կրնար իրենց օրապահիկին ծառայել, ուրիշ ոչինչ:

Խանութներուն այն մասը որոնք կողոպտուած չէին եւ ապրանքներուն այն տեսակները որոնք անվթար մնացած էին, շաքար, սուրճ, երկաթ, բեւեռ եւ այլն եւ որոնք կողոպտիչներուն հաճելի թուած չէին, այս կարգի ապրանքներու տէրերը գոնէ այնչափ վնասած չէին եւ սկսան իրենց գործը շարունակել: Մնացած ապրանքները Վանայ համար շատ աննշան էին գրեթէ, եւ քանի որ երկար ատենուան կարօտ էր Կարինէն եւ Պօնտոսէն ապրանքներուն Վան հասնիլը, ուստի Վանայ մէջ գտնուած ապրանքներուն գինը գրեթէ կրկնապատկուեցաւ եւ մանաւանդ շաքարը այնչափ շատ սպառեցաւ որ ժողովուրդն ու սրճարանները սկսան մեղր գործածել եւ մեղրին ալ իր կարգին անհամեմատ կերպով սուղցաւ:

Տարակոյս չկայ թէ ապրանքները շատ աւելի պիտի սղէին՝ եթէ երբեք Հայ ժողովուրդը իր նախկին վիճակն ունենար: Ժողովուրդին մեծ մասը արդէն սնանկացած էր եւ իր օրական ապրուստի միջոցը կը խորհէրպ այդպիսիներուն հարստութիւնն իրենց տան կարասիներէն եւ զարդերէն կը բաղկանար:

Վանայ ոսկերիչ, մուճակագործ կօշկակարպ պղնձագործ, համետագործ, երկաթագործ եւ ատաղձագործ դասակարգն էր որ կողոպտուած չէր եւ իր գործիքները կը մնային, որով սկսաւ իր գործը շարունակել:

Հաւաստի աղբիւրներէ ստուգուեցաւ որ հրդեհի հրամանը վերէն եկած էր, բայց թէ գաղափարն յղացած եւ գրագիրը կազմած էր Մէհմէտ պէյը:

Վանայ հրդեհը բնաւ պէտք չէ ուրիշ բանի վերագրել: Արդէն Հայերը ո եւ է պատճառաւ տեղի տուած չէին: Կառավարական ուրքերը օրը օրին կը վճարէին, տեղի ունեցած հանգանակութեան կը մասնակցէին, զինուորականներ եւ թուրքեր իրենց չափով կը սակարկէին եւ կը գտնէին: Ըմբոստութեան եւ յեղափոխական գաղափարները իրենց երազ եւ երեւակայութիւն իսկ չէին թուեր: Ստուգուեցաւ նաեւ որ Մէհմէտ պէյ կոչուած հրէշն այդ դիւային գաղափարին մղող եղած է միայն հետեւեալ պարագան.

Հայերը ինչո՞ւ Վանայ աւեւտրական հրապարակին տիրած են, Հայերը ինչո՞ւ Թուրքերէն աւելի լաւ եւ բարեկեցիկ կեանք վարեն:

Բայց աւա՜ղ, այլ եւս ո՜ւշ էր. Վանայ Հայութիւնը բուերու նման աւերակներու վրայ նստած իր վիճակը կ՚ողբար եւ կը հեծկլտար:

Մէհմէտ պէյ Արճէշի հեռագրատունը նստած Կալճեան Գէորգ պէյի շուկային այրուելուն կը սպասէր եւ կը ցանկար: Չկարծուի թէ Գէորգ պէյ որ եւ է ատելութեան եւ թշնամութեան տեղի տուած էր, ընդհակառակն Մէհմէտ պէյի կեղծաւորութիւնն այն աստիճան յառաջ գացած էր որ առ նուազն երկու ամիսն անգամ մը իր արբանեակներով Գէորգ պէյի տուախ խնջոյքին մէջ՝ տեղերնէն հազիւ շարժելու աստիճան կ՚արբենային եւ կ՚ուտէին: Շատ անգամ այդ խնջոյքները Մէհմէտ պէյի ստիպմամբ տեղի կ՚ունենային եւ քանիցս Մէհմէտ պէյ Գէորգ պէյին ըսած էր. «Չեն սխալած քեզի Պէյութեան աստիճան տալով, շուկայ մը շինած ես որ Պոլսոյ մէջ միան կարելի է փնտռել անոր նմանը»:

Ահա՛ Մէհմէտ պէյի կեղծաւորութեա մէկ նմոյշն եւ իր չար նախանձին արդիւնքը:

Հրդեհէն քանի մը օր վերջ Զիա փաշան մեռաւ եւ իր մահուանէն քանի մը օր վերջ Վան հասաւ կուսակալ Շքօտրալը Քէօսէ Հասան փաշայ, ինչպէս նաեւ ժանարմաներու գնդապետ (ալայ պէյի) Օսման պէյ:

Հետզհետէ կը հասնէին կուսակալութեան պաշտօնեաները եւ կուսակալի փոխանորդ կ՚անուանուէր Աղաթոնեան Մկրտիչ էֆէնտին, որուն վերջէն յաջորդեցԱղաբէկեան Մարկոս էֆէնտին:

Հասան փաշայի Վան հասնելէն քանի մը շաբաթ վերջ հասկցուեցաւ թէ, Հասան փաշան իր կարճ հասակով եւ Եզոփոսի դէմքով ի՛նչ խորամանկ եւ կեղծաւոր մէկն էր: Աւելորդ է ըսել թէ Վանայ Հայութիւնը փնտռեց հանգուցեալ Զիա փաշան: Նոյնպէս հասկցուեցաւ թէ Օսման պէյ ո՛րչափ ազատամիտ, արդարասէր եւ անկողմնակալ մէկն էր, որուն պակասութիւնը կը կայանար գրել կարդալ չգիտնալուն մէջ, բայց իր ուշիմութեամբ եւ խորհելակերպով զարգացեալներէն շատ բարձր էր: